Մխիթար Աբբահօր հրատարակչական առաքելութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԳ. ՇՐՋՈՒՆ ԳՐԱՎԱՃԱՌՆԵՐ

/305/ Երկար տարիներ Միաբանութեան բարեկամ՝ Պր։ Խաչիկ Յակոբեան, ծագումով Ջուղայեցի, վաճառական մարդ, իր գործերուն համար կը մտադիր է ուղեւորութիւն մը կատարել 1732ին, Մերձաւոր եւ ապա մինչեւ հեռաւոր Արեւելքի սահմանները։ Այս առիթով կը համաձայնի Մխիթարի հետ, ու հետը կ՚առնէ շուրջ 750 հատոր, որպէսզի իր ուղեւորութեան ընթացքին ծախէ։ Թուղթի մը վրայ նշանակուած է այդ գիրքերուն ցանկը, որ հետեւեալն է.

 

«Սոքա են որք տուան ընդ Պր. Խաչիկին Ճուղայեցոյն, զի ընդ իւր տարեալ՝ վաճառիցէ եւ զդրամն մեզ յղիցէ.

 

ի նախկին սնտուկն

ի յերկրորդն

բնաւն

Առաքինութեանց Մոլութեանց

30

20

50

Քերականութիւն

20

10

30

Ալպերտ

20

10

30

Կտակարան

33

17

50

Դրախտ հոգւոյ

35

31

66

Կրթութիւն աղօթից

-

49

49

Քրիստոնէական

28

18

46

Աղբիւր բարի

13

22

35

Բուրաստան

-

40

40

Պարտէզ հոգեւոր

8

54

62

Տաղարան

30

30

60

Սաղմոս

-

45

45

Դաշտիկ

15

15

30

Սաղմոս

-

45

45

Դաշտիկ

15

15

30

Հրաշից

22

11

33

Վարք Յոհաննու

-

30

30

/306/Ժամագիրք Աստուածածնայ

-

25

25

Յարացոյց ապաշխարութեան

30

-

30

Հանդերձեալ կենաց

30

26

56

գումարն` գիրք

 

 

767

 

զսոսին ի յերկու սնտուկս եդեալ յղեաց

յԻզմիր, զի երբ գնայցէ՝ առնուցու:

15 Ապրիլ 1732»։

 

1732ի Մայիս ամսուն՝ Խաչիկ կը գտնուի Լիվոռնոյ, ուսկից նամակով կ՚ապահովցնէ Մխիթարի՝ թէ գիրքերը, զետեղուած երկու սնտուկներու մէջ, «ողորկեցինք Իզմիր, ամենեւին անհոգս լինիս, բարեւ որ հասայ Իզմիր, ամենայն կողմանէ հոգսն իմն է, հետո կու տանեմ ուր եւ իցէ, կու ծախեմ, եւ Աստուած աջողէ, փոխարէնն այլ հետս կու բերեմ» [1] ։ Մխիթար գործնական ցուցմունքներ ալ կ՚ընէ Խաչիկին, յանձնարարելով Զմիւռնիա հասնելուն՝ բանալ գիրքերու սնտուկները, հանել գիրքերը, բաց տեղ դնել, որպէսզի խոնաւութենէն չփճանան, ու անոնցմէ աւելի «ըստ որում յանձնեալ եմ, լաւ հոգ տանիս, եւ իւրաքանչիւր քաղաք յորս հանդիպիս, որքան որ կարենաս՝ վաճառել» [2] ։

Երեք ամիս Զմիւռնիա մնալէ ետք (Սեպտ. –Նոյեմբ. ), Խաչիկ կ՚անցնի Փոքր Ասիոյ ներքին գաւառները, երկար կը մնայ Տիարպեքիր, ուր կը ստանայ թէ՛ նախապէս Տէր Մարգարի ձեռքով Մերտին ղրկուած գիրքերու գինը, եւ թէ՛ մանաւանդ կը ծախէ բազմաթիւ նոր գիրքեր։ Զմիւռնիայէն Տիարպեքիր ճամբուն վրայ ծախած գիրքերը հետեւեալներն են. 24 Քերականութիւն, 31 Առաքինութեանց, 29 Մոլութեանց, 19 Աղբիւր բարի, 23 Կտակարան, 34 Յարացոյց, 31 Հանդերձեալ, 18 Դաշտիկ, 22 Դրախտ հոգւոյ, 19 Հրաշից, 28 Փոքր աշխարհաբար քրիստոնէական, 9 Քրիստոնէական, 33 Պարտէզ, 22 Բուրաստան, 13 Կրթութիւն աղօթից, 22 Ժամագիրք, 10 Սաղմոս, 11 Վարք Յովհաննու, եւ այս ամէնուն համար կը գանձէ 699 ղռուշ:

1734 տարուան սկիզբը՝ Խաչիկ Պասրա է, եւ կը շարունակէ թէ՛ ծախել տեղւոյն վրայ, եւ թէ՛ ցրուել զանազան քաղաքներ։

/307/ Երկար լռութենէ ետք, դարձեալ Պասրայէն, 24 Յունիս 1737ին, Խաչիկ լսելի կ՚ընէ իր ձայնը նամակով, իմացնելով թէ երկու տարի մնացած է Բաբելոն, «սակս վաճառելոյ զինչս ղօնսուլոյ ինկլիզաց». իսկ նկատմամբ գիրքերուն՝ կու տայ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ. «Զկնի բազում աշխատանաց յայտ լինիցի որպիսութեանցն գրեանց հետս եղելոց, կայ մնացեալ 60 հատ մանր գրեանց, թէ ոչ բովանդակն աստ (Պասրա) Սուրաթ, Մադրաս, Բանկալայ, Ճուղայ առաքելով վաճառեցաք, եւ դրամն ընդ դրամոց իմոց, աստ եւ անդ առաքելով յուսամ շահեցուցանել»։ Այս լուրէն անտարակոյս ուրախացած պիտի ըլլայ Մխիթար, որու միակ նպատակն էր հասնիլ օգնութեան իր հեռաւոր եւ սիրելի ազգակիցներուն։ Խաչիկի ձեռքով՝ քանի մը տարուան ընթացքին կը ծաւալին 750 հատորներ, որոնք անշուշտ նիւթական շատ մըն ալ կը բերէին թէ՛ տիրոջ եւ թէ՛ վաճառողին։ Ասոր գիտակից է նաեւ Մխիթար, եւ որպէսզի իր մտերիմ աջակիցը՝ Խաչիկ չտարուի դրամի սէրէն, այլ միայն Աստուծոյ փառքէն, իր 1 Դեկտ. 1732 թուակիր նամակով, չի վարանիր տալ Խաչիկի հոգեւոր առաջնորդութիւն ալ. թոյլ տրուի մեզի զմայլանքով մէջբերել հատուած մը, մօտէն ճանչնալու Մխիթարի զգացումները. «զդրամն զոր շահեալ ես եւ կամ ատելոց ես, մի՛ սիրեր, այլ զբաժին սիրոյ դրամոյն հանեալ ի նմանէ՝ դիր ի վերայ բաժնի սիրոյն Աստուծոյ. եւ այսպէս յամենայնէ սրտէ սիրեա՛ զԱստուած. եւ մինչ դրամն ըստ ամենայնի զուրկ մնայ ի սիրոյ սրտիդ, աշխատանքն քո ոչ լինի վասն դրամոյ, այլ՝ վասն Աստուծոյ։ Եւ թէպէտ ի ծառոյ այդպիսի աշխատանացդ ծաղկին եւ դրամք, սակայն ի սիրոյ սրտի քո, պարտին թօթափիլ, որպէս թօթափին ծաղիկքն ի ծառոց, եւ այսու պտուղն՝ որ է փառքն Աստուծոյ՝ մնայ ի վերայ ծառոյ աշխատանացդ։ Եւ որպէս տէր ծառոյն մինչ տեսանէ զծառն ծաղկեալ, ոչ խնդայ ի վերայ ծաղկանց, այլ ի վերայ պտղոյն՝ որ հասունացեալ լինի թօթափմամբ ծաղկանց, այսպէս եւ ի յաճախման բողբոջի պտղոց՝ բարի վաճառականն որ աշխատի ի յառ եւ տուր, մինչ տեսանէ զաշխատանաց ծառն իւր ծաղկեցեալ չափեցմամբ բազմաց դրամոց, զսէրն նոցին որպէս զծաղիկ ծառոց պարտի ի բաց թօթափել ի սրտէ իւրմէ, որով պտուղն ճշմարտի սիրոյն Աստուծոյ հասունասցի ի հոգւոջ նորին։ Զդրամն՝ որ հետեւի եւ կամ չաճեցեալ լինի, իբրեւ զդիրտ եւ կամ զկաւ համարեալ, այնպէս բաշխեցէք ի պէտս ընտանեաց ձերոց եւ աղքատաց, առանց ջա/308/նից աճեցուցման թուոց նոցին, որք որքան աճին՝ այնքան առաւել գերեն զանձն աճեցուցանողին, անողորմ՝ դահիճ լինելով նմա։

Խաչիկի ուղեւորութիւնը կը տեւէ լուրջ ութը տարի (1732–1740). Վենետիկ դառնալով՝ գումարը մաս առ մաս կը փոխանցել Մխիթարի. եօթը տարի կը տեւէ փոխանցումը, ու վերջաւորութեան՝ Մխիթար Աբբահօրմէ՝ կը ստանայ հետեւեալ ստացագիրը։

«Յամի Տեառն 1746, Սեպտեմբեր 10

Ես ստորագրեցեալս համահաստատեմ զի յամի Տեառն 1732, մինչ ճուղայեցի Պարոն Խաչիկն գնաց ի Վենետկոյ դէպ ի Պասրա, ետու ընդ նմա զերկու սնտուկ գիրք, զի տարեալ ընդ իւր վաճառեսցէ եւ զգինն հասուսցէ մեզ։ Նաեւ ետու զգիր մի, զի բուսուսցէ զառնելիսն մեր, որ էր ի վերայ Մէրտինցի Տէր Մարգարին. եւ նա գնացեալ անդ վաճառեաց զգրեանսն եւ բուսոյց զառնելիսն մեր ի Տէր Մարգարէն: Եւ յորժամ դարձաւ աստէն ի Վենետիկ, վճարեաց մեզ 1031 Կօրէնթ տօգաթ, որոյ 250 տօգաթն էր առեալ ի Տէր Մարգարէն, եւ 35 տօգաթն առեալ էր ի Հալէպ ի Թէրզի Պօղոսէն, որ ունէր մեզ պարտս վասն գրեանց։ Իսկ 746 տօգաթ էր գին իւր հետն տարեալ երկու սնտուկ գրեանցն։ Արդ առ ի հաւատարմացուցանել զվերոգրեալս համահաստատեմ իմով ձեռագրովս ի ստորեւ» [3] ։

Այսպէս ահա Մխիթարի գիրքերը կը հասնին Զմիւռնիա, Տիարպեքիր, Պասրա, Սուրաթ, Մատրաս ու Պենկալա։ Յատկապէս, Հնդկաստան գտնուող Միաբանութեանս բարերար Պր. Մէլիքի [4] համար Մխիթար կը յանձնարարէ Խաչիկի՝ հետը ունեցած գիրքերէն մէկական օրինակ ընծայել իրեն [5], ինչպէս նաեւ կը նուիրէ «10 նորատիպ Տաղարան, առ ի տանել ի Հնդստան» [6] ։

Շրջուն գրավաճառ մը եղած է նաեւ Գալուստ անունով մէկը, որ 1721-1722 տարիներուն՝ Վենետիկէն ճամբայ ելած է բազմաթիւ /309/ գիրքերով, եւ ուղղուելով Արեւելք՝ ծախած է զանոնք։ Չունինք մանրամասնութիւններ այս ուղղութեամբ՝ միայն այսքան գիտենք՝ որ ճամբորդութիւնը պատահած ըլլալով 1720–1725 տարիներուն միջեւ, գիրքերու շահն ու կորուստը պիտի բաժնուէր Մխիթարի եւ Սարգիսի միջեւ [7], կնքուած դաշնագիրին համաձայն։

Գալուստ երբ Վենետիկ կը վերադառնայ՝ կը պատրաստուի հաշուետուութեան ցանկը, ուր նշանակուած է հետը տարած գիրքերուն անունները, թէ ո՛ւր ծախած է զանոնք, եւ թէ ո՛րքան դրամ պարտական կ՚ըլլայ դիրքերու սեփականատէրերուն.

 

 

ղռշ։փարայ

57 Մոլութեանց

զ25 հատն աստ եւ. անդ մէկ մէկ ծախելով

զ14 հատն յԱրզրում յղելով ծախեալ

զ10 հատն փաթրիկին վաճառեալ

6 հատն եւս այլում վաճառեալ

 

98 : 18

47

34

19

25 Առաքինութեանց։ զսոսին վաճառեալ

108

50 Ալպերտ: q35 հատն աստ եւ անդ ծախեալ

եւ 15 հատն մնացեալ ի Թօխաթ

70: 10

59 Կտակարան: զբնաւն վաճառեալ աստ եւ անդ

120։20

55 Աւետարան։ զբնաւն վաճառեալ աստ եւ անդ

61։20

50 Կրթութիւն աղօթից։ 30 ծախեր է

իսկ մնացեալն սորա ի Թօխաթ է։

15։29

67 Բուրաստան : 65 հատն ծախեր է

39։2

45 Պարտէզ փոքր։ 25 հատ ծախիր է

ի սմանէ 5 ի Թօխաթ: եւ 15 պակաս է։

8։8

24 Պարտէզ մեծ, զբնաւն ծախեր է

13։9

51 Խոկումն։ 24 հատն ծախեր է

27 հատն է ի Թօխաթ։

3։35

20 Մտածական։ 8 հատն ծախեր է եւ

11 հատ ի Թօխաթ է։

4։8

14 Ժամագիրք Աստուածածնայ: զբնաւն ծախեր է

10։10

36 Թօմա Գեմբացի։ 10 հատ ծախեր է

իսկ 15 հատն ի Թօխաթ է, եւ այլն պակասէ։

9։32

20 Մեկնիչ։ 8 հատ ծախեր է

9 հատն ի Թօխաթեւ այլն պակասէ։

8։30

2 Բարոյական . եւ զսոսա ծախեր է

6

Գումար բնաւից

677։31

 

/310/ Գալուստի վերադառնալուն, լուծուած էր Մխիթարի եւ Սարգիսի դաշնագրութիւնը, եւ այնպէս համաձայնած էին՝ որ Գալուստի դարձին, վաճառուած գիրքերէն գոյացած ամբողջ գումարը այլեւս պիտի անցնէր Մխիթարի։ Եւ այնպէս ալ կը կատարուի, դրամ ի փոխարէն՝ սակայն՝ առնելով այլ հարկաւոր ապրանքներ։



[1]     Խաչիկ Յակոբեան՝ Լիվոռնոյէն, 23 Մայիս 1732ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[2]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, Մայիս 1732ին, առ Խաչիկ Յակոբեան, Լիվոռնոյ։

[3]     Այս ստացագիրին միայն սեւագիր օրինակը պահուած ըլլալով, վրան չկայ Մխիթարի ստորագրութիւնը։ Խաչիկի վճարումը պետք է վերջացած ըլլայ 1746ի Սեպտեմբեր ամսուն, որովհետեւ նոյն թուականին՝ Հաշուեգիրքին մէջ իբր ստացուած գումար նշանակուած է հետեւեալը. «Պարոն Խաչիկին վերջին վճարէն, վասն իւր հետ տարած գրեանցն՝ 1364 լիրէ. եւ նախ քան զայս վճարեալ էր ի միջոց 5 ամաց՝ 811 կորէնթ տօգաթ»։

[4]     1719ին՝ յիշեալ Մէլիքի ծախսերով տպագրուած էր Կրթութիւն աղօթից գիրքը:

[5]     «Յորմէ հետէ չուեցեր աստի՝ բազում՝ գրեանք տպեցան մինչեւ ցայս վայր. բայց սակս պակասութեան միջոցաց՝ ոչ կարացաք հասուցանել սիրելւոյդ մերում ի յիւրաքանչիւր տեսակաց գրեանցն. վասն որոյ այժմ Պարոն Խաչիկն գալոց եղեւ այդր, ահա ընդ նմին առաքեմք յիւրաքանչիւրոց տեսակացն ընծայ առ սիրելիդ մեր, իբր նշան մեծագունի սիրոյ մերոյ առ ազնուութիւնդ»։ (Մխիթար, 1732ին, առ աղա Մէլիք, Հնդկաստան)։

[6]     Տոմսակ գրեանց, 17 Յուլիս 1732։

[7]     Գրավաճառ Սարգիսի գործունէութեան մասին՝ տե՛ս մեր Ե. գլուխը։