Կարմիր ժամուց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բ
       Ա՛տ անունն ալ ո՞ւրկէ միտքն է ինկեր, հարցուց եպիսկոպոսը ժպտալով, երբ տիրացու Գաբրիէլը քահանայ ձեռնադրուած օրը փափագ յայտնեց Յուսիկ անունով վերածնիլ։
       Գեղացի տիրացուն, ազգային բոլոր սուրբերուն մէջէն Յուսիկ հայրապետին համար մասնաւոր հակում մը ունէր բնազդումով։ Ձեռնադրուելէն քանի մը տարի ետքը, երբ օր մը Պոլսոյ թերթերէն տեղեկացաւ, թէ սուլթանը իր թուրան Պատրիարքարան խրկած էր ու պատրիարքն ալ զայն խունկով ու մոմով ընդունած էր, սրբութեան պատկերի մը պէս, «Ա՜խ, Յուսի՜կ մը, Յուսի՜կ մը, Պոլիս Յուսիկ մը չկա՞ր» աղաղակեց։ Լուսաւորչին թոռը Դիոկղետիանոս կայսեր պատկերը ոտքերուն տակը առնելով ջարդ ու փշուր ըրած էր։ Տէր Յուսիկին ալ սրտէն ձայն մը կ՚ըսէր, որ՝ թուրան Պատրիարքարան հասած օրը եթէ ինք Պոլիս գտնուած ըլլար, անգամ մը եւս պիտի հաստատուէր «անունին տէրն է ելեր» ժողովրդական առածին ճշմարտութիւնը։
       Երբ տէր Թադէոս վախճանեցաւ, փեսան՝ տիրացու Գաբրիէլը, անոր յաջորդեց։ Այդ թուականէն տասը տարի ետքը, Մեծ—կոտորածին, դուրսէն խուժանը Տոմուզ գեղին վրայ ալ յարձակելու փորձ մը ըրաւ։ Տէրտէրը հոն չէր. տարագրեալ՝ Պոլիս կը գտնուէր. բայց գեղին երիտասարդները հոն էին։ Այցելուներուն ընդ առաջ գացին, օդին մէջ «ապաշխարութեան աղօթքներ» հնչեցնելով։ Ի լուր այդ ձայներուն, անկոչ հիւրերը լեղապատառ փախան։ Ու անկէ ետքը կիները «ապաշխարութեան գանձանակ»ին առջեւ երեսնին կը խաչակնքէին, եւ «զօրութեանդ մեռնիմ» ըսելով զայն ջերմեռանդաբար կը համբուրէին։
       Ապաշխարութեան գանձանակին, ապաշխարութեան աղօթքներու մասին, ահա ինչ որ պատմած են Տոմուզգեղցի երիտասարդները։
       Տէր Յուսիկ նորընծայ քահանան «մեղաց քաւութեան» սահմանուած ապաշխարանքները բաւական չհամարելով, անոնց վրայ հատ մըն ալ ինքն աւելցուց։ Ժամուն դուռը ապաշխարանքի գանձանակ մը դրաւ։ Խոստովանանքի եկող ծերերը, կիները, աղջիկները կը դատապարտուէին անոր մէջը հինգէն մինչեւ քսան փարայ ձգելու. «ըստ չափու եւ մեծութեան մեղաց»։ Տարի մը ետքը, կիրակի առտու մը տէրտէրը գեղին երիտասարդութիւնը հաւաքեց ու գանձանակը ի ներկայութեան ամէնուն բացաւ։ Երիտասարդներէն երկուքը հետը առնելով նոյն իրիկունը քաղաք գնաց։ Քանի մը օրէն վերադարձան։ Յաջորդ կիրակին տէր Յուսիկը հետեւեալ ծանուցումը ըրաւ.
       «Ապաշխարանքի գանձանակի արդիւնքովը սուրբ եկեղեցւոյս նուէր մը պիտի ընենք. ոսկի եւ արծաթ ոչ ունիմք. ըստ առաքելոյն, բայց զոր ինչ ունիմք ի սրտէ տամք. Աստուած ընդունելի արասցէ»։
       Ժողովուրդը «ամեն» գոչեց։ Երկու երիտասարդները խորանին առջեւ բերին հրացան մը դրին։ Տէրտէրը զայն օրհնեց եւ պատէն կախեց. փայտէ խաչ մըն ալ քովիկը։ Գանձանակն ալ նորէն տեղը դրուեցաւ։
       Տէր Յուսիկը հրացանը օրհնելէն յետոյ, նոր ապաշխարանք մըն ալ երիտասարդներուն սահմանեց։ Խոստովանող այր մարդիկը կը պարտաւորէր «օրհնեալ հրացանով» թռչուն զարնել ու մատաղ ընել. «Աբելի պատարագն Աստուծոյ» կ՚ըսէր։ Ինքն իր ձեռքովը հրացանը պատէն վար առաւ, վրան խաչակնքեց ու աչքին առջեւը մեղաւորները պատժին գործադրութեանը հրահանգեց։
       Երբ երկրորդ տարին ալ բոլորեցաւ, ապաշխարանքի գանձանակն նորէն բացին։ Այս անգամ արդիւնքը երկու հրացան գնելու կը բաւէր։ Ապաշխարադիրը կռահեց, որ երբեմն երբեմն երիտասարդներն ալ ինքնաբերաբար գանձանակին բարեխօսութեանը դիմած էին։
       Տէրտէրը գեղի տղոց կարդալ կը սորվցնէր։ Ձեռքերնին Ռոպէնսոն Քրիւզօէ տուած էր, որպէս զի ինքնօգնութեան գաղափարը անոնց մտքին մէջ մխէ։ «Տեսէ՛ք, կըսէր, Ռոպէնսոն իր կղզիին մէջ քսան փարանոց երկաթի մը կտոր՝ ոսկիի մեծ կտորէ աւելի օգտակար կը սեպէր։ Մենք ալ Ռոպէնսոնին պէս մեր գեղը կղզիացած ենք։ Չորս կողմերնիս անհաւատներու ծովն է։ Մեր ժամն ալ ոսկին ի՞նչ ընէ. երկաթի կտոր մը մեր գործը աւելի աղէկ կը տեսնէ»։
       Գեղացիները երկաթասիրութեան մէջ օրէօր կը յառաջադիմէին։ Իրենցմէ Պոլիս գացողները հոն իրենց երկրացիներուն պանծացուցին նորահաստատ ապաշխարանքը, երկաթասիրական գաղափարներն ալ տարածելով։ Օր մըն ալ Տոմուզ գեղի Պոլսոյ պանդուխտները ընկերութիւն մը կազմեցին, ապաշխարանքի գանձանակը շէն ու պայծառ պահելու նպատակաւ։ Երկիր վերադարձողներն ալ հետերնին շրջահար մը ժամուն նուէր կը բերէին։
       Տիրացու Գաբրիէլը քահանայ ձեռնադրուելէն տասը տարի ետքը, գեղին ժամը քսան հրացան եւ երսունի չափ շրջահար ունէր, «ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեղաց» ու քաջավարժ նշանառու երիտասարդութիւն մը։ Գնդակին սուլումը «ապաշխարութեան աղօթք» կը կոչուէր ժողովրդին բերնին մէջ։ Այդ աղօթքը իր զօրութիւնը Կոտորածին օրը ցոյց տուաւ։
       Ապաշխարանքի գանձանակին հաստատութիւնը դիպուածական գաղափարի մը ծնունդ չէր, ծրագրի մը մասն էր։ Տէր Յուսիկ իր գեղը բարեկարգելու խորհուրդը շատոնց յղացած էր, տակաւին տիրացու եղած ատենը։ «Թո՛ղ տէրութիւնները 61—րդ յօդուածը գործադրուել տալու ետեւէ ըլլան, կը խորհէր ինքնիրենը։ Այդ օրուան սպասելով հանդերձ, առայժմ եթէ քիչ մը մենք մեզի բարեկարգելու ըլլանք, գէշ պիտի չըլլայ։ Աւել բարին աչք չի հաներ»։ Ու կ՚ուզէր, որ իր գեղը օրին մէկը ամբողջ Հայաստանին կենդանի օրինակ մը հանդիսանայ, եւ գործնականապէս ցոյց տայ ինքնապահպանութեան է՛ն կտրուկ միջոցը, որ ինքնօգնութեան մէջ կը կայանայ։
       Տեղ մը կարդացած էր, թէ անգլիացիները իրենց տղոցը լողալ սորվեցնելու համար, զանոնք կը բռնեն ջուրը կը նետեն առանց օգնութեան։ Կը թողուն, որ տապըլուելով, տապլտկուելով, տակ երթալով, վեր ելլելով, ինքզինքնին ազատեն ու իրենք իրենց ընտելանան ջուրին մէջ ապրիլ կարենալու դիւրութեանց։ «Մենք ալ, կ՚ըսէր, ուզենք, չուզենք հիմակ ատ տղոցը կը նմանինք։ Ծովն ենք ինկեր, մեր գլխուն ճարը մենք պէտք է տեսնենք։ Եթէ սպասենք, որ մեր ձայնը Պատրիարքարան լսուի ու մեզ ազատելու գան— եթէ երբեք գալու ալ ըլլան կը խեղդուինք կը լըմննանք»։
       Նորընծան շուտով գործի ձեռք զարկաւ, բարեկարգման յաջողութիւնը նախ եւ առաջ կրօնքէն ակնկալելով։ Գիտէր, որ քահանան ժողովուրդը կրնայ իր ուզած ճամփէն քալեցնել, շնորհիւ այն ազդեցութեան զոր խղճմտանքներուն վրայ ունի։ Այս մտածութեամբն էր, որ ապաշխարանքի գանձանակն ու աղօթքը հաստատեց։
       Զէնքով ինքնապաշտպանութիւնը իր «ներքին քաղաքականութեանը» հիմն էր. իսկ «արտաքին քաղաքականութեան», այսինքն՝ թիւրք իշխանութեան հետ յարաբերութեանցը մէջ «պատեհականութեան», որ է՝ վեր վար յարմարելու վարպետութեան կը հետեւէր։ Որոշեց գանգատի համար առաջնորդարան չդիմել։
       «Տէրտէրը առաջնորդին կ՚աղերսէ, կ՚ըսէր. առաջնորդը՝ Պատրիարքին, Պատրիարքը՝ սատրազամին։ Մի՛ մեռնի իշուկս. գարուն պիտի գայ՝ առուոյտ պիտի ուտես»։ Ու Հայոց պաշտպանութեանը համար սատրազամին դիմումը կը նմանցնէր «տանձին պահպանութիւնը արջէն խնդրելու» միամտութեան։ Կը ջանար ամէն գործ կարճ երկան իր ձեռքովը կտրել, լմնցնել։ Մերթ կծու լեզու, երբեմն աղաչանք, այսօր սպառնալիք, վաղը քանի մը դահեկան, ու ծանր պարագաներու մէջ քանի մը մէճիտ մեծապէս նպաստեցին գեղին կրած տառապանքներուն թեթեւացմանը։
       Կ՚անդրադառնար, թէ տգիտութիւնը, աղտոտութիւնը, ուտեստի անհոգութիւնը ժողովուրդին շատ աւելի աղիտաբեր են, քան թէ կառավարական հարստահարութիւնները։ Հայ գիւղացին այդ չարիքներուն դէմ մինչեւ աստիճան մը ապահովելու համար ո՛չ Պերլինի դաշնագրին, ո՛չ Պատրիարքարանին, ո՛չ Դրան միջամտութեանը ակնդէտ սպասելու պէտք կար։ Ինքը Պոլսէն մէկ երկու թերթ կը ստանար, ու գրքեր ալ կ՚ընդունէր։ Մասնաւորապէս առողջաբանական հրատարակութիւններ էին իր հետաքրքրութիւնը գրաւողները։ Կը ցաւէր սակայն, որ Պոլսոյ մամուլին մէջ քաղաքական անպէտ տեղեկութեանց եւ խորհրդածութեանց շատ լայնկեկ բաժին մը յատկացուելով, անդին կը մոռցուէին այն նիւթերը, որոնց ընթերցումէն ժողովուրդը՝ մանաւանդ երկրին ժողովուրդը, կրնար սքանչելապէս օգտուիլ իր բարոյական ու նիւթական բարւոքմանը համար։ Կարդացածներէն սորվածները կը ջանար հնարաւոր եղածին չափ գործադրել տալ։ Օրինակի համար, գեղը առատ ջուր ունէր, ու տէրտէրը ծայրայեղ խստութեամբ հսկեց ժողովուրդին մաքրութեանը։ Աղէկ չլուացուողներուն հաղորդութիւն չէր տար. «Աստուած ո՛չ միայն մաքուր հոգւով, այլ եւ մաքուր մարմնով ալ պէտք է ընդունիլ» կը խրատէր։ Պոլիս գացող իր աշակերտներուն յանձնարարեց կարգ մը ընթացիկ դեղեր խրկել, ի միջի այլոց՝ քինին։ Հիւանդները կը դարմանէր առողջապահական եւ բժշկական հրատարակութեանց օգնութեամբ։
       Լրագիրներու մէջ խոզին օգտակարութեանը վրայ տեղեկութիւններ կարդալով, որոշեց մահմէդականներուն ատելի կենդանիէն գեղը քանի մը հատ մտցնել։ Ըրաւ չըրաւ մինչեւ Էրզրումէն խոզ ճարեց ու գեղը բերել տուաւ եւ արտերը սայպեց։ Բազմածինը կ՚աճէր ու կը շատնար առանց ժողովրդին բեռ մը ըլլալու, վեց ամսին անգամ մը տասնհինգ քսան ձագ ցնկնելով։ Տարին հազիւ մէկ երկու անգամ միսի երես տեսնող գեղացին, հիմակ յաճախակի խորովածի համ կ՚առնէր։
       Այս խոզաբուծութիւնը գեղին ապագային վրայ օգտակարապէս ազդելու առիթ մը եղաւ։ Օրին մէկը թուրք զինուորները այդ գեղը իջան, ուր շատոնց էր այցելած չէին։ Ուզեցին, ըստ սովորութեան, կերակրուիլ, բայց խոզէն զատ ուրիշ անասուն չտեսան։ Հարիւրապետը սաստիկ բարկանալով ռէսը ծեծեց։ Տէրտէրը շուտ վրայ հասաւ. ողբաց խաշնամահին ըրած կոտորածներուն վրայ, ըսաւ, թէ իրենք ալ աղքատութենէ ստիպեալ այդ աղտոտ կենդանին կը պահէին։ Գանգատեցաւ երաշտութեան մասին, ու խօսելով, խօսելով, հարիւրապետը մինչեւ իր տնակը տարաւ։ Հոն քանի մը հաւկիթ ճարեց, ճուտ մը մորթեց եւ մարդուն հրամցուց։ Հասկցուց, թէ «ունեցածնին, չունեցածնին ան էր»։ Ետքէն ալ թիւրքին ափը ատամնավարձք մը դրաւ։ Զինուորականը կշտացած՝ զօրքերը վերցուց «տոմուզներուն գեղը ուտելիք չկայ» ըսելով։ Անցան գացին մէկ երկու ժամ անդին գտնուող թիւրք մեծ գեղ մը։ Հոնտեղի թիւրքերը գիտէին, թէ իրենց դրացի հայոց գեղը խոզ կար։ Արդեն տոմուզլարըն քէօյի— խոզերուն գեղը—կ՚անուանէին զայն. զօրքերն ալ գործը մեծցուցին. ամբողջ գեղը իրենց աչքին խոզով ծածկուած երեւցեր էր։ Այդ այցէն յետոյ, «տոմուզլարըն քէօյիւ»ն ժողովուրդին բերանը «Տոմուզ Քէօյ»ի փոխուեցաւ ու մինչեւ իսկ կէս պաշտօնական յորջորջման պէս բան մը եղաւ։ Շնորհիւ խոզերու համբաւին, ա՛լ այդ կողմէն անցնող դարձող անօթի զօրքերը գեղը կանգ չէին առներ։ Հարկահաւաքներն ալ, նախապէս կշտանալէ յետոյ հոն գալու խոհեմութիւնը կունենային։ Այս ամէն առաւելութեանց վրայ կը բարդուէր տուրքէ ազատագրումը։ Խոզը անտէր կենդանի մը կը սեպուէր, արտերը ինկած, ինչպէս թռչունը օդին մէջ։ Ոչ ոք անոր համար տուրք վճարելու պարտական էր։ Ու կառավարական պաշտօնեաներն ալ մտքերնէն բնաւ չէին անցըներ խոզին ձեռք դպցնել։ Զզուանքն ալ սրբութեան պէս սարսափազդեցիկ է։
       —Ա՜խ, կ՚ըսէր տէր Յուսիկ, եթէ Հայաստանի ամէն գեղերն ու քաղաքները խոզով լեցուին, հարստահարութեանց խնդիրը արդէն մասամբ լուծուած կ՚ըլլայ։
       ***
       Գաբօն դեռ պզտիկ տղայ եղած ատենը «անհաւատներուն» դէմ ատելութեամբը արդէն ապագայ մը կը խոստանար։ Ամէն անգամ, որ մօտակայ գեղ մը երթար, ետ չէր դառնար առանց ճամփան թիւրքի ու քիւրդի լակոտներու հետ կռուի բռնուած ըլլալու։ Նախայարձակը՝ միշտ ինքը։
       —Քեզի ի՞նչ ըրին, որ անոնց զարկիր, կը հարցնէին։
       —Բան մը չըրին։
       —Է, ինչո՞ւ զարկիր։
       —Անհաւատ են։
       Գեղին տէրտէրը մօրուքին տակէն խնդալով կը մրթմրթար։
       —Սրիկ փշիկ պզտիկուց յայտնի է։
       Հայրը՝ գեղին հարուստը, հետեւաբար եւ խոհեմութեան մարմնացումը, քանի մը ապտակով կը վարձատրէր տղուն կրօնամոլութիւնը։ «Ասանկ մեծնայ նէ, օր մը ամբողջ գեղին գլխուն փորձանք պիտի բերէ» կ՚ըսէր։ Ու տէրտիրոջը վրայ վազելով կը պահանջէր զաւկին խիստ ապաշխարանք դնել։ Տէր Թադէոս սակայն Գաբօյին կը խնայէր, միտքը զայն իրեն փեսայացնել ըլլալուն։ Տղուն հայրը հարուստ էր, այսինքն՝ գեղին երկու մեծագոյն արտերուն տէրը, ու զաւակն ալ մէկ հատիկը։ Քահանան ալ աղջիկ մըն ունէր միայն։ Օրին մէկն ալ երկու կողմէն հաւանեցան խնամիանալու։
       Գաբրիէլը ապագային իր աներոջը պիտի յաջորդէր։ Տէրտէրը սկսաւ իր փեսացուին կարդալ գրել սորվցնել։ Աշկերտը քիչ ատենէն վարժապետին բոլոր գիտցածը ինքն ալ գիտցաւ։ Կարդալու արդէն ուրիշ բան չկար, բայց եթէ ժամական մէկ երկու գիրք։ Սակայն տէր Թադեոս ուրիշ հատոր մըն ալ ունէր, կլորիկ, գունդիկ, սեւուկ կողքով. զոր երբեք տղուն ձեռք տալ ուզած չէր։ Գաբօն քանի մը անգամ զայն ընդնշմարած էր ու օր մըն ալ համարձակած էր խնդրել։ Իբր պատասխան՝ ապաշխարանքի ենթարկուեցաւ։ Տէրտէրը ինքն իսկ ամէն անգամ, որ այդ գիրքը բանար «մեղա՜յ, մեղա՜յ» կը գոչէր։ Ո՛չ ժամարար եղած օրերը, ո՛չ տօն օրերը զայն սնտուկէն դուրս կը հանէր։ Բայց Գաբօն այդ խորհրդաւոր հատորը օր մը ձեռքն ունեցաւ։ Տէրտէրը զինքը գործի մը համար քաղաք խրկած էր. բան մը մոռցած ըլլալուն՝ ճամբէն ետ դարձաւ ու շիտակ տէրտիրոջը տունը գնաց։ Մարդը դուրս ելած էր, գիրքը բաց թողած, ակնոցն ալ վրան։ Որմէ՞ն գաղտնի պահէր, ուրիշ կարդալ գրել գիտցող չկար։ Գաբօն գրքին վրայ ինկաւ. նախ կողքը նայելով՝ կարդաց ոսկէզօծ, խոշոր տառերը՝ «Աստուածաշունչ»։ Սկսաւ թղթատել։ Դիւրութեամբ կը հասկնար. ուստի եւ համ կ՚առնէր։ Ինքզինքն ընթերցումին տուած՝ կը մոռնար, որ տէրտէրը կրնար յանկարծ գալ, երբ մէկէնիմէկ «վա՛յ անիծեալ» բացականչութիւն մի լսեց, ու երեսին ալ ապտակ մը շառաչեց։ Տէրտէրը գիրքը տղուն ձեռքէն յափշտակեց, ու նոյնհետայն իր արտը երթալով կրակ վառեց եւ Աստուածաշունչը խարուկեց, յիշելով «վա՛յ մարդոյն այնմիկ, ոյր ձեռն գայցէ գայթակղութիւն»։ Երբ գիրքը կը վառէր տէրտիրոջը աչքերն ալ լեցուեցան։
       Աշխարհաբար Աստուածաշունչն էր։ Օրին մէկը անծանօթ մը գեղն եկած էր, իշու վրայ հեծած, հետն ալ պայուսակ մը։ Տէրտէրը փնտռելով, մէկ տեղ նստեր խօսեր էին։ Այցելուն աստուածավախ մէկը կ՚երեւնար, անուշ լեզու։ Երբ պիտի մեկնէր, պայուսակը բացաւ, մէջէն գիրք մը հանեց եւ տէրտէրին նուիրեց։ Վրան «Աստուածաշունչ» գրուած էր. քահանան գիրքը պագաւ ու ճակտին դրաւ։ Աստուածաշունչ անունը լսած էր, երեսը տեսած չէր։ Մարդը քանի մը հատ ալ ձգել ուզեց, բայց տէրտէրը անօգուտ համարեց զանոնք ընդունիլ. կարդալ գիտցող ուրիշ ոչ ոք կար։ Մարդը մեկնելու ելաւ. տէրտէրն ալ հիւրին կ՚ընկերանար։ Ճանապարհին հանդիպեցան խումբ մը գեղացիներու, որոնք տէրտէրին «Օրհնեա՛» ըսին ու քովինն ալ բարեւեցին։ Ասիկայ, օտարական ըլլալով, իրենց ուշադրութունը գրաւեց։ Խումբին մէջէն մէկը մարդուն դէմքը յիշել կը թուէր, ուշի ուշով երեսը նայեցաւ, ու մէկէնիմէկ գոչեց.
       —Պատուելի, դուն հոս ի՞նչ բան ունես։
       Քանի մը շաբաթ առաջ քաղաքը անոր հանդիպած էր կռուի մը ատեն, որուն ինքն ալ միջամտելով՝ մէկ երկու բռունցք ալ պատուելիին գլխուն ինք իջեցուցած էր։
       —Հո՞ս ալ տիրոջը խօսքին համար եկեր ես, հա՞, շարունակեց։ Ու տէրտէրին դառնալով պոռաց։
       Տէրտէր, աս մարդը բռոթ է, դուն ասոր հետ ի՞նչ բան ունիս։
       Տէրտէրը շուարած, սկսաւ խաչակնքել, «հալին մեղք, հալածին դեւք», աղաղակելով։ Ամբողջ մարմնովը կը դողար։ Գեղացիները պատուելիին վրայ թառեցան եւ սկսան տփել։ Մարդուկը հազիւ թէ կրցաւ իշուն վրայ նետուիլ ու փախչիլ, պայուսակը հոն թողլով։ Քիչ ետքը բոլոր գեղը հաւաքուելով՝ կրակ վառեցին ու գրքերը այրեցին։ Տէր Թադէոս տուն վազեց։ Մէկուն չէր ըսած, թէ ողջակիզեալներէն հատ մը փրկուած էր։ Ինքն ալ զայն անմիջապէս պիտի զոհէր։ Կրակին տալէն առաջ, մէյ մը աչքէ անցընելու փորձութիւն ունեցաւ։ Բռնուեցաւ. Ադամ, Եւա, Կայէն, Աբէլ, Նոյ Նահապետ, Յովսէփ գեղեցիկ անունները լսած էր, բայց ինչ ըլլալնին մանրամասնօրէն չէր գիտեր։ Խարոյկը միւս օրուան պահեց։ Միւս օրն ալ ձեռքը առաջ չգնաց։ Կը նզովէր բռոթը եւ կը լափէր գիրքը։
       —Գիտութեան ծառն ալ ասանկ եղած ըլլալու է, կ՚ըսէր ինքնիրեն։— Ան Եւան ալ ինծի պէս մէյ մը բռնուեցաւ։ Վաղը աս գիրքը էրեմ ազատիմ. ես ալ չպատժուիմ։
       Միւս օրը՝ «Աստծու ողորմութիւնը» մեծ է ըսելով, այրումը յաջորդ օրուան կը ձգէր։ Ձգձգումը հասաւ մինչեւ այն օրը, որ ուրիշին ալ մեղքի պատճառ եղաւ։ Առաջին թափով այրեց լմնցուց, խղճմտանքի խայթէն ազատեցաւ։ Խղճի թեթեւացում մը, որ սրտին շատ ծանր եկաւ։
       ***
       Գաբրիէլը միտքը դրաւ այն Աստուածաշունչէն քաղաքը փնտռել, բայց խուզարկութիւնները զգուշաւորութեամբ ընելու հարկը զգալով։ Տէրտէրին ընթացքը իրեն ենթադրել կուտար, թէ «տակը բան մը ըլլալու է»։ Սակայն ի՞նչ։ Ո՛ եւ է ենթադրութիւն չէր կրնար ընել։ Գարնան յաճախ քաղաք կ՚երթար։ Տէրտէրներն ու վարդապետները իրեն ծանօթ էին, ինչպէս եւ դպրոցին վարժապետները, որոնցմէն լրագիր կ՚առնէր կը կարդար։ Անոնց ճարպիկօրէն հարցումներ ըրաւ Աստուածաշունչին վրայ։ «Հոս չկայ կ՚ըսէին, շատ սուղ է։ Վանքը հատ մը ըլլալու է, բայց ձեռագիր է, դուրս չեն հաներ, մարդու ցոյց չեն տար»։ Աստուածաշունչ ըսելով ամէնքն ալ գրաբառը կը հասկնային։
       Վարժապետներէն մէկուն՝ Արշամին՝ մասնաւոր համակրանքը կը զգար։ Օր մը երբ մէկտեղ կ՚երթային, անիկայ արմուկովը Գաբրիելը մշտեց, քովերնուն ճիւպպէլի մարդ մը անցած ատեն։
       —Ձեր գեղը ծեծ կերած մարդ աս է, ըսաւ։
       —Բռո՞թը, հարցուց դողալով։
       Նոյն ինքն , պատասխանեց վարժապետը ծիծաղելով։ Արշամ պոլսեցի էր ու ազատամիտ, բայց պաշտօնը զինք խոհեմութեան կը պարտաւորէր։ Գաբրիելը քաղքէն չըլլալուն՝ վարժապետը կը համարձակէր իր ժպիտը բոլորովին չզսպել, ու նաեւ քանի մըն ալ խօսք ըսել։
       —Մարդուն գրքերն ալ այրել են եղեր , աւելցուց հեգնօրէն։
       —Այո՛, բռոթի գրքեր են, էրեր են։
       —Է, բռոթի գիրքը ի՛նչ է , գիտե՞ս։
       —Բռոթի գիրքը՝ բռոթի գիրք է, ինչ պիտի ըլլայ որ։ Կարդացողը դժոխք կ՚երթայ։
       Այս գեղջկական պարզամտութիւնը շատ զուարճացուց պոլսեցի միւսիւն, որ բռոթի գրքերէն այլապէս տարբեր ընթերցանութիւններով պարապած էր. առանց դէպի դժոխք ուղեւորութեան մը երկիւղին։
       —Ատ բռոթի գիրքը ըսածնին Աստուածաշունչ է , ըսաւ ընկերոջ։
       Տղուն շունչը բռնուեցաւ «Աստուածաշունչ » անունը լսելուն։ Անյոյս կորսուած սիրելիի մը հետքը կարծես մէկէնիմէկ գտած ըլլար։ Բայց միտքը կը մթագնէր, երբ վարժապետը «Աստուածաշունչ» ու «բռոթ » բառերը իրարու կը կցէր։ Հրեշտակն ու սատանան մէկ կրնա՞ն ըլլալ։
       —Բռոթները «Աստուածաշունչ » կ՚ունենա՞ն , հարցուց շուարած։
       Վարժապետը խնդաց։
       —Ինչո՞ւ չունենան։ Անոնք ալ քրիստոնեայ չե՞ն մի , ըսաւ։
       —Քրիստոնեա՞յ մի։ Վարժապետ, վրաս կը խնդա՞ս։ Պահք ու ծոմ չբռնողը ընտո՞ր քրիստոնեայ կ՚ըլլայ, ընդդիմաբանեց Գաբոն։
       Արշամ չուզեց աւելի առաջ երթալով խեղճ տղան բոլորովին գայթակղեցնել։ Գիտեր, որ գեղացի միամիտը մէկէնիմէկ իր գաղափարներէն բան չի հասկնար, առանց նախապատրաստութեան։
       Ու գուցէ դուրսը շատախօսութեամբը իր գլխուն փորձանք մըն ալ բերէր։ Խօսակցութեան նիւթը փոխել ուզեց, բայց Գաբրիելին միտքն ա՛լ խռովեալ էր։ Անշուշտ վարժապետը վրան կը խնդար «բռոթները «Աստուածաշունչ » ունին » ըսելով։ Բայց տէրտէ՞րն ինչու զինքը պատժած էր։ Այո՛, անոր ձեռքին Աստուածաշունչն էր. զայն քիչ մը կարդալուն համար էր, որ ապտակ կերած էր։ Ինչո՞ւ։ Եւ ինչո՞ւ տէր Թադէոս այդ Աստուածաշունչը երբէք իր ձեռքը տալ չէր ուզած։ Ինչո՞ւ։ Ին՞չ կար։ Խեղճ տղուն ուղեղը խժլտուքով լեցուած էր, պիտի ճայթէր։ Ա՛լ չդիմացաւ։
       —Արշամ էֆէնտի, ատ Աստուածաշունչէն հատ մը ինծի կրնա՞ս ճարել , խնդրեց։
       Վարժապետը տղուն երեսը նայեցաւ ուշադիր։ Չէ՛, անիկայ իրեն խաղ մը պիտի չխաղար։
       —Ինծի երթանք , ըսաւ։
       Անխօսուկ քալելով մինչեւ վարժապետին տունը գացին։
       Սենեակին դուռը կղպելէ յետոյ, վարժապետը սնտուկը բացաւ, ճերմակեղէնները դուրս հանեց. անոնց տակէն թուղթերն ու գրքերը։ Խորը, լաթերու մէջ պլլուած, կլորիկ գունտիկ գիրքը, որուն սեփ սեւ կողքին վրայ ոսկեշող տառերը կը փայլէին։ Գաբրիել դողդղալով ձեռք առաւ ատ գիրքը։ Բացաւ նայեցաւ։ Նոյն էր, ինչ որ տէրտէրին քով տեսած էր։
       —Թէ որ կուզես հետդ ա՛ռ տար, քեզի ըլլայ, բայց մարդ չտեսնէ, ըսաւ վարժապետը։
       Գաբրիէլ ուրախութենէն ինքն իրմէն դուրս ելաւ։ Բայց ինչո՞ւ «մարդ չտեսնէ ». Աստուածաշունչը ինչո՞ւ գաղտնի պահուի։ Ի՞նչ կար, որ վարժապետը զայն սնտուկին խորը պահուըտցուցած էր։ Ա՛լ Արշամը բացուեցաւ «քովդ խոստովանանք մնայ» ըսելով, պատմեց ինչ որ տէրտէրին տունը գլխուն եկած էր։ Վարժապետը ա՛լ չխնդաց։ Դէմը անմեղ ու լուրջ տղայ մը կար, որուն հետ հոգեբանօրէն պէտք էր վարուիլ։
       —Բարեկամս , ըսաւ , հիմակ դուն սա գիրքը կարդա՛, միտքդ թո՛ղ բացուի։ Տէրտէրը բարի տգէտ մըն է ժողովրդին պէս։ Դուն շատ բան կարդա՛, շատ մտածէ, անկէ ետքը կը խօսինք։ Նա՛, քեզի ուրիշ գրքեր ալ տամ։
       Ու սնտուկին մէջէն հանեց փոքր Հայոց պատմութիւն մը, Րոպէնսոն մը, Յուշիկները։ Գաբրիէլ ամէնքը ծրարեց, տուրիկի մը մէջ նետեց, զայն ուսէն կախեց, ու թեթեւցած ուրախ, զուարթ ճամփայ ինկաւ իր գեղը։
       Տարի մը վերջ գեղացիները իրենց Գաբօն փոխուած կը տեսնէին։ Թիւրքերուն ու քիւրտերուն հետ կռիւ ընելէ կը զգուշանար, գիւղին մէջ ամէնուն հետ անուշ վարուողութեամբ կը ջանար վէճերն ու կռիւները կարգադրել։ Ձմեռը պզտիկ տղաքը գլուխը ժողված, անոնց գրել կարդալ կը սորվցնէր։
       Արշամին քովէն մեկնած օրը շիտակ իր գեղին մօտակայ մէկ լեռը երթալով, գրքերուն տուրիկը հոն քարանձաւի մը մէջ, խոշոր քարերէ ծածկոյթի ներքեւ ապահոված էր։ Շաբաթը քանի մը անգամ այդ սարը կը վազէր, անհամբեր, սիրտը տրոփուն, իբր սիրուհիի մը հետ ժամադրավայր մը։ Բայց օդին խորհրդաւոր լռութեանը մէջ, կը կարդար ու կը կարդար։ Ընթերցումները դեռ մտքէն ներս չէին թափանցեր, բայց կը թողուին աղօտ իմն պատկերներ, որոնք նման անտեսանելի մելանով գրուած էջերու, օրին մէկը պայծառափայլ պիտի շողային ուրիշ ներգործութիւններու ազդեցութեամբ։ Ձմեռները քանի մը ամիս քաղաքը կ՚անցընէր։ Գրաբառին մարմաջէն բռնուած, Արմաշէն քերականութեան դասեր առաւ։ Վարժապետը իր գրքերը կարգաւ փոխ կուտար։ Թէեւ ճոխ գրատուն մը չունէր , երսուն քառսուն գիրք միայն, բայց անոնց մէջ՝ Եղիշէ, Լաստիվերտցի, Հայրունի։ Գրքերուն չափ նաեւ Պոլսեցի ուսուցչին խօսակցութիւնները, պարզած տեսութիւնները այդ խոպան միտքը հերկելու օժանդակեցին։ Գաբրիէլ սկսաւ կարծիքներ ունենալ, համոզումներու տէր ըլլալ, եւ իրեն սեփական գաղափարներ ստեղծել։
       Ապագայ տէրտէրը Քրիստոսը սկսաւ ճանչնալ ու սիրել։ Բայց Պօղոսն էր զինքը քաշողը։ Քրիստոս երկինքը ցաթած տրտմանոյշ լուսընկային պէս կը խանդաղատէր իր սիրտը։ Առաքեալէն յեղափոխի շունչ մը իր հոգին կը խռովէր։ Աւետարանը կը կարդար ինքնամփոփ մտքով. ետ ընթերցման թուլցած կը մնար, գրեթէ երազուն։ Գործք Առաքելոցին էջերը բացած ատենը չէր կրնար նստուկ մնալ. մերթ ապառաժի մը կրթնած, մերթ քալելով կը կարդար բարձրաձայն ներքին անբացատրելի վրդովումէ տագնապահար։
       Կամաց կամաց Աստուածաշունչն ու Հայոց Պատմութիւնը իրարմէ զանազանել սորվեցաւ։ Ըմբռնեց , թէ Հին ու Նոր կտակարանները ամէն ժողովուրդներու համար էին, Եղիշէն՝ Հայո՛ւնը միայն։ Առաջ բռոթն ու մահմետականը միեւնոյն սեւադէմները կ՚երեւէին իր աչքերուն։ Գեղացիին համար ան ա՛լ անհաւատ, ա՜ն ալ։ Հիմակ այլեւս բողոքականը չէր ատեր, բայց պիտի ատէր թիւրքը, եթէ անիկայ նոյն իսկ իր հայադաւան քրիստոնէութիւնը ընդունէր։ Ազգութեան գիտակցութիւնն էր, որ կը վերածնէր։ Ինչպէս մեռեալը պատանքը փաթթուած կը մնայ ի գերեզմանի, սպասելով փողհարութեանը, որ յարութիւն պիտի տայ իրեն եւ պիտի միացնէ հոգիին, այսպէս եւ ազգութեան գաղափարը կը ննջէր գեղացի պատանիին սրտին խորը, կրօնքին պատանքներուն մէջ պլլուած։ Հայոց պատմութիւնը եղաւ փողը Գաբրիէլեան, որ մահաքունը արթնցուց եւ հայութեան հոգիին միատարրեց։
       Իր հողը հիմակ այլեւս պարզ նիւթ մը չէր իրեն համար. անիկայ պատմութիւն մը ունէր. կեանք կը բղխէր անկէ։ Հոն Հայկն ու Վարդանը, Յուսիկն ու Ներսէսը ապրած էին. եւ ինքն այդ հողին զաւակն էր, անոնց զաւակն էր։ Լեռներն ու ձորերը լեզու ելած իրեն հետ կը խօսէին։ Երբ քարայրէն կը մեկնէր, ընթերցումներէն սարսռուն, իրեն կը թուէր, իբր թէ այն դիւցազանց ստուերները կը յածէին իր շուրջը։ Երկիւղածութեամբ կանգ կ՚առնէր, ու սրտէն Արտաշէսին եւ Տրդատին պաշտօն կը մատուցանէր։
       Անցեալին խանդավառ, սիրտը կ՚արիւնէր օրուան Հայաստանին համար։ Ու բան մը ընելու անկարողութիւնը զգալով, երբեմն փորձութիւնը կունենար անիծելու այն օրը, երբ Աստուածաշունչը ձեռքը անցած էր, եւ իրեն՝ քիչ մը ինքնազարգացման պատճառ եղած։ «Միա՛յն գիշերը ցոյց տալու համար ինչո՞ւ կոյրին աչքը բանալ » կ՚ողբար։
       Արշամը այլեւս Գաբրիէլին ազգասիրութեան խոստովանահայրն էր , վշտերուն ցաւակիցը ու նաեւ սփոփիչը։ Եռանդուն երիտասարդ մը՝ այդ վարժապետը։ Պոլսոյ թաղային դպրոցէ մը շրջանաւարտ, Թիւրքիոյ մայրաքաղաքէն մեկնած էր Ներսէս Պատրիարքին իշխանութեանը է՛ն յուսատու օրերը, այն օրերը՝ երբ հայ ժողովուրդը ամէն գիշեր կը պառկէր անուշ երազովը թէ առտուն ինքնավար Հայաստանի մը մէջ պիտի արթննար։ Հետը կը կրէր իր հաւատքը, զոր կը ջանար տէրտէրցուին ալ փոխանցել։
       —Վեց պետութիւնները ինչե՜ր պիտի ընեն, սպասէ, սպասէ , կ՚ըսէր բորբոքած։
       —Թէ որ ընելու չըլլա՞ն նէ , կը հարցնէր գեղացին , որ թէեւ քիչ շատ ուսում ստացած, բայց միշտ կմնար գեղացի— կասկածոտ դժուարահաւան։
       —Հէչ անանկ բան կ՚ըլլա՞յ , կ՚առարկէր վարժապետը, պոլսեցիի մը դիւրահաւան հոսոսութեամբը։
       Երկու տարի եւս անցաւ ու Հայաստանի վիճակը ո՛ եւ է նոր փոփոխութիւն չկրեց։ Վարժապետը քիչ մը թուլնալ սկսած էր, երբ Րաֆֆիին «Խենթը » ձեռքը անցաւ։ Ինքը կարդալէն յետոյ գիրքը Գաբրիէլին ալ տուաւ։ Անիկայ տասնհինգ օր վերջը քաղաք կը վերադառնար, «փրկութեան ճամփան հիմա՛կ գտանք » ըսելով։ Վարժապետին հետ խորհրդակցեցան։ Րաֆֆիին գրքերը պէտք էր բերել տալ եւ ժողովրդին մէջ տարածել։
       Ժողովուրդը պէտք է կռուի պատրաստենք , կ՚ըսէր տէրտէրացուն։ Մենք մահմետականներուն կռնակէն հայհոյելով չէ որ պիտի փրկուինք։ Գայլը պառաւին թոռը տարեր է, ան ալ մխիթարուէր է, որ գայլին ետեւէն հինգ մատովը մուր է տուեր։ Գայլին բերնէն հայրենիքնիս պիտի ազատենք կրակին լուսէն անիկայ ահաբեկելով։
       Անկէ ետքը սկսան խորհուրդներ յղանալ, ծրագիրներ պատրաստել։
       Մինչ այս, մինչ այն, Գաբրիէլ քսանը կ՚անցնէր. տէրտէրին աղջիկն ալ տասնհինգը մտած էր։ Ամուսնացումը որոշուեցաւ ու կատարուեցաւ։ Քանի մը ամիս ետքը Գաբրիէլին հայրը կը մեռնէր, երկու երեք տարի ետքն ալ տէր Թադէոսը։ Տիրացու Գաբրիէլը՝ մանչ զաւկի մըն ալ հայր՝ աներոջը յաջորդեց։
       Հայոց հայրապետներէն Յուսիկը իր սրտին տիրած էր։ Անոր մէջ կը տեսնէր իր նիւթական ուժին վրայ գաղափարին յաղթանակը։ Ծերուկ եպիսկոպոս մը, ըստ իր երեւակայածին միսմենակ, առանց զէնքի դիմադրած է կայսրերու եւ թագաւորներու։ Տիրացուին համար Պոլսոյ սուլթանը Դիոկղետիանոսին կը նմանէր, ու ամէն եկեղեցական ալ Յուսիկ մը կրնար հանդիսանալ։ Այդ սէրէն ու գաղափարէն մղուած, Յուսիկ անունով քահանայանալ փափագեցաւ։
       ***
       Նորընծային քարոզներուն համբաւը տարածուեցաւ շրջանակները։ Աղէկ եղանակին թէ՛ մօտիկ գեղերէն, թէ՛ քաղաքէն ժողովուրդը տէր Յուսիկը լսելու կուգար։ Բազմութիւնը կը հաւաքուէր գերեզմանատունը երկիւղած լռութեամբ մտիկ ընելով իր սրտին խօսող պարզուկ լեզուն։ Արշամ միշտ ունկնդիրներուն մէջ էր, կը սիրէր ու կը յարգէր տէր Յուսիկը, որուն ինքզինքը հոգեւոր ու մտաւոր ծնողքը համարելու իրաւունքը ունէր։ Մտերիմներ էին։ Օր մը վարժապետը տէրտիրոջ դիտողութիւն ըրաւ, թէ քարոզներուն Աւետարանին բնաբան չէր դներ։ Միշտ Հին Կտակարանը, Գործ Առաքելոցը կամ ազգային սուրբերը կը ներշնչէին զինքը։
       —Հին Կտակարանն ալ Սուրբ գիրք չէ՞ , հարցուց տէրտէրը ժպտելով։
       —Անանկ է, Սուրբ գիրք է, բայց Աւետարան ալ շատ անուշ է , պատասխանեց վարժապետը։
       Տէր Յուսիկ քանի մը րոպէ վարանումէ յետոյ , ըսաւ.
       —Չե՞ս վախնար որ շատ անուշութիւնը մեր ժողովուրդը մեղկացնէ։
       Դիտողութիւնը նոր էր։ Արշամ սկսաւ մտածել։
       —Կը տեսնես, եղբայրս , շարունակեց տէրտէրը , որ մեր արօրները վարողները եզներ են։ Մեզի կեանք տուող ցորենին ան պտըտիկ հատիկները ունենալու համար խոշոր խոշոր, ուժով եզներ պէտք են։ Գառնուկով արտ կրնա՞նք հերկել։
       —Անշուշտ ոչ։
       —Մեր ազգին բարոյական կեանքն ալ ատ դաշտերուն կը նմանի. մանաւանդ որ խոպանացեալ անմշակ է. ու հիմակ տրամ հող դարձած է։
       —Գառնուկին քաշած արօրովը չենք կրնար հոն ակօս բանալ եւ սերմնացանք ընել։
       Արշամ ձախ ձեռքին մատներովը իր պզտիկ մօրուքը սկսաւ արագ—արագ քաշկռտել։ Տէրտէրը վերջն ո՞ւր պիտի բերէր։ Սա կոշտ գեղացիին մէջ նոր մարդ մը երեւան կուգար, իր մտքէն չանցած։
       Տէր Յուսիկ յանձնապաստան մը չըլլալուն, մեծ գոհունակութիւն պիտի զգար, եթէ մտածութիւններուն վաւերացումը իր վարժապետէն լսէր։ Միտքը ամփոփելով, դաւանանքը կարճառօտ բանաձեւեց։
       —Քրիստոսը , ըսաւ , իբր գառն Աստծոյ կը ներկայացնեն։ Գառնուկը կը սիրենք, կը փայփայենք, բայց առանց իրեն ալ կրնար կրնանք ապրիլ։ Իսկ կեանքերնիս եզէն է, վասնզի ուժովն ա՛ն է։
       Ու երկինք նայելով , յարեց։
       —Ուժովը մէկալն է։
       Արշամ ալ ինքնաշարժմամբ վեր նայեցաւ, իբր թէ ինքն ալ բան մը տեսնել հաւտար. ու բան մը չգտնելով, հարցուց.
       —Մէկա՞լը ո՞վ է։
       —Եհովան , եղաւ պատասխանը։
       Տէրտէրը իր գաղափարը պարզեց։
       —Ես շատ մտածելով՝ համոզուէր եմ, որ , ըսաւ , մեր ազգին համար Տէր Եհովայէն հովանաւորութիւնը պէտք է։ Եգիպտացիներուն ձեռքէն իր ժողովուրդը փրկողն ա՛ն եղաւ։ Մենք ալ փարաւոն ունինք մեր գլխուն վրայ, մենք ալ անհաւատներուն գերին ենք։ Եհովային խրատներուն մտիկ ընելով պիտի ազատինք։
       Արշամին երեսը կ՚այլակերպէր, աչքերուն մէջ փայլ մը կը շողար, որմէն տէրտէրը ազդուեցաւ. ու քաջալերուած՝ իր տեսութիւնները աւելի պարզեց։ Տէր Եհովան իր ժողովուրդը տանջողին գլխուն ամէն փորձանք կը բերէր։ Եգիպտացիներուն զաւակներն ալ սպաննել տուաւ, անոնց ոսկեղէններն ու արծաթեղէններն ալ իսրայելացիներուն հալալ ընել տուաւ։
       Այս յիշատակներէն բորբոքուած, տէրտէրը զայրոյթի թեթեւ շեշտով մը աղաղակեց։
       —Հիմակ, օրհնած, դու՛ն ըսէ, ես ժողովրդիս ինտո՞ր խրատ տամ, որ բաճկոնակդ առնողին, հանէ շապիկդ ալ տուր։ Ատ նզովեալ անհաւատները շապիկնիս իրենք ձեռքովնին կը քաշեն կը հանեն, մեր հանել տալուն չեն սպասեր։ Ելլեմ ժողովրդին՝ «մո՛րթդ ալ տո՛ւր » պատուիրե՞մ։ Արդեն ա՛ն ալ կ՚առնեն։ Շիտակը, Աստուած թող մեղք չհամարի, իմ բերանս առաջ չ՚երթար ժամ եկողին խրատ տալ, որ մէկ երեսիդ զարնողին, միւսդ ալ դարձուր։ Ատ շուները մեր քէֆին չեն սպասեր, որ աջ կամ ձախ երեսնուս զարնեն։ Աջի՛ն ալ կը զարնեն, ձախի՛ն ալ կը զարնեն, քթերնու՛ս ալ կը զարնեն, կռնակնու՛ս ալ կը զարնեն, սրտներու՛ս ալ կը զարնեն։ Կը զարնե՛ն, կը զարնե՛ն, կը զարնե՛ն։ Ալ տեղ մնա՞ց, որ դարձնենք, եղբայր, դու՛ն ըսէ։
       Պոլսեցի վարժապետը զգածեալ լուռ կը մնար։ Աշակերտը հիմակ ինքն էր։ Տէրտէրը մահմետականին ձեռքէն ոսկրոտի դարձած հայ գեղացին կը խորհրդանշէր։
       —Ակն ընդ ակա՛ն, ատամն ընդ ատաման, ա՛ս է տէր Եհովային կամքը. եւ ես ալ ժողովրդիս ասանկ կը պատուիրեմ։ Ի՞նչ կ՚ըսես, գէշ կ՚ընեմ նէ՝ շիտակը զրուցէ, հարցուց քահանան։
       Վարժապետը՝ յուզուած, երկու ձեռքովը տէրտիրոջ աջը քաշեց համբուրեց։
       ***
       Աշնան երկուշաբթի առտու մը Արշամ յանկարծ գեղը եկաւ։ Առջի օրը քարոզ լսելու համար հոն գտնուած ըլլալուն, տէրտէրը զարմացաւ այս յանկարծական վերադարձին։
       —Խէր ըլլայ, հարցուց։
       —Սարը երթանք , պատասխանեց վարժապետը խորհրդաւոր։
       Մէկտեղ ճամբայ ինկան։
       Ա՛լ շատոնց ի վեր էր, որ տէրտէրը իր գրատունը թաքստոցի մէջ ծածկելու պէտք չունէր. մանաւանդ որ գրաբար Աստուածաշունչ մըն ալ աշխարհաբարը փոխանակած էր։ Բայց սարը խորհրդաւոր Քորեբն էր, ուր պատանի Գաբրիէլը երազած, խորհած, ու մարդ եւ հայ եղած էր։ Հոն կ՚երթար, մենակ կամ իրեններովը, ամէն ատեն, որ Եհովայէն ներշնչուելու պէտքը կը զգացուէր։ Ատ օրն ալ գացին սարի կատարը հանգչեցան, աշնանային հեշտ արեւով արբշիռ։
       —Երեսէդ կը տեսնուի, որ հրճուանքի մէջ ես։ Ուրախ լուրեր ունենալու ես , հարցուց տէրտէրը։
       Վարժապետը ծոցէն ծրար մը հանեց, թուղթի մը մէջ փաթթուած, ու խնդալով երկնցուց տէրտէրին , որ
       —Ի՞նչ է , հարցուց։
       —Բա՛ց, տե՛ս , ըսաւ։
       Բացաւ։ Լրագիրներ էին, մէջէն ծալլուած։ Պոլսոյ թերթերը կճանչնար. ասո՛նց ձեւն ու տառերը իրեն անծանօթ էին։
       —Դարձո՛ւր, մէջը դարձո՛ւր , ըսաւ վարժապետը անհամբեր։
       Դարձուց կարդաց, ու զարմանքով դիմացինին երեսը նայեցաւ։
       —Պոլիս ասանկ բանե՞ր կը հրատարակուին , հարցուց ապշած։
       —Պոլիս չեն հրատարակուիր. Եւրոպայ։ Ուշադիր նայէ։
       «Արմէնիա»ին առաջին թիւերն էին։
       Տէրտէրը սկսաւ բարձրաձայն կարդալ, արագ—արագ, լափելով։ Ու վարժապետը, որ զանոնք քանի մը անգամ կարդացած էր, հիմակ նորէն յափշտակուած մտիկ կ՚ընէր բարձրաձայն ընթերցումը։ «Պատերազմի շեփո՜ր. մարտորոտ գոռո՜ւմ » գոչելով ընթերցումը յաճախ կ՚ընդհատէր։
       Տէր Յուսիկ թէեւ ինքզինքը կը զսպէր, բայց վարժապետէն ոչ նուազ յափշտակուած կ՚երեւնար։ Այդ րոպէին իր աչքերուն առջեւէն կ՚անցնէին ուրուականներն հայ հերոսներու, Եղիշէէն մինչեւ Րաֆֆի։
       —Ուրեմն, ա՛լ գործի ժամը հնչած է , հարցուց։
       —Հնչած է, հնչած է , պոռաց վարժապետը , խանդավառ հոսհոսութեամբ։ Ու «Արմէնիա » մը առնելով համբուրեց զայն, տէրտէրին ալ համբուրել տուաւ։ Եւ օդին մէջ բարձրացնելով.
       —Ահա՛ դրօշնիս , գոչեց։
       —Ու զինուո՞րը, ու զէ՞նքը, ո՞ւր են , հարցուց տէրտէրը զգացեալ ձայնով։
       Վարժապետը պաղած մնաց։
       Տէր Յուսիկ ժայռի մը կռթնած կեցաւ։ Համրիչը հանեց, կը քաշէր ու կը մտածէր, մերթ երկինքը, մերթ շուրջը դիտելով։ Արշամ ճակատը շփշփելով կ՚երթար կուգար։ Քառորդ ժամու մը մտածկոտ լռութենէ յետոյ.
       —Բարեկա՛մս , ըսաւ տէրտէրը մեղմաձայն , ժողովուրդը պատրաստենք։ Դրօշին տակ՝ բանակ, շեփորի գոռումին՝ զէնք պէտք է։
       Ու պարզեց երկար ատենէ ի վեր յղացած խորհուրդները. «ապաշխարանքի գանձանակի մը», «ապաշխարանքի աղօթքներու » հաստատման ծրագիրները վարժապետին հաւանութեանը ենթարկեց։ Երիտասարդին պատասխանը՝ տէրտիրոջ ճակտին տաք համբոյր մը եղաւ։ Քանի մը շաբաթ ետքը Արշամ իր ամբողջ մէկ ամսականը ու տէր Յուսիկ հունձքին վրայէն ինչ որ կը մնար «Արմէնիայի » կը հասցնէին խանդավառ նամակով մը։
       Տարի մը յետոյ, երբ ապաշխարանքի գանձանակին արդիւնքովը առաջին հրացանը գնուեցաւ, տէրտէրը այս անգամ վարժապետը սարը հրաւիրեց, թերթերն ալ մէկտեղ բերել խնդրելով։
       —Դրօշդ պարզէ՛ նայիմ , ըսաւ։
       «Արմէնիան» օդին մէջ սաւառնեցաւ գաւազանի մը ծայրէն։ Տէրտէրը հրացանը վեր առաւ ու
       —Այս լեռները , աղաղակեց , շա՛տ լսեցին հայ մայրերու լացերը…
       Արշամ մէկէնիմէկ տրտմաթախիծ ձայնով սկսաւ գեղգեղել.
       Դու զո՛վ խնդրես, մայր իմ անուշ
       Ու տէրտէրը՝
       Ե՛կ, մի՛ դողար, մօտեցիր հոս
       շարունակեց։ Եւ ա՛յսպէս լալագին մէյմէկ տող փոխասեցին։ Եւ յանկարծ երկուքը միասին որոտացին.
       Թրքաց մայրեր թող լան ու դուն
       * ։
       Եւ առաջին գնդակը սուրաց։
       —Թո՛ղ գնդակը ասկէ ետքը թրքաց մայրերը լացընէ։
       Վարժապետը հրացանը առաւ եւ երկրորդ գնդակն ինքը թռցուց։
       Տէրտէրը՝ հրացանը ուսը, վարժապետը՝ «Արմէնիա»ն ձեռքը մտքին ու բազուկին միութեան խորհրդանշանը սարէն վար կ՚իջնէին հոգւով ջլապինդ, մարմնով ջլապինդ։ Ճամբան տէր Յուսիկ յիշեցուց այն օրը ուր գող կատուի մը պէս վախկոտ այդ միեւնոյն սարն էր ելած, հոն իր գրքերը թագցնելու համար։ Եւ հիմա՞կ։
       —Ա՜խ, ես քեզի մատաղ սո՜ւրբ Մեսրոպս , կ՚ըսէր , եթէ աս գրերը դուն մեզի պարգեւած չըլլայիր, մենք ի՞նչ պիտի ըլլայինք։
       Կը հաւատար գրքին հրաշագործութեանը։ Անիկայ իր զօրութիւնը ցոյց տուած էր։ Պահ մը առաջ ո՞վ էր գնդակն արձակողը։ Գիրքն էր, որ հրացանը իր ձեռքն էր դրած։ Գեղին դպրոցէն՝ զօրանոցը։
       Տէր Յուսիկ, որ դեռ տիրացու եղած ատենը արդէն տղաքը գլուխը ժողված, անոնց կարդալ կը սորվցնէր, հիմակ ուզեց դպրոց ալ հիմնել։ Շնորհիւ մինչեւ այն ատեն տուած դասերուն, գեղին մէջ պատրաստուած էր նախնական կրթութիւն ստացած նոր սերունդ մը։ Դպրոցի շինութեան համար իր յոյսը նախեւառաջ աշակերտներուն վրայ դրաւ։ Նաեւ կը զգար, թէ իր վայելած վարկը ամէն դժուարութիւն պիտի հարթէր։ Օր մը ժողովուրդը հաւաքեց, յորդորներ կարդաց, որպէսզի ամէնուն աշխատութեամբը դպրոցը ձրիաբար շինուի։ Ամէնքն ալ ոգեւորուեցան։ Տէրտէրը նոյն րոպէին իսկ գործի ձեռք զարկաւ։ Բազմութիւնը ետին ձգած լեռը ելաւ։ Առաջին մեծ քարը, որուն հանդիպեցաւ , ուսը նետեց։
       —Ձեզ տեսնեմ , ըսաւ ժողովրդին , Տրդատ թագաւորնիս ալ մեր սուրբ Էջմիածնի հիմնարկութեան քարերը ուսը շալկած տարաւ։ Սուրբ թագաւորին ըրածը մե՞նք ինչու չընենք։
       Գեղը քանի մը ամիս իրարանցումի մէջ էր։ Վարպետ մը ու քանի մը բանուոր, որոնք Պոլիս շէնքերու շինութեան աշխատած էին, քաղքէն եկան ու հոգիներնուն համար գործին գլուխը անցան։ Երկու երեք ամսուան մէջ երկու փոքր, բայց գեղեցիկ տեսքով դպրոց բարձրացան։ Մեկը՝ սուրբ Մեսրոպի, միւսը՝ սրբուհի Հռիփսիմէի անուններուն նուիրուած։ Տէրտէրը ինքը կը դասախօսէր , նախկին աշակերտներուն աջակցութեամբը։ Երէցկինն ալ, ամուսինէն բաւական բան սորված ըլլալով, աղջիկներուն դպրոցը կը հոգար։
       1889 թուականը հասաւ։ Տոմուզ գիւղը կրնար բարեբաստիկ համարուիլ։ Նախակրթութիւնը տարածուած, հանրային առողջութիւնը զգալապէս լաւացած, կառավարական հարստահարութիւնները չափաւորուած, ժողովուրդը զինուած, ահա ինչ որ հողին զաւակը ըրած էր։ Հին գեղացիներէն մէկը՝ բարի մարդ մը՝ օր մը ըսաւ.
       —Կ՚ըսեն, թէ բոյն շինող թռչունն ալ կինն է, բոյն աւրողն ալ, բայց մեր գեղին բոյնը շինողը մեր տէրտէրն է։ Աստուած չընէ , եթէ վախճանի, ան ատեն բունաւէր պիտի մնանք։