Արմտան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԽԻՊԸ

Մեր քովի տունին Մարօն ներս մտաւ որ` նստեր էինք մեր չարդախը: Մայրս օճախը ցերեկուան ապուրը կ՚եփէր, պիտի ուտէինք, ու կիները արտերը քաղնելու, ես ու Ովակն ալ` ջաղացքին առաջքի պարտէզը բահելու պիտի երթայինք:

— Հօրքուր, — ըսաւ մամուս (ինք ալ` մամուս պէս, Տէրտիրանց աղջիկ ըլլալով` հօրքուր կը կանչէր, մօրս ալ` իրմէ մեծ ըլլալուն, «հարսիկ» կ՚ըսէր, որ մենք մեր մօրը տարիքով կիներուն ադ անունը կուտայինք),

— Ձեր մշակին` Ովակին կնիկը եկեր է, մերը նստեր է:

— Մե՞րը ինչու չէ եկեր, քեզի եկեր է, – ըսաւ մամս:

Կը խպնիմ` կ՚ըսէ: Ես ալ չգիտէի` ո՞վ ըլլալը: Դուրս ելայ որ` ոտքերը չարըխով, դեղին լաչակով քիթը-բերանը գոցած կնիկ մը կայնէր է ձեր բակին դուռը: Քուրդ գիտցայ: Քովը գացի, ո՞վ ես դուն, ի՞նչ կ՚ուզես` հարցուցի: Տանձեցի եմ, ասոնց մշակին` Ովակին կնիկն եմ, ըսաւ: Ինչո՞ւ կեցէր ես, ներս չերթա՞ս, ըսի: Կը խպնիմ` ըսաւ: Մերը տարի, դուն հոս նստէ, ես երթամ, իմացնեմ` ըսի:

Մամս, մայրս զարմացան:

— Խպնելու ի՞նչ կայ, ինչո՞ւ կը խպնի, – ըսաւ մամս: – Որ եկեր է, ձեզի մնալու չէ, էրիկը մեր տունն է, մեզի պիտի գայ, գնայ առ ու բեր հետդ, Մարօ:

— Ինչ ըրի չեկաւ, հօրքուր, – կրկնեց Մարօն: Ես կը խպնիմ` կ՚ըսէ, կը կենայ:

— Խե՞նթ է, ի՞նչ է, — ձայնը բարձրացուց մայրս օճախին առաջքէն: — Որ պիտի խպնէր` ինչո՞ւ եկաւ: Կարմիր մո՞մ ղրկեցինք: Ինտո՞ր ընենք, ձուազե՞ղ մը եփենք, երես մը սէ՞ր քաշենք, առաջքը երթանք, հրամէ մերը` ըսենք:

— Ի՞նչ գիտնամ, հարսիկ, — ըսաւ Մարօն մօրս:

— Հարս, դուն գնայ` առ ու բեր, — ըսաւ մայրս կնոջս:

Կինս գնաց որ նստեր էր Մարոյենցը: Ներս մտնելուն` ոտքի ելաւ, թէեւ ինք տարիքով մեծ ըլլալուն իրեն ոտքի ելլելը պատշաճ չէր, հարկաւ:

— Մերը՞ ինչու չես եկեր, հոս նստեր ես, — ըսաւ կինս: — Ելիր մերը երթանք: Մենք մեզի ենք: Դուրսէն օտար մարդ չկայ: Ես, կեսուրս, մեծ կեսուրս, ու մէկ մըն ալ աղբարդ ենք:

«Աղբարդ» ըսածը` ինծի համար էր: Անշուշտ վայելուչ չէր, որ «էրիկս» ըսէր:

— Ես կը խպնիմ, քուրու, ես չեմ գար, — ըսաւ հազիւ լսելի ձայնով ու վար նայելով:

Կնոջս ստիպումներուն վրայ զգաց, որ աւելի յամառիլը չէր ըլլար, միասին եկան: Առաջ մամուս, ետքը օճախը գնաց` մօրս, ետքը` ինծի մօտեցաւ, իմ ձեռքս բերանակալին տանելով` պագաւ, չարդախին մէջտեղի սիւնին առաջքը քաշուեցաւ, նոր հարսի մը պէս բարեւ բռնեց ու կեցաւ:

— Ինտո՞ր էք, — հարցուց մամս, — պարնտատդ, կեսուրդ, տագրդ, ներըդ, տղաքը:

Մունջ էր:

— Ըֆ՜ֆ… — շշաց, գլխովը հասկցնելով, թէ աղէկ էին:

— Որո՞ւ հետ եկար, ո՞վ բերաւ քեզ:

Կնոջս մօտեցաւ, անոր ականջին ըսաւ:

— Մօրաքրոջը հետ եկեր է, մօրքուրը ըսէր է` եկուր քեզ հետս տանիմ, առէր բերէր է, — պատասխանեց կինս:

— Անո՞ւնդ ինչ է, — հարցուց մամս նորէն:

— Սարօ է, — պատասխանեց կինս անոր տեղը:

— Աղէկ, աղէկ, — ըսին մերերը, ու ուզեցի, որ ոտքի վրայ չմնար, գար քովերնին նստեր, բայց չանսաց, իր գիտցածը ըրաւ, անկրթութիւն համարելով խաթուններուն քով նստիլը:

— Ովակն ալ հոս է, ջաղացքին առաջքի ածուքը կը բահէ, հիմա ուր որ է` կուգայ ճաշելու, — ըսաւ մամս:

Անտարբեր մնաց: Անվայել էր մեծերուն ներկայութեանը իր էրիկովը հետաքրքրուելը, որպէսզի մտքերնուն չանցընեն, թէ իր մարդը տեսնել եկեր էր:

Ովակն ալ ներս մտաւ: Տեսաւ կնիկը, որ չարդախը կայներ էր, նայեցաւ մինակ, ու շիտակ բղուկին գլուխը գնաց, պղնձէ լոշիկը կոխեց, ջուր առաւ ու խմեց:

Մայրս`

— Խորեաթ, — ըսաւ, — կնիկդ եկեր է, քովը չերթա՞ս, բարի ես եկեր մը` չըսե՞ս, չհարցնե՞ս տունը ի՞նչ կայ, չկայ, տղաքը, հարըդ, մարըդ:

— Ի՞նչը պիտի հարցնեմ, ի՞նչ կայ, որ եկեր է, — պատասխանեց չոր ձայնով մը:

— Կնիկդ չէ՞, քովդ եկեր է, – կրկնեց մայրս:

— Ի՞նչ ընեմ` կնիկս է նը, թող չգար:

Մամս խօսակցութիւնը փոխեց`

— Մինչեւ ո՞ւր բահեցիր, — հարցաց Ովակին:

Մինչեւ Մաղիկանց պատին մասուրները:

— Առտուընէ ի վեր մինչեւ հո՞դ բահեցիր. հէչ բան մը չես ըրեր:

— Ի՞նչ ընէի, հողը կաղճին է, կը փակի, բահը չբանիր, սէզերը գոցեր են, անանկ ալ խորունկ բուսեր են, որ բահը կը կոխեմ ուժով, չեն ելլէր նորէն:

— Հայտի, հարս, — ըսաւ մայրս կնոջս, — ապուրը եփեցաւ, վար առի, թանը խառնեցի, ելիր հաց թրջէ, սինին դիր:

Կինս տապակով ջուր բերաւ, Սարօյին կեցած տեղին քով: Հացատան տարծոցէն, քանի հոգի էինք` այնչափ թերթ չոր հաց, բերաւ, ափովը ջուր ցանեց վրանին, սալային մէջը պառկեցուց, վալայով ծածկեց, որ փափկնային: Աթոռակին վրայ սինին հաստատեց, պապս ու տղաքն ալ եկան, Սարօն ալ հետերնիս, բոլորուեցանք ծնկածալ: Կինս ամէնուս դգալ ու հաց բաժնեց. օճախէն մեծ ունկվրայով թանապուր բերաւ, մինչեւ շրթները պզպզուն որ` հը՛-հը-հը, պիտի թափէր բերած տեղը: Պապս, մամս չհամբերեցին: «Աս հարսն ալ քիչ լեցնել չգիտեր, հազար ըսէ` ան նորէն լէմպէլէմպ, պզպզուն պիտի լեցնէ, որ թափի, հոս Կորջայենց տունը չէ, մարանքդ մոռցիր, Տեմուրճենց տունն է հոս» ըսին: Լացը փշրեցինք մէջը, գդալեցինք, կերանք: Ունկվրայ մըն ալ լեցուց, բերաւ, ան ալ հատցուցինք: Զատկէն ետքը մինչեւ նոր բերքերը ելլեն, ուրիշ ի՞նչ կայ ուտելիք. կաթ, մածուն, թան, թանով ապուր: Առտուն թանով ապուր, ցերեկը թանով ապուր, իրիկունը թանով ապուր: Եւ կամ` փիլաւ, ջըրվրայ, արտերէն բերուած աղցան:

Ամենէն առաջ Ովակը ոտքի ելաւ: Ետեւէն` ես: Մենք պարտէզը բահել գացինք: Կիները սեղանը վերցուցին, ամանները լուացին, Սարօն տունը խաթուն ընել նստեցնելու չէին հարկաւ, ան ալ հետերնին առին, Երկու Քարուկի, Կապուտ կապաններու արտերուն խոտերը փետտելու՝ քաղնելու գացին: Իրկունը մենք` բահելէն, անոնք ալ` քաղնելէն, դարձան: Մայրս հաւկիթ կոտրեց, ջրվրայ եփեց, չմթնած, լուս աչքով, կերանք: Կինս ու Սարօն ախոռ մտան, կովերուն ու եզնոցը կերը տուին, վեր եկան ու անկողինները փռեցին: Գիշեր եղաւ, ամէն մարդ իր տեղը, Ովակն ալ վերի երդիքը փիլաներուն` չոր խոտերուն վրայ իր անկողինը գնաց պառկելու: Սարօն ու կինս մնացին ոտքի վրայ:

— Ամէնքը պառկեցան, հայտի դուն ալ ելիր մարդուդ քով գնայ, պառկէ, — ըսաւ կինս Սարօյին:

— Քուրու, ես կը խպնիմ, էս ձեր տունը անոր հետ չեմ պառկիր, — ըսաւ:

Էրկանդ հետ չես պառկիր, քեզ ո՞ւր պառկեցնենք, — ըսաւ կինս: — Տոշակնիդ լայն ալ է, երկուքդ ալ կ՚ըլլաք մէջը: Մարդ մարդասանք չկայ վերը: Չոր փիլաներուն վրայ կը պառկիք: Էրիկէ՞դ ալ կը խպնիս, երեք տղու մար ես, մարդ իր էրիկէ՞ն ալ կը խպնի:

Ինչ ըրաւ` խօսքի չեկաւ:

— Ես կը խպնիմ, քուրու, ես ձեր տունը անոր հետ չեմ պառկիր, — ոտք կոխեց, կեցաւ:

Կինս շուարեցաւ:

— Է, ի՞նչ պիտի ընենք հիմա, ան ըսէ, ասանկ ոտքի վրայ պիտի կենա՞նք: Քեզի կը հարցնեմ, — ըսաւ կինս:

— Դուն գնայ պառկէ, քուրու, — պատասխանեց,: - Դո՞ւն:

— Ես կը նստիմ հոս:

— Մինչեւ առտո՞ւ:

— Մինչեւ առտու կը նստիմ:

Մայրս պառկած տեղէն տեսաւ, որ ճրագը կը վառէր` ելաւ քովերնին եկաւ:

— Ինչո՞ւ կեցէր էք, ճրագը չէք մարեր ու տեղերնիդ երթար, — հարցուց:

— Էրկանդ քով գնայ, պառկէ` կ՚ըսեմ, ես կը խպնիմ` կ՚ըսէ, չերթար, — ըսաւ կինս:

— Չերթար, չպառկիր, ի՞նչ պիտի ընէ հոս:

— Դուն գնայ, ես կը նստիմ` կ՚ըսէ:

— Խե՞նթ է, ի՞նչ է, չգիտեմ որ ըսեմ, աղջի չելլե՞ս, չերթա՞ս` էրկանդ քով պառկիս, –– յանդիմանեց մայրս:

Քարը կը խօսի : Քար դարձաւ: Մայրս բերանը բացաւ.

— Աղջի՛, շունշանորդի կնիկ, իս ալ մեղքը կը խոթես գիշերով, չէի՞ր գիտէր, որ մեր տունը գայիր նը` էրկանդ ծոցը պիտի պառկէիր: Ի՞նչ ընենք: Մեր ծո՞ցը առնենք քեզ, պառկեցնենք: Զատ տոշա՞կ ձգենք: Որ կը խպնէիր նը` ինչո՞ւ եկար:

Չշարժեցաւ կայնած տեղէն: Լռեց: Մայրս, ճարահատ, կնոջս`

— Աղջի հարս, ա՛ռ վարի տունը տար, անպարներուն առաջքը, մթել, մը, տոշակ մը տուր, թող պառկի հոն, — ըսաւ:

Կինս մօրս ըսածին պէս ըրաւ, վեր եկաւ:

Առտուն լուսցաւ, չլուսցաւ` հաց, պանիր, ուրուպ դրինք իր ու Ովակին առաջքը, կերան, Ովակը առաւ տարաւ կինը: