Արմտան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՃԵՐՄԱԿ ՑԱԽԱՒԵԼԻ ԹՈԻՓԵՐԸ

Գիշեր մը Խոյի տղոցը պատահածը կը պատմեմ:

Ատ գիշերը Պալենց Գալոսը լեռը փայտը երթալու համար ջորին ախոռէն հանեց, հետը տանելիքները` կացինը, յօտոցը, պարանները ամուրցուց համետին, ցատկեց վրան, հեծաւ ու ճամբայ ելաւ: Տրամադրութիւնները աղէկ էին, ինչպէս կ՚ըլլան երբ մարդու մը ամէն ինչը կարգին է: Միտքը դրած էր, թէ լեռան ո՞ր տեղէն պիտի զատուէր փայտուորէն, թէ աչքովը որոշած ո՞ր կաղնիները պիտի կտրէր: Ամենէն քիչը` երեք օրուան տունը կրելիք փայտ պիտի հանէր ատ ծառերէն, ամէն մէկը իր ուզածին պէս բեռներ ընելով: Մէկու մը չպիտի ըսէր իր մտքինը: Ատ գիշեր նորէն առաջին փայտուորը ինք էր:

Ծխել մը եկաւ մէջէն, ինչպէս կուգայ, երբ գոհունակութիւն մը կը զգանք` լաւ բան ըրեր ենք, կամ պիտի ընենք: Ջորին կեցուց, ճիկառա մը փաթթեց, վառեց ու Լեռբենդեր եկաւ: Անանկ ալ լուսինով գիշեր մըն էր, որ գետինը, հողերուն մէջ ասեղ մը ըլլար` կը փայլէր, ու ոչ միայն ճամբուն երկու եզերքի բեմկիի, գինձի ոչխարներէ կրծուած գաճաճ ծառերը, ոչ միայն լեռան կողերուն աղուէսի՞ էին, խլուրդի՞ էին, օձի՞ էին` կլոր ծակերը, այլ որչա՞փ հեռու էին Քաջտանին Քարերը, Աւերակ բերդը, անոնք անգամ` հատ-հատ կ՚որոշուէին:

Մաշաթի կիրճը մտաւ, ու երբ ամէնէն նեղ տեղը եկաւ, մէկեն թօթուըւեցաւ վախէն ու, սանձը քաշելով, ջորին կեցուց: Ճամբուն չաթը երկու արջեր, իրարու դիմաց` դունչ դունչի տուած, կը քնանային: Ասանկ ահաւոր արջեր Գալօս կեանքին մէջ տեսած չէր: Իրենց լեռները իրեն հանդիպածները քոթոթ անգամ չէին ասոնց քովը: Ի՜նչ մազոտ գլուխներ ունէին, ի՜նչ խոշոր ականջներ: Ուրկէ՞ եկած էին արդեօք ասոնք: Գէշը հոն էր, որ ճամբան ալ փակեր էին: Ինչպէ՞ս պիտի երթար: Վրանին կոխելով անցնիլը պէտք էր:

Անշարժ մնաց ջորիին վրայ: Ի՞նչ ընելու էր: Շատ մինակ էր: Թող որ մինակ չըլլար, երկու հոգի ըլլային, ի՞նչ կրնային ընել: Երկու չէ, չորս ըլլային, ութը ըլլային, ի՞նչ կրնային: «Մեր վրայ գալու ըլլան, մեր չորսը, հինգը մէկ թաթով գետին կը փռեն, մեզ իրենց տակը կ՚առնեն» մտածեց: Սպասեց, մինչեւ որ տղաքը գային, միասին կարելի է` խելք մը խորհէին: Ամենէն առաջ Շատենց Թորոսը եկաւ, կարճահասակը, լայներեսը, իր իշուն վրայ նստած:

Ինչո՞ւ կեցէր ես, չես երթար, հարցուց:

Գալօս մատը բերնին վրայ դրաւ: Թորոս հասկցաւ, թէ «մի խօսիր» ըսել կ՚ուզեր: Էշէն իջաւ ու քովը փութաց:

Ի՞նչ կայ, ինչո՞ւ մի խօսիր կ՚ըսես, հետաքրքրուեցաւ:

Գալօս քնացող արջերը ցուցուց մատովը, ու հակառակ որ գազանները խել մը հեռու էին իրենցմէ ու կը քնանային, Թորոսին ականջին ծռեցաւ`

Կը տեսնե՞ս, կը քնանան, թող չարթննան, փսփսաց:

Թորոս ինքն ալ տեսաւ ու ստուգեց: Այո, ճիշդ էր, երկու արջերը կը քնանային:

է, հիմա ի՞նչ պիտի ընենք, Գալօս աղբար, ի՞նչ կ՚ըսես դուն, ըսաւ ու Գալոսէն խելք մը սպասեց:

Գալօս չպատասխանեց, շրթերը սեղմեց, ինք ալ չէր գիտէր: Թորոսին հասակին նայեցաւ միայն:

Իր ջորիին վրայ նստած, երկու սրունքները երկու կողմէն կախած, ինքնիրեն հարէն կանչելով, ցանոտ երեսներով, կարմիր մորթով Տանձեցի Ովակը կիրճը մտաւ: Ջորին իրը չէր, Դաւթենցն էր, անոնց տունը մշակ էր, անոնց փայտը կը բերէր: «Աղջիկ կարմիր, վարդ ի՞նչ ես կորուսէր»ը կը կանչէր, Զատկուան կալերը կանչուած երգերէն: Ո՞ւր է աղջիկը կ՚ըսէ. «Մատիս մատնին եմ կորուսէր, կուլամ, կուլամ, ժուռ կուգամ»: Տղան կ՚ըսէ. «Եկ իմ ձիս, եկ իմ ձիս, ձիակ, ձիակ եկ ժուռ գանք»: Աղջիկը կ՚ըսէ. «Ես աղջիկ, դուն տղայ, ինտո՞ր քու ձիդ գամ»: Ձայնը կը լեցնէր կիրճը:

Գալօս բարկացաւ: Արջերը պիտի արթնցնէր հիմա: Թորոսին ականջին փսփսաց`

Ծօ՛, աղբար, գնայ սա Տանձեցի աղուն, Ովակ է, ի՞նչ է, ըսէ` ձայնը կտրէ: «Աղջիկ կարմիրին» ալ քֆրել պիտի տայ ինծի, «Մատիս մատնիին» ալ, կրնայ որ գազանները արթնցնէ, մեր վրայ դարձնէ:

Թորոս վազելով գնաց, Ովակին ջորին կեցուց ու հասկրցուց: Ովակ եկաւ, ինք ալ տեսաւ արջերը ու շուարեցաւ:

Վա՛յ մարիկ ու տատիկ, խելքիս պիտի գայ, ըսաւ ցած ձայնով: Ծօ աս ի՜նչ արջեր են, ծօ ասոնք մարդու վրայ գալու ըլլան` մարդ կը դիմանա՞յ ասոնց: Մեր լեռները ասանկ արջեր չկան, ուրկէ՞ եկեր են, կ՚ըսէք, ասոնք: Ծօ, ի՜նչ խոշոր գլուխներ, ինչմե՜ծ կռնակներ ունին: Նայեցէ՛ք, նայեցէ՛ք:

Փայտուորը Լեռբենդերի գագաթէն երեւցաւ: Մէկ-մէկ իջան, էշերով, ջորիներով, ոմանք քալելով, ուրիշներ համետներուն վրայ նստած: Փայտի ճամբան, ամէն գիշերուան պէս, ոգեւորուեցաւ նորէն: Չկար երգ, որ չերգէին: Խաղ կ՚ըսես, հարէն կ՚ըսես, շէր կ՚ըսես, մանի կ՚ըսես: Լեռ ու ձոր երգ կտրեցաւ:

Գալօս ինքզինքը կերաւ. աս տղաքը պիտի արթնցնէին, ոտքի հանէին արջերը: Թորոսն ու Ովակը ղրկեց տղոցը առջեւը: Եւ իրաւ ալ` երգերը մէկէն լռեցին:

Տղաքը եկան, իրենք ալ տեսան արջերը: Պեկիշենց Յովսէփը նոյնիսկ արջին մէկուն արթնցած ըլլալը, ելլելն ու նստիլը ստուգեց: Խանըմենց Պօղոսը միւս արջին` գլուխը վերցնելով, իրենց կողմը նայելուն վրայ պնդեց:

Հիմա ի՞նչ կ՚ըսէք, տղաք, ի՞նչ պիտի ընենք, ինտո՞ր պիտի փախցնենք ու անցնինք աս տեղէն, ըսին իրարու:

Խանըմենց Պօղոսը առաջարկեց, որ տուն դառնային: Մէկբերան մերժեցին: Իրենց արժանապատուութիւնը կար։ «Որ գիւղացիները ետքը իրենց վրայ խնդայի՞ն»: Ակնցոնց Պօղոսը «տղաք, քարօտենք, խոշոր քարեր, կոկաններ, գլլաներ նետելով փախցնենք» ըսաւ: «Որ դառնան մեզի, մեր վրայ վազեն, բռնածնին բզքտեն, հա՞» պատասխանեցին: Թեւոյին Կարօն` «Մէկ ձայն պոռանք, շուներու պէս հաջենք, վախցնենք» ըսաւ: Ատ խելքի մօտ գտան: Արջերուն դառնալով «վու՛հ, վու՛հ, վու՛հ, վու՛հ… վա՛հ, վա՛հ, վա՛հ վա՛հ» հաջեցին: Այդչափ հաջելնուն` արջերը իրենց տեղերէն չշարժեցան անգամ: Լորամուին Արութին ըսածը ամէնէն բանաւորը գտան: «Տասնըչորս հոգի ենք, ըսաւ, տասնըչորս ալ էշ, ջորի կան: Եկէք էշերը, ջորիները առջեւնիս ձգենք, մենք ալ կացինով ետեւնուն քալենք: Արջերը ջորիներուն, էշերուն որ յարձակին, մենք ալ մեր կացիններովը անոնց վրայ յարձակինք, սպաննենք»:

Եւ ըրին: Կացիններուն բերանը պատրաստ, «լուսին չկար, մութ գիշեր էր» երգելով, քալեցին ջորոցը ետեւէն:

Արջ-մարջ չկար:

Արջը ուրկէ՞ պիտի ըլլար հոդ:

Եղածը ճերմակ ցախաւելի երկու թուփեր էին: Հաստ ցօղունները կտրէր, տարեր, ճերմակ թուփերը ճամբուն վրայ նետեր էին: Ո՞վ: Ո՛վ գիտէ` ո՞վ: Խոյի փայտուորը վախցնելու համար խա՞ղ մը ըրեր էին: Ոչ անշուշտ, բայց լուսունկի լոյսին մէջ թուփերը, որոնք մեծկակ ալ էին, արջեր երեւցեր էին իրենց:

Գիւղին մէջ զիրենք չծաղրող չմնաց, երբ իմացան պատահածը,

Ծօ, ի՜նչ ճիվերիս էրիկմարդիկն էիք, որ ցախաւելի ճերմակ խոտերը արջ գիտցաք ու վախցաք. ծօ, մարդ քիչ մը կը մօտենայ, կքննէ, թէ` ինչո՞ւն ինչն է, ըսին:

Իսկ շրջակայ գիւղերուն մէջ`

Խոյի տղոցը պէս թուփերնուդ մի հաջէք, գիտէք, չգիտէք` կը խօսիք, կ՚ըսէին իրարու ամէն անգամ, որ վէճ մը կը ծագէր ու առանց ստուգելու թեր ու դէմ կը վիճաբանէին: