Կարմիր ժամուց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ը
       Պոլսոյ 1896—ի Մեծ կոտորածէն մէկ քանի օր ետքը, ոստիկանական պաշտօնեայ մը Հայրապետ էֆէնտիին գրասենեակը ներկայանալով, քաղաքավարօրէն խնդրեց Պապը Զապթիէն հրամմել, փաշային հետ տեսակցութեան մը համար։ Էֆէնտին առանց ո՛եւէ տարակուսանքի կարծեց, թէ այդ տագնապի ժամանակները իրեն հետ հայոց գործերուն վերաբերմամբ խորհրդակցութեան մը պէտքը տեսնուած էր։ Երբ պաշտօնեան մեկնեցաւ, ինքն ալ կառք մը կանչելով, Պա՛պը Զապթիէ հրամայեց։ Այդ պահուն եթէ կասկածէ մը դրդուած չորս կողմը դիտելու հետաքրքրութիւնը ունենար, պիտի նշմարէր հրաւիրակը՝ խանին բոլորտիքը դեգերուն։ Ու երբ իր կառքը յառաջանալ սկսաւ՝ ուրիշ մըն ալ անոր ետեւէն կերթար. մէջը՝ միեւնոյն պաշտօնեան։
       Էֆէնտին, ոստիկանատան մեծ սրահը ելլելուն, իր հրաւիրակն ալ ետեւէն հասնելով, զինքը պույուրունով մը տնօրէնին՝ եւ ոչ թէ նախարարին սենեակը մտցուց։ Տնօրէնը իր այցելուն ոտքի ելլելով ընդունեց. ինչպէս պատշաճ էր վարուիլ պետական բարձր աստիճանաւորի մը հետ. բայց այնպիսի դիրք մը բռնեց, որ անոր նստելու ժամանակ չթողուց։ Ծամծմելով մը ըսաւ, թէ օրուան կացութեան վերաբերեալ ինչ ինչ գործերու համար իրմէն քանի մը տեղեկութիւն պիտի խնդրէր։ Էֆէնտին պաշիւսթիւնէ, գլխուս վրայ-ով մը, իր ծառայութիւնները մատուցանելու պատրաստակամութիւնը յայտնեց։
       —Բայց այսօր շատ զբաղուած եմ։ Ձեր վսեմութեան հետ երկարօրէն տեսակցիլ կարող չեմ, իմացուց միւտիւր պեյը։
       —Ո՛ր օրուան համար որ կ՚ուզէք, վերստին կուգամ, պատասխանեց էֆէնտին։
       —Իրաւ որ չեմ գիտեր, թէ երբ յարմար ժամանակ կրնամ գտնել, ծամծմեց թիւրքը։ Ու իր շնագայլի դէմքի վրայ հրճուանքի ժպիտով մը շարունակեց.
       Ի՞նչ հարկ, որ երթալով գալով յոգնիք։ Լաւագոյն կ՚ըլլայ, որ քանի մը օր մեզի հիւր մնաք ու ո՛ր օրը հարմարի՝ տեսակցինք։
       Եւ առանց դիտողութեան մը սպասելու, դռնէն դուրս ելաւ։ Վսեմափայլ էֆէնտին կայնած տեղը պաղած մնաց։ Երկու ոստիկան ներս մտան, եւ սովորական պույուրուն ովը զինքը տարին սենեակ մը, որուն դուռը վրայէն կղպեցին, մէնը իխթիլաթ, յարաբերութենէ զրկուած, յայտարարութեամբ։
       Բակին վրայ նայող մեծ սենեկին մէջ, պատուհանին առջեւը ոտքի վրայ, կալանաւորեալը կը ծխէր կը ծխէր, մտածկոտ, երազուն. աշնան գաղջ իրիկուան մը մար մտնող արեւուն անուշեթենէն թմրած։
       Կործանած էր։ Ժամուան մը իսկ բանտարկութիւնը կը բաւէր, ինչպէս րոպէ մը տեւող երկրաշարժը, իր տանը փլզումին։ Թիւրք միջավայրը կը ճանչնար։ Հայկական խնդրին ծագումէն ի վեր, մահմետականներուն հանրային կարծիքին ուշադիր հետեւած ըլլալով, անոնց գրգռեալ զայրոյթին կատաղութիւնը իրեն քաջածանօթ էր։ Ինքը՝ արդար կամ անարդար՝ կորսուած էր։ Այլեւս ամէնուն աչքին պիտի ներկայանար իբր օսմանեան տէրութեան ղային մը։ Ու իր պարագան կը ծանրանար նամանաւանդ այն նկատումով, որ տէրութիւնը զինքը փառքերով ու պատիւներով յղփացուցած էր, իր ամբողջ հարստութիւնը, ինչպէս եւ դիրքը թուրք կառավարութեան պարտական էր։ Փճացած էր իր վարկը այլ եւս. փաշաները պիտի զգուշանային հետը ո՛եւէ յարաբերութիւն ունենալէ։ Կառավարական պաշտօնատունները առիթէն օգուտ պիտի քաղէին իր մեծաքանակ պահանջները չվճարելու համար։ Մեծ գործեր ընելու անկարողութեան պիտի դատապարտուէր։ Ու այս ամէն աղէտները կրնային ոչինչ համարուիլ. եթէ երբէք կարենար ազատիլ։ Կը զգար, թէ դաւի մը զոհ էր։ Հայ մեծամեծները խորտակելու թրքական քաղաքականութեան մը կասկածը շատոնց ունէր։ Ինքն ալ զոհ մը պիտի երթար։ Երկարատեւ բանտարկութեան մը երկիւղը սկսաւ հոգիին տիրել։
       Ու պատուհանէն մէյ մըն ալ նշմարեց իր գրագիրը, որ առջեւը բեռնակիր մը ձգած, եւ անոր կռնակի անկողին մը՝ կը մտնէր բակը։ Կարծեց իր դագաղը տեսնել։ Գրասենեակէն հեռացած պահուն, ըստ սովորութեանը իմացուցած էր ուր երթալը, եւ միանգամայն շուտ վերադարձը։ Ուշանալուն վրայ, գրագիրը խելք ընելով՝ զինքը փնտռելու եկած էր։ «Եթէ կ՚ուզէք անկողին մը բերէք. ա՛ն հոս պիտի մնայ» պատասխանը ստացած էր։ Ամէն անգամ, որ Հայրապետ էֆէնտին ճամբան պանդուխտ հայերու հանդիպեր, որոնք անկողիններ շալկած Պապը Զապթիէի կամ կեդրոնական բանտին ճամբան կը բռնէին, իրենցներուն գիշերուան հանգիստը դիւրացնելու համար, «վա՜խ, վա՜խ, խեղճ ճահիլներ կը՚սէր ցաւելով. ի՞նչ երազներու անխոհեմ զոհեր կ՚ըլլան»։
       Ա՛լ մթնցաւ։ Ոստիկան մը լամպա մը առած ներս մտաւ։ Արհամարհական բարեւ մը քրթմնջելէ յետոյ, դուռը կղպեց, բանալին՝ գրպանը դրաւ եւ կոշիկները հանելով քանաբէի մը վրայ երկնցաւ։ Գիշերը իր վրայ հսկողն էր։
       ***
       Յաջորդ օրը քոմիսէր մը բանտարկեալը նախարարին սենեակը տարաւ։ Փաշան կէս ժպտուն, կէս տխուր պույուրուն ով մը քաղաքավար ընդունելութիւն ըրաւ, սիկար ու սուրճ ալ հրամցուց։ Քիչ ետքը ոստիկանութեան խորհրդին նախագահն ալ քարտուղարի մը հետ եկաւ, թուղթերով, գրիչներով, կաղամարով։ Կանոնաւոր հարցաքննութիւն մը սկսաւ, որ քանի մը ժամ տեւեց։ Ամբաստանեալին աչքին առաջ դրուեցան երգարան մը, արտասահմանեան թերթեր, «Սուրբ Գործ»ին նուիրատւութեան ստացագրեր, Պապը—Ալիի ցոյցին մէկ պահանջագիրը։ Այս ամէնը իր տունէն գտնուած էին։ Առջի օր ինք Զապթիէն տարուելէ առաջ, անդին Օրթագեղ իր բնակարանն ալ մուխթարին առաջնորդութեամբը խուզարկութիւններ կատարելով, լքուած սնտուկէ մը այդ միւզիր գրքերն ու թուղթերը գտնուած էին։ Հիմակ իրմէն բացատրութիւն կը պահանջուէր։ Ամբաստանեալը կռահեց, թէ ատոնք իր սպասաւորներունը ըլլալու էին. այդ խեղճ մարդիկը օգոստոս 26—էն քանի մը օր ետքը բռնուելով, երկիր խրկուած էին ընդհանուր տարագրեալներուն մէջ։ Էֆէնտին, այդ հին-հայը, եւ ո՛չ իսկ րոպէ մը մտքէն անցուց ինքնարդարացմանը համար ճիշտ իրողութիւնը ըսել։ Իր ամբաստանութեամբը, այդ խեղճ հայերը կրնային երկրէն բերուիլ ու փորձանքի հանդիպիլ. ուստի բաւական համարեց պարզապէս պատասխանել, թէ ինքը բանէ մը տեղեկութիւն չունէր։ Ինքը երբէք ատանկ թուղթեր, ատանկ գրքեր ո՛չ տեսած էր, ո՛չ ալ քովը պահած։ Այս հերքումին վրայ ներս մտցուցին մուխթարը, որ առտուն բերուած էր։ Թաղային այդ պաշտօնեան վկայեց, թէ արդարեւ այդ ամենը ինքն իր ձեռքովը Հայրապետ էֆէնտիին տանը մէջ սնտուկէ մը հանած էր։ Այս հաւաստումը ճշմարտութիւնն էր, եւ մուխթարը զայն խոստովանելու պարտական։ Բայց գիտէր նաեւ, որ այդ սնտուկը գացող սպասաւորներուն էր, անկիւն մը նետուած, սակայն այս յայտարարութիւնը ընել չուզեց։ Իր սովորութիւնն էր, եւ զայս իբրեւ օրէնք կը նկատէր, իրեն եղած հարցումներուն միայն պատասխանել, որչափ հնար է զգուշանալով աւելորդ խօսքեր ընելէ։ Ու քանի որ եւ ոչ իսկ ամբաստանեալը իրեն դիմում կ՚ընէր, այդ սնտուկին որու պատկանիլն իմացնելու համար, ա՛լ իրեն չ՚իյնար չհարցուած տեղեկութիւններ հաղորդել։
       Յետոյ երկար բարակ հարցումներ եղան Կեդրոնական վարժարանէն գտնուած ռումբերուն համար, ինչպէս եւ վարժապետներու եւ ուսանողներու մասին ալ։ Հայրապետ էֆէնտին այդ հաստատութեան խնամակալներէն ըլլալով, ոստիկանութիւնը կը ջանար զինքը հոն պատահած դէպքերուն պատասխանատուներէն համարիլ։ Հարցաքննութեան թուղթը կարդացուեցաւ, ստորագրուեցաւ, ու բանտարկեալը իր սենեակը տարին։ Քանի մը օր ետքը գործը հարցաքննիչ դատաւորին յանձնուեցաւ, եւ անկէ՝ Ամբաստանիչ ատենին։ Բանտարկուելէն ամիս մը ետքը, Հայրապետ էֆէնտին կը ստանար իր ամբաստանագիրը, որ շատ ծանր երեւցաւ։ Պիտի ներկայանար դատարանին։
       Կը զգար թէ ա՛լ ջախջախուած, կործանուած մարդ էր։ Թէեւ երկու փաստաբան նշանակեց, բայց անպարտ արձակման յոյսը չունէր։ Երբեմն լսած էր, թէ քաղաքական դատերու մէջ արդարութիւն չի փնտռուիր։ Անշուշտ հայկական տագնապի միջոցին այդ ճշմարտութիւնը, ինչպէս ուրիշներուն՝ նոյն եւ իրեն համար անգամ մը եւս պիտի հաստատուէր։
       Սրտաբեկ եւ յուսահատ, միայնութեանը մէջ ինքնիրենը կը հարցնէր, թէ՝ «ես ի՞նչ մենծ մեղք գործած եմ, որ Աստուած ինծի այս պատիժը կուտայ»։ Կը պըրպտէր իր կեանքը ու չէր գտնէր իր խիղճը վրդովող մեծ յանցանք մը։ Անցեալի այդ խուզարկումին մէջ, օրին մէկը, մշուշապատ քողի մը տակէն աչքին դէմք մը երեւցաւ, զոր յիշել թուեցաւ։ Այդ յիշատակը վանելու փորձ մը ըրաւ։ Բայց դէմքը չէր աներեւութանար։ Հետզհետէ որոշ կերպարանք մը կ՚առնէր։ Այդ մեծ քիթը, երկայն ծնօտը անժպիտ դէմքը, սեփ սեւ մօրուքը կուգային իր աչքերուն առջեւ կը տնկուէին։ Ու հակառակ իր ընդդիմադրական ջանքերուն, միտքը կը թռչէր անդին՝ իր թաղը։ Ամրան զով կիրակի մըն է. թաղական խորհրդարանին մէջ կը գտնուի. Հայաստանէն եկած պանդուխտ տէրտէր մը իր առջեւն է։ Ահա ինքը ձեռքը վերցուցած կը վազէ Աստուծոյ սպասաւորին վրայ։ «Ծօ՛» կ՚անուանէ օծեալը. առանց ուրիշներուն միջամտութեանը պիտի ծեծէ, պիտի բզկտէ Քրիստոսի պաշտօնեան։ Եւ ահա՛ տրտմաթախիծ դէմքը կը սկսի աչքէն աներեւութանալ. ա՛լ զանիկայ չի տեսներ։ Ի՞նչ եղաւ։ Օ՜հ, նորէն կը յիշէ։ Կրակ կտրած. Պատրիարքարանը կը գտնուի։ Հալածել կուտայ անոք, անօգնական թշուառ ղարիպը։ Ու կը յիշէ, կը յիշէ։ Օրագիրները կը կարդայ ահա. Էնկիւրիի դատաստանին արձանագրութիւնները կը կարդայ։ Դատապարտեալներուն մէջ տէրտէրի մը անունին կը հանդիպի եւ այդ պահուն քովը գտնուող Օգսենտիոս էֆէնտին կը հարցնէ. «սա հոս մէկ էտեպսիզ տէրտէր մը եկաւ նէ, ա՞ն է աս հէրիֆը»։
       —Հրամմեր էք, էֆէնտի, պատասխանը կը ստանայ։
       —Իշտէ վերջը վերջը ասանկ փորձանքը կը գտնէ, խօսք մտիկ չընելուն։
       Այս յիշատակները կը ցնցեն, կը խռովեն հոգին։ Ա՛լ չի տարակուսիր։ Մահմեդականներէ ունեցած վախուն՝ նախատած՝ հալածած էր Քրիստոսի հաւատարիմ ծառան, եւ անոր ցկեանս աքսորմանը պատճառ եղած։ Եւ Աստուած ալ իր պատիժը կուտար։ Ա՛լ յուզուած, թուլցած, տկարացած «մեղա՛յ, Տէ՜ր, մեղա՛յ» կը գոչէ սրտին խորէն։ Զղջումը իր սիրտը կը հանդարտեցնէ։ Կը սկսի ուխտեր ընել. բանտէն ազատուելուն՝ իր մեղքը պիտի քաւէ, տէրտէրը փրկել տալով։
       Ու վստահօրէն Աստծոյ գթութեանը ապաւինեցաւ։
       ***
       Դատարանին առջեւ վսեմափայլ էֆէնտին իրաւցնէ վսեմ հանդիսացաւ։ Կ՚ըմբռնէր, թէ իր անձին մէջ իր ցեղն էր, որ քրիստոնեայ եւ իսլամ աշխարհներուն դէմը կը դատուէր։ Զարնուած էր աղքատ հայը, զարնուած էր մտաւորական հայը, պիտի զարնուէր եւ հարուստ հայը։ Ներկայացաւ խրոխտաբար։ Մերժեց նախագահական հրամանին հնազանդելով, ոճրագործներու աթոռին վրայ տեղաւորուիլ։
       —Այս աթոռը ինծի համար չէ, ըսաւ արհամարհական շեշտով մը։
       Թիւրքերը մրմռալ սկսան։ Իրենց համար տարակոյս չկար, որ այս հայը տէրութեան դէմ դաւաճան մըն էր. բայց դաւաճանութիւնը ոճիր մը չէր համարեր, այլ իրաւունք մը, ուստի եւ կը մերժէր ոճրագործներու աթոռը նստիլ։
       Երբ նախագահն ուզեց զինքը պատասխանատու բռնել Կեդրոնական վարժարանին ուսուցիչներուն ընթացքին համար, խնամակալ էֆէնտին հեգնօրէն հարցուց.
       —Ու Մուրատ պէ՜յը։
       Կարճառօտ, բայց յստակ լեզուով բացատրեց, թէ այդ Տաղստանցի իսլամը սուլթանէն մեծ պաշտօններու կոչուելով հանդերձ, այժմ Եւրոպայի մէջ տէրութեան դէմ կը գործէր։ Մի՞թէ Մուրատ պէյին այս ընթացքին պատասխանատուն իր պետե՞րը կը բռնուէին։
       Եւ ունկնդիրները ըմբռնեցին, որ ամբաստանեալը Մուրադ պէյին պարագան յիշեցնելով ո՛չ միայն ինքնարդարացման փաստ մը կը ներկայացնէր, այլ դիտել տուած կ՚ըլլար, որ երկրին վարչական դրութեան դէմ ըմբոստացողները քրիստոնեայ հայերը չէին միայն։
       Նախագահն ըմբռնեց, թէ այս ամբաստանեալին հետ երկարատեւ դատավարութիւն մը շատ անպատեհութիւններ առաջ պիտի բերէր. կարճ կապելու խոհեմութիւնը ունեցաւ։ Օրինական անհրաժեշտ ձեւակերպութիւններէն յետոյ, դատաւորները խորհրդի սենեակը առանձնացան։ Կես ժամ ետքը վերադարձան։ Նախագահը դատարանին միաձայն վճիռը ամբաստանեալին հաղորդեց։ Իրեք տարուան բանտարկութիւն։