ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ
/5/
Մխիթար
Աբբահօր
ծննդեան
300ամեակը
առիթ
առնելով,
ուզեցինք
յօդուածի
մը
մէջ
ամփոփել
մեր
Երանաշնորհ
Հիմնադրին
կատարած
գրական
առաքելութեան
պատմութիւնը,
եւ
երբ
ձեռնարկեցինք
գործին՝
ընդարձակուեցաւ
եւ
առաջ
եկաւ
ծաւալուն
ուսումնասիրութիւն
մը։
Անդրադարձանք
Մխիթար
Աբբահօր
կատարած
իւրաքանչիւր
հրատարակութեան
վրայ
առանձին,
տալով
դիւանական
ու
մատենագիտական
ծանօթութիւններ,
նպատակ
ունենալով
դուրս
ցայտեցնել
Մխիթարի
գաղափարականը։
Առաջին
իսկ
ակնարկով՝
շատ
յստակ
կը
տեսնուի
որ
Մխիթար
չէ
փնտռած
ո՛չ
փառք
եւ
ոչ
նիւթական
շահ.
իր
միակ
տեսլականն
եղած
է
հասնիլ
իր
ազգին
զաւակներէն
իւրաքանչիւրին
օգնութեան,
սորվեցնել
անոնց՝
մայրենի
լեզուն,
կրթել
անոնց
հոգիները,
առաջնորդել
ամէնքը
յաւիտենական
ճշմարտութիւններուն։
«Լուսաւորութիւն
Ազգիս»,
ահա՛
զոյգ
բառեր՝
որոնց
ստէպ
կը
հանդիպինք
Մխիթար
Աբբահօր
գրութիւններուն
մէջ.
արդարեւ,
Մխիթար
ջերմօրէն
կը
տենչայ
տեսնել
իր
ազգը՝
քունէն
սթափած,
կ՚ուզէ
բարձրաղաղակ
սորվեցնել
ու
քարոզել
անոր՝
թէ
կայ
կեանք
մը
իմաստնազեղ
եւ
աստուածային
լոյսով
օծուն։
Ու
կը
տեսնենք
զինքը
խոնարհած
հայ
մանուկին
առջեւ,
տալու
համար
անոր
Այբբենարանն
ու
Քրիստոնէականը,
պատանիին
դիմաց՝
սորվեցնելու
Քերականն
ու
Զարգացելոցը,
չափահասին՝
բացատրելու
Մոլութիւններէ
հրաժարիլն
ու
Առաքինութիւններու
հետեւիլը.
կու
տայ
ամէնուն
Աստուծոյ
Շունչը
տպագիր,
բացատրելով
ամէնուն
ու
մեկնելով
նոյն
Գիրքին
մէջ
պարունակուած
երկնային
ի/6/մաստները
կը
հրաւիրէ
ամէնքը
իջնել
Պարտէզ
հոգեւոր
եւ
կամ
Բուրաստան,
Խոկալու
համար
հոն՝
Քրիստոնէական
վարդապետութիւնը,
թոյլ
տալով
մանուկներուն
որ
Խաղի
տետրը
առած՝
սթափին
ու
զուարճանան
կրկնելով
հաւատքի
մասերը.
կ՚ընծայէ
հուսկ
հայ
գիտունին՝
բոլոր
գանձերը
Հայկազեան
բառարանին։
Հիմնադիր
էր
Միաբանութեան,
միաժամանակ
դաստիարակ
իր
որդիներուն,
մատակարար
էր
ու
նաեւ
շինարար
վանքերու.
անոնցմէ
առաջինը
գրաւուելով՝
բարձրացուց
երկրորդը,
Ս.
Ղազարի
մէջ,
որ
մինչեւ
այսօր
հիացումի
պատճառ
է
Հայուն
եւ
օտարին։
Այդ
ամէնուն
հետ
միասին՝
Մխիթար
կատարեց
գրական
եւ
հրատարակչական
առաքելութիւն
մը,
լոյս
ընծայելով
բազմատեսակ
հատորներ։
Մխիթարի
հոգին
բռնկած
էր
իր
Ազգին
սիրով
ու
չգիտցաւ
յոգնութիւն,
տուաւ
իր
անձը
բովանդակ՚
անոր
հոգեւոր
լուսաւորութեան։
Իբր
Հիմնադիր
Միաբանութեան՝
Մխիթար
գործեց
անձամբ,
հարթելով
խոչընդոտներ,
աչքերը
սեւեռած
միշտ
նոյն
սրբազան
գաղափարականին.
բայց
իր
մեծութիւնը
կ՚ըլլայ
կրկնակի,
երբ
մտածենք
թէ
սկսած
գործը
կազմակերպած
է
այնպէս՝
որ
չդադրի
իրմով,
այլ
վառ
մնայ
իրմէ
ետք,
իր
որդիներուն
մէջ։
Եւ
երբ
յետադարձ
ակնարկ
մը
տանք
անցնող
դարերուն,
տեսնելով
թէ
լիուլի
յաջողած
է
Մխիթար
իր
գործին
մէջ,
կը
խոնարհինք
իր
առջեւ,
ընդունելով
թէ
ան
սովորական
մահկանացու
մը
չէ,
այլ
տիտան
մը,
ղրկուած
Նախախնամութենէն,
կատարելու
նուիրական
ու
սրբազան
առաքելութիւն
մը,
լուսաւորելու
իր
ազգին
զաւակները։
Այսօր
ալ
դեռ
Մխիթար
կրնայ
մեզի
կրկնել։
«Որքանիցս
լսեմ
եւ
կամ
թէ
ի
ձեռն
գրեանց
տեսանեմ
զբանս
եւ
զտենչս
ոմանց
յազգի
իմում՝
առ
իմաստս
բանից
դիմել,
այնքանիցս
արծարծի
ոգին
իմ
…,
տեսից
զԱզգն
իմ
եւ
զնորաբողբոջ
վարդապետս
նորա՝
ի
սէր
իմաստից
եւ
հասկացմանց
Սուրբ
Գրոց
վառեցեալ,
հանդերձ
բաղձանօք
ճանաչելոյ
զճշմարտութիւն,
ոչ
միայն
ի
յիրս
բնութեան,
այլ
եւ
ի
յիրս
եւ
հաւատոյ,
եւ
մեռայց»:
Այս
բոլորէն
կարելի
է
եզրակացնել՝
թէ
Մխիթար
ո՛րքան
նուիրումով
լծուած
էր
գրական
եւ
հրատարակչական
գործին .
այս
է
որ
մեր
յաջորդ
էջերով
ուզած
ենք
ցոյց
տալ։
Այս
պատճառով
իսկ՚
գիտակցօրէն
կատարած
ենք
երկար
մէջբերումներ,
դիւանական
շատ
մը
թուղթեր
հրատարակած
ենք
ամբողջութեամբ,
մէկտեղելով
ու
համադրելով
ինչ
որ
կը
վերաբերի
այս
նիւթին։
/7/
Այս
աշխատութեան
համար
օգտագործած
եմ
Ս.
Ղազարի
դիւանէն.
հետեւեալ
աղբիւրները։
1.
Նամականի,
թէ
Մխիթարի
նամակներու
պատճէնները,
որոնք
1500է
աւելի
են,
եւ
թէ՛
Մխիթարի
ստացածները,
որոնք
քառապատիկ
աւելի
են
ու
պահուած
են
տարիներու
կարգով։
2.
Ժամանակագրութիւններ
ա)
Մայր
ժամանակագրութիւն,
գրուած
Հ.
Մատթէոս
Վրդ.
Եւդոկիացիէ,
վանքիս
պաշտօնական
Ժամանակագիրը,
որ
արձանագրած
է
ամենահաւատարիմ
կերպով
1700–1750
տարիներու
անցուդարձերը,
տարի
առ
տարի։
բ)
Համառօտ
ժամանակագրութիւն,
1700–1728
տարիներու
վերաբերեալ
միաբանական
կեանքի
մանրամասնութիւններ,
ուր
յատկապէս
նշանակուած
են
տնտեսական
անցուդարձեր։
գ)
Մանր
ժամանակագրութիւններ
եւ
երեք
փոքր
տետրակներ
են,
1730–1750
տարիներու
Օրագրութիւններ,
գրուած
տարբեր
գրիչներէ,
սակայն
ընդհանրապէս
իրարու
կը
համաձայնին,
փոքր
տարբերակներով։
3.
Պատմագրութիւն
կենաց
եւ
վարուց
Տեառն
Մխիթարայ,
գրուած
Հ.
Մատթէոս
Վրդ.
Եւդոկիացիէ,
շարադրուած
Մխիթարի
կենդանութեան։
4.
Հաշուեգիրք,
1735–1749
տարիներու,
օրը
օրին
կատարուած
ծախսերը
եւ
եկամուտներու
արձանագրութիւնը,
գրի
առնուած
Մխիթարէ։
5.
Տոմսակ
գրեանց,
ուր
նշանակուած
են
1729–1737
տարիներուն
գիրքի
վերաբերեալ
ամէն
մանրամասնութիւն,
ըլլայ
կազմարարներու
ղրկուած,
զանազան
քաղաքներ
առաքուած
եւ
կամ
նուէր
եղած
գիրքերու
անունները։
6.
Յուշատետրներ,
գրուած
Մխիթարէ,
ուր
կը
նշէ
1720–1730
տարիներու
մէջ
կատարած
ծախսերը,
ըլլայ
գիրքերու,
ըլլայ
գիրեր
շինել
տալու
համար։
7.
Մանր
թուղթեր:
Մխիթարի
դիւանին
մէջ
առանձին
ծրագրի
մէջ
կը
պահուին
Հատուկոտոր
անթիւ
թղթիկներ,
որոնցմէ
քաղած
ենք
մեզ
հետաքրքրող
մասերը։
/8/
8.
Յիշատակարաններ
տպագրուած
գիրքերուն,
ուր
Մխիթար
Աբբահայր
կը
ներկայացնէ
յաճախ
բազմապիսի
մանրամասնութիւններ,
որոնք
մեծ
լոյս
կը
սփռեն
հրատարակուած
իւրաքանչիւր
հատորի
յօրինման,
կազմութեան,
տպագրութեան
եւ
այլ
պարագաներու
մասին։
*
*
*
Այս
գիրքի
ճակատին,
պարտական
կը
զգամ
շնորհակալութեան
ամենաջերմ
զգացումներս
յայտնել
իմ
հոգեկից
աւագ
եղրօր՝
Հ.
Ներսէս
Վրդ.
Տէր-Ներսէսեանին,
որ
ազնուօրէն
ու
սիրայօժար
յանձն
առաւ
հատորիս
ամբողջական
քննարկումը
եւ
խմբագրումի
աշխատանքը,
մեծապէս
դիւրացնելով
այս
էջերուն
հրատարակութիւնը,
որուն
նպատակն
է
լաւագոյն
կերպով
ծանօթացնել
մեր
ժողովուրդին՝
մեծ
Սեբաստացիին
հրատարակչական
առաքելութիւնը։