Մխիթար Աբբահօր հրատարակչական առաքելութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ. ԱՄՍԴԵՐՏԱՄԻ ՈՍԿԱՆԵԱՆ ԳԻՐԵՐԸ ԵՒ ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ

 

/100/ Հրատարակչական իր առաքելութեան մատակարարական բարդ մասը կազմակերպելէ ետք՝ Մխիթար կ՚անցնի կատարելագործելու տպագրական արուեստը։ Մինչեւ 1727 թուականը ան յանձնուած էր Վենետիկի Անտոն Պորթոլիի տպարանին ու ստիպուած կ՚ենթարկուէր անոր, ընդունելով դրուած պայմանները, համակերպելով անոր ունեցած գիրերու տեսակներուն։ Սակայն, ժամանակի ընթացքին, ինքն ալ կը զգայ նոր պահանջներ, եւ զմայլելի խոհեմութեամբ կը յաջողի իրագործել իր բոլոր երազները։

Կը թուի թէ Պորթոլիի տպագրական գիրերը երկու տեսակ էին. մին՝ մանր, եւ միւսը՝ աւելի խոշոր։ Առաջին մանր գիրով Մխիթար տպել տուած է գրեթէ մինչեւ 1727ի իր բոլոր հրատարակութիւնները, իսկ խոշոր գիրով տպած է միայն 1725ի գրաբար «Գիրք Քրիստոնէականի վարդապետութեան» հատորը, երկուքին մէջ ալ կը պակսին նոտր գիրերը, որոնք ընդհանրապէս կը գործածում էին խորագիրներուն համար։

Կաշկանդում մըն էր այս, որմ է Մխիթար կ՚ուզէր անպայման ձերբազատուիլ։

Վենետաբնակ Աղա Աստուածատուր Շեհրիմանեանի եղբօրորդին, որու անունը չկրցանք ստուգել, 1727ին, գործով Ամստերդամ մեկնած ըլլալով, տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Տէր Եղիսէ քահանայէն կիմանայ թէ Ոսկան Վարդապետի գործած գիրերը տարիներէ ի վեր կը գտնուին անհատի մը քով, իբր գրաւ. քահանան կ՚առաջարկէ /101/ Շեհրիմանեանի գնել զանոնք։ Շեհրիմանեան կը մերժէ, շատ հաւանաբար՝ որովհետեւ տպագրութեան գործը զինք չէր հետաքրքրէր. սակայն Վենետիկ դառնալուն՝ անցուդարձը կը պատմէ Մխիթարի։ Կարծարծի Մխիթարի փափաքը, կ՚ուզէ ձեռք ձգել զանոնք. եթէ յաջողէր ստանալ Ոսկանեան գիրերը՝ անոնցմով կրնար տպագրական հրաշքներ գործել։

1728ի Յունիս–Յուլիս ամիսներուն, դարձեալ վենետաբնակ հայ վաճառական մը, Յարութիւն Գէորգեան, կը պատրաստուի երթալ Ամադերտամ։ Մխիթար թախանձագին կը խնդրէ իրմէ հետաքրքրուիլ վերոյիշեալ գիրերով, եւ նոյն իսկ գնել, տալով մինչեւ 300 տոգաթ։

1728ի Յուլիս 11ին Յարութիւն կը հասնի Ամսդերտամ, ու հետաքրքրուելով՝ կ՚իմացնէ Մխիթարի թէ Ղուկասի (Ոսկան Վրդ. ի) գիրերը տարուած են Իզմիր։ Յարութիւնի այս նամակը կորսուած է, ունինք միայն Մխիթարի կողմ է տրուած պատասխանը, ուր Մխիթար կապահովցնէ իր գիտնալը ստոյգ աղբիւրներէ՝ թէ Իզմիր տարուածները կապարէ գիրերն են, եւ ոչ թէ պղինձէ մայրերը, որոնք դեռ կը մնան Ամսդերտամ, եւ «մէկ ֆռէնկի քով ռէհին դրած են հարիւր կամ երկու հարիւր ղռուշի, եւ ով որ տայ զայնքան դրամն՝ կարէ առնուլ» [1] ։ Այս մանրամասնութիւնները Մխիթար հաւաքած էր Աղա Աստուածատուր Շեհրիմանեանի եղբօրորդիէն. ուստի նոյն նամակով Մխիթար կը յորդորէ Յարութիւնը երթալ տեղւոյն Տէր Եղիսէ քահանայէն, որ քաջ տեղեակ էր գիրերու խնդրին, ու ստանալ գիրերը, առանց յայտնելու թէ ի՛նչ վախճանի եւ որո՛ւ համար կը գտնուի, որպէսզի նորանոր արգելքներ երեւան չելլէին։

Մինչ Մխիթար այս նամակը կը գրէր Յարութիւնին, աս արդէն մանրամասն տեղեկացած էր գիրերու հարցին, ու 3 Սեպտեմբեր 1728 թուակիր նամակով Մխիթարի կ՚աւետէր ուրախալի լուրը։ «Շատ շուրջ ելի, հինջուկ մէկէն խապար առի, որ մէկ օլանտիզի քովն ըռէհէն է Ղուկասին գրերն, երկաթէ հայրերն, պղնձէ մայրերն ու մէկ քանի փայտէ տան գլուխ գրեր, ու քիչ մի արճիճէ գրեր։ Գնացի տեսայ, նայ կասէ թէ 800 կուլտի ըռէհին է, ամայ մէկ բան մի պակաս կու տայ (իմանաս քոյ հրամանքդ՝ որ մէկ կուլտին Վէնէտիկու չորս լիրէն է). չորս թուռլու երկաթագիր կայ, երեք թուռլու բոլորգիր, երկու թուռլու նոտր գիր, շարականին խազերըն, /102/ ֆռանկի ըռախամ ու ուրիշ մանտր ծաղիկներ, ընդ ամէնըն 500էն եվել երկաթէ գիր կայ եւ այն չափ ալ պղինձէ։ Ես շատ մանտրը մանտրը չի նայեցայ, որ մարդն չիֆէլէնմիշ չի լինի, ես իւրն ասացի թէ հոս շատ գիր պակաս է, ասոր շատ ըստակ կերթայ մինչեւ որ թամամվի։ Չորսէն ըսկըսեցայ մինչեւ 500 կուլտի տվի, չի տվաւ, այնպէս թողուցի. ամայ սիրտ ունիմ մինչեւ 550 կուլտի, որ է 100 ցքին տալ»։

Յարութիւն շատ լաւ հասկցած էր Մխիթարի միտքը, ու ամէն գնով կ՚ուզէ կատարել անոր խնդիրքը. կը շարժի շատ մեծ խոհեմութեամբ։ Գիրերը ձեռք ձգելու դժուարութիւնը կրկին էր. նախ տեղւոյն Տէր Եղիսէ քահանան, որու համար կը գրէ «թէ որ իմանայ այլ պազարըս՝ չի շինվիր, զերայ մէկ Աստուծոյ պէլան է, մէկ անիրաւ անօրէն մարդ է»։ Տէր Եղիսէէն զատ կային երկու միջնորդներ, որոնք անշուշտ շահաբաժին կ՚ուզէին։ Երկրորդ դժուարութիւնը դրամականն էր։ Մխիթար թոյլ տուած էր ծախսել մինչեւ 300 տոգաթ, Յարութիւն սակարկած է մինչեւ 550 կուլտի, որ է 355 տոգաթ, եւ դեռ ալ անբաւարար էր գիրերը ստանալու։ Ուստի կացութիւնը կը պարզէ Մխիթարի, իր 3 Սեպտ. 1728 թուակիր նամակով, ու կը սպասէ Մխիթարի կարգադրութեան, մինչ այս՝ ծրագիր մշակելով «որ առնեմ երկաթներին, քովս կու պահ եմ՝ պղինձներն, ու ուրիշ բաներն պէլքի նավով ուղարկէմ թամ գոնտօթին հետ որ ղարատան կու գայ, քիջ մի խարճն շատ է, մին լիտրէ ին 20 կամ 24 uօլտի խարճ կու գնայ. տեսնեմ ինչպէս կու լինի. այս գիրըս գրած ժամանակիս միջի տէլալըն եկաւ թէ ի՛նչ կասես. 20 կուլտի այլ տուի. ես մինչեւ 550 առանց օռտինի կու տամ. թէ որ տայ՝ լաւ, թէ որ չի տայ, այս գրիս ջուղապին կու նայիմ»։

Յարութիւն չի սպասեր Մխիթարի պատասխանին, համաձայնութեան կը մտնէ եւ 520 կուլտի տալով՝ ձեռք կը ձգէ գիրերը ամբողջ, ու մեծ ուրախութեամբ Մխիթարի կը գրէ հետեւեալ նամակը:

Գերարքելի եւ գերապատելի Աբբա Հօրն

Թվին 1728 Սեպտեմբերի 10, Մսրտամ

Արզ լիցի քոյ հրամանուցն որ անցեալ փոստին գրեցի թէ գրեանքըն գտայ որ Ղուկասըն ըռէհեն էր դրեր ին ֆիլէմէնկի քովն. իմանաս քոյ հրամանքն որ գինն կտրեցի, ըստակն տվի, բաներըն առի, բերի, համպարեցի որ 816 տանէ պղընձէ գիր, որ է մայր ղալիպ կար։ 656 երկաթէ զիր, որ է հայր ղալիպ /103/ կայ։ 99 տանէ տանգլուխ գիր ու պատկեր ծաղիկ կայ, երեք ղութի արճիճէ թափած գրեր կայ, 6 կտոր արճիճ թափելու ղալիպ, մին բէրկէլ եւ մին բնակիտի պէս տախտակ։ Գինն շատ ջալիշմիշ եղայ, մինչեւ որ 520 կուլտի շինեցի, հոգիս ելաւ, ամայ կարծեմ երկու հազար կուլտիով չէ էղեր. հոս հարցուցի, ամէն մին երկաթէ գիրըն չլինելու 3 կուլտի կուզէն։ Երկաթէ գրերենի զատ մնացեալն բարցի մին ենկելիզի նավ, որ Պրն. Խաչատուրի տղին վերայ, որ նա հանէ, քոյ հրամանուցն թէսլիմ անէ, որ Աստուծով սէլամէթ գայ հասնի։ Մնացեալ խարճ ինչ որ գնայ եկած վախտիս քոյ հրամանուցն հետ հիսապ կանենք։ Տէրտէրըն կարծեմ թէ քիչ մի իմացեր է. պէլքի այս երկաթներս ալ քոյ հրամանուցն ղարայէն ուղարկեմ, որ ղալապալուխ չի լինի տէրտէրին հետ, զերայ կասէ թէ Ղուկասին վրայ առնելիք ունի։ Ես երբ որ ուղարկեմ նայ կարող չէ մին բան ասէ. թէ մին նոր աֆալ լինի, քո հրամանուցն արզ կանեմ։ Թէ քոյ հրամանքդ մին ուրիշ խզմէթ ունիս հրամայես որ ծառայեմ. քո հրամանուցն սուրբ աջն համբուրեմ եւ ամենայն միաբանից աղօթիցն զիս անձեմ եւ ամենայն բարեկամաց շատ բարեւ կանեմ. եւ լիցի քոյ հրամանուցդ երկեար կեանք եւս առաւել ուրախութիւն։

Ծառայից ծառայ

ԱՐՈՒԹԻՒՆ ԳԵՒՈՐՔԵԱՆ

Մխիթարի չափ Յարութիւն ալ կը ջանայ ծածուկ կերպով գործել Ամսդերտամի մէջ, ու տեղեկանալով ընդհանուր կացութեան եւ Տէր Եղիսէի բռնած դիրքին, ձեռք կ՚առնէ մեծագոյն զգուշութիւն. «այս Տէր Եղիսէն, կը գրէ Յարութիւն, 24 Սեպտ. 1728ին, հոս քանի մարդ որ քայ՝ կասէ թէ Եկ, քեզի առնել տամ, որ տեսնէ թէ այն մարդն սիրտ ունի առնելու նէ, անոր կորէ այն մարդէն սախընմիշ լինի։ Հոս կուզէ ըստակ ժողովել, հայերըն կու որդորէ թէ այս գրերս գերութենէ ազատեցէք ու քեարխանայ բանանք, ըստամբայ տանք…. Քո հրամանքդ մարդու չի ասես թէ այս գրերըս ձեռ բերինք, կամ թէ չէ տահայ Տէր Եղիսէն չէ իմացեր»։

Բոլոր այս անցուդարձերուն անտեղեակ է Մխիթար, որու ձեռքը կը հասնի Յարութիւնի 3 Սեպտ. 1728 թուակիր նամակը, ուր կը խնդրէ 300 տոգաթէ աւելի ծախսելու հրաման, որ կընէ շուրջ 500–550 կուլտի։ Շատ յատկանշական է նաեւ Մխիթարի պատասխանը. ահա պատճէնը:

/104/ Ազնուամեծարի եղբօրդ մերոյ Պարոն Յարութենի

Բազմաւ ողջունիւ եւ սիրով յայտ լիցի եղբայրութեան քում, զի զգիրն քո ընկալայ, զոր ի երեք Սեպտեմբերի գրեալ էիր. եւ յոյժ ուրախացայ վասն գրոցն զորս գտեալ ես։ Արասցէ Տէր, որ մինչեւ այս գրիս հասանիլն, գնեալ իցես։ Թէեւ վեց հարիւր կուլտի տուեալ իցես՝ տակաւին ուրախ եմ եւ շնորհակալ յոյժ զքէն, եւ թէ եօթն հարիւր կուլտի եւս իցես տուեալ՝ տակաւին շնորհակալ եմ։

Ուրեմն, ո՛վ սիրելի, մինչ որպէս գրեալ ես թէ այսքան կերպ գրի հայր եւ մայր են. եւ հինգ հարիւր կտոր չէլիկ, եւ այնքան պղինձ՝ մայր, եւ ութ հարիւր կուլտի տաս՝ մեզ հաճոյ է եւ քո հրամանքն որքան պակասովն որ առնուս՝ այն քո հրամանուցդ բարերարութիւն է։ Ահա իմ կողմանէ ես ետու օռտինէ. եւ թէ մինչեւ ցայժմ ոչ ես առեալ հինգ հարիւր յիսուն կուլտիով, տո՛ւր ալ աւելի այնքան մինչեւ հաճեցուցես զվօլանտէզն եւ առցես։ Եւ ջանա՛ որ բանն չերկարի, եւ երբոր առնուս շուտով գօնտօթին հետ ղրկէ եւ նաւն մի դներ, եւ խարճն մի՛ հայիր։ Լիրէ ի թէ քսան սօլտի գնայ թէ քսանեւչորս, չէ փոյթ, միայն թէ շուտով հասնի առ մեզ։ Եւ չէլիկներն որք են հայր, եւ պղինձներն որք են մայր՝ գօնտօթին հետ ղրկես. նոյնպէս եւ ծաղկներն, եւ փայտէ գրերն։ Եւ միայն ղուռշունէ [= կապար] գրերն է թէ տասն քսան հօխա իցեն նաւն դիր. եւ թէ չորս հինգ օխա իցեն՝ զայն եւս գօնտօթին հետ ղրկէ ցամաքով։ Եւ թէ ո գիտէ, կամ նոյն էրէցն, եւ կամ Հայերն իմացած լինին, եւ հակառակութիւն առնեն. եւ զգինն աւելացնեն. քո հրամանքն մինչեւ ութ հարիւր կուտլին տուր, եւ մի՛ խնայեր, եւ թէ այնու եւս ոչ լինի. եւ Հայերն հակառակին՝ շուտով ծանո՛ ինձ թէ որպիսի ոք է հակառակօղ, որ ես աստի ի Շէհրիմանցոցմէ ռեգումանտացիօ [= յանձնարարագիր] առնում եւ յղեմ, զի մի հակառակիցին։

Դարձեալ ես անցեալ շաբտուն գիր հրամանուցդ, եւ գրքերու վասն յանձնեցի. զայն եւս հոգաս։ Եւ հրամանքդ երբոր գօնտօթին հետ յղես՝ զգրերն, վասն դրամոյդ ինչ որ խարճեր ես՝ գրես ինձ. եւ ում որ կամ իս՝ նմա վճարեմ շուտով. եւ հրամանուցդ այսպիսի մեծագունեղ բարերարութիւն մշտնջենաւորաբար յիշեցեալ մնայ ի Միաբանութեան մերում ի փառս Տեառն։

Բնաւք մերայինք մեծաւ սիրով ողջոյն տան քեզ: բաւ է ողջ լեր։

1728 Սեպտ. 17

[Մխիթար Աբբայ]

/105/ Երբ այս նամակը կը հասնի Յարութիւնին, արդէն ամէն բան կարգադրուած էր, պղինձէ մայրերն ու կապարե գիրերը յանձնուած էին փութով նաւու մը, որ կը մեկնէր Վենետիկ. «երկու պատճառաւ բառցի նաւին մէջն, - կը գրէ Յարութիւն 1 Հոկտեմբ։ 1728ին, - առաջին որ թէ մին ղալապալըխ որ հանէ տէրտէրն, մինն քովէս գացած լինի, զերայ անկից ի վեր գոնտոթ չէ ելեր. երկրորդ՝ Աստուծով սէլամէթ որ գայ հասնի, քոյ հրամանքդ տեսնես որչափ բեռ է, սընտուկն տեղացն չի ելանէր. մին ալ Աստուած չանէ թէ որ նաւին մէկ հալ գայ, երկաթներն քովս է, որ ղարայէն կուղարկեմ երբ որ գոնտոթ գայ։ Իմանաս քոյ հրամանքդ որ սընտուկըն տավուլ զուռնայով բառցի նավն. թէ որ իմանան գրեանքիս առնելն, ասեն թէ նավն բառցաւ գնաց. ամայ քոյ հրամանուցդ կաղաչեմ որ մարդու բան մի ջասես մինջեւ ես հոս եմ»։ Քանի մը օր ետք, Հոկտեմբեր 9ին, Յարութիւն նամակատան ճամբով կը ղրկէ գիրերու երկրորդ խումբը, այսինքն՝ «երկաթէ գրերն դրի մին պզտիկ սանտուղի մէջն ու մուշամպայով գանէվացայով կապել տվի. 5 պզտիկ ղութի՝ մէջն էր դրած գրեանքն, ինչպէս որ առի՝ այնպէս եղած ղութիներով դրի սանտուղին մէջն, ումմին մէնկէնէով երկաթ ալ կար, ան ալ դրի մէջն. կարծեմ թէ երկու ամիս ու կէս անճաղ կու հասնի Վէնէտիկ» [2] ։

Քանի մը ամիս ետք, 13 Մարտ 1729ին, պղինձէ գիրերը կը հասնին Ս. Ղազար [3], անսահման ուրախութիւն պատճառելով միաբաններուն, մանաւանդ անոր՝ որ գրած էր Յարութիւնին. «Հրամանուցդ այսպիսի մեծագունեղ բարերարութիւն մշտնջենաւորաբար յիշեցեալ մնայ ի Միաբանութեան մերում, ի փառս Տեառն» [4] ։ Միաբանական եւ ազգային յաղթանակը արձանագրուած է նաեւ Միաբանութեանս պաշտօնական Ժամանակագրութեան մէջ, մանրամասն նկարագրութեամբ. «Յամի յայսմիկ (1729) հասին առ մեզ պղնձի գաղափարը տպագրական տառից, եւ ընդ իւրաքանչիւր նոցա պողովատիկ նշա/106/նագիծք, յորոց դրոշմելոյ լինին գաղափարքս այսոքիկ։ Եւ էին սոքա երից կարգաց։ Զի էր ի նոսա խոշորագիր, մանրագիր եւ միջասահման։ Եւ յիւրաքանչիւրում կարգի եղեալն ունէր զիւր գլխագիրն ըստ իւրում պայմանի։ Այլ եւ նշանագիծս կետից, շեշտանանաց եւ այլոց նշանախեցից, որք առ կատարեալ տպագրութիւն գրոց կարեւորք են, ամբողջ, աննիազ եւ անվթար։ Մանրագիրն եւ միջաuահմանն ունէին եւ զնօտր գիր ըստ իւրեանց պայմանի, այլ խոշորագրին ոչ գոյր։ Էին եւս նշանագիծք խազից շարականաց։ Ամենեքեան սոքա պողովատիկք, ամբողջք, անվթարք, վայելչատիպք եւ անարատք» [5] ։ Ժամանակագրութեան ակնարկած «այլոց նշանախեցից» բացատրութիւնը կարելի է յստակել Մխիթարի ձգած մէկ ծանօթագրութենէն, ուր Մսրտամայ փայտէ մանր գրերն են սոքա վերնագրին տակ կու տայ ցանկը Ա. էն Ք. է գիրերու իւրաքանչիւրին քանի հատ ըլլալը [6], ինչպէս յաջորդ էջին վրայ՝ Խոշոր ձագագիրք վերնագրին տակ՚ կու տայ նոյն գիրերու ցանկը [7] ։

Յարութիւն երբ կը դառնայ Ամսդերտամէն, Մխիթար իր խոստումին համաձայն կը հաշուակցի, տալով 2295 լիրէ, որու 2080 լիրէն գիրերու գինն էր, իսկ 215 լիրէ ալ ճանապարհի ծախսը [8] ։

/107/ Գիրերը հասնելուն՝ Մխիթար առանց ժամանակ կորսնցնելու կ՚անցնի գործի։ Նախ հասած գիրերու մայրերով Ս. Ղազարու մէջ ձուլել կու տայ 270 000 գիր, անմիջական գործածութեան համար. ասիկա կը կատարուի 1729ի Յունիս–Յուլիս ամիսներուն, գիրերը Ամսդերտամէն հասնելէն երեք ամիս ետք։ Ձուլելու աշխատանքներուն համար կը ծախսէ 1210 լիրէ։

Նոյն տարուան Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր ամիսներուն՝ Մխիթար շինել կու տայ գիրերու նոր մայրեր, որոնց վրայէն թափել կու տայ շուրջ 25 000 գիր [9] ։ Շատ հաւանաբար, նոր լինել տուածները ըլլան Ամսդերտամէն հասած խոշոր գիրերու համապատասխան նոտր գիրերը, որոնք կը պակսէին [10] ։

Գիրերէն զատ՝ Մխիթար առատօրէն լինել կու տայ տպագրութեան համար անհրաժեշտ գործածելի մանր առարկաներ, այսպէս «գուաթռաթին` 1400, սֆռիզի՝ 1050, սփացիօ՝ 4800 եւն. »։

Վերջապէս, երկուքուկէս տարիէ աւելի կը տեւէ գործին կազմակերպութիւնը, որուն նկարագրութիւնը եւ կատարած ծախսերը Մխիթար կը համառօտէ առձեռն փոքրիկ տետրակի մէջ, որմէ հատուած մը կու տանք հոս, ընդհանուր գաղափար մը կազմելու համար: «Եւ գիտելի է, զի որպէս ի վեր ասացաւ, թիւք ձուլելոց գրոցն են ընդ ամէնն իբր 270. 000, եւ զսոցին հազարն, լիրէ համարեալ, առնեն 1080 լիրէ, եւ մեք տուաք 1214. սոցին աւելորդքն, որք են 134 լիրէ, են արդար գինք երից դաշէօից՝ զորս շինեաց, եւ ոմանց գրոց՝ զորս տպեաց, եւ վասն ստէլլայից եւ լինէայից եւ նախշից, եւ վասն տուէ ռիկայ եւ թռէ ռիկայ գլխագրաց եւ այլոց նմանեաց։ Սակայն եղեւ նաեւ այս, զի նախապէս ընդ թափողին զգիրս դաշնադրեցաք /108/ վեց հազարն՝ երեք լիրէ։ Եւ մինչ ձուլեաց ի մենաստանի իբր 200. 000 զիր, ընդ որոց էին եւ վերոյիշեցեալ դաշէօն եւ այլքն, որք հետեւին, նա առ ի ժամանեցուցանել զգիրս՝ զորս ձուլեաց, վեց հազարն է չորս լիրէ, իբրու 200 լիրէ դրամ աւելի գին եդ ի վերայ վերոյ ասացելոց շինուածոց, այսինքն՝ դաշէօից եւ գլխագրաց եւ այլոց հետեւողաց, (զի նախապէս զայնց ոչ էաք դաշնադրեալ, վարկելով թէ չեն ինչ տարբեր), եւ էառ՝ զի ոչ ընդդիմացաք, վասն ոչ անկանելոյ ի վէճ. նաեւ առ այս՝ զի գրգռեցեալ էր յայլոց թէ խաբեցեալ է, զի վեց հազարն՝ երեք լիրէով հաճեալ է ձուլել։ Եւ մինչ այսպէս եղեւ 200. 000 գիրն, որ առնէր 600 լիրէ, եղեւ 8000 լիրէ. եւ զկնի այնր զորքան գիրս ձուլեաց, վեց հազարն՝ չորս լիրէով ձուլեաց. եւ այսպէս վերամնացեալ 70. 000ն որ յետոյ ձուլեցաւ՝ 280 լիրէով եղեւ, եւ այս հաճութեամբ մերով, զի պակաս քան զայս գին՝ ոչ կամէր ձուլել։ Եւ այսու ի վեր անդր եդաւ թէ 270. 000 գիրն, հազարն չորս լիրէ համարեալ՝ առնեն 1080 լիրէ։ Եւ այս գրեցաւ 1731 թուին, Դեկտեմբերին»։

Մխիթար իր կենդանութեան դեռ ուրիշ երեք անգամ ալ պատրաստել կու տայ գիրերու մայրեր, եւ թափել կու տայ կապարեայ գիրեր. մին՝ 1737ին, Մատթէի աւետարանի մեկնութեան համար, երկրորդը՝ 1744–1747 տարիներու ընթացքին, Հայկազեան բառարանին համար, եւ երրորդը՝ 1748ին, Վարք Ս. Գրիգորի Լուսաւորչին համար։ Յաջորդաբար պիտի անդրադառնանք այս նիւթին մասին, իւրաքանչիւր գիրքի նկարագրութիւնը ըրած ատեննիս։

Գիրերու մասին մեր անդրադարձութիւնը փակելէ առաջ, մէջ կը բերենք եզական վկայութիւն մը, որ ցոյց կու տայ թէ Մխիթարի տպագրական պատրաստութեան լուրը հասած էր մինչեւ Հռոմ, ուր Սահաթճի Սարգիս Եպս. կը յայտնէ իր խնդակցութիւնը, եւ Մխիթարի կը նուիրէ զանազան գիրեր՝ զոր ինքը անձամբ պատրաստած էր, անշուշտ տպագրական նպատակներով։ «Ահա լուաք վասն պասմայի գրոյն եւ ներբանային, զոր առեալ ես, յոյժ ուրախացաք՝ եւ ունէ ի առ իս ձեռամբ իմով շինեալ կաղպար մի ի չափ եւ ի ձեւ նման դորա՝ որ վասն փոքր Աստուածաշնչէն զպակաս գրերն թափելոյ համար. այժմ քեզ փէշկէզ, զի յետ անցման իմոյ՝ ոչ ոք ճանաչէ զայդ։ իբրեւ զլոմայս այրոյն ընդունիք» [11] ։



[1]     Մխիթար Աբրայ՝ Վենետիկ էն, 9 Սեպտ. 1728ին, առ Յարութիւն Գէորգեան, Ամսդերտամ։

[2]     Յարութիւն Գէորգեան՝ Ամսդերտամէն, 22 Հոկտ. 1728ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[3]     Ամսդերտամէն գիրերը հասնելուն թուականի մասին հետեւեալը նշանակուած է Մանր ժամանակագրութեան մը մէջ. «1729 Մարտ 13. հասին առ մեզ ի Մսրտամայ պողոպտեայ հարք եւ մարք»։ Յիշատակութիւն չենք գտներ թէ երբ հասած են երկաթէ գիրերը։

[4]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 17 Սեպտ. 1728ին, առ Պր. Յարութիւն, Ամսդերտամ։

[5]     Հ. Մատթէոս Եւդոկիացի, Ժամանակագրութիւն վանացս, էջ 353։ Ժամանակագրութիւնը դեռ կը շարունակէ, ու համառօտ մը կը դնէ թէ ինչպէս ծագած է գիրերու հարցը։ «Այլ թէ ուստի՞ եւ զիա՞րդ մարթ եղեւ մեզ ի ձեռս բերել, պատմեսցուք։ Ոմն ի վաճառականաց Յարութիւն անուն, բարեկամ էր Աբբայ Հօր մերում։ Սա յորժամ հանդերձիւր յԱմստէլօդամ երթալ, յանձն արար նմա հարց փորձ առնել անդ եւ գիտել թէ յո՞ր ձեռս անցեալ իցեն եւ առ որո՞ւմ կայցեն տպագրից գաղափարն, եւ նոցա պողովատիկ դրոշմիչքն, յետ անցանելոյ նոցա, որք զկնի Ոսկանայ Եպիսկոպոսին փոխանորդեալք զտպագրատուն կալան Ամստէլօդամ, եւ զայլ գաղափարս յաւելեալ ի նոսա ճոխացուցին։ Եւ եղեւ ի հասանել նորա անդր, հարց փորձ առնէր զայսմ իրէ, եւ գտանէր առ միում ի վճար պարտուց տուեալ այն ամենայն։ Ծանեաւ զգին նոցա եւ ազդ արար Աբբայ Հօր մերում։ Ցայնժամ գրեաց առ նա Աբբայ Հայրն գնոյ առնուլ զնոսա վասն մեր։ Եւ այնպէս արարեալ եբեր առ մեզ։ Եւ Աբբայ Հայրն մեր տուեալ նմա զգին ամենեցուն, էառ զամենայն»: էջ 353)։

[6]     Այդ ցանկը հետեւեալն է. «ա-1, բ-1, գ-1, դ-1, ե-3, զ-1, ը-1, ի-2, խ-1, կ-1, մ-1, յ-1, ն-1, n-1, պ-2, ս-1, փ-1, օ-2, տր-4։ Ընդ սոցին գոյ եւս 5 մեծ ծաղկագիր, Ա, Ո, Յ, Զ, ԱԾ»: Վերջին 5 ծաղկագիրներուն քով Մխիթար կը գրէ. «Պակաս երեւի մի Ք եւ մի Ա։ Քէն գտանեցաւ»։

[7]     Այդ ցանկը հետեւեալն է. «ա-2, բ-1, գ-1, դ-1, զ-1, ը-1, ի-2, խ-2, ծ-1, կ-1, հ-1, մ-1, յ-1, ն-1, n-1, պ-1, ս-1, ց-1, փ-1, ք-1, օ-2, ած-2, տր-2։ Ընդ սոցին գոն եւ երկու փոքր ձագագիր ծ, ց»:

[8]     Մխիթար Աբբահօր առձեռն փոքր հաշուի տետրակի մը մէջ նշանակուած է: «տրեցաւ վասն Հարց եւ մարց գրոց ըննից տեսակաց այբուբենից, որք եկին ի Մսրտամայ լիրէ 2295»: Յարութիւնի նամակին մէջ յիշուած էր թէ 520 կուլտի տուած է՝ գիրերը ստանալու համար, եւ մէկ կուլտին կ՚արժէ 4 լիրէ։ Համագումարը կ՚ընէ 2080 լիրէ, ուրեմն 215 լիրէ ալ ճանապարհի ծախս նշանակելու է, որոնց ընդհանուր գումարը կ՚ընէ 2295 լիրէ։

[9]     Մխիթար փոքրիկ տետրակի մը մէջ նշանակած է։ «Դարձեալ շուրջ զՆոյեմբերիւ (1729) ետու տպել զնոր մարս, որք հետեւին, ի յորս ձուլեաց ըզտառu…», «Շուրջ զԴեկտեմբերիւ (1729) եւ Յունուարիւ (1730) վերստին տպեաց մեզ զայսոսիկ տառս եւ ձուլեաց ի նոսին եւ առաքեաց…»։

[10]   Մխիթար իր հաշուի փոքր տետրակին մէջ այս ուղղութեամբ ունի. «Վասն տպելոյ եւ լինելոյ զերկրորդական մարս միջակ գրոյն, նօտր եւ բոլոր եւ տան գլուխ, որք թուով եղեն 250, տրեցաւ լիրէ 250»։

[11]   Սահակ Եպս. Սահաթճի, Հռոմէն, 20 Մայիս 1730ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։