Դերասանուհին

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Զ
       Արեգնազ դժբախտ էր. մեծ հօրը գլուխն եկածները, իրենց ընտանեկան խղճութիւնը կը վշտացնէին զնա։ Իւր տխրութիւնը կ՚աւելնար, մտածելով, թէ առանց Երմոգինէի միջամտութեան՝ զրկուած պիտի չըլլային իրենց խաղաղիկ կեանքէն։ Եւ սակայն անջինջ էր իւր սրտէն Երմոգինէի յիշատակը։ Չէր գիտեր թէ ի՛նչ կը զգար, բայց կ՚ուզէր մտօքն արդարացնել Երմոգինէն։ Փաստերն զնա արդարացնելու ինքնին կը ներկայանային. բաւական էր, որ տրամադրութիւն ունենար զնա արդարացնելու։ Վերջապէս կ՚ըսէր ինքնիրեն, Երմոգինէ կատարած է իւր պարտականութիւնը, խօսելով ազգային կրթութեան անհրաժեշտ բարենորոգումներուն մասին։ Եթէ մեծ հայրս ծեր է եւ ծերութիւնը կը վնասէ դպրոցի մը յառաջդիմութեան, յանցաւորն անշուշտ Երմոգինէն չէ՛։ Այսպիսի տրամաբանութեամբ մը կը հանդարտեցներ իւր սիրտը, բայց տրամաբանութիւնն ինչպէս կարող չէ սառեցնել սիրահարեալ սիրտ մը, նոյնպէս կարող չէ լռեցնել խղճի ձայնը։ Արեգնազ ամէն անգամ, որ կը նայէր ծերունիին երեսը, դառնութիւն մը կը զգար ընդդէմ Երմոգինէի։
       Արեգնազ այսպէս կը տարուբերէր միմեանց հակառակ զգացումներու եւ մտածութիւններու միջեւ։ Դէմքին վրայ այլեւս չկար խնդութեան նշան մը. աղքատութեան հետեւանքներն օրըստօրէ կը տառապեցնէին զինքը։ Սկսաւ մտածել, թէ հարկ էր զոհել իր հանգիստն ու աշխատիլ, որպէսզի թէ՛ ինքն եւ թէ՛ մեծ հայրն ապրին։
       Կ՚ուզէր աշխատիլ, բայց ի՞նչ աշխատութիւն ընտրել։ Վարժուհի լինելու բնաւ հակամէտ չէր. համբերութիւն ունենալ եւ ուսուցանել , այդ իր կարողութենէն վեր էր։ Այո՛, ինքն այժմ հանդարտ կ՚երեւէր. վշտերն այսպէս տնօրինած էին, բայց սրտին հուրը չէր մարած. բորբոքելու համար առիթի մը կը սպասէր։ Եւ յետոյ գիտէր, թէ ինչքա՜ն դառնութիւններ պահուած են նմա՝ որ կ՚ուզէ վարժուհի լինել։
       Ի՞նչ ընէր։ Դերձակութի՞ւն, բայց գիտէ՞ր։ Հազիւ թէ կարող էր քիչ մը կար կարել։ Ո՛չ մայր ճանչցած էր, ո՛չ մեծ մայր, որ ուսուցանէին իրեն կարել, ձեւել։ Այդ պահուն կը զգար, թէ ինչ աստիճան յոռի ուղղութիւն մը ունեցած էր իրենց վարժարանը։ Գիտէր հայերէն, ֆրանսերէն, թուաբանութիւն, պատմութիւն եւ այլն եւ այլն։ Գիտէր գծագրել, եւ սակայն այդ ամէնն ուրիշ բանի չէին ծառայեր, բայց եթէ զինքն անօթի պահելու կամ վարժուհի ընելու , ենթադրելով , թէ դպրոցի մը կամ տան մը մէջ գտնուէր յարմար պաշտօն մը։ Ա՜հ, եթէ լաւ ձեւել եւ կարել գիտնա՜ր։
       Երբ կը դեգերէր այս անել ճանապարհին մէջ, օր մը իւր ընկերներէն միոյն տունը տեսաւ լրագիր մը, որում յօդուած մը կար Օրթագիւղի Բարեսէր Ընկերութեան թատրոնին մասին։ Յօդուածագիրը կը դրուատէր թատերական խումբին յաջողութիւնը, բայց ցաւ կը յայտնէր, որ երկու դերասանուհի եւ մի դերասան այդ խումբին փառքն ու զօրավիգը իրենց ընկերներէն կը բաժնուէին։ Թիֆլիս կ՚երթային դոքա. արդէն կնքած էին պայմանագիրը։ Կը ցաւէր յօդուածագիրն, որ այդ պատճառով անկարելի կը լինէր թերեւս արժանաւոր կերպով ներկայացնել այն «հոյակապ ողբերգութիւն »ը, ծնունդ հանճարոյն Երմոգինէ էֆէնտիի, երկ մը, որոյ կոչումն էր անմահացնել ԺԹ դարու հայ գրականութեան փառքը։ Այսուհանդերձ, կը յաւելուր յօդուածագիրն, հաստատամիտ տնօրէնն որոշած էր անպատճառ թատերաբեմին վրայ հանել այդ սքանչելի գործը, բայց կը կարօտէր դերասաններու, մանաւանդ դերասանուհիներու։
       Լոյս մը ծագեցաւ Արեգնազի մտքին մէջ. չէ՞ր կրնար արդեօք ինքն լինել այդ դերասանուհիներէն մին. ահա աշխատութիւն մը, որ ո՛չ միայն հաց պիտի տար իրենց, այլ՝ որ լաւագոյնն էր, փառք, եւ յետոյ սրտին մէջ տրոփիւն մը կը զգար։ Այլեւս իւր վառ երեւակայութեամբ օդասլաց թռաւ հրաշալեաց աշխարհին մէջ։
       Դերասանուհի