Մխիթար Աբբահօր հրատարակչական առաքելութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԵ. ԿԱԶՄԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

/319/ Համառօտ Ժամանակագրութեան մէջ (էջ 3), 1701 տարւոյն դէպքերու նկարագրութեան ընթացքին՝ կը պատմուի թէ ինչպէս Մխիթար դեռ չէր յայտնած հրապարակաւ Միաբանութիւն հիմնելու իր ծրագիրը, պարզապէս որպէսզի չբախի նորանոր դժուարութիւններու, եւ որով «խորհուրդ ի մէջ էառ զի ի Պէկօղին վարձեսցէ զտուն մի պատկանաւոր, եւ հաւաքեսցէ անդ զտպագրեալս գրեանսն, եւ հետեւաբար զմանկահասակ աշակերտեալսն գումարեսցէ անդ, եւ տայցէ զսկիզբն ուսման, դնելով առաջի ամենից առ երես եւ կեղծմամբ զմամուլ եւ զայլս գործիս կազմարարության գրեանց եւ զկազմելի գրեանս, որպէս զի իւրաքանչիւրքն իցեն ընդ ուսման իւրեանց՝ մինչ ոչ գոյ անդ օտար ոք, եւ յորժամ գայցէ օտար ոք՝ իսկոյն առնուլ իւրաքանչիւրն զգործի ինչ ի ձեռն, եւ ցուցանել արտաքուստ թէ կազմէ զգրեանս։ Եւ Հայր Մանուէլն իրաւի գիտէր եւ զարհեստն, եւ այնու թէպէտ վասն այլոց ձեւակերպէր, բայց ինքն իրաւապէս կազմէր»։

Արդարեւ՝ Մխիթար Աբբահօր առաջին աշակերտներէն Հ. Մանուէլ Խուպիարեան արհեստով եղած է կազմարար, եւ 1700–1701 տարիներուն, Մխիթար Աբբահօր Պոլիս հրատարակել տուած չորս գիրքերուն կազմերը կատարուած են իր գլխաւորութեամբ։

Վենետիկ հաստատուելէ ետք, երբ քաղաքին մէջ կը տպագրուէին գիրքերը, թերթերը ամբողջութեամբ կը փոխադրուէին Ս. Ղազար, անկար ու անկազմ, տպարանին հետ նախապէս կատարուած դաշնադրութեան համաձայն։

/320/ Ս. Ղազարի մէջ ամենեւին չի կատարուած կազմարարութեան փորձ, այլ մաս առ մաս՝ անկազմ դիրքերը կը ղրկում էին քաղաք, յատուկ կազմարարներու։ Տոմսակ գրեանց խորագիրը կրող ստուար տետրակին մէջ, նշանակուած են 1729–1737 տարիներուն տպագրուած գիրքերու վերաբերեալ ամէն հարց, ուսկից օգտուելով՝ կ՚եզրակացնենք որ Վենետիկ քաղաքին մէջ, եօթը կազմարարներու փոխն ի փոխ կամ միաժամանակ կը ղրկուէին գիրքեր, կազմել տալու համար. այսպէս՝

 

«1731 Նոյեմբ. 27. յղեցաք ի Սան Ճեօվանի Նովօ, առ ԱՆԿԵԼՕՆ, առ ի կազմել 60 Քերականութիւն, 20 Դրախտ…։ 1732 Յունվ։ 4. եկին բնաւքն»:

«1731 Նոյեմբ. 29. յղեցաք ի Սան Լիօն, առ ՃԻՕՎԱՆԻ ՊԱԹԻՍԹԱՅՆ, առ ի կազմել 15 Քերականութիւն…: Դեկտ. 16. Եկին բնաւքն»։

«1732 Յունվ. 4. յղեցաք առ ՖՐԱՆՉԻՍԳOՆ, առ ի կազմել 15 Վերջնոց, [1] 10 Յունվ. եկին բնաւքն»:

«1732 Յունվ. 21. յղեցաք առ ՂԱԶԱՆՃԻՆ, առ ի կազմել 30 Քերականութիւն…: Փետր. 18 եկին:

«1732 Յունվ. 21. յղեցաք առ ԾԱՄԱՐԱՅՆ, առ ի կազմել 100 Պարտէզ՝ առանց Խոկման։ Փետր։ 4. եկին բնաւքն»։

«1732 Ապրիլ 4. յղեցաք առ ի կազմել վասն մեր առ ՊԱՍՕՆ [2], 4 Ժամագիրք…։ Ապրիլ 18. եկին բնաւքն»։

«1733 Օգոստ» 6. յղեցաք առ ՊՕՌԴՕԼԻՆ, այսինքն` Լա Մատօննա Ֆօռմօզա, առ ի կազմել 40 Սաղմոս նորատիպ, 30 Աւետարան։ Օգոստ. 25. եկին բնաւքն»։

 

Այս բոլոր կազմարարներուն միաժամանակ կը տրուէր գործ, բացի վերջի էն, որ հազուագիւտ կերպով աշխատած է։

Դարուն սովորութեան համաձայն՝ ընդհանրապէս գիրքերը կ՚ըլլային կաշեկազմ եւ կամ մագաղաթակազմ, սակայն նուազ յարգիները, կամ մանուկներու համար առձեռն գործածելի գիրքերը՝ կ՚ըլլային թղթակազմ, կամ առաւելագոյն՝ խաւաքարտեայ կազմով։ Կաշեկազմ գիրքերն ալ՝ իրենց կարգին՝ կը գեղազարդուէին, աւելի կամ նուազ չափով, ինչպէս մեզի հասած նմոյշները ցոյց կու տան եւ կը համապատասխանեն Տոմսակ գրեանցի մէջ եղած արձանագրութիւն/321/ներուն, ուր կը կարդանք։ «50 Առաքինութեանց, որոց 2 էին ռէալ, եւ 1 յոյժ նաշխուն…, 30 Քերականութիւն ոսկէկազմ, որոց 2 էին ռէալ, այսինքն՝ արծաթացան…, 60 Տաղարան, որոց 38 էին կաշակազմ եւն» (21 Մարտ 1732). «30 Մոլութեանց, որոց 2 էին արծաթապատ» (18 Դեկտ։ 1731)։ «9 Սաղմոս ոսկէզօծ» (20 Ապրիլ 1732). «50 Խոկումն կազմեալք ին պէռկամի» (28 Օգոստ. 1732). «200 մեծ Աւետարան, որոց 30 էին հալօղի, իսկ 12 սեաւ, բայց մնացեալքն կարմիր եւ ոսկէնկար։ 270 մեծ Սաղմոս, որոց 25 էին ալլա ֆրանչէզէ, բայց մինն էր կարմիր…, 2 Աստուածաշունչ փոքր, սեւ կողքով եւ ոսկէզօծ թուղթն» (29 Օգոստ. 1733)։

Գիրքերը այսքան մեծ խնամքով կազմելու պահանջը առաջ կու գար գնողներէն, որոնք երբեմն գիրքին պարունակութենէն աւելի՝ անոր արտաքին վայելչութեան հետամուտ էին։ Այս ուղղութեամբ՝ Պոլիսէն կը հասնէին շարունակական դիտողութիւններ, եւ այդ ցուցմունքներուն համաձայն՝ հրահանգներ կը տրուէին կազմարարներուն. «եւ եղեւ զի վաճառական ոմն ձեռամբ մեր գրգածախին էառ զոմանս մեծ Քերականութիւն, զկտակարան…, կը գրէ Պոլիսէն Հ. Պօղոս Վրդ, որոց ոչ գոլով բարւոք կազմեցեալք, եւ ոչ ունելով բազումք ի նոցանէ զվարախ, կամ թէ ոչ ունելով չբարւոք վարախ, ոչ վաճառէին…։ Խիստ լաւ կազմեալն՝ լաւ գնով վաճառի աստ, եւ ոչ ցածն. նաեւ խատուտիկ վարախլըն, եւ ոչ հասարակն. եւ ըստ այսմ հասկացուցանելի է գրգակազմին, զի մի՛ վասն աժանակազմութեան հայելով՝ աստէն յոյժ պակաս գնով վաճառիցին գրեանքն մեր» [3] ։ Բազմաթիւ են նման վկայութիւններ, յիշենք միայն քանի մը յատկանշական երեւոյթներ. «որքան կարելի է, - կը գրէ Պոլիսէն Հ. Թոմաս Վրդ., - որ ինչ տեսակ գրեանց եւ իցէ՝ իցէ վարախով եւ ծաղկամբք զարդարեալ արտաքուստ, զի վասն արտաքին զարդուցն՝ տան զգին եւ գնեն, եւ ոչ վասն ներքին զարդուցն՝ որով զարդարի միտն» [4]. «ո՞վ զայնքան գինս տայ այնմ Աստուածաշնչից, որք թարց ոսկեզօծի իցեն կապեալք, որպէս միւսոցն՝ որք ոսկեղէն իցեն նկարեցեալք» [5] ։

Մխիթար ալ ջանացած է լիուլի գոհացնել իր աշակերտներուն պահանջը եւ ջանացած է որ գիրքերը լաւագոյն կերպով ներկայա/322/նային հանրութեան։ 1736ին, երբ Հ. Մանուէլ Վրդ. կը գտնուի Վիեննա, Մխիթար կը գրէ իրեն՝ հետաքրքրուիլ տեղւոյն վրայ գիրեր գտնելու, կազմուած գիրքերու վրայ ոսկետառ դրոշմելու համար. «այդր ի Վենա շուատէսի ղապախի մէջն ոսպի չափ ոսկի շինուած, վասն գրելոյ ոսկեգիր՝ վաճառեն…, ուստի կէս ֆիօրին խարտես եւ գնես անտի. բայց զգուշ լեր, զի զայն որ ի պղնձոյ լինի՝ ոչ առնուցուս, այլ ճշմարիտ ոսկի լիցի։ Եւ եթէ զլաւն գտանես՝ որ կարի փառլախ իցէ եւ զպայծառ ոսկէգիրս գրէ, մի՛ խնայեր զգինն. եւ թէ զսորին թօզն (փոշին ) գտանես, այն եւս լաւ է, եւ այդր տես՝ թէ լաւ ոսկէգիր գրելն որո՛վ լինի, անտի առ։ Նաեւ զկերպն բաղադրութեան, եթէ կարելի իցէ, տեղեկացիր. եւ եթէ հարկն պահանջիցէ՝ մինչեւ ի մէկ կամ երկու ֆիօրին կարես վատնել. ա՛ռ ի գտանելն զլաւն եւ զկատարեալն» [6] ։

Եղած նկարագրութիւններէն կ՚եզրակացնենք որ կազմերը կը կատարուէին մեծագոյն խնամքով բնականաբար գիրքին տեսակն ալ շատ բան կախում ունէր. ամէնէն շքեղը վերապահուած էր Աստուածաշունչին, որ կ՚ըլլար երբեմն «ոսկեզառիկ զարդուք եւ ազնուանիւթ տփօք եւ գեղեցիկ յօրինուածովք. որպէսզի փափաքօղքն այսմ աստուածայնոյ մատենիս հասանիցին փափաքանաց իւրեանց, եւ օգտեալ նովաւ փառաւորեսցեն զՔրիստոս» [7] ։



[1]     Վերջնոց կ՚անուանէ 1731ին տպուած Գիրք յորում ընձեռի զհանդերձելոյ կենէ գիրքը։

[2]     1732ի Յուլիս 20ին կը վախճանի Պասօ կազմարարը։ այնուհետեւ գործը կը շարունակէ իր որդին. «1732 Օգոս. 1. յղեցաք առ որդ ին Պասօին, առ ի կազմել…» (Տոմսակ գրեանց)։

[3]     Հ. Պօղոս Վրդ. Պոլիսէն, 15 Նոյեմբ։ 1735ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[4]     Հ. Թոմաս Վրդ: Պոլիսէն, 29 Հոկտ. 1736ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[5]     Հ. Թոմաս Վրդ. Պոլիսէն, 30 Յունիս 1738ին, առ Մխիթար Աբրայ, Վենետիկ։

[6]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկ էն, 16 Յունիս 1736ին, առ Հ. Մանուէլ Վրդ., Վիեննա։ Հ. Մանուէլ Վիեննայի մէջ կը հետաքրքրուի նոյն հարցով ու կը գրէ. «վասն ոսկէ գրէ փոշոյն, զոր գրեալ էք՝ թէ քան ոսպի չափ կաթուածք գոն ի մէջ մետիային, ես այնպէս գիտեմ՝ որ ոչ է ճշմարիտ զուտ ոսկոյ փոշի, այլ՝ թէ յորժամ գրի եւ փայլեցուցանի, որպէս զոսկի գոյն փայլի, եւ ես լաւ գիտեմ՝ զնոյնն գրել եւ փայլեցուցանել խիստ լաւ, ի նմանէ գնելոց եմ. եւ հարցից եթէ ճշմարիտ ոսկի եւս գտանի՝ ի նմանէ եւս առնում» (25 Յունիս 1736):

[7]     Մխիթար Արբայ՝ Վենետիկէն, Յունուար 1737ին, առ Տէր Մինաս, Կեռլա։