Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ.   ՅԱՐԸՆՉՈՒԹԻՒՆՔ ԱՐՔՈՒՆԵԱՑ ՍՍՈՅ ԸՆԴ ՀԱՍԱՐԱԿԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՆԵՏԿՈՅ

 

Նախընթաց գրածովս Նշանակեցի ` երկոցուն պետութեանցս յարաբերութեանց սկզբնաւորութիւնը, յառաջին ժամանակաց թագաւորութեան մերոցս ի Կիլիկիա, մեծին Լեւոնի արդեամբք, եւ 1201 թուականին իրմէ տրուած Պարգեւագրով, որ առաջնորդ եւ նախատիպ եղաւ ամենայն առընչութեանց Հայոց եւ Վենետաց, եւ կը կրկնուէր ու կը նորոգուէր, երբ մեծ հարկ մը կը պահանջէր, ինչպէս Հայոց նոր թագաւորաց յաջորդելու ժամանակ: Եւ հարկ էր որ այսպէս ըլլար` Լեւոնի մահուընէն եւ քանի մի տարի անհաստատ վարչութենէ ետքը, երբ յամի 1226 թագաւորական իշխանութեան մէջ հաստատուեցաւ Հեթում Ա, իր հզօր եւ խորագէտ Հօրն ` Կոստանդինի ` պայլութեան եւ իմաստուն ազդեցութեան տակ: Սակայն Հեթմոյ մեզի ծանօթ առաջին Պարգեւագրին կը հանդիպինք թագաւորելէն քսան տարի ետքը, ինչպէս յառաջագոյն յիշեցինք, ի 1245, եւ միւս մ՚ալ ի 1261. տեսանք նա եւ անոր յաջորդին եւ որդւոյն` Բ Լեւոնի` իր թագաւոր օծութեան տարւոյն մէջ (1271) հայրենի շնորհքը կրկին հաստատելը, նոր Պարգեւագրաւ մը ցվերջ թագաւորութեանն ` նորոգութիւն մը կամ ասոր կրկնութիւն չենք գտներ, թէպէտ եւ կարելի էր ենթադրել, որ ինչպէս քիչ յառաջագոյն (28 դեկտ. 1288) Գենուացւոց նոր Պարգեւագիր մը տուած էր. մի առ մի եւ մանրամասն նշանակելով տեսակ տեսակ վաճառուց բաժը կամ տուրքը, նմանօրինակ բան մ՚ալ Վենետաց համար տուած ըլլայ: Կը գտնուին միայն մանր ինչ յիշատակք յարաբերութեանց Հասարակապետութեանն ընդ արքունեաց Հայոց. ինչպէս, յամի 1284 Պայլն Աքքեայ կու վաճառէ Լեւոնի դարեթ (նաւ) մի ի գին վեց հարիւր բիզանդ դրամոց, եւ Վենետաց մեծ Ատեանն կու հաւանի ընդ վաճառն: Քանի մը տարի ետքը (10 օգոստ. 1287) Ծերակոյտն հրաման կու ղրկէ Հայոց Պայլին` որ երթայ առ թագաւորն` վասն կարեւոր ինչ խնդրոյ կամ գործոյ Յովհաննու ուրումն Գաբդոլի, որուն ինչ ըլլալն կամ որպիսի ելք ունենալն յայտնի չէ:

Լեւոն Բ կու մեռնի ի 6 փետր. 1298 ամին. եւ հարկ էր նորոգել կամ կրկին հաստատել զդաշինսն ընդ Հեթմոյ Բ յաջորդի նորա: Սա նորօրինակ իմն քաղաքավարեցաւ յաշխարհի, թագաւորական իշխանութեանն հետ զուգելով նա եւ զմիանձնական կեանս: Իր հայրն չէր ուզեր արքունի թագ կրել ի գլուխն ` ցորչափ կենդանի էր Հեթում Ա հրաժարեալն, եւ թագադրութեան հանդէսն ալ ուշացուց մինչեւ ցաւարտել սգոյն. իսկ սա չուզեց բնաւ եւ յդրաւ թագ ` նա եւ յարքայաբար իշխելն յառաջին ամս յաջորդութեանն. եւ երբեմն երբեմն կենացը վերջին տարիներուն ` Փրանկիսկեանց մենաստանէն ելնելով, ( որոց խոնարհ եւ աղքատին սքեմն առեր եւ անունն ալ փոխելով Եղբայր Յովհաննէս կը կոչուէր ), այն թաւարծի կապայիւ ու ձեւով կենար ի տան արքունեաց, ու ի ստիպել հարկին ` կ՚երթար ի պատերազմ ` ուր որ պէտք կ՚ըլլար, վառեալ ու առաւելեալ ամենայն ոգւով եւ ձեւով խաչակրութեանց. որպէս եւ նկարուած կու տեսնուէր նոյն միանձանց յԻտալիա ունեցած վանորէից եւ եկեղեցեաց մէջ, որք եւ իրենց Յայսմաւուրաց մէջ ի կարգս Երանելեաց դասելով զնա` տարուէ տարի անմոռաց կու նորոգեն իր յիշատակն ալ, ի 16 կամ յ'17 նոյեմբերի: Վենետկոյ ազգային այցելուաց մէջ գտնուին թերեւս ականատեսք յեկեղեցւոջ նուիրելոյ Ս. Յովբայ (S. Giobbe), ուր երբեմն մեծ մենաստան մը կար Փրանկիսկեանց, որք սովոր են արտաքուստ իրենց սենեկաց դրանց վրայ Սրբոյ մը պատկեր նկարել կամ դնել, յաճախ իրենց կարգէն եւ կրօնէն. այդ վանքին սենեկաց միոյն վրայ նկարուած էր եւ Երանելւոյս պատկերն. վեշտասաներորդ կամ հնգետասան դարու գործ, կրօնաւորական սքեմաւ, այլ արքունի սամուրիւ, եւ թագն ալ գրուած ի ստորեւ, այսու մակագրութեամբ.

B. Joannes Rex Armeniae Seraphicon Habitum suscepit anno 1294

Կրօնաւորական միաբանութեանց բարձման վճռովը` այս մենաստանս այլ ուրիշ պիտոյից գործածուելով, եւ ընդարձակ պարտէզը փոխուելով ի բուսաբանական, ջնջուեցան եւ  սենեկաց պատկերք. զարմանալի իմն դիպուածով անեղծ մնացեր է միայն մեր թագաւոր - միանձին Հեթմոյ պատկերն. որ գրաւելով տեղւոյն պահապանին աչքը, եւ  յատուկ ջերմեռանդութիւն մը զգալով առ այն, կ՚աղաչէ եւ խնայել կու տայ այն ստուգապէս եռանդաշարժ պատկերին, որոյ եւ գաղափար օրինակը առնել տուած ենք եւ մեք. եւ կու պահենք իբրեւ նուիրական եւ սիրելի յիշատակ մը. ախորժելի է մեզ անջինջ թողուլ նա եւ պահապանին աւանդութիւնը, թէպէտ եւ ոչ այնչափ հաւանական, թէ ինքն Երանելին եկած ու բնակած ալ ըլլայ յայնմ սենեկի: Ներեն ընթերցողք մեր այս զարտուղութեան, եթէ զարտուղութիւն ալ համարուի այսպիսի խնդրոյ մը հետազօտութիւն, մինչ մեր գլխաւոր նպատակն էր քննել` թէ այս նորահրաշ անձն, որ յիրաւի նշանաւոր եղաւ իր համացեղից մէջ, քաջութենէն զատ` որով իր ամէն յաջորդները գերազանցեց, ու ամենէն աւելի վեր` վարուց անարատութեամբ եւ գիտութեամբ, - որովհետեւ գրաւոր վաստակ մ՚ալ ունի, - դրա՞ծ է ինքն ալ դաշինք ընդ Վենետաց: Թէպէտ ի դիւանս դեռ գտնուած չէ, այլ վճիռ մը նշոյլ կրնայ համարուիլ` թէ դաշն մը դրած ու պարգեւագիր ալ տուած ըլլայ, համանմա՞ն արդեօք` թէ նորաձեւ ի հայրենականացն: Գոյութիւնը կու յայտնէ Ատենէն տրուած վճիռ մը (1310, ապրիլ 21), յորում կու հրամայուի հատուցանել զպահանջս ազնուազարմ Բագրատայ Պայլի, որ զայս պաշտօն վարած է ի Հայս ի 1289-90. եւ վճռոյն մէջ կը յիշուի անոր 300 դրամի ըրած ծախքը` ի թագաւորէն Հայոց նոր Պարգեւագիր մը ընդունելու համար. որով յայտնի կ՚ըլլայ թէ այս Պարգեւագիրս տրուած է ի Հեթմոյ` յառաջնում ամի անթագ թագաւորութեանն (1289). կու յիշուի այլուր, թէ յամսեան օգոստոսի նոյն տարւոյն դեռ եւս ի Հայաստան էր Պայլն այն, եւ ի յաջորդ ամի ի 25 յուլիս արձակեցաւ ի պաշտամանէ պայլութեանն:

Կու հաստատէ զայս եւ պատմութիւն Գենուացոց, որ նոյն 1298 տարւոյն մէջ ընդունեցան նոր Պարգեւագիր մը ի ձեռն Բենեդ Զաքարիայ իրենց դեսպանին, եւ կամ ի նախընթաց ամի` ի Լեւոն թագաւորէ շնորհուածին հաստատութիւնը, եւ հիմայ անհետ եցած է Հեթմոյ այդ տուրքը, որպէս եւ շնորհեալն առ Կադալանս Սպանիոյ յամի 1293: Հեթմոյ թագաւորութեան երրորդ տարին (1291) թէ' Կիպրոսի թագաւորին եւ թէ իրեն` նոր դեսպան մը ղրկուեցաւ, չեմ գիտեր ինչ պատճառաւ. այլ հաւանական կու համարիմ թէ անշուշտ այն մեծ դիպուածին համար, որ հասաւ ի վերայ ամենայն քրիստոնէից մանաւանդ արեւմտեայց հաստատելոց յարեւելս, իրենց ամուր ապաւինին` Աքքեայի գրաւմամբ ի թշնամեաց, որով եւ վերցաւ անկէ երեսփոխանն եւ մեծ Պայլն Վենետկոյ, եւ Եգիպտոսի սուլդանն սկսաւ այնուհետեւ սպառնալեօք խօսիլ եւ վարուիլ Հայոց եւ Կիպրացւոց հետ. ուստի փութաց Հեթում գրել առ թագաւորս արեւմտեայց եւ առ Սրբազանն Հռովմայ, որ եւ նա կու գրէր առ թագաւորս Անգղիոյ եւ Փռանկաց, որ օգնութեան հասնին, եւ այն վախճանաւ կու պատուիրէր եւ իր կողմանէ պատրաստել կու տար քսան նաւ: Մինչեւ որ անոնք շարժեցան, ստիպուեցաւ Հայոց թագաւորն` իր երկրին քանի մը հեռաւոր ու եգիպտական իշխանութեան դրացի սահմանները` թողուլ սուլտանին, որ արդէն հասեր գրաւեր էր Հայոց կաթողիկոսութեան ամուր աթոռը` զՀռոմկլայ, եւ ըստ կարի յարդարելով ու կարգի դնելով իր աշխարհին եւ տանը գործերը, եւ թագաւորութիւնը թողլով Թորոսի, իրմէ ետքը աւագագունին յեղբարսն, ինքն Հեթում միանձնական ձեւ ըզգենլով` կ՚առանձնանայր ի վանս (1293): Նոյն տարւոյն մէջ հանդիպեցաւ Գենուաց ու Վենետաց նաւամարտն, եւ վերջնոցս վտանգիլն յԱյաս, ու ի յաջորդին (1294) վրէժխընդրութիւնը` գերելով իրենց հակառակորդաց նաւ մը ի Կոռիկոս. եւ յերրորդում ամի (1295) մարսիլիացի նաւուն դէպքը, զոր յառաջ յիշատակեցինք: Այս ամէն դիպուածներով խանգարեցան խաղաղական յարաբերութիւնք եւ տուրեւառք Վենետաց ընդ Հայս. ուստի եւ ստէպ խորհուրդք կու գումարուէին եւ վճիռք կու տրուէին յատենի Վենետկոյ. ինչպէս յամին 1294 (նոյեմբ. 24) կու սահմանէր, որ յետ արկածից պարտութեան նաւամարտին ի Հայս, ազատած վաճառականք կարօղ ըլլան դառնալ ի Վենետիկ` որ եւ իցէ նաւով, ու յաջորդ տարւոյն ապրիլի 25 վճռով երեք քննչիք կու գրուէին` այն ազատուածներուն գործը տեսնելու. խիստ պատուիրանաւ եւ սպառնալեօք քսանեւհինգ լիպրա տուգանաց, որպէս զի ի դքսեն եւ ի խորհրդականաց հրամայուածներուն անփոյթ չըլլան: Նոյն կամ նման ու ընդարձակագոյն վճիռ մալ կու կրկնուի միւս տարւոյն (1296) փետրուարի 15 թուականւ` ի ժողովոյ Քառասնից խորհրդականաց` երեք քննիչ ընտրելու: Ի սակաւատեւ իշխանութեանն` Թորոս` որ Տէր կամ Պարոն Հայոց կանուանուէր եւ ոչ թագաւոր, կերեւնայ թէ արտօնագիր մը տուած է Վենետեաց` ազատութեան ի Մսիս եւ ի Տարսոն. որպէս գուշակուի ի բանից որդւոյ նորա Լեւոան Դ` որ իրեն յաջորդեց:

1296 թուականին միանձն-թագաւորն Հեթում որ վասն անձին զերկինս միայն կու խնդրէր, այլ հայրենեաց եւ ի արքունեաց համար զամենայն` որ անոնց պատշաճական էր եւ փափագելի, իր փոխանորդին Թորոսի հետ կերթար ի Կ. Պոլիս ի տես քեռն Ռիթա կայսրուհւոյ, որ Միքայէլ կայսեր ամուսինն էր, եւ հոն պատշաճ կու համարէր իբրու բարեկամ միջնորդ ըլլալ` երկու գըժտելոց մէջ: Վենետաց եւ Գենուացոց` իրարու հետ հաշտութեան: Այս մէկ անգամ չէր որ Հայոց ազգապետն Հասարակապետութեան այսպիսի պէիք մը կու դարմանէր, այլ կարեւորագոյն ու շատ աւելի բարձր ատենի մալ կու դիմէր, տասնուհինգ տարի ետքը (1310) սոյն այս Հեթմոյ եղբայր` Օշին թագաւորն Հայոց, աղերսելով առ քահանայապետն Հռովմայ` ներողամիտ լինիլ առ Վենետ եւ արձըկել ի բանադրանաց, զոր կու հաւաստէ մեզ պատասխանի հայրապետին առ թագաւորն մեր (1314 մարտ 4 ):

Այս միջոցին, երեքտասաներորդ դարուն վերջն տարիները, շփոթք եւ ժխորք կու հանդիպէին յարքունիս Հայոց: Լեւոն Բ թագաւորի եօթն որդւոց աւագագոյնք ` Հեթում եւ Թորոս յամելով յօտարութեան, եռանդուն եղբարց մէջ եռանդնագոյնն Սմբատ ճարտարութեամբ համոզեց զաշխարհիկս եւ զեկեղեցականս, նա եւ Թաթարաց ղանն ալ ` որոյ գերագոյնն իշխանութիւնը կու ճանչնային յայնժամ ամենայն արեւեալք, ու հանդիսապէս թագաւոր օծուեցաւ, եւ երբ եղբարքն ետ դարձան: զԹորոս անգթութեամբ սպաննել հրամայեաց, եւ աւանդագունին Հեթմոյ աչքերը կուրացընել տուաւ. թէպէտ նա սքանչելեօք կրկին ստացաւ զլոյս աչացն: Այս միջոցին հանդիպած է (1297-8), ինչպէս ուրիշ տեղ յիշեցինք: Սմբատայ ընդ Միքայէլի Լօթաթարոյի ըրած առուտուրն ոսկեթել դիպակաց, զոր ընծայ ղրկեց առ սուլտանն Եգիպտոսի:

Բայց արդարախոհն Հեթում աչացը նախախնամական լուսաւորութեամբ քաջալերուած, բռնաւոր եղբայրը կու վռընտէր յարքունի գահէն, ու Թաթարաց հետ դաշնակցելով, երեք տարի անընդհատ (1299-301) սուրը` աղօթամատենէն վեր ու բարձր բըռնելով, զհետ Եգիպտացւոց կու պնդէր, կու վռընտէր մինչեւ ի հեռաւոր եւ յանծանօթ սահմանս, եւ դիցազնաբանական թուրը մխելով, նշան յաղթանակի կու թողուր զայն ` իրենց բերդին երկաթի դրանց վրայ. ու կերթար յԵրուսաղէմ գոհանալ զամենայաղթ Փրկչէն, եւ արքունական գաւազանը նուէր կու թողուր տեղւոյն մեծ վանքին, ուր եւ ցայսօր կու պահուի առաջնորդ Պատրիարքին գանձատան մէջ: Հեթում իր արքունեաց ընտանի աղմուկը դադարեցընելու համար, թագաւորեցուց տարաբաղդիկ սպանելոյն Թորոսի մետասանամեայ մանկիկիը ` Լեւոն Գ. որոյ հարսըն կը խոսէր զԱկնէս ` դստրիկ քեռն իւրոյ Զապլունի եւ Ամաւրեայ հռչականուն իշխանին Տիւրոսի, որ բռնացած էր իր Ենրիկ եղբօրը եւ Կիպրոսի թագաւորութեան վրայ. եւ ապա միւսանգամ մէկզի դնելով զէնքերը, կրկին կառանձնանար  ի վանս:

Նոյն տարւոյն մէջ խնդտիր մալ յուզուեցաւ, թէպէտ չենք գիտեր որպիսի: Վենետաց հասարակապետութեան եւ պարոն Օշինի մէջ, որ հաւանօրէն Հեթմոյ եղբայրն էր, եւ Լեւոն երրորդէն ետքը թագաւորեց, հասարակապետութիւնն (1301 հոկտեմբ. 1) հրամանագրով կը պատուիրէ Սինոլոյ Պայլին` հատուցանել ինչ որ պարտըկան էր առ Օշին, եւ պատշաճական ոճով գրել է ծանուցանել առ նա, որով կենթադրուի թէ կարեւոր էր խնդրագիրն եւ խիթայի Վենետաց: Անշուշտ ասկէ աւելի կարեւորագոյն խընդիր մէր, շահու կամ վաճառականութեան, որոյ համար Վենետկոյ պետութիւնն կու յանձնէր Թէօփիլ Մչենիկոյի, Գենուազ տրապիզքը կամ դրամասեղանները քանդողին յԱյաս, որ իր Հայաստան երթալով թագաւորէն կամ Այասայ գլխաւոր վարչէն (rettore) խնդրէ նորութիւններ չընել: Բայց քիչ ատենէն իրենք Վենետք մեծ եւ չարաչար նորութիւն մըրին: Այասայ ցամաքաբերդին վրայ յարձակելով ու կողոպտելով, ինչպէս քիչ յառաջ յիշեցինք. եւ որոյ շփոթական արգասիք եւ հետեւանք տեւեցին երեք տարի, մինչեւ ցնոր դաշնագրութիւնն եւ պարգեւագիր Լեւոնի Գ (1307, մարտ 20): Այն յուզման եւ շփոթից երեքամեայ միջոցին` այլ եւ այլ խորհուրդք եւ հողք յաճախեցին ի Վենետիկ. եւ շատ անգամ որոշուեցաւ դեսպաններ ղրկել` գործերը կարգի դնելու համար, սահմանելով նա եւ ուղեկիցքն եւ անոնց ծախքը, որ հաւասարաչափ պիտի ըլլային իրմէ յառաջ  դեսպան գնացող Ուկօլինոյի Յուստինեան, եւ ընտրուեցաւ ի նոյն պաշտօն եւ ի գործ Յակ. Կուիրինոյ: Բայց որովհետեւ սա հրաժարեցաւ եւ անով քսան փող կրոսից տուգանաց տակ ինկաւ, վնասն իրեն շնորհեցին: Դեսպանութեան ծախուց համար ալ կրկին սահմանեցին (1307, մարտ 29) փոխառութիւն մ ընել հինգ փողոյ առ հարիւր շահով, եթէ կարելի չըլլայ լեցընել զայն յերկու եւ կէս առ հարիւր սակէ վաճառականաց ի Հայս, եւ ուր դեսպան ղրկեցին զՏոլֆինոյ Տօլֆին, իսկ եւ Վենետիկ` նոյն հայկական խնդրոց քննութեան համար առանձին վճռով (1307, մարտ 18), հինգ սնդիկոսք գրաւեցան:

Դեսպանին յանձնուած էր որ Վենետաց վնասը քննէ ու ձեռք ձգէ, ուր հարկ տեսած ատեն կարող ըլլայ զիջանել 20, 000 դրամոց Մարին Սինիոլոյի եւ ի 4, 500 դրամ պահանջից Վոլդէրոն տէլլա Սբլակայի եւ այլոց ). նոյնպէս չորս առ հարիւր բաժէն ազատութիւն ուզել, եւ ջանալ կրկին հաստատել առաջին պարգեւագրութեանց պայմանները. եւ որովհետեւ Վենետք ալ պարտըկան էին առ թագաւորին Հայոց, նոր փոխառութիւն մալ կամ տուրք մալ դնել հարկ համարուեցաւ, ու քանի որ յայսպիսի անստոյգ եւ անորոշ վիճակի մը մէջ էին, արգելք գրուեցաւ Վենետաց, ու ամէն կողմ հրատարակուեցաւ, որ չկարենան երթալ ի Կիլիկիա:

Դեսպան Տոլֆին ` արքունի պահանջից ու յԱյաս կողոպտելոց վնասը հատուցանելէն ետքը, յաջողեցաւ ձեռք ձգել ի պատանի թագաւորէն Լեւոնէ Գ, ցանկացեալ նոր Պարգեւագիրը (1307 մայիս 20). որ փռանկ լեզուովը եւ բովանդակութեամբն` մեծաւ մասամբ նման է իր հաւուն` Լեւոնի Բ ձեռքով տրուածին յամի 1276, միայն թէ քիչ մը ամփոփել կը թուի Վենետաց համարձակութիւնը, պարտաւորելով որ երկրէն հեռացած ատենին ինքզինքնին ծանօթացնեն, հասարակապետութենէն ալ կու պահանջէ զհատուցումն վնասուց, եթէ Հայ ոք կամ օտարազգի իրենց հպատակներէն զըրկանք մը րէ: Կու պահանջուի որ Պայլն հաւատարմութեան վկայութիւն տայ իրեններուն համար անոնց ` որ ուզենան փոխառութիւն ընել, եւ Այասայ ծովապետն ( capitano ) գրով վաւերացնէ. եւ եթէ Այաս քաղաքէն դուրս ուզենայ ոք զայս ընել, տեղւոյն տեսուչն յԱյաս ղրկէ զնա առ Պայլն եւ կամ առ ծովապետն: Մեծագոյն թերեւս կարեւորութիւն ունեցող պարգեւագիր մալ կը գտնուի ի դիւանս, եւ որ արդէն հրատարակուած է, եւ կու թուի այս ժամանակին վերաբերիլ. բայց որովհետեւ կու պակսի ի նմա թուականն, անուն տուողին եւ վերջն, իտալական լեզուն ալ ` որով գրուած է ` անհարթ եւ դժուարիմաց ըլլալով, կարելի չէ հաստատել զժամանակն, ինչուան որ չգիտցուի թէ ով էր Թոմաս Պոնտումիէր, որ հրեշտակութեամբ եկած էր այլեւայլ խնդրոց համար, որով հաւանական կերեւի մեզ թէ հնագոյն պէտք է ըլլայ խընդիրն եւ շնորհն, եւ ոչ յաւուրս Լեւոնի Գ. այլ երկրորդին. վասն զի նուիրակին կողմանէ եղած խնդիրնրեէն մէկն ալ է եկեղեցի մը ունենալ յԱյաս, եւ պարգեւագրողն կու խոստանայ որ երբ Պայլն գայ եւ հոն հաստատուի բնակութեամբ ` եկեղեցւոյ մը շինութեան պատշաճական տեղը կու տրուի: Ասոր նման խնդիրն եւ խոստումն փոխադրութեան տանն ի սսոյ յԱյաս, եւ միւս խնդիր մալ, որ Անտիոքայ վիքարը կամ Մսսայ արքեպիսկոպոսն ` կատարել տայ Վենետաց հոգեւոր պէտքերը յԱյաս, ինչպէս, զմկրտութիւն, զհարսանիս, եւ այլն, ասոնք յայտնի նշանակներ են թէ այն ժամանակ չկար հօն ոչ եկեղեցի եւ ոչ քահանայ Վենետկեցի. վասն զի առաջին թագաւորքն Լեւոն Ա եւ Հեթում տուեր էին անոնց եկեղեցի ի Մսիս եւ ի Սիս. եւ 1261 շնորհուած Հեթմոյ երկրորդ պարգեւագիրն մէջ (յորում նախ առաջին կու յիշուի Այաս): եկեղեցւոյ Խօսք չկայ, իսկ տասն տարի ետքը իր որդին Լեւոն Բ (1271) յայտնապէս կույիշատակէ Վենետաց եկեղեցւոյ ու քահանայի շնորհումկ յԱյաս: Ուստի այս մասնաւոր Պարգեւագիրս` որոյ վրայ է Խօսքերնիս, եւ յորում տուողն կու յիշէ իր հայրը, թէպէտ առանց անուան, Լեւոն Երկրորդէն տրուած է` ոչ ի թագաւորութեանն, այլ յիշխանութեան, այսինքն է ի միջոցի 28 հոկտ. 1270 ամին եւ յանուարի 6-ին յաջորդ 1271 տարւոյն:

Նուիրակն կամ դեսպանն ուրիշ կարեւոր խիդիրք ալ ունէր, այսինքն ` որոց եւ բաժից ազատութիւն. ինչպէս, յԱյաս նոյնպէս ի հնգեսին քաղաքն ի Սիս, Մսիս, Ատանա, Տարսոն եւ Կապեսդրա ` ( որ հաւանականաբար Կոպիտառ է ) եւ գրով ալ հրամայել զայս ի քաղաքսն. որում եւ հաւանութիւն տրուեցաւ ի Հայոց: Բայց երբ դեսպանն առաջարկեց որ նոյնպիսի ազատութիւն շնորհուի նա եւ յաւանս (casali) Պարգեւագիրն կու զանազանէ, թէ կան այնպիսի աւանք ` որոց կարելի է այդ շնորհքը ստանալ, բայց կան նա եւ սեպհականութիւնք պարոնայց եւ ասպետաց ` որոց թագաւորն անգամ չէ կարող զայդ հրամայել: Ուրիշ մանր խնդիրներ ալ կային. օրինակ իմն, որ Հայք պատշաճական պատուով վարուին Վենետաց հետ ` երբ յարքունիս կոչուին, կամ իրենց ընչից եւ ստացուածոց քննութիւն չըլլուի. որք յայտնի է թէ հաւանելի համարուեցան. բայց երբ կու պահանջեն որ իրենց արկեղք քննութեան չենթարկուին, Պարգեւագիրն ` խոհեմութեամբ կըսէ թէ զանոնք վայելչապէս քննելն ձեզի վնաս չէ, այլ մեզի օգուտ: Նոյնպէս ի խնդրելն ` որ երբ Պայլն մէկու մը համար վկայէ թէ Վենետ է, այնպէս ընդունելի ըլլայ, կու հաւանի. բայց եթէ հակառակն հաւաստուի, կամ թէ սուտ ամբաստանուի, ստողք իրենց պահուհասն ընդունին: Ուրիշ աննշան խնդիրք ալ կան, զորս զանց կընեմք յիշել, փափաքողք եւ հետամուտք կրնան գտնել եւ քննել ի բնագրին, որ արդէն հրատարակուած է: