Կարմիր ժամուց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Թ
       Դատավճիռը հինգշաբթի օր մը տրուեցաւ. իրիկուան դէմ։ Դատապարտեալը յանկարծակիի չէր գար՝ այս ելքին արդէն սպասելուն։ Զինքը վերադարձուցին Պապը Զապթիէ, հոնկէ կեդրոնական բանտը փոխադրումի համար։ Յաջորդ օրը այցելուներ եկան։ Իր գործը վերջացած ըլլալով, այլեւս «յարաբերութիւններէ կտրուած» չէր մնար։ Եկողները հաւաստեցին, թէ զօրաւոր բարեխօսութեանց շնորհիւ շուտով ներման պիտի արժանանար։ Եւ արդարեւ, յաջորդ օրն իսկ, Դատական պաշտօնատունը ոստիկանութեան կը հաղորդէր «ներում շնորհող» կայսերական իրատէն։ Էֆէնտին, առանց ժամանակ կորսնցնելու, կառք մը նստաւ եւ ուղղակի Եըլտզ գնաց, ու սենեկապետի մը միջոցաւ «իր երախտագիտական զգացումները յոտս կայսերական գահոյից» դրաւ։
       Սուլթանին պալատէն ուղղակի Օրթագեղ անցաւ։ Նախորդ օրն ու նոյն առտուն շատ անձրեւած ըլլալուն՝ կառքը չէր կրնար մինչեւ Տէրէն յառաջանալ։ Էֆէնտին, ըստ սովորութեան, Թաշներտիվէնը վար իջաւ։ Կանգ առաւ, աչքերը չորս կողմը ժուռ ածեց, կարօտագին։ Սիրտը անհուն տխրութեամբ լեցուեցաւ։ Առտու մը ի՜նչ վիճակի մէջ մեկնած էր հոնկէ, եւ հիմակ ի՜նչ վիճակի մէջ կը վերադառնար։ Եւ ահա զինքը նշմարելուն՝ խանութէն կամացուկ մը դուրս ելաւ ֆէսճի ն, որուն միշտ խալըպի կը խրկէր ֆէսը։ Քանի մը քայլ անդիէն շաքարաջուր վաճառողն ալ եկաւ։ Ամէն առտու էֆէնտին անոր խանութը կը սպասէր քարշակին, լոխում մը ուտելով եւ ջուր մը խմելով։ Դիմացէն բէրուքէրն ալ՝ իր բազմամեայ սափրիչը՝ ցատկեց։ Իրեքն ալ շուրջը եկան։ Դէմքերնուն վրայ կը նշմարուէր ուրախութիւն մը, որ սրտաբուղխ էր։ Բարեւեցին յարգանքով, բայց մտերմական ընտանութեամբ մը, որուն սովոր չէին։ Իրենց խնդակցութիւնն ու բարեմաղթութիւնները գրեթէ թոթովեցին. այնքան յուզուած էին, որ չէին կրնար առատ առատ խօսիլ։ Էֆէնտիին սիրտն ալ ելաւ։ Չկրցաւ շատ բան ըսել. ամէնուն հաւասարաբար հարցուց. Ընտո՞ր էք, աղէ՞կ էք։ Աստուծով ամէնքդ ալ ողջ առողջ, հանգիստ էք։ «Ամէնքդ» խորհրդաւոր, ցած ձայնով մը արտասանեց։ Ակնարկութիւն էր կոտորածին։
       —Փառք Աստծու, էֆէնտի, ողջ առողջ ենք. վիճակնիս յայտնի է, ըսին։
       —Ողջութիւն ըլլայ, Աստծու ողորմութիւնը մեծ է, պատասխանեց։
       Հո՛ն, փողոցը դասակարգերը իրարու կ՚եղբայրակցէին ցեղին տառապանքներուն մէջ իրենց հաւասարութեամբը։ Էֆէնտին ու աղբարը միեւնոյն տանջանքներով կը խոշտանգուէին, առանց խտրանքի, իբրեւ միեւնոյն ազգին զաւակները։ Վսեմաշուք հայը այն պահուն, որ կը կործանէր այն փաշաներուն ձեռքերէն, որոնց առջեւը խոնարհ երկրպագու եղած էր, իրեն հենարան ու զօրավիգ կը գտնէր ժողովրդին սիրտը, որ կը ցոլար աղքատ աշխատաւորներու երեսը, աշխատաւորներ, որոնց վրայ միշտ վերեւէն նայած էր։ Օտարէն հալածուող ժողովրդի մը համար եղբայրակցութեան զգացումին ամբողջ անուշութիւնը հիմակ կը զգար։ Ու կը զգար նաեւ, թէ շատ խորունկ իմաստ մը ունէր, ցեղին՝ «սրտէ ի սիրտ ճամբայ կար» քաղցրախօսիկ առածը։
       Մնաք բարովը ըսելով, էֆէնտին ճամբան շարունակեց տրտում ու խոհուն։ Իր աչքերը իզուր չորս կողմերը կը փնտռէին այն դէմքերը, զորս պզիկուց ի վեր տեսնելու վարժ էր։ Ո՞ւր էին հայ համալները, որոնք իր անցած ատենը բարեւի կը կայնէին։ Անոնց հետ ալ կ՚ուզէր երկու խօսք փոխանակել։ Անոնք ալ կը կարօտնար այդ րոպէին։ Եւ տեսաւ կոշտ կոպիտ, ժահադէմ թիւրքեր, այն բարի ու համեստ մշեցիներուն տեղը անցած։
       ***
       Կիրակի առտու կանուխ արթնցաւ։ Արեւ արեգակ օր մը կը ծագէր։ Պատուհանը բացաւ ու լիաթոք շնչեց օդին քաղցրութիւնը։ Հո՛ն անուշը կերաւ, սուրճը խմեց, եւ նստած մնաց։ Բանտարկութեան օրերուն ամբողջ խոնջութիւնը հիմակ այդ հանգստեան պահուն կը զգար։ Երկար ատեն հոն մնաց, միշտ մտածկոտ, մերթ ընդ մերթ «վա՛խ, վա՛խ» մը հառաչելով։ Ինչե՜ր չէր ըրած, որպէս զի հայ ազգը օսմանցիներուն հաւատարիմ ու անձնուէր մնայ։ Ներսէս Պատրիարքէն մինչեւ գեղացի տէրտէրը, ամէնուն թշնամացած էր, ամէնուն դէմ կռուած էր հակաթրքական ձգտումներնուն համար։ Եւ ի վարձատրութիւն իր այս ծառայութեանցը, տաճիկը զինքը կործանած էր։ «Վա՜խ, վա՜խ, վա՜խ»։ Ու հագնուելու համար տեղէն ելլելով, ինքնիրենը բարձրաձայն ըսաւ. «եթէ արդարն հազիւ կեցցէ, մեղաւո՞րն ուր երեւեսցի»։ Եթէ իրեն, որ հաւատարիմներուն հաւատարիմն էր, այսպէս կ՚ընէին, հապա ուրիշներո՞ւ ինչեր չէին ըներ։ Եւ հիմակ ա՛լ աղէկ կ՚ըմբռնէր Ներսէս Պատրիարքին, յեղափոխականներուն «անխոհեմութեան» պատճառը։ Մորթելու համար դանակը վզին դրուած մարդէն, իր շարժումներուն մէջ զգուշաւոր խոհեմութիւն կրնա՞ր պահանջուիլ։
       Հագուեցաւ. եկեղեցիին ատենն էր. ելաւ գնաց։ Խորհրդարանին աչք մը նետելով, շիտակ խնդրակատար անցաւ, ուրկէ մտած ատենը ոտքերը թեթեւ մը դողդղալ սկսան։ Ժամկոչը ուրախութեամբ ընդառաջ եկաւ։ Ան ալ իր բարեւը մտերմօրէն տուաւ։ Էֆէնտին մեծկակ գոհունակութիւն մը զգաց, այն հինաւուրց վանցին տեսնելուն։ Հայաստանցի պանդուխտներէն ա՛ն կմնար միայն։ Եկեղեցին անբռնաբարելի էր. հո՛ն ոչ ոք կրնար թիւրք մը Աստուծոյ սպասաւոր դնել։
       Պահարանը՝ իր աթոռը տեղն էր. հոն գնաց։ «Հաւատամք»ին աւետարանը կը կարդային։ Գլուխը բացաւ, երկիւղածութեամբ ունկնդրեց։ Մտախոհ եւ զգացեալ կը հետեւէր արարողութեանց։ Յանկարծ ցնցուեցաւ։ Սպասաւորող քահանան «եւ շնորհ յառաջիկայ ժողովրդեանս» կ՚աղաղակէր բարձրաձայն։ Ո՞ւր մնաց «ազատութիւն եղբարց մերոց գերելոց»ը, որուն կարօտը կը քաշէր։ Յիշեց ու գլուխը վայրահակեց։ Վեց տարի էր, որ Օրթագեղի ժամը կը լփռտուէր հայ ժողովուրդը կազդուրող հաւատարծարծ «ազատութիւնը»։ Օր մը ինքն ալ «գերելոց» եղած էր, ու ժողովուրդը իրեն համար ալ վախեցած էր ձայնը երկինք բարձրացնել, առ Աստուած աղերսել։ Սրտաբեկ մնաց։ «Կեցո»ին յառաջացաւ դասը, պատարագւորին ժամուցը պատրաստած։ Ու լսեց «Որ օրհնես»ը, ինչպէս ինքը սրբագրած էր։ Վեց տարի է, որ բերանները ա՛լ վարժած էին ամէն թագաւորներու համար հաւասարապէս աղօթել, սուլթանն ալ քրիստոնեայ թագաւորներուն հետ խառնել։ Ստորակէտ մը բաւական եղած էր քրիստոնէութեան ոգին փոխելու։ Ու չլսուեցաւ «զինուորեալ մանկանց»ն ալ։ Նորէն էֆէնտին գաւիթէն դուրս ելաւ, բայց այս անգամ ինքն իրեն անձին դէմ զայրացած։
       Իր յանցանքին մեծութիւնը կ՚ըմբռնէր։ Հայ ժողովուրդը ինքզինքը իր տաճարին մէջ ամփոփած իր այրած սիրտը դարերէ ի վեր կը մխիթարէ՝ մահմետականութեան դէմ իր Քրիստոսին դիմելով, եւ անոր վրայ յուսադիր՝ ապագայի մը ակնկալու մնալով։ Ինքը՝ խոհեմ ու զգուշաւոր մարդ, ժողովուրդն այդ հաւատքէն, որ զօրութիւն մըն է, զրկել ուզած էր։ Միեւնոյն ժամանակ չէր ուզած, որ ժողովրդին ձեռքը նիւթական ուժ մըն ալ դրուի, վասն զի միշտ խոհեմ եւ զգուշաւոր մարդն էր ինք։ Եւ ինչ կ՚ընէր ինքը, երբ տաճիկ մահմետականը իր գլուխն ալ ճզմեց։ Իր խոհեմութիւնը, զգուշաւորութիւնը փրկե՞ց զինքը։ Այս մտածութիւններով մտաւ խորհրդարանը, ուր, վեց տարի յետոյ, իր աչքերուն առջեւ կը վերանորոգուէին տէր Յուսիկին հետ պայքարմանը տեսարանները։ Գեղացի տէրտէրն անշուշտ իր տառապանքներուն մէջ կը զօրանար այն զգացումէն, թէ իբր Քրիստոսի եւ Ազգին զինուորը կը կռուէր։ Քաջ մըն էր, եթէ մեռներ, բայց կը մեռցնէր ալ։
       Խորհրդարանը քիչ մը նստաւ, սուրճ խմեց, հարցումներ ըրաւ ու մեկնեցաւ։
       Կես օրէն առաջ աչքի լուսի սկսան գալ շատ ընտանիները միայն, իրեք չորս հոգի, որոնց մէջ էր Օգսենտիոս էֆէնտին։ Էֆէնտին զանոնք ճաշի վրայ դրաւ։ Սեղանէն առաջ օղիի նստան։ Գլուխները երբ քիչ մը տաքցան, Օգսենտիոս էֆէնտին կրակոտ խօսքեր արտասանեց։ Էֆէնտիին յայտարարեց, թէ իր մարտիրոսութեամբը ա՛լ այսուհետեւ ժողովրդին պաշտելին էր։ «Աչք ամենեցուն ի քեզ յուսան», ըսաւ։
       Կամաց—կամաց լեզուները բացուեցան, եւ հիւրերը փափագեցան գիտնալ, թէ ի՞նք ինչ ըրած էր, որ զինքը ձերբակալել, բանտարկեր ու դատապարտեր էին։
       —Մեծ ի՞նչը փնտռենք, էֆէնտի, հարցուց խնդալով ոսկեդարեան գրաբարին ներկայացուցիչը։
       —Մեծ «Հ» փնտրեցէք, Օգսենտիո՛ս էֆէնտի, պատասխանեց տան տէրը։
       Այս խորհրդաւոր հարցուպատասխանին բացատրութեան մը պէտք ունի։
       Հայրապետ էֆէնտին կարդացեր էր ֆրանսերէնէ թարգմանուած բոլոր վէպերը։ Մասնաւորապէս միտքը պահած էր ֆրանսիացի ոսիկանապետի մը այն համոզումը, թէ ամէն ծանր դէպքի մէջ փնտռելու է կինը։ «Փնտրեցէ՛ք կինը»։ Երբ հայերը ձերբակալելու, բանտարկելու թուականը բացուեցաւ, ո՛ր հայն ալ բռնուէր ու զնտանը նետուէր, եւ ինչ բանի պատճառաւ ալ որ ըլլար, էֆէնտին ուրիշ բան չէր ըսեր բայց եթէ՝ «փնտռեցէք մեծ Յ»։ Մեծ Յ ըսելով կը հասկնար յեղափոխութիւնը, բառ մը, զոր ամբողջութեամբը բերանը առնելու չէր համարձակեր։ Ամէն չարիքի պատճառ մեծ Յ էր։ Հիմակ Օգսենտիոս էֆէնտին քարը տեղը կը դնէր։ Իրեն բանտարկութեանը համա՞ր ալ մեծ Յ մը փնտրելու էր։ Էֆէնտին ճիշտ պատասխանը տուաւ «փնտռեցէք մեծ Հ» ըսելով։ «Մեծ Հ»՝ հայն էր. փնտռեցէք, հայը փնտռեցէք, փնտռեցէք հայութիւնը ամէն ձերբակալման մէջ։ Էֆէնտիին դիտողութիւնը հիւրերուն շատ հաճելի անցաւ, ճիշտ կացութիւնը կը պատկերացնէր։ Ամէն հայ կը բռնուէր, կը բանտարկուէր, կը սպաննուէր, վասնզի հայ էր։ «Փնտրեցէք մեծ Հ»ն, ա՛լ անկէ ետքը ալ կարգախօս մը եղաւ։
       Ու էֆէնտին իր կարգին ինքն ալ քարը տեղը դնել ուզելով, խօսքը հայկաբան էֆէնտիին ուղղեց ու ըսաւ.
       —Օգսենտիոս էֆէնտի, Սողոմոն իմաստունը սխալեր է։ Այլ դարք, նո՛յն բարք։ Կը հասնա՞ս եա։
       Ակնարկութիւն էր, վեց տարի առաջ տէր Յուսիկին վրայ հարձակման միջոցին, Օգսենտիոսի այն պատգամ խօսքերուն, թէ «ա՛յլ դարք, ա՛յլ բարք», զոր ո՛չ ըսողը գիտէր թէ որմէն էր եւ ո՛չ լսողը։
       —Ա՛յլ դարք, նո՛յն բարք, կը հասկնա՞ս, Օգսենտիոս էֆէնտի, կը կրկնէր տան տէրը։ Եւ հասկցուց, թէ դարերը փոխուած էին, բայց բարքերը՝ ո՛չ։ Տաճիկները մնացած էին այնպէս տաճիկ, ինչպէս քանի մը դար առաջ։
       Ոտքի ելան սեղանատուն երթալու համար։ Էֆէնտին կարծես հարցնելու բան մը ունէր ու կը վարանէր։ Վերջապէս, հայկաբանին դառնալով ըսաւ.
       Խօսքը խօսք կը բանայ։ Ճանըմ, Օգսենտիոս էֆէնտի, ատենօք հոս ղարիպ տէրտէր մը եկաւ, տաք գլուխ մէկը, Թօհաֆ անունով գեղէ մըն էր, իր անունն ալ չի գար…
       —Հա՛, սա տոմուզգեղցի տէր Յուսիկը, պատասխանեց Օգսենտիոս էֆէնտին։
       —Ճի՛շտ ան։ Ատ խեղճ մարդը ետքէն Էնկիւրի բռնուէր եւ բանտարկուէր է եղեր։
       —Այո՛, շատ բան քաշեց։ Աքեա աքսորուեցաւ։
       —Ետքէ՞ն։
       —Ետքէն, 1895—ի ներեալներուն մէ չմտաւ։
       —Խե՛ղճ մարդ։ Դեռ Աքեա՞ է։
       —Ոչ։ Տեղապահ սրբազանը իր պաշտօնավարութեան առաջին օրերը անոր եւ ուրիշներուն համար բարեխօսեց։ Ազատուեցան։
       —Աղէ՜կ, աղէ՜կ։ Հիմակ ո՞ւր է, երկի՞րն է։
       —Ո՛չ, հոս կը սպասէ երկիր երթալու համար։ Գարակէօմրեուկի ժամը խրկուած է։ Անգամ մը գացի տեսնուեցայ հետը։
       Խօսելով սեղանատուն գացեր էին. էֆէնտին աւելի զուարթ կ՚երեւար։ Ուրախ ճաշ մը ըրաւ, կատակաբանելով։ Օգսենտիոս էֆէնտիի տուած լուրը իրեն շատ հաճելի եղած էր։