ԿԱՒԻՆ
ԴԱՐԸ
Կաւին
դարին
իրարանցումը
առաջին
անգամ
Պեկիշենց
Մանուկը
տեսաւ:
Մաղիկանց
Արութին,
կամ
ինչպէս
կը
կանչէին`
Մաղաքեանին,
հետ
երկուքը
միասին
գիւղ
կուգային:
Հերկին
արտը
Մանուկին
արօրձողը
կոտրեր
էր,
տուն
կ՚երթար`
նոր
մը
տանելու,
Մաղաքեանն
ալ
Սիմայի
Աղջուրի
Ակէն
էշովը
աղջուր
բերելու
գացեր
էր,
վերադարձին
Երկանագիի
նեղ
տեղը
իրարու
հանդիպէր
էին:
Կալերուն
գլուխը,
Խաչի
Դար
որ
եկան,
Մանուկ,
թէեւ
պատճառ
մը
չկար,
բայց
մարդ
չէ՞ր,
մարդ
երբեմն
ետին
չդառնա՞ր,
չնայի՞ր,
Սուրբ
Սարգիսի
լեռան
կողերուն
նայեցաւ:
Կաւի
տեղերուն
կապոյտ
հողերուն
վրայէն
մէկը
կը
վազէր
դարվեր:
Կնիկմարդ
ըլլալու
էր:
Կաւի
հանքերէն
լուացքի,
գլուխ
լուալու
կաւ
հանելու
համար
էրիկմարդ
կ՚երթա՞յ:
Կնիկմարդու
գործ
է:
Ետեւէն
երկրորդ
մըն
ալ
վազեց:
Անոր
ալ
ետեւէն
քիչ
վարը
հերկուոր
մը,
որ
արտ
կը
հերկէր,
եզնիքը
կեցուց,
ան
ալ
վազեց
ու
կնիկներուն
հասաւ:
Զարմանալի
բան:
Խելք
չէր
հասցուեր:
Ինչո՞ւ
իրարու
ետեւէ
վազեցին
ասանկ:
Բան
մը
կար
հոն:
—
Մաղաքեան,
—
ըսաւ
Մանուկ,
—
Սուրբ
Սարգիսի
կողերուն,
Կաւի
Տեղերուն
նայէ,
բան
մը
կայ
հոն,
բան
մը
ըլլալու
է,
ի՞նչ
կ՚ըսես:
Մաղաքեան,
որուն
աջ
ոտքին
տրեխը
ոտքէն
կ՚իյնար,
կապերը
քակուեր
էին,
ծռէր
էր
ու
կը
կապէր,
շտկուեցաւ,
էշը
կեցուց,
որ
չերթայ`
կուժերը
տեղի
մը
զարնէ
ու
փշրէ,
մօրուքը
միջոցին
մէջ,
զննեց:
Մանուկին
տեսածները
ան
ալ
տեսաւ:
—
Բան
մը
կենալը`
կայ,
ամա
եղածը
ի՞նչ
է,
հոսկէ
հոն
ինչպէ՞ս
կը
հասկցուի,
—
ըսաւ:
Նոյն
պահուն
Գինան
Փողերէն
հերկուոր
մըն
ալ
հերկը
ձգեց,
ան
ալ
լեռն
ի
վեր
վազեց
ու
հասաւ
միւսներուն:
Լեռը
գացողները
շատցան:
—
Ժողվըւելնուն
որ
նայելու
ըլլաս,
ատ
մէկ
տեղն
է
ինչ
որ
եղած
է,
—
ըսաւ
Մաղաքեան
ու
Մանուկին
հետ
անթարթ
դիտեցին:
Դէպքին
տեղէն
երկու
հոգի
զատուեցան
ու,
դարվար
քալելով,
Սարդըխի
աղբիւրին
հաւասարութեանը
եղան
ու
կ՚եցան:
Դպրենց
Զաքարն
ու
Մանուկանց
Նշանը,
եզնիքը
առաջքնին,
կը
հերկէին
Դպրենց
աղբիւրին
արտը:
Յայտնի
է,
թէ
անոնց
բաներ
մը
ըսին
ու
նորէն
լեռը
ելան:
Զաքարն
ու
Նշանն
ալ
իրենց
դիմացի
Ճախինը
Կոչենց
վիկին
արտը
վիկ
քաղողներուն
հաղորդեցին:
Պոռալու
ձայները
հասան
Մանուկին
ու
Մաղաքեանին,
բայց
չէին
հասկցուէր
ըսուածները:
Մանուկ
չհամբերեց,
խոշոր
ոտքերովը
մինչեւ
Կզնակի
ուռիներուն
տակը
վազեց:
Հոտկէ
վիկ
քաղողները
մօտ
էին,
անոնց
հարցուց.
—
Կաւին
Դարը
ի՞նչ
կայ,
ի՞նչ
է
եղեր:
Անոնք
ալ
պոռալով
պատասխանեցին.
—
Տեմուրճենց
հարսը
մեռեր
է…
Կաւին
լեռը
վար
իջեր
է,
տակը
մնացեր
է,
հասկցա՞ր:
—
Հասկցա՜յ…
հասկցա՜յ…
—
Հանե՜ր
են…
հանե՜ր…
մեռե՜ր
է:
Վիկ
քաղողները
նորէն
շարուեցան
արտին
վիկը
քաղելու:
Ալ
կը
կայնուէ՞ր:
Պէտք
էր
գիւղը
լուրը
տանէր:
Կալերուն
գլուխը
չելաւ,
ճամբան
կ՚երկննար:
Շուտ,
շատ
շուտ
երթալու
համար
ջաղացքին
առջեւէն`
առուին
վրայէն
ցատկեց,
Մանուկանց,
Բարիկանց
պարտէզներուն
վրայի
ճամբէն,
հոնկէ
Արխնենց
արտին
տակէն,
հոնկէ
Լեղաղբիւրէն,
Քնարենց
դռնէն,
Գալուստին
տան
առաջքէն
դառնալով,
Շեխենց
տան
առջեւը
հասաւ:
Ցերեկուան
սաստիկ
տաքը
սկսած
էր:
Շուք
ըլլալով`
հողէ
սեթերուն
վրայ
արտը,
հերկը
չգացողները,
գիւղին
մեծերը,
տարեցները
նստեր
էին:
Մանուկին
մինթանը
քակուած,
կուրծքը
մինչեւ
փորը
բաց,
քրտինքը
թարթիչներէն
կը
վազէր,
ու
ամիսներէ
ի
վեր
չսափրուած
կերպարանքը
տեսնելով`
Հայնենց
Կարապետ
աղան
յանդիմանեց
զինքը.
«Ծօ՛,
Մանուկ,
ատ
ի՞նչ
հալ
է,
մազդ
մօրուքդ
աղէկ
մը
իրար
անցէր,
երթալով
թեղուտցի
Գարեգինը
կը
դառնաս»`
ըսաւ:
Բայց
Մանուկ
չթողուց,
որ
խօսքը
աւարտէր
ու
լուրը
հաղորդեց.
—
Տեմուրճենց
հարսը,
Կաւին
Դարը
մեռեր
է,
լեռը
վրան
փլեր
է,
տակը
մնացեր
է,
—
ըսաւ:
Յանկարծակիի
եկան
ամէնքը:
Կարապետ
աղային
խօսքը
բերանը
մնաց:
—
Եա՜…
ատ
չեղաւ…
կը
տեսնէք
հիմա
եղածը,
—
ըսին
իրարու,
—
Հիմա
Տեմուրճենց
տունը
տակնուվրայ
պիտի
ըլլայ:
Տուներնին
էրիկ
մարդ
ալ
չիկայ,
ոչ
պարնտատը,
ոչ
էրիկը:
Կեսուրն
ու
տղաքն
են:
Ինտո՞ր
հիմա
լուրը
պիտի
տանք,
ո՞վ
պիտի
երթայ
լուրը
տայ:
Ամէնքը
իրենց
մտածածները
ըսին:
Քանի
տարին
անգամ
մը`
փորձանքը
պակաս
չէ
աս
Կաւին
Դարէն:
Վիրայ
կը
փլի:
Աս
անգամ
մահ
ալ
եղաւ:
Ամա
կաւը
չերթան,
կաւը
չի
ղրկենք`
ի՞նչ
պիտի
ընենք,
ինչո՛վ
մեծ
պզտիկ
գլուխնին,
ծամերնին
պիտի
լուան,
ամէն
առտու
աղբիւրը
ի՞նչ
պիտի
տանին`
տղոցը
շորերը
մաքրելու
համար:
Սապոնով
հո՞ւն
կ՚ելլուի:
Տանտէրը`
Շեխ
կնիկը,
որ
դուրսը
էրիկմարդոցը
խօսածները
իմացաւ,
դուռը
եկաւ
ու
ափսոսաց.
«Վա՛խ,
վա՛խ,
վա՛խ…
վա՜խ…,
—
ըսաւ,
—
տահա
աս
առտու
էր`
կուժը
շալակը
մեր
դռնէն
անցաւ…
ծոցաւոր
ալ
էր,
ետքի
ամիսին
մէջ
ալ
էր…
երկու
հոգի
մէկէն
մեռան,
մարն
ալ,
բերելիք
զաւակն
ալ»:
Էրիկմարդիկը
բարկացան
իրեն.
«Շեխկնիկ,
դուն
ալ
ելեր
ես`
բերելիք
զաւակը
կը
մեղքնաս:
Թող
մարը
ազատէր
տէ,
զաւակն
ալ
թող
աշխարհք
չգար:
Երիտասարդ
էր,
մարը
թող
մէկ
մըն
ալ
բերէր»
ըսին:
Հոն
եղող
երիտասարդներուն`
Գառնիկին,
Կարապետին
դարձան
ու`
«Տղաք,
խոտը
չէք
երթար,
հերկը
չէք
երթար,
գործերը
ձգէր
էք
տանը
կնիկմարդոցը
վրայ,
պոյպեկիի
պէս
կը
պտտիք
գիւղը:
Պոյ
մը
մինչեւ
Կաւի
Դարը
երթայիք,
աղէկ
մը
հասկնայիք`
ինչ
որ
եղեր
է,
ի՞նչ
եղեր
ու
մեռեր
է,
լուր
մը
բերէիք
մեզի»
ըսին:
Տղաքը
գացին,
կարելի
է`
դեռ
Կզնակի
աղբիւրը
չհասած,
Քորճայենց
Առաքելը
եկաւ
հերկին
դարեն,
հերկուորի
տրեխներով,
ու
—
Ինչ
է
նէ,
ինչ
է
նէ,
–
ըսաւ,
—
ամէնուս
ալ
անցած
ըլլայ:
Տեմուրճենց
հարսը
Կաւին
լեռը
հողերուն
տակէն
ազատեցինք,
ջորիով
տուն,
բերինք,
եկայ
ձեզի
լուր
տալու:
—
Ի՞նչ
կ՚ըսես,
աղբար,
—
պատասխանեցին
էրիկմարդիկը
ամէն
կողմէ,
որունի՞դ
ըսածին
հաւտանք,
Պեկիշենց
Մանուկը
եկաւ
ըսաւ,
թէ
մեռեր
է,
դուն
կ՚ըսես
տուն
բերինք:
—
Մանուկը
ի՞նչ
գիտէ,
լուրը
ես
տուի
Սարդըխը
արտ
հերկողներուն,
«մեռած
չէ»
ըսի:
Ալ
չեմ
գիտէր,
ո՞վ
սխալ
լսէր
է,
«մեռած
է»
իմացեր
է:
Ինծի
չէք
հավտար
նէ,
գացէք
Տեմուրճենցը`
աչքովնիդ
տեսէք:
Ամա`
մազ
մը
մնացեր
էր
մեռնելուն,
չհասնելու
որ
ըլլայինք:
Ապրելիք
օր
ունի
եղեր:
Լեռան
շատը
իր
վրայ
չէր
քալէր:
Մէկ
մըն
ալ
որ`
էնթարիին
փէշը
դուրս
մնացեր
էր:
Չէ
նէ
ինտո՞ր
պիտի
գտնէինք
ուր
ըլլալը»:
*
*
*
Այս
պատմածներս
պատմուածք
շինելու
համար
ստեղծագործութիւն
մը
չէ:
Կաւին
Դարը
հողին
տակը
մնացողը`
Տեմուրճենց
հարսը,
իմ
մայրս
է:
Ինձմով
իր
վերջին
ամսուան
մէջ
յղի
եղեր
էր:
Դէպքէն
քսանըհինգ
օր
վերջը
ես
աշխարհ
եկեր
եմ:
Բառ
առ
բառ
իմ
պատմութիւնս
է
աս: