Արմտան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԻՐԻՏԷՏԷՑԻ ՏԻՄԻԹԸ

Այս պատմութիւնս գաւառէն մեկնելէս տարի մը առաջէն է, 1913էն: Այդ թուականին Շապին Գարահիսարէն գիւղս երթալ մը ունիմ, որ ջորեպանի ոտքով երեք օրուայ ճամբայ մըն էր: Եւ որովհետեւ Ածպտեր ալ պիտի հանդիպէի ու հոն պիտի գիշերէի, չորս օրէն գիւղս պիտի կրնայի հասնիլ:

Առտուն քաղաքին տակի զառիվարը իջայ, մարդ մը, պարաններով երկու թեւերէն անցուցած սնտուկ մը շալակը, ետեւէս հասաւ ու`

Բարի ճանապարհ, ըսաւ ինծի թուրքերէն:

Բարի եկար, քեզի ալ բարի ճանապարհ, ըսի:

Միասին քալեցինք: Խոշորակազմ յոյն մըն էր, Տիմիթ էր անունը, Բիրիտետէէն, մենէ օր մը, ցերեկ մը հեռաւորութիւնով, Չիթէն` Ալիշան պեկին տղուն` Մուսթաֆայ փաշային գաւառին գիւղերէն: Տանը ջորին Գարահիսար տարեր, հազար ղուրուշի ծախեր էր, այդ դրամէն եօթը հարիւր ղուրուշով զոյգ մը եզ պիտի գներ, որովհետեւ նախորդ տարին գիւղին եզերուն մէջ հիւանդութիւն մը ծագէր էր, իրենց երկու եզերն ալ, վարակուելով, մեռէր էին ու առանց եզի մնացեր էին: «Իսկ եզը, շարունակեց, տան մը համար ջորիէն առաջ է, առանց ջորիի կ՚ըլլանք, առանց եզի չենք ըլլար: Ինչու որ` մենք ձեզի պէս չենք, մեր ամէն գործը սայլով, եզով կ՚ըլլայ: Լեռան փայտը սայլով կը բերենք, արօտին խոտը, արտին որան սայլով կը փոխադրենք: Արտը եզը պիտի հերկէ, կալը եզը պիտի կամնէ: Մնացած երեք հարիւր ղուրուշով ալ, աւելցուց, խրիթ, այսինքն` փերեզակի ապրանք, ներկ, ուլունք, հայելի, եւ այլն առի, գիւղերը տանելու, ծախելու համար»:

Խրիթճութիւն ինչո՞ւ կ՚ընես: Հողագործութիւն չէ՞ք ըներ, ոչխար չէ՞ք պահեր, ըսի:

Մեր արտերը քիչ են, կալէ կալ հանած ցորեննիս մինչեւ յաջորդ ամառ չի տանիր մեզ: Կթաննիս` ոչխարնիս, կովերնիս ալ շատ չէ: Երկու եղբայր ենք, շատուոր ենք, մամ ունինք, պապ ունինք, հայր ունինք, մայր ունինք, մենք կանք, մեր զաւակները կան, տասնըչորս հոգի ենք, խրիթճութիւն ալ կ՚ընենք, որ ապրինք:

Իր գիւղը` Բիրիտէտէն գացած չէի, որովհետեւ մեր Կիրասոն կամ Գարահիսար գնալիք ճամբուն վրայ չէր, արեւմուտք կ՚իյնար, բայց իր գիւղացիներէն կամ գացող եկողներէն գիտէի, թէ քուրդերուն մէջ մեն-մինակ յոյն գիւղ մըն էր Բիրիտէտէն: Իրենցինին պէս, յոյն գիւղ մը ըլլալով, երկրորդ մըն ալ Կերճանիս կար` Ղատիքէօյը: Շատ տարիներ առաջ իրենց շուրջը ուրիշ յոյն գիւղեր ալ կան եղեր: Չորս ժամ հարաւը ջաղացք մը կայ, Ուրում Ողլուին ջաղացքը` կ՚ըսեն, յոյն մը կը բանեցնէ եղեր, աւերակները մինչեւ այսօր կը մնան, առու մը լեռնէն` Չենկելլիէն, ամառ, ձմեռ կը վազէ պարապը` փլատակներուն մէջէն: Քիչ վարը Տարըսեքին կայ, որ նոյնպէս յոյն գիւղ մըն էր, քուրդերը հիմա հին կը բնակին: Դէպի հիւսիս, Աղղայայէն Ղզըլղալէէն վեր Կոնդոսին, Պռասդիկը կան, ասոնք ալ յոյն գիւղեր են եղեր: Գետը` Մաթին, անունը անգամ դեռ կը մնայ, յունական գետ մը եղեր է, որ Բախդիարէն եկող գետին կուգայ ու կը միանայ, Այս յոյները ե՞րբ եւ ո՞ւր գաղթեր են, չենք գիտէր:

Մուսթաֆայ փաշան իրենց գիւղը հող կամ մարապա ունէ՞ր, չունէ՞ր, լաւ չեմ գիտէր, բայց կը կարծեմ թէ` չունէր: Անշուշտ թէ` յոյն էին, յոյնի անուններով էին, եկեղեցի ունէին, բայց իրենց լեզուն կոշտ ու ծանր շեշտով էր, յունարէն գիտցողները գրեթէ չէին հասկնար: Քուրդերուն հետ ապրելով` քրդացեր էին: Հողագործ էին, ոչխար ունէին, բայց իրենց չէր բաւէր իրենց արդիւնաբերութիւնը: Ջուրը կը վազէ առաջքէն, քուրդերուն պէս անկէ օգտուելու, ծառ մը, պտուղ մը, բանջարեղէն մը հասցնելու վրայ չէին խորհեր: Սոխն ալ բա՞ն մըն է, սոխ մը անգամ չունին: Մեր Թեղուտցոնց տղաքը կը պատմեն, թէ կուժ, բզուկ ծախելու կ՚երթան իրենց գիւղը, անգամ մը, ինչպէս կ՚ըլլայ, իրենցմէ մէկուն հացին տոպրակէն չոր սոխ մը գետին կ՚իյնայ, գիւղին տէրտէրը իսկոյն կը վերցնէ, ակռաներովը փուրերը կը մաքրէ, կը խածնէ կ՚ուտէ, քովինին կուտայ, ան ալ կը խածնէ կ՚ուտէ, երրորդին կ՚ուտայ, երրորդն ալ` չորրորդի մը, չորս հոգին գլուխ մը սոխը կուտեն, այնքան որ սոխ մը չունին, ախը կը քաշեն:

Մեր կողմերը շատ կ՚ուգան, արօրձող, մաճ կը բերեն կը ծախեն կամ ժամուն դուռը իրենց փերեզակի ապրանքը կը ցուցադրեն: Մեր կիները, աղջիկները, որոնք աւելի փայլուն բաներ տեսած չեն, կը թափին վրան, կը հիանան այդ տասը, քսան փարանոց օղերուն, մատանիներուն, հայելիներուն վրայ ու չեն բաժնուիր, մինչեւ որ չգնեն: Ձաւարի, կորկոտի կամ ցորենի հետ ալ կը փոխանակեն:

Չեն ածիլուիր, մազ չեն կտրէր, կամ տարին, երկու տարին անգամ մը կը պատահի, որ ընեն: Մեզի բնաւ չեն նմանիր, թուրքի, քուրդի ալ չեն նմանիր: Բնիկ չեն, յայտնապէս` եկուոր են, օտար ցեղէ մըն են, ծովու գոյն աչքեր ունին, դեղին բոցի գոյն մազեր, ու կը տարուիս կարծելու, թէ Քսենոփոնի նահանջ բիւրոցի զինուորներու սերունդէ՞ն են արդեօք, որ հոս մնացեր են, չեն վերադարձեր: Տարազնին ալ մերիններէն չէ: Մենք` այրերս, կապոյտ կտաւէ շալվար ու սալթա կը հագնինք, եթէ Պոլիսէն բերած տաբատ, բաճկոն չունինք, մեր կիներն ալ` սուրիական երկայն էնթարիներ, երկայն ճիւպպէ կը հագնին, հարաւի գաւառներու կարմիր կամ կապոյտ գոյներով. անոնք ըսես` ծխախոտի գոյն ներկած իրենց բամպակէ կոշտ շալվարն ու սալթան կը հագնին:

Իրենց գիւղը գացած չըլլալով` իրենց կիներուն տարազը չեմ տեսած, բայց տեսնելու ի՞նչ պէտք կայ: Շապին Գարահիսարի` Թամզարայէ վեր, Էկրիպէլին տակը Ասարճուխը կայ, յոյն գիւղը: Ղուլաղ Ղայայի, Կիրասոնի ձորերու, գահավէժներու յոյն գիւղերը կան, իրարմէ հեռու տուներով, այնքան իրարմէ բաց են, որ ըսենք թէ, օրինակ, մեր տունը Թագսիմ է, երկրորդը` Աղաճամի, երրորդը` Աղահամամ է, ու պատահի, որ իրարմէ լուցկի մը, կամ քիչ մը աղ ուզելու, ըլլան, դուռը կ՚ելլեն, ինչքան ձայն ունին` կը պոռան իրենց յունարէնովը «Սոֆիա՜… լուցկի ունի՞ս… լուցկի՜… լուցկի՜…, կամ` «Աթինա՜… աղ ունի՞ս… ա՜ղ… ա՜ղ…» ան ալ նոյնպէս պոռալով «ունի՜մ… ունի՜մ…» կամ` «չունի՜մ… չունի՜մ…» կը պատասխանէ: Իմ ճամբորդութիւններուս ընթացքին ադ կիներուն տարազը չե՞մ տեսած, ապահովաբար` Բիրիտէտէցի կիներունն ալ նոյնն է. գլուխնին կանանչ գծերով սեւ ապարօշ, նոյն գոյներով կարճ ֆիստան` մինչեւ փորերնին լայն գօտիներով, ոմանք` բոպիկ, ուրիշներ տրեխով:

Ածպտերը, ուր պիտի երթայի, երբ յանկարծ երեւցաւ մեր ճամբուն ձախը, Ղզլտաղի ստորոտի բլուրներու երկայնքին` իր տափարակ հողատներով, ես խօսակցութիւնս ընդհատեցի, զատուեցայ Տիմիթէն: Երկու գիշեր մնացի, երրորդ առտուն կանուխ մեկնեցայ: Աշխարովայով չգացի, Արղաւիսէն չանցայ, գետերով փայլփլուն, ու հեռաւորութիւններու մէջ երկարելով հալող հովիտը վարը մնաց, ինծի բացատրուած ճամբով, լեռան փէշերէն Իւզէնկին Տիւզին հասայ: Ալ անկէ անդին իմ գիտցած տեղերս էին: Իսկ Իւզէնկին Տիւզին ալ` ձախդ լեռ, աջդ ձոր, անդադար կը դառնար, քալէ, քալէ` չհատնիր: Երզնկայի դաշտին կը նմանի: Սուրբնգորի լեռներուն տակը քաղաքը կ՚երեւայ, գնայ ու գնայ դաշտը չվերջանար, քաղաքը ուր որ է հոն է:

Ղարաքիւթիւկի անտառը մտայ, գագաթը ելայ, ու երբ, հորիզոնի Հապէշի լեռներուն նայելով, Հաճիպեկին Ղոնախէն Չիթի դաշտը կ՚իջնայի, մեր Վարիգեղի տղաքը` Սամուէլը, Գուրգէնը, որ Գարահիսար խան կը բանեցնեն, դէմս ելան:

Ճամբադ կտրող չեղա՞ւ, հարցուցին:

Ո՞վ ճամբաս պիտի կտրէ, ի՞նչ կ՚ըսէք, հարցուցի:

Մարդու չհանդիպեցա՞ր, անտառը աւազակներ կային, քեզ չկեցուցի՞ն:

Չէ, պատասխանեցի, անտեղեակ ամէն բանէ:

Աղէկ որ հանդիպող չէ եղեր քեզի, ըսին, քանի մը օր առաջ Արաբկիրցիներու քերվան մը կողոպտեցին, առջի օրն ալ բիրիտէտէցի Տիմիթին ճամբան կտրեցին, վրան դրամ կայ եղեր, դրամը, քաղաքէն ապրանք առէր էր, ատոնք, ինչ ունի-չունի` կողոպտէր էին:

Ի՞նչ կ՚ըսէք, բացականչեցի, Տիմիթին հետ էի ես, քաղաքէն մէկտեղ ճամբայ ելանք, զատուեցայ, Ածպտեր գացի, եւ երկու գիշեր հոն մնացի, ըսել է հետը եթէ ըլլայի, զիս ալ պիտի կողոպտէին, չէ՞:

Բախտաւոր ես, ըսին, Ածպտեր երթալդ քեզ ազատեց:

Սամուէլը ընդմիջեց Գուրգէնին.

Գացած են, ես քեզի չըսի՞, ալ չեն կրնար կենալ. Թամզարայի ձորը քերվանը զարնելէն ասդին մեր Գարահիսարի տղաքը ոտնուորեցան, լուր ղրկեցին` «այս տեղերէն եթէ չքաշուիք, չերթաք, այս անգամ ձեր հաշիւը տեսնելու կարգը մերն է, ձեր վրայ մենք պիտի գանք»: Մեր Գարահիսարի տղաքը կ՚ընեն: Սուրէնը, Միհրանը, Աշխարովացի Աբէթը մը կան, որ վախը ի՞նչ է` չեն գիտէր, կը նետուին առաջ: Ղարաբաբախ էին, Կարսի կողմերէն էին, բայց ո՞վ կ՚ուզէին` ըլլային:

Բաժնուեցանք: Ճամբան առաջքէս եզան սայլեր կ՚երթային, քսան, երեսուն մը կային, երկայն շարան մը, բոպիկ ոտքերով Չիթի քուրդերն էին, որոնք Ղզըլլըրմաքի գետակունքի լեռնէն գերաններ, կտրուած ամբողջական ծառեր կ՚իջեցնէին: Տիմիթն ալ ջորին քաղաքը ծախեց ու ադ դրամով զոյգ մը եզ պիտի առնէր, ասոնց պէս իր սայլին լծելու, եթէ աւազակները չկողոպտէին զինքը: Մէկ մը ըսի` Բարիտէտէ հանդիպեմ, Տիմիթը տեսնեմ, ետքն ալ ըսի` ինչի՞ պիտի ծառայէր երթալս: