Մխիթար Աբբահօր հրատարակչական առաքելութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԳ. ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՉՈՐՐՈՐԴ ՇՐՋԱՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ 1734-1737

ԳԻՐՔ ԱՌԱԿԱՑ ՍԱՂՕՄՕՆԻ (տպ. 1734)

/170/ Աստուածաշունչի տպագրութեան ընթացքին, յետ տպելու Գիրք Առակացը, կապարեայ գիրերը ցրուելէ առաջ՝ Մխիթար գաղափարն ունեցած է նոյնը տպագրել նաեւ փոքրադիր չափով, միասիւն, առձեռն գործածութեան համար։ Այս 94 էջնոց Հատորիկին անուանաթերթին խորագիրը կամփոփէ ամէն ծանօթութիւն. «տպագրեցեալ առանձնակի ի փոքրիկ դիրս, ի ժամանակի յորժամ տպագրիւր Աստուածաշունչն, զորոյ զմեծամեծ է ջան՝ զկնի տպագրեցման՝ ի յերկուս անջատեալ, տուաք տպագրել զայս, ի սփոփանս փափաքողաց դիւրիմաց խրատուց եւ ոսկեղէն բանից գրքոյս այսորիկ»։ Տպագրութեան թուական նշանակուած է «1734 Մայիսի 20»։

Գիրքին ճշգրիտ տպաքանակը կարելի չեղաւ ստուգել նկատած, սակայն, որ 1734ի Յուլիսի 1ին՝ Մխիթար Պոլիս կը ղրկէ հարիւր օրինակ, 1736) Ապրիլ 25ին՝ ուրիշ հարիւր օրինակ եւս, իսկ Սեպտ. 11ին՝ 71 օրինակ, ընդամ էնը Պոլիս ղրկուած կը գտնենք 271 հատորիկ: 160 օրինակ ալ կը տրուի Հ. Միքայէլ Վրդ. ին՝ որպէսզի ծախէ Վենետիկ քաղաքին մէջ, հուսկ՚ 1735) Օգոստոսին՝ 10 օրինակներ կը ղրկուին Պելկրատ։ Այս բոլորէն ետք՝ 1738ին Ս. Ղազարի գրապահեստին մէջ մնացած են տակաւին 113 օրինակներ. այսպէս 554 օրինակի հետքեր կրցանք գտնել, որով կուզենք կարծել որ տպաքանակը եղած ըլլայ 600, Հաւանաբար աւելի ալ, բայց ոչ պակաս։

/171/ Թէ ի՛նչ ընդունելութիւն գտած է այս գրքոյկը՝ գրեթէ չունինք ակնարկ, բացի անցողակի խօսքերէ. այսպէս՝ 5 Յունուար 1735ին, Հ. Պօղոս Վրդ. կը գրէ Պոլիսէն՝ թէ «Առակաց գիրքն աստէն ոչ այնքան վաճառեցան, այլ՝ թէ յումեքէ բազումք ի միասին գնեցան եւ տարեալ եղեն ի յԱնատոլու»։ Նմանապէս, Պոլիս գտնուած ծախու գիրքերու ցանկի մը համաձայն՝ «Յամի Տեառն 1743 եւ ի Յուլիսի 2, մերձ Պետրոսի եղեալ գրեանքն, զորս թուեցաք, սոքա էին բնաւքն ներկայականք… 145 Առակաց Սողմոնի»:

ՏԵՏՐԱԿ ԱՄԵՆԱՍՈՒՐԲ ՌՕԶԱՐԻ ԱՅՍԻՆՔՆ ՎԱՐԴԱՐԱՆԻ (տպ. 1735)

Աստուածաշունչի տպագրութեան ընթացքին՝ լոյս կը տեսնէ 48 էջնոց տետրակ մը, նուիրուած Աստուածամօր վարդարանին։ Գիրքին ծագումին եւ այլ պարագաներուն մասին չունինք տեղեկութիւններ։ Տպաքանակը եղած է 2000. երեք տարի ետք, 1738ին, գիրքերու շտեմարանին մէջ մնացած են 645 օրինակներ, ու քանի մը տարիէն անոնք ալ սպառած են ամբողջովին։

ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ԳՐՈՑ ԺՈՂՈՎՈՂԻ (տպ. 1736)

Աստուածաշունչի տպագրութիւնը աւարտելէն անմիջապէս ետք, 16 Ապրիլ 1736ին կը սկսի տպագրութիւնը նոր հատորի մը՝ Մեկնութիւն Գրոց Ժողովողին։

Գիրքին թէ՛ անուանաթերթին եւ թէ մանաւանդ յիշատակարանին մէջ, Մխիթար կը պարզէ ընթերցողին թէ ի՛նչ կերպով պատրաստած է հատորը։ Աստուածաշունչի տպագրութենէն առաջ՝ եօթնլեզուեան թարգմանութիւններու հետ համեմատութիւններու ընթացքին, Մխիթար հաւաքած է բազմաթիւ անդրադարձութիւններ, լուսաբանութիւններ ու ճշտումներ, որոնցմէ միայն անհրաժեշտները անցուցած է տպագրուած Աստուածաշունչի լուսանցքներուն վրայ, յուսալով բարեպատեհ առիթով մը հրատարակել ամբողջութիւնը՝ առանձին հատորով մը։ Սակայն այդ գործին ձեռնարկելէ առաջ, «կամեցաք զի զդժուարիմաց բանս միոյ գրոյ մեկնողաբար շարադրելով բացայայտիցեմք, որպէս զառաւատչեայ, ի յօգուտ մանկանց եկեղեցւոյ: եւ պատկանաւոր թուեցաւ մեզ նախ ձեռն արկանել զայսմանէ Գրոյ Ժողովողին» [1] ։

/172/ Շարժառիթը՝ որով Մխիթար ձեռնարկած է նախ Ժողովողի գրքին մեկնութեան՝ զուտ հոգեւոր է, «ի փառս Աստուծոյ եւ ի յօգուտ ազգին իմոյ» [2]. եւ որպէսզի լաւագոյն կերպով հասնի նպատակին, դիտումնաւոր կերպով խուսափած է երկարաբանութենէ, որդեգրելով դիւրըմբռնելի եւ պարզ ոճ մը։

Գիրքին պարունակութիւնը կը մատնանշէ Մխիթարի խոր հմտութիւնը հոգեւոր կեանքի այլազան հարցերուն, որոնք արձագանգն են սուրբ Հայրերու գրութիւններու իւրացումին։ Մեկնութիւն Ժողովողին հատորը Մխիթար կ՚անուանէ, Յիշատակարանին մէջ, «առհաւատչեայ»։ նոյն բառը աւելի եւս կը բացատրէ թէ՛ իր աշակերտներուն գրած նամակներուն մէջ, եւ թէ՛ մանաւանդ 20 Յունիսին (1736) առ Մաղաքիա Դպիր ուղղած նամակով։ «զկնի ոմանց ամսոց յուսամ հասանիլ այդր Կ. Պոլիս) Մեկնութիւն Գրոց Ժողովողին, որոյ տպագրութիւնն յայսմիկ ամսոջ վերջաւորի, եւ ի նմին տեսցես զառհաւատչեայն գործոյս, որում պարապեալ կամ, եւ յուսամ թէ այնու բարւոք հաւատայցես թէ օգտակարագունեղ իմն է վասն ազգիս մերոյ՝ նաեւ այն գործ զոր ունիմ ի ձեռին, եւ փութամ ճեպիմ ի կատար հասուցանել»։ Գուցէ դիտմամբ Մխիթար կը ծածկէ ձեռքը ունեցած գործին անունը, սրտին այնքան մօտիկ, Մեկնութիւն Աւետարանին Մատթէի, որու մասին յաջորդաբար պիտի անդրադառնանք։

1735–1736 ձմեռուան ընթացքին է որ Մխիթար կը շարադրէ Մեկնութիւն Գրոց Ժողովողին. «լիակատար մեկնութեամբ գրեցի, եւ յայսմիկ գարնան, եթէ Տէր յաջողեսցէ՝ յուսամք տպագրել. քսանեւհինգ կամ երեսուն տապաղայ լինի» [3] ։ Իրապէս ալ, ըրած հաշիւներուն համաձայն, գիրքը կը բռնէ 29 պրակ, 453 միջակադիր էջերով։ Տպագրութիւնը՝ սկսած 1736ի Ապրիլ 16ին, կ՚աւարտի նոյն տարուան Յունիսին, 1500 տպաքանակով։ Արդարեւ մեծ եղած պէտք է ըլլայ Մխիթարի հոգեկան գոհունակութիւնը՝ տեսնելով այս հատորին հրատարակութիւնը, որմէ օրինակ մը նուէր կը ղրկէ Հռոմ, Վրթանէս Արքպս. ին, գրելով։ «Մեկնութիւն Գրոցն Ժողովողի, զոր ի վաղուց հետէ ցանկայի շարադրել, յաջողութեամբ Տեառն եւ ձերովք սուրբ աղօթիւք լրացուցի զնորին շարադրութիւնն, այլ եւ ետու տպագրութեամբ ի լոյս ածել առ օգուստ ազգին մերոյ, ի փառս /173/ Տեառն։ Զորոյ եւ զմինն առաքեցի ընծայ Վեհանձնութեանդ. ընկա՛լ, ուրեմն, հաճութեամբ՝ ըստ քոյին բարեսիրութեանդ, իբրեւ զնուէր սիրոյ իմոյ առ Գերապատուութիւնդ» [4] ։

Գիրքին արտաքին վայելչութիւն մը տալու համար, Մխիթար յատուկէն փորագրել տուած է Սողոմոնի նկարը, ճիշտ գիրքին մեծութեամբ (էջ 8), ու հատորին կողերն ալ ոսկեզօծել տուած է։ Այս մանրամասնութիւնները կը քաղենք իր Հաշուեգիրքէն, ուր 1736ի Օգոստոս ամսուն նշանակած է. «Պատկեր փորողին՝ վասն Սողոմոնի պատկերին, տիսէնիօի վարձովն, նաեւ վասն ծաղկելոյ զճակատն եւ վասն ոսկւոյն, զոր վատնեաց 55 լիրէ»։

Տարակոյս չկայ որ մեր ժողովուրդը խանդավառօրէն ողջունած է Մխիթարի այս հատորը. երկու տարի ետք, 1738ին, 1500 օրինակներէն տրամադրելի կը մնան միայն 681 օրինակներ։ 1737ի Մայիս 14ին, Հ. Պօղոս Պոլիսէն կը գրէ. «Մեկնութիւն Ժողովողի ոչ մնաց, եւ անտի յղեցէք մեծաթիւ»: Նմանապէս, ուրիշ նամակի մը մէջ կը կարդանք. «Ժողովօղ գրգի բնան վաճառեցաւ եւ բազումք են խնդրօղք» [5] ։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ (Խաղի Տետր) (տպ. 1737)

1737ի Մայիս 11ին՝ Ս. Ղազարէն Թրանսիլվանիա կը մեկնի Հ. Թէոդորոս Յովնանեան, ու Նոյեմբեր 1ին կը գրէ Մխիթար Արբահօր. «խաղի Քրիստոնէական վարդապետութիւնն, որ ի չուելն իմ այտի տպիւր, յուսացի թէ յղելոց էք ինձ»։ Ուրեմն, այս գիրքին տպագրութիւնը սկսած է 1737ի Մայիս ամսուն, որ նոյն տարուան Օգոստոսին արդէն իսկ աւարտած պէտք է ըլլայ՝ յաջորդ գրքին տպագրութեան հետ, որովհետեւ Մխիթար կը նշանակէ Հաշուեգիրքին մէջ. «1737 Օգոստ. տպագրողին ետու վերջապէս 240 լիրէ, եւ այսու սալտօ եղեւ Խաղի տետրն եւ Թօմա Գեմբեցին»։

100 էջնոց փոքրիկ գիրք մըն է այս հատորը, հեղինակութիւն Մխիթարի է ինչ որ չէ նշանակուած վրան։ 46 բոլորաձեւ նկարներով զարդարուած է հատորը, որոնց մեկնութիւնը գրելով՝ Մխիթար կ՚ուզէ հայ մանուկին զուարճալի ձեւով սորվեցնել քրիստոնէական ճշմարտութիւնները. գիրքը կոչած է Քրիստոնէական վարդապետութիւն, որ ի գործ ածի ի մեկնելն զպատկերս՝ ի ժամանակի խաղալոյ։

  /174/ Գիրքին մէջ գործածուած 46 բոլորաձեւ նկարները տպագրուած են նաեւ առանձին մեծադիր (40X49 հրդ. ) թուղթի վրայ, որ կ՚ընկերանայ հատորին. բայց որովհետեւ չէ կպցուած գիրքին, ներկայիս ստէպ կը հանդիպինք հատորիկին՝ առանց խաղի պատկերին։ 1753ին (20 Հոկտ. ) Հ. Միքայէլ Պոլիսէն կը գրէ Մելքոնեան Արբահօր. «(ուղարկեցէք) եւս խաղալու պատկերք, զի գիրքն բազում գոն եւ պատկեր ոչ գոյ»։

Գիրքին սկիզբը, փոխան Յառաջաբանի, կայ Խրատ առ կերպն խաղալոյ զխաղս զայս հոգեւոր, ուր կը տեսնուի Մխիթարի մանկավարժական եզական տաղանդը։ Գրած է շատ պարզ եւ դիւրահասկանալի բառերով, ու ղրկելով գիրքը Արեւելք, կը յանձնարարէ իր աշակերտներուն՝ «զխաղի պատկերն եւ զխրատ նորա զոր տպեցաք.. լաւ մի հայիլ, եւ զխրատն խաղալոյ լաւ ուսուցանել, որպէսզի ջերմ եռանդ քն այնու խաղիւ զՔրիստոնէական վարդապետութիւնն միշտ քաղիցեն» [6] ։

1737ին այս հատորիկին յանկարծ յայտնուիլը` յատկանշական երեւոյթ մը պէտք է նկատենք, որովհետեւ Մխիթար՝ թաղուած բազմատեսակ զբաղումներու մէջ, մեծամեծ եւ արժէքաւոր հատորներու միջանկեալ՝ հրապարակ կու գայ իր փոքրիկ Խաղի տետրով, որ անշուշտ կը յայտնէ այն մեծ սէրը՝ զոր ունէր Հայ մանուկին հանդէպ։

Տպագրուած 1500 օրինակներուն կէսը կը տրուի տարուան մը ընթացքին, ու յաջորդաբար զիրքին Հետքն իսկ կը ջնջուի ծախու գիրքերու ցանկէն։ Զարմանալի է թէ ինչո՛ւ իսկոյն չէ ձեռնարկած երկրորդ տպագրութեան մը, որ կատարուած է աւելի ուշ՝ 1775ին։

ԳԻՐՔ ԹՕՄԱՅԻ ԳԵՄԲԱՑՒՈՅ (տպ. 1737)

Մխիթարի հրատարակած անդրանիկ գիրքը եղած էր Թովմայ Գեմբացիի Յաղագս համահետեւմանն Քրիստոսի: 1700էն ասդին, շուրջ 40 տարիներու ընթացքին՝ ամբողջովին սպառած ըլլալով, երկար ատենէ կը զգացուէր նոր տպագրութեան մը պահանջը, ո՛չ միայն իր աշակերտներուն ձեռքը տալու, այլ նաեւ ժողովուրդին հոգեւոր օգուտին համար։

/175/ Գիրքին տպագրութիւնը կը սկսի 8 Յունիս 1737ին եւ կ՚աւարտի Օգոստոսին։ Ինչպէս յաջորդաբար պիտի անդրադառնանք, հոս եւս անցողակի կերպով յիշատակենք՝ թէ Թովմայ Գումբացիի տպագրութեան համար Մխիթար կը սկսի օգտագործել նոր փորագրուած մանր գիրեր, որոնք պատրաստուած էին Մատթէի Աւետարանի Մեկնութեան տպագրութեան համար։ Սակայն տեսնելով անոր անյաջող ելքը, կը փոխէ ու կը դառնայ Ոսկանեան գիրերուն, առանց հրապարակ հանելու մանրատառ սկսուած գործը։

Անուանաթերթին վրայ կայ հետեւեալ ծանօթութիւնը։ «վերստին տպագրութեամբ եւ բարւոք սրբագրութեամբ ի լոյս ածեցեալ, աշխատասիրութեամբ եւ ջանիւ Տեառն Մխիթարայ Սեբաստացւոյ Աբբայ Հայր կոչեցելոյ»: 1700ի եւ 1737ի տպագրութիւնները իրարու հետ համեմատելով՝ կը տեսնենք թէ բնագիրը ընդհանրապէս նոյնն է, բազմաթիւ մանր փոփոխակներով եւ սրբագրութիւններով, որոնցմէ մէկ քանին նշմարելի սրբագրութիւններ են անտարակոյս, որոնց համար Մխիթար նամակի մը մէջ կ՚ըսէ. «կարի լաւագոյն սրբագրութեամբ տպեցաւ» [7] ։

440 էջնոց գիրք մըն է, 1500 տպաքանակով։ Ասիկա կ՚ըլլայ այն հազուագիւտ տպագրութիւններէն, որ՝ իր հիւթեղ պարունակութեան համար՝ քիչ ժամանակի մէջ կը սպառի։ Տպագրութենէն տարի մը ետք, 1738ին, 1500 օրինակներէն կը մնան միայն 782 հատ, իսկ տասնեակ տարի մը ետք (1748ին) տրամադրելի կը մնայ հազիւ 315 օրինակ։



[1]     Մեկնութիւն Գրոց Ժողովողի, Վենետիկ 1736, էջ 447։

[2]     Անդ, էջ 448։

[3]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 1 փետր։ 1736ին, առ Հ. Թոմաս Վրդ. Պոլիս։

[4]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 23 Մարտ 1737ին, առ Վրթանէս Արքեպս. Հռոմ։

[5]     Հ. Թոմաս Վրդ. Պոլիսէն, 12 Յունիս 1737ին, առ Մ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[6]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 22 Փետր. 1738ին, առ Հ. Թոմաս Վրդ. Պոլիս։

[7]     Մխիթար Աբրայ՝ Վենետիկէն, 28 Փետր. 173ին, առ Հ. Թոմաս Վրդ. Պոլիս։