ՔՈԻՆԳԼՈԻԽ
Յակոբ
Մարթաեանին
իր
գործին
դիմաց
հիացումովս
Առտու
ըլլալու
դեռ
շատ
կար,
երբ
Օղիկին
Արութը
աղօնին
մնացած
բեռները
երկու
էշերուն
բեռցաւ
ու
ջաղացքէն
բաժնուեցաւ:
Գետը,
որ
արդէն
աղէկ
մը
ցամքէր
էր,
անցաւ,
ու
քարէ
քար
կոխելով
դէմի
ափը
ելաւ:
Քնատ
էր:
Աղալու
կարգը
իրը
ըլլալուն,
երկու
օր
է`
ոտքի
վրայ
եղած
էր,
չէր
քնացեր:
Լեղիակի
ձորը
քունը
բոլորովին
ծանրացաւ
կոպերուն,
աչքերը
չէին
բացուէր:
Մեծ
իշուն
պոչէն
բռնեց,
որ
չիյնար
ու
թողուց,
որ
տանէ
զինքը:
Ատկէ
ետքը
ալ
ուր
երթալը
չգիտցաւ:
Ձորին
մէջ
մաղուած
ալիւրի
պէս
աւազ
մը
կար
եւ
այնքան
շատ,
որ
էշերուն
քայլերը
թաղուեցան
ու
ելան:
Արութն
ալ
անոնց
պէս
իջաւ
ու
ելաւ,
ու
աչքերը
գոց,
անոնց
ետեւէն
քալեց:
Ձորը
վերջացաւ:
Զառիվերին
ոլորապտոյտները
յաջորդեցին:
Էշերը,
լեռան
ոլորումներուն
հետեւելով,
գագաթը
հասան:
Երկու
ճամբայ
կային
իրենց
առջեւը:
Մէկը
Ապուշտայի
բարձունքներուն
տակէն,
միւսը`
սուրբ
Եղիայի
ուղղութիւնով
կ՚երկննային:
Էշերը
գիտէին
իրենց
երթալիք
կողմը,
ու
առանց
վարանելու`
թեքուեցան
իրենց
աջին:
Արտերու
մէջէն
ալիւրի
բեռներով
գացին,
գացին,
ինք
ալ
իշուն
պոչը
թող
չտալով
գնաց,
գնաց
անոնց
ետեւէն:
Երկու
անգամ
կամուրջներն
անցան.
էշերը
կը
տեսնէին,
թէ
վարը
ձորեր
կային,
ջուրերը
կը
վազէին:
Արութ
ասոնք
չգիտցաւ
անգամ:
Գիւղ
մտան:
Էշերը
ընկուզենիներու
տակի
Մաղիկանց
փողոցը
չդարձան:
Սուրբ
Թորոսի
քովէն,
Թումասենց
բակին
ու
տան
աոաջքի
սալայատակը
ելան:
Հոնկէ
վար
իջնելուն
իշուն
ոտքը
գայթեցաւ:
Մազ
մնաց`
ալիւրի
բեռնով-մեռնով
պիտի
իյնար,
շուտ
ինքզինքը
բռնեց
ու
շտկուեցաւ:
Արութն
ալ
իշուն
վրայ
պիտի
իյնար,
բայց
չպատահեցաւ
ատ,
կզակը
իշուն
քամակին
զարնուեցաւ:
Աչքերը
չբացաւ
անգամ:
Էշերը
իրենց
աջակողմի
Կոչենց
փողոցը
չմտան:
Ոչ
ալ
աւելի
առաջ
Կորջայենց,
ու
ձախի
Թեւոյին
նեղ
փողոցը
դարձան:
Ճիշտ
իրենց
տան
առջեւը
կեցան:
Ալ
քայլ
չնետեցին:
Սպասեցին,
որ
դուռը
բացուի,
գան
ու
իրենց
կռնակի
բեռները
վար
առնեն:
Արութն
ալ
էշերուն
հետ
սպասեց,
աչքերը
միշտ
գոց:
Էշը
հազաց:
Չարդախէն,
ուր
տղաքը,
մամերնին,
մայրերնին
կը
քնանային
իրենց
անկողիններուն
մէջ,
չարթնցան:
Ամենէն
վերջը
տղոցը
մայրը`
Բարիկանց
Աղջիկը
արթնցաւ,
կեսրոջը`
—
Խաթումար,
-
ըսաւ,
—
գիտես
թէ`
բեռները
եկան:
Կեսուրը
գլուխը
չվերցուց:
Պառկած
տեղէն
պատասխանեց.
—
Ո՞ւր
է
եկան,
Արութը
ըլլար`
չէ՞ր
կանչեր,
թէ
վար
եկէք:
Քունիդ
մէջ`
քեզի
անանկ
եկաւ:
Տղաքը
կը
քնանային:
Հարս
ու
կեսուր
լռեցին:
Էշը
տեղ
փոխեց:
Մանուկանց
պատին
կռնակը
դարձուց
ու
կեցաւ:
Արութն
ալ
հետը
դարձաւ,
իշուն
պոչը
ամուր
մը
ափը,
ու
նորէն
գլուխը
իշուն
քամակին
վրայ
կախած,
քնացաւ:
Էշը
երկրորդ
անգամ
մըն
ալ
հազաց,
պայտը
գետին
քարին
զարկաւ
ու
ձայն
հանեց:
—
Խաթումար,
—
կրկնեց
հարսը
կեսրոջը,
—
ջաղացքէն
իրաւ
եկած
են,
էշը
հազաց:
Նալը
գետինի
քարին
զարկաւ,
չլսեցի՞ր:
—
Եկեր
են
նը`
վար
իջիր,
դուռը
բաց,
նայէ,
ի՞նչ
ընեմ,
—
պատասխանեց
կեսուրը,
չհաւատալով
հարսին:
Բարիկանց
Աղջիկը
վար
իջաւ,
դուռը
բացաւ
որ
բեռները
իրաւ
եկեր
էին,
Արութն
ալ
գլուխը
կախէր
էր
իշուն
քամակին
վրայ:
—
Եկեր
ես,
ձայն
ալ
չես
ընէր:
Չկանչե՞ս,
թէ
եկանք,
վար
իջէք,
—
յանդիմանեց
կինը
էրիկը:
Արութ
չպատասխանեց:
Կինը
քովը
գնաց:
—
Աչքերդ
ալ
գոցեր
ես:
Իշուն
ագին
ամուր
մը
բռնէր
ես:
Մտքի
վրայ
կը
քնանա՞ս,
ի՞նչ
կ՚ընես,
—
ըսաւ,
էրկանը
թեւին
զարնելով:
Հը՜…—
ըրաւ
Արութ:
Բեռները
վար
առնենք,
ներս
տանինք
տէ,
գնայ,
պառկէ,
—
ըսաւ
կինը:
—
Ջաղացքէն
մինչեւ
հոս
ինտո՞ր
քուն
գլոխով
քալեցիր:
Աչքերդ
բաց:
—
Հը՛…—
ըրաւ
Արութ:
—
Հը՛ն
ի՞նչ
է:
Չխօսի՞ս:
Աչքերդ
չբանա՞ս։
Գինո՞վ
ես,
ի՞նչ
ես:
Գինիի,
ճերմակ
ջուրի
հոտ
ալ
չգար
բերնեդ:
Լուսցաւ,
առտու
եղաւ:
Գալենց
Ակոբը`
Ռահաթին
տղան,
որ
Բարիկանց
Աղջկանը`
Մարոյին
քոյրը
առած
քեռայրն
էր,
տրեխւորեր
էր
ու
իրենց
Առվտակի
արտը
վարելու
կ՚երթար,
քովերնին
եկաւ:
Երկուքը
ի՞նչ
ըրին,
չկրցան
արթնցնել
Արութը:
Իզուր
տասն
անգամ
«պաճօ՛»,
«Արու՛թ»
կանչեց
Ակոբ:
—
Հը՛…—
կ՚ընէր:
Միայն,
անգամ
մը.
—
Գացէք,
մի
դպիք
ինծի,
—
ըսաւ
ու
նորէն
աչքերը
չբացաւ:
—
Երկու
տարի
առաջ
ալ
ասանկ
ըրաւ,
ըմը,
արթնեցուցինք
ետքը,
հիմա
ի՞նչ
կ՚ընեմ`
չարթննար,
էնիշտա,
–
ըսաւ
Մարօն:
Քէնի
ու
քեռայր,
ուրիշ
ճար
չգտնելով,
դռան
ետեւը,
շուաքը,
մթել
մը
փռեցին,
թեւէն
քաշելով,
քաշքշելով
պառկեցուցին,
բեռերը
վար
առին,
էշերը
ախոռները,
իրենց
մսուրները
կապեցին:
Տղաքը`
Սերօն,
Օննօն,
Հեղնուկը
ձայներէն
արթնցան,
զարմացան
իրենց
հօրը
շուաքը
պառկիլը
տեսնելով:
—
Ինչո՞ւ
տեղը
չէ
պառկէր,
հոս
պառկէր
է
հայրիկը,
—
հարցուցին:
—
Լաթերն
ալ
չէ
հանէր,
—
նկատեց
Հեղնօն:
Մայրերնին
սաստեց
զիրենք:
—
Հայտի՛,
—
պոռաց,
—
ոտքերս
մի
պլլուիք,
դուրս
գացէք,
խաղցէք,
մի
կենաք
բոլորտիքս:
Անօթի
էք
նը`
գացէք,
հացին
տարծոցէն
հաց
առէք
ու
դուրս
ելէք:
Շեխկնիկին
հարսը`
Թուրանը,
կաթը
կթոցովը
ներս
մտաւ:
Իրիկուան
ու
առտուան
կթած
կաթերուն
խապը
բերաւ:
Չորս
խապ
պարտք
ունէր:
Մարօն
կաթը
չափեց
ուռիի
փայտիկովը,
նշած
չորս
խազերէն
երկուքը
տաշեց
զմելիովը,
երկուքը
թողուց:
—
Երկուք
մնաց,
—
ըսաւ:
—
Մարդդ
ինչո՞ւ
շուաքը
պառկեցուցեր
ես,
Բարիկանց
Աղջիկ:
—
հարցուց:
—
Գիշերը
ջաղացքէն
եկաւ,
ինչ
ըրի`
տեղը
չելաւ
պառկելու.
յոգներ
եմ,
քնատ
եմ`
ըսաւ,
ես
ալ
հոս
մթել
ձգեցի,
քնացաւ,
—
պատասխանեց,
չուզելով
աւելի
մանրամասնութիւն
տալ:
Մանուկանց
երկու
տուներու
երկու
հարսները`
Դշխուն
ու
Հայկանոյշը
իրենց
խապերը
բերին:
Կթոցներով
ուղղակի
ներս
գացին,
ուր
Մարօն
ծռէր
էր,
օճախին
կրակները
կը
փչէր,
փայտերը
բռնկեցնելու
համար:
Կաթերը
չափեց,
զմելիով
փայտիկներուն
վրայ
խազերը
նշեց:
Դշխուն
մէկ,
Հայկանոյշը
երկու
խազ
առնելիքւոր
էին:
—
Մարդդ
ինչո՞ւ
հոս
պառկէր
է,
պաճըլըխ,
—
հարցուցին
երկու
ներերը:
—
Ինչ
ըրի`
վեր
չելաւ:
Ջաղացքը
երկու
օր
է`
չէր
քնացեր,
քնատ
էր,
հոս
պառկեցաւ,
—
պատասխանեց
Մարօն:
Նարվերցի
Նէնէն
եկաւ:
Ան
ալ
խապկից
էր,
բայց
խապը
չէր
բերէր:
Ներս
չմտաւ:
Դռնէն
ըսաւ.
—
Կաթի
մ'սպասէր,
Բարիկանց
Աղջիկ:
Հարսերնիս
տղայ
մը,
աղջիկ
մը
բերաւ,
երկուքն
ալ
մէկզմէկէ
սիրտ
հատցնող:
Անչափ
աղաչեցի,
եկէք
սա
ածին
կոտոշներէն
բռնեցէք,
չեկան,
չբռնեցին,
ճիվովը
անանկ
զարկաւ,
որ
կթոց
մը
կաթը
թափեց:
Տղտղկի
անանկ
տղան,
աղջղջի
անանկ
աղջիկը,
իլլէ
աղջիկը.
ջուրի
վար
տամ,
ջուրի
վեր
ժուռ
գամ,
ծախողը
տի
ծախէ,
ըմը`
վա՜յ
առնողին
գլոխին,
ատանկ
խօսք
մտիկ
չընող
զաւակներ
են,
Բարիկանց
Աղջիկ:
Ապուշ
հարսիկը
իր
խապը
բերաւ:
Տեսաւ,
որ
Արութը
պառկէր
էր
շուաքը,
կթոցը
գետինը
դրաւ.
—
Ա՛ս
ի՞նչ
է,
Բարիկանց
Աղջիկ,
—
ըսաւ:
—
Վեր
չելաւ,
Ապուշ
հարսիկ,
ի՞նչ
ընեմ,
հոս
քնացաւ,
ես
ալ
վրան
ծածկեցի,
—
պատասխանեց:
Բուն
անունը
Նունիկ
էր:
Ապուշտացի
ըլլալուն`
կը
կարճեցնէին,
Ապուշ
հարսիկ
կամ
Ապուշ
մօրքուր
կը
կանչէին:
—
Արու՛թ,
քեզի
եմ,
չելլե՞ս,
տեղդ
պառկիս,
—
ձայնեց,
վստահ
ըլլալով,
որ
իր
մէկ
խօսքը
երկու
չէր
ընէր,
կը
քաշուէր
իրմէ:
Արութ
լսե՞ց,
չլսե՞ց,
յայտնի
չէր:
Պառկուածքը
փոխեց,
երեսը
պատին
դարձուց:
—
Սիրտդ
մի
հատցնէր,
Ապուշ
հարսիկ,
չարթննար,
—
ըսաւ
Բարիկանց
Աղջիկը:
Կաթը
տալով,
դուրս
ելլելէ
առաջ`
—
Բարիկանց
Աղջիկ,
գիշերը
ճամբան
վախցած
չըլլայ
Արութը:
Աշխարհքը
չեղած
բան
չկայ,
—
ըսաւ
Ապուշ
հարսիկը,
—
Հողվրտիէն,
սուրբ
Թորոսի
դռնէն
մինչեւ
հոս,
եկած
ճամբէն
պարան
մը
պտտցուր,
տէրտիրոջը
ըսէ,
թող
գայ,
կարդալիք
մը
ընէ:
Փայտերը
բռնկեցան:
Բարիկանց
Աղջիկը
իրենց
ու
խապկիցներու
բերած
կաթը
օճախին
վրայ
դրաւ`
եռալու:
Տղաքը
քանի
չկային,
տան
ներսերը
ջրցքեց,
աւըլեց
մինչեւ
որ
կաթը
եփեցաւ,
դուրս
թափիլ
սկսաւ:
Կաթին
անուշ
բոյրը
ու
շոգին
տարածուեցան
տանը
ամէն
կողմը:
Կեսուրը`
Օղիկ
Մաման,
սխտորգուշը
բերաւ,
նստաւ
եւ
ընկոյզ
ծեծեց,
աղով,
սխտորով,
կարմիր
տախդեղով,
մինչեւ
որ
ժուր
եղաւ:
Մեծ
տապակ
մը
ձաւար
եփեց:
Ցերեկ
էր
ժուր
պիտի
ուտէին:
Ուրիշ
ի՞նչ
պիտի
ուտէին:
Փայտէ
աթոռակին
վրայ
սինին
դրին,
հացը
փշրեցին
պղնձէ
ունկվրային
մէջը,
ձաւարը,
եղած
ջուրովը,
պարպեցին
վրան,
հացերը
լխպիկ
եղան,
թանձր
ժուրը
անցուցին
երեսը,
հարսով,
կեսուրով,
տղոցմով
շարուեցան
սինիին
բոլորտիքը:
—
Արութ,
ալ
հերիք
է
քնանաս,
իրիկուընէ
ի
վեր
անօթի
ես,
ելիր,
որ
ճաշես,
—
ըսաւ
Օղիկ
Մաման`
մայրը:
—
Հը՛…—
ըրաւ
Արութը:
Բարիկանց
Աղջիկը
չեխեց
Սերոն.
—
Ադ
ի՜նչ
աղտոտ
ձեռքեր
են,
ըդ
ի՜նչ
աղտ
են,
մաղտընոս
ցանես`
կը
բուսնին,
ըդ
մատներդ
ժուրին
մէջ
պիտի
խոթէս,
հանես,
մենք
ալ
հետդ
պիտի
ուտենք,
հա՞,
գնայ
լուայ:
Սերոն
լուաց
ձեռքերը,
նստաւ
տեղը,
Արութ
չշարժեցաւ
անգամ,
իրենք
ճաշեցին:
Ճաշէն
ելան
տղաքը,
անյայտացան,
ով
գիտէ`
ո՞ւր
գացին,
հարս
ու
կեսուր,
չլուացուած
բուրդ
ու
մազ
ունէին,
քանի
ատենէ
ի
վեր
կը
մնար,
առին,
Խաչիդարի
առուն
տարին:
Բարիկանց
Աղջիկը
մինչեւ
ծունկերը
մերկացաւ,
առուն
մտաւ,
առաջ
բուրդերը,
ետքն
ալ`
այծերու
մազերը
չորս
անգամ
ջուրը
կոխեց,
թրջեց,
հանեց,
թակով
ծեծեց,
նորէն
ջուրը
կոխեց,
նորէն
հանեց
ու
ճմլեց,
ու
փռեցին,
որ
ցամքէին:
Վաղը,
արեւէն,
աղէկ
մը
որ
չորնային,
բուրդերը
ինչպէ՜ս
ճեփճերմակ,
մազերը
ինչպէս
սեփսեւ
պիտի
փայլէին:
Իրիկուն
եղաւ:
Հիմա
ուր
որ
էր`
Կապուտ
Կապանի
կողերը
պիտի
սեւնային:
Ոչխար,
ըռզակ,
գիւղ
պիտի
իջնային:
Օղիկ
Մաման
Լեղաղբիւրի
կողմը
քալեց,
ժամ
երթալու
համար:
Բարիկանց
Աղջիկը
բուրդ
ու
մազը
շալկած`
տուն
եկաւ,
որ`
Արութը
նստեր
էր
դուրսը:
—
Ելա՞ր,
-
ըսաւ
էրկանը,
–
գիշերուընէ
ի
վեր
բան
չմնաց,
որ
չընէի`
քեզի
արթնցնելու
համար:
Վար
իջայ,
որ
բեռները
եկեր
էին:
Դուն
ալ
ոտքի
վրայ
կը
քնանաս:
Ակոբը`
պաճանախդ,
ինչ
ըրաւ`
աչքերդ
չբացիր:
Նայեցանք,
որ
չըլլար,
բերինք
շուաքը
պառկեցուցինք
քեզ։
Խաշմանենց
ջաղաց
քէն
մինչեւ
տուն,
անչափ
ճամբան
ինտո՞ր
քունգլոխ
քալեցիր:
Քալելով
մարդ
կը
քնանա՞յ:
Չնայի՞ս,
աչքերդ
կոկան-կոկան
են
եղեր:
Արութ
բարկացաւ.
—
Կը
քնանամ…
քնացայ…
բան
մը
եղա՞ւ…
Որո՞ւ
ինչ
եղաւ,
ծօ՛…—
ըսաւ
կնոջը
ու
աւելցուց.
—
Հայտի՛,
հայտի՛,
շատ
խօսեցար,
հերիք
խօսիս,
առ
թապախաս,
ա՛ռ,
թիւթիւն
լեցուր
ու
բեր:
Ու
ծխատուփը
երկարեց: