ԳԻՇԵՐ
ՄԸ
ԿՈՉԵՆՑ
ԽՈՐԷՆԻՆ
ՊԱՏԱՀԱԾԸ
Գիշեր
մը
դեղին
թարթիչներով
Կոչենց
Խորէնը
յանկարծ
աչքերը
բացաւ
որ
քունը
աղէկ
մը
առեր
էր։
Իրեն
այնպէս
եկաւ
որ
ուշ
մնացեր
էր։
«Աս
ինչքա՞ն
քնացեր
եմ,
ըսաւ
ինքնիրեն,
տղաքը
ուր
որ
է
հիմա
գետը
անցան,
ես
ըսես
պառկեր
եմ»։
Կինը՝
Բեկցին
որ
ոտքերը
ժողվեր
կռնակը
էրկանը
կռնակին
տուեր
էր
ու
կը
քնանար՝
նոյնպէս
արթնցաւ.
—
Մրի՛կ…,
—
ըսաւ,
ինչպէս
մեր
կիները
կ՚ըսեն,
—
Մրի՛կ…
ինչո՞ւ
արթնցար,
տահա
իրիկուն
է,
նոր
պառկեցանք,
քանի՞
մը
եղաւ`
քնանալնիս,
որ
աչքերդ
բացիր:
Խորէն,
որ
ուշացած
ըլլալուն
համոզուած
էր,
հէրսոտեցաւ
կնոջը.
—
Հայտէ,
ծօ՛…
ես
ուշացայ,
քունս
տարեր
է
կ՚ըսեմ,
դուն
տահա`
քանի
մը
եղաւ
պառկելնիս,
կ՚ըսես:
Ժամը,
ժամանակը
գիտես
չգիտես,
կը
զրուցես:
Հէմ`
դուն
քնացիր,
դուն
ելլես`
ի՞նչ
պիտի
ընեմ
քեզ,
—
ըսաւ
ու
ոտքի
ցատկեց:
Ամէն
լեռը
փայտի
գացողներուն
պէս,
իրիկուընէ
իր
ալ
տրեխները
թրջուած
էին,
յօտոցը,
բետատը,
փայտին
պարանները,
հացին
տոպրակը
պատրաստ
էին:
Չլուացուեցաւ,
խորհելով,
թէ
աւելի
պիտի
ուշանար,
հագուեցաւ,
ջորին
ախոռէն
դուրս
քաշեց,
համետը
սարքեց,
հեծաւ
ու
Կորջայենց,
Ազվըտերոնց,
Հայնենց
դռներէն
դաշտին
ճամբաներուն
չաթը,
Պահիկանց
կալը
հասաւ:
Ոչ
իսկ
շշուկ
մը:
Մարդ
չկար:
Անանկ
ալ
լուսին
մը
ցաթեր
էր,
որ
գիշեր
չէր,
ցերեկ
էր,
կ՚ըսէիր,
ամէն
դի:
Պահիկեանը,
իր
կալը,
չուլի
մը
տակ
կը
քնանար:
Ամէն
մարդ,
քանի
շաբաթ
կ՚ըլլայ
իր
կալը
լմնցուցեր,
լեռը
փայտը
կ՚երթար,
ան
դեռ
կը
կամնէր:
Անոր
գործերը
անանկ
էին,
ամէնէն
ետքը
պիտի
մնար:
Փայտուոր
տղոցը
հասնելու
համար,
որոնք
անպատճառ
իր
առջեւը
ըլլալու
էին,
Խորէն
ջորիին
կողերուն
զարկաւ
ու
Սուրբ
Եղիայի
բլուրին
փէշերէն
մինչեւ
Պանտրծակ
վազեցուց,
բայց
դարձեալ
մարդ
չտեսաւ:
Ուրիշ
օրեր
Ապլայենց
Սարգիսը,
Ապլայենց
Երամը,
Բաբիկանց
Պետիկը,
Այլայենց
Եարըմ
աղան
ճամբտին
կ՚ըլլային:
Փայտուորին
ետուըտուքն
էին
անոնք:
Տղաքը
փայտերնին
կը
կտրէին,
ետ
կը
դառնային,
անոնք
դեռ
նոր
կ՚երթային,
բայց
անոնցմէ
ալ
այսօր
երեւցող
չկար:
Ըսել
է,
թէ
որքան
ուշ
էր
ժամանակը:
Մամասալ
իջաւ:
Աղբիւրին
ջուրերը
սաւանի
մը
տարածութիւնով
միակտուր
ժայռերէն
կը
թափէին
ստորոտի
աւազներուն
մէջ:
Անոնց
վրայ
նայելով,
մարդուն
խմելը
կուգար,
բայց
Խորէն
ոչ
իսկ
ջորիէն
իջաւ:
Յանկարծ
խօսակցութիւն
մը
լսեց:
Գիւղին
տղաքը
ըլլալու
էին:
Անոնց
խօսածներուն
կը
նմանէին:
Երեքը,
չորսը
միասին
կը
խօսէին:
Մէջերնին
մէկինը
Մանուկանց
Գասպարին
ձայնն
էր:
Ջորին
կեցուց,
չթողուց,
Որ
քալէր,
ու
լաւ
մը
ականջ
տուաւ:
Այո՛:
Անոր
ձայնն
էր:
Ուրախացաւ:
Միայն
խելք
չկրցաւ
հասցնել,
թէ
հոդ
ինչու
հաւաքուէր
էին,
ինչո՞ւ
փայտը
չէին
գացեր:
Բայց
երբ
Աղիջրակի
զառիթափին
գագաթը
հասաւ,
բերանը
բաց
մնաց,
զարմացաւ:
Մարդ
չկար:
Ճերմակ
ցախաւելի,
մոշիի
թուփերը
կային
ու
Աղիջրակի
առուն,
որ
կը
փայլէր
լուսնի
լոյսին
մէջ:
«Աս
տղաքը
ո՞ւր
էին,
ուր
տեղէ՞ն
կը
խօսէին»
ըսաւ
ինքնիրեն:
—
Գասպա՜ր…
Մանուկանց
Գասպա՜ր…
ո՞ւր
էք
ծօ,
ուրկէ՞
կը
խօսիք,
—
պոռաց
բոլոր
ուժովը:
Լռեցին:
Պատասխանող
չեղաւ:
Յետոյ,
գիտես
թէ`
երեքը,
չորսը
մէկ
բերան՝
—
Հոս
ե՜նք,
—
ըսին:
Բայց
տղոցը
ադ
ըսածնին
ալ
զարմանալի
ու
տեսակ
մը
եկաւ
իրեն:
—
Չեմ
հասկնար,
ծօ՛:
Աղէկ
ու
շնորհքով
չըսէ՞ք:
Ամէնքդ
մէկ
ինչո՞ւ
կ՚ըսէք:
Ո՞ւր
էք,
որ
ես
ձեզ
չեմ
տեսնէր,
—
պոռաց:
Երեքը,
չորսը
միասին
խնդացին:
Խնդալուն
ձայները
վարէն`
Կապանին
գահավէժներէն
կուգային:
Նոր
ինքզինքին
եկաւ,
թէ
այս
ձայները
տղոցը
ձայներուն
չէին
նմանէր:
Եւ
յետոյ`
մարդ
ցերեկները
անգամ
Կապանի
գահավէժներէն
չէր
համարձակէր
իջնալ,
գիշերը
ատ
գէշ
տեղերը
ո՞վ
կրնար
ըլլալ:
Ասոնք
մարդ
չէին,
ո՞վ
գիտէ`
ինչե՞ր
էին:
Ալ`
կ՚ըսէին,
մենէ
աղէկները`
կ՚ըսէին,
անո՞նք
էին
արդեօք:
Սոսկաց:
Սիրտը
ուժով
ուժով
նետել
սկսաւ:
Մարմինը
փուշ-փուշ
եղաւ:
Կը
դողար:
Ջորիին
կողերուն
զարկաւ
բոլոր
ուժովը,
ջորին
վազեցուց,
որքան
որ
կրնար,
փախելու,
հեռանալու
համար
այդ
ձորերէն:
Ետին
չէ,
երկու
կողմը
անգամ
չնայեցաւ:
Յանկարծ
ուժեղ
ձեռք
մը
ծանրացաւ
ուսին
վրայ,
պրկեց
միսերը:
Փորձեց
ազատիլ,
չկրցաւ,
այնքան
ուժեղ
բռնած
էր.
չկրցաւ
պոռալ,
կոկորդը
գոցուեցաւ,
լեզուն
բռնուեցաւ:
Այգիները
երեւցան։
Գետը՝
Ջերման՝
Դիմացը`
Մասուրձորի
այգիները…։
Ու,
լիալուսնի
մէջ,
ի՜նչ
խաղաղութիւնով:
Միակ
մտածում
մը
կար
գլխին
մէջ:
Ջերմա
իջնել,
Տէրտէրանց
եգետունը:
Ջորիին
գլուխը
դարձուց
դէպի
վար:
Ու
դուռը
հասաւ
չհասաւ,
ինքզինքը
վար
ձգեց,
գետինը:
Մինաս
պապան,
որ
նոր
քնացեր
էր,
աղմուկէն
արթննալով,
բոբիկ,
վարտիք-շապիկով
դուռը
վազեց,
բացաւ
ու
Խորէնը
տեսնելով.
—
Ծօ՛,
աս
ի՞նչ
վիճակ
է,
երեսդ
գոյն
չէ
մնացեր,
բռհող
է
դարձեր:
Ծօ՛,
աս
ի՞նչ
զընկր
զընկր
դողալ
է,
ի՞նչ
եղար,
ի՞նչ
եկաւ
գլուխդ,
չըսե՞ս,
—
հարցուց,
իր
ցցուած
այտոսկրներուն
մէջէն,
խորը
թաղուած
պզտիկ
աչքերովը
զննելով:
—
Ը
—
ը՜
—
ը՜…—
ըրաւ,
Կապանին
բարձունքներուն
ու
գահավէժներուն
նայելով:
—
Ան
կողմը
կը
նայիս`
ան
կողմը
եկող
չկայ,
մարդ
չկայ,
—
ըսաւ
Մինաս
պապան,
—
լեզուդ
ալ
բռնուէր
է,
չես
կրնար
խօսիլ,
որ
հասկնամ,
թէ
ի՞նչ
է
եղած:
Ետեւէդ
եկող
չկայ,
դուն
մի
վախնար:
Հայտի
քեզ
ներս
տանիմ,
որ
պառկիս,
քնանաս:
Աս
ժամուն
մարդ
լեռը
փայտը
կ՚երթա՞յ,
որ
դուն
ճամբայ
ելեր
ես:
Ես
ալ
նոր
պառկեցայ:
Ամենէն
քիչը
հինգ
ժամ
կայ
առտուան:
Մինաս
պապան
ներս
տարաւ,
այգետունը,
տոշակի
մը
վրայ
պառկեցուց,
վրան
հաստ
մթել
մը
ձգեց:
Ջորին
ալ
ներս
առաւ
ու,
իր
տեղը
դառնալով,
նոյնպէս
պառկեցաւ:
Երկու
անգամ
ելաւ,
նայեցաւ,
որ
կը
քնանար:
Երրորդին
ելաւ
որ`
Քէրվան
Ղռանը
Խարիծակի
այգիներուն
հաւասարութեանը
եկեր
էր,
Լուսուն
Աստղը
կը
փայլէր
Ինըսունը
իննի
լեռան
բարձունքէն:
Կապաններէն
տղոցը
ձայները
կուգային,
որոնք
ջորիներով,
էշերով
լեռը
փայտի
կ՚երթային:
Ու
նորէն
պառկեցաւ:
Չարթնցուց:
Մինչեւ
ցերեկ
թողուց,
որ
քնանար,
մինչեւ
որ
ինքնիրեն
աչքերը
բացաւ
ու
ելաւ,
նստաւ:
—
Ծօ՛,
ի՞նչ
եղաւ
քեզի,
—
հարցուց
Մինաս
պապան:
Խորէն
մի
առ
մի
պատմեց
պատահածը:
Մինաս
պապան
յանդիմանեց:
—
Դուն
քեզ
վախցուցեր
ես:
Ծօ՛,
իրիկուընէ՞
ալ
մարդ
ճամբայ
կ՚ելլէ`
լեռը
երթալու:
Ըսենք,
թէ
տունով
կը
քնանային,
չգիտցա՞ն
ելլելդ,
ծօ՛,
ծոցի
կնի՞կդ
ալ
չարթնցաւ,
չըսա՞ւ,
թէ
աս
ատեն
ո՞ւր
կ՚երթաս:
—
Ըսաւ,
ու
ես
մտիկ
չըրի,
չեխեցի,
—
պատասխանեց
Խորէն: