Մխիթար Աբբահօր հրատարակչական առաքելութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԵ. ՍԱՀԱԿ ԱՐՔԵՊՍ. ԱՀԱԳԻՆ ԵՒ ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՅ

/188/ Սահակ Արքեպիսկոպոս Կարինի, մականունով կոչուած «Ահագին», 1736) Փետր։ 15ին, Մխիթարի կ՚ուղղէ երկարաշունչ նամակ մը, ուր յետ իմաստասիրական բառերով բացատրելու կեանքին իմաստը՝ կ՚անցնի նամակի բուն նիւթին, իմացնելով թէ իր մօտ ունի Ղուկաս Վրդ. Խարբերդցիի թարգմանած Գիրք կենդանեաց եւ կամ օրինակաց հատորին ձեռագիրը, եւ թէ շատերու թախանձանքին ընդ առաջ ելլելու համար՝ կ՚ուզէ տպել տալ։ Սահակ կը խուսափի գիրքը Պոլիս տպել տալէն, որովհետեւ Ղուկաս Վրդի անդրանիկ թարգմանութիւններէն մին ըլլալով, լի էր վրիպակներով, ու տպագրուելէ առաջ՝ անհրաժեշտ էր որ ամբողջապէս վերատեսնուէր ու սրբագուէր: եւ որովհետեւ մինչեւ այդ թուականը Մխիթարի հրատարակած գիրքերը այս տեսակէտով անթերի գտած էր Սահակ, եզրակացուցած էր թէ այս գործը կրնար գլուխ հանել միայն Մխիթար, որուն լիուլի ազատութիւն կը տրուէր թէ՛ սրբագրելու եւ թէ՛ պատրաստելու այլ եւ այլ այբուբենական ցանկեր։ Նոյն նամակին մէջ, Սահակ Արքպս. կը պարզէ նաեւ պայմանները։ «թիւ տպեցման գրգոյն լիցի հինգհարիւր հատ, եւ թէ զծախ տորին որքանիւ լինելոց է՝ զնոյնն ազդ առնիցես ինձ գրով, զի եւ ես ըստ ասացելոյ քոյին՝ գդիրքն եւ զդրամն աճապարեցից յղել առ քեզ»:

Մխիթար երբ կը ստանայ Սահակ Արքեպս. ի նամակը, դեռ նոր աւարտած էր Աստուածաշունչի տպագրութիւնը (1733–1735), որուն յաջորդած էր շարադրութիւնը եւ տպագրութիւնը Մեկնութիւն Ժողովողին գրքին (1736), ու ձեռքը ունէր Մեկնութիւն Մատթէի հա/189/տորին շարագրութիւնը։ Գուցէ կարենար Մխիթար եղած առաջարկին ընդառաջ երթալ եւ յանձն առնել գիրքին թէ՛ սրբագրութիւնը եւ թէ տպագրութիւնը, մանաւանդ որ խնդրողը Առաջնորդ հովիւն էր Կարինի, ուր կար Մխիթարի աշակերտներէն մին։ Բարոյական ստիպողութեան մը տակ կը գտնուէր, ուրեմն, Մխիթար եւ դժուար էր տալ մերժողական պատասխան։ Մխիթար կը գրէ . «Իսկ որքան առ գովելի եւ կատարման արժանի խնդիրս քոյս, մեծաւ ցաւակցութեամբ սրտիս եւ վշտակրութեամբ ոգւոյս զայս պատասխանեմ. զի ոչ ունիմ ամենեւիմբ զժամանակ առ ի պարաւանդել զիս առ սրբագրութիւն եւ առ տպումն մատենին, որ է զբարուց կենդանեաց եւ զբնութեանց այլոց իրաց, վերաբերութեամբ առ զանազան տեսակս գործոց մարդկանց։ Եւ այս իրաւի է. զի եթէ ունիցէ ի զժամանակ, զոչ իմն պահանջեալ ի ծախ տպագրութեան նորին՝ իսկոյն բուռն արկանէ ի սրբագրել եւ տպագրութեամբ ի լոյս ածել զայն։ Բայց զի՞նչ արարից, որովհետեւ ըստ ամենայնի անկար է ինձ ի բաց ձգել զբեռինս իմ զորս ունիմ, եւ զստորադրել զիս այդմիկ բեռան։ Եւ եթէ վեհանձնութիւն քո գիտիցէր, թէ զայնս սակաւիկ ժամանակս զորս ունիմ, առ ի՞նչ եւ առ որպիսի՞ գործ պարաւանդեալ եմ եւ ջանամ ի կատար հասուցանել, զայս ստոյգ է՝ զի ոչ միայն ոչ խնդրէիր յինէն պարաւանդել զիս առ տպագրումն գրոց կենդանեաց, այլ նաեւ հարկադրէիր զիս ոչ թողուլ զգործն իմ՝ ի ձեռաց՝ վասն ո՛ եւ իցէ այլոց իրաց» [1] ։

Մխիթարի պատասխանը մերժողական է, որու գլխաւոր պատճառն է իր բազմազբաղ վիճակը։ Սակայն մեզի այնպէս կը թուի՝ որ գուցէ յանձն առնէր Մխիթար յոգնութիւնն ու աշխատութիւնը, եթէ առաջարկուած գիրքը ունենար բարոյական բնոյթ եւ նպաստէր հայ ժողովուրդին հոգեւոր զարգացումին։ Արդարեւ, մինչեւ 1736 թուականը, Մխիթարի հրատարակած գիրքերը այդ ուղղութիւնն ունէին ու այնպէս ալ պիտի մնան մինչեւ իր մահը. ի՞նչպէս կասեցնել լարուած մեքենայ մը ու միջանկեալ տպագրել հատոր մը, որը պարունակութիւնն է «զբարուց կենդանեաց եւ զբնութեանց այլոց իրաց, վերաբերութեամբ առ զանազան տեսակս գործոց մարդկանց»։

/190/ Մխիթար, նոյն նամակին մէջ, շատ ազնիւ կերպով կը բացատրէ իր միտքը եւ կատարած առաքելութեան ուղղութիւնը՝ գրելով. «Եւ զկնի ոմանց ամսոց յուսամ հասանիլ այդր Մեկնութիւն գրոց Ժողովողին, որոյ տպագրութիւնն յայսմ իկ ամսոջ վերջաւորի, եւ ի նմին տեսցես զառհաւատչեայն գործոյս, յորում պարապեալ կամ, եւ յուսամ թէ այնու բարւոք հաւատայցես թէ որքան օգտակարագունեղ իմն է վասն ազգիս մերոյ նաեւ այն գործ՝ զոր ունիմ ի ձեռին, եւ փութամ ճեպիմ ի կատար հասուցանել։ Եւ յուսամ թէ այսոքիկ սակաւք բանք, որովք զիս արտագասրեցի առ խնդիրս քոյս՝ բաականապէս անմեղադրելի կացուցանեն զիս առաջի նրբիմաց խոհեմութեան քում»։

Սահակ Ահագին ըմբռնած պիտի ըլլայ թէ անկարելիին ձեռք երկարած է, ու այնուհետեւ կը լռէ, տասը տարի ետք կրկին արծարծելու համար հարցը, բայց ոչ անձամբ՝ այլ միջնորդներով։

1743ի Հոկտեմբերին, Սահակ Արքեպս. դարձեալ կը գտնուի Պոլիս, ուր՝ յետ կատարելու նուիրակութեան պաշտօնը՝ կը պատրաստուի մեկնիլ Զմիւռնիա, իբր քաղաքին առաջնորդ։ Միջնորդի մը ճամբով լուր կը ղրկէ Պոլիս գտնուող Մխիթարի աշակերտներէն Սեբաստացի Հ. Միքայէլին, որպէսզի աս ալ, իր կարգին, բարեխօս ըլլայ Մխիթարի, տպագրելու մերժուած գիրքը. «զայս բան ես շատ դժուարացուցի եւ հեռացուցի, - կը գրէ Հ. Միքայէլ, 17 Հոկտ. 1743ին, - բայց նոքա կարի խնդրեցին գրել առ տէրութիւնդ»։ Չենք գիտեր թէ ի՛նչ եղած է Մխիթարի պատասխանը, բայց տարբեր եղած պիտի չըլլայ քան ինչ որ գրած էր տասնեակ տարի մը առաջ` ուղղակի Սահակ Արքեպիսկոպոսին։

Երկու տարուան լռութենէ մը ետք, նոյն հարցը դարձեալ ծայր կու տայ. այս անգամ Սահակ Արքեպս. ինք անձամբ կը տեսակցի Հ. Միքայէլի հետ, խօսք բանալով եւ երկարօրէն պարզելով իր տեսակէտները՝ թէ ինչո՛ւ կ՚ուզէ անպայման Մխիթարի ձեռքով տպել տալ այդ թարգմանութիւնը։ Հ. Միքայէլ, տարուած Սահակի պնդումներէն, մանաւանդ մտածելով թէ Սահակ Ահագին ժամանակի ամէնէն կարկառուն դէմքերէն մէկն էր, եւ գուցէ ապագայ կաթողիկոսն իսկ, կ՚ուզէ կատարել միջնորդի դերը ու բարոյական ստիպողութեան տակ դնել Մխիթար Արբան։ Ահա՛ Հ. Միքայէլի 28 Յուլիս 1745 թուակիր նամակին պատճէնը:

«… Նուիրակ Ատաքին Սահակ Վարդապետն եւ եպիսկոպոսն յաւուրս յայսոսիկ գործունէ արար ի խնդիր եղեալ մարդ ձգել որոնել 191/ զիս, եկեալ գտին ի տան Սէրգիս աղային, խնդրել ածել զիս առ ինքն։ Յետ բազում վարանմ անց ելեալ գնացի մերձ Լուսաւորչայ եկեղեցւոյն, ի տուն Հաճի Պալոյն. եկն եւս նուիրակն։ Մինչեւ հինգ ժամ եղաք ի միասին. յետ բազմազան խօսակցութեանց, խնդիրք եւ թախանձմունք նորին այն է, որպէս յառաջ ի ձեռն այլոյ գրեալ եւ խնդրեալ է, նաեւ այժմ յանձնեալ է Սէրգիս վարդապետին եւ եպիսկոպոսին՝ որ այդր եկն, նաեւ Մինաս վարդապետին գրեալ է միջնորդ լինիլ, եւ գրելոց է այժմ տակաւին առ նոսա, թերեւս եւ առ գերյարգելութիւնդ, եւ ինձ թախանձեաց գրել, որ զԿենդանեաց գիրգն յանձն առնուլ եւ հոգաբարձու լինել տպել տալ այդր, որ ասէ՝ թէ եւ ոչ վասն բարեկամութեան, գոնեա վասն ժտութեան եւ թախանձանացս արասցէ։ Ասէ թէ մեծութիւնն՝ Քերականութեան դիրքն, թանձր քան զԱռաքինութեանցն, լինի մանր գրով, եւ խնդրէ թէ հաշիւն առնիցի թէ ո՛րքան ծախս գնայ վասն թղթոյն, վասն տպման եւ վասն կազմին, թէ 500 իցէ, թէ հազար, թէ 1500. եւ աստ ուղարկել զայս հաշվս, եւ աստ որոյ տալ յանձնէ զդրամն, փէշին տամ, (ասէ ), յառաջ քան զսկսումն։ Եւ վասն չորից պատճառաց ի Վէնէտիկ լինելոյ բաղձամ. նախ՝ ի ներքոյ նախախնամութեան Հայր Աբբային լինելով՝ լաւ սրբագրեալ լինի. երկրորդ՝ թուղթն լաւ գտանի եւ տպումն լաւ կու լինի. երրորդ՝ կազմն լաւ կը լինի չորրորդ՝ ի մէջն բան գոյ որ լինի թէ ոչ տպիցեն աստ, եւ այսպէս կրճատեալ լինի զիրգ։ Վասն այսորիկ կարի խնդրէ որ բաց չասիցի։ Եթէ ոչ՝ ի հարկէ աստ տպելոց է…։ Ես հերուի պատասխանն որ գերյարգութիւնդ գրեալ էր, խօսեցայ, եթէ կարելի էր մեք ի վաղուց տպել տուեալ էաք, ի մեզ լաւ թարգմանեալն գոլ. բայց գոն ոմանք բանք արգելեալք, վասն այնորիկ ոչ տպեցաւ։ Ասէ թէ այնք բանք հանցի եւ մնացեալն տպիցի։ Յիմս կողմանէ զայս ասեմ, թէպէտ այս գործ ծանր է եւ զբաղեցու(ց)իչ գերյարգութեանդ, որքան կարելի է լինիցի, թէ բաց ոչ ասիցի վասն օգտի ազգին մերոյ եւ հասարակութեան. զի սա գիտնական եւ երեւելի ոման է. մերմէ սորա կամ պատրիարգ լինիլ, որպէս հրեշտակքն եւ այլք դրդեն, կամ կաթուղիկոս, յետ ներկայ եղելոյն»։

Կարեւոր նամակ մըն է Հ. Միքայէլին գրածը, ուր կը տեսնենք Սահակ Ահագինի մեծ համարումը Մխիթարի վրայ, թէ՛ իբր գիտնական եւ թէ իբր հրատարակիչ, եւ որով կու տայ Մխիթարի լիուլի ազատութիւն՝ դպչելու բնագրին, դուրս հանելով ինչ որ անյարմար /192/ է հրատարակութեան։ Հ. Միքայէլի նամակէն կ՚իմանանք թէ «ի մեզ լաւ թարգմանեալն գոյ»։ սակայն Մխիթար կերեւի թէ անյարմար դատած է անոր հրատարակութիւնը։

Հ. Միքայէլի միջնորդութեան եւ թախանձանքին վրայ՝ Մխիթար դարձեալ տեղիք չի տար. կը յարուցանէ նոր դժուարութիւններ, կը գրէ Հ. Միքայէլի՝ թէ քանի գիրքը թարգմանուած է Պոլիս, լաւագոյն է տեղւոյն վրայ ալ կատարել տպագրութիւնը, մինչ Վենետիկ ղրկելով եւ սրբագրելով՝ պէտք պիտի ըլլայ ծայրէ ծայր նոր թարգմանել, ինչ որ վարկաբեկիչ է Խարբերդցի Ղուկաս Վրդ. ին համար, որու անունը պէտք է հրատարակուի գիրքին ճակատը, ինչպէս սրբագրիչինը. ու այս գործին ձեռք զարնելու համար՝ հարկաւոր է Ղուկաս Վրդ. ի գրաւոր հաւանութիւնը, ստորագրուած՝ մէկ կամ աւելի վկաներէ։

Մխիթարի ներկայացուցած բոլոր դժուարութիւնները՝ պատրուակներ կը թուին մեզի, մերժելու համար գործին յանձնառութիւնը. մերժելուն բուն պատճառը ակնարկեցինք վերեւ, ու այս առիթով ալ նոյնը կարծէք կը յիշեցնէ՝ գրելով Հ. Միքայէլին. «Ծանո՛ նմա (Սահակ Ահագնի) եւ զայս թէ որպէս իրաւի է, զի ես յօժարութեամբ կարէի ծառայել ինքեան, եւ ըստ որում կամի՝ այնպէս առնել, բայց բաց ի վերոյ ասացելոց դժուարութեանց, որք են խափանողք յառաջացուցանելոյ զյօժարութիւն իմ, գոն նաեւ այլք բազումք, զորոց գրելն ընդ երկար է եւ գրով մտադիւր առնելն դժուարին, ուստի այսքան՝ զորս գրեցի՝ բաւեսցի առ ի ցուցանել զդժուարութիւն իրին» [2] ։

Տարի մը ետք 1746ին, Մեծ պահքի կէսին, Սահակ դարձեալ կը փնտռէ Հ. Միքայէլը, փորձելով վերջին անգամ մըն ալ խնդրել անոր միջամտութիւնը։ Հոս կու տանք Հ. Միքայէլի նամակին պատճէնը ամբողջութեամբ, չկորսնցնելու համար կարեւոր մանրամասնութիւններ, որոնք հետաքրքրական կրնան ըլլալ նիւթովս զբաղողներուն համար։

«Նուիրակն ի մեծ պահոց կիսոյն վերստին զիս որոնեաց եւ խնդրեաց, եւ գնացի ի խուց Լուսաւորչի եկեղեցւոյն առ նա, իբր երեք ժամ եղէ անդ. բան եւ խօսք նորա եղեւ վասն տպման իւր ցանկացեալ Կենդանեաց երգոյն: Թախանձանօք եւ աղերսանօք խնդրէ տ/193/պագրութեան լինել այդր՝ հոգաբարձութեամբ գերարգութեանդ։ Յիմս կողմանէ՝ որքան կար էր՝ հանդարտութեամբ եւ խոհեմութեամբ դժուարացուցի. նախ՝ թէ զայն թարգմանեալ գիրգն մի ամ հազիւ սրբագրի, մինն զլաթին գաղափարն ընթեռնլով եւ միւսն հայելով եւ խոկալով. եւ բոլոր ժամանակն ոչ է տալոց վասն նորա, զի ունի զայլ գործ հարկաւոր եւ կառավարութիւն մենաստանին։ Մինչ այս եզերիցի, եւս պարտի սրբագրեցեալն լաւ գրով գրիլ, եւ այս եւս ի մի ամն։ Յետ այսր, ի մի ամն եւ այլ աւելի տպագրութիւնն. եւ առ այս գործողութիւնս ոչ մի ոք, այլ բազումք պարապելոցք են եւ գործակից, եւ գրեա թէ երեք կամ չորս ամն հազիւ թէ ի գլուխ ելցէ։ Եւ քո հրամանքդ մինչեւ ցայսքան ժամանակ այսր մնալոց ես։ Ասաց թէ ոչ մնամ աստ, ունիմ զոք աստ փոխանակ իմ, որ նա զամենայն ծախսն հոգասցէ։ Ի վերայ այսր ամենայնի ստէպ խնդրէ լինիլ, եւ յորդորեաց զիս գրել, որ մինչ եթէ ստորասութիւն տայցես, ապա ըգիրգն եւ զծախսի դրամոցն հոգ տարեալ ուղարկիցէ։ Եւ առ դժուարութիւնն եւ առ պատճառսն, զոր գրեալ էր գերյարգութիւնդ, պատասխանէ. նախ առ այն՝ թէ կարծիք գոյ թէ արգիլեցեալ է այն գիրգ, ասէ թէ ունիմք զգիրգն արգիլեցելոց գրեանց, ընթեռնուլ ետու, ոչ գոյր այս գիրգ անդ արգիլեալ. երկրորդ, թարգմանողին ձեռագիրն վկայական առնելոց է, յորում յանձնէ զսրբագրութիւնն գերյարգութեանդ, ըստ որում կամիս եւ պիտոյ է սրբագրութեան։ Երրորդ, թարգմանօղին եւ սրբագրօղին անուանքն դնիցեն ի տպագրութեան, նախ իւր անունն, այսինքն ի խնդրոյ Սահակ Վրդ. ի եւ Եպս. ի։ Եւ չորրորդ՝ ասէ թէ այս թարգմանեցեալս, կարի աշխատանք եւ դժուարութիւն տայ առ ի փոփոխել զբառկունս եւ զշարադրութիւնս, կամիմ եւ յօժար եմ, զի նորապէս թարգմանիցի ի վանգի կարգաւորաց, որ տեղեակ եմ որ լաւ թարգմանօղ գոյ, զՀայր Թէոդորոսի թարգմանեալ գրգուկն առ ինքն ունի։ Եւ ասէ թէ զ1000 ոսկի վասն թարգմանութեանն վճարեմ. եւ զթիւն տպագրեցելոյ կամի թէ լինիցին 1000: Սպասէ պատասխանւոյ ստորասութեան այսմ, որպէսզի եւ ինքն ըստ այնմ տրամադրեսցի [3] ։

Նամակին պատասխանը կը պակսի վանքիս դիւանը, մանաւանդ որ 1746ի Ապրիլ–Սեպտեմբեր ամիսներուն՝ Մխիթար կը կրէր մահացու հիւանդութիւն մը եւ չէր կարող զբաղիլ այս հարցերով։

/194/ Սահակ Արքեպս. տեսնելով թէ անհնարին պիտի ըլլայ տպել տալ գիրքը Մխիթարի ձեռքով [4], շատ հաւանաբար կը դիմէ ուրիշ միջոցի մը։ Եւ որովհետեւ 1745 թուականներուն՝ Վենետիկ կը գտնուէր Սարգիս Արքեպիսկոպոս Սարաֆեան, որ հեռաւոր ծրագիր մըն ալ ունէր քաղաքին մէջ հաստատելու ինքնուրոյն տպարան մը, Սահակ կը դիմէ Սարգիսի։ Վերեւ յիշատակուած Հ. Միքայէլի 28 Յուլիս 1745 թուակիր նամակէն գիտենք՝ թէ Սահակ գրած է «նաեւ այժմ յանձնեալ է Սէրգիս վարդապետին եւ եպիսկոպոսին որ այդր եկն միջնորդ լինիլ, եւ գրելոց է այժմ տակաւին առ նոսա»։ Սարգիս Սարաֆեան ալ կը կատարէ իր միջնորդի պարտականութիւնը, առանձին ունկնդրութիւն մը խնդրելով Մխիթարէ, տեսակցելու եւ պարզելու համար հարցերը։

Սարգիս Արքեպս. Վենետիկ քաղաքէն կը գրէ առ Մխիթար . Ղազար). «Գիտակ լիցի սրբազանդ իմ Հայր, զի յերեկեան աւուր առ իս հասուցելոց գրեանց՝ մինն էր ողջունագիրն Սահակայ վարդապետին, յորում զտպագրեցմանէ Օրինակաց գրգոյն զբազումս աղերսելաբար գրեալ էր առ իս…։ Ուստի կարօտի այսմ, զի ի մէջ սակաւ միջոցիս այսմիկ փոխաբերապէս խորհրդակցիմք ընդ երկարս զիրակութենէ զայսմանէ…։ Յաղագս որոյ եթէ կարելի իցէ յուղարկեսցես այսօր ի քսաներորդ ժամու զպարքայն վանաց, զի գալով իմ այդր՝ խօսեցայց ընդ Տեառնդ իմոյ» [5] ։ Սարգիսի եւ Մխիթարի տեսակցութեան արդիւնքը յայտնի չէ. շատ հաւանաբար՝ Սարգիս տեսնելով Մխիթարի դիրքը, ինքը յանձն առած ըլլայ գիրքին տպագրութիւնը, մանաւանդ որ քիչ ժամանակէ ի վեր տպագրութեան գործին նուիրուած ըլլալով՝ կարօտ էր կանխիկ գումարի, ինչ որ Սահակ կը խոստանար առատութեամբ։

1748ի Յուլիս 25ին Սարգիս Արքեպս. ունի նամակ մը ուղղուած Տիրացուի մը, ուր յետ տալու ծանօթութիւններ սկսած գործին մասին, կաելցնէ. «աշխատիմ եւս առ ի յարմարագրել եւ սրբագրել զԿենդանեաց գիրքն ըստ լատինականին իւրոյ… որոյ տպագրու/195/թիւնն արդեն մերձ է ի հասանել ի կէսն» [6] ։ Եթէ 1748ին հազար էջնոց գիրքին տպագրութեան կէսը տպագրուած է, նշան է թէ 1746–7 թուականներուն ձեռնարկած էր արդէն Սարգիս անոր սրբագրութեան եւ տպագրութեան, այսինքն՝ յետ Մխիթարի վճռական ժխտական պատասխանին։

Այսպէս ահա կը փակուի Սահակ Արքեպս. Ահագինի փափաքած գիրքին տպագրութեան հարցը, որու մասին կարելի է անդրագոյն ծանօթութիւններ գտնել Սարգիս Արքեպս. Սարաֆեանի վերոյիշեալ կենսագրութեան մէջ, որոնք անմիջական առընչութիւն չունենալով Մխիթար Աբբահօր հետ՝ զանց կ՚ընենք անոնց վրայ ծանրանալէ: Յիշենք միայն այսքանը՝ որ Սահակ Ահագին, յետ տպագրել տալու գիրքը (1750) Սարգիս Արքեպս. ի ձեռքով, չի հատուցաներ խոստացուած գումարը, ինչ որ ծանր բեռ կ՚ըլլայ տպագրութեան հոգը ստանձնողին։



[1]     Մխիթար Աբբահայր՝ Վենետիկ էն, 20 Յունիս 1736ին, առ Սահակ Արքեպիսկոպոս Ահագին։

[2]     Մխիթար Աբրայ՝ Վենետիկէն, 23 Նոյեմբ. 1745ին, առ Հ. Միքայէլ, Պոլիս։

[3]     Հ. Մ իքայէլ Պոլիսէն, 4 Յունուար 1716ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[4]     1747ին, Հ. Մ իքայէլ անտեղեակ անցուդարձին, տեսնելով թէ Սահակ Ահագին այլեւս չի հետապնդեր զինքը, 23 Մարտին կը գրէ Մխիթարի. «ի վաղուց է որ Նուիրակն այլ եւս ոչ որոնէ եւ ոչ խօսի զիր ինչ զտպագրութենէ. երեւեցաւ դժուարանալ այնքան անգամ աղաւաղեալ գրեցելոց բանից՝ իմացաւ թէ ոչ կամիս, որ ծանոյց միջնորդիւն իւրով»։

[5]     Սարգիս Արքեպս. Սարաֆեան՝ Վենետիկէն, 2 Հոկտ. 1745ին, առ Մխիթար Աբբայ, Ս. Ղազար։

[6]     ԳԱԼԷՄՔԵԱՐԵԱՆ Հ. Գ., Կենսագրութիւն Սարգիս Արքեպ. ի Սարաֆեան եւ ժամանակին հայ կաթողիկեայք, (Ազգ: Մտնդ. ԾԵ), տպ. Վիեննա, 1908, էջ 231։