Դ
Եկեղեցւոյն
տօնախմբութեան
յաջորդ
շաբաթը
ժամարարութեան
տասնհինգօրեայ
շրջանը
տէր
Յուսիկինն
էր։
Կիրակի
առտու
էֆէնտի
ու
ազնուաշուք
ամէնքն
ալ
պահարանը
իրենց
տեղուանքը
ըստ
սովորականին
բռնած
էին։
Պատարագը
առանց
միջադէպի
կը
վերջանար։
«Ազատութիւն
եղբարց
մերոց»ը
անլսելի
անցած
էր
սպասաւորող
քահանային
հազալը
բռնած
ըլլալով
ճիշտ
այն
րոպէին,
երբ
գերեվարեալ
եղբայրներու
համար
առ
Աստուած
պաղատանք
պիտի
ուղարկէր։
«Կեցո»ին՝
երբ
տաճարը
գրեթէ
պարպուեցաւ,
էֆէնտին
դասը
գնաց,
պատարագւորին
համար
բարեացակամ
տրամադրութիւններով։
Կոչունքին
օրը,
սեղանին
վրայ
անդրադարձած
էր
ղարիպին
բացակայութիւնը։
Անմիջապէս
ժամը
մարդ
խրկած
էր
զանիկայ
բերել
տալու
համար,
բայց
չէին
գտած։
Խիղճ
ըրաւ
աղքատ
քահանայի
մը
եղած
այս
զրկանքին
համար։
Նախորդ
կիրակին,
բարկութիւնը
իջնելէ
յետոյ,
մտածած
էր,
թէ
գեղացի
տէրտէրը
չարակամ
մէկը
ըլլալու
չէր.
երկրէն
նոր
եկած
միամիտ
մը.
Պոլսոյ,
մանաւանդ
Օրթագեղի
քաղաքականութեանը
անտեղեակ։
Անցեալ
շաբթուան
չարիքը
այս
կիրակի
դարմանել
կուզէր.
ուստի,
փոխանակ
ամէն
կիրակի
օրուան
սովորական
մէկ
ոսկիին,
գրպանէն
երկու
ոսկի
ժամուց
հանեց
եւ
ափը
պահեց։
Ժամարարը
ձախակողմեան
խորանին
առջեւը
աստիճաններէն
յամրաքայլ
վար
կ՚իջնէր
«Որ
օրհնես
զայնոսիկ»ը
արտասանելով
հատիկ—հատիկ,
ձայնը,
յոգնած։
Բայց
այդ
գրեթէ
մարմրկող
ձայնը
մէկէնիմէկ
հոգի
առաւ։
Էֆէնտիին
ականջներուն
գնդակի
սուլումի
պէս
բան
մը
զարկաւ.
«թագաւորաց
քրիստոնէի՜ց
եւ
զինուորեա՛լ
մանկանց
նոցա»։
Մենծ-աղան
շլմորեցաւ,
գաւթին
դըռնէն
արագաքայլ
դուրս
ելաւ,
խռովեալ,
երկու
ոսկին
ափը,
եւ
շունչը
խորհրդարանը
առաւ,
գոչելով.
—
Աս
ի՜նչ
փորձանք
էր,
որ
գլխնուս
եկաւ։
Գանձապետ,
հաշուակալ,
ատենադպիր,
որոնք
ստակ
համրելու,
հաշիւ
նայելու,
գիր
գրելու
վրայ
էին,
յանկարծակիի
եկած,
գործերնին
վար
ձգեցին։
—
Ի՞նչ
կայ,
էֆէնտի,
ան
հէրիֆը
նորէն
խա՞լթ
մը
ըրաւ,
—
կը
հարցնէին։
—Թո՛ղ
տուէք,
հոգինիդ
սիրէք։
Ժամկո՛չ։
Ժամկոչը
եկաւ,
բարեւ
բռնած
կայնեցաւ։
—
Սա
ղարիպը
ելածին
պէս,
եախայէն
բռնէ
հոս
բեր,
եղաւ
էֆէնտիական
հրամանը։
Ու
մինչեւ
տէրտէրին
գալը,
կրակ
կտրած
էֆէնտին
խորհրդարանը
վեր
վար
պտըտելով,
կը
պոռար.
—
Փորձա՜նք,
փորձա՜նք.
վա՛յ,
հէօտիւ՜կ,
վա՛յ։
Ամէնքս
ալ
պելայի
պիտի
հանդիպինք։
Հիմա
ճուռնալ
եղանք։
Ան
շունը
հոն
էր։
«Ան
շունը»
ակնարկութիւն
մըն
էր
անձի
մը,
որուն
վրայ
լրտեսութեան
կասկածը
կը
ծանրանար։
Տէրտէրը
եկաւ։
Անցեալ
շաբթուան
միեւնոյն
խումբը,
բայց
ո՛չ
այն
պատկառազդեցիկ
հանդիսաւոր
գումարումը։
Ո՛րը
ոտքի
վրայ,
ո՛րը
նստած,
էֆէնտին
շրջուն։
Տէրտէրը
եպիսկոպոսին
առջեւ
իր
խոնարհութիւնը
ըրաւ,
բայց
ժամանակ
չտրուեցաւ
իրեն,
որ
նստելու
հրաման
ստանայ։
—
Տէրտէ՛ր,
հիմակ
հիմակ
եաթաղըդ
պիտի
առնես,
հոսկէ
տէֆ
պիտի
ըլլաս,
իմացա՞ր,
—
հրամայեց
էֆէնտին։
Եպիսկոպոսն,
որ
«կեցո»ին
դուրս
ելած
էր,
դարձեալ
ինչ
պատահած
ըլլալը
չհասկցաւ
ու
տէր
Յուսիկ
արհամարհական
շեշտով
մը
հարցուց.
—Նորէն
ի՞նչ
կայ,
նայիմ։
—Ի՞նչ
կայ
մի,
ի՞նչ
կայ
մի՜։
Ան
ինչ
«որ
օրհնես»
էր,
հէ՞։
—Մեր
«որ
օրհնես»ն
է,
—
պատասխանեց
տէրտէրը
անհամբեր
հանդարտութեամբ։
—Ան
քո՜ւ
«որ
օրհնես»դ
է,
աստեղինը
չէ՛,
—
աղաղակեց
էֆէնտին։
Հոս
Օրթագեղի
«որ
օրհնես»ը
կայ,
ան
չըսողը
«որ
անիծես»
կ՚ըլլայ։
Հասկցա՞ր։
—
Չէ՛,
չհասկցայ,
—
վրայ
բերաւ
տէր
Յուսիկ
նոյն
հանդարտութեամբ։
Ձեր
«որ
օրհնե՞սը»
որն
է։
Իմ
գիտցածս
Հայաստանեաց
եկեղեցւոյ
«որ
օրհնես»ը
մէկ
հատ
է
եւ
ոչ
թէ
երկուք։
—Տէրտէ՛ր,
տէրտէ՛ր,
—
գոչեց
էֆէնտին,
—
խօսք
մը
կայ,
կ՚ըսեն,
—
«Հնտստանը
ասղան
ծակովը
սէյիր
կ՚ենեն»։
Ասեղին
ան
պըտըտիկ
ծակուկէն
Հնդկաստանը
կը
նային։
Հիմակ
ալ
մեզի
անանկ
բարակէն
կը
նային
կոր։
Ան
Վարդանանց
ատենը
չէ.
ան
ատեն
նայո՞ղը
ով
էր,
փընտռո՞ղը
ով։
—Ա՛յլ
դարք,
ա՛յլ
բարք,
—
ձայնեց
անդիէն՝
հատիկ
հատիկ,
ցուցամատը
վերամբարձ.
Օգսենտիոս
էֆէնտին՝
հայկաբանութեան
ոսկեդարեանին
պաշտօնական
ներկայացուցիչը։
—Աֆերի՜մ,
Օգսենտիոս
էֆէնտի,
—
գոչեց
Հայրապետ
էֆէնտին
քէֆով
մը։
Անանկ
է
եա՛,
անանկ
է
եա՛.
այլ
դարք,
այլ
բարք։
Սողոմոն
իմաստունը
աղէ՛կ
մարգարեացեր
է։
—Բայց,
էֆէնտի,
ներեցէք.
«որ
օրհնես»ը
ընտո՞ր
կ՚ըսեն,
—
հարցուց
եպիսկոպոսը։
Երկու
«որ
օրհնես»
չկայ,
մէկը՝
Օրթագեղի
համար.
միւսը
ամբողջ
Հայաստանեայց
եկեղեցւոյ
համար։
Մեր
«որ
օրհնես»ը
մէ՜կ
է։
—
Մէկ
է,
երկուք
չէ,
ես
ալ
ատ
գիտեմ,
սրբազան,
—
պատասխանեց
էֆէնտին,
—
բայց
երկուք
ընելու
է,
չէ
նէ
մենք
երկու
կտոր
կ՚ըլլանք։
—Անանկ
է
եա՛,
անանկ
է
եա՛,
—
կրկնեցին
աշխարհականները
միաձայն։
—Ամէն
կիրակի
«որ
օրհնես»ը
կ՚ըսէին,
—
շարունակեց
էֆէնտին,
—
բայց
մէկը
ես
չե՞մ,
եւ
ոչ
իսկ
ուշադիր
էի,
թէ
տակը
ի՞նչ
միտք
բանի
կայ։
Աղօթք
մըն
էր,
կամացուկ
մը
կ՚ըսուէր
կը
լըմըննար։
«Ասիկա՛յ
դուն
անցեալ
կիրակիին
«ազատութիւնը»
դարձուցիր։
«Որ
օրհնես»ը
կամացուկ
սկսելուդ,
ես
ալ
քեզ
կը
մեղքնայի
կոր,
որ
շատ
յոգներ
ես,
ձայնդ
չ՚ելլար։
Մէյ
մըն
ալ
«թագաւորաց
քրիստոնէից»ին
վրայ
անանկ
մը
զարկիր,
որ
մէկէնիմէկ
ցնցուեցայ։
Ու
ասիկայ
բաւական
չէր.
«զինուորեալ
մանկանց»ին
ձայն
մը
ձգեցիր,
որ
մի՜նչեւ
Պէշիկթաշ
հասաւ։
Ա՛լ
ասկէ
ետքը
աս
ժամուն
մէջ
«որ
օրհնէս»ը
առաջինին
պէս
պիտի
չըսուի։
Եւ
աս
հրահանգս
ամէնուն
համար
է։
—Է,
ընտո՛ր
պիտի
ըսուի,
նայինք,
—
հարցուց
տէր
Յուսիկ։
Հրահանգիչը
անոր
դառնալով,
յայտարարեց։
—«Որ
օրհնես
զայնոսիկ»ը
ուզածիդ
պէս
ըսէ։
Աստուածն
ամէնուն
ալ
Աստուածն
է.
հրէիցն
ալ,
հեթանոսացն
ալ։
Առաքեալը
ասանկ
կ՚ըսէ։
Բայց
«Թագաւորաց»ը
եկա՞ւ
մի,
քիչ
մը
յոգնութիւն
կ՚առնես։
Շո՛ւնչ
առ,
մեղք
ես։
Մէյ
մը
հազա՛.
ու
կամացուկ
մը
«քրիստոնէից»ը
կը
զատես
«թագաւորաց»էն։
Կը
հասկնա՞ս.
ընտոր
երկուք
կ՚ընեն։
—Ճիշտ
է,
էֆէնտի,
ճիշտ
է,
այդպէս
ընելու
է,
—
պատգամեց
անդիէն
Օգսենտիոս
էֆէնտին,
ցուցամատը
միշտ
վերամբարձ։
Վիեննայի
մեր
վերապատուելի
հարք
ճիշտ
այդպէս
են
ըրած
բազմալեզուեան
«որ
օրհնես
զայնոսիկ»ին
մէջ.
ստորակէտ
մը
զետեղած
են
ընդ
մէջ
«թագաւորաց»ին
եւ
«քրիստոնէից»ին։
—Ապրես,
Օգսենտիոս
էֆէնտի,
ապրիս,
—
աղաղակեց
սրբագրիչը։—
Նայէ՛,
անոնք
ընտոր
խելացի
են,
ընտոր
քաղաքագէտ
են։
Անոր
համար
է,
որ
զիրենք
հանգիստ
կը
թողուն։
—Կեցցե՛ս,
Օգսենտիոս
էֆէնտի,
կեցցես,
—
ձայնեց
աշխարհականներու
ակումբը,
ինքնիրմէն
դուրս
ելած։
Եպիսկոպոսը
լուռ
կը
մնար։
Էֆէնտին
քաջալերուած
շարունակեց.
—«Զինուորեալ
մանկանց»ին
հասա՞ր
մի…
—Է,
հասայ,
—
ըսաւ
տէրտէրը
հեգնօրէն։
—Հոն
հոռմըներուն
խաչ
հանելը
կը
դարձնես։
—Ես
հոռոմ
տեսած
չունիմ,
եւ
ոչ
ալ
անոնց
ինչպէս
խաչ
հանելնին
գիտեմ,
—
պատասխանեց
տէրտէրը,
ուսերը
վեր
թոթուելով։
Պզտիկ
ազնուաշուք
մը
աթոռէն
ելաւ
ու
սկսաւ
աջեն
ձախ
երեսն
ետեւէ
ետեւ
խաչակնքել,
չընդնշմարուելու
չափ
արագօրէն։
Ժողովը
կը
խնդար։
—Իշտէ
հոռմըները
ասանկ
խաչ
կը
հանեն,
—
կը
ըսէր։
—Լփռտէ՛,
տէրտէր,
լփռտէ՛,
—
շարունակեց
էֆէնտին։
«Զինուորեալ
մանկանցը»
լսուելու
չէ։
Հայոց
մէջ
«զինուորեալ
մանկունք»
չկա՛յ,
չ՚ըլլա՜ր։
«Ասոնց
մանուկը
որ
զինուորեալ
ըլլայ,
հապա
մե՞ծը
ինչ
պիտի
ըլլայ»
կ՚ըսեն
ետքէն։
«Որ
սուր
առցէ
սրով
անկցի».
բերաննիս
ամուր
ամուր
ձայնով
«զինուորեալ»
առնենք
նէ,
ետքէն
բերաննիս
ալ
«զինուորեալ»ով
կը
գոցեն,
հա՜։
Չը
լսուի,
չը
լսուի։
—Անանկ
է
եա՛,
անանկ
է
եա՛,
—
կրկնեց
խմբերգը։
—Հայաստանցին
ա՛լ
չդիմացաւ,
ոտքի
ելաւ
ու
էֆէնտիին
երեսն
ի
վեր
պոռաց։
—Էֆէնտի,
էֆէնտի,
ա՛լ
չափը
անցուցիր։
Կրօնականին
մէջ
եթէ
փոխելիք
բան
մը
կայ,
հրահանգը
Սրբազանէն
գալու
է
եւ
ոչ
թէ
քենէ,
հասկցա՞ր։
Դիմադարձական
այսպիսի
դիտողութիւն
մը՝
երսուն
տարիէ
ի
վեր
բնաւ
չլսուած՝
եւ
որ
բանը
հարուած
կուտար
էֆէնտիին
գերիշխանութեանը,
շուարեցուց
ամէնքը,
նոյնիսկ
եպիսկոպոսը։
Ամէն
աչք
սրբազանին
դարձան
րոպէաբար։
Անիկայ
պատուհանէն
դուրս
կը
նայէր,
չլսելու
զարնելով.
բայց
սրտէն
զգացած
գոհունակութիւնը
դէմքին
վրայ
կը
ցոլար։
—Սրբազանը
ե՜ս
եմ,
ե՛ս,
—
գոռաց
էֆէնտին։—
Նորին
վեհափառութիւնը
նուաստս
կը
ճանչնայ
այս
գեղին
պատասխանատուն։
—
Հրամանքդ,
—
ըսաւ
տէրտէրը,
—
ձեռքը
պնակներուն
երկնցնելով,
—
մինակ
ասոնց
կը
խառնուիս.
տաճարին
մէջն
ալ,
շա՛տ—շա՛տ
խսիր
ին
ու
մինտէրներուն։
Լուսարարը
քենէ
վեր
է։
Անիկայ
աստիճան
ունի։
Քահանաներուն
հրահանգը
տալը
քու
կարողութենէդ
դուրս
է…
Դեռ
պիտի
շարունակէր…
բայց
էֆէնտին,
բռունցքը
սղմած,
վրան
վազեց,
մոլեգին
պոռալով.
—
Ծօ՛,
տէրտէր,
ես
քու
մօրուքդ
թրա՛շ
ընել
կուտամ։
—Ծօ՛,
Հայրապետ,
ես
ալ
քու
պեխերդ
կը…
Էֆէնտին
պարզապէս
խենդեցած
էր։
Ազնուաշուքները
հազիւ
թէ
կրնային
զինքը
զսպել,
թեւերէն
մտած։
—
Վա՜յ,
դուն
ինծի
«ծօ՛»
մի՞
ըսես։
Ես,
նորին
վեհափառութեան
պաշտօնեան,
ե՜ս
պալայով
պատուած,
դուն
ինծի
«ծօ՛»
մի՞։
Բերանդ
պիտի
չորցնեմ,
լեզուդ
կտրել
տամ
պիտի։
—Ու
ե՛ս,
պաշտօնեայ
Բարձրելոյն,
ճակատս
սուրբ
միւռոնով
օծուած,
դուն
ինծի
«ծօ՛»
ըսես,
—
պատասխանեց
Հայաստանցի
տէրտէրը
ծանր—ծանր,
աջ
բազուկը
երկինք
բարձրացնելով։
Խոր
լռութիւն։
Ղարիպը,
սրբազանին
առջեւ
խոնարհութիւն
ընելով,
խրոխտաքայլ
դուրս
ելաւ։
—Ժամկո՛չ,
—
կանչեց
էֆէնտին։
Ժամկոչը
եկաւ,
բարեւ
բռնած
կայնեցաւ։
—
Հիմա՛կ,
հիմա՛կ,
—
հրամայեց
էֆէնտին,
—
արապայ
մը
պիտ
բռնես,
ասոր
եաթաղը
մէջը
կը
դնես,
ինքն
ալ
մէկտեղ,
շիտակ
Պատրիարքարան
կը
տանիս։
Ես
վաղը
կերթամ
կը
խօսեմ։
Ու
ժամկոչին
երկու
մէճիտիէ
տուաւ։
***
Հինգշաբթի
օրուան
Պոլսոյ
թերթերը
«Ազգային
լուրերու»
մէջ
հետեւեալ
տեղեկութիւնը
կը
հաղորդէին.
«Յուսիկ
անուն
քահանայ
մը,
Տոմուզ
գեղէն,
որ
առժամաբար
Օրթագեղի
եկեղեցին
խրկուած
էր,
հոն՝
իր
գեղին
անունը
արդարացնող
բնաւորութեամբը՝
թաղը
տակնուվրայ
կ՚ընէր։
Վսեմ.
Հայրապետ
էֆէնտին
պէտք
եղած
դիտողութիւնները
Պատրիարքարանին
հաղորդած
ըլլալով,
այն
խառնակիչը,
ըսենք՝
չքահանան,
երէկ
բարապաններուն
հսկողութեամբը
Մախսուսէի
շոգենաւը
դրուելով,
իր
երկիրը
խրկուեցաւ
Սամսոնի
ճամփով»։