Կարմիր ժամուց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Զ
       Տէր Յուսիկ, որ Պոլսէն Սամսոնի ճամփով մեկնած էր, նոյն ճամփով նորէն Պոլիս վերադարձաւ երկու տարի ետքը։ Այս անգամ շիտակ Պատրիարքարան չգնաց, ո՛չ ալ զինք թաղի մը եկեղեցի խրկեցին։ Միս մինակ չէր գար, ուրիշներ ալ կ՚ընկերանային իրեն։ Կուգային խմբովին, առանց իրենց ազատ շարժման տէրն ըլլալու։ Ոտքերնին շղթայ անցուած էր։ Շոգենաւէն շիտակ Պապը զապթիէ տարուեցան։ Շղթաեալներէն մէկ մասը Պոլսոյ բանտերը զետեղեցին, ուրիշներ Աքեայ աքսորուեցան. տէր Յուսիկ այս վերջիններուն մէջ էր։
       Հայաստանցի տէրտէրը Պոլսէն ո՛չ զզուած, ո՛չ սմքած, ո՛չ ալ բարկացած մեկնած էր։ Քրիստոսի սիրոյն իր արիւնը առանց տրտունջի թափելու պատրաստ քահանան բանի տեղ չէր կրնար դնել եկեղեցիին ու ժողովրդին սիրոյն համար կրած չնչին տառապանքները։ Իր սրտին մէջ քրիստոնէութիւնն ու ազգութիւնը ի մի ձուլուած էին. զանոնք իրարմէ անջատելու անկարող էր, ինչպէս անկարող էր իրարմէ զատել Քրիստոսի աստուածային ու մարդկային բնութիւնները։ Մէկուն համար ուրախութեամբ նահատակուողը, ուրախութեամբ պիտի մարտիրոսանար եւ միւսին համար։
       Ու յետոյ, յուլիս 15—ի պայծառ արեւը զինքը այլակերպած էր։ Դարերէ ի վեր աղուէսը կեանքի մտատիպար ընտրող հայ գեղացին, յուլիս 15—ին առիւծի կորիւնը ցեղային զինանշան ընդունեց։ Տէր Յուսիկ Պոլսէն կազդուրեալ կը մեկնէր։ Ինքն ու Արշամը միասին ճամփայ ելան։ Արձակուրդին օրերը վերջանալու վրայ ըլլալով, ուսուցիչը արդէն երկիր պիտի վերադառնար, ուր կատարելիք նոր պաշտօն մըն ալ ունէր իբր ներկայացուցիչ։ Ըստ նախորդ որոշման մը, տէրտէրը Պոլիս պիտի մնար այնտեղի «ընկերներուն» հետ երկրին յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ զօրեղ կազմակերպութիւն մը հիմնելու նպատակաւ։ Հայրապետ էֆէնտիին միջամտութիւնը այս ծրագիրը քանդեց։ Տէրտէրը «խորհուրդ մարդկան, կամք Աստուծոյ» ըսելով մեկնեց։
       Սամսոնի վարչական մարմնին հետ խորհրդակցութիւններէ յետոյ, հարկ տեսնուեցաւ, որ տէր Յուսիկ Փոքր Հայք այցելութիւն մը ընէ եւ ձմեռը դառնայ իր տեղը։ Վարժապետը իր ճամբան շարունակեց. քահանան Մարզուան, Սեբաստիայ, Եւդոկիա այցելեց, ու ձմեռը Տոմուզ գեղ գնաց։ Գարնան նորէն ճամբայ ինկաւ։ Իր գեղին երիտասարդութիւնը, որ այժմ կազմակերպութեան մէջն էր, տէրտիրոջ բացակայութեան պատճառը գիտէր։ Ուղեւոր կազմակերպիչը կը շրջագայէր ամբողջ Փոքր Հայք. ամէն կողմ քարոզելով, խրախուսելով, կազմակերպելով։ Արմուտան անցաւ եւ Արխանեանին ու ընկերներուն հետ երկար տեսնուեցաւ. Մարզուան՝ Ատոմ Ասլանեանին ու խումբին հրացանները ինքն օրհնեց. ու ատեն մը հրոսակ ալ եղաւ։ Երկարօրէն տեսակցեցաւ Զաքարեանին ու Շմաւոնին հետ, զանոնք միացնելու աշխատելով։ Եւ այս առթիւ բարեբար դեր մըն ալ կատարեց։ Աստուածամարտութեան կռիւը սպառնալիք մըն էր ազգային դատին յաջողութեանը դէմ։ Ժողովուրդը սկսած էր խրտչիլ Եւրոպայէն եկող երիտասարդներէն։ Գեղացի տէրտէրը խօսեցաւ յանուն հայ ժողովրդին։ Ինքն էր, որ ըսաւ.
       Օրհնածներ, մենք անհաւատ թուրքին թշնամի ենք ի միջի այլոց եւ այն պատճառաւ ալ, որ մեր եկեղեցիները կը կողոպտեն, մեր ժամերը կը պղծեն ու ձեռքերնէս կ՚առնեն։ Դուք եկեր Աստուածնիս ալ մենէ կը յափշտակէք։ Թէ որ Աստուած չկայ, անդիի աշխարհ չկայ, արքայութիւն չկայ, դժոխք չկայ, ամէնուն ըրածը իր քովը պիտի մնայ, ու մենք շան պէս պիտի սատկինք, լմննանք, ան ատեն հա՞յը ինչ է, տաճի՞կը ինչ է։ Մէկը «հաց» կ՚ըսէ, միւսը՝ «էքմէկ». տարբերութիւնը ա՞ս է։
       Տէր Յուսիկ նախնական ուսում ստացած մարդ, չհետամտեցաւ Եւրոպայէն եկող «գիտունները» համոզելու, այլ պարզապէս անոնց սպառնալիք ըրաւ ժողովրդին բիրտ ուժին կռթնելով։
       —Ես ձեզի հոսկէ ժողովրդին ձեռքովը տեղերնիդ կը ճամբեմ, թէ որ մէյ մը ալ կրօնքին դէմ խօսիք, սպառնաց։— Մեր գործը, կը պոռար, անհաւատ թուրքին հետ է։ Ամէն մէկերնիս մեր արիւնը թափելու պատրաստ ենք։ Մի՞թէ այնքան ապուշ ենք, որ կրօնքը ջնջելու համար նահատակուինք։ Հէ՞։
       Տէր Յուսիկ օր մը Թումանեանի խումբին հետ գտնուած պահուն, ճիւպպէլի մէկը տեսաւ։ Անժպիտ մարդ մը, քաղցրախօսիկ, հեզ ու խոնարհ, երեւոյթը՝ աստուածավախ։ Այդ դէմքը իրեն անծանօթ չթուեցաւ։ Բայց ո՞ւր տեսած էր։ Յիշողութիւնը պրպտեց, երկա՜ր պրպտեց։ Սրտէն ուժ մը զինքը դէպի այդ անծանօթը կը մղէր։ Մէկէնիմէկ հրճուանքի սարսուռով մը գլխէն մինչեւ ոտքը ցնցուեցաւ։ Տարակոյս չունէր. ա՛ն էր, պատուելին, որ օրին մէկը իշուկովը իրենց գեղը էր եկած. լուսահոգի տէր Թադէոսի ատենը. ծեծ կերած էր եւ աշխարհաբար Աստուածաշունչ մը ձգելով փախած էր։ Ու այդ հալածեալ «բռոթ»ը, այդ հալածեալ Աստուածաշունչն էին, որ զինքը ու ամբողջ գեղը փոխած էին։ Տէրտէրը կամաց—կամաց միտքը բերաւ պարագաները ուր պատուելիին հանդիպած էր։ Տարինե՜ր անցեր էին։ Օր մը քաղաքը Արշամին հետ պըտըտած ատեննին, վարժապետը զինքը արմուկովը մշտած, ու «բռոթ»ը ցոյց տուած էր։ Արիւնը գլուխը ցատկեր էր։ Անկէ ետքը քանի մը անգամ ալ հանդիպած էր պատուելիին, միշտ խոռ խոռ նայելով անոր։ Ալ ետքէն զայն չէր տեսած, ու մոռցած իսկ էր։ Հիմակ այդ մարդը տեսիլքի մը պէս կ՚երեւնար իր աչքերուն։ Երկիւղածօրէն անոր մօտեցաւ ու ինքզինքը ճանչցուց։ Պատուելիին շատ ծանօթ էր տէր Յուսիկ անունը։ Անոր աչքերուն մէջ ալ ուրախութիւնը փայլեցաւ ի տես այդ բիրտ քահանային, որ հայ ժողովուրդը իր իսկութեանը մէջ կը մարմնացնէր։
       Երբ կարգը եկաւ, տէրտէրը պատմեց, թէ ինքը անուղղակի աշակերտն էր իրեն՝ պատուելինն։ Այս վերջինս զարմանք յայտնելուն, տեր Յուսիկ պատմեց շատ տարիներ առաջ իր գեղը պատահած դէպքը։ Պատուելին ալ քիչ մը մտմտալէն յետոյ, անանկ բան մը յիշեց։ Իր առաքեալի պաշտօնին մէջ այնքան քաղաքներէ ու գեղերէ հալածուած ու ծեծ ուտելով վռնդուած էր, որ ամէն մէկ դէպքը նոյնհետայն ճշգրտօրէն յիշելու անկարող կը գտնուէր։
       Պատուելին ալ գեղէ գեղ շրջելով կազմակերպութիւններ կը պատրաստէր ու հրոսակներուն կ՚այցելէր։ Եւ ասկէ ետքը տէրտէր ու պատուելի մէկտեղ պիտի հալածուէին։ Իրենց անձին մէջ հայութիւնը կը միանար ընդդէմ հայութեան ու քրիստոնէութեան թշնամիին։
       Ու մէկտեղ բանտը նետուեցան պատուելի տէրտէր, ամերիկեան քոլէճի բրոֆեսէոր, պատանի, երիտասարդ, ուսանող, փերեզակ, ջորեպան։ Ամէնքն ալ հայ, ամէնքն ալ քրիստոնեայ։
       Տէր Յուսիկ Մարզուան կը գտնուէր այն աղէտաւոր օրեր, երբ առտու մը պատերը փակցուած գտնուեցան Հնտստան Մաճունի յայտարարութիւնները։ Աթէնքէն մասնաւոր հրահանգներով Փոքր Հայք խրկուած այդ թուղթերը՝ Պոլիս գահընկեցութեան մը պատրաստութիւնները կը ցուցանէին։ Անդին Եըլտզ յուզումը տիրեց, եւ ամենախիստ միջոցներ ձեռք առնուեցան ամբողջ Փոքր Հայքի մէջ։ Տէր Յուսիկ ընդհանուր ձերբակալութիւններուն ինքն ալ բռնուեցաւ։ Ո՛չ Մարզուանէն էր, ո՛չ շրջականերէն, այդ կողմերը ի՞նչ գործ ունէր։ Ամենախիստ հարցաքննութիւները շատ բան յայտնեցին։ Տէր Յուսիկին դերը հաստատուեցաւ։
       Ընդհանուր ամբաստանեալներուն դատը Էնկիւրիի դատարանին առջեւ սկսաւ տեսնուիլ։ Տէրտէրը որոշեց ինքզինքը արդարացնելու չաշխատիլ։ Կ՚ըմբռնէր, թէ ինքնարդարացումն՝ ուրացումն էր։ Ուրացումը՝ գաղափարին պարտութիւնը։ Հայ ժողովրդին աչքերը Էնկիւրի յառած էին, նոր հայութեան Գողգոթան։ Պիտի ջանա՞ր ինքզինքը արդարացնել, եթէ իր քրիստոնէութիւնը յանցանք համարուելով՝ ամբաստանուէր։ Ու հայութեան դատն ալ հիմակ իր կրօնքը չէ՞ր։
       Ընելիքին վրայ բանտին մէջ երկարօրէն խորհեցաւ։ Թրքերէն լեզուին թէեւ անընտրել, բայց իր յայտարարութիւնները կարող էր պարզօրէն բացատրել։ Սակայն դատաստանին օրը երկարաբանելու պէտք չունեցաւ։ Իրմէն առաջ Ռշտունին խօսեցաւ։ Դատաւոր, ժողովուրդ, ամբաստանեալ, ամբաստանող, ամէնքն ալ սարսեցան այդ վրիժառու ձայնէն։ Երբ ինքնապաշտպանութեան կարգը տէր Յուսիկին եկաւ, անիկայ պարզապէս պատասխանեց։
       —Ռշտունի էֆէնտին պէտք եղածը արդէն ըսաւ։ Իրեն ձայնակից եմ։ Աւելցնելիք ուրիշ բան մը չունիմ։
       Երբ բանտ վերադարձան, տէր Յուսիկ Ռշտունիին ճակատը պագաւ ուրախութեան արցունքներով։
       Ամէնքն ալ մահուան դատապարտուեցան։ Բայց նահատակութեան՝ հինգ կտրիճներ միայն արժանացան։ Անոնք իրենց ձեռքովը մահմետականին արիւնը թափած էին։ Միւսներուն պատիժը մշտնջենական բանտարկութեան փոխուեցաւ։ Խմբովին Պոլիս բերուելով, ոմանք հոն բանտերը զետեղուեցան, ոմանք ալ բերդաքաղաքները խրկուեցան։ Այս վերջիններուն մէջ էր տէր Յուսիկ։