Կարմիր ժամուց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ժ
       Ա՛լ իրիկուն եղած էր։ Տէր Յուսիկ հանգստանալու պատրաստութիւններ տեսնել սկսաւ։ Պանդուխտ տէրտիրոջ խուցին մէջ, որ ժամուն բակին վրայ կը նայէր, իբր կարասիք՝ մեծկակ մինտէր մը կար, երկայն բարձով մը, ու փայտէ ճերմակ սեղան մը եւ երկու պարզ աթոռ։ Ամէն օրուան սովորութեանը համեմատ, ղարիպն իր անկողինը, որ անկիւն մը դեզ կը մնար՝ բացաւ, երկնցուց, թոթուեց, շտկեց։ Յետոյ պզտիկ մանղալին մէջ քանի մը ածուխ ալ աւելցուց, եւ կրակին վրայ զետեղեց պտուկը, որ սոխով լոբիայ կը պարունակէր, օրը պահք ըլլալուն։ Սեղանին վրայ կարգադրեց պնակը, դգալը, պատառաքաղը, հացը, ջրի սրուակը եւ գաւաթը։ Քարիւղի լամպան ալ մաքրեց պատրաստեց, լուցկիին տուփն ալ քովը դրաւ, աթոռը պատուհանին առջեւ քաշելով, ժամագիրքը առաւ՝ իրիկուան աղօթքները կարդալու։ Քիչ մը ետքը խուցին դուռը բացուեցաւ։ Ժամկոչն էր, որ ետ դառնալով գնաց սանդուղին գլուխը սպասողի մը ըսաւ.
       —Հրամմեցէք, հոս է։
       Տէրտէրը աթոռէն ելաւ։ Դրսէն մէկը կուգար. քանի մը քայլ անոր ընդառաջեց։ Եկողը ներս մտաւ, դուռը գոցեց. քահանան, վախնալով ետ—ետ գնաց, պատին կռնթեցաւ։ Այցելուն իր առջեւն էր ֆէսը հանած, եւ ծռած՝ ձեռքը կը քաշէր համբուրելու։
       —Ես քեզի մեղա՛յ, տէ՛ր հայր, ես քեզ մեղայ, մրմնջելով։
       —Ամէնքս Աստուծոյ մեղայ, օրհնած, ամէնքս Աստուծոյ մեղայ, աղաղակեց տէրտէրը այլայլած ձայնով։ Ու յանկարծածին յուզմամբ այցելուին ճակատը քաշեց պագաւ։
       Երկուքն ալ թաշկինակնին հանեցին, աչքերնին սրբեցին, ու րոպէ մը իրարու դէմ կեցան մեծ խոնջութենէ մը թեթեւցած սրտով։ Տէրտէրը աթոռին մէկը բերաւ Հայրապետ էֆէնտիին հրամցուց, միւս աթոռն ալ ինքը արաւ։ Ու դէմուդէմ նստան։
       —Է նայինք ընտո՞ր էք, հարցուց էֆէնտին խանդաղատանքով։
       —Փա՛ռք Աստուծոյ, ողջ առողջ ենք, ինչ ըլլալնիս յայտնի է։ Ազգին վիճակին ամէնքս ալ բաղդակից ենք։
       —Գիտեմ, տէր հայր, գիտեմ, ազգին համար շատ բան քաշեցիք։ Աստուած վարձահատոյց ըլլայ։ Չարչարանքը, նեղութիւնը ամէնուս համար ալ է։ Աստուծով ամէն բան կը շտկուի։
       Էֆէնտին «ամէնուս համար է»ին վրայ թեթեւ մը շեշտեց։ Անդրադարձաւ, որ քահանան կը զգուշանար իրեն բանտարկմանը ո՛եւէ ակնարկութիւն ընելէ։ Անշուշտ չէր ուզեր զինքը պզտիկ ձգել իր անցեալ ամբարտաւանութեանը համար։ Բայց ինքը՝ վիրաւոր էֆէնտին, սփոփանքի կարօտ էր, ուստի խօսքը ինքը բացաւ։
       —Այնպէս է, տէր հայր, այնպէս է. ամէնքս ալ ազգին բաղդակից ենք։ Մեր գլխուն ալ շատ բան եկաւ։
       —Լսեցի, էֆէնտիս, լսեցի, պատասխանեց տէրտէրը անկեղծ վշտակցութեամբ։— Ի՞նչ ընենք, ամէնքս ալ հայ ենք։ Մեր պատմութիւնը ցոյց կ՚ուտայ, որ այս անօրէն մահմետականները միշտ մեր մեծերուն գլուխը կ՚ուզեն ուտել։ Անշուշտ Յուշիկներուն մէջ Կրակի տարուան աղէտը կարդացեր էք։
       —Կարդացեր եմ, տէր հայր։
       —Էն առաջ մեր քաջ նախարարները այրեցին, որպէսզի անտէր, անտիրական ժողովուրդը դիւրութեամբ կոտրտեն։ Միշտ միեւնոյն քաղաքականութեան հետեւած են։
       Այս միջոցին տէր Յուսիկ տեղէն ելաւ, սուրճ պատրաստելու էֆէնտին թող չէր տար, որ նեղութիւն քաշէ։ Բայց դուռը բացուեցաւ, ժամկոչը երկու սուրճ կը բերէր։ Տէր Յուսիկ ներողութիւն խնդրեց, որ սիկար մը չի կրնար հրամցնել, վասն զի ինքը ծխող չէր։ Էֆէնտին հատ մը գրպանէն հանեց, ու սուրճը խմելով, խօսակցութիւնը շարունակեց։
       —Է, նայինք, տէր հայր, ե՞րբ կը մեկնիք, հարցուց։
       —Շիտակը, էֆէնտի, որոշ բան մը չեմ գիտէր։ Մօտերս նոր Պատրիարք պիտի ընտրուի, կ՚ըսեն։ Կը յուսամ, որ սրբազանը ամէն դիւրութիւն կ՚ընծայէ։ Բացակայութիւնս շատ տարի տեւեց, ժողովուրդը կը սպասէ։ Ընելիք շատ բան կայ։
       —Ինչպէս, իմացա՞ք բան մը. ձեր գեղն ալ դէպք պատահե՞ր է, շատ դժբաղդութիւններ տեղի ունեցե՞ր են։
       —Ատ մասին փառք Նախախնամութեան, էֆէնտիս. լսեցի, որ մեր գեղը անփորձ մնացեր է։
       —Ի՜նչ կ՚ըսէք, ատ ի՜նչ հրաշք է։
       —Էֆէնտիս, մինակ պարզ հրաշք մը չէ։
       —Հապա՞։
       —Մեր տղաքը ժամանակին խելք ըրած են ու քանի մը հրացան առեր պահեր են, քիչ մըն ալ զինավարժութիւն սորվելով։ Խուժանը դրսէն մեր գեղին վրայ հարձակում ըրած ատենը, տղաքն ալ անոնց վրայ կրակ կ՚ընեն, եւ թշուառականները լեղապատառ կը փախչին։ Երիտասարդները անոնց ետեւէն կը վազեն եւ ուրիշ հայ գեղերու ալ օգնութեան հասնելով՝ զանոնք ալ փրկեր են։ Ա՜խ, էֆէնտիս, եթէ ամէն քաղաք ու գիւղ ալ ասանկ նախատեսութիւն ունեցած ըլլար, բանիկ մը չէր պատահեր։
       Այս տեղեկութիւնը լսելուն՝ էֆէնտին պահ մը մտախոհ լուռ մնաց։ Կը հասկնար, թէ «ժողովուրդի խոհեմութիւնը» զէնք ունենալու եւ զինավարժութեան մէջ կը կայանայ։ Հետաքրքրութիւնը արթնցաւ. եւ տէր Յուսիկէն քանի մը տեղեկութիւններ ուզեց. կը զարմանար, թէ անծանօթ գեղի մը մարդիկ ինչպէս եղեր է, որ կրցած են հեռաւոր ապագան նախատեսել։
       Քահանան համառօտակի մը պատմեց տարիներէ ի վեր տեսնուած պատրաստութիւնները, բայց առանց ինքզինքը մէջ խառնելու, ամէն ինչ երիտասարդներուն կազմած ընկերութեան վերագրելով։
       —Հէ՜յ, հէ՜յ, ըսաւ էֆէնտին։ Մենք ալ հա՞յ ենք եղեր. մենք ալ բա՞ն գիտենք եղեր. իբր թէ ազգին մէջ ալ կարեւոր դեր մը ունէինք։ Ժողովուրդը ինքն իր գլխուն, մենէ աւելի աղէկ գիտէր, թէ խոհեմութիւնը ինչ ընել կը պահանջէ։
       Ազդեցիկ այդ հայը իրեն պատահած դէպքէն ի վեր, ջղային գրգռման մէջ էր։ Իր դառնացած սիրտը բանալու եւ խոստովանելու անդիմադրելի պէտք մը կը զգար։ Հոգին տանջող ցաւը դուրս տուաւ։ Տէր Յուսիկ ըմբռնելով ջախջախուած մեծատունին հոգեբանական վիճակը, չուզեց զանիկայ ջլատել։ Ընդհակառակը ջանաց զօրացնել այդ հոգին, կազդուրել, վհատումէ փրկել։ Հայրապետ էֆէնտին ուժ մըն էր, զոր չեզոքացման վտանգէն հարկ էր փրկել։ Ապագային պիտի կրնար իրենց օգտակար ըլլալ։ Տէրտէրը իր նախկին հակառակորդը իր խուցը, այսինքն՝ իր ոտքը տեսնելէ ի վեր այս մտածութիւնը ունեցած էր եւ ըստ այնմ կը խօսէր։ Ուստի անոր յուսահատական վերջին յայտարարութիւններուն պատասխանեց.
       —Էֆէնտի, այդպէս մի՛ ըսէք։ Այն բոլոր հայերը, որ իրենց ազգը կը սիրեն ու անոր օգուտը կը փափաքին, անոնք ամէնքն ալ միեւնոյն կերպով չեն կրնար մտածել։ Ո՞վ կրնայ ապագան ճիշտ ու ճիշտ նախատեսել։ Ու յետոյ, հիմակ ազգերնիս անանկ վիճակի մէջ է, որ տեղ մը օգտակար սեպուած գործը, ուրիշ տեղի մը համար կրնայ վնասակար ըլլալ։ Ու ինչ որ քաղքի մը կործանման պատճառը կը դառնայ՝ ուրիշ քաղքի մըն ալ փրկութիւնը կ՚ըլլայ։ Իրաւ է, որ մեր գեղը ո՛եւէ աղէտ չպատահեցաւ, շնորհիւ ժողովրդին զէնքերուն, բայց լսեցինք, որ հոս Օրթագեղ ալ բան մը չէ պատահած։
       —Չէ՛, փառք Աստուծու, հոս ալ մէկուն քիթը չարունեցաւ, պատասխանեց Օրթագեղի խնամակալը զգացեալ համեստութեամբ։
       —Բայց Օրթագեղ ալ զէնք չի գործածեցիք, շարունակեց տէրտէրը։ Այդ թաղն ալ հրամանքներնուդ զգուշաւոր հեռատեսութեամբը փրկուեցաւ։ Կը տեսնենք, թէ տեղ մը քաղաքագիտական վարմունքը կրնայ օգտակար ըլլալ, ուրիշ տեղ մըն ալ զէնքի վարմունքը։ Ամէն միջավայրի հայերը իրենք իրենց կացութեանը համեմատ հոգալու են ինքզինքնին։ Հայրապետ էֆէնտին որքան աւելի մտիկ կ՚ընէր տէր Յուսիկը՝ այնքան աւելի կը սիրէր զանիկայ։ Կը հասկնար, թէ այդ հայաստանցին ոչ միայն զօրաւոր նկարագրի տէր խելացի մէկն էր, այլեւ շա՜տ փափկանկատ։ Անոր խօսքերը թեթեւացուցին սրտին վրայ ծանրացած բեռը։ «Ա՜խ, կը մտածէր ինքնիրենը, եթէ ասանկ շատ տէրտէր ունենայինք, ազգը ա՛լ ինչ կուզէր»։ Ու նոյն րոպէին, տէրտիրոջ խօսքերուն տպաւորութեան ներքեւ որոշեց ազգին՝ տէր Յուսիկին պէս քահանաներ պատրաստելու համար ամէն ջանք ընել։ Այս որոշումը նոր հոգի տուաւ իրեն, մէկէնիմէկ զինքը նոր մարդ ըրաւ։ Իր կեանքը մեծ նպատակ մը ունէր։ Անցեալը անցած էր. նայելու էր ապագային։ Իր խորհուրդները րոպէաբար ցոլացեր էին՝ տէրտէրին խօսքերուն իր մտքին տուած զարկերէն։
       Մութը կը կոխէր։ Հիւրը ոտքի ելաւ մեկնելու։
       —Տէր հայր, ըսաւ, թերեւս երկար ատեն ա՛լ չտեսնուինք։ Աստուած բարի ճամփորդութիւն տայ։ Երկիրդ եթէ բանի պէտք ունենաս՝ Պատրիարքարանին միջոցաւ ինծի հաղորդէ, պէտք եղածը կ՚ընեմ։
       —Աստուած պակաս չընէ, էֆէնտի։
       Ու էֆէնտին յառաջացաւ դէպի տէրտէրը, եւ անոր ձեռքը համբուրելու համար քաշած ատենը, իր գրպանէն պզտիկ քսակ մը հանեց, մէջը լեցուն ոսկի, եւ քահանային ձեռքը դնել ուզեց։ Անիկայ ետ—ետ գնաց.
       —Կ՚աղաչեմ, էֆէնտի, նեղութիւն մի՛ կրէք։ Ես բանի մը պէտք չունիմ։ Ուրիշ աւելի նեղութիւն ունեցողներ կան։
       —Չէ՛, տէր հայր, չէ՛. ա՛ռ. սա քեզի համար չէ։
       Ու ծանր, խորհրդաւոր ձայնով մը ցածկեկ, աւելցուց.
       —Ժողովրդիդ համար վառօդ, հրացան գնէ։ Խոհեմութիւնը զէնքին մէջն է։ «Որ ո՛չ սուր առցէ, սրով անկցի»։
       Տէրտէրը նուէրն ընդունեց եւ էֆէնտիին երեսը նայելով, ժպտուն.
       —Աս կարմիր ժամուց է, ըսաւ։
       Ու երկուքին աչքերն իրարու հանդիպեցան։ Անոնց մէջ կը վառէր հայ աղքատին ու հայ հարուստին հազար տարուան ատելութիւնը մահմետական թշնամիին դէմ։