Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  ԺԵ դարուն սկիզբները (1414) նոր եւ կարեւոր խնդիր մի, թերեւս եւ դէպք, եղած է Հայոց ընդ Վենետաց յարակցութեան, թէ եւ յայտնի չէ խնդրոյն կամ գործոյն ինչպէս վճարիլն: Շատոնց Վենետկոյ քաղաքացի համարուած Հայ մի, որ կամ ազնուականութեամբ կամ հարստութեամբ նշանաւոր եղած պիտի ըլլայ, հաւանօրէն Աբրահամ Անտերուն կոչուած (Abraynus Anteron  գրուած լատիներէն), որ երբեմն ի Տրապիզոն Վենետաց ամրոցի մէջ է բնակեր, (in  castro nostro Trapesunde), տէրութեան Ծերակուտին խնդիր կու մատուցանէ (յայտ է թէ գրով, բայց առաջուց խօսած է հաւանութիւն առած ըլլալով ), որ Հայոց գաղթականութիւն մի հաստատէ ` այն ատեն Վենետաց իշխանութեան տակ եղած Կրետէ եւ Նեկրոպոնտ ( Էյրիպօզ ) կղզեաց մէջ. աւելի քան 80 Հայ ընտանիք Տրապիզոնի եւ Սեբաստիոյ կողմերէն յօժարեր են գալու այս ծովային կողմերը. եւ իրենց առաջնորդին ( Անտէրունի ) բերնով կու խնդրեն պաշտպանութիւն, դիւրութիւն եւ մաքսի թեթեւութիւն: - Ծերակոյտն վերոյիշեալ տարւոյն փետրուարի 10 ին, կու քննէ խնդիրը, եւ միաբան կամօք 93 ժողովելոց եւ քուէից ` հաւանութեան վճիռ կու տայ, խոստանալով ամեն դիւրութիւն ինչ որ տէրութեան ուրիշ հպատակաց կու տրուէր. եւ կու հրամայէ գրել այն կղզեաց կառավարչին, որ ըստ այսմ վճռի գործէ եւ կատարէ: Վճռոյն օրինակն կու պահուի ծերակուտին Դիւանաց մէջ. խնդրողին աղերսագիրն չկայ, կամ չէ յայտնուած, անյայտ է ինձ եւ կարեւորագոյն գիտելին. այսինքն, թէ կատարա՞ծ է գաղթականութիւնն, այնքան Հայ ընտանիք, ոմանք Պոնտոսի եզերքէն, ոմանք Փոքր Ասիոյ գրեթէ կենդրոնէն, թողլով իրենց տունը տեղը ` եկե՞ր են ինչուան Եեէական ծովածոցի մէջ բոյն դնելու, եւ նոր կերպով վաճառականութեան պարապելու: Չէ անհաւանելի. նկատելով որ այն ատեն Տրապիզոն առանձին Յունաց կայսրութեան մի մայրաքաղաք էր, ուր կու յաճախէին Վենետք եւ Գենուացիք ` հին դաշնակիցք Հայոց. Օսմանեանց տէրութիւնն այլ դեռ հաստատուած չէր Փոքր Ասիոյ ամեն կողմերում, եւ դեռ ծովու վրայ զօրութիւն չունէր. ընդ հակառակն, Վենետաց նաւային զօրութեան ամենէն յաջող ժամանակն էր. ասոնց պաշտպանութեան ներքեւ կըրնային Հայք գալ, բնակել եւ վաճառակցել յիշեալ կղզեաց մէջ: Արդէն Հայք Կիլիկիոյ իրենց տէրութեան վերջին տարիներում սկսեր էին սփռիլ ինչուան ի Յունաստան եւ ի կղզիս ծովամիջոցի Փոքր Ասիոյ, եւ ոմանք ի Մետիլինէ գալով ` կու խնդրէին Հռոդոսի ասպետներէն եւ կ՚ընդունէին Կով ( Լանկոյ ) կղզւոյ մէջ երկիր, եկեղեցի եւ մշակութեան եզներ, եւ այլն, յամի 1366: Բայց արդեօք կու յիշէի՞ն, մանաւանդ յԵւբիա ( Նեկրոպոնտ )  եկողք կամ գալ փափագողքն ` իրենց 1500 տարի առաջ աշխարհակալ Արտաշէս թագաւորին այն կողմերը նուաճելը, եւ իրեն ալ հօն մահուամբ կամ սպանմամբ նուաճիլը: - Եթէ այս ցամաքի դրացի երկայնաձեւ կղզւոյ մէջ Հայոց բնակութիւնն այնքան ծանօթ չէ, անտարակոյս է Կրետէի մէջ, որոյ ԺԳ դարուն սկիզբէն (1204) Վենետք տիրէին: Ապրոյեանց ազնուական ազգաբանութենէն ` որ բաւական ծանօթ է ազգայնոց ` յայտնի է, որ այն հռչակաւոր Ապրոյ Չէլէպին կարեւոր գործ մ՚ունեցած է Օսմանեանց բանակին մէջ ` Կրետէի երկար պաշարման եւ առման ատեն ` ի ձեռաց Վենետաց (1669), եւ նոյն բանակին մէջ եւ դուրս գըտուող Հայերէն` հարիւրաւորներ բնակեցուցեր է ի Գանտիա, եկեղեցի մ՚այլ նորոգելով զարդարեր եւ Ս. Կարապետ անուանել  տուած է: Բայց անկէց առաջ այլ այն տեղ Հայոց գտուելուն մեծ հաւաստիք է Գ Աբրահամ կաթողիկոսին հօն ծնանիլն եւ այն ատեն երախայ ըլլալն: Այն պաշարման կամ պատերազմի տարիներուն մէջ էր, որ (յամի 1657 ), Խաչատուր կաթողիկոս Սսոյ ` ըստ ժամանակագրի միոյ, « Առաջի Ֆրանչեսգոյ Մորոզինի ` որ եղեւ դուքս Վենետկոյ, եւ Մարքէզին Վիլլայ ` պատարագեց ի Կրետէ հանդիսապէս, եւ պարգեւեց Մարքէզի Վիլլային ` զաջ Սրբոյն Նիկողայոսի ի Քառասնիցն» ( Մանկանց Սեբաստիոյ ), եւ այլն: