Արմտան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԳՌԱՒՆԵՐԸ

Մեր գաւառներուն ագռաւները ճերմակ էին, սեւ թեւերով: Անոնք այնքան վարժուած էին մեզի` գիւղացիներուս, որ մենք ուր որ ըլլայինք, մեր բոլորտիքէն չէին հեռանար։ Օրը քանի մը անգամ մեր երդիքները կ՚իջնային, «ղա՜…» կը կանչէին ու մեզի կը նայէին նայուածքով մը, որ մարդկայինին կը նմանէր: Յաճախ, քանի մը հատը միասին, պատի մը վրայ կը շարուէին, ու բան մը հասկնալու պէս` հետաքրքրութիւնով կը հետեւէին վարի բակին մէջ մեր տնային աշխատութիւններուն, մենէ մէկուն, որ էշը ախոռէն հաներ էր, համետը կը կապեր, հարսի մը, որ բակը կ՚աւըլէր կամ, աղբին կողովը շալակը, դուրս կ՚ելլէր, աղջկան մը, որ աղբիւրէն կը դառնար` կուժովը:

Իմ տունս գիւղին ամէնէն վերի ծայրը, պարտէզներով շրջապատուած ըլլալուն, ագռաւներուն ամէնէն շատ եղած տեղն էր. անոնք ամէն վայրկեան իմ աչքերուս առջեւն էին, ամէն օր ես ականատես կ՚ըլլայի իրենց բարքերուն:

Ամառները, երեք-չորս ամիս մը, չէին երեւնար: Ատ ամիսներուն մենք գիւղացիներս, միշտ դուրսն էինք, այգիները, արտերը: Մեծով, պզտիկով շաբաթներով թութ կը ժողվէինք, կ՚եփէինք, րուպ կը պատրաստէինք, շիրային թանձր հոտը կը բռնէր հանդը: Ծիրանները, դեղձերը կը հաւաքէինք, արեւոտ աւազներուն վրայ կը չորցնէինք: Կը հանուէինք ու կիսամերկ գետին ջուրը ծառերուն, ածուներուն, որթատունկերուն կը կապէինք: Յետոյ` ձորերը խոտ կը քաղէինք: Անոր ետեւէն, լման ամիսուկէս, երկու ամիս գարիները, ցորենները կը քաղէինք, կը կամնէինք, կը հոսէինք, բերքը ներս կ՚առնէինք, ագռաւ մը չէր տեսնուէր: Կը զարմանայինք, եթէ մէկ հատի մը հանդիպէինք: Անոր ալ` ո՞ւր, մեր ծառերուն վրայ չէ: Աչքը ցաւող մը պիտի ըլլար, Դեղջուր պիտի երթար` աչքերը լուալու, կամ օր մը առաջ մէկուն այծը գիւղ դարձած չպիտի ըլլար, ձորէ ձոր փնտրելու պիտի ելլէր, ու հեռաւորութեան մը վրայ տապակի կոթի չափ երկայն պոչ մը աչքին պիտի դպէր, կամ գլուխ մը, որ ագռաւի մըն էր, որ ծռէր էր, ի՞նչ գտեր էր ու կ՚ուտէր, եւ որ մարդ տեսնելուն պէս` ահաբեկած կը թռէր Եփրատն ի վար, ի՞նչ գիտես` ո՞ր կողմ:

Խաչվերացին, այսինքն Սեպտեմբերի կիսուն, ընկոյզները վար առնուելէն, խաղողները կթուելէն ետքը, նորէն կը յայտնուէին մեր ծառերուն վրայ: «Ղա՜…» կը կանչէին ու կը շրջապատէին մեզ, կ՚ոստոստէին մեր չորսդին, միջոցը կը լեցուէր իրենց կանչերով: Բայց իրենց ուրախութիւնը մեզ տեսնելէն չէր, մեր երդիքները չորնալու համար տարածուած պտուղներով նայելէն կ՚ուգար: Ուտելիք ինչե՜ր չէին տեսնէր: Ընկոյզ կ՚ըսես, բլիթ, պաստեղ կ՚ըսես, շարոց, չորթան, խաղողի թարխնայ, թանէ թարխնայ. կամ ձաւար, կորկոտ կ՚ըսես: Քանի անոնց վրայ կը նայէին, բերաննուն ջուրերը կը վազէին, աչքերնուն մէջ լոյսեր կը վառէին: Երդիքներու եզերքները կուգային, խելօք խելօք կը պտտէին, իբր թէ` բան մը ընելու չէին, բայց կը կեղծէին, սուտէն կ՚ընէին: Ու, յանկարծ, կը յարձակէր իրենցմէ մէկը, ընկոյզ մը կը գողնար, ուրիշ մը` թարխնայէն, բլիթէն փսոր մը կը փրցնէր, ու մինչեւ աղջիկը, որ կը հսկէր, ձեռքի երկայն ձողը անոնց ուղղութիւնովը փարտելով` «լէ՜… լէ՜… լէ՜… լէ…՜ լէ՜…» պոռար, իրենք կը թռէին: Աւարը կը տանէին, կ՚ուտէին, նորէն կը դառնային, նորէն անտարբեր կամ անմեղ անմեղ մեզ մօտ կուգային ու կը սպասէին, որ աղջիկը ձանձրանար, կամ ոտքի ելլէր, ուրիշ աղջկան մը քովը երթար, դէմ դիմաց նստէին, քար խաղալու տային իրենք զիրենք, շարոցէն կ՚ըլլար, կամ չորթանէն, կտոր մը առնէին ու փախէին: Երբեմն խաղեր ալ կ՚ընէին: Երդիքը սանտր մը, մատնի մը, կաւի, օճառի կտոր մը ինկած կ՚ըլլար, կը յափշտակէին, արտի մը մէջ կը ձգէին: Մենք մեր ուտեստեղէնները, էրթմէները կը մթերէինք: Այս էրթմէները տանիքներու վրայ յաւելուածական մասեր էին, կաղնիի, ուռիի ճիւղերէ հիւսուած պատերով: Ամառ գիշերները, հոն զով ըլլալուն, կը պառկէինք նաեւ: Ագռաւներուն ամէնէն սիրած տեղերն էին: Լաւ ծեփուած չըլլալուն` եթէ յաջողէին ծակ մը բանալ իրենց կտուցներովը, կը կրէին, ինչ որ բացը գտնէին: Տարի մը, մեր էրթմէին պատն ալ ծակեր էին, օրերով չգիտցանք, օր մըն ալ ներս մտանք ու ի՞նչ տեսնենք, կերեր, ծեծկեր, գետինը թափեր էին պատէն կախուած ընկոյզէ շարոցները, ու չորթանները կրէր էին:

Շուներն ալ հանգիստ չէին ձգեր: Օրը երեք ժում մեր կերածներէն աւելցածները տանը դուռը կամ բակը շուներուն կուտայինք: Կը բաւէր, որ տեսնէին բարտիի գագաթէն, վար կը թռէին ու կը շրջապատէին շունը: Իրենցմէ մէկը կը մօտենար: Շունը անշուշտ չէր ախորժեր, թէ կ՚ուտէր, թէ կը զայրանար, կը հաչէր: Ագռաւը գիտէր ատ, թող զայրանար, ան աւելի կը մօտենար, մինչեւ բերանը մտնելու աստիճան: Շունը, աներես ագռաւը բզկտելը կուգար, պատառը կը ձգէր, կը վազէր, որ բռնէր, ո՞ւր պիտի բռնէր, իսկ միւսները` ի՞նչ կար` կը յափշտակէին ու կը փախէին: Աս խաղը միշտ կը կրկնուէր: Շուները խաբելը բա՞ն մըն էր անոնց համար: Մեզ կը խաբէին, ո՞ւր կը մնային շուները:

Ամէն գարուն, դուրսի գործերը կը բացուէին: Այգիներէն կը սկսէինք: Կ'աւըլէինք, փլած պատերը կ՚որմէինք, առու կը բանայինք, այգիները կը բահէինք: Աւելի շատ կիներուն ընելիք գործերն էին ասոնք: Հետերնին ցերեկուան ճաշ կը տանէին: Անպայման վալա մը հաց պիտի ըլլար: Մենք շատ հաց կ՚ուտէինք: Մեր վալան խոշոր սփռոց մըն էր: Մեր հացերը երկայն լաւաշներ էին, միշտ ամիսը անգամ մը կ՚եփէինք, անոր համար չոր էին: Կը թրջէինք, կը կակուղնար, այնպէս կը շարէինք վալան: Եթէ պահք էր` ընկոյզ, աղածոյ սամիթ, բեմկի, պղպեղ կ՚ըլլար, ուտելիքներուն` պանիր, հաւկիթ: Վալան պատի մը կամ ծառի մը տակ կը դնէին, աշխատանքի կը դրուէին: Կիները, գիտէք, շատախօս են, թէ կ՚աշխատին եւ թէ չկար բան, որ չպատմէին իրարու: Ագռաւները, որ կը լրտեսէին զիրենք, կը մօտենային, իրենց կտուցներովը, ճանկերովը կը քակէին հանգոյցը, աղածոները կը թողէին, միւսները կը կրէին:

Աղջի, Հարսի՜կ…– կը պոռար աղջիկ մը, որ կ՚երթար ու վալան կը տեսնէր քրքրուած վիճակի մէջ, անծեղները վալան բացեր ու տարեր են ճաշը, բան չեն ձգէր, հիմա ի՞նչ պիտի ուտենք:

Մեր` այրերուս ալ օձիքը չէին ձգեր: Արտերը վիգ, գարի, ցորեն ցանել կ՚երթայինք: Արար վարողը իր ճաշը ծառի տակ կը դնէր, կորի մը կը գծէր, սերմը կը ցանէր կորիին մէջ ու մաճէն բռնած` կը վարէր եզները: Ագռաւ մը, հեռուէն, հերիք էր, որ նշմարէր վալան, կ՚իջնար մօտակայ արտ մը, մէկ մը վեր, մէկ մը վար ման կուգար, եւ որպէսզի չգիտցուի այդ արտ վարողէն, մարդու մը, գողի մը պէս` բոլոր զգուշութիւնները ընելով, կծկուելով կը մօտենար, կը քակէր հանգոյցը, ու շուտ-շուտ կը կրէր, ինչ որ կար իրեն ուտելիք:

Քանի մը անգամ ալ ինծի պատահեցաւ, իմ ճաշս գողցան: Անգամ մը, գարուն էր, Մեծ Պահքի մը Աւագ երկուշաբթի մը: Տունով այգի յօտել գացինք: Շատուոր էինք, մերերոնք ալ կային: Ես ինծի համար, ծրարով մը հաւկիթ ու չորմիս, այսինքն` քաւուրմա առէր էի: Ես պահք չէի բռներ: Իմ ծրարս վալայէն հանեցի, բռնչենիին ճիւղէն կախեցի, ու, աղէկ մը ապահովուելէ ետքը, մեր վարի այգին գացի` որթերը յօտելու: Ցերեկին ի՜նչ ախորժակով եկայ, որ պիտի եփէի ու ուտէի: Ու ի՜նչ տեսայ: Գետինի վալային չէին դպեր: Ծառին ճիւղէն, կտուցներովը ծեծկելով, հանգոյցը քակեր, իմ ծրարս վար ձգեր, հաւկիթները կոտրեր կերեր էին, կճեպները թողեր էին, միսն ալ տարեր էին։ Պարապ ծրարս ալ տարեր, երկու այգի անդին, Լուսնիկանց եգետանը առաջքը ձգէր էին:

Վերջին տարիները մայրս հնարք մը յղացաւ: Չորս բզուկ կը դնէինք երդիքին անկիւնը, սեւ բուրգի կծիկի մը թելով խոշոր քառակուսի մը կը կապէինք: Պահպանելու համար մարդու պէտք չկար այլեւս: Ինչ ունէինք` կը դնէինք մէջը: Կը զարմանայինք: Ագռաւները երդիքը կուգային, կը դառնային բոլորտիքը, կը նայէին ու քառակուսին մտնելու կը զգուշանային թակարդ կարծելով:

Բայց ամէնէն շատ իմ զարմացածս` իրենց ժողովներն էին, մեր պատգամաւորական նիստերուն այնքան նմանութիւնովը: Ձմրան ցուրտ գիշերները կը գումարուէին մեր մարագին երդիքին կից, Շեխենց ընկուզենիներուն վրայ: Անմիջապէս որ կը մթնէր` հեռաւորութենէ մը, յանկարծ, ագռաւ մը կուգար, պատգամաբերի մը պէս, ու ընկուզենիին գագաթը կը տեղաւորուէր: Երկու ագռաւներ կը հետեւէին իրեն ու իրմէ վար` իր աջն ու ձախը կը գրաւէին: Ու յետոյ, երկերկու, երեքական խումբերով, հետզհետէ կը հասնէին գիշերին ամէն դիերէն եկողները: Ընկուզենիին կը ծածկուէր ագռաւներով: Ուշացողները երկրորդ ընկուզենիին վրայ կ՚իջնային: Ու կը սկսէր իրենց միավանկերով փոխասացութիւնը: Մէկը կ՚ըսէր, ուրիշ մը կը պատասխանէր: Երբեմն, երկու, երեքը կ՚ըսէին, ուրիշ երկու, երեքները կը պատասխանէին: Երբեմն, յանկարծ, բոլոր ճիւղերէն, բոլոր ագռաւները կը մասնակցէին: Ժխորը, կանչերը կը սաստկանային: Իզուր` գագաթի ագռաւը, իր երկու օգնականներով, կը միջամտէր, հանդարտեցնելու համար կողմերը: Այն ատեն, ուրիշ տեսարան մը կը յաջորդէր: Ագռաւներէն մէկ երրորդը, երբեմն աւելին, կը թռչէին ընկուզենիէն, հանդիպակաց բարդիներու գագաթները կը խմբուէին, ու միասին ու միահամուռ կը պատասխանէին ընկուզենիներու իրենց ընկերներուն: Ես կը կապտէի ցուրտէն: Տուն կը մտնէի: Կը ճաշէինք: Կը պառկէի, կը քնանայի, առտուան դէմ կ՚ըլլար, քունս կ՚առնէի, դուրս կ՚ելլէի, ու մեր ախոռին, մարագին տանիքներուն վրայէն կը քալէի, կ՚երթայի հոն, ուր քունէն արթնցող մը կ՚երթայ, յետոյ կը դառնայի անկողին, կը մտնէի վերմակին տակը, ու անոնք, համատարած ձիւնի բեւեռային սպիտակութեան գիշերին մէջ, ինչպէս էին այն ժամանակները մեր գաւառներուն ձմեռները, աստղեր ըլլային, չըլլային, զերոյէն վար քանի աստիճան պաղով, վերէն սառ, ձիւն, եղեամ կը տեղար, կը շարունակէին իրենց ընդդիմախօսութիւնները: Շաբաթը երեք, չորս գիշեր կը կրկնուէր: Ի՞նչ կ՚ըսէին, ի՞նչ կը պահանջէին իրարմէ: Ես իրենց ագռաւերէնը չեմ կրնար վերարտադրել. բայց ինչ որ կ՚ընէին, ապահովաբար նշանակութիւն մը ունէր: Ուրիշ ինչպէ՞ս մեկնել տեսարանը: Ինչ որ կ՚ընէին, զուարճանալու համար չէր, անշուշտ: