Ե
Տէր
Յուսիկ
ճամփուելէն
շաբաթ
մը
ետքը,
օր
մը
երբ
Հայրապետ
էֆէնտին
Պէշիկթաշի
պահականոցին
առջեւէն
կ՚անցնէր,
Հասան
փաշան
զինքը
ներս
հրաւիրեց։
Եըլտզ
բերդաքաղաքին
շրջապատը
համարուող
Պէշիկթաշ
եւ
Օրթագեղ
թաղերուն
միահեծան
տէր
եւ
իշխանը,
Օրթագեղին
Մենծ-աղային
մտերիմ
բարեկամն
էր։
Սուրճ
ու
սիկար
հրամցնելէ
յետոյ,
փաշան
խօսակցութեան
միջոցին,
իր
գոհունակութիւնը
Հայրապետ
էֆէնտիին
յայտնեց,
կասկածելի
փափազ
մը
ճամփած
ըլլալուն
համար։
—
Ամա՜ն,
փաշայ
էֆէնտի,
Ձեր
Վսեմութեան
սխալ
տեղեկութիւն
հաղորդուած
ըլլալու
է,
—
պատասխանեց
Հայրապետ
էֆէնտին,
դող
ելլելու
ձեւեր
առնելով։
Բան
մը
չկայ։
Ատ
փափազին
ձայնը
շատ
հաստ
էր,
մենք
ալ
անուշ
ձայն
սիրելնուս,
Պատրիարքարանէն
ուրիշ
քահանայ
մը
խնդրեցինք։
Ամէնը
աս
է։
—Աղէ՜կ,
աղէ՜կ,
ատանկ
թող
ըլլայ,
—
պատասխանեց,
քթին
տակէն
ժպտալով։
Դէմինը
կը
ճանչնար։
Այս
մանրադէպը
ամբողջ
մարդը
կը
պատկերացնէ։
Այդ
«հին
հայ»ու
տիպարը,
ամէն
անգամ
թուրք
փաշաներուն
հետ
հայոց
«շարժումներուն»
մասին
խօսած
ատենը,
կը
ջանար
հայ
ազգը
օսմանեան
գահուն
հաւատարիմ
եւ
անձնուէր
ցոյց
տալ։
Օր
մը
երբ
ներքին
գործերու
նախարարը
իր
առջեւը
դրաւ
Եւրոպա
հրատարակուած
հայերէն
քանի
մը
թերթեր,
որոնք
Թիւրքիոյ
դէմ
սպառնալիքներ
կ՚որոտային.
հայ
էֆէնտին
արհամարհական
խնդրուածքով
մը
զանոնք
պուտալայի
գրածներ
որակեց։
Եւ
այս
հաւաստումին
իբր
ապացոյց
աւելցուց,
որ,
երբ
աւազակները
տուն
մը
պիտի
մտնեն
կողոպտելու,
առաջուց
սրճարանները
չեն
նստիր
եւ
ընելիքնին
ամէնուն
առջեւ
չեն
պատմիր։—
Ատ
ալ
ատանկ
է,
—
պատասխանեց
թուլամորթ
փաշան,
որ
հանգիստ
մնալ
կ՚ուզէր։
Ու
հրամայեց,
որ
ատանկ
պօշ
լրագիրները
ա՛լ
չթարգմանեն
ու
իրեն
չբերեն։
Ակռաները
կճրտելով
Յուդայ,
Վասակ,
Մեհրուժան՝
կ՚անուանէր
այն
բարձրաստիճան
հայերը,
որոնք
ազգին
մէջ
եղած
չեղածը
կը
վազեն
թիւրք
փաշաներուն
ականջը
հասցնելու,
իբր
թէ
իրենց
հաւատարմութիւնը
ապացուցանելու
համար։
Երբ
տան
մը
մէջ
կրակ
կը
սկսի,
կ՚ըսէր,
զայն
մարել
ուզողները
վրան
ջուր
կը
թափեն
եւ
ոչ
թէ
իւղ։
Մեր
լրատու
էֆէնտիներն
ալ
կրակին
վրայ
եղ
լեցնող
են,
վասնզի
ազգին
տունը
եաղմայի
տալ
կ՚ուզեն։
Թուրքերուն
հետ
իր
վարմունքին
մէջ
հաւատարիմ
աւանդապահն
էր
ազգային
հին
քաղաքականութեան։
«Կտրել
չկրցած
ձեռքդ
պա՛գ
ու
ճակտիդ
դիր»
կը
քարոզէր։
Իսկ
մտերիմներուն
կամացուկ
մը
կ՚ըսէր,
թէ
«ասոնց
ձեռքը
կանկրենա
պիտի
ըլլայ,
ինքնիրենը
պիտի
իյնայ,
կտրելու
պէտք
չկայ։
Սպասենք
համբերելով»։
Ներսէս
Պատրիարքը
շատ
շատ
անհամբեր
կը
գտնէր։
Երբ
անիկայ
եկաւ
Օրթագեղ
բնակիլ,
էֆէնտին
քիթը
բերանը
ծռմռկեց։
Իրաւ
է,
որ
Պատրիարքին
Օրթագեղ
մեծ
տուն
մը
նուիրողը
սուլթանը
ինքն
էր.
«բայց,
ըսաւ
էֆէնտին
իրեններուն,
Նորին
Վեհափառութիւնը
Օրթագեղցիներս
անհունապէս
երախտապարտ
պիտի
ընէր,
եթէ
սրբազան
Պատրիարքնուս
տուն
մը
Պէշիկթաշի
մէջ
նուիրած
ըլլար»։
Նրբաբար
հասկցնել
կ՚ուզէր
որ,
սուլթանը
թէեւ
Հայոց
Պատրիարքն
իր
անմիջական
հսկողութեանը
ներքեւ
կ՚առնէր,
բայց
կը
զգուշանար
իրեն
շատ
մօտերը
բնակեցնելէ։
Սան—Ստեֆանօ
ու
Պերլին
եղած
դիմումներուն
համար
շա՛տ
նեղացած
էր։
«Կամուրջը
չ՚անցած,
սատանային
աչքը
կը
բանանք
կոր»
կը
մրմռար։
Թիւրքերուն
հետ
վարուողութեան
համար
իր
մէկ
սիրական
առածն
ալ
այն
էր
թէ
«սատանին
հետ
աղբար
եղիր,
մինչեւ
կամուրջն
անցնիլդ»։
Կամուրջն
դեռ
չէին
անցած
լմնցած։
Պերլին
գացող
«պատգամաւորներուն»
վերադարձին
ա՛լ
չէր
կրցած
դիմանալ.
Ներսէս
Պատրիարքին
գնաց,
«խելքը
գլուխը
բերել
տալու
համար»։
Երբ
Հայկական
խնդրին
հայրը
Եւրոպայի
վրայ
լի
հաւատքով,
խանդավառ
կը
խօսէր,
պահպանողական
մարդն
ալ
սիկարը
կամաց
կամաց
քաշելով
եւ
աչքերը
ծուխին
թափառայած
ելեւէջներուն
յառած,
հեգնաժպիտ
ըսաւ.
—Սրբազան,
երբ
սուլթան
Մէճիտին
օրովը
Խաթթը
Շըրիֆը
կարդացուեցաւ,
Յակոբոս
Պատրիարքնիս
Մայր
եկեղեցիին
մէջ
շատ
մը
բարեմաղթութիւններ
ընելէ
եւ
ժողովրդին
մեծամեծ
յոյսեր
տալէ
յետոյ,
աթոռէն
ելաւ
ու
քիչ
մը
ցած,
բայց
խորհրդաւոր
ձայնով
մը
ըսաւ.
«ի
վերայ
այսր
ամենայնի,
օրհնեալ
ժողովուրդ,
թագաւորնիս.
տ—ա—ճ—ի—կ
է»։
Որ
ունիցի
ականջս
լսելոյ
լուիցէ։
Թագաւորնիս
հիմակ
ալ
տաճիկ
է,
սրբազան,
ատիկայ
մի՛
մոռնաք,
եւ
ըստ
այնմ
ազգը
կառավարեցէք։
Ա՛լ
անկէ
ետքը
Պատրիարքարան
չգնաց,
եւ
ժողովրդականութեան
ո՛եւէ
պաշտօն
չընդունեց։
Զատկի
եւ
Ծնունդի
պաշտօնական
այցելութիւնները
կուտար
միայն։
Երբ
Ներսէս
Պատրիարք
իր
բնակութիւնը
Օրթագեղ
փոխադրեց,
Հայրապետ
էֆէնտին
քաղաքավարութեան
համար
«բարով
ես
եկեր»ի
այցելութեան
գնաց։
Պատրիարքը
ցաւահար
սրտով
կը
խօսէր։
Ազգին
վիճակը
առաջուընէ
աւելի
ծանրացած
էր,
ու
Եւրոպան
ալ
բան
մը
չէր
ըներ։
Հայրապետ
էֆէնտին
ուրիշ
քանի
մը
այցելուներու
հետ
ինքն
ալ
մտիկ
ըրաւ
Պատրիարքին
գանգատները։
Ներկաներէն
իւրաքանչիւր
կարծիք
մը
կը
յայտնէր.
ինքը
դառնութեամբ
այնքան
մի
յիշեցուց.
—Ի
վերայ
այսր
ամենայնի,
օրհնեալ
ժողովուրդ,
թագաւորնիս…
Մնացածը
միտքերնիդ
բերելու
էք,
սրբազան։
Թիւրքերուն
հետ
ազգային
ընդհանուր
քաղաքական
ուղղութեան
մասին
ինչ
որ
կը
գործադրէր,
նոյնը
եւ
կը
յանձնարարէր
ամէն
մէկ
հայ
անհատի,
ամէն
հայ
հաստատութեան
թիւրքերու
հետ
առանձին
վարմունքի
համար
ալ։
Կրակ
կտրեցաւ,
երբ
իրիկուն
մը
«Արեւելք»ի
մէջ
կարդաց
Պոլսոյ
հայ
եկեղեցիներէն
իւրաքանչիւրին
կալուածական
սեփականութիւններուն
առանձին
առանձին
գումարները։
Անմիջապէս
գիշերով
սպասաւորը
խրկեց
եւ
«Արեւելք»ի
արտօնատէրը,
որ
Օրթագեղ
կը
բնակեր,
կանչեց։
«Զորս
դու
պատուիրեցեր»ը
տուաւ։
Մեծ
Օրագրին
տէրը
զարմացած
կը
մնար,
թէ
ատանկ
հրատարակութենէ
մը
ազգին
ի՞նչ
վնաս
կրնար
ըլլալ։
—Պէ,
այ
օղուլ,
շուները
հոտ
առնելու
չեն,
—
ըսաւ
հին
պահպանողականը։—
Տաճիկները
գիտնալու
չեն,
թէ
մենք
ինչ
ունինք,
ինչ
չունինք։
Աչք
կը
տնկեն,
չեն
քաշեր։
Մենք
կեաւուր
ենք,
հասկցա՞ր.
աղէկ
բանը
իրենց
կը
վայելէ։
Մեր
կնիկներուն
երեսները
ծածկելու
ենք
Անատոլի
մէջ,
չէ
նէ
կ՚առնեն
կը
տանին.
մեր
տուները
աչքէ
հեռու
պահելու
ենք.
չէ
նէ
կը
քանդեն.
վրանիս
գլուխնիս
աղքատ
երեւնալու
է,
չէ
նէ
կը
կողոպտեն։
Մենք
մինչեւ
հիմա
ասանկով
ապրեր
ենք.
ու
պէտք
է
որ
համբերենք,
մինչեւ
որ
շան-սատակը
վերնայ։
Հիմակ
տաճիկներն
ատ
ձեր
գրածները
կարդալու
ըլլան
նէ
ի՞նչ
պիտի
ըսեն։
Մենք
անոնց
միշտ
մեր
աղքատ
ժամերուն
վրայ
կը
խօսինք,
դուք
ելեր
հարստութիւն
ցոյց
կուտաք։
Զաւակս,
—
ըսաւ
վերջացնելով,
—
ձեր
մէջ
խելքը
գլուխը,
փորձառու
մէկը
չկա՞յ,
որ
այս
բաները
գիտնայ։
«Մենծ
չեղած
տեղը
կ՚երթան
մենծ
կարասին
խորհուրդ
կը
հարցնեն»,
կ՚ըսեն։
Մէջերնիդ
սանկ
փորձառու
մէկը
առէք.
հին
խաֆա
ըսուածներէն։
Հին
գինիին
պէս
անոնք
ալ
մախպուլ
են։
Այս
տեսակցութենէն
քանի
մը
ամիս
վերջը
Էվգաֆի
պաշտօնատունը
իբր
մահլիւլ
գրաւեց
եւ
վաճառեց
Ղալաթիոյ
Լուսաւորիչ
եկեղեցիին
1500
ոսկի
արժողութեամբ
մէկ
կալուածքը,
որ
արձանագրուած
էր
Լուսաւորչի
անուանը,
«Գրիգոր՝
որդի
Անակայ»։
—
Սա
Գրիգոր
վելէտի
Անակը
քանի՞
հարիւր
տարի
կ՚ապրի,
—
հարցուցին
Էվգաֆէն,
որուն
մատնութիւն
եղած
էր։
Էֆէնտին
շոգենաւի
մէջ
«Արեւելք»ի
արտօնատիրոջը
հանդիպելուն,
զայրոյթով
ըսաւ.
—
Հիմակ
տեսա՞ք,
թէ
ինչ
կ՚ըլլայ
եղեր։
Ասանկ
երթայ
նէ
մեր
եկեղեցիներուն
բոլոր
կալուածները
պիտի
առնեն։
Վա՛յ
քեզ
քաղաք,
որոյ
ղազէթաճիդ
մանուկ
է։
Մենծ
կարաս
մը
գտէք,
մենծ
կարաս
մը։
Շոգենաւը
Պէշիկթաշէն
դէպի
Օրթագեղ
եկած
ատեն,
երբեմն
կը
պատահէր,
որ
բարձրաստիճան
թիւրքեր
իրեն
հարցնէին,
թէ
որո՞նց
կը
պատկանէին
այն
գեղեցիկ
տուները,
որոնք
Չրաղանի
սուլթանական
պալատին
ետեւը
գտնուող
բլրան
վրայ
սկսած
էին
շինուիլ։
Հայրապետ
էֆէնտին
չգիտնալ
ձեւացնելով,
տարակուսական
պատասխաններ
կուտար.
«Պանքային
մարդոցն
են.
կարծեմ
ֆրէնկներու
են»
կ՚ըսէր,
կը
կմկմար
«ֆրէնկներու
են»
արտասանած
ատենը։
Սեփականատէրերը
թէեւ
Պանք
Օթոմանի
պաշտօնեաներ
կամ
վաճառականներ,
բայց
հայեր
էին։
Ինքն
ալ
իր
բնակարանը
շատ
մեկուսացեալ
տեղ
մը՝
Տէրէ
կոչուած
ձորին
մէջ
շինել
տուած
էր։
Դրսէն
երկայն
որմ
մը
կը
շրջապատէր
պարտէզ
մը,
ուր
կը
գտնուէր
տունը։
Առանց
արտաքին
ուշագրաւ
երեւոյթի
շէնք
մը
երկու
մասի
բաժնուած՝
հարէմլըք
եւ
սէլամլըգ։
Այս
վերջինը՝
յատկապէս
թիւրք
այցելուներու
ընդունելութեանը
սահմանուած՝
պարզուկ
կահաւորեալ
էր։
Էֆէնտին
շատ
անգամ
կը
յիշեցնէր
սուլթան
Մահմուտի
այցելութիւնը
ղազէզ
Արթինին։
Համբաւաւոր
ամիրան
ծանրապէս
հիւանդ
պառկած.
