Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  Ա ԱՌԱՋԻՆ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՔ ԵՒ ԶՈՒԳԱԴԻՊՈՒԹԻՒՆՔ ՀԱՅՈՑ ԵՒ ՎԵՆԵՏԱՑ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ազգաց պատմութեան մէջ դէպք մի ª որ զարմանախառն անդրադարձութիւն մի կ ' ազդէ հետաքննաց վրայ, այլալեզու եւ այլատարազ ազգաց ª իրարու հետ ունեցած անակընկալ յարաբերութիւնն է. եւ այս իրաւացի զարմանքն այնչափ աւելի մեծագոյն կու լինի ª որչափ այդ ազգաց հայրենիքն հեռու ըլլան իրարմէ, ոչ միայն ծովերով ու ցամաքով անջատեալ, այլ եւ ընդմիջեալ ազգերով եւ ժողովրդովք, որոց հետ թերեւս այնչափ սերտ յարաբերութիւն չեն ունեցած ª որքան իրարու հետ ª այդ հեռաւոր եւ բաժանեալ ազգերն £ Սակայն տեղեաց հեռաւորութեան հետ ժամանակի հեռաւորութիւնն այլ յայտնի կ ' ընէ, որ ի սկզբան ª աղօտ, նուրբ, եւ կերպով մի անշօշափելի պէտք է եղած ըլլան անոնց յարաբերութիւններն. մինչ մերձաւոր ժամանակ եւ ներկայութիւն գրաւոր հաւաստեաց կամ յիշատակարանք են ª որ պատմութիւնը եւ անոր ստուգութիւնը յիրաւի կը հաստատեն £ Այլ եւ զայն չէ կարելի ժխտել ª որ գրեթէ ամեն ազգաց պատմութեան ըսկիզբն ª անօսր եւ գրեթէ առասպելական  է, եւ թէ պէտք եւ արժան չէ յառիլ ի նոսա ª իբրեւ իրական բաներու £ Բայց դարձեալ, այն խուսափուկ եւ ստուերական երեւութիս մէջ այլ կայ գաղտնի զուարճութիւն եւ հաճոյք մի. եւ թէպէտ անաչառ միտք մերժէ զանոնք, սակայն երեւակայութիւնն միշտ հաշտ աչքով կու նայի այդ առասպելաց վրայ, եւ կարծես թէ կու փնտռէ իսկ զանոնք £ Բայց երեւակայութիւնն ըսելով ª կու հասկականմ ոչ զսանձարձակն եւ զցնորական, այլ որ յեցեալ ըլլայ յաւանդութիւն ինչ եւ ի հաւանականութիւն, կամ ի յարմարաւոր եւ հնարաւոր կարելիութիւն £

Մեր աչաց առջեւ պարզելով ազգասփիւռ աշխարհացոյցը, եւ ուշադրութիւննիս հայաստանի վրայ դարձընելով, հետեւեալ երեք ինչ աներկբայ հաւաստութեամբ ընդունելի կը թուի մեզ £¬ Ա £ Հայ ազգին եւ աշխարհին հնութիւնն, ստոյգ պատմութեան սկիզբէն ի վեր, որ ջրհեղեղով կու սկսի, եւ անմիջապէս անկէ վերջ աշխարհական անուամբ Հայաստան կամ Արարատեան երկիր կու կոչուի £¬ Բ. Այս երկիրն բնիկ ժողովուրդն ª Հայք, որ ցեղապետէն եւս յառաջ եկած լինին ( միշտ ի Յարութեանց Հնագոյն ազգաց հետ ի միասին կու յիշուին, եւ անոնց մեծ կերպարանափոխութեան ª այսինքն ազգաց բաժանման եւ ցրման օրերէն սկսեալ, կամ քիչ վերջը, մինչեւ  այս օրս ª անպակաս բնակեր են հօն, թէ եւ ոմանք յայժմու բանասիրաց Եւրոպիոյ ª եկամուտ համարին զՀայն, եւ տիրող ª իրմէ առաջ բնակող ժողովուրդ ժի £¬ Գ. Զի այդ յամառ եւ անքակ բնակութեամբն իսկ ի վերայ հայրենի հողոյն, ոչ փոքր ª այլ մեծ մասն մի հայ ժողովրդեան ª ընդաբոյս իմն բարուք ստէպ գաղթէր է եւ կու գաղթէ, ոչ միայն ի մերձաւոր աշխարհներ, այլ պէտք համարած ատենին ª նա եւ ի ծագս երկրի, ¬ եթէ կու վայելէ այսպէս ըսել, այլ եւ այլ պատճառներով £ Մեր այս ըսածին  յայտնի վկայութիւն կու տան ամենայն ծանօթք ներկայ քաղաքավարութեան աշխարհի եւ մերձաւոր դիպուածոց, եւ նոյն իսկ ընթերցողք լրագրաց £ Ուրեմն զարմանալու չէ ª եթէ ըստ բաղդի ª աշխարհաքաղաքացի համարուին Հայք, եւ ընդ գերագոյնս ի նոսին, որով եւ ի հարկէ այլ եւ այլ օրինակաւ եւ չափով ի յարաբերութեան ըլլան ընդ օտարալեզու եւ օտարաբարոյ հեռավոր ազգս եւ նշանաւոր կենդրոնս, մանաւանդ ի շահաստանս եւ ի մայրաքաղաքս £

Հիմկուհիմայ թոյլ տրուի մեզ վերցընել նախնի եւ կէս պատմական դարուց քողը, եւ թողլով ուրիշ ամեն երկիրներու եւ ազգաց վիճակը քննել Հայոց ստոյգ կամ անստոյգ կցորդութիւնները կամ ծանօթութիւնը ª միջին դարուց եւ նոր պատմութեան ամենէն աւելի նկատելի ու զարմանալի ազգի ու նահանգի մը հետ. այն է հռչակաւորն եւ գեղապանծն Վենետիկ £ Ստոյգ պատմութեան կարելի չէ այս երկու ազգերը հաւասարել ընդ միմեանս. այնչափ երկար է խտիր ժամանակի ª եթէ ոչ ըստ ծագմանն, - վանս զի գեթէ հարկ է ամեն ազգաց զուգաժամանակ ըլլալ, - այլ ըստ ծանօթութեան. եւ կըրնամք ըսելª թե այն օրն որում յալեաց կու ծնանէր կոյսան Վենետիկ, կու նուաղէր հինն Այրարատ, իր հազարամեայ էութեան շրջանօք կարի իսկ ծանրացեալ, որոնցմով կատարեց իր զօրութեան եւ մեծութեան  երկայն շրջանը, երկարատեւ քան զշրջան հասարակապետութեան Վենետկոյ. ապրելով հին աշխարհի հնագոյն ազգաց հետ, ընդ որսª երկրիս թատեր վրայ խաղաց իր խաղը£ Սակայն, քա՜ւ, ոչ մեռաւ, այլ նուաղեցաւ միայն. եւ ըստ ինքնակեցութեան օրինացª ի խոնարհագոյն կեանս յեղափոխեցաւ. եւ եթէ մեռած ալ ուզուի համարել զինքը, այնպիսի մահ էª որպէս եւ Վենետկոյ, յետ կորստեան հասարակապետութեան£ Եւ ո՞վ պիտի համարձակի ըսել կամ հանդուրժել լսել այսպիսի ինչª Ադրիական ծովուց այս չքնաղ դժխոյիս համար, յետ գրեթէ դարու միոյ իր բաղդին յեղափոխութեան£ Նոյնը պէտք է իմանալ եւ վասն Այրարատայª նախածնելոյն յալեաց համաշխարհական ովկիանու ջրհեղեղին. բայց ոչ ի սպառ յանշքութեան եւ նուազութեան հազար տարիներու մէջ, այլ եւ ի նորահրաշ կենդանութեան եւ զօրութեան վերերեւեալ. որով սերտագոյն կցորդութիւն մ'այլ ունեցաւ ընդ Վենետկոյ, ինչպէս պիտի տեսնենք քիչ մ'ետքը, եւ որ նպատակ է մեր այս գրուածին£

Ձեռք առնունք ուրեմն պարզել զքող կիսապատում ժամանակաց. եւ որովհետեւ տեսանք զՀայսª հնագոյն դարուց մէջ ստուգապէս հանդիսած, արժան է փնտռել նա եւ Վենետկոյ խանձարուրքը, կամ անոր էութեան առաջին վիճակը, քանի որ դեռ ստացած չէր այն շքեղ կերպարանքըª որով ի հինգերորդ դարէ ցվերջ ութեւտասներորդին տեսարան եղաւ Եւրոպիոյ եւ Ասիոյ£ Եթէ այս վերածնութենէն նոյնչափ ժամանակ եւ դար վեր ենենք, գրեթէ Տրոյական պատերազմաց դիւցազնական պարագային կու հասնինք. յորում հինª այլ ոչ երբէք հնանալի քերդողն, մանաւանդ թէ ամենայն մտաց եւ դարուց մանկացուցիչն, Հոմերոս, իր մոգական մատամբք կու սքողէ մեզ զուրուական Վենետկոյ, տառի մը նուազութեամբ կամ այլափոխութեամբ, Հենետք կամ Ենետք կոչելովª Պափլագոնաց ցեղ մի, քաջաձի եւ քաջաջորի. որոց համար կու վկայէ եւ Սոփոկլ, թէ յ'օգնութիւն եկած ելլան տարաբաղդ ծերունւոյն Պրիամու. առ որª կանխեր հասեր էին յօժանդակութիւնª այրարատեան գնդաց քաջաձի սերունդք, իրենց Զարմայր նահապետին առաջնորդութեամբ, որ Հեկտորի հետ ընկաւ ի յաւերժայիշատակ դաշտին. բայց ոչ յայմէ զարնուած, ինչպէս կու փափաքի եւ կ'ազդէ պատմիչն մեր . Խորենացի), այլ միայն ի դիւցազանց դիւցազնէնª յԱքիլեայ£ Չեմ գիտեր թէ այդպիսի փառաւոր արկած մի հանդիպեցա՞ւ արդեօք եւ Պիլեմոնիª առաջնորդին Վենետաց կամ Հենետաց, երբ Տրովադայ պարըսպաց տակ ընկաւ եւ նա£ Բայց ինձ հաճոյ է նկատե այդ երկու ազգերն, մեր քիչ յառաջ յիշած դաշին համեմատ, պատմական ժամանակաց եւ արշալըրչոց մէջ, իբր համերաշխ, նիզակակից եւ գործակից, եւ գրեթէ իւիք նա եւ համանման£ Վասն զի, Պափագոնացիք նաեւ սահմանօք իսկ մերձաւորք էին փոքուն Հայոց եւ գաւառաց Հայախաղտեաց£ Ալիւս գետով մի բաժնուելով. զգեստուք այլ համաձեւք, ինչպէս կու հաւատարմացընեն հինք, կրեով զտարազ փռիւգական. եւ զարմանալի իմն հանդիպմամբª նոյն էր մեր երկու ազգաց այլ գլխաւոր նշանակն եւ այլաբանական ցոյցն£ Ծանօթ է հնագիտաց, թէ ի՛նչպէս խրոխտ Հռովմայեցիք իրենց արձանաց եւ դրամներու վրայ սովոր էին կերպարանել զՀայաստան ի մանուկ փռիւգագտակ. Վենետկեցիք այլ նոյն փռիւգացի գտակը կը դնէին իրենց դքսից գուխը, եւ նիւթապէս անդրեաց վրայ£ Վենետկեան յիշատակաց հետամտից թողլով քննե եւ յայտնել, թէ ո՛րքան հաւանականութիւն կրնայ ունենալ իրենց չքնաղակերտ քաղաքին եւ ազգութեան սկզբնաւորութիւնն կամ թէ ըսենք մկրտութիւնն, Քրիստոսի 421 թուականին եւ ի 25 մարտի, ըսենք, թէ մեր հայկական պատմչաց յիշատակք այլª նոյն տարուան թուականին դնեն Կարնոյ քաղաքի բերդինª ի Բարձր Հայսª հիմնարկութիւնը կամ ընդարձակուիլը, որպէս զի ըլայ ամուր ապաւինի կամ նիստ արեւմտեան (յունական) Հայոց կուսակալաց, որ Հայաստանի արեւելեան մասին գերիշխանք էին (suzerai), եւ քիչ ետքը նա եւ տեարք£ Այն քաղաքն եւ բերդն որ հիմայ Էրզիրում, կամ Երկիր եւ Արզն Յունաց կը կոչուի, այդ ժամանակէն եւ ինչուան ետքըª նոյն վիճակին եւ պաշտաման մէջ մնաց, որոյ համար շինուեցաւ. մանաւանդ թէ ա՛յլ աւելի£ Վասն զի Հայոց հին մայրաքաղաքաց աղօթանալէն եւ աւրուեէն ետքը, երբ յետին մայրաքաղաքն այլª Դուինª սասանութեամբ քանդեցաւ, Կարնոյ քաղաքն հազար տարիէ ի վերª Հայոց քաղաքաց առաջին եւ գխաւորն համարուած է, ինչպէս եւ այսօր, օսմանեան Հայաստանի մասին մէջ, եւ Թուրքաց պետութեան գլխաւոր նահանգական եւ զօրանիստ քաղաքաց մին, եւ հզօր մարտկոց ընդդէմ ռուսական տէութեան£ Արդ, ըստ այսմ տեսութեան եւ ժամանակի ծննդոց, զուգածինն Վենետկոյ Կարինª իւր սեպհական տեւողութեամբ յերկարատեղ եղավ քան զայս զծովապարփակ քոյրն£ Ո՜րչափ աննմանք իրարուª ոչ միայն ըստ քաղաքական հանգամանաց, այլ նա եւ բնական դրիւք. զի մինչ բարեհամբոյրս Վենետիկª հեզօրէն մինչեւ յերեսս ծովունª (որ կեանք եւ զարդ եղաւ իրեն), հարթ հաւասար զետեղուած է, ընդ հակառակն Կարինª կարծես թէ ըստ անուան իր հին նահանգին (Բարձր Հայոցª յորում հիմնարկուած է), իր աշտարակաց համար օդական իմն ալիք կը փնտռէ, 6000 ոտնաչափ բարձրանալով Պոնտոսի ծովուն երեսէն, որոյ մերձաւորագոյն է քան այ ծովուց. եւ է հին եւ համբաւաւոր կենդրոն մի վաճառուց արեւելեան աշխարհացª որ ի Հնդկաց եւ ի Պարսից. ինչպէս վկայէ նա եւ աշխարհագիրն Մարկոս Պօղոս (Marco Polo), եւ իրմէ աւելի հնագոյն արաբացի եւ այլ օտարազգի պատմիչք£

Վենետկոյ ծննդեան թուականին երկբայողք, հաւանակագոյն կու համարին անոր հասարակապետութեան կազմակերպութեան թուականըª դնել 451-2 տարւոյն. երբ հիւսիսայնոյն Ատտիղայ ձեռքէն փախչելով, Ադրիական ծոցոյն ճախճախուտներըª ծովէն ու ցամաքէն աւելի հզօրագոյն համարեցան ի պաշտպանութիւն անձանց£ Այդ տարուան մէջ զուգադէպ կը հանդիպէր նա եւ ի Հայաստան, աւա՜ղ, ոչ եթէ ծնունդª այլ մեծ մահ մի. Հայոց համազգային կամ համիշխան միութեան մահն£ Վասն զի կենաց ու մահուան մեծ վտանգի ու տագնապի մէջª յերեսաց հրապաշտից Պարսից, վերջին անգամ կը գումարէր կը ժողովէր իր հաւատարիմ որդիքը, ու մահուան պատերազմը կու տար, առաջնորդութեամբ քաջագունին ի զօրավարս ժամանակին, Սրբոյն եւ մեծին Վարդանայ, որ առաքինաբար նահատակեցաւ այն անմոռանալի օրուան մէջ (2 յուլիս, 451), եւ առաքինակրօն ընկերօքն դիւցազնօրէն ընկաւ հայրենեաց վրայ. այդպիսի քաջութեամբ ընկած բանակն այլª վերացոյց բարձրացոյց քան զաստեղս ի վեր£ Զկարծէ ոք թէ ընդ Հայկին եւ Վահագնիª իր նախնեացª դասեցաւ համաստեցութեանց կարգի մէջ, այլ աւելի գերագոյն տեղ մի, ի խորանս Յիսուսի, եւ ստուգութեամբ. զի այն օրուընէն ի վերª եկեղեցի եւ աշխարհ Հայաստանեայցª տարուէ տարի կը կատարեն Սրբոց Վարդանանցª հազար երեսուն եւ վեց նահատակացª տօնխումբ հանդէսը, եւ դադարելով յամենայն զբաղմանց եւ ի տուրեւառիկ գործոցª գերագոյն յաղթութեան յիշատակ մը կատարեն յեկեղեցւորջ, եւ վարժարանաց խնջոյից մէջ, փոխանակ մէկ քաղաքի ջրածնութեանª բովանդակ ազգի մի արեամպ վերակենդանութիւն. որոյ տեւղութեան չափն էª կրօնք, երկրաւր անմահութիան, շաղկապ երկնաւորին եւ անանց յաւիտենականի£ Եթէ այդ երկատեսիլ թուկանին վրայ դար մ'այլ աւելցընենք (451-551), յիշատակարանք ուրիշ նոր հայկա¬վենետկեան զուգատիպութիւն մի կու ցուցնեն, ներկայացնելով մեզ նոյն ժամանակին հռովմեական բանակաց արիագոյն զօրավարը, զներսէս Պատրիկ. որոյ առ օտարս համաշխարհական անուն եւհամբաւ, աւելի կերպով մը սեփականագոյն է առ Վենետկեցիս եւ առ Հայսª առ մեզ. զի մեր ազգին արիւնէն  ընծայեցավ, թէպէտ եւ ի ծառաութեան բիւզանդական կայսերաց. իսկ առ Վենետկեցիսª յոըոց հիւրասէր մեծարանք ընդունեցաւ, մինչ հազիւ խրճթաց մեջ գլուխնին ծավէն վեր վերցուցած կը թուէին, ասոնց ձկնորսակ նաւակներէն օգտըւելով, իր զօրքերը կրելու, եւ այն ծովափանց աւերօղքը վանելու համար. եւ իրենցմէ տեսած եւ ընդունած ծառայութեան փոխարէնª միջնորդ հաշտութեան լինելով ընդ Պատաւիոնացիս եւ Վենետկեցիս. եւ այն ժամու դեռ եւս անկերպարան Վենետիկ քաղաքին մէջ կառուցանելով առաջին եկեղեցիքը եւ գրատուն մի եւս£ - Մեր ժամանակաց ստուգախնդիր քննութեանն համարª աւանդական, որով եւ վիճելի համարուած են այս դէպքը. նոր քննիչք եւ նորայայտ յիշատակարանքª կ'աւանդեն, թէ ոչ ի կէս վեցերորդ դարու, այլ ի սկիզբն իններորդին շինուած ըլլան Ս. Թէոդորոս Վենետկոյ մայր եկեղեցեաց առաջինն զուգակցաւն նուիրելով Ս. Գէմինիանոսի, ուրիշ Ներսիսէ մի, որոյ եղբայրն այլ նոյն եկեղեցւոյն եպիսկոպոսն եղած ըլլայ£ Այդ երկու համանուն անձանց գործերն որչափ այլ իրարմէ առաւել կամ նուազ ստուգութիւն ունենան, թէ յառաջնոյն եւ թէ յերկրորդէն հաւաստի բան մի մնայ, եւ որ մեզ համար կարեւորագոյն է ի ժամուս, եւ է հայկական եւ վենետկեան ձեռաց մտերմաբար եւ օժանդակօրէն առ միմեանս կարկառիլն£ Անտարակուսելի է որ Զ-Ը դարուց մէջ ի Հռաւեննա հաստատուած կայսերական փոխարքայից աթոռնª օգնական եւ զօրաւիգն էր Վենետաց£ Ոմանք այդ փոխարքայից ոչ միայն հայ էին ազգաւ, որպէս Ներսէս, Գրիգոր եւ Իսահակ, (որոյ հոյակապ դամբարանին արձանագիրք ի Ս. Վիտալ եկեղեցւոջ Հռաւեննայ կու վկայեն ցայսօր), այլ եւ ամբողջ հայկական գունդ մի, Numerus Armeniorum, կու նստէր հօնª ի պահպանութիւն Իտալիոյ. եւ քաղաքին ծովափնեայ թաղերէն մին ի պատճառս նստոցի եւ ազգի զօրականինª կը կոչուէր Classis, եւ Armenia. թաղին անուանի տաճարն նուիրեալ էր Սրբոյն Ապողինարի, եւ այդ անունը կրէր մինչեւ ի ԺԱ դար, իբրեւ զատ քաղաքիկ մը համարուելով£ Փոխարքայք Հռաւեննայ ոչ միայն իրենց մերձաւորաց, այլ եւ հեռաւոր նորակիրթ վաճառականացª Վենետկացª պակաս չէին ըներ իրենց թեւարկութիւնը. ինչպէս որ յիշուի յանուանէª յաջորդն Ներսիսիª Լոնգինոս, որ այդ օգնութիւնը կու տարածէր մինչեւ ի սահմանս Անտիոքայ յԱսորիս բնակողաց. այն սահմաններնª որ յետոյ գլխաւոր կէտ կամ թատր եղան Հայոց ընդ Վենետկեցիս վաճառականութեան եւ յարաբերութեանց, ինչպէս վերջը պիտի տեսնենք£ Իսկ թէ ընդ ցամաք ա՛յլ աւելի յառաջ կ'երթայի՞ն շահախնդիր Վենետք, մինչեւ ի խոր Հայս եւ անոր արեւելեան մեծ մայրաքաղաքը Դուին, (զոր մի ի մեծագոյն շահաստանաց Ասիոյ կու դրուատեն գրիչք Յունաց եւ Արաբացւոց Ե-Ը դարուց մէջ, ինչպէս քաջ հետաքննութեամբք պարզեց արդէն հմուտ գերմանացին Հայտ. ) կամ թէ եւ Հայքª անոնցմէ ոչինչ նուազ բազմաշրջիկք, շահախնդիրք եւ ճարտարքª կը հանդիպէի՞ն մինչեւ յաղտաղտուկ ափունս Վենետկեան ծոցոյն. - ստոյգ եւ որոշակի բան մը չենք կրնար ըսել, այլ մեծապէս հաւանական կու թուի. վասն զի եթէ ուրիշ ազգաց երթեւեկք էին ի Դուին եւ ի վաճառաշահ քաղաքս Իտալիոյ, եւս առաւել Հայոց, որոց համար վաճառականութեան ոգին բնածին իմն էր եւ կրնայ համարուիլ. մանաւանդ զիª ինչպէս տեսանք, այդ դարուց եւ ժամանակաց մէջ խմբովին կու գային Հայ զօրականք եւ զօրավարք, եւ կու բնակէին յափունս Ադրիականի, եւ անշուշտ իրենց ազգականք եւ ազգակիցք այլª կըրնային գալ ոչ կռուոյª այլ շահու պատճառաւ£

Կու թողունք յիշատակել նա եւ դեսպանաց երթեւեկը, ինչպէս եւ Հայազգեաց ոմանց ի դրանէ կայսեր, եւ ի Վենետկոյ աւագաց եւ դքսերու որդւոց ի Կոստանդնուպօլիս, մանաւանդ ի սկիզբն իններորդ դարու. ինչպէս ծովապետ նախարարն Կեփալենեայ Պօղոս, - որոյ մականուն Cespherao այլ եւ այլ այլագրութեամբª գուցէ հայերէն է, ¬ եկաւ ի դիմաց Պեպինոսի ի պաշտպանութիւն Վենետաց (809-10). եւ անոր մերձանունª Արսափիոս (Arssphius) Նիկեփոր կայսեր կողմանէ գնաց դեսպանութեամբ յԱկուիսգրանա (810), զոր ոմանքնոյն իր բուն հայկական անունովը Արշակ կը կոչեն, իսկ Տա՛նտոլոյ պատմիչնª խանգարելով Հեբերսաբիոս կամ Եպերսապիոս (Hebersabius. - թերեւս աղօտ հնչմունք Արշաւիր, Վարազշապուհ անուանց. երկրորդն եկեր էր Վենետիկª Օպելերիոյ դուքսը դատելու համար£

Ուրիշ զուգադիպութիւն մ'այլ յիշենքª հայ ազգի կայսերաց գործակցութեան ընդ Վենետկաց, որ այս միջոցին հանդիպած է (818). Բարդեչիբա՛ցիոյ տոժին Ճիւսդինիա՛նոյ որդւոյն առաքումն առ Լեւոն կայսր, որոյ յատուկ մականունն է Հայկազն. սա ինքն եղաւ առաջինª որ առ ինքն ղրկուած Վենետկոյ դքսորդին Հիւպատ անուանեց, եւ պարգեւեց անոր եւ անոր քաղաքինª այնպիսի ընծաներ, որ ոչ միայն մինչեւ հիմայª հազար տարիէ վերջ մնայուն են, այլ պիտի մնան միշտ. - զի են Սրբոց նուիրական նշխարներ, կենարար Խաչի Փրկչին մերոյ եւ Տիրամօր պատմուճանի, եւ աւելի աչքի զարնողª Սրբոյն Զաքարիայ ամբողջ մարմինն, այլ եւ գանձերª ի շինութիւն ասոր հոյակապ եկեղեցւոյն, որ թէ եւ նորոգութեանց ատեն փոփոխութիւններ կրեր է, այլª դեռ կայ եւ պիտի մնայ յիշատակ մեծագործութեան տուողին եւ ընդունողաց. եւ որոյ հովանւոյն տակª ի թիւս սրբասուն եւ աստուածանուէր կուսանացª ընծայած են զանձինս եւ ոմանք ի հայազգի օրիորդաց£ Գտնուին թերեւս եւ ա՛յլ թանկագին անօթք սրբազանքª հայկական նշմարօք, եթէ յուզուի Ս. Մարկոսի պատուական գանձատունն£

Սուրբ Մարկո՜ս... Անկարելի է Հայ¬Վենետաց յիշատակութիւն ըրած ատենª չխոնարհիլ անգամ մ'այլ առաջի հրաշակերտ տաճարիս, որոյ համար կրնանք ըսել, թէ ճարտարութիւն, ճոխութիւն, բարեպաշտութիւն (չքաշուինք ըսել թէ նա եւ գողութիւն), իրարու ձեռնտու ըլլալովª մասն առ մասն փոխադրեցին ի հարստագոյն քաղաքաց արեւելից, եւ կառուցին յանդիման Հանդրին հայելւոյն, ի հազարամեայ զարմանս դարուց. կամ իբր անդամ անդամ յօշելով ի գեղեցկակազմ մարմնոցª յօդեցին եւ հաստատեցին մի այն գեղեցկագոյն մարմին, ¬զսքանչելի Տաճար Սրբոյն Մարկոսի, թերեւս յետ Սրբոյն Պետրոսիª աշխարհամուտ տաճար բովանդակ քրիստոնեայ ազգաց երկրի£... Սուրբ Մարկո՜ս. (որովհետեւ հարկ է ակամայ իսկ թողուլ բազմապատիկ դիտելիք եւ ըսելիք, ) որոյ կարգ կարգ ազնուանիւթ եւ մեծամեծ սիւնք փարելով գրկաբաց ճակատին շուրջըª քանդակուած կու կրեն վրանին բազմաթիւ անուանս հայազգին ուխտաւորաց, թէպէտ եւ յետին ԺԶ¬ԺԸ դարուց, այլ յիշատակք են հետեւողաց իրենց նախնեաց, որ յետ նախնագունիցնª գէթ ստուգիւ երկոտասաներորդ դարէն ի վերª կը մտնէին եւ կ'ելնէին ընդ պանծալի դրունսն£ Սուրբ Մարկո՜ս, որոյ անթիւ բազմակերպ եւ հրաշակերտ կազմուածոց մէջª դրսանց աչքի զարնող առաջին է իր դրիւք եւ ձեռագործ արուեստագիտութեան մէջ նախապատիւ համարուած, մեծ եւ ճոխ քառեակ մը պղնձաձոյլ ոսկէզօծ Երիվարաց, որոց վրայ հայկական յիշատակ կը սաւառնի£ Այս երիվարաց ճարտար արուեստագէտնª համարեալ է յոմանցª Լիւսիպպոս, եւ յայլոց ուրիշ անձինք. այլ հաւանական կարծուի թէ աշխարհակալ թագաւորք Արշակունեաց Հայոցª որ Քրիստոսէ հարիւր տարի առաջ տիրեցին հեղ մի Ելլադայ, այն դրախտակերպ գաւառէն կորզելով յափշտակելով այդ երիվարներըª փոխադրեցին ի Հայաստան. ուստի ըստ աւանդութեանª Հայոց Տիրիթ թագաւորէն ընծայեցան Հռովմայ Ներոն կայսեր£ Բայց այլք հաւանակագոյն եւս կարծեօք կ'ենթադրեն, թէ մեծն եւ Սուրբն Տրդատª Կոստանդիանոսի ընծայ ղրկած ըլլայ այդ չորս երիվարները, եւ սաª իր Վոսփորի ափանց վրայ կառուցած նոր դաստակերտին Բիւզանդիոնի. անտի ի Վենետիկ փոխադրուելուն դէպք եւ ժամանակª ամենուն յայտնի է£ Մինչեւ որ անժխտելի քննադատութիւն իր վերջին եւ համոզիչ խօսքը չըսէ, պիտի չդադրինք զարմանքով նայելէն այդ նորասքանչ օդաչու երիվարաց վրայ, իբրեւ ի գանձսª որ դարերով պահուեցան ի հայ երկրի, եւ իբրեւ ի կողոպուտսª հզօր ձեռաց Հայոյն ի տկարացեալ Հոռոմէ, եւ յառատ տուրս հայ ձեռաց առ հզօրագոյնն, ապա նախախնամութեան տնօրինելովըª դադրած հօն իւր հիմայ կեցեր են, ի պանծալի գլուխ Վենետկոյ. զի այսպէս պատշաճական եւ արժանաւոր է մեզ կոչել զեկեղեցի Սրբոյն Մարկոսի, ի հոյլս իր հարիւրաւոր սուրբ եւ քաղաքական շինուածոց£ Որքան հին եւ հզօր եղած է Հայոց յարաբերութիւնն եւ Վենետաց հետ առուտուրն, ասոնց առատ եւ ընտիր ոսկւոյն միջնորդութեամբ, միանգամայն եւ ինչ կարծիք ունեցեր է ռամիկ Հայնª իր մեծահանճար եւ մեծահնար եւ ոչ ըստ արժանւոյն իրենց ժամանակի նախանձորդներէն պատուած անձանց վրայ, (ինչպէս Խորենացի մի, Դաւիթ մի, Ղազար մի), ցուցըն » է իր այս հետեւեալ աւանդութիւնն, որ ի ծիծաղելի եւ աղուականª կնգուղի եւ վենետկեան գդակին շփոթմամբն հանդերձ, կըրնայ վերի ըսածներուս հաստատութիւն տալ, ինքնին անհաստատ ըլլալով. «Անանիա Շիրակացին տաղտկացեալ ի Հայոց. եւ գնացեալ ի Վենետիկ, եւ ուսուցեալ է նոցա թագաւորին՝ քիմեյով զերկաթն առնել (ոսկի). եւ նոքա յետ ուսանելոյն ի նմանէ՝ մտածեր են սպանանել զնա։ Եւ ինքն խնդրեալ է, թէ ոսկոյ մի կողմն իւր պատկերն նկարել. եւ նոքա յանձն առեալ են այնպէս առնել. եւ ի նմանէ թողութիւն առնելով՝ զգլուխն կտրեր են։ Եւ ես ասեմ (ո՞վ ես դու), ի՞նչ է պատճառն, եթէ ոչ՝ մեր Հայոց ազգին կարգաւորաց նախանձն, որ ի տգիտութենէ յառաջանայ, եւս առաւել ապերախտքն…։ որ այնպիսի անհատնելի գանձն կորուսեր են։ Որ եւ եալտըզ ոսկոյն մէկ երեսն կնկուղով պատկերն՝ Անանիա Շիրակացուի պատկերն է»!- Վենետն՝ թող երկու ծիծաղի. Հայնª մէկ ծիծաղի, մէկ խրատուի։