Գ
Մուսա
Պէյին
դատաստանը
ամբողջ
Հայաստանի
հետ
ցնցեց
տէր
Յուսիկի
գեղն
ալ։
Արշամ
կը
կարծէր
որ
Թիւրքիոյ
կառավարութիւնը
այս
առիթէն
օգուտ
կը
քաղէր
իր
վարկը
աշխարհի
առջեւ
բարձրացնելու
համար։
Քիւրտը
օրինաւորապէս
պիտի
պատժուէր,
եւ
Թիւրքիա
քաղաքակրթութեան
ճամփուն
մէջ
մտնելով՝
բարեկարգութեանց
թուականը
պիտի
ողջունէր։
Տէրտէրը
վարժապետին
կատարելապէս
համամիտ
չէր.
խելքը
տեղ
չէր
ըներ,
որ
մահմէտական
կառավարութիւնը
ինչպէս
կրնար
մահմէտական
մը
պատժել,
անիկայ
քրիստոնեայ
մը
սպաննած
ըլլալուն
համար։
«Աշխրքին
վերջը
եկած
ըլլալու
է
»,
—
կ՚ըսէր։
Բայց
միւս
կողմէն
ալ
չէր
կարող
ըմբռնել,
թէ
թիւրք
կառավարութիւնը
կրնար
համարձակիլ
Եւրոպայի
վրայ
խնդալ
հրապարակային
դատաստանի
մը
մէջ
անպարտ
արձակելով
մեծ
ոճրագործ
մը։
Անշուշտ
Պատրիարքարանը
Մուսային
յանցապարտութեան
ապացոյցները
ունենալով
էր,
որ
հրապարակային
դատաստանի
պահանջումը
ըրած
էր։
«Դանակ
զարնես
սրտին
արիւնը
չ՚ելլեր
»
վիճակին
մէջ
ինկաւ
այն
իրիկունը,
որ
Արշամը
Պոլսոյ
վերջին
թերթերը
իրեն
բերելով,
Մուսա
Պէյին
անպարտ
արձակումը
հաղորդեց։
—Ասոր
տաճիկները
աչըգ
ֆէրման
կ՚ըսեն ,
—
մրմռաց
տէրտէրը,
որուն
երեսը
սեւ
ու
կանանչ
դարձեր
էր։
—Բաց
ֆէրմա՜ն,
բաց
ֆէրմա՜ն,
—
պոռաց
ակռաները
սղմելով։
Սուլթանը
աշխարքի
առջեւ
տաճիկներուն
ու
քիւրտերուն
արտօնութիւն
կուտայ,
որ
քրիստոնեաները
ուզածնուն
պէս
ջարդէն,
կոտրեն,
թալլեն։
Հոտը
պիտի
ելլէ ,
կը
տեսնես։
Արշամ,
որ
դեփ
դեղին
կտրած
էր,
բան
մը
չկրցաւ
պատասխանել։
Քանի
մը
ամիս
ետքը,
1891
յունիսին,
Էրզրում
1895—ի
կոտորածներուն
նախատօնակը
կը
կատարուէր։
—Սկսաւ,
պարոն
Արշամ,
սկսաւ ,
—
աղաղակեց
տէրտէրը։
Վարժապետը
գլուխը
երկու
ձեռքերուն
մէջ
առած,
նստած
կը
մըտմըտար։
—Սիրելիս,
մտմտալով
հիւանդ
չենք
կրնար
աղէկցնել ,
—
ըսաւ
տէրտէրը։
—Ի՜նչ
ընենք,
ի՜նչ
ընենք ,
—
կը
հեծէր
վարժապետը։
«Յաստուծոյ
ոչ
երկնչիմ
եւ
ի
մարդկանէ
ոչ
ամաչեմ»ը
ասոնց
համար
ըսուած
է,
յայտարարեց
տէրտէրը։
Աստուծմէ
չեն
վախնար,
ան
գիտենք.
անհաւատ
են,
բայց
Եւրոպայէ՛ն
ալ
չեն
ամչնար
եղեր։
Կը
տեսնե՞ս,
պարոն
Արշամ,
ո՞ւր
մնաց
ան
քու
Պերլինի
դաշնագիրդ,
ո՞ւր
է
61—րդ
յօդուածդ,
ո՞ւր
է
պետութիւններուդ
միջամտութիւնը։
Ո՞ւր
է,
ո՞ւր
է։
—Ի՞նչ
ընենք,
տէրտէր,
ի՞նչ
ընենք։
—Առսըզնանք։
Դատաւորը
աներես
կնոջ
ձեռքէն
օձիքը
թոթուեց,
«ամա՜ն
»
ըսաւ
ու
անոր
ուզածը
ըրաւ։
Պարոն
Արշամ,
դուն
մէյ
մը
Պոլիս
երթալու
ես։
Գնա՛
նայէ
կարասին
մէջ
բան
մը
կա՞յ։
Հինգ
տարուան
մէջ
արտասահմանէն
նորանոր
թերթեր
եկած
էին։
Գիւղացի
տէրտէրը,
երբ
թերթի
մը
մէջ
կարդաց
ո՛չ
միայն
Թիւրքիան,
այլեւ
ուրիշ
պետութիւններ
ալ
Հայոց
ձեռքով
կործանելու
ծրագիրը,
վարժապետին
խոստովանեցաւ,
որ
մտմտուքը
զինքը
առնել
կը
սկսի։
—Պարոն
Արշամ ,
—
ըսաւ,
—
շատ
կը
վախնամ,
որ
գուցէ
այս
ամէնուն
վրան
կայ՝
տակը
չկայ։
Խե՞նդ
են,
ի՞նչ
են
ասոնք։
Մեծ
քար
վերցնողը
չի
կրնար
նետել։
Աս
մեր
աղբրտանքը
շա՛տ
շա՛տ
կը
պոռան
եւ
ուժո՛վ
ուժո՛վ,
վախնամ
թէ
«դատարկ
կարասը
զօրաւոր
ձայն
կը
հանէ»
ըսուածը
ըլլայ։
Վարժապետը
աշխատած
էր
տէրտիրոջ
վախը
փարատել
քաղաքագիտական
տեսութիւններով։
Կասկածոտ
քահանան
ալ
հիմակ
կուզէր,
որ
Արշամը
անձամբ
Պոլիս
երթալով
իրական
կացութեան
վրայ
ճշգրիտ
գաղափար
կազմէր։
Արձակուրդի
ատենն
էր.
վարժապետը
անմիջապէս
ճամբայ
ելաւ։
Պոլիս
հասած
չհասած՝
հոնկէ
կրակոտ
նամակ
մը
հասցուց
Տոմուզ
գեղ։
Ընկերութիւններ
կազմուած
էին,
Կովկասէն
կտրիճ
երիտասարդներ
եկած,
Ռուսիոյ
հայերը
ոտքի
վրայ
Տաճկաստանի
հայոց
համար,
Եւրոպայի
հայերը
կը
գործէին։
Եւ
վարժապետը
տէրտէրը
կը
ստիպէր
անմիջապէս
Պոլիս
գալ։
«Բանե՜ր
պիտի
ըլլային,
բանե՜ր»։
Տէր
Յուսիկ
ինքն
ալ
արդէն
այս
տեսակ
լուրեր
ունէր
Պոլիս
գտնուող
իր
աշակերտներէն։
Անոնք
հոն
«ընկերութիւն»
կազմած
էին.
եւ
ինքը
Արշամն
անոնց
յանձնարարած
էր։
Վարժապետին
նամակէն
մակաբերեց,
թէ
ամէնքը
մէկ
տեղ
կը
գործէին։
Պոլիս
երթալու
հարկը
ստիպողական
երեւցաւ։
«Ժամուն
պարտքը
վճարելու
հանգանակութեան
մը»
համար
առաջնորդարանէն
յանձնարարագիր
առնելով
անմիջապէս
մեկնեցաւ։
Սեւ
ծովուն
վրայ
հիւսիսային
քամին
այդ
շաբաթ
օրը
ահեղօրէն
կը
փչէր։
Շոգենաւը
չկրցաւ
կէսօրին
նեղուց
հասնիլ
իրիկուն
արեւը
մտած
պահուն—
ըստ
թրքաց՝
12ին
Վոսփոր
մտաւ։
Տէր
Յուսիկ
գիշերը
շոգենաւն
անցուց։
Առտուն
նաւակ
մը
նստելով
մաքսատուն
ելաւ։
Մեկ
երկու
բեռնակիր
եկան
ձեռքը
պագեն։
Խնդրեց
Պատրիարքարանին
ճամբան
իրեն
ցոյց
տալ։
Նախ
ազգին
պաշտօնատունը
պիտի
ներկայանար։
—Նա՛,
կ՚երթան,
անոնց
հետ
գնա՛,
—
ըսաւ
բռնակիր
մը։
Հայաստանցի
բեռնակիրներ
խումբ—խումբ
եղած
Մայր
եկեղեցին
կ՚երթային։
Տէրտէրը
մահիճն
ու
ղուրճը
մաքսատան
հայերուն
քով
թողուց
ու
գացողներուն
ընկերացաւ.
չորս
կողմը
դիտելով
կը
քալէր
ապշած։
Կը
սուրային
բաց
կառքեր,
որոնց
մէջ
բազմեր
էին
ոսկեճամուկ
զգեստով
թիւրքեր։
Ազգային
նախանձը
սրտէն
«ա՜խ»
մը
խլեց։
Իր
հետաքրքիր
հարցումներուն
պատասխանեցին,
թէ
Պոլիս
ամէն
ատեն
այսպէս
իրարանցումի
մէջ
չէր,
եւ
ոչ
ալ
տաճիկները
միշտ
այսպէս
փառահեղ։
Այդ
օրը
ղուրպան
պայրամ
ըլլալուն,
մայրաքաղաքը
բացառիկ
հանդիսաւորութեամբ
կը
հրճուէր։
—Նա՛,
Մայր
եկեղեցին
ու
Պատրիարքարանը,
—
ըսին
բեռնակիրները,
երբ
նեղ
փողոցի
մը
բերանը
հասան։
Փողոցն
ու
շրջակաները
լեցուն
էին
հայերով։
Ժամ
ու
Պատրիարքարան
մտնող
մտնողի,
ելլող
ելլողի։
Հայաստանցի
տէրտէրը
հիացած
կը
մնար։
Խորունկ
ուրախութիւն
զգաց։
Եթէ
տաճիկները
փառահեղ
կը
թուէին,
հայերն
ալ
կեանք
մը
կը
ներկայացնէին։
Քիչ
մը
առաջուան
կսկիծը
փարատեցաւ։
—
Օ՜խ,
օ՜խ,
աս
ի՛նչ
աղուոր
բան
է,
—
կ՚ըսէր
ինքնիրենը։
Չորս
կողմը
կը
նայէր՝
Արշամը
կամ
ուրիշ
ծանօթ
մը
տեսնելու։
Ոչ
ոք։
Խուռներամ
ժողովուրդն,
որ
տաճարը
կը
մտնէր,
զինքն
ալ
քշեց
ներս
տարաւ։
Խորանին
վարագոյրը
փակ
էր.
սեղանին
վրայ
շատ
մը
աշխարհականներ
կային։
Տէրտէրը
բան
մը
չէր
հասկնար։
Միթէ
Պոլսոյ
եկեղեցիներուն
կարգն
ու
կանոնները
ասո՞նք
էին։
Մէկէնիմէկ
քար
կտրած
մնաց։
Սեղանին
վրայ
գտնուողներէն
մէկն
ալ
Արշամն
էր։
Վարժապետը
ֆէսը
հանեց
նետեց,
ու
բազուկները
խաչաձեւ,
սկսաւ
խօսիլ։
Տէրտէրը
որոշակի
չէր
կրնար
լսել
անոր
բոլոր
ասածները,
բայց
ի
միջի
այլոց
իմացաւ.
—
Այսօր՝
Էրզրում,
վաղը՝
Մուշ,
յաջորդ
օրը՝
Վան,
ու
ամբողջ
Հայաստան։
Պիտի
ջարդե՜ն,
եղբա՛րք,
պիտի
ջարդե՜ն։
Հիմի՞
էլ
լռենք։
«Հիմի՞
էլ
լռենք»ը
ժայթքեցաւ
ժողովուրդին
բերնէն,
միաձոյլ
զանգուածի
մը
նման,
մէկ
թափով,
ինչպէս
թնդանօթի
կոկորդէն
արձակուած
ռումբը։
Ու
բոմբիւնը
բոմբիւնին
ետեւէն։
Տաճարէն
բակը,
բակէն
տաճարը
կը
պայթէին
շրջահարները.
ու
«օ՜ն
ի
Եըլտզ»
գոռումը
կը
թնդացնէր
եկեղեցին
ու
շրջափակը։
Դասէն
մեծափառ
մօրուքով
եկեղեցական
մը
դողդողալով
առաջ
կուգար
խումբ
մը
երիտասարդներէ
պաշարուած։
Ժողովուրդը
ճամբայ
կը
բանար։
—Աս
ո՞վ
է,
—
հարցուց
տէր
Յուսիկ
քովինին։
—Պատրիարքն
է,
Պատրիարքն
է,
—
պատասխանեց
մարդը։
Ու
տէրտէրը
մէյմըն
ալ
ի՞նչ
տեսնէ։
Արշամը
Պատրիարքին
ետեւէն
ընկերներով,
որոնցմէ
երկուքն
իր
աշկերտները։
Ձեռքերնին
մէյմէկ
շրջահար։
Մէկէնիմէկ
իրարու
զարնուեցան
վարժապետին,
տէրտէրին,
աշակերտներուն
նայուածքները։
Աչքերնուն
մէջ
սէգ
հրճուանքը
փայլեցաւ։
Տէր
Յուսիկ
ինքն
ալ
դուրս
մղուեցաւ
ու
իրեններուն
ետեւէն
Պատրիարքարան
ելաւ։
Մտաւ
մեծ
սրահը,
աչքերը
չորս
կողմը
ժուռ
կ՚ածէր.
տաճկական
բան
մը
տեսաւ։
—Աս
ի՞նչ
է,
—
հարցուց
մօտը
եղողներուն։
—
Սուլթանին
խրկած
թուրան
է,
—
ըսին։
Տէրտիրոջ
երեսը
փայլեցաւ։
Իր
հին
հառաչանքը
կրկնեց.
ընտո՜ր
Յուսիկ
հայրապետ
մը
չէր
գտնուած,
որ
զայն
կտոր—կտոր
ընէր։
Քիչ
մնաց
պիտի
ցատկէր,
զայն
պատառ
պատառ
պիտի
բզկտէր։
Հայաստանցի
տառապեալին
արիւնը
կը
բորբոքէր
ի
տես—
Հայութեան
տանը
մէջ—
նշանի
մը,
որ
դարերէ
ի
վեր
հայ
ցեղին
մարտիրոսութեան
արիւնըռուշտ
վկան
եղած
էր։
Այս
խոհերուն
մէջ
խորասուզեալ,
քանի
մը
վայրկեան
չկրցաւ
դիտել,
թէ
չորս
դին
ինչ
կը
դառնար։
Յանկարծ
սթափեցաւ.
—Թուրա՜ն,
թուրա՜ն ,
—
կը
գոռար
ժողովուրդը,
թուրան
պատռտեցին։
Տէր
Յուսիկ
աչքերը
պատը
տարաւ.
թուրան
իր
տեղը
չէր։
Հայ
ժողովրդին
ոտքերուն
տակ
ճղակոտոր
կը
տապլտկէր
մահմետականութեան
խրոխտ
խորհրդանիշը։
—Ա՜խ,
Յուսի՜կ
հայրապետս,
հոգո՜ւտ
մատաղ,
—
աղաղակեց
տէր
Յուսիկ,
ինքնիրմէն
ելած։
Ա՛լ
կրնար
մեռնիլ։
Փրկութեան
օրը
իր
աչքերն
ալ
տեսած
էին։
Անկէ
ետքը
ինչ
եղաւը
չգիտցաւ։
Արդեն
երկու
ժամէ
ի
վեր
չէր
գիտեր՝
թէ
ուր
էր,
ինչ
կ՚ընէր,
ի՛նչ
կ՚ըլլար։
Ինքզինքը
դուրսը՝
փողոցը
գտաւ։
Ամէնքը
աներեւութացեր
էին.
Պատրիարք,
Արշամ,
աշակերտ,
ո՛չ
ոք
կ՚երեւնար։
Մոլեգնոտ,
խռովախուժ
բազմամբոխի
մը
մէջ
կորսուած
էր։
Թիւրք
զօրքերը
վազնիվազ
կուգային։
Երկու
հայ,
գլուխնին
սուիններով
ջախջախուած,
աչքերուն
առջեւ
ինկան։
Ոստիկանները
չորս
կողմէն
հայերը
կը
բռնէին
եւ
կը
կապկպէին։
Մէկէնիմէկ
իր
թեւերէն
ալ
քաշեցին,
կռնակին
քանի
մը
բռունցք
իջեցուցին,
ու
առանց
բերանը
բանալու
ատեն
ձգելու՝
առին
տարան։
Մութ
խուցի
մէջ
նետուեցաւ,
ո՞ւր
էր,
ի՞նչ
եղաւ,
ի՞նչ
պիտի
ըլլար։
Իրիկունը
դուռը
բացուեցաւ,
հաց
մը
եւ
ջուր
տուին
իրեն։
Անանկ
մնաց։
Դուռը
ոստիկան
մը
կայնած,
ի
հարկին
զինքը
դուրս
կը
հանէր
ու
ներս
կը
մտցնէր։
Բերանը
բացաւ
հարցումներ
ընելու.
—Սուս
օլ
կեաւուր
մը
լսեց։
Լռեց։
Երեք
օր
ետքը՝
ցորեկ
մը
զինքն
առին
տարան։
Մեծ
սրահ
մը
մտաւ։
Համազգեստով
թիւրքերը
նստած
էին.
սպարապետութեան
դուռը
զինուորական
ատեանին
առջեւ
էր։
Անունը,
մականունը
ու
ուր
տեղացի
ըլլալը
հարցուցին։
Երբ
«Տոմուզ
քէօյլիւ»
պատասխանեց,
դատաւորներէն
մէկը
տեղէն
քիչ
մը
վեր
բարձրացաւ,
ուշադիր
դիտեց,
խնդաց
եւ
նախագահին
ըսաւ.
—Աս
անոնցմէն
ըլլալու
չէ.
ես
կը
ճանչնամ։
Այն
հարիւրապետն
էր,
որ
օր
մը
զինուորներով
տէր
Յուսիկին
գեղէն
անցնելուն,
իրենց
խոզ
հրամցնող
ռէսը
տփած
էր,
ու
տէրտէրին
տունը
երթալով
ճաշած
էր
հանդերձ
«ատամնավարձք»ով։
Մարդը
պաշտօնին
մէջ
բարձրանալով
Պոլիս
եկած
էր.
ու
հիմակ
ալ
կ՚անդամակցէր
հայերը
դատող
զինուորական
ատեանին։
Յիշեց
անցեալը,
եւ
ուզեց
իր
հին
ծանօթին
համար
բարեխօսել։
Տէրտէրն
ալ
զայն
ճանչցաւ
եւ
կռահեց,
որ
ի
նպաստ
իրեն
բան
մը
կ՚ընէր։
Նախագահը
տոմուզգեղցիին
խոժոռ
դէմքով
հարցուց,
թէ
որքան
ատենէ
ի
վեր
Պոլիս
կը
գտնուէր։
Երբ
գեղացին
հէմճուղ
կելտում
պատասխանեց,
դատաւորները
սկսան
խնդալ։
Թեզքէրէն
ուզեցին։
Տեսան,
թէ
արդարեւ
յուլիս
15—ի
կիրակի
առտուն
Պոլիս
մտած
էր.
հետեւաբար
չէր
կրնար
նոյն
օրուան
շարժումը
կազմակերպողներէն
ըլլալ։
Պատրիարքարան
գտնուած
ըլլալուն
պարագային
վրայ
տեղեկութիւն
առնելէ
յետոյ,
տէր
Յուսիկը
անպարտ
արձակեցին։
Տէրտէրը
Պատրիարքարան
գնաց։
Գտաւ
իր
մէկ
քանի
աշակերտներն
ու
Արշամը,
որոնք
կարող
եղած
էին
ճողոպրիլ։
Խորհրդակցութիւններ
ըրին։
Համաձայնեցան,
որ
տէր
Յուսիկ
ատեն
մը
Պոլիս
մնայ,
կազմակերպութեան
գործին
համար.
իսկ
վարժապետը
երկիր
վերադառնայ,
հոն
գործելու
ծրագրով։
Օրթագեղի
եկեղեցիին
պանդուխտ
քահանան
մեկնած
էր
այդ
օրերը։
Տէր
Յուսիկ
պատրիարքարանէն
յանձնարարագրով
մը
այդ
ժամը
խրկուեցաւ։
Իր
բախդէն,
առաջին
սպասաւորութիւնը
եկեղեցիին
տօնախմբութեան
օրը
ըրաւ։
Յուլիս
15—ի
օրուան
տպաւորութեան
ներքեւ
միամիտ
պարզութեամբ
որոտաց
«ազատութի՜ւն
եղբարց
մերոց»ը,
որով
թաղին
միահեծան
իշխան
Հայրապետ
էֆէնտիին
հետ
օգոստոս՝
19—ի
կիրակի
օրուան
ընդհարումը
ունեցաւ։