սուլթանը
ծպտեալ,
Օրթագեղ
հիւանդտեսի
կուգայ
անոր
տունը։
Սանդուղներէն
վեր
ելած
ատենը
կը
մտնէ
սենեակները,
որոնց
անշուք
կահաւորումը
իր
ուշադրութիւնը
կը
գրաւէ։
Այս
քննական
այցելութենէն
յետոյ
սուլթանին
համարումն
ու
վստահութիւնը
ղազէզին
վրայ
եւս
առաւել
կ՚աւելնայ։
Էֆէնտին
վաթսունը
անցուկ
էր։
Տղայութեանը
կարդալ
գրել
մը
սորուած
էր,
բայց
ընթերցասէր
ըլլալուն
շատ
բան
կը
կարդար։
Ամէն
հին
հայու
պէս
ինքն
ալ
գրաբարին
իմաստը
քիչ
շատ
կը
հասկնար,
ականջը
պզտիկուց
ի
վեր
եկեղեցական
ժամերգութիւններէն
գրաբարով
լեցուած
ըլլալուն։
Չամչեանը
մաշեցուցած
էր,
ինչպէս
եւ
Եղիշէն,
Թովմա
Արծրունին,
Աստուածաշունչը
եւ
ուրիշ
պատմական
գրքեր։
Տեղեակ
էր
եւ
ժամանակակից
թարգմանութեանց.
Իզմիրի
ու
Պոլսոյ
վիպական
բոլոր
թարգմանութիւնները
իրեն
ընտանի
էին։
Պոլսոյ
բոլոր
թերթերուն
բաժանորդ
էր,
եւ
միանգամայն
ընթերցող։
Հայաստանէն
եկած
մուշտակագործի
մը
այդ
տղան,
իր
բախտը
Ղրիմի
պատերազմին
սկսած
էր
շինել։
Ետքէն
Սէրասկէրի,
Թօփհանէի,
Թերսհանէի
գլխաւոր
հայթայթիչներէն
մէկն
էր
եղած։
Աւելի
ճիշտ
պիտի
ըլլար
«առաջինը»
ըսել։
Փաշաներու
եւ
պաշտօնատերերու
գողակից
ըլլալու
հնարամտութեան
մէջ
անբաղդատելի
ճարպիկ
մըն
էր։
Շնորհիւ
այդ
անբարեխղճութեանը,
որ
Թիւրքիոյ
վարչական
բարքերուն
մէջ
գերագոյն
առաքինութիւնը
կը
համարուի,
Հայրապետը
ո՛չ
միայն
մեծկակ
հարստութիւն
դիզած
էր,
այլեւ
աստիճանէ
աստիճան
բարձրանալով
հասած
էր
պալայի
եւ
ակնկառոյց
կը
մնար
փաշայութեան։
Թէեւ
թիւրքերուն
երախտապարտ
ըլլալու
եւ
զանոնք
սիրելու
պարտականութիւնը
ունէր,
բայց
սրտին
խորը
անոնց
ատելութիւն
կը
խտանար։
Ներսիդիէն
բան
մը
կ՚ըմբոստանար
ամէնօրեայ
ստրկացման
դէմ։
Ամէն
օր,
ամէն
ժամ
արթուն
հոգեբան
մը
պիտի
ըլլար,
որպէսզի
որեւէ
թիւրք
չվիրաւորէ,
մէկուն
նախանձը
չշարժէ։
Պէշիկթաշի
Հասան
փաշային
վաղնջուց
բարեկամն
ըլլալով
հանդերձ,
կը
ջանար,
որ
փաշան
զինքը
հասարակ
վիճակի
մէջ
տեսնէ։
Ընդհանրապէս
քարշակով
կ՚երթար
կուգար,
միշտ
Պէշիկթաշի
պահականոցին
կողմը
նստելով,
որպէսզի
տեսնուի,
թէ
հասարակ
մարդու
նման
կ՚երթեւեկէ։
Ու
երբ
կառքով
անցնելու
պարտաւորուէր,
վարագոյրը
ձգել
կուտար։
Փաշաներու
եւ
մինչեւ
իսկ
անոնց
աղաներուն
առջեւ
քառսուն
տարիներու
զգուշաւոր
եւ
կորաքամակ
կեանքը
իր
սրտին
մէջ
դառնութեան
թոյնը
ամբարած
էր։
Ու
այդ
թոյնէն
լեղիացած
սրտովը
կը
կարդար
Հայոց
պատմութիւնը
եւ
ատելով
կ՚ատէր
«անհաւատը»։
Գում—Գաբուի
ցոյցին
օրը
սիրտը
յոյսի
ու
վախի
զգացումներով
ցնծաց
ու
տագնապեցաւ։
«Դանակը
ա՛լ
ոսկորին
հասած
կ՚երեւնայ»,
փսփսաց
քանի
մը
մտերիմներու։
Կարծեց,
թէ
«Գործին
մէջը
ռուսին
մատը
կայ»։
Իր
այս
կարծիքը
սկսաւ
համոզումի
փոխուիլ,
երբ
յուլիս
15—ին
յաջորդ
օրը
փաշաներուն
մռայլ
ու
մտահոգ
դէմքերը
տեսաւ։
Սիրտը
պաղշտկեցաւ,
ու
«օ՜խ»
մը
քաշեց։
Հազար
տարուան
ցեղային
վրիժառութեան
սկզբնաւորութիւնը
կը
տեսնէր։
Սմքած
ինկաւ,
երբ
բանտերը
հայերով
լեցուեցան,
ու
դէպի
արեւակէզ
Ափրիկէ
շղթայակապ
հայեր
ճամբայ
դրուեցան
եւ
«ռուսին
մատը»
չերեւցաւ։
Իրիկուն
մը
օղիի
միջոցին,
մտերիմներուն
ըսաւ.
—
Մեր
հիներուն
խօսքն
էր,
թէ
«Աստուած
տաճկին
թոփուզ
ը
հայուն
գլխէն
պակաս
չընէ,
բայց՝
Մոսկովին
թոփուզ
ն
ալ
տաճկին
գլխէն
պակաս
չընէ»։
Ասկէ
ետքը
տաճկին
թոփուզ
ը
առաջուընէ
աւելի
ուժով
գլխնուս
պիտի
զարնուի,
վասնզի
Մոսկովին
թոփուզը
տաճկին
գլխուն
վրայ
չի
տեսնուիր
կոր։
Հին
մարդը
նորէն
երեւան
եկաւ.
տաճկին
առջեւ
ժպիտը
երեսին
վրայ,
ցաւը՝
հոգուն
մէջ
հայը,
որ
ապրիլ
կ՚ուզէր։
Նորէն
իր
վզին
վրայ
ծանրացած
զգաց
«խոհեմ-զգուշաւոր
վարմունք»ի
բազմադարեան
անուրը,
զոր
խորտակելու
յոյսը
ունեցաւ
րոպէ
մը։
Եւ
այն
օր,
որ
Հայաստանցի
տէրտէր
մը
հայութեան
ա՛լ
անզուսպ
պահանջումը
«ազատութեան
եղբարց
մերոց»ին
մէջ
գոռացուց
«անխոհեմաբար»
ու՝
«որ
օրհնես
զայնոսիկ»ին
մէջ
դառնութեան
շեշտով
մը
ցեղին
անէծքը
արձակեց
«անզգուշաբար».
ռայան
վախցաւ։
Ժառանգական
ստրկացեալ
արիւնը
նորէն
իր
հանդարտիկ
ընթացքը
շարունակեց։