Մխիթար Աբբահօր հրատարակչական առաքելութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ի. ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀՕՐ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՏՊԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

/252/ Մխիթար թէեւ միշտ զբաղած տպագրական եւ կազմակերպչական գործերով, միաժամանակ այլեւայլ գիրքեր տպագրելու բազմաթիւ խնդրանքներ ընդունած է զանազան ազգայիններէ, որոնք խոստացած են Մխիթարի՝ նիւթական նպաստներ ալ։ Մխիթար ստիպողաբար մերժած է բոլորն ալ, ազնուօրէն, որովհետեւ հազիւ երբեք ժամանակ կը գտնէր հրատարակելու իր պատրաստած հատորները. գիտէր նաեւ թէ հրատարակել ուրիշի գործը՝ կը նշանակէր գիրքը գրեթէ կրկին շարադրել, բազմատեսակ սրբագրութիւններով եւ ուղղումներով։

Հոս կու տանք կարգով իրեն ուղղուած առաջարկները։ Դժբախտաբար, չունինք Մխիթարի մերժողական բոլոր նամակներուն պատճէնները, անոնք եւս հրատարակելու համար։

1

Գերապատուեցելոյ Տեառն Տեառն Հայր Աբբայ Մխիթար, Աստուածաբանութեան Վարդապետի։

Մեծաւ խոնարհութեամբ զսուրբ աջ ձեր համբուրելով՝ ողջոյն մատուցանեմ վերոգրեցելոյ՝ Տեառնդ իմոյ։ Յայտ լիցի Գերարգութեան ձեր(ոյ), ընկալա(յ) Մարտի 19ին գրեալ օրհնութեան գիրն ձեր, յոյժ ուրախութիւն եղեւ ամենայն կողմանէ, թէ ի առողջութենէ ձերում եւ թէ փոքր ինչ իր առաքելս եւ հասանելն առ ձեզ ամբողջ։ Վասն որոյ զայս գրեմ ձեզ, ոմանց պատճառաց հրամանաւ գնացի Ալիկօռնայ, եւ անդ յա/253/մեցայ փոքր ինչ ժամանակ, եւ անդ տեսի երիս գիրք շարադրեացեալ ումեմնէ վաճառականէ, որ կոչի Ստեփաննոս Դաշտեցի, որդի՝ Բարսեղ քահանայի, որ է ծնեալ եւ զարգացեալ Նոր Ջուղացւոց Դաշտեցոյց թաղն, (կարծեմ թէ գերարգութիւն ձեր զնա տեսեալ է)։ Զայս գրգերս ոմն վաճառական Մարտիրոս Թիֆլիզեցի, ի յերկիրն Հնդկաց խնդրեալ Պարոն Ստեփանէն՝ զի օրինակեսցէ վասն ինքեան։ Եւ այս Պարոն Մարտիրոսս յոյժ բարեկամութիւն արար ընդ իս Ալիկօռնայ, ետ ինձ գրգերն, զի փոքր ինչ ընթեռնուցում։ Եւ ես ըստ իմում տկար մտացս յոյժ հաւանեցա(յ), որ էր լի գիտութեամբ եւ իմաստութեամբ։ Վասն որոյ խնդրեցի զի տացէ ինձ փոքր ինչ ժամանակ վասն օգտելոյ. եւ այժմ գոն առ իս։

Մինն (է) պատասխանատուութիւնք ընդդէմ Ջուղայեցի Մրքուզ Յովհաննէս Վարդապետին առարկութեանց գրքին, եւ միւսն՝ Աղեքսանդր Վարդապետին, որ եղեւ Կաթողիկոս, եւ երրորդն՝ վասն Հաւատոյ եւ խորհրդոց վերախօսի։ Առաջինն կոչի կոչնակ ճշմարտութեան, երկրորդն՝ Խնդիր ուղղութեան, եւ երրորդն՝ Մախաղ փշրանաց:

Յարեան առ իս բազում խորհուրդք ի վերայ զայս գրեանցս, եւ ոչ տան ինձ հանդարտութիւն։ Ուստի հարկ եղեւ զի յայտնեցից դիտաւորութիւն իմ գերարգութեան ձերում, խնդրելով դեղ բժշկութեան խորհրդոցս. եթէ հնար ինչ է, զայս երեք գիրքս ի լոյս ածիցի ձեռամբ ձեր, ի տպարանի այդմ քաղաքի։ Կարծեմ մեծութիւն սոցա ի միասին լիցի մեծ փոքր ինչ քան զԱլպերտն։ Գիտեմ զիրաւունս բազումս գոն աշխատանաց եւ զբաղանաց վասն կառավարութեան եւ շինութեան, բայց սէր հայրական գթութեան ձեր(ոյ) ետ ինձ համարձակութիւն գրելւոյ։ Վասն որոյ խնդրեմ՝ զի տեղեկացեալ ծանուցանիցես ինձ՝ թէ կամիցիս (յ)անձն առնուլ հոգաբարձութեամբ եւ սրբագրութեամբ առաջ տանիլ գործս։ Ուստի եթէ հաճիցիս, կամ իմ հինգ հարիւր հատ տպելոյ որքան փող գնալոց է՝ իմանամ. թէ գոյ ինձ կարողութիւն՝ ընթանամ առաջել, եւ թէ ոչ՝ լուռ մնամ։ Դիտաւորութիւնս այս է, նախ՝ փառացն Աստուծոյ եւ ի օգուտ ազգիս մերոյ՝ երկրորդ՝ շարագրողին աշխատանքն զի մի՛ կորչիցի, երրորդ՝ օգնութիւն մենարանի ձերում լիցի. փողին գլուխն որքանութեամբ առ իս հասցէ, եւ պտուղն առ ձեզ մնասցէ։

Եւ յորժամ ծանուցանիցես ինձ մին մատ գրովդ զամենայն պարագայիւքն, եւ ես մտածելով կարողութիւնս վասն փողին թէ կարեմ ձեռնամուխ լինիլ, յայնժամ գրգերն եւ փողն հասուցանիցեմ ձերին գերարգութեանն, զի շուտով սկսանիլ աւարտ հանելոյ։ Ինձ թուի թէ զայս գրգերս շատ հոգեւոր օգուտ լինելոց է, եւս առաւել չարափառաց տեսանելով խելաքարեալ /254/ խօսակցութիւն վարդապետացն իւրեանց, եւ քաղցրախօսութիւն խոնարհաբար միոյ աշխարհականի. եւս ըստ իմ ու տկար մտաց՝ առաւել համարիմ զայս գրքերս քան զԿղեմէսի հատորքն։ Մնասցէ ի միջի ձերում, ոչ ոք իմասցի, եթէ Տէր աջողեսցէ փառաց իւրոց, մինչեւ ի լոյս ածցի։ Բաւ է։

Անձնելով ըստ մեծի խոհեմութեան ձերում գերարգութեան, համենայնի, միաբան եղբարց ողջոյն սիրոյ տամ, անձնելով ի սուրբ աղօթս ձեր։ Գերապայծառ Վրդանէս Վարդապետն յոյժ սիրով ողջոյն տայ գերարգութեանդ,

Յամի Տեառն 1724 Ապրիլի 2

ի մեծն Հռօմ

խոնարհագոյն ծառայ

Ստեփաննոս Աբեղայ

 

Նամակագիրը՝ Մխիթարեան վարդապետ Հ. Մատթէոս Եւդոկիացիի եղբայրն է։ Մխիթար չէր կրնար ընդառաջ երթալ Ստեփանոս Աբեղայի առաջարկին, ոչ միայն որովհետեւ ծանրաբեռնուած էր գործերով, այլ նաեւ եղած առաջարկը չէր կրնար վաւերացնել՝ հրատարակելով այնպիսի գիրքեր, որոնք ժողովուրդին մէջ սէր ու խաղաղութիւն սերմանելու տեղ՝ կրնային վրդովել սրտերը։ Մխիթարի կատարած բոլոր հրատարակութիւնները շինարար նպատակ ունին, անկարելի էր իրեն համար ձեռք զարնել հակաճառական բնոյթ ունեցող գիրքերու հրատարակութեան։

2

Աստուածաշունչի տպագրութեան ընթացքին, Մխիթար կընդունի նոր առաջարկ մը. «Յամասիացի Տէր Յակոբն այժմ ի Լեհ գնացեալ է, յղեալ է զգիրք մի յինքենէ շարադրեցեալ, Մինաս Վարդապետին, որ նա առ ձեզ յղիցէ, զի տպել տայցէ քորոյ վասն թախանձէ զիս նոյն վարդապետն (Մինաս), զի գրիցեմ առ ձեզ թէ պատասխանիս տայցէք. յղիցե՞մք՝ թէ ոչ»։

Պոլիսէն այս տողերը գրողը, Մխիթար աշակերտներէն Հ. Թոմաս Վրդն. է, 1733 Հոկտեմբեր 23ին։

Մխիթար ժխտական կը պատասխանէ . «քանզի ես վասն իմ ոց գրեանց ոչ ունիմ զժամանակ եւ զկարողութիւն տպել տալոյ, եւ զիա՞րդ զայլոցն» [1] ։

3

/255/ Մերտին քաղաքէն ունինք գրուած երկու նամակ, որոնց մէջ կ՚առաջարկուի Մխիթարի՝ շարադրել գիրք մը Ս. Աստուածածնի մասին։ Առաջին նամակը գրուած է 20 Մայիս 1736ին, «Նուաստ Մարտիրոս Բանասիր» ստորագրութեամբ, եւ կ՚ըսէ.

«… թէպէտ ամենայն գրեանք ի քէն արտադրեցեալ եւ ի լոյս ածեցեալք բարւոք են, շահաւէտք եւ օգտակարք, սակայն ես նուաստ Մարտիրոս, յետնեալս ի բանասիրաց, աղաչանօք խնդրեմք ի քէն, զի ժողովեսցես ի մի տուփ եւ արտադրիցես տպագրութեամբ, զբոլոր պատմութիւնս Տիրամօր Կուսին Մարիամու Սրբուհւոյ Աստուածածնին՝ ի հարց եւ ի հաւուց անտի, զուստին՝ մինչ Տէր մեր յաշխարին շրջագայէր, եւ յետ համբառնալոյն յերկինս, մինչեւ ի վերափոխման իւրոյ: Հանդերձ գլխօք եւ գլխագրօք տպագրիցես։ Իսկ յետ մատութեանն զսքանչելիս նոյնոյ Կուսին՝ զեղեալս ի նոյնոյ Կուսէն, յետ վերափոխմանն մինչեւ զայսր, որ ի մէջ հաւատացելոց, եւ եւս սրբոյ տանն։ Հանդերձ թուականօք Տեառն, տեղօքն եւ անձանց՝ յորոց վերայ եղեալ է, որով ընթերցօղք եւ լսօղք կարասցեն առնուլ զհամս։ Նաեւ զպատմութիւն Վարդարանին եւ Ըսգաբուլարին առանձին առանձին, համառօտ շարադրութեամբ, եւ ոչ ըստ շարադրութեան Դաշտիկ Ծաղկալւոյն կամ Քաւարանի գրեանցն, որք թէպէտ բարւոք են, սակայն յոյժ երկարք, ոյք կորուսանեն զիմացուածսն։ Քանզի բազում պատմութիւնք Աստուածածնայ գրեցեալք եւ տպագրեցեալք գոն ի մէջ մեր, որպէս եւ գիտակ իսկ ես, որք ունին զթվականս, եւ ծանուցանեն զուրն եւ զանձն՝ յորոց վերայ եղեալք են, առաւել հաստատագոյնք են. իսկ որք ոչ ունին զայնպիսի նշանակութիւնս, գրեթէ իրրեւ զանհաստատս են։ Եւ արդ կրկին աղաչեմք, զի զաշխատանս զայս յանձն առնիցես ի փառս Սրբուհւոյ Աստուածածնին. քանզի այսու երեք գիր եղեւ, զոր առ Հայրութիւնդ գրեալ եմ՝ վասն այսր նիւթոյս»։

Երկրորդ նամակը անթուական է, հաւանաբար նախորդ նամակէն առաջ գրուած ըլլայ, Մերտինի առաջնորդ՝ Մարտիրոս Արքեպս. Թուխմանեանէ, որ գրեթէ նոյն բառերով կ՚ընէ նոյն առաջարկը։ Անկարելի չէ որ երկու նամակները գրողը ըլլայ նոյն անձը, երկու տարբեր ստորագրութիւններով, հակառակ որ իր բոլոր նամակներուն կը ստորագրէ միշտ իբր Արքեպիսկոպոս, եւ բնաւ երբեք իբր «Բանասէր»։ Երկրորդ նամակին մէջ կ՚ըսէ.

/256/ «… վասն որոյ կամ իմ զի բարւոք ոճիւ եւ շարադրութեամբ (լիցի), թէ եւ հրամանքդ զգործս հարկաւորս ունիցի, եւ ոչ կարասցես կատարել. խնդրեմ զի աւանդեսցես հրամանաւ միում յեղբարց իմոց աշակերտաց քոց, զի կատարեսցեն զայն. գոնէ օրինակեալ ընդ հաւատարմ ի առաքեսցես ինձ, եթէ ոչ կամիցիս ստամբայ առնել»։

Չենք գիտեր թէ ի՛նչ եղած է Մխիթարի պատասխանը, որովհետեւ չեն պահուած Մարտիրոս Արքեպս. ին ուղղուած նամակներուն պատճէնները։ Հաւանօրէն՝ ժխտական պատասխանած է։

4

1743 Մարտ 12 թուականով՝ Պր. Յովհաննէս Պաղտասարեան նամակ մը գրած է Մխիթարի, կատարելով Հայերէնէ-լատիներէն բառարանի առաջարկ մը։ Այս նամակը կորսուած է, ունինք, սակայն, Մխիթարի պատասխանը, որու ակնարկներէն կարելի է գուշակել Պաղտասարեանի առաջարկը։ Ահա՛ Մխիթարի 12 Ապրիլ 1743 թուակիր նամակին պատճէնը:

 

Ազնուամեծարի սիրելւոյ մերոյ ի Տէր Պարոն Յօհաննիսի Պաղտասարեան

Յիսուսաւանդ ողջունիւ եւ բազմաւ սիրով յայտ լիցի եղբայրութեան քում՝ զի զքարտէզն զոր գրեալ է իր առ մեզ ի Մարտի երկոտասան, ընկալաք ձեռամբ ուրումն Ֆրանցէզի, ի տասն Ապրիլի, եւ ընթերցեալ ծանեաք զայն ամենայն զոր ինչ գրեալ է իր ի նմին։ Արդ խնդիրն զոր արարեալ է իր վասն բառգրքին, մանաւանդ այսու՝ զի գերազանցագունեղ Մուսի Տուք Տ՚Օրլիյանին պիտոյ է՝ ասացեալ ես, յամենայն սրտէ պատրաստ էի ծառայել, եւ իսկոյն այժմ առաքել այդր, եթէ իցէր։ Բայց յոյժ ցաւիմ, զի այնպիսի բառգիրք, որոյ սկիզբն հայերէն իցէ եւ յետոյ լաթիներէն մեկնեցի, ամենեւիմբ ոչ գոյ, ո՛չ տպագրեցեալ եւ ո՛չ գոնեա ձեռագիր։ Քանզի յազգի մերում, ըստ որում ես ճանաչեմ, մինչեւ ցարդ ոչ ումեք եղեւ փոյթ զայսմանէ, որպէսզի գրիցէր զայսպիսի բառգիրք, որ թէ եւ տպագրեցեալ ոչ իցէր, գոնեա գրչագիր գտանիցիւր, եւ մեք օրինակեալ զայն՝ յղէաք։ Վասն որոյ կարի ցաւիմ ի վերայ այսորիկ, զի ոչ կարացի իսկոյն ծառայել այդպիսոյ մեծայարգոյի իշխանի։ Բայց եթէ հրամայիցէ մեծայարգոյ իշխանդ այդ, զի ի մէնջ շարադրեսցի այնպիսի բառգիրք, որոյ սկիզբն հայերէն իցէ եւ հետեւեալն լաթիներէն, թէպէտ ծանրագոյն բեռն ինչ է մեզ այս, սակայն կամքն իւր եւ հրամանն զամենայն ծանրութիւն գործոյս այսորիկ թեթեւացուցանէ։ Ուստի եթէ կա/257/մեսցի, յուսամք թէ կարեմք առնել զայս ի միջոցի միոյ տարւոյ, եւ զմի օրինակ գրել եւ առաքել ինքեան. մինչ ոչ ունիմ զբաւականութիւն տպել տալոյ, որովհետեւ յազգի մերում սակաւ վաճառի այսպիսի գիրքն, որպէս եւ յայտ իսկ է քո հրամանուցն։ Վասն որոյ զոր գրեցի ծանո՛ իշխանին, եւ զոր ինչ հրամայեսցէ՝ պատրաստ եմք ծառայել ի յայնս զորս կապրեմք…» [2] ։

Ոչ մէկ տեղեկութիւն ունինք՝ թէ ինչպէս փակուած է այս Հայ–Լատին բառարանի հարցը, որովհետեւ բացի Մխիթարի այս նամակէն, ուրիշ ոչ մէկ դիւանական ծանօթութիւն ունինք անոր մասին։

5

1731 Հոկտ. 3 թուակիր, Պոլիսէն գրուած, «յետնեալ Մաղաքիա, վերջին բնակիչ Կոստանդնուպօլսոյ» (Ճէվահիրճեան) ստորագրութեամբ նամակ մը կը պահուի Ս. Ղազարու դիւանը, ուղղուած Մխիթարի, ուր զանազան գիտական հարցումներու շարքին՝ կ՚ընէ հետեւեալ առաջարկներն ալ:

«Ամենապատուելի Վեհն Պօլսոյ (այն է՝ Կոլոտ Պատրիարք) զգրեանս յոմանս յաւել եւս եւ թարգմանեցոյց զUգօթն, եւ զգիրքն զայն որ կոչի Սիլվա Ալէկօրիարումն, այսինքն՝ Անտառ Այլաբանութեան, մեծագոյն գործ եւ յաճախ, որ է երկու փերթ մեծ գիրք։ Առաջին հատորն վճարեցաւ, մնաց երկրորդն, լատինականն ոչ գտանելով աստ. եւ թէ միւս եւս հատորն եթէ վճարիցի, իրաւի մեծ իմն օգուտ լինելոց է մերայնոյ ազգիս ուսումնասիրաց։ Բաւականասցի առ այս այս քան։ (…) Իլլէ լինիւր թէ ամենապատուելի Պետրոս Վրդ. ն, կամ այլ ոք թարգման ձեռն տայր թարգմանել զայս երկրորդ հատորն. յօժարէի հոգւով չափ հատուցանել զծախն լիագոյն եւ առատագոյն չափով։ Լինէր նուաստութեանս մեծ իմն շնորհ, յորոյ յոյժ փափաքեալ կամ եւ մնամս։

Բառարան մի ի տրուպէս հաւաքեցեալ, իբր թէ չքնաղ իմն, ի թախանձանաց բազմաց, կամ իմ տպեցուցանել մանաւանդ թէ կամէի յղել առ տէրութիւնդ՝ հանդերձ ծախիւքն՝ առ ի լոյս ածել, վասն ազգի մերում վերծանողաց օգուտ. բայց երկեայ՝ զի մի՛ եպերիցիմս, իբր թէ ասիցի միթէ պաշտօնեա՞յ իցեմ միոյ անձին ստրկի եւ ռամիկ աշխարհականի։ Վասն որոյ զանց առնելով յայժմոյս մնամ սպասօղ դիպօղ ժամու, եթէ Տէր կամիցի»։

/258/ Եղած առաջարկները բաւական ծանր էին, եւ ճիշտ այն ժամանակ՚ երբ Մխիթար կը պատրաստուէր հրատարակելու Աստուածաշունչը, անշուշտ չէր կրնար յանձնառու ըլլալ նման առաջարկի մը, թողունք որ Մխիթար իր մտքին մէջ ունէր հրատարակելիք գործերու շարք մը, ուստի՝ նաեւ յաջորդաբար ալ անկարող պիտի ըլլար կատարել Մաղաքիայի փափաքը։ Այս բոլորը կը ներկայացնէ Մխիթար իր 28 Յուլիս 1732 թուակիր նամակով, ուղղուած նոյն ինքն Մաղաքիայի

«Եւ այժմ ի ներկայիս գտանեցեալքն ի մեզ, զոր մեծաւ ճգամբ թարգմանեցեալք ունիմք՝ են սոքին. Գիրք ինչ վիճաբանականի Աստուածաբանութեան, երկու հատոր, որոց մինն է տեսական եւ միւսն բարոյական։ Բոլոր ընթացքն փիլիսոփայութեան, որ է չորս հատոր, եւ բոլորն է ըստ չափու միոյ Աստուածաշունչի։ Եւ դասն փիլիսոփայութեան մերայնոց ի վերայ սորին լինի` կրկին լեզուաւ: Եւ անուն հեղինակին է Կովտին։ Բոլոր Բովանդակութիւն Աստուածաբանութեան սրբոյ Թօմայի Աքուինացւոյն, որ է երեք մասն, եւ ի մետասան հատորս անջատեցեալ, եւ այս է ըստ մեծութեան երկու Աստուածաշնչի։ Սոքին են գիրք ուսման մերոյս դասատան։ Եւ բաց ի սոցանէ գոն գիրք հոգեւորական խրատուց, որոց մինն է Ռօտրիկուեցն, որ է երեք մեծ հատոր։ Գոն նաեւ երեք այլ գիրք, նմանք սմին, ճառօղք զիրաց հոգեւորաց, նաեւ ոմանք քարոզգիրք, եւս գիրքն Սենճիմինեան՝ կոչեցեալ, որ ընձեռէ զիրաց հոգեւորաց ի ձեռն նմանութեանց։ Նաեւ գոն գիրք փիլիսոփայութեան եւ Աստուածաբանութեան Կղեմէսի, զորս ոչ կարաց տպել, եւս Գարեգիզմօն Վարդանայ Վարդապետի, եւ այլք ոմանք նմանք, զորոց երկար լինի գրելն մի ըստ միոջէ։ Եւ ի գրոցս յայսցանէ վասն ներկայիս ոչ գոյ միջոց զի տպագրիչի, եւ այս ոչ է պակասութենէ ըղձին մերոյ, այլ ի պակասութենէ միջոցին որով իղձն հասանի վախճանի։ Եւ ձեռագրով տարածելն առ այլս է դժուարին, վասն այսորիկ զի ի գրչաց ապականին, ուստի յայնժամ միայն արտաքս առաքին՝ մինչ տպագրութեամբ ի լոյս ածեցեալ լինին» [3] ։

Մխիթարի տուած պատասխանը շատ ազնիւ է։ փոխանակ ուղղակի մերժելու, կը ներկայացնէ իր ծրագիրները, թէ կ՚ուզէ տպագրել շատ մը գիրքեր, եւ թէ անոնք կը սպասեն կարգի։ Եւ իրապէս, Աստուածաշունչի տպագրութենէն ետք՝ իրարու ետեւէ լոյս կը տեսնեն մեծկակ հատորներ, որոնք գործնականօրէն կ՚արդարացնեն զին/259/քը՝ մերժելու վերոյիշեալ առաջարկները։ Մխիթարի յիշած թարգմանութիւններէն մաս մը ցարդ մնացած են անտիպ, ինչպէս՝ Ս. Թոմաս Ագուինացիի աստուածաբանութեան 11 հատորները, եւն…։

6

Առաջարկներու կարգին՝ անցողակի կերպով յիշենք նաեւ Սահակ Եպս. Ահագինի դիմումը, որու մասին առանձին գլուխով անդրադարձանք։

Նոյնպէս Լեհահայոց ծիսական գիրքերուն մասին անդրադարձած ատեն՝ տեսանք թէ ի՛նչպէս Մխիթար ցոյց կու տայ պատրաստակամութիւն, տպելու անոնց Մաշտոցն ու Տօնացոյցը, սակայն գործնական արգելքներ կը խափանեն ծրագիրը։



[1]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 10 Փետրուար 1734ին, առ Հ. Թոմաս Վրդպտ. Պոլիս։

[2]     Նամականի Մխիթարայ Աբբայի, թիւ 724։

[3]     Անդ, թիւ 430։