Արմտան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԻՆԱՍ ՔԵՌԻԻՆ ՀԻՆԳ ԿՆԻԿՆԵՐԸ

Տէրտիրանց Մինասը` Տէր Պօղոսին եղբայրը, չորս անգամ ամուսնացաւ: Որը որ առաւ` մեռաւ: Կիները իրենց էրիկներէն աւելի կապրին, բայց ինչէ՞ն էր` չգիտես, Տէրտիրանց տանը կնիկները չէին ապրեր:

Ամենէն առաջին առածը գիւղէն էր, Պեկիշենցմէ, Ճուհար կ՚ըսէին: Պզտիկ դէմքով կնիկ մըն էր: Վիզը միշտ ձախին կը բռնէր, թէեւ շատ թեթեւ, հազիւ թէ յայտնի կ՚ընէր: Երկու զաւակ բերաւ, երկուքն ալ` աղջիկ: Խելօքիկ, ձայն ձուն չունէր: Ուր ղրկէին` կ՚երթար, ինչ ըսէին` կ՚ընէր: Մինակ թէ` գործ տուր. տունի, ախոռի ըլլայ, թէ դուրսի` արտի, խոտի ըլլայ, գլուխը կը կախէր, կը բանէր, մինչեւ որ մեղքնային, ըսէին.

Հարսնուկ, հերիք է, ձգէ, մնացածը վաղը կ՚ընես:

Իրիկուն մը տաքութիւններու մէջ կ՚այրէր, տուն եկաւ, պառկեցուցին: Ալ անկէ ետքը օրէ օր վիճակը ծանրացաւ: Ջերմ չէր: Անանկ ջերմ չէր ըլլար. նայեցան, որ չէր աղէկնար, սխտորով մածունի մէջ թաթխուած ուռիի թարմ տերեւներու վրայ, մօրէ մերկ, պառկեցուցին, ատ տերեւներով ալ ծածկեցին ամէն կողմը: Ան չեղաւ, ընկոյզի տերեւները աւելի ազդու է ըսին, նորէն սխտորով մածունով, ընկոյզի տերեւներու մէջ պառկեցուցին, նորէն ամէն կողմը ծածկեցին, չազատեցաւ վերջապէս:

Ետեւէն Լճացին առաւ: Դէմի Կաչայէն էր, այսինքն Եփրատի դէմի ափեն` Լիճքէն: Լճացի կը կանչէին, անունը չէին տար: Որբըվարի էր: Մեռնող կնկան մը տեղը խումայ եկող մը հարկաւ աղջիկ չպիտի ըլլար, որբըվարի պիտի ըլլար, ո՞վ իր աղջիկը կուտար կնիկը մեռած էրիկմարդու մը: Խոշոր մարմինով կնիկ մըն էր: Վերիգեղի կնիկներուն մէջ իրեն պէս մը չկար, բացառութիւն մըն էր: Գեղին կնիկներուն հոգին բերաննին կուգար բանելէն: Աշունը տուն կը մտնէին սեւ դարձած չոր մորթով, փայտի պէս մատներով մը, ոսկորնին կը համրուէր. վրանին մի՞ս կը մնար, ե՞ղ կը մնար: Իսկ ան չէր բաներ որ հալէր, կուրծքեր մը ունէր մինչեւ փորը կ՚իջնային: Աղուոր` ոտքերը փռել նստիլ, անցնողին դարձողին հետ խօսիլը գիտէր: Տեղէն ելլելը չէր գար, որ կուժը շալկէր, Լեղաղբիւրէն կամ Խասաղբիւրէն ջուր բերէր: Երկու բզուկներն ալ միշտ ջուր չէին ըլլար: Գեղին մէջ մարդ մարդէ ջուր կ՚ուզէ՞, կը մուրա՞յ, տեսնուա՞ծ բան է: Մեռած խումային մատ մը աղջիկները կը ղրկէր, որ Խնկենց, Սեմերենց, Ապլայենց տուներէն ջուր բերէին: Երեք փոր զաւակ բերաւ, երեք անգամ տղամար եղաւ, առաջինը աղջիկ, երկրորդը աղջիկ, երրորդը աղջիկ: Գիւղով` պատճառը Մինասին կուտային: Ինք ասոր մէջ յանցանք չունէր, արտը ի՞նչ ցանես, ան կը քաղես: Ինքը Լիճքը երկու զաւակ բերած էր, երկուքն ալ տղայ:

Մինաս աղբար, կ՚ըսէին գիւղացիները, որոնք Շեխենց կամ Մանուկանց դռները նստած, կամ ոտքի կեցած կ՚ըլլային, առջի կնիկէդ` երկու աղջիկ, Լճացին առիր, անկէ ալ` երեք, աղջիկ եղան, տղայ զաւակ մը չշինե՞ս:

Խօ՞սք է ըրածնիդ, կը պատասխանէր կուշտ-կուշտ, ետին դառնալով ու ըսողներուն նայելով, ատանկ մարիֆէթ մը դուք գիտէք նը` ինծի ալ ըսէք:

Մոզեմար կովերուն պէս, որոնք ամառ-ձմեռ կաթ կուտան, կաթէն չեն կտրիր, երեք տղամարութեանն ալ կաթը այնքան առատ էր, որ երկերկու տարի ու աւելի ծծցուց աղջիկներր: Ջուր խմէր` կաթ կ՚ըլլար: Իրենները չէին կրնար հատցնել, ասոր, անոր տուներէն կը կանչէին, որ երթար իրենց նորածինները ծծցնէր, որովհետեւ մայրերնին Քարնփոսի արտէն կամ Գողունձորի այգիէն եկած չէր դեռ: Ուրիշ անգամներ ալ` պտուկները սեղմելով, կաթը դուրս կը հոսեցնէր, որպէսզի կուրծքերը պարպուէր ու հանգստանար: Երրորդ տղամարութեանը, երրորդ տարին, փորը երթալով ուռեցաւ: «Աչքի եկած է» ըսին բոլոր խելահասները, որովհետեւ ուժեղ, առողջ կնիկ էր, տեղ մը չէր ցաւեր, ինչէ՞ն պիտի հիւանդանար, պատճառ մը չկար: «Աչքը քարը կը ճաթեցնէ, ո՞ւր մնաց` մարդը»: Գիւղին` անուննին ելած բոլոր չար աչք ունեցողներուն շեմերը գիշերով տաշեցին, տաշեղները անկողինին քովը վառեցին, մուխը պտըտցուցին վրան, աղօթեցին, օգուտ չըրաւ չաղէկցաւ:

Աս պատմածներս իմ օրովս չէին եղած, ես դեռ չէի ծնած, տունը խօսուածներէն գիտեմ: Արդէն դեռ չըսի ձեզի, թէ Տէրտիրանք ինծի քեռի էին: Մամս Տէրտիրանց տնէն էր: Տէր Պօղոսին ու Մինասին հետ երկու եղբօր զաւակներ էին: Ատկէ իրենց` քեռի, ու տանը կնիկներուն ալ` քեռկին կը կանչէի:

Ես Տէր Պօղոս քեռիիս երէցկինն աչ չգիտեմ: Ան ալ, ես չեղած, մեռէր էր, ուրկէ՞ պիտի գիտնայի: Իսկ Մինաս քեռիին առած երրորդ կնոջը` Տանձեցի քեռկինին, խելքս աղէկ մը տեղ կ՚ընէր: Կարմիր մորթով, բոցի գոյն կարմիր մազերով, ճակատը, երեսները մեծ մեծ ցաներով կնիկ մըն էր: Էշերով, վրաններով մեր Խաչի դարի առուեզերքը հաստատուող, մաղ, կալմաղ, քարկալմաղ, շարմաղ շինող բոշա կնիկներուն շատ կը նմանէր: Լճացիին պէս որբըվարի էր: Մինաս քէռին Տանձիէն առէր էր: Գեղով կը գովէին զինքը: Փնտրես` երկրորդ կնիկ մը չկար կնիկներուն մէջ իրեն պէսը, անանկ բանող է, կ՚ըսէին: Առտուն չլուսցած` ոտքի վրայ էր: Ախոռը` եզնոցը, կովերուն, ըռզակին տակը կ՚աւըլէր, աղբը քթոցը կը լեցնէր, շալակ-շալակ աղբընոցը կը տանէր, կը թափէր, մսուրները ամէն մէկին կերը կուտար, վեր կ՚ելլէր, տունը կը ջրցքէր, կ՚աւըլէր ներս-դուրս, խասիջուրին, լեղիջուրին բղուկները պզպզուն ըլլալու աստիճան կը լեցնէր, օճախը կը վառէր, ժամուն կոչնակը դեռ զարկած չէր ըլլար, կամ նոր կը զարնէր: Մինաս քեռին չէ, «էրիկմարդ եմ» ըսող, պարծեցողներուն քանի հատը ճիվերը կը պլլէր: Անանկ մանգաղ մը կը զարնէր, արտ մը, խոտ մը կը քաղէր, կամ ճիվը բեռան վանդակին կուտար ու բեռ մը կը բեռնար, պարան մը կը քաշէր:

Ադ եռանդն ալ իր գլուխը կերաւ: Կապանի այգիէն շուտ տուն դառնալու համար, շիտակ ճամբէն ելլելու տեղ, գահավէժներէն վեր ելլել ուզէր էր, տրեխները չէր կրցեր բռնել տալ, բարձունքէն ժայռէ ժայռ նետուէր էր, գանկը ջախջախուէր էր:

Աղջիկները հարս գացին, տունը կնիկմարդ չմնաց ըսելով, Մինաս քեռին, չորրորդ անգամ ըլլալով, նորէն ամուսնացաւ: Թեղուտցի կին մը առաւ: Ուղտի մը հասակը ունէր: Հօրը Աղքատ Կարապետ կ՚ըսէին, անոր աղջիկն էր: Խեյըրաթ էր անունը, Խեյըրաթ կանչելը երկայն կուգար մեր լեզուին, Խեյրօ քեռկին կը կանչէինք: Զիս ալ շատ կը սիրէր: Էնթարիին գրպանը ինչ ունենար` ինծի պիտի տար: Գիւղացի կիները շատ խնայասէր կ՚ըլլային, մի նայիք` որ հիմա Ըստանպոլ եկան, Ըստանպոլցները անցան: Ժամուն պնակները ձգուելիք մէկ փարանոցներէն ի՞նչ կ՚ելլէ, Պեկիշենց Օհաննես պապան թիթեղներէ կտրեր էր, ադ մէկ փարանոցին վրայ կը դողար, չէին խարճեր: Եկած օրէն` աղի փարայ չուզեց տալ: Շաֆախցի քուրդ ջորեպան Ղըմըլը տղուն` Եզօյին հետ Թուզոզիի աղահանքէն տասնվեց փարայի աղին լման օխան կ՚առնէր, տասնըութը փարայի կը ձախէր: Ինչո՞ւ առնէր: Սիմայի Աղջուրի ակը մէջքի պէս կը հոսէր, պարապը կը վազէր առաջքի գետը: Ինչո՞ւ անկէ չբերէր: Ատ տարին, աշնան վերջերը երեք կնիկ, մէկ մըն ալ ինք` չորս, էշերը բեռցան ու Աղջուրը գացին: Երկու մեծ վարով կուժ, երկու ալ մեծ փորով պռկաւոր բեռցեր էին: Մենք սափորներուն պռկաւոր կ՚ըսէինք, բերնիդ վերցնելով պռկունքէն խմուելուն համար: Աղջուրերը կը լեցնեն, կ՚ելլեն, որ պիտի գան, կը բոպկընան, Տանձիի գետը որ կանցնին` ձիւնախառն անձրեւի մը կը բռնուին: Սառի պէս պաղ: Հոնկէ Վերիգեղը երկուքուկէս ժամ է: Պալտրպաղի զառիվերը, հոնկէ Ջրկորուսի դաշտը, Հորը, Երից աղբիւր, Երկանագի, Գլհոր, գիւղը, ճամբան քար մը չկայ, որ ապաստանին: Էշերը ըսես` չեն քալէր: էշերուն հետ ճամբայ գացած ունի՞ք, չեմ գիտէր: Ականջներէն ներս ջուր չերթայ: Երթայ ու մէկ մը որ թրջին, հոգինիդ բերաննիդ կը բերեն։ Կը կենան, ոտք չեն նետեր, կոկորդնիդ պատռեցէք, ուզածնուդ չափ` «չօ՛… չօ՛…» պոռացէք, կարծես իրենց չէք պոռար, լեռներուն կը պոռաք, ինձմէ, քէնէ աղէկ գիտեն, որ իրենց կ՚ըսէք, սուտ չլսել կը ձեւանան, մինչեւ որ տուն կը մտնեն` կը լմննան, մինչեւ ոսկորնին խխում կ՚ըլլան: Ախոռը կը տանին, եզնոցը, կովերուն մէջ, տաք տեղը տաք ջուրով կը լողցնեն, ինչ կ՚ուզէք` ըսէք, ճամբա՞ն պաղեցաւ, ախո՞ռը պաղեցաւ, ինկաւ անկողին, ոտքի չելաւ: Հետը երեք կնիկ ալ կային, ինչո՞ւ անոնց բան մը չեղաւ: Էճելը, ժամը չգայ մարդուն, մահանայ մը կ՚ըլլայ:

Չորս կնիկ թաղելէն ետքը ա՛լ չկարգուիր Մինասը` ըսաւ ամէն մարդ, ու ամէնուն ափը բերանը մնաց, երբ լսեց, որ նորէն կարգուելու ելեր էր, կնիկ կը փնտռէր: Չէին կրնար չզարմանալ, թէ կնիկները ինչո՞ւն խօսք կուտային աս մարդուն. երիտասարդութեա՞նը, աղուորութեա՞նը, թէ՞ թնթռկած երեսներուն, թաթարական աչքերո՞ւն, քթախոտէն աղտոտած պեխերուն:

Գտածն ալ ո՞վ ըլլայ: Ապուշտացի Խնկօն, Ոսկեկ ալ կ՚ըսէին, չորս տղոցը մայրը: «Կառնեմ քեզ, կուգամ» ըսէր էր: Եղբայրը` Տէր Պօղոսը, ոտք կոխեց, ընդդիմացաւ.

Չպիտի առնես: Տուն չպիտի բերես: Չպիտի ձգեմ: Չե՞ս խպնիր, ալ ասկէ ետքը կնիկը ի՞նչ ընես: Մարդ մը հինգ անգամ կը կարգուի՞, ծօ՛:

Պիտի առնեմ, պիտի բերեմ: Ես առանց կնիկի չեմ ըլլար: Դուն քու տէրտէրութեանդ խառնուէ, պատասխանեց:

Օրը քանի մը անգամ պապուս, մամուս կուգար: Եղբօրը կ՚ակնարկէր.

Ատոր ըսէք` թող ինատ չընէ, ես Խնկօն պիտի առնեմ, տուն պիտի բերեմ, ինք չպսակեր, թող չպսակէ: Թեղուտի տէրտէրին կ՚երթանք, ան ալ չպսակէ` Բագառիչները կ՚երթանք, հոն ալ չըլլայ` մինչեւ Ապուչեխ, Կամրկապ կ՚երթանք, կը պսակուինք, կուգանք:

Կակուղցուցին, համոզեցին:

Ժամը չեմ պսակէր, ըսաւ: Ձեր տունը գլուխ գլխի կուտամ: Հայր մեր մը մինակ կ՚ըսեմ: Ան անգամ շատ է: Մեղքը շըլլին:

Ընդունեց Մինաս քեռին:

Մեր չարդախը գլուխ-գլխի տուին: Պսակ չէր ըսուէր ատոր: Հայր Մեր մը ըսաւ: Հայր մերն ալ` Հայր Մերի չէր նմանէր: Ուր է մարդ մը երբ նեղանայ, դիմացինին երեսը անգամ տեսնել չուզեր, գետին կը նայի, աչքերը կէս-գոց, քթին առջեւ մրմռաց: Թող ըլլար: Ատ ալ կը բաւէր Մինաս քեռիին: Պսակ շա՜տ եղեր էր: Չորս անգամ: Պսա՞կը ինչ պիտի ընէր:

Մենք տունով ներկայ եղանք: Մանուկ մօրքուրարը, Պայծառ մօրքուրը, Մերերոնց Մարտիրոս պապս, նէնէս ալ կային:

Երեք, չորս տարի մը ապրեցան միասին: Զարմանալի ախորժակ մը ունէր Խնկօ քեռկինը: Խնկաբեր էր, մենք Խնկօ կ՚ըսէինք: Ակռաները լման ալ չէին: Ամանին տակի լխպիկ հացերը, ամէն մարդ երեք մատով, ան հինգ մատովը կը ժողվէր, խոշոր պատառ մը կ՚ընէր: Չոր բաները` աղը դրուած սամիթը, բեմկին՝ պանիրը, սոխին հետ հացին մէջ կը դնէր, մատներովը խոշոր կլորիկ մը կը շինէր, թխմելով կը խոթէր բերանը` մարագին մուղէն ներս խոտ կոխելու պէս: Անանկ ալ կը շփացնէր, որ լուացքի ձայնին պէս կուգար դուրսէն անցնողին: Շատ կ՚ուտէր:

Ատ տարին դեղնութիւն մը եկաւ Մինաս քեռիին վրայ: Այս անգամ կարգը Մինասինն է ըսին: Անանկ ալ եղաւ: Ինք մեռաւ, Խնկօ քեռկինը ապրեցաւ: