Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. ՊԱՅԼՔ ՎԵՆԵՏԱՑ Ի ՀԱՅՍ ( ԿԻԼԻԿԻԱ ).

 

Առաջին Պայլի յիշատակութեան կը հանդիպինք - ինչպէս ըսինք - յամի  1271. իսկ յանուանէ առաջին Պայլ ` Վենետկոյ դիւանաց մէջ կը գտնենք ի 1282 ( յուլիս 22) զՄարինոյ Պատռէր: Բայց որովհետեւ զանազան գործք եւ վճիռք Հայ, Վենետկեան իրաց խառն են Պայլից անուամբ, ժամանակի կարգաւ այդ գործերը յիշատակելնէս յառաջ, դնենք նա եւ նոյնպէս ժամանակագրապէս Պայլերը, որչափ ծանօք են մեզ ի սուգ միջոցի իբրու վաթսուն իբրու վաթսուն եւ հինգ տարիներու. յորմէ ետքը Այասայ գերութիւնն կամ աւերածն, եւ Հայոց իշխանութեան դեդեւիլն ու տկարանալն ` դադրեցոյց նա եւ Պայլից առաքումը յԱդրիական ծովուց իշխողէն։

 

1282 -3

Մարին Պատոէր

 

Marino Badoero

1285

Լեոնա ' րտոյ Ճիզի

 

Leonardo Gizi

1286

Մարկոս Սինիո ' լոյ

 

Marco Siniolo

128.

Յովհան տէ Գանա ' լի

 

Giovanni de Canali

1290

Բագրատ Յուստինոս

 

Pancrazio Giustino

1293

Ենրիկ Տէլֆին

 

Enrico Delfino

1296 -9

Մարինոյ Սինիոլոյ

 

Marino Siniolo

1300

Պօղոս Գուիրի ` նոյ

 

Paolo Quirino

1302 -3

Անդրէաս Սանուդոյ

 

Andrea Sanudo

1304

Յովհ. Բրեմարինոյ

 

Giovanni Premarino

1306 - 9

Նիկողոս Մորոզինոյ

 

Nicolo Morosino

1310 - 2

Գրիգոր Տոլֆին

 

Gregorio Dolfin

1313 -6

Յուստին Յուստինեան

 

Giustino Giustinian

1317 -8

Փիլիպպոս Պարպարիկոյ

 

Filippo Barbarigo

1318 -9

Պէլէդ Տանտոլոյ

 

Beletto Dandolo

1320 -2

Յովհաննէս Գարոզոյ

 

Giovanni Caroso

1326

Վլաս Մալիբիէրոյ

 

Biagio Malipiero

1328 -30

Պետրոս Պրակատին

 

Pietro Bragadin

1333

Նոյն Պետրոս

 

Pietro Bragadin

1333 -4

Մարինոյ Կիրմանի

 

Marino Grimani

 

Երբ Աքքեա քաղաք ` քրիստոնեայ ազգաց հզօր մարտկոցն ` առնուեցաւ յայլազգեաց, այն տեղի Պայլն այլ վերցուեցաւ. Հայաստանի մէջ նստողին պէտքը հոգալն ալ ` Վենետկոյ ծերակոյտն ուղղակի իր վրայ առաւ, ու 1289 տարւոյն օգոստոսի 15 թուականաւ վճռով մը ` սահմանեց անոր թոռակը մերձ ընդ մերձ հատուցանել. եւ ի 1301 սեպտեմբեր 14 հրամագրով որոշեց ամէն ամիս ընել այն հատուցումը. եւ նոյն տարւոյն օգոստոսի 13 ին կը վճռէր, ի դիւրութիւն իւր գանձուն ` որ նոյն հրապարակին վրայ գտնուող Վենետացի վաճառականք պարտըկան ըլլան տուրք տալ մի առ հարիւր բիզանդ. եւ որովհետեւ տրոց հաւաքման պաշտօնեայք (Vicedomini Ternarie) վաճառաբերից վրայ խստութեամբ կը հսկէին, նոյն ինքն Պայլին խնդրանօք ` Քառասնից մեծ ժողովն կը վճռէր (1292, յուլիս 1), որ այդ տուրքը հատուցողաց թոյլ եւ դիւրութիւն ըլլայ ` իրենց բեռինքը ցամաք հանել: Ժամանակաց համեմատ ` սահմանեալ սակն ալ փոփոխութիւններ կրեց, մերթ հատուցանեով երկու առ հարիւր, եւ մերթ ալ հասարակապետութենէն բոլորովին ազատութիւն ընդունելով ` առանց տրոց ներս մտցընելու իրենց ապրանքը: Յիշենք համառօտիւ առ Հայս խաւրուած Պայլից վերաբերեալքն, որ եւ մասամբ երբեմն մերազգեաց վերաբերին, եւ են անոնց ընտրութիւնքն կամ փոփոխութիւնք, Այասայ մէջ կենալնուն կամ անկէ հեռանալու համար տրուած հրամաններն, իրենց ռոճկին ու ի վաճառականաց պահանջած սակին եւ տրոց չափն. բնակութեան համար սահմանուած տանց շինութիւնք կամ նորոգութիւնք, եւ այն պատճառաւ եւ նպատակաւ եղած դրամական փոխառութիւնք, եւ այլն. նմանապէս ` Պայլից հրամայուած կամ յանձնուած առանձին եւ մասնաւոր պաշտամունք եւ գործք, ինչպէս, երթալ առ թագաւորն Հայոց. եւ Վենետկոյ դքսերէն տրուած կամ առնուած ծանօթութիւնք եւ տեղեկութիւնք: Եւ որպէս զի այս այլ եւ այլ տեսութեանց համեմատ ` հարկ չըլլայ կրկին եւ կրկին դառնալ, կամ ժամանակաց ելեւէջ ընել, ժամանակագրական կարգաւ դնենք ` ինչ որ նախայիշատակեալներէն զատ եւ որիշ ` գտեր ենք ի Հայաստան նստող Պայլից Վերաբերեալ:

Յանուանէ առաջին յիշատակուած Պայլին ( Մարին Պատոէր ) յամի 1283, թոյլտուութիւն կ՚ըլլայ իր ընկերակցաց հետ խորհրդակցելով փոխառութեամբ դրամ հայթհայթել, եւ այնպէս ձեռք զարնել ի նորոգութիւն բնակարանին:

1285, յուլիս 5. Նոյն հրամանը կը տրուի նաեւ Լեոնարտոյ Ճիզի Պայլի:

1287, յուլիս 31. Պայլին պատուէր կը տրուի որ իր տեղէն չհեռանայ:

1288, օգոստոս 6. Թոյլտուութիւն փոխառութեան, որպէս զի կարող ըլլայ նորոգել եւ պահպանել իր բնակութեան տեղուանքը:

1289, յուլիս 26. Մարկոս Սինիոլոյ Պայլին յաջորդ կը նշանակուի Յովհաննէս Գանալ: Անոր հրաժարելովն ի յանձնառութենէ պաշտամանն ` քիչ օրէն ( օգոստոս 18) Բագրատ Յուստինեանի կը յանձնուի պայլութիւնը. որ 2740 հայկական նոր դրամոյ փոխառութիւն մը կ՚ընէ: Այս դրամոց վրայ պիտի խօսինք ի կարգին: Տարին չլրացած ` Յուստինեանն ալ կ՚արձըկուի ի պաշտամանէն. եւ ինչպէս Սինիոլոյ իր նախորդն, ինքն ալ կը պահանջէ ռոճկին մնացորդը:

1293, մայիս 16. Մասնաւոր վճռով մը կ՚որոշուի փոխառութեամբ վճարել Ենրիկ Տոլֆինոյ Պայլին թոշակը:

1300, հոկտեմբեր 10. Արձակուրդ կը շնորհուի Պօղոս Գուիրինոյ Պայլին: Նոյն տարւոյն ապրիլ 2 հրամանագրով մը վճիռ տրուած էր որ առ Մատթէոս Կանտինոյ պարտքն հատուցուի:

1302, յունիս 5. Հրաման առ Պայլն Անդրէաս Սանուտոյ, 1500 դրամ փոխառութեան: Յաջորդ տարին ( մարտ 21) թոյլ կը տրուի նմա երեք ամիս կենալ ուր որ ուզէ, ի Հայս կամ ի Կիպրոս: Սանուտոյի ժամանակ նոր օրինադրութիւն մը կ՚ըլլայ առաքման Պայլից ի Հայաստան (1303, օգոստոս 26): Քանի մը օրէն ետքը ( սեպտեմբեր 1) կ՚արձըկուի նա ի պաշտօնէն:

1304 յունիս 10. Յովհաննէս Բրեմարինոյ Պայլ կը դրուի: Իրմէ ետքը կը յիշուի Նիկողայոս Մորոզինոյ. եւ հաւանական կը թուի որ իր ընտրութեան ժամանակ (1307) կը սահմանուի, որ Սանուտոյի տրուած թոշակն իրեն ալ տրուի նոյն չափով. եւ եթէ Հայոց թագաւորին եւ Հասարակապետութեան մէջ եղած քանի մը խնդիրք կարգի չդրուին, Պայլի թոշակին վրայ յաւելուած մ ' ալ ըլլայ ( քսան լիպրէ կրոսից ): Իրմէ ետքը Պայլ գրուեցաւ Գր. Տէլէֆին, ( ապրիլ 21. մայիս 13), որ ապա եւ դեսպան փոխանակ Յովհան. Ֆոսգարինի վախճանելոյ 1310: Ինչուան իր ատեն դեռ վճարուած չըլլալով, ատեանը կը վճռէ ` որ Բագրատ Պայլին ձեռքով ի Հայս եղած ծախքն հատուցուին, զոր ստիպուած էր ընել ` նորոգելով տունը եւ նոր մ ' ալ գնելով, եւ երեք հարիւր դրամոց ծախք մ՚ալ ունէր թագաւորական հրամանագրի մը ստացման համար, որպէս զի անարգել կարող ըլլայ երթալ ի բարդապահութիւն Կորոնի: Իսկ Գր. Տէլֆին նոր Պայլին ալ կը շնորհուի (1310, յունիս 3), ի հաշիւ Հասարակապետութեան ` իր ունեցած սեպհական ընչիւք ծախսել ` որչափ պէտք ըլլայ ի շինութիւն մթերանոցաց: - Առ նոյն Տէլֆին կը գրէր դուքսն (1310, յուլիս 28), ծանուցանելով Թիէրոլոյի դաւաճանութիւնը: - Յետ միոյ ամի 1311, յուլիս 17, հրաման տրուեցաւ իրեն որ Պէմպոյ Կարտի վաճառաբեր նաւաւ կարող ըլլայ դառնալ ի Վենետիկ: Բայց յաջորդ տարւոյն մէջ դեռ եւս կը գտնուէր նա յԱյաս, եւ վաճառականական խնդրոց եւ նիւթոց վրայ կը գրէր, եւ կը ծանուցանէր դըքսին. սակայն նոյն տարւոյն կէսէն արձակուած էր ի պայլութենէ, ինչպէս կը տեսնուի Հասարակապետութեան մէկ վճռէն, (1312, օգոստոս 10), որով կը հաւանի որ նա 1500 կամ 1700 դրամով տուն մը գնէ ի Հայս: - Ասոր յաջորդն եղաւ Թոմ. Սորա ' նցոյ, որում պետական գործ մը յանձնուեցաւ առ թագաւորն Կիպրոսի, եւ երկու տարուընէ ետքը ինքն ալ արձակուեցաւ ի պաշտամանէ (1314, մարտ 16): - Յաջորդեց զնա Յուստին. Յուստինեան, առ որ մասնաւոր վճռով հաւանութիւն տուին (1314, օգոստոս 12), որ կարենայ մինչեւ տասն վենետկեան լիպրէ ծախսել ի նորոգութիւն եկեղեցւոյ Սրբոյն Մարկոսի. եւ որովհետեւ քանի մի խնդիրք կային ի ժամանակին Հասարակապետութեան կողմանէ կարգադրելիք ` բայց ոչ այնչափ որոշ եւ բացայայտք, յանձնեցաւ դքսին (1314, օգոստոս 20), որ հարկաւոր տեղեկութիւնները տրուին Պայլին այդ խնդրոց նկատմամբ: Նոյն օրուան վճռով թոյլ տրուեցաւ Յուստինիանու որ կարենայ Կրետէէն խար կամ անասնոց բուտ բերել տալ: Յետ իբր երկու ամաց (1316, ապրիլ 22) հրաման ըրին որ 100 սառակինեան բիզանդի փոխառութիւն մը ընէ: Նոյն տարւոյն օգոստոսի առաջին օրը ինքն ալ ազատ եղաւ ի պայլութենէ. եւ յ՚31 ամսոյն կը սահմանուին  յանձնարարութիւնքն առ յաջորդ նորա Փիլիպպոս Պարպարի ' կոյ եւ ընծայք առ թագաւորն  Հայոց Ի սկիզբն յաջորդ ամին հրաման կը տրուի իրեն, (1317, յունուար 23), հարիւր բիզանդ դրամոց գումար մը ծախսել ի նորոգութիւն տանն. եւ այս նպատակաւ հինգ լիրայ  կրոս կը յանձնուի ի դրամաց պետութեան: Վրան տարի ու կէս անցնելէն ետք, (1318, սեպտեմբեր 8), կը ծանուցուի արձակուրդն ի պաշտամանէն, եւ Թէ արդէն օգոստոս 24 թուականաւ տրուած հրամանագրով մը ` յաջորդ որոշուած էր Տա ' նտոլոյ Պէլլէ ' դդի: Սմա յաջորդեաց Յովհ. Գարո ' զոյ, 1320, Բայց Օշին թագաւորին մահուան լուրն հասնելով ` խափանեցաւ (1320, սեպտ. 20), երթն յԱյաս, մինչեւ յետ միոյ տարւոյ կրկին հաստատուեցաւ եւ երթալու հրաման տրուեցաւ (1322, փետր. 25), ինչպէս նաեւ երկոտասան լիրայ կրոսից գումար մը ծախելի ի նորոգութիւն տանն: Այդ վախճանաւ յետ երից ամաց 1325 ղրկուեցաւ փայտ ի Վենետկոյ. բայց չեմ գիտեր ո ' էր Պայլ ի ժամանակին, Գարո՞զոյ թէ այլ ոք: Յետ վերջնոյս ` յանուանէ Պայլ կը յիշատակուի Վլաս կամ Պիա ' ճիոյ Մալիբիերոյ, որ  յամի 1326 ( յինն յուլիս ) առաքեցաւ շանց Լեւոն Դ Ռուբենեան թագաւորի: Վլասայ յաջորդն եղավ Պետրոս Պրակատին, (1328), որում կը  յանձնուի այլ  եւ այլ խընդրոց վրայ խօսիլ ընդ թագաւորին Հայոց. պատուէր կ՚ընդունի օտար տուն չբնակելու. կը յիշուի նաեւ արձակուրդն յամի 1331 ի 26 յունուարի: Ի նմին ամի ' վճիռ մի կը յիշէ  նախորդն  Վլաս  վախճանեալ, եւ կը պատուիրէՊայլին ( Պրակատինի կամ  ուրիշի  մը ) մեռնողին ժառանգաց շնորհել  երկու առ հարիւր ի սակէն, Նոյն հրաման կը կրկնուի եւ ի 1332 յ ' եօթն յուլիսի տրուած վճռով:

Պրակատինի գործոց մէջ նշանաւոր եւ հետաքննական է տեղեկութիւնը ` զոր տայ նոյն ժամանակի (1330) Հայոց վաճառականութեան հանգամանաց վրայ, ինչպէս քիչ ետքը պիտի տեսնենք վաճառականական յարաբերութեանց յիշատակաց մէջ: Երեւի նա իբրեւ Պայլ նա եւ 1332 թուականին: Բայց յաջորդ տարւոյն մէջ կը յիշուի վերջին Պայլն ` Մարինոյ Կրիմանի (1333, մայիս 13), որում կը շնորհուի նոր տուն մ ' ալ գնել. եւ որ կը կրկնուի յետ միոյ տարւոյ (1334, օգոստոս 13), եւ նոյն օրը դարձեալ ուրիշ պատուէր մի, ծանուցանելու համազգի վաճառականաց որ Լեւոն Դ թագաւորի նոր պարգեւագրին վերահաստատութեան պայմանաց համեմատ, (1333, նոյեմբեր 10), իրենց արծաթոյն կէսը պարտըկան են գնել յարքունի փողանոցն, ինչպէս կանխաւ եւ նախընթաց դաշնագրով մը սահմանուած էր:

Ալ այս թուականէն ետքը չկայ Վենետաց Պայլի անուն կամ գործ ի Հայս եւ յԱյաս քաղաքի. վասն զի այս երկու ազգաց շահու աղբիւրն գրաւեցաւ յԵգիպտացւոց ի 1337 եւ թէպէտ անգամ մ ' ալ յաջողեցան Հայք թափել ազատել զայն ի թշնամւոյն, բայց կարճատեւ եղաւ այն նշոյլն. նաւաց երթեւեկք ալ, ինչպէս քիչ ետքը պիտի տեսնենք, շուտով դադարեցան: Ռուբինեանց ուղղաբուն յաջորդութեան բեկմամբ, Լեւոն Դ թագաւորի մեռնելովը (1342), որոյ վերջին թուղթն առ դուքսն Վենետկոյ գրուած է յամի 1341 ( մարտ 1), գրեթէ դադարեցան Հասարակապետութեան յարաբերութիւնք ` ընդ նըւաղեալ եւ շիջելափառ պետութեան Հայոց, որ դեռ երեսուն եւ հինգ տարի ալ գայթ ի գայթ շարունակեց: Այդ միջոցին մէջ դժուար է որ Վենեաք գէթ երեսփոխան մը ունեցած չըլլան ի Հայս, ուր կային տակաւին մանր նաւահանգիստք եւ վաճառականութեան պատկանաւոր տեղիք. բայց ոչ դիւանաց եւ ոչ պատմութեան մէջ անոնց յիշատակութեան հանդիպած եմք: Հնար է որ Կիպրոսի Պայլին յանձնուած ըլլայ այնուհետեւ ի Կիլիկիա մնացող վենետացի գաղթականաց խնամքն. վասն զի այս միջոցին ժամանակի մէջ ալ Վենետաց նաւարկութեան յիշատակ կ՚ըլլայ:

Ասոնք սովորութիւն ունէին տարուէ տարի պատրաստել ու շինել այլ եւ այլ տորմիղս նաւաց ` երեք, հինգ, եօթն, ութ, տասն եւ  աւելի եւս թուով. եւ տարւոյն սահմանեալ եղանակաց մէջ ` որոշեալ ճամբով ուղղել ի զանազան շահաստանս աշխարհաց եւ պետութեանց. ի Կ. Պօլիս, ի Կրետէ, ի Կիպրոս, յԱղեքսանդրիա, ի Հոլանտա, եւ այլն. նմանապէս որոշուած էր առաքել եւ ի Հայս, յաշխարհամուտն Այաս: Ծերակուտին վճռոց մէջ ` ինչպէս ուրիշ տեղեաց ` ստէպ կը յիշուին նա եւ հայագնաց տորմիղք եւ անոնց թիւն, 1278 թուականէն ցվերջ հայկական պետութեան: Այս բանս կը հաւատարմացնեն բազմաթիւ վճիռք եւ հրամանագիրք, զորս ըստ ժամանակագրական կարգի եւ խնամով հաւաքեր ենք ի պետական դիւանաց, բայց աւելորդ համարիմք կարգել: Մեծ փոյթ ունէին յընտրութիւն նաւապետաց կամ գլխաւորաց տորմղացն. նաւարկուք եւ վաճառականք ալ օրինաց խստութեան ենթարկւած էին, չտալով թոյլ կամ հրաման որում եւ իցէ ` ինքնակամ եւ առանց քննութեան նաւարկել. առանձնական նաւուց ալ հազիւ հրաման կ՚ըլլար ընկերել նաւատորմղին: Սահմանուած էր նաւուց չափն ձեւն, ինչպէս նաեւ նաւաստեաց թիւն, որ քսանուհինգէն պակաս պիտի չըլլար: Ծանօթագոյն նաւք ` կալեա կոչուածքն էին, զոր Հայք ի գիրս իւրեանց խալէ, Khale, կ՚անուանեն: Յաջող ատեն ` տարւոյն մէջ երկու անգամ կամ կրկին տորմիղք նաւուց կը ղրկուէին. մին յետ զատկի, եւ միւսն ` որ յաճախագոյն կը հանդիպէր քան զառաջինն, օգոստոսի կէսէն ետքը կամ ի սեպտեմբերի. բայց երբեմն ժամանակին դիպաց համեմատ ` կ՚որոշուէր ժամանակ առաքման տորմղին:

Ատենական վճիռք ծերակուտին կը սահմանէին եւ նաւահանգիստներն ` ուր նաւք պիտի սպասէին կամ ընկերէին այլոյ տորմղի:

Կը յիշուին երբեմն եւ նաւուղչէք եւ բեռանց սակք, զոր պարտէին տալ առ նաւապետն կամ ծովապետն ի հաշիւ տէրութեան:

Տորմղին կենալու եւ դադարելոյ ժամանակն ` ուր որ ուղղուած էր եւ որոյ անուամբը կը կոչուէր, սովորաբար սակաւօրեայ էր, ինչպէս տասնուհինգ կամ անկէ ալ պակաս, բաւական ` բեռներն եւ վաճառականները ցամաք հանելու եւ նոր վաճառք եւ վաճառականեր առնելու համար: Դուն ուրեք կը յիշուին չափք եւ կազմուածք բեռանց: