Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սուրեան ճարտար Հայոց եւ անոնցմէ առաջ յիշուած լեզուագէտ եւ գործունեայ Գէորգայ եւ իր որդւոյն Մարկոսի նման, լեզուագէտ եւ ճարպիկ Գէորգ մայլ որդի Յովհաննու գրեթէ անոնց ժամանակակից, աւելի ծանր ծառայութիւն կամ գործեր ըրած է Վենետկոյ տէրութեան, արդարեւ դժուար ժամանակ մի. երբ Օսմանեանց դէմ պատրաստութիւն կար պատերազմի եւ մեծ նաւամարտին (1570): Ինքն իսկ Գէորգ իրեն հանդիպածը կու գրէ իտալերէն, յորդորմամբ Մարկոս - Անտոն (Mare Antonio) Պարապոյ ազնուականի, որ ատեն մի  Վենետաց Պայլ այլ եղած է ի Կ. Պօլիս (1568-71): Կիմացընէ ասոր, որ մինչ ինքն ի Ռակուզա էր ` իր ապրանքները ծախելու համար: Յոյն մի զինքը գտաւ եւ հարցուց, թէ ի՞նքն է Գէորգն. եւ ստուգելով հանեց թուղթ մի, զոր յիշեալ Մարկանտոնիոսն ( ի Վենետիկ ըլլալով այն ատեն ) կու յանձնէր Գէորգայ, որ տանի ի Պօլիս առ Պայլն կամ անոր փոխանորդն, Գէորգ քիչ շատ դժարեցաւ այս վտանգաւոր գործոյ, բայց քաջալերուելով թուղթը բերողէն ` յանձն առաւ: Յայտ է որ իր ճարտարութիւնն արդէն ծանօթ էր Վենետկոյ տէրութեան: Յետ զատկի տօնին ` ցամաքով ճամբայ ելաւ. երբ հասաւ ի Սգոբիա քաղաք Պոսնիոյ, ետեւէն հասան Գոսվայի Վոյվոտայէն խաւրուած երկու Թուրքք, եւ հարցուցին կարաւանին թէ մէջերնին Հայ կա՞յ: Գէորգ ` որ ընկերաց հատ այն ժամուն նախաճաշ կընէր, իմացաւ ` որ քինքը կու փնտռեն. նամակը գրեր էր ի ծոցը, որ երբ վտանգ հասնի ` ծածուկ դուրս ձգէ. բայց հիմայ լրտեսաց աչքի տակ ` չէր կըրնայ այս բանս ընել. ուրիշ ճար չգտաւ, բայց եթէ ձեռքի հացին հետ թուղթն ալ պատառ պատառկըլնել: Բռնեցին տարան զինքը Վոլվոտային, որ հարցուց թէ թուղթ կայ քովը. երբ ժխտեց, մերկացընել տուին. եւ ինչուան կօշիկներուն յատակը քննելով բան չի գտան. յետոյ խաւրեցին ` իր ապրանքն ալ քննելու. հօն ալ բան չգըտնելով ` կապել եւ ծեծել տուին, որ խոստովանի թուղթերը ուր պահած ըլլալը. նա միշտ կուրանար. եւ իբրեւկիսամահ թողուած դարձաւ ի կարաւանն, եւ նորէն ի ճամբայ ընկաւ, հասաւ ի Կ. Պօլիս, Համբարձման տօնէն վերջը, քանի մի ամիս կեցաւ հոն, դիտեց, տեսաւ եւ լսեց Օսմանեանց մեծ ու անդադար պատրաստութիւնը ` մեծամեծ նաւեր շինելու եւ զինելու, թիւն ` մեծամեծ նաւեր շինելու եւ զինելու, 200 էն աւելի, եւ ամէն կողմէ նաւաստի ժողվելը, իմացուց Պայլին իր ով ըլլալը, եւ երկու թուղթ առաւ անկէ ի Վենետիկ բերելու: Օգոստոս ամսուն ելաւ ի Պօլսոյ գրեթէ նոյն ճամբով դառնալու. ամէն տեղ կու տեսնէր Թուրքաց պետերազմի  մեծ պատրաստութիւնն եւ պաշարը ` զոր կու տանէին յԵէնի գալէ: Երբ հասաւ ի Ռակուզա եւ իմացուց քաղաքապետին ` ինչ բանի համար գալն եւ երթալը, նա թող չտուաւ որ երթայ ի Վենետիկ, այն ատեն հօն հիւանդութիւն ըլլալու համար, այլ թուղթերն առաւ եւ ղրկեց: Իսկ Գէորգայ նորէն հրաման եկաւ երթալու ի Պօլիս. բայց ինքն իր տանը կենալու պէտք ունենալով ` իր մէկ ազգականին յաձնեց գործը, որուն խոստացուեցաւ ` որ երբ դառնայ ` 40 դալէր վարձք տան: Իսկ ինքն քիչ ատենէ նաւով ելաւ երթալու ի Վենետիկ. բայց օդոց եւ ծովու խառնակութեան պատճառաւ ` 50 օր քշեց նաւարկութիւնն: Հօս վերոյիշեալ ազնուականին խընդրով ` գրեց այս ամեն յիշուածը գրուածքին թուական չկայ ( օրինակին մէջ ), բայց 1571 ին պիտի ըլլայ. որովհետեւ Պայլն ի Պօլսոյ գրած է առ Դուքսն ի 11 օգոստ. 1570. թէ ի Ռակուզա գտցողն դեռ ճամբայ ելած չէ. յաջորդ տարին (1571) ապրիլի 22- ին ալ կու գրէ, որ ի Ռակուզա գացող Հայուն թուղթեր տուած է. եւ տարակուսելով որ ուշ պիտի հասնի, թղթերուն օրինակ մայլ կու խաւրէ ուրիշ ճամբով:

Գէորգայ ըսածէն եւ ըրածէն ( ի Վենետիկ գալու փութալէն ) կիմացուի, որ ընտանիք ունէր այս քաղքիս մէջ. բայց երկար ատեն չկեցաւ անոնց քով. որովհետեւ այն ատեններ իր ճամբորդութեան մէջ տեսած Թուրքաց պատրաստութեանց, եւ թերեւս իր տարած ու բերած թղթոց ` հետեւանքն կատարուած էր: Լեպանդեան մեծ նաւամարտով: Վենետք ` թէ եւ յաղթողք կամ դաշնակիցք յաղթողաց, ասոնց իրարմէ զատուելէն վերջը ` նորէն սկսան վախնալ իրենց հակառակորդներէն, եւ շուտով խօսեցան պաշտութիւն. որոյ պայմանները հաստատելու եւ կնքելու համար ` դեսպան ընտրեցին (5 ապրիլ, 1572) զԱնդրէաս Պատռէր. եւ Պայլ ` զԱնտոն Թէոփոլոյ. ասոնց իբրեւ թարգման ընկեր գրուեցաւ Գէորգ: Չորս խալէիւք ճամբայ ելան ի 22 յունիսի, երկու ամիսէ վերջը (28 օգոստ ) հասան ելան ի Բերա: Հաշտութեան պայմաններն կնքեցաւ ի 18 փեբր. 1573: Առանց ուշանալու դեսպանն ճամբայ ելաւ (27 փեբր ). դառնալու ի Վենետիկ. անտարակոյս Գէորգ այլ մէկտեղ, որուն դարձն մեծ բաղդ ալ եղաւ իրեի. վասն զի ` ինչպէս իրպատմածէն կըրնայ գուշակուիլ ` կրնար կասկածելի անձ մի համարուիլ Դրան առջեւ. եւ երբ այս ետքի ձմեռ (1572) դեսպանին ընկերներն ձանձրացած ի Պօլիս կենալէն ` դաշնադրութեան պայմանաց ուշանալուն պատճառաւ կուզէին թողուլ դառնալ իրենց տեղը, մեծ վզրուկն ( Մէհէմմէտ ) արգիլեց, սպառնալով երկաթի անուրներ անցընել անոնց վիզը եւ այնպէս դարձընել. իսկ անոնց հետ եկող թարգմանը ( որ էր Գէորգ ) ի ցից հանել (1): Իրաւունք ունէր ուրեմն Գէորգ գրել, որ վտանգաւ կենաց կամ մահու կընէր իր այսպիսի ճամբորդութիւները ` յօգուտ Հասարակապետութեան, երբ ոչ ոք կու համարձակէր այնպիսի մի յանձն առնուլ: Իսկ ինքն քանի մի անգամ ըրաւ այն վտանգալի ճամբորդութիւնը եւ թղթատարութիւնը, թուղթերն ալ ուրիշ երկու Հայոց ձեռօք կու հասցընէր առ Պայլն, որ վախէն շատ հեզ եւ ոչ դուռը կու բանար, այլ պատուհանէն կամ կու տար տալիքը ` ապահով ատեն մի: Այս ըրած ծառայութեանց համար ` իրաւ Գէորգ Պայլէն եւ դեսպաններէն բարի վկայագիրներ ընդուներ էր. բայց ոչ եւ արժանաւոր վարձք. սակայն ինքն հաւատարմութեամբ դարձեալ յանձն առաւ երթալու ի Կ. Պօլիս: Յակոբ Սորանցոյ դեսպանին հետ, երբ սա ընտրուեցաւ (25 յանու. 1575) երթալ շնորհաւորելու Մուրատ Գի թագաւորելը: Դարձաւ դեսպանն յաջորդ տարին (1576, նոյեմբերի 8 ին ) եւ Ծերակուտին առջեւ ճառօրէն պատմեց իր դեսպանութեան գործը, ըրած, ըսածը եւ տեսածը:

Իբրեւ փոխարէն ծառայութեանցն Դուքսն կամ Ծերակոյտն շնորհեց Գէորգայ (1575 ին ) վաճառականաց միջնորդ ( սէնսար )  ըլլալ, որ բաւական շահաբեր գործ էր. բայց նա խափանուեցաւ գործողութենէն, նախ ` Սորանցոյ դեսպանին հետ ի Պօլիս երթալովը, վերջն ի դարձին (1576) Վենետկոյ մէջ պատահած մեծ ժանտախտին համար, որ ամեն առուտուր դադրեցուցեր  էր. բայց երբ քիչ մի թեթեւցաւ մարդամահն ` Գէորգ աղերսագրով խնդրեց Ծերակուտէն (24 մարտ, 1577), որ ի վարձ իր այնքան վտանգաւոր ճամբորդութեանց ` շնորհուի իրեն փոխանակ հասարակ սէնսարութեան, քաղքին Ս. Մարկոս մեծ հրապարակի եւ քաղաքը երկու բաժնող անուանի եւ աննման Ռփալդոյ կամուրջի կողմանց սէնսար ըլլայ. որ շատ աւելի շահաբեր էր, եւ կըրնար անով քիչ մի հանգիստ իր ընտանիքը պահել (1): Ծերակոյտն պատուիրեց այլ եւ այլ պաշտօնէից տէրութեան ( վաճառականաց գունցերու. Consoli de Mercadanti. Հասարակաց փաստաբանից. Avogadori di Comun, եւ վաճառեղինաց վերակացուցաց, Officiali alla Masettaria), որ քննեն Գէորգայ խնդիրը, ստուգեն եւ ինչ որ կու վայելէ ըսեն: Այս երեք պաշտօնարանաց գրուածքն չգտուեցաւ Դիւանաց մէջ, ուր այն տարիներուն այսպիսի գրուածք կու պակսին. որով չէինք կըրնար ստուգիւ ըսել, այլ շատ հաւանականութեամբ ` թէ կատարուած ըլլայ Գէորգայ խնդիրն, ինչպէս գրեթէ ամեն անգամ կատարուած է նոյն ատենները միւս ծանօթ Հայոյն ( Սուրեան Անտոնի ): Բարեբաղդաբար հինգ տարի վերջը վաճառականութեան Հինգ Գիտուն կոյուած պաշտօնեայք, իրենց մէկ պատասխանին մէջ առ Դուքսն կու վկայեն ` որ շնորհուեր էր Գէորգայ խնդրածն: Սակայն շատ ատեն չանցած ` Քառասնից մեծ պաշտօնեայք այն տեսակ ( Ռիալդոյի ) սէնսարութիւնը դադրեցուցին: Այս ատեն Գէորգ, որ իր ազգայնոց սիրելի էր, թէ անոնց կողմէն եւ թէ իր ` նոր աղերսագրով խնդրեց ` (1582) որ ինքն անուանի թարգման Հայոց, եւ անոնց առեւտըրի միջնորդութեան շահուն երրորդ մասն ընդունի. ինչպէս որ Թուրքաց առեւտըրին համար կընդունէր Միքայէլ Մամբրէ կոչուած Հրեայ թարգմանն: Այս խնդրոյս կու հակառակէին ուրիշ միջնորդք, իրենց յայտնի զրկանք ըլլալով, ուստի տէրութիւնն յանձնեց Հինգ Գիտնոց ` որ քննեն. անոնք երկու կողմէն այլ լսելով. եւ զերկուքն այլ գոհ ընել ուզելով ` պատասխանեցին առ Դուքսն (18 օգոստ. 1582), որ իրաւ զրկանք կըլլար առ հասարակ միջնորդաց ` եթէ Գէորգայ խնդիրն կատարուէր. բայց որովհետեւ շատ աարդիւնք ունէր նա եւ շատ բարի վկայութիւններ, թէ իբրեւ Թարգման, թէ իբրեւ Կարաւանապետ եւ երբեմն իբրեւ ձեռնտու ներկայացուցչաց տէրութեան ( որ է ըսել դեսպանի կամ նուիրակի ) արժանի էր որ այդ միջնորդութիւնն ընէ իբրեւ հասարակ միջնորդ, ինչպէս յիշեալ Մամբրէն այլ կընէր: Հաւանօրէն Ծերակոյտն այլ այսպէս վճռած է (1):

Այս վաստակով աշխատեր է Գէորգ քանի մի տարի այլ, եւ 1588 ին դադրեր է կամ դադրեցուցեր են զինքը այս գործէս. հարկ եղած է իրեն այլ նորէն դիմելու տէրութեան որ անոր փոխարէն թոշակ մի սահմանեն իրեն. նոյնպէս այլ եղած են սովորական քըննութիւնք Հինգ Գիտնոց վաճառականութեան  (28 յունիս, 1588), նման վեց տարի առաջ ըսածներուն, որոյ մէջ յիշեն Կ. Պօլիս գացող Պայլերուն բարի վկայագիրները, անոնց առաջնորդ եւ թարգման ըլլալն ի ճամբան, իր թղթատարութիւններն եւ ուրիշ գործերը. որոց համար վայելէր որ տէրութիւնն նոր շնորհք մի ընէր, որպէս զի կարենայ թէ զինքը եւ թէ իր ընտանիքն ալ պահել (1):

Անտարակոյս է որ տէրութիւնն վարձատրեց զԳէորգ, այլ ինչ եւ որչափ տալը ` նշանակուած չի գտայ:

Բայց Գէորգ ուրիշ վաստակ կամ գործ մայլ ունէր նոյն իսկ միջնորդութիւն ըրած տարիներում, Հայոց Տան վերակացու ըլլալն, յաջորդելով զՍիմոն, որ 1555 ին ընտրուած էր եւ 1577 վախճանած: Այս տան գերագոյն պաշտպանք ` ըստ անոր կտակողին ` մեծ Թաղական պաշտօնեայք տէրութեան, ժողովեցան (2 մարտ, 1577), եւ առաւելութեամբ քուէից ընտրեցին զԳէորգ, իբրեւ յարմարագոյն ` շտկելու Սիմոնի խառնակ եւ անկատար թողած գործերը: Հաւանօրէն մինչեւ իր մահն կեցեր է Գէորգ ի վերակացութեան Տանն Հայոց, որոյ երբեմն Պահապան կոչուի ի դիւանս (Custos, Custode), երբեմն Տէր կամ պաշտպան (Patronus), երբեմն Առաջնորդ (Prior): Մահն երբ եղած է ` յայտնի չէ, այլ կ՚երեւի 1594 եւ 1595 ի միջոց. որովհետեւ առջի տարին մայիսի մէջ կու յիշուի ինքն, իսկ երկրորդ տարին (1595) օգոստոսի 28, նոր անպահ կամ անտես կարգեցին Պաշտօնեայք զՄկրտիչ Պարսկահայն:

Առաջին ինձ ծանօթ յիշատակ Գէորգայ ի Վենետիկ ` է 1569 ին (23 յուլիսի ), երբ վկայ եւ թարգման եէած է քանի մի ազգայնոց, որք իրենցմէ մէկը գործակալ կարգեցին, պահանջելու ի Մաքսապետաց փոխարէն մի ` իրենց ապրանքը զուր կասկանածօք պահելնուն համար: Շատ ուրիշ դատերու կամ վաճարականաց գործողութեանց մէջ այլ կու ետուի իր ստորագրութիւնն ` իբրեւ վկայ եւ  թարգման, Նօտարաց գրութեանց մէջ, ( լատիներէն Interpres, եւ Fidem faciens կոչուի ), եւ միջոցի 1584-9 տարիներու, որչափ ինձ ծանօթ է:

Վերջին եւ նշանաւոր յիշատակ մ ' այլ կրնայ ըլլալ Գէորգայ, եթէ ինքն է եւ ոչ ուրիշ նոյնանուն հօր որդի ( Գէորգ որդի Յովհաննու ), վասն զի այսպէս կու յիշուի առանց ուրիշ նշանի կամ գործոց մեր Գէորգայ ( թարգմանութեան, տնապահութեան, եւ այլն ): Յիշատակն այս է, որ 1594 տարւոյն սկիզբը (10 յանուարի ) Գէորգ ` երկու Միլանցի իրեն գործակալ կանուանէ նօտարի առջեւ, որ երբ երթան ի Միլան, այն քաղքին մէջ Սպանիոյ թագաւորին գանձապետէն ուզեն եւ առնուած թռչակը, թէ չհատուցուածը եւ թէ անկէ վերջը հատուցանելիքը (1): Յովհան Օլան կամ Օլոն ` քարտուղար Սպանիոյ դեսպանին ի Վենետիկ ` վկայած է ստորագրութեամբ, Գէորգայ ծանօթ անձն ըլլալը եւ այդ գործակալութիւնը յանձնելն առ երկու Միլանցիս ( Պետր. Ֆլոն եւ Մկրտիչ Ռաիմոնտ ) (1): Որ եւ է Գէորգայ կամ Հայու մի համար ` պատուաւոր յիշատակ մի է այս, եւ մնայ փափագելի իր արդիւնքը գիտնալ, կամ որ եւ է ըրած ծառայութիւնն, ըլլայ Սպանիական տէրութեան թէ ըլլայ Միլան քաղաքի մեր Գէորգայ այլ եւ այլ վկայեալ ճարտարութիւնքն հաւանութիւն կ՚ընծայեն ` որ ինքն ըլլայ այս արդիւնաւորն: - Թէ իր աղերսից մէջ ըսածէն եւ թէ պաշտօնէից վկայութենէն իմացուեցաւ իրեն ընտանեաց տէր ըլլալն. սակայն մեզ անծանօթ մնան թէ կինն եւ թէ զաւակքն, եւ թէ իր մահուան ժամանակն եւ տեղին: Բայց մեր գտած այսչափ յիշատակներէն այլ բաւական եւ շատ են զինքը թէ ' ճարտար, սրտոտ, կարող մարդ մի ճանչըցնելու, եւ թէ Վենետկոյ Հասարակապետութեան երախտաւոր անձ մի, այնպիսի վտանգաւոր ժամանակ ըրած հաւարաիմ եւ դժուարին ծառայութեանց համար, որոց չէին համարձակեր բնիկքն Վենետք, որով միանգամայն պարծելի է մեզ ազգայնոց: Համանուն Գէորգ. Յովհաննու ` մեր ծանօթ Գէորգայ մահուան հաւանական թուականէն (1594) 20 տարի վերջ այլ յիշուի, եւ շատ հեզ վաճառական կանուանի, բնակութեամբ ի Ս. Մարիամ խորոտիկ (S. Maria Formosa) թաղի. այլ այլ անգամ Նօտարաց առջեւ վկայ եղած է իր ազգայնոց դաշնակցութեանց. անգամ մայլ (1614, մայիս 12) վկայէ Նախիջեւանցի Պետրոսի Ս. Յովհաննու համար, թէ ինչուան այն ատեն ամուրի էր: