Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հիմայ աչք մի տանք յարեւելս. ուր շատ մեծ քաղաքական փոփոխութիւններ կըլլան, որոյ նմանք հազիւ երբէք հանդիպած են ի պատմութեան. եւ թէպէտ մեր նպատակէն դուրս է զանոնք քննել կամ յիշել, այլ որովհետեւ: Վենետաց հետ այլ յարաբերութիւն ունին, ասոնցմով Հայոց հետ այլ եղած է. հարկ է գոնէ մէկ խօսքով միայն ներկայացընել Ասիոյ եւ Եւրոպիոյ կցորդութեան գեղեցիկ. զարմանալի եւ բաղդասահման կայուն ու անկայուն  կապն ու միջոցը, Վոսփորի Ծովագեան, որոյ արեւելքէն ` յարեւմուտս անցնելով Օսմանեանք, ոչ միայն Կոստանդեան հազարամեայ կայսերութիւնը վերուցին, այլ եւ նոր տեսարան բացին պատմութեան եւ աշխարհավարութեան, ընդարձակելով զարեւելականութիւն եւ ամփոփելով զարեւմտականն: Այն ամենամեծ յեղափոխութեան ժամանակ, ամեն ազգէ եւ ամեն աշխարհէ մարդիկ գտնուէին հօն ( ի Կ. Պօլիս ). ոչ այնքան  քաղաքական գործոց եւ դաշնակութեանց համար, որքան վաճառականութեան: Այս նկատմամբ ` յայտ է որ ամէնէն գործունեայք եւ շահավաստակք յԵւրոպացւոց ` էին Ճենովացիք եւ Վենետք. ( երկոքեան ալ երբեմն գլխաւորք արեւմտեան վաճառակցաց Հայոց ). առաջինքն ` Յունաց օգնական ըլլալով ` անոնք ճգնաժամ պատերազմին եւ կայսերական քաղքին նուաճման ատեն, չէին կըրնար համարձակիլ յաղթող սուլտանին առջեւ. իսկ երկրորդքն ( Վենետք ) իրենց խորագէտ քաղաքավարութեամբ. միանգամայն եւ հակառակութեամբ ընդ Ճենովացիս, աւելի համարձակ էին, որով այն մեծ եւ բազմազգի քաղքին մէջ արեւելեան ժողովրդոց պաշտպան կեցան. ասոնք էին զատ ի Յունաց ` Հայք եւ Հրեայք. յաղթող նոր տէրութիւնն ալ հաւանեցաւ. եւ այսպէս հեռու եւ օտար ` այլ մեծ կենդրոնի մի վրայ ` նոր կապ մի եղաւ Հայ - Վենետաց:

Ոչ ոք կարծեմ տարակուսի ` որ արդէն բաւական բազմութիւն մի Հայոց կար ի Կ. Պօլիս, եւ թէպէտ նոր գաղթականներով աւելի բազմացուց զանոնք սուլտանն, այլ առաջնոց շատութեան վկայ է իրենց յատուկ եպիսկոպոս ունենալն, որ կու յիշուի ԺԴ դարուն սկիզբէն իսկ (1307): Քանի որ Վենետք շարունակեցին իրենց պայլերը [1] նաւարկութիւնը եւ վաճառականութիւնը ի նորափոխեալ հին քաղաքին, աներկբայ է եւ Հայոց ոչ միայն իրենց հետ գործ տեսնելն, այլ եւ անոնց նաւերով երթայ զայն ի Վենետիկ:

Այս մեծ յեղափոխութեան ատեն ` թէ եւ ոչ շատ նշանաւոր այլ եւ ոչ աննշան կըլլար Հայոց ազգին համար իրենց բուն երկիրն. եւ այն այլ նոր յարաբերութեանց եւ ծանոթութեանց առիթ Հայ - Վենետաց: Մինչդեռ Օսմանեանք ի ԺԴ եւ ԺԵ դարս Փոքր Ասիոյ մէջ դէպ յարեւմուտս եւ ի հարաւ յառաջ կանցնէին մինչեւ ուր որ տեսանք: Հայաստան եւ իր դրակից Ասորւոց երկիրն ` անոնց ոչ հեռաւոր տոհմակից երկու թուրք ցեղերու տիրապետաց կամ բռնաւորաց բարբարական իշխանութեան տակ ընկած էր. ծանօթ են Սեւ եւ Ճերմակ Խոյ կոչուած տոհմքն ( Գարագօյունլու, Ագգօյունլու ), որք երբեմն իրարու հետ հաշտ եւ երբեմն  անհաշտ ` անկանոն տէրութեամբ կու նեղէին թէ զիրար եւ թէ զժողովուրդն: Իսկ այն ժամանակ որ Օսմանեանք զօրանալով ` հաստատեցան Կ. Պօլսի գահու վրայ, այս ասիական կողմերս ալ զօրացան Սպիտակախոյք եւ նուաճեցին զՍեւախոյս, եւ ոչ միայն զօրացան ` այլ եւ քաղաքականութեան ճաշակ ասին եւ արեւմտեայց հետ ծանօթութիւն եւ յարաբերութիւն հաստատեցին. այս բանիս մէջ ալ Վենետաց եւ Հայոց քիչ շատ գործ կայ: Այն Սպիտակ տոհմին ( թէ եւ սեւանուն ` Գարա Օսման կամ Գարա Եօլուագ ) նահապետն ` արդէն Տրապիզօնի Կոմենեան կայսերութեան հետ ընտանեցեր էր: Ալեքս կայսեր դուստրը կին առնըլով. հիմայ իր թոռն անուանին Ուզուն Հասան կամ Հասան Բէկ ` առաւ Յովհաննէս կայսեր դուստրը ( զոր ժամանակակից գրիչք մեր ` Դեսբինա Խաթուն կոչեն, փոխանակ ըսելու Դեսպոտինա ): Այս ոչինչ նոազ քան ըզսուլտանն ( Մէհէմմէտ ) յաղթող ինքնագլուխ Բէկն, որ Հայոց, Պարսից եւ Ասորւոց տիրող երեք գլուխներն ալ վերցընելով միապետէր այնքան ընդարձակ աշխարհաց, բնականապէս սահմանակից կունենար զՕսմանեանս: Երկու մեծ եւ հզօր անկախ տէրութիւնք ձեւացան, աշխարհակալելով, եւ հարկ էր որ այդ ոճով իրարու բարեկամ չըլլային, եւ քիչ ուշ կամ շուտ իրարու զարնուէին: Ասոնց խորհուրդն եւ գործն ` մեր նպատակէն դուրս է. միայն հարկաւոր ըսելիքն այս է, որ Ուզուն Հասան ` ոչ միայն հզօր այլ եւ հեռատես քան իր նախորդքը, կշռելով իր ոյժը իրեն հակառակորդ ըլլալու Օսմանեան տէրութեան հետ, եւ անոր զինուց եւ հրազինուց առաւելութիւնը, կարեւոր համարեցաւելի կիրթ եւ վարժ օգնական մունենալ. եւ աչքը դարձուց դէպ ի Վենետիկ, որոյ վաճառականք եւ Պայլք վաղուց ի վեր ` կերթեւեկէին եւ նստէին ի Դաւրէժ: Մեր աւելի հեռատես եւ խորագէտ ծովաքաղաքացիք այլ ` որչափ որ Օսմանեանց հետ դաշնակցութեամբ եւ հաշտութեամբ վարուէին Կ. Պոլսոյ տիրափոխութեան ատեն, լաւ կու զգային որ չէր կըրնար երկար ատեն տեւել բռնի բարեկամութիւն. Օսմանեանք ուշ կամ շուտ ընդ ծով եւ  ընդ ցամաք պիտի շարունակէին իրենց յառաջադիմութիւնը. եւ եթէ ոչ ի ցամաք ` այլ ի ծովու մեծ վտանգ կար Վենետաց, իրենց ծովերու մէջ սփռուած հարուստ կղզեաց կորըստեան, եւ իրենց ծովային զօրութեան ` ահարկու հակառակորդի: Ապա իրենք ալ աչուընին դարձուցին առ Հասան Բէկ, ճանչնալով անոր ոյժը, արթնութիւնը, եւ իրեն նախնեաց աննման քաղաքավարութիւնը. եւ յառաջ քան իրօք եւ գրօք ` ծածուկ կամ համակրական ընտանութիւն մի ըրին, որ քիչ քիչ փոխուեցաւ եւ ի դաշնակցութիւն: Վենետաց դքսին Պայլքն ` ի դեսպանս փոխեցան, որոց եօթն կամ ութ մէկմէկու ետեւէ եկած են առ Բէկն ` նոյնքան քիչ տարիներու միջոց (1470-78). ետքի թուականիս (1478) մեռած է Հասան:

Սա գրգռուած իր նոր դաշնակիցներէն ` որք սկսան վախցնել, թէ Օսմանեանք կու պատրաստուին իր երկիրները կոխելու, ուզեց կանոնաւոր եւ հաստատ բարեկամութիւն եւ օգնականութիւն հաստատել, եւ սկսաւ իր կողմէն ալ դեսպան խաւրել ի Վենետիկ (1464-8), նախ մէկ երկու Պարսիկ, յետոյ աւելի յաջողելու համար ուզեց Հռովմայ Ս. Քահանայապետին այլ խաւրել. եւ այս բանիս յարմարագոյն համարեց քրիստոնեայ մի, Հայ մի:



[1]        Ասոնց ապարանքն՝ ինչուան հիմայ Պալէօզ կոչմամբ յիշուի եւ լսուի ի Կ. Պօլիս։