Արմտան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՀԱՐՈՆԻՆ, ՄԱՐՈՅԻՆ ՊԱՏՄՈԻԹԻՒՆԸ

Մուշէենց պէս` Ահարոնենք ալ մեզի պատկից էին: Մուշէենց տունը մեր մարագին ու ախոռին, Ահարոնինը` մեր բակին հետ, պատ պատի էինք: Մուշէենք չարդախ մըն ալ ունէին իրենց երդիքը, մէջը օճախով մը, ամառը մինչեւ աշնան ետքի Խոյի, Ավըրայի ամիսները հոն կ՚եփէին, կը թափէին, հոն կը պառկէին, կ՚ելլէին, հաց եփելէ հաց եփել միայն իրենց վարի տունը կ՚իջնային ու թոնիրը կը վառէին, որ ըսել է` ամիսը անգամ մը միայն, որովհետեւ մենք ամիսը անգամ մը ամսուան մը բաւելու չափ հաց կ՚եփէինք ու տարծոցը պարաններէն կը կախէինք, որպէսզի չորնային, ետքն ալ, ամէն ճաշի` որչափ պէտք էր, ջուր կը ջրցքնէինք, սալային մէջ իրարու վրայ կը շարէինք ու վալայով մը կը ծածկէինք, բամբակի պէս կը կակուղնային, սեղան կը բերէինք: Ալ ուրիշ գործ չունէինք` ամէն օր մենք թոնիր պիտի վառէինք ու հաց պիտի եփէի՞նք:

Ահարոնենք երդիքը չարդախ չունէին, բայց պէտք ալ չունէին: Տունն ու բակը կը բաւէր իրենց: Բակին ետեւը ախոռ ու մարագ ունէին` կովը, էշը կապելու, յարդ ու խոտ լեցնելու, տունն ալ ալիւրի, ցորենի անպար ու կրակ վառելու օճախ կային: Հաց եփելու թոնիր ալ ունէին: Լաց ալ չեփէին, չուլերով, կապերտով լաւ մը կը տոշկէին ու կը նստէին: Ձմեռներն ալ փայտ կը վառէին մէջը, քիւրսիւ կը դնէին վրան ու բոլորուելով կը տաքնային: Պատուհանը պզտիկ ըլլալով` չէր լուսաւորուէր, մութ կ՚ըլլար տունը, բայց շատ լոյսը ի՞նչ պիտի ընէին, այդքանով ալ իրար կը տեսնէին: Ուզելու ըլլային` դուռը կը բանային, լուբլուս կ՚ըլլար ներսը: Ամառները արդէն ներսը ո՞վ կը նստէր, բակը բաց տեղը կը նստէին, բակը կ՚ուտէին, բակը կը պառկէին:

Ահարոնը չեկած, Մարոյին հետ չկարգուած, Մաղիկ Մաման ու տղան Գարեգինը կային: Տունը անոնք կը բնակէին, անոնցն էր. Գալենք կ՚ըսէին, Գալենց` իրարմէ զատուած տասներկու տուներէն մէկն էր: Գարեգինին հայրը, մենք չգիտէինք ե՞րբ մեռած էր, մօրն ալ, Մաղիկանց աղջիկ ըլլալով, Մաղիկ Մամա կը կանչէինք: Մօրը բուն անունը Իսկուհի էր, երեք վանկով ու երկայն ըլլալով` Ուսկութ Մամա կ՚ըսէին, բայց Մաղիկ Մամա կանչելը մեզի աւելի դիւրին կուգար: Անոնք Մուշէենց տանը ետեւը երկրորդ տուն մըն ալ ունէին, բայց չգիտէինք ինչու մէջը չէին բնակէր, խոտ, յարդ ու աւելորդ բաներ կը լեցնէին: Մենք ալ, տղաքս, անոնց այդ երդիքը մեր բոլորտիքի երդստաններուն բերդը, այսինքն մեր «Գերի Առնել», «Կաղն ի Կրունկ», «Գալ ի Պարան», «Խարազան» խաղերուն կեդրոնը ըրեր էինք: Ետքն ալ այդ երդիքը, այսինքն տանիքը, չոքեցաւ, արգիլեցին մեզ հոն խաղալու: Ատոր ալ պատճառը տանը չնայուիլը եղաւ: Գարեգինը հիւանդոտ էր, մայրը` Մաղիկ Մաման ալ առողջ մը չէր, ո՞վ պիտի նայէր: Մեր երդիքները շատ հաստատուն էին, ինչու որ` շատ հաստ սիւներու վրայ կեցուցուած էին, սիւներուն վրայ, քանի տեղ հեծան, անոնց վրայ` պատէ պատ գերաններ, գերաններուն միջեւ` դարձեկներ, մարդակներ երկնցուած, ու այնքան կը կպցնէին իրարու, որ փակածի պէս կ՚երեւնային. անոնց վրայ որթոտով, չոր սէզերով կը ծածկէին, սէզերուն վրայ հաստ ծեփ մը կը քաշէին ու այս ամէնուն վրայ ծնկաթաղ մը հող կը լեցնէին, ձիւն մը տեղար` անմիջապէս կ՚ելլէին, կը քերէին, կ՚աւլէին, անձրեւ մը գար ետեւէն, նորէն անմիջապէս կ՚ելլէին մրեղ, այսինքն` յարդափոշի մը կը ցանէին ու կը լողէին, ալ ադ երդիքները ի՞նչ կ՚ըլլային: Շաբաթ մը, գիշեր-ցերեկ, անձրեւ տեղար` մեր տուները չէին կաթեր, ջուրերը կը հոսէին, կ՚երթային: Հարսնիքները երդստանը կ՚ընէինք, այնքան հարսնեւորները լման շաբաթ մը կը ցատկէին, կը խաղային, կը պարէին, տունը ամենեւին չէր երերար, հող մը, փոշի մը չէր իյնար, տակը եղողները խորունկէն զուռնային, տաւուլին ձայնը կը լսէին միայն: Բայց երբ ձիւնը իջնայ չքերուի ու հալի վրան, անձրեւը գայ ու ջուրերը լճանան, լողող չըլլայ ու տարիներով շարունակուի, այդ տունը ի՞նչ կ՚ըլլայ. կը փլի, մեր արմտաներէնի մէջ աւերակին բապպոս կ՚ըսենք, բապպոս կ՚ըլլայ, ինչպէս որ եղաւ:

Մեր քովի տունը աղէկ էր, բան մը չունէր, ինչու որ կը նայուէր: Մուշէին մայրը` Հայան հարսիկը, իրենց ձիւնը քերելու ըլլար, անոնցինն ալ կը քերէր, իր երդիքը լողելու ըլլար, անոնցինն ալ կը լողէր` իրենցինին հետ միակտուր ըլլալուն: Բայց տունը մինչեւ ե՞րբ այսպէս պիտի երթար. չարքաշ հարս մը, բան բանող մը, տունը դարձնող մը կ՚ուզէր: Մաղիկ Մաման չէր կրնար, դրացիները հաւաքուեցան, գիւղին աղջիկներուն մէջէն Մարօն յարմար գտան ու Գարեգինին առին: Ու… տնէ, դռնէ հեռու ընէ ասանկ դժբախտութիւնները. պսակէն երկու շաբաթ ետքը Գարեգինը հիւանդացաւ, չաղէկցաւ, մեռաւ, վրայէն երեք ամիս մը անցաւ, Մեծ Պահքի Աւագ Շաբթուն Մաղիկ Մաման ալ մեռաւ: Մարօն, երկու շաբաթուան նոր հարս, դռանը ետին այրի ու անտէր մնաց: Ուրիշ տեղեր կին մը, նման կացութեան մը մէջ, մօրը տունը կը վերադառնայ, մեր գաւառը աղջիկ մը հարս երթայ ու պատահի, որ ամուսինը մեռնի ու այրիանայ, չի դառնար, կամ` եղած բան չէ, որ իր հօրենական տունը դառնայ, անզաւակ անգամ ըլլայ, մինչեւ իր մահը` կեսրոջը տունը կը մնայ, եթէ ուզող մը, առնող մը չելլէ:

Գալենց Գարեգինին դուռը չգոցուելու, տունը նորէն շարունակուելու համար, գիւղը, ինչպէս ամէն վերջացող տանը կ՚ընէ, Հասանավայեն տղայ մը` Ահարոնը, բերաւ ու Մարոյին հետ պսակեց: Ու, ինչպէս` աղջիկ մը իր մականունը կը թողու, իր ամուսինին` իր առած տղունը կ՚ընդունի, ու ատոր հակառակը, ինչպէս ամէն տնփեսայ գացող, մեր մէջ իր փեսայացած տան մականունովը կը կանչուի, Ահարոնն ու Մարօն Գալենց Ահարոնն ու Մարօն եղան: Կարեւորը մեզի համար սերունդին շարունակութիւնը չէր, տունն էր, օճախը չմարիլը, մէջը մարդ ըլլալը, անունը չկորսուիլն էր:

Մարօն ալ, գիտէ՞ք ով էր, մամուս պէս` Տէրտիրանց աղջիկ էր, մամուս հօրքուր կ՚ըսէր, մօրս` հարսիկ, ինծի ալ աղբար: Մամուս աղբրորդին էր, Տէրտիրանց Տէր Պօղոս քեռիիս եղբօրը` Մինաս քեռիին առած հինգ կնիկներէն` երկրորդէն ծնածը: Պատմած էի ձեզի, արդէն, Մինաս քեռիիս հինգ կնիկները. ինչպէս` առաջինը գիւղէն էր, Պեկիշենցմէ, անկէ երկու աղջիկ ունեցաւ, մայրերնին մեռաւ, երկրորդը Մարոյին մայրն էր, Լիճքէն էր` Լճացին, անկէ Մարոյով երեք աղջիկ ունեցաւ, ծանրաշարժ մը, ծոյլ մը, ան ալ մեռաւ, երրորդը` Տանձիէն էր՝ Տանձեցին, չարքաշ, բան բանող, Կապանին գահավէժներէն վեր ելլելուն` գլորելով գլուխը ջախջախուեցաւ. չորրորդը Թեղուտէն էր, անոր չափ երկայնահասակ կին չկար մեր գաւառը, անունը Խեյրաթ էր, Խեյրօ քեռկին կը կանչէինք, զիս աչ շատ կը սիրէր, բայց շատ կծծի էր, աղը տասնըհինգ փարայ էր, փարայով աղ չառնելու համար Զեհմերիի մէջ երկու ժամուան ճամբայ` Սիմայի աղջուրի աղբիւրը աղջուր բերելու գնաց, սառէցաւ: Բերին ախոռը, աղբը թաղեցին, չաղէկցաւ մեռաւ: Հինգերորդը Մեծ Գեղէն Ոսկեկ քեռկինս էր. աս ամուսնութեանը Տէր Պօղոս քեռիս շատ ընդդիմացաւ, «չեմ պսակէր, ըսաւ, գաւառին մէջ քեզի պէս մըն ալ կա՞յ, չե՞ս ամչնար դուն, հինգ անգամ կարգուող մարդ կ՚ըլլա՞յ»: Մինաս քեռիս պնդեց. «դուն քու տէրտէրութեանդ խառնուէ, իմ գործիս մի խաոնուիր, չես պսակէր նը` մի պսակէր, ես ալ աս քովի գիւղերէն ալ չէ, մինչեւ Աշխարովայի գիւղերը կ՚երթամ, Քրդանոցի տէրտէրէն կը պսակվիմ, ան ալ չըլլայ` Մշակնոցի տէրտէրէն, ան ալ չըլլայ` Ալամոնիկի տէրտէրէն, ես առանց կնիկի չեմ ըլլար» ըսաւ, մինչեւ որ պապս` փեսանին, մամս` քոյրերնին ըլլալով, միջամտեցին: Ժամ ալ չգացին, մեր չարդախը երկուքը իրար քով կեցուց, գլուխ գլխի ալ չմօտեցուց, Հայր Մեր մը ըսաւ` այնքան շուտ ու լպռտելով, որ ըսածը Հայր Մեր է՞ր, թէ՞ կը հայհոյէր` չէր հասկցուեր: Արդէն Տէր Պօղոս քեռիս, երբ բարկացած ըլլար` ժամէն կը հասկնայինք։ Ժամերգութիւն ըլլար, թէ կնունք, պատարագ` ժանիքով կ՚ընէր, յօնքերը կիտելով. «կինէ Տէր Պապան ասօր որո՞ւ սրդողած է, ո՞վ գիտէ» կ՚ըսէինք: Բայց Մինաս քեռիիս` իրար խառնուած Հայր Մերն ալ կը բաւէր: Ոսկեկ Մաման առաւ ու այգիները իջաւ: «Մինաս աղբար, ոտքդ ամուր բռնէ, աս անգամ մեռնելուն կարգը քուկդ է» կ՚ըսէին աս ու ան: «Պելլու չըլլար», կը պատասխանէր կուշտ-կուշտ շեշտով մը, որ կ՚ըսես աս հինգերորդն ալ կը թաղէ, նորէն կը կարգուի:

Մարօն աս Մինաս քեռիիս աղջիկն էր: Մայրը երեք զաւակ բերաւ ու մեռաւ: Չենք գիտէր` որքա՞ն պիտի բերէր, մեռնելու չըլլար: Իսկ ինք Գալենց տունը լեցուց տղոցմով: Երկու տարին` երեք չէր ընէր, տղան ծիծէ կտրելուն պէս` նորէն կը ծոցուորէր: Մաղիկանց Բրոնը դարձաւ. Բրաբիոն էր, մենք Բրոն կ՚ըսէինք` երեք վանկով երկար ըլլալուն: Երիտասարդները կնոջը ամէն տղաբերքին կը կատակէին. «Աչքդ լուս, Մաղաքեան» կ՚ըսէին, «Ծօ տղաք, մի խնդաք, կ՚ըսէր, այնչափ ալ ինքզինքս կը զսպեմ, քուրու աղբոր պէս կը պառկինք, ըլլայ որ` գիշեր մը քուներնուս մէջ իրարու դպինք ու խալթենանք, սուտի մը, մահանայի մը կ՚ընայի, հեմէն կը բռնէ»:

Կուրծքերուն կաթն ալ առատ էր: Գիւղը որու տղու մայրը տեղ մը կացած ըլլար անոր կը բերէին, որ ծծցնէր, այնչափ որ կ՚աւելնար իրեններէն: Մէկը իմ երրորդ տղաս` Խաչօն էր: Հեռու տեղ մը, կամ մինչեւ իրիկուն տեւելիք գործ մը ըլլար, կինս հետը կը տանէր: Բայց կուժը շալկէր ու Ավըզնին ձորը ջուրը երթար ու ուշանար, ու ուտելու ժումին պահը գար, կը պատռտուէր, ի՞նչ ընէր, ա՞ն ալ հետը տանէր: Մօրը կաթէն զատ, բերանը ինչ տայիր` չէր առնէր, ամուր մը կը սեղմէր, դգալը խոթէիր բերնէն ներս` «բըռթ» կ՚ընէր, դուրս կը նետէր ու կուլար: Մարոն ամէն ատեն տղամար էր, կը տանէինք, որ ծծցնէր ու ձայնը կտրէր:

Կալոցը աչքի ցաւի կը բռնուէինք թեղերը հոսելէն, ցորենը յարդէն զատելէն բարձրացող յարդափոշիէն աչքերնիս կը ծեփուէին: Տարի մը ինչ ըրի` չանցաւ: Դեղ ջուրի աղբիւրը աչքի ցաւի աղէկ էր, քանի անգամ գացի, լուացի, չաղէկցան: Կնոջ կաթն ալ աղէկ է, կը բուժէ։ Մարոյին ըսինք, որ գայ, կաթ կթէ աչքերուս: «Ես կը խպնիմ, ես աղբօրս առջեւ ծիծերս չեմ բանար» ըսաւ: Մինչեւ որ համոզեցինք ու առտու իրիկուն, հինգ վեց անգամ եկաւ, ես կը պառկէի կռնակիս վրայ, հասակովս, ան ծունկի գալով կը հակէր վրաս, մեծղի կուրծքը լաթով մը գոցելով, պտուկին տակէն կը սեղմէր, մենք` տղաքս, չաթնուկէն, այսինքն` թանթրուենիի ճիւղերէն ջրնետիչ, այսինքն` գռեխ կը շինենք. ջրնետիչի պէս կաթը կը ցայտեցնէր աչքերուս: Աղէկցան:

Ի՞նչ կ՚ուտէր, որ կը յորդէին կաթերը: Միս չէր, միսը ուրկէ՞ պիտի գտնէր: Կաթ ալ չէր: Տղաքը ի՞նչ պիտի ուտէին: Կաթը խմելու համար չէր, մենք արդէն կաթ չէինք խմէր առտուները: Կաթը պանիր, մածուն, թան, չորթան, չոքալ, թարխանա պիտի ըլլար: Կերածը ժուր, ապուր, աղցանի, չոր սլիկի, չոր բակլայի ջուր: Որչա՞փ կոնտ պիտի ըլլար ամանը: Ափիկ մը, միւսը ամբողջ ջուր էր: Այդ ջուրին մէջը հացը պիտի փշրէին, տղաքը, վրանին մաղտանոս ցանես` կը բուսնի, աղտ կապած մատներով, եղունգներով պիտի մտնէին ու ելլէին մէջը, կերածն ալ ատ էր: Կամ թէ տղաքը ալ պիտի չուտէին, տակը ջուրը պիտի աւելնար, գլխուն պիտի վերցնէր. ան ալ` տրեխները թրջոց կը դնեն, որ կակուղնան ու հագնին, ան ջուրէն ալ սեւ կ՚ըլլար:

Ահա ձեզի Ահարոնին ու Մարոյին պատմութիւնը: Տղաքն ալ քանի՞ հատ են, հասկնալ կ՚ուզէի՞ք. պառկած ըլլալու էին, որ չուլերուն տակէն գլուխները համրէիք: Ամենէն մեծը աղջիկ էր` Կըզտանը, բուն անունը իմ ալ միտքս չէ, քովինը մանչ էր` Եսայի էր, Էսօ կ՚ըսէին, երրորդը` նորէն մանչ էր, Մովսէս էր, Մոսօ կ՚ըսէին, շարունակեցէք համրանքը. չորս, հինգ, վեց, միւս կողմէն սկսենք համրել, որ մէկն ալ մթելին տակը թաղած են գլուխնին` անոք ալ ետքէն կ՚աւելցնէք: