Արմտան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԱՄԱՄ ՄԱՄԱՅԻՆ ԱՐՄԱՆՔՆ ՈԻ ԶԱՐՄԱՆՔԸ

Գալենց Մեծ Տանը Թամամ Մաման` լուսհոգի Բարնակ աղային կնիկը, հացատուն մտաւ հաց առնելու համար: Մշակին առտուան ճաշը պիտի դնէր, որպէսզի ուտէր, եզնիքը ախոռէն հանէր, արտը աշնցանի երթար: Հացատունն ալ ըսես` երեք օր առաջ թոնիրը վառեր, ամսուան մը հացը եփէր էին, անցնելիք, դառնալիք տեղ չկար կախուած հացերուն մէջէն:

Թամամ Մաման մինչեւ ձողերը, կտցանները չգնաց, ամէնէն առաջքի տարծոցէն եօթ հաց առաւ, միասին ունկվրայ մը ջուր, ու խոշոր սալայով մը դրսի տունը եկաւ: Հաշիւը ըրած էր. ամէն առտու Ովակին չորս թերթ կը թրջէր, երկուքը` տունը ուտելու, երկուքը` հետը արտը տանելու: Այդ օրը ան չկար, իր տունը գացեր էր, տեղը հայրը եկեր էր, երկու հացով, կարելի է, չէր կշտանար` երեքական ըրաւ, մէկ մըն ալ իրմէ աւելի դրաւ, թող եօթը ըլլար, աւելի գար, պակաս չգար, աւելին նետելու չէր, հարկաւ, խորհելով: Ու մէկ մէկ ունկվրային վրայ բռնեց, ափովը իւրաքանչիւրին երկու երեսը ջուր ցանեց, սալային մէջ իրարու վրայ պառկեցուց, վալայով ալ ծածկեց, որ կակուղնային:

Պապուճանը` Ովակին հայրը, որուն մազն ու մօրուքը երկնցեր էին, տարին անգամ մը` Զատկէ Զատիկ ածիլուելուն, կապերտով տոշկուած հողատախտին վրայ նստեր էր, Թամամ Մամային կը նայէր, որ մեծածաւալ լաչակով գլխով ու կարճ հասակովը կ՚երթար կուգար, սեղան կը պատրաստէր իրեն: Նախ` աթոռակով սինին բերաւ ու հաստատեց առաջքը, յետոյ հացին սալան մօտեցուց: Հացերը կակուղցէր էին, երեք հատ հանեց, երկնցուց սինիին վրայ: Ետեւէն, ինչպէս ամէն առտու կ՚ընէր, պղնձէ ափսէ մը առաւ, մառան մտաւ, նոր բացուած կճիկին մէջ դգալը կոխեց, շատ ըլլայ, քիչ չըլլայ` ըսելով, ուրուպով մինչեւ ա՛լ չառնելու աստիճան լեցուց ամանը ու սինին բերաւ: Երկրորդ ափսէ մը առաւ, այս անգամ` ամէնէն խորունկներէն, ապուրիններէն, ու, ինչպէս բոլոր պղնձեղէններուն` ասոր վրայ ալ «Գալենց Բարնակ» փորագրուած, թթվնոց մտաւ: Ամէն տեսակէն խառն թթուին բզուկին գլուխը անցաւ, տոլը կոխեց մէջը, մինչեւ շրթերը լեցուց լօլիկով, տախդեղով, ազատքեղով, ստեպղինով ու, նոյնպէս սինին բերաւ: Պանիրին բզուկէն չորս մեծկակ լեսպ պանիր հանեց, չորս գլուխ ալ չոր սոխ, ատոնք ալ բերաւ ու, ամէնէն վերջը, մեծփոր լօշիկով մը պզպզուն ջուր դրաւ՝

Հրամմէ, դուն կեր, Պապուճան աղբար, ըսաւ:

Յետոյ, աւելցուց,

Դուն մինչեւ փորդ կշտացնես, ես երթամ ախոռը, գոմը աւլեմ, աղբերը աղբընոցը տանիմ ու գամ: Առտուն կանուխ, հարս-աղջիկ, ամէնքը Ճերմակ Քարտակի եգին ղրկեցի, տունը մինակ ես եմ:

Ու ախոռին կողմը գնաց: Բացի երկու եզներէն, ոչխար-ըռզակ` արօտ գացեր էին, դռները բաց ձգեր էին, թէ ախոռներուն, թէ երկու բակերուն նէրսը, դուրսը գիշերուան մէզերով, աղբերով ծածկուած էին: Թամամ Մաման ցախաւելով ամէն կողմ աւըլեց: Այծի սեւ սպլտուր մը անգամ չթողուց աղքարերուն տակը, նորէն աղ ցանեց անոնց վրայ, որ իրիկունը դարձին գան ու լզեն, մսուրներուն կերերէն աւելցածները, հողը, խիճերը թափեց, մաքրեց, չոր աղբը թացէն զատեց, մսուրներուն ներքեւ տըւաւ, գիշերը նորէն փռելու համար, որպէսզի սալարկուած կարծր յատակին վրայ չնստին ու որոճան, մէզերուն թացութիւնը չորցուց, յետոյ ալ աւըլածները կողով կողով շալկեց, գեղեզերքի իրենց աղբնոցը տարաւ ու պարպեց:

Պապուճանը, մինակ մնալով, նայեցաւ սինիին վրայ իր առաջքը դրուածներուն: Տանձին կայի՞ն ասոնք: Առտուն, շատ շատ կորկոտէ խոշուք ապուր մը պիտի դնէին, որ ուտէր ու երթար: Ամենէն առաջ սա ափսէին ուրուպը, որուն, ինչպէս գիտէք, նոր եփուածը սեւ ու ջրուտ կ՚ըլլայ, ամիսներու ընթացքին է, որ կը դեղնի, կը թանձրանայ, կը շաքարոտի: Թամամ Մամային բերածը հելուայ դարձեր էր, ուր է` շաքարով, իւղով ալիւրէ հելվայ կը շինեն, ան հելվան, կամ` հելվայ ալ չըսեմ, մեղր ըսեմ, ո՞ր մեղրը, ուր է` բջիջներէն կը պարպուի, առանց չեչի, առանց մեղրամոմի, զուտ մեղրը կը մնայ, ադ մեղրը դարձեր էր: Իր գիւղը ուրուպ կա՞ր: Թութ կա՞ր, թթենի կա՞ր, որ ուրուպ ըլլար: Ըլլար նոյնիսկ, ո՞վ պիտի շահանցըներ, Տանձեցո՞նց կնիկները: Հա Տանձեցոնց կնիկները, հա բոշայի կնիկները. անոնց պէս կարմիր, փոշեցանով կէտկիտուած երեսներով, կարելի է եթէ անոնցմէ ալ են` ո՛վ գիտէ: Անոնք աղուոր պտուկ շինել գիտեն, իրենց գիւղի սեւորակ հողն ալ մէկ հատիկ է ատոր համար, ինչպէս Թեղուտցոնց կնիկները իրենց կարմիր հողովը կուժ, բղուկ, պռկաւոր կը շինեն: Անոնց շինած պտուկներուն մէջ, մենք` հերիսայ կ՚ըսենք, դուք քեշկեկ կ՚ըսէք, մենք` խաշ կ՚ըսենք, դուք` բաչա կ՚ըսէք, ո՞վ թոնիր վառեր, հաց եփէր է, կը տանինք, ակիշներով երկու ունկերէն մէջը կ՚իջեցնենք, խուփերով կը խփնենք, թոնիրին վրայ ալ կը ծածկենք, մինչեւ առտու կ՚եփին, եթէ թոնիրը եփուած հերիսայ կամ խաշ կերած չէք, չէք կրնար գիտնա՛լ ինչպէ՜ս համով, հոտով կ՚ըլլան:

Թթու ունէի՞ն: Այն աղով դրուածները, այն աղիտախդեղի, տոլտախդեղի թթուները, որ քանի բերանդ այրեն` ո՛ւֆ, ո՛ւֆ կ՚ըսես, հետը կռիւ ընելու պէս` նորէն կ՚ուտես. կամ` լոլիկի, կաղամբի, ստեպղինի թթուները։ Տուներուն կիցը ածուք` բանջարանոց չունէին, որ բանջարեղէն մշակէին: Ունեցածնին` արտերուն մէկ ծայրը, քանի մը տուներու իբր թէ տասը տասնըհինգ կաղամբները կ՚երեւան, ատոնք են, հաստ, կապոյտ տերեւներով սեւ կաղամբ ըսուած տեսակէն են, կորկոտի, ձաւարի հետ եփելով` ապուր կ՚ընեն, կը գդալեն: Թամամ Մամային շինած կաղամբի թթուն ճերմակ-ճերմակ տերեւներով, Տանձեցիք իրենց կեանքին մէջ տեսած ունի՞ն: Անոր ջուրը միայն ըլլայ ու խմես` կը բաւէ. ինչպէս ներսիդիդ կը բացուի, կ՚ոգեւորուիս: Հապա ապուրի ուսկուռա թասով բերած տախդեղով, լոլիկով, ստեպղինով խառն թթո՞ւն: Անոր կարմիր, նռնագոյն, գինեգոյն ջուրին մէջ հացդ թաթխես, ադ հացը ուտես, հետը տախդեղ մը, ստեպղին մը, վրայէն ալ ջուրը խմես, դեղը ի՞նչ պիտի ընես, դեղը աս է, համադեղ է: Բոլորտիքի գիւղերէն այլազգի կնիկները կուգան, աման աման կը տանին իրենց հիւանդներուն. «Խեսթէ իչին, իչի եանիոր» ըսելով, «օճանը իսոթ իսթիոր» (տախդեղին, այսինքն` պղպեղին, իսոթ կ՚ըսեն), «Ճանը լոլիկ իսթիոր» (անոնք ալ լոլիկ կ՚ըսեն լոլիկին)… «Ճանը մաղտանոս, բեզիկ, փիռչիքլի իսթիոր» (ճակնդեղին` բեզիկ, ստեպղինին` փիռչիքլի կ՚ըսեն)… ամէն խնդրանքի ալ` «էօլուլերինիզին ճանը իչին» կ՚աւելցնեն: Ետքն ալ կուգան, կ՚աւէտեն, «Իսոթը եէտի, փիռչիքլիի եէտի, սույունու տա վէրտիք, իչթի, կեօզիւնու աչտը, էյլէ էյի օլտու քի, չոխ չոխ տուա էթթի սիզէ»

Պապուճանը, չէք գիտէր` ինտո՜ր կերաւ Թամամ Մամային բերած ճաշը: Ուրուպէն սկսաւ: Կերաւ ու կերաւ: Մէկ մը, մէկ մըն ալ, մէկ մը, մէկ մըն ալ: Թունդ անուշը այրեց ներսը, հոգին թթուէն ուզեց: Հացը թաթխեց ջուրը, ստեպղինով մը, դեղին տախդեղով մը կերաւ: Կծու էր: Աւելի լաւ: Թող կծու ըլլար: Չգոհացաւ: Նորէն հաց մը թաթխեց ջուրը: Հոգին լոլիկ մը ուզեց: Լման լոլիկ մը: Թաղեց բերնին մէջ, ակռաներով սեղմեց, լոլիկին ջուրր մրմուռ-մրմուռ պարպուեցաւ, լեցուն, զովացուց բերանը, հոգին նորէն ուրուպէն ուզեց: Հացով վերսկսաւ ուտել: Մէկ մը, մէկ մըն ալ: Առջեւի երեք հացերը հատան: Սալայէն, հետը արտը տանելիք հացերէն` չորրորդն ալ հատցուց: Ափսէին ուրուպն ալ հատնելու մօտ էր: Բայց ներսը նորէն այրեց: Հոգին սոխ մը ուզեց: Նախ միջուկը, ծիլը կերաւ, չգոհացաւ, ամբողջը կերաւ հացով: Հացը թթուին ջուրը կոխեց, հացը լխպիկցաւ, ստեպղին մը կերաւ հետը, երկրորդ մըն ալ, տախդեղ մը կերաւ, երկրորդ մըն ալ, փունջ մը ազատքեղէն կերաւ, երկրորդ մը եւս: Հետը տանելիք սալային հինգերորդ հացին սկսաւ: Ուրուպի վերջին մնացորդն ալ հացով սրբեց ու կերաւ: Հոգին ջուր ուզեց: Լոշիկը վերցուց բերնին: Խմեց, կէս ըրաւ ջուրը: Ներսը զովացաւ: Հոգին պանիր ուզեց, պանիրին դարձաւ: Սոխով միասին կերաւ։ Դեռ սալան երկու լման հաց կար, կէս հաց մը, կէսի մըն ալ կէսը: Երեք լեսպ պանիր, երեք հատ ալ սոխ: Շարունակեց հացով միասին սոխ ու պանիրը ուտել: Պանիրը աղի էր, թող աղի ըլլար: Սոխը կծու էր: Թող կծու ըլլար: Աւելի գրգռեցին ախորժակը: Հացին կտորը, յետոյ, կէս մը կար` ան, յետոյ վեցերորդ հացը երկու լեսպ պանիրին հետ կերաւ: Արտը հետը տանելիքներէն վերջին սոխ մը, վերջին լեսպ մը պանիրը, վերջին լման հաց մը, թթուին մէջ տախդեղ մը, լոլիկ մը մնացին: Անոնք ալ կերաւ. թթուին ջուրէն քչիկ մը մնացեր էր, ան ալ բերնին վերցուց, լոշիկը դեռ ջուր կար, ան ալ խմեց, հատցուց։ Ու ոտքի ելաւ, ախոռ գնաց, եզները դուրս հանելու:

 

Թամամ Մամ ան ալ ախոռներէն տուն մտաւ սինին վերցնելու, ճաշէն աւելնալիք սոխը, հացերը, պանիրը, արտը տանելիք տոպրակը դնելու Պապուճանին տալու, որ հետը տանէր:

 

Ու արմնցաւ, զարմացաւ, կայնած մնաց: Սինին, հացին սալան պարապ էին: Եօթը լման հացէն` հաց չկար, չորս լեսպ պանիրէն պանիր չկար, չորս գլուխ սոխէն սոխ չկար:

Մրիկ… ամէնքը կերեր է, ըսաւ իւրովի, ու չհաւատաց, հաւատալը չեկաւ:

Բակը գնաց որ` Պապուճանը, ասորի տէրտէրի մը պէս` մազով մօրուքով, երկայն մաստան ձեռքը, եզները դուրս հաներ էր, կը սպասէր:

Ի՞նչ ըրիր, Պապուճան աղբար, ամէնքը կերա՞ր, հարցուց:

Կերայ, ամէնքը կերայ, պատասխանեց, կերի սպասող գահ եզի մը քովնտի նայուածքով իրեն նայելով:

Ի՞նչ ըսէր:

Քանի՞ հաց դնեմ հետդ արտ տանելու, երեք հացը կ՚օգտէ՞, հերի՞ք է:

Չորս հաց մը դիր, դուն գիտես, ըսաւ:

Պանիր, սոխ քանի՞ հատ դնեմ:

Երեք լեսպ պանիր, երեք հատ ալ սոխ, ըսաւ: