Կարմիր ժամուց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա
       Թաղին մէջ Քիւրքճեան հայրապետ էֆէնտիին վրայ խօսուած ատեն, «էֆէնտին» յորջորջումը բաւական կը համարուէր։ Ո՛չ անուն, ո՛չ մականուն։ Պարզին վսեմութիւնը։
       Էֆէնտին Խասգեղէն Օրթագեղ փոխադրուած էր երսուն տարի առաջ։ Այդ երկար ժամանակամիջոցին, կիրակի մը ժամէն բացակայած չէր։ Ու ա՛լ հիմակ իր սովորութիւնները բնազդի մը ճնշումովը կը վարէին տէրունական օրերու իր կենցաղը։ Պատարագը չըսկսած ժամ կ՚երթար. խորհրդարանը քիչ մը կը հանգչէր, եւ թաղին շաբթուան մը գործերուն վրայ ընդհանուր տեղեկութիւններ կը տրուէին։ «Խորհուրդ խորին»ին՝ տաճարը մտնելով շիտակ պահարան կ՚անցնէր։ Նորին վսեմութեան հետ թաղին ազնուաշուքներն ալ հոն հիւրընկալուելու առանձնաշնորհը կը վայելէին։ «Կեցո»ին՝ դասը կը յառաջանար, «որ օրհնես»ին՝ ատեանը, մանրաքայլ, մանրաքայլ, գլուխը բաց. «ի սկզբանէ»ին աւարտմանը՝ պատարագւորին աւետարանը համբուրելու կ՚երթար, ոսկի մը ժամուց նուիրատւութեամբ։ Աջահամբոյրը հինգի կը բարձրանար, երբ եպիսկոպոսը կը պատարագէր։ Մենծ—Աղա բարեպաշտի այս պարտականութիւնը կատարած ըլլալուն գոհունակութեամբը սիրտը զեղուն, կը վերադառնար պահարան, հոնկէ՝ խընդրակատար։ Աստուածամօր պատկերին առջեւ երեսը խաչակնքելէ յետոյ կը սկսէր դուռը երթալ, պատին փոքր—ինչ շեղած քայլափոխելով։ Վէզիրի մը սենեակէն մեկնած ատենը, Պալա էֆէնտին կը զգուշանար քամակը ամբողջակի անոր աչքին պարզելու անբարեկիրթ վարմունքէն. իր քրիստոնէի խղճմտանքը իրեն չէր թոյլատրեր նուազ պատկառոտ երեւիլ Աստուածածնին դիմաց։ Դուրսը՝ մուրացիկները կը սպասէին, երբէք պատրանք չկրած ակնկալութեամբ։ Թաղին նորափթիթ երիտասարդները, կիրակնօրեայ զգեստով սիգապանծ, ձեռքերնին գանձանակ ու պնակ «կուգայ կոր» կը մրմնջէին։ Էֆէնտին ասոնցմէ իւրաքանչիւրին առջեւը կանգ կ՚առնէր, ձեւացեալ կծծիութեան զուարճաբան սակարկութեամբ։ Ու լիաբուռն նպաստով հանդերձ, «ապրիք զաւակներս» վարձատրութեամբ մըն ալ կը փոխարինէր քնատութիւնը այդ երիտասարդներուն, զորս բարեգործական տենչանքը վաղահարոյց ըրած էր։ Խորհրդարանը՝ սուրճէ մը ետքը, տուն կը վերադառնար հետը տանելով նարտի խաղակիցներ։
       Երսուն տարիներու կիրակնօրեայ այս հանգստաւէտ կենցաղավարութիւնը խանգարեցաւ 1890 օգոստոս 19—ին։ Այդ օրը, ժամուն տօնախմբութիւնը ըլլալով, շքադիր հանդիսաւորութեամբ կը պատարագէր թաղին քարոզիչ եպիսկոպոսը։ Սպասաւորելու պատուին ալ նոր «ղարիպը» արժանացած էր, շնորհիւ իր ձայնին։ Արարողութեան պահուն, երբ «ազատութիւն եղբարց մերոց գերելոց» աղաչանքին երկինք առաքման կարգը եկաւ, Հայաստանցի տէրտէրը՝ աչքերը բացաբորբ՝ բուրվառը ժողովրդին արձակեց երկնազդեցիկ զայրոյթէ մղօնեալ ուժգնութեամբ, ու ահեղագոռ «ա՜» մը սլացուց։ Հայ հոգիները մէկէնիմէկ այդ «ա՜»—ին վրայ ամբարձիկ, շնչասպառ հոն մնացին քարացած՝ մեծ պատահարներու սպասող անբարբառ անձկութեան մէջ։ «Զա՜տ»ը պայթեցաւ, նրբահծծիւն մեղեդիի մը պէս թրթռաց «ո՜ւ»ն, երկնասլաց «թի՜ւնը» ու ամպորոտ «ամմէնը» փոթորկեց տաճարին մէջ։ Երէկ՝ Յուլիս—տասնհինգ էր։
       Արփաթեւ քահանան հիմակ ուժաթափ վար կ՚իջնէր իր սաւառնած բարձունքէն։ Ա՛լ սրտստութեան մարմրող հառաչ մըն էր իր հոխորտ կանչիւնը։ Անձկակարօտ անուշութեան անլուր փղձկիւնով մըն էր, որ հեծեծեց «եղբա՜րց մերո՜ց գերելո՜ց»ը, հազար տարիներու ողորմաղերս պաղատանքը առ Աստուածն հայոց։ Ու հայոց հազար տարիներու յուսարծարծ «տէ՜ր ողորմեա՛»ն անգամ մը նորէն փոխասեց գթութեան խնդրարկու այդ հայցուածքին։ Բայց այս անգամ մռնչիւնով։ Երէկ, Պոլսէն Աքեա ճամփու դրուած էր հայ խումբ մը։ Շղթաներով։ Իսլամին դէմ պարտոխաթափ վրէժխնդիրներու ջոկատը։ Առաջինը։
       Երբ նոր պանդուխտը «ազատութիւն եղբարց մերոց»ը նորալուր եղանակով մը գեղգեղեց, ու ժողովուրդն ալ, անսովոր նորութեամբ, սլացուց աղես մը, որ սրտին ալքերէն ժայթքած թնդիւն մըն էր. էֆէնտին այս բոլոր նորութիւններէն յանկարծակիի եկաւ։ Շուարուն մնաց, երազին մէջ ծանր վտանգի ենթարկուողի շնչարգելութեամբը։ Մէկէնիմէկ սթափեցաւ սակայն, աթոռը թողուց եւ դուրս ելաւ։ Խնդրակատարէն հապշտեպ անցնելով՝ Աստուածածնին ներկայութիւնն իսկ մոռցած՝ շիտակ խորհրդարանը գնաց։
       Անդին՝ պահարանը, ազնուաշուքները համաշարժ դրդմամբ իրարու երես նայեցան, դէմքերնուն բոլոր շարժուն մասերը ծռմռկելով։ Այդ նշանացի ազդարարութեամբ, ամէնքը միասին դուրս ելան։ Բակը տանող դռան առջեւ տեսան ժամկոչը, որ՝ վիզը ծուռ, տեղը կը մնար, էֆէնտիին հովանոցը դեռ ձեռքը։ Մարդ ու կին ու աղաներուն միջեւ րոպեական մտերմութիւն մը հաստատուեցաւ։
       —Ժամկոչ աղբար, էֆէնտին ո՞ւր գնաց, հարցուցին։
       —Խորհրդարանը, պատասխանեց ողորմուկ ձայնով մը։
       —Բան մը ըսա՞ւ։
       —Չէ. երեսը մեռելի երես էր։
       Ծանրաքայլ, ինչպէս յուղարկաւորութենէ մը ննջեցեալին տունը վերադարձողներ, ինքն ալ խորհրդարանը առաջացան, «աճայիպ» մը մռմռալով քթերնուն տակէն։
       Էֆէնտին, կանանչ կերպասապատ սեղանին գլուխը նստած, ֆէսը աթոռին վրայ, ուժգին ուժգին սիկար կը քաշէր։ Եկուորները ոտքի վրայ շարուած մնացին, ամէնուն բերանը գոց։ Ոչ ոք սիրտ կ՚ընէր լռութիւնը խզելու։ Հետաքրքիր ժամկոչը եկաւ դրան առջեւ բարեւ բռնած կայնեցաւ, իբր թէ հրամանի մը սպասելու համար։ Կացութեան փրկութիւնը հետը կը բերէր։ Իր ներկայութիւնը առիթ հայթհայթեց բերաններու կապանքին քակմանը։ Ազնուաշուքներուն մէջ տարիքովն ու դիրքովը էն հեղինակաւորը, մեղմաձայն հարցուց.
       —Էֆէնտի, սուրճ մը կ՚ուզէ՞ք։
       Հաւանութեան նշան տրուեցաւ, «հըմ»ով մը։ Ժամկոչին հրամայեցին էֆէնտիին սուրճ մը բերել։
       —Դուք ալ առէք, աւելցուց էֆէնտին։
       —Ամէնուս ալ, ժամկոչ աղբար, երկրորդեց հեղինակաւոր ազնուաշուքը։
       Ու այս առաջին յաջողումէն քաջալերուած, շարունակեց։
       —Ի՜նչ աղուոր օր, էֆէնտի, մայի՜ս։ Էֆէնտի, այսօր վեր պիտի ելլէ՞ք։
       —Իրաւ որ չիյտեմ, եղաւ կտրուկ պատասխանը։ Պերճաբարբառ արտայայտութիւն թէ էֆէնտիին զայրոյթը տակաւին երկունքի մէջ էր։ Անխօսուկ ա՛լ սուրճերնին խմեցին։
       Երբ ժամկոչը ֆինճանները ժողուած դուրս ելլելու վրայ էր.
       —Ինծի նայէ, ըսաւ էֆէնտին. սրբազանին ըսէք, որ կարճ կապէ ու գայ։
       Արարողութեանց հապճեպ վերջացումի այս հրամանը՝ անլուր մինչեւ այդ օրը՝ ազնուաշուքներուն արդէն սարսած իմացականութիւնը ա՛լ բոլորովին հիմնիվեր շրջեց։ Էֆէնտին միշտ խստիւ կշտամբած էր դպիր կամ քահանայ, որ ժամասացութիւնը թաչելով, կարճ կապելու սրբապղծութեան կասկածը տար։
       Պատարագն արդէն աւարտած ըլլալով, եպիսկոպոսը ընկերակցութեամբ աւագերէցին ու աթոռակալին խորհրդարան եկաւ, առանց ժամկոչին հրաւիրմանը։
       Երեքն ալ, ի տես այլայլուած դէմքերու եւ բերանսեալ շրթունքներու, արտակարգ դէպքի մը պատահումը կռահեցին։ «Ողջոյն»էն ետքը, զոր էֆէնտին ոտքի ելլելով ընդունեց, ու այս առթիւ ֆէսը դրաւ, ամէնքն ալ բազմեցան։ Ժամւորներուն «աղուոր» բազմութիւնը, օդին մայիսեան զովաշունչ անուշութիւնը խօսակցութեան նախնական նիւթերը հայթհայթեցին։ Եպիսկոպոսը, փափկանկատութեամբ զգուշացաւ որ եւ է հարցում ընելէ, թէ ինչո՞ւ էֆէնտին «Օրհնեալք եղերուք»ին ատեանը չէր տեսած։ Հետաքրքրութիւնը գուցէ ժամուցին համար ակնարկութիւն համարուէր։ Ժամկոչը երեք սուրճ եւս բերաւ։ Երբ ֆինճանները վերցուց ու գնաց, էֆէնտին, որուն լռութիւնը անխռով կը մնար՝ եպիսկոպոսին ծանր ծանր հարցուց, վսեմի մօտեցող լրջութեամբ։
       —Սրբազա՛ն, աս լեռան արջը ե՞րբ եղաւ։
       —Լեռան արջը ո՞վ է, էֆէնտի, հարցուց քմծիծաղով մը եպիսկոպոսը, որ բան մը չէր հասկցած։
       —Ա՛յ հեռու կարգէն, սա ասօրուան ղարիպը։
       Տէր Յուսիկ հա՞յրը կը հարցնէք, էֆէնտի, ընդդիմաբանեց եպիսկոպոսը, շեշտին մէջ արտայայտելով դժգոհութիւնը, զոր կը զգար Աստուծոյ պաշտօնէին նկատմամբ անհարկի լեզուի մը դէմ։ Ու շարունակեց.
       —Երեք օր է։
       —Ո՞վ խրկեց։
       —Ո՞վ պիտի խրկէր որ։ Պատրիարքարանէն յանձնարարագրով եկաւ, միւս պանդուխտը արդէն գացած ըլլալուն։
       —Էհ, ալ ասանկ ատեն հոս խրկելիք ուրիշ մարդ չգտա՞ն։
       —Ի՞նչ կայ, էֆէնտի, ի՞նչ եղաւ, ի՞նչ ըրաւ, հարցապնդեց եպիսկոպոսը ակներեւ սրտնեղութեամբ։
       —Ի՞նչ կայ մի, ի՞նչ եղաւ մի, ի՞նչ ըրաւ մի։ Ինծի՞ կը հարցնէք, սրբազան։ «Ականջս ունին եւ ոչ լսեն. աչս ունին ոչ տեսանե՛ն»։
       —Ինչ որ կայ, կ՚աղաչեմ պարզօրէն ըսէիք, էֆէնտի, խնդրեց եպիսկոպոսը։— Այս քահանային նկատմամբ եթէ առաջուց բան մը գիտէք, այդ ուրիշ խնդիր է։
       Պզտիկ ազնուաշուք մը, որուն աչքը պատուհանն էր, այդ րոպէին նշմարելով պանդուխտը, որ խնդրակատարէն կ՚ելլէր, էֆէնտիին իմացուց։
       —Ներս կանչեցէք, հրամայեց էֆէնտին։
       Հայաստանցի տէրտէրը եպիսկոպոսին առջեւը խոնարհութիւն ըրաւ, ու ներկաները համահաւասար «ողջոյն»ով մը բարեւելէ յետոյ, ոտքի վրայ մնաց։ Էֆէնտին նստել հրամայեց։ Տէրտէրը չլսելու զարկաւ։ Ոտքի վրայ կեցած էր ի յարգանս եպիսկոպոսին եւ ոչ թէ աշխարհականի մը։ Դիրքի փոփոխութեան հրամանը նուիրապետական բարձունքէն կը սպասէր։ Պարտաճանաչ մեծարանքի այս համարձակ արտայայտութիւնը ղարիպին վրայ հրաւիրեց եպիսկոպոսի բարեացակամ տրամադրութիւնը։
       —Նստէ, տէր հայր, նստէ, հրամայեց դաշն ձայնով։
       Տէրտէրը սրբազանին առջեւ խոնարհելով նստաւ։
       Քանի մը վայրկենի լռութենէ յետոյ, էֆէնտին.
       —Հրամանքդ ո՞ր տեղէն ես, տէրտէր, հարցուց հատիկ հատիկ արտասանելով իւրաքանչիւր վանկ։
       —Տոմուզ գեղէն, պատասխանեց տէր Յուսիկ, առանց «ծառայ եմ էֆէնտի» նախաբանին, որ պանդուխտներուն բերանը պարտաւորիչ էր։
       —Տոմուզ գեղէ՜ն, հըմ, մրթմրթաց էֆէնտին քթին տակէն։ Ու բարձրաձայն.
       Է, հոս ալ գիտե՞ս ուր է.
       —Սթամպոլ չէ՞։
       —Հա՜, ատ ալ գիտես եղեր։ Աղէ՛կ, աղէկ։ Է, Հասան փաշան ալ գիտե՞ս ով է։
       Ուսերը վեր թոթուելով, երեսը պատին դարձուցած, պանդուխտը արհամարհանքով մը մրմռաց.
       —Է, ես ի՞նչ գիտնամ, ո՞վ է։ Ո՛վ կ՚ուզէ՝ թող ըլլայ։ Աշխարհիս երեսը շունէն շատ Հասան փաշայ կայ։
       Եկեղեցականները սկսան մօրուքնին շոյել։ Էֆէնտին պարտաւորուեցաւ լայնկեկ թաշկինակի մը օժանդակութեանը դիմել, արքայապիղծ յանդգնաբանութիւնը չլսած ըլլալու համար։ Ազնուաշուքները քթերնուն տակէն ամմա հէօտիւկ ա փսփսացին իրարու։ Էֆէնտին իր թաշկինակը ծալլելով, շարունակեց ծանրութեամբ.
       —Աս Հասան փաշան քու գիտցածներէդ չէ՜, տէրտէր։ Պէշի՛կթաշի Հասան փաշան է։
       Սպառնացայտ շեշտը զոր էֆէնտին «Պեշի՛կթաշ»ին զարկաւ, թէեւ ժողովականներուն երեսները մթագնեց, բայց բնաւ ներգործել չթուեցաւ Հայաստանցի տէրտիրոջ վրայ, որ ա՛լ աս անգամ պոռթկաց։
       —Է՛, ես ի՞նչ ընեմ, որ տեղինը կ՚ուզէ թող ըլլայ։ Հասան փաշա մըն ալ մեր խասապան կայ։ Եւ ամիրա, ես քեզի բան մը ըսեմ. ասանկ սուրբ օրով մեծ մեղք է, պատարագէն ետքը անհաւատ շուներուն անունները բերաննիս առնելով ծոմերնիս աւրելը։
       Ու հաւատացեալ քրիստոնէի խղճմտանքի խայթէն տանջուած, ոտքի ելաւ եւ եպիսկոպոսէն մեկնելու հրաման խնդրեց։ Սրբազանը՝ խորհրդաւոր հարցումներուն շարժառիթն իմանալու ինքն ալ հետաքրքիր, խնդրուած թոյլտւութիւնը զլացաւ։
       Էֆէնտին հարցումներն ու վճիռները անայլայլակ շարունակեց, առանց շուտափոյթ գոհացում շնորհելու իր շուրջը գտնուող հետաքրքիրներուն անհամբերութեանը։
       Աս Հասան փաշան ան քու մէմլէքէթիդ Հասան փաշաներէն չէ, պոռաց գրեթէ։ Ու ձայնը ցածցնելով, ցածցընելով.
       —Աս Հասան փաշան, նորին Վեհափառութեան աչքն ու ականջն է. սորվէ՛։
       —Է, ինծի՞ ինչ, ամիրա, ինչ կուզէ՝ թող ըլլայ, դիմադարձեց տէր Յուսիկ, իր անհոգ արհամարհանքի շեշտովը։— Կուզէ աչքը ըլլայ, կուզէ՝ ականջը. ո՛ր ծակը կուզէ՝ թող ըլլայ։
       Եպիսկոպոսը՝ այս մենամարտական հարց-պատասխաններուն ա՛լ վերջ մը դնելու ժամանակը հասած համարելով, էֆէնտիէն խնդրեց տէր Յուսիկ հօր պարզօրէն յայտնել, ինչ որ իմացնել կ՚ուզէր։
       Էֆէնտին անդրադարձաւ, որ եպիսկոպոսը այս անգամ կը զգուշանար «Ձեր վսեմութեան հրամանները հաղորդել» նուիրագործեալ բանաձեւին կիրառումէն։ «Խըմպըլ» տէրտէրի մը կոպտութիւնը նոյն իսկ քարոզչին վրայ կ՚ազդէր։ Մտքին մէջ իր հեղինակութեանը դէմ ըմբոստացման կասկածը ծնաւ։ Բայց կը զգար, թէ կացութեան տէրը ինքն էր։ Նախ՝ ձեռքին հինգ մատերը շրթունքէն օդը, օդէն շրթունքը տարուբերելով, գոչեց.
       Ժողովուրդը գրգռող այն ի՜նչ եղանակներ էին։ Լուրը հիմակ գնա՜ց Հասան փաշային։ Ճուռնալ եղա՜նք, ճուռնա՜լ։
       Ու հազիւ լսելի մրմունջով մը.
       —Ան ի՜նչ «ազատութիւն» էր, որ պոռացիր, տէրտէր։
       Եպիսկոպոսը, աւագերէցը, աթոռակալը յօնքերնին քռստեցին։ Տէր Յուսիկ առանց վարանումի պատասխանեց.
       —Մեր հազարաւոր տարիներու աղօթքներն են, մեր սուրբ հայրապետներուն դրած ծէսերն են։ Ի՜նչ, աս ժամը հայ քրիստոնէի ժամ չէ՞։
       Ու Հայաստանցին աչքերը խոլոր մոլոր ժուռ ածեց եպիսկոպոսին երեսը, քահանաներուն երեսը։ Րոպէ մը ամէնքն ալ հիազարհուր ցնցուեցան։ Այդ հրուտ նայուածքին մէջ Հայաստանի սպառնական ցասումը կը ցոլար։ Քստմնեցաւ էֆէնտին ինքն ալ։ Մեղմաձայն հագագով մըն էր, որ պատասխանեց.
       —Ան երանելիները ուրի՜շ ատեն կ՚ապրէին։ Հիմակ դարը ուրիշ դար է։ Սուրբ հայրապետները, մեռնինք նէ, անդին հոգիներնուս փրկութեանը կ՚օգնեն. ամա աստեղ մեզի չեն ազատեր։
       Ու ինքզինքը գտնելով՝ հարցուց.
       —Դուն հոս մնալո՞ւ եկար։
       —Այնպէս է. ատեն մը մնալու եկեր եմ։
       Է, մնալու եկեր ես նէ, ան քու Տոմուզ գեղդ մոռցիր դէ, հոս խուզի գեղցի եղիր։ Աստուծով նորէն գեղդ երթաս նէ, հոս ինչ կ՚ուզես նէ ան եղիր։ Հոս հէ՛մ քեզի կ՚ընես, հէ՛մ մեզի։ Հո՛ս քաղաքագէտ ըլլալու է։ Ականջիդ օղ ըրէ սա պատուիրանը. Օրթագեղ՝ սկիզբն իմաստութեան, երկիւղ Հասան փաշայի։
       —Անանկ է, էֆէնտի, անանկ է. շա՜տ պատուական խրատներ, աղաղակեց ազնուաշուքներու խմբերգը միանուագ։
       Եպիսկոպոսը միջամտութեան հարկ զգաց։
       —Բայց, էֆէնտի, ի՞նչ ընելու է, հարցուց դէմքը խոժոռած։— Աս Հասան փաշայ է, աս Հիւսէին փաշայ է ըսելով մեր եկեղեցական արարողութիւնները փոխելո՞ւ ենք, ջնջելո՞ւ ենք։ Եթէ հինգ հարիւր տարիէ ի վեր ատ քաղաքագէտ իմաստութեան դպրոցին աշակերտած ըլլայինք՝ այսօրուան օրը Հայաստանեաց եկեղեցի մնացած չէր ըլլար։ Գացող պանդուխտն ալ «ազատութիւն»ը կ՚ըսէր, եկողն ալ կ՚ըսէ, աւագերէց հայրն ալ երբ սպասաւորէ՝ կ՚ըսէ, ես ալ եթէ սպասաւորեմ, պիտի ըսեմ։
       —Սրբազա՛ն, սրբազա՛ն, խելքդ կանչէ, որ տուն գայ, աղաղակեց էֆէնտին, ըսել ալ կա՛յ, ըսել ալ կա՛յ։ Երեսուն տարի է ես աս ժամն եմ. օր մը օրանց մէկերնիդ լսեցի՞ք, որ ազատութենէն ետքը ժողովուրդը «ամմէն» պոռայ, «տէր ողորմեա» գոչէ։ Հէ՞։
       Այս ուշագրաւ դիտողութեան վրայ մտածելու համար քանի մը րոպէ շնորհելէ յետոյ, տրտմաձայն մրմնջեց.
       —Աս մէկ ամիս է ինչ կը դառնան, չիտէ՞ք։
       Յուլիս-տասնհինգի ակնարկութիւնը յուշարար ազդարարութիւն մըն էր. ազգին համար նոր ստեղծուած կացութեան ծանրութիւնը չմոռնալու զեկուցում մը։ Լրջացան երեսները, կարկեցան բերանները։
       Էֆէնտին շուրջը աչք մը նետեց. դէմքերը այլափոխեալ տեսաւ։ Հոգ չէր, թո՛ղ իրենք ալ քաշէին։ Կես ժամէ ի վեր ինքն ալ կը տառապէր իր իշխանութեան դէմ ընդվզումի նշաններէն։ Կը զգար թէ իր ազդեցութեանը տկարացումը Օրթագեղին աղետաբեր պիտի ըլլար։ Անգլուխ մնալով իր թաղն ալ «անխոհեմութեան» պիտի մղուէր։ Ինքն իր մէջը փրկչի կոչում զգացողի գիտակցութեամբն էր, որ ուզած էր Օրթագեղը փորձանքի դէմ ապահովել։ Հիմակ որ ա՛լ նպատակին հասած ըլլալ կը կարծէր, հարկ տեսաւ մեղմանալ։ Կապը կտրելու չէր. ուստի խօսքն անուշութեամբ պանդուխտին ուղղեց։
       —Հիմա, տէր հայր, ինծի մտիկ ըրէ, որ ըսեմ, յայտարարեց։— Ես ամենէն նախանձախնդիրն եմ եկեղեցական արարողութիւններու, բայց «հարկը օրէնքը կը լուծէ» ըսեր են։ Ու դառնալով միւս եկեղեցականներուն, աւելցուց.
       —Ես քիչը կ՚ըսեմ, դուք շատը հասկցէք։
       —Բայց ինչպէ՞ս ընելու է. էֆէնտի, հարցուց աւագերէցն անուշութեամբ։
       —Ինչպէս ընելու է. հիմակ ըսեմ, պատասխանեց էֆէնտին, ու տէր Յուսիկին դառնալով, իր հրահանգները տուաւ.
       —Սա «ա»ն բերնէդ կամացուկ մը կը հանես, հազալով մը։ Մարդ ենք, հազերնիս կը բռնէ, ան ալ մեղք չէ՞ եա։ «Զատ»ը կ՚ուտես։ Կ՚ուտե՛ս տէրտէր, կ՚ուտե՛ս, չէ նէ, ա՛ն մեզի կ՚ուտէ։ «Եղբարց մերոց»ին հազդ քիչ մը կ՚անցնի։ «Գերելոց»ին վրայէն, լփռտելո՜վ։ Էֆէնտիմ, գերելոց ըլլալ չեն ուզեր նէ, թո՛ղ խելքերնին գլուխնին կենան։ Փառք Աստուծոյ, մենք ալ հայ քրիստոնեայ ենք, մեզի՞ ինչու գերելոց չեն ըներ։ Էֆէ՞մ։
       —Անանկ է եա՛, անանկ է եա՛, ձայնեց նորէն աշխարհականներու խմբերգը միանուագ ու բարեխրատն ալ շարունակեց։
       «Եւ շնորհ առաջիկայ»ին եկա՞ր մի, քեզի խուլա՜ճ խուլա՜ճ իզին, պոռա ու պոռա, կ՚ուզես նէ թող ձանդ մինչեւ Շնորհք էֆէնտիին տունը հասնի։
       Ընդհանուր քրքիջ մը պատասխանեց այս կատակաբանութեան, որ էֆէնտիին հանդարտացմանը բարեգուշակ նշանն էր։
       —Հիմակ «ինտոր ընելու է»ն սորվեցա՛ր եա, տէր հայր, ա՛լ երթաս բարով։ Տէր ընդ քեզ ըսելով հրահանգիչ էֆէնտին, պանդուխտ քահանան արձակեց։
       —Էֆէնտի, յայտարարեց տէրտէրը ոտքի ելլելով, ատանկ խօսքերէն ես բան չեմ հասկնար։ Սրբազանը եթէ կը հաճի՝ թող հրաման տայ, ու ա՛լ կիրակի օրերը ես սպասաւորութիւն չընեմ։
       —Է, էն աղէկն ալ ատ կ՚ըլլայ, քրթմնջեց էֆէնտին սրտնեղութեամբ։
       Պանդուխտը եպիսկոպոսին առջեւը խոնարհութիւն ըրաւ, երկու քահանաներ առանձինն ողջունեց եւ աշխարհականներուն ալ ընդհանուր մէկ բարեւ մը տալով ելաւ։
       —Ձայն բարբառոյ յանապատի, անոր համար կը քաշեն եա, ըսաւ հեղինակաւոր ազնուաշուքը իր քովիններուն։
       Էֆէնտին, ա՛լ խոնջ ու վաստակաբեկ, ժամացոյցը հանեց, նայեցաւ եւ «օ՜» մը թռցուց, իբր զարմացքին արտայայտութիւնը ժամանակին յառաջացմանը համար։ Անմիջապէս ոտքի ելլելով, «հրամմեցէ՛ք, սրբազան հայր» հրաւէրը կարդաց եպիսկոպոսին։ Քանի մը «հրամմեցէք» ալ բոլոր ներկայ գտնուողներուն ուղղեց։
       Ի վաղուց անտի, Հայրապետ էֆէնտին ժամուն տօնախմբութեան օրը իր բնակարանը կոչունքի մեծահաց սեղանի շուրջը կը համախմբէր պատարագւոր սրբազանը, քահանայից դասը, թաղական խորհուրդը ու երեւելիները։ Օրուան միջադէպն այս հնաւանդ սովորութիւնը չխանգարեց։ Էֆէնտին իր առաջին ցնցումէն ուշաբերելէ յետոյ, ինքն իր վրայ ջանք ըրած էր ծանր խնդիրը անուշ տեղը կապելու, գոնէ առժամաբար, որպէսզի հանդիսաւոր ուրախութիւնը չհարամնայ։
       Ամէնքը դուրս ելան խմբովին։ Բակը դեռ երիտասարդները կը սպասէին, գանձանակը ձեռքերնին։ Էֆէնտին անոնք գոհացուց, բայց մունջ բերան։ Կը սպասէին եւ մուրացիկներն ալ, անոնք ալ ուրախացուց։
       Թաղին միւս երկու քահանաներն եւս եկան միացան խումբին, որուն կցուեցան՝ քանի մը քայլ անջրպետով՝ լուսարարը, դպրապետը, դպիրները, ժամկոչ մը։ Խորհրդարանէն քիչ մը առաջ բացակայ գտնուող քահանաներէն մին՝ բոլորտիքը դիտեց եւ տէր Յուսիկը իրենց մէջը չտեսնելուն, միւս քահանային ըսաւ։
       —Նոր պանդուխտը չիյտէ, իմաց տանք։
       —Ձգէ՜, ձգէ՛, յարեց ազնուաշուք մը, ամէն մարդ իր ըրածը կը քաշէ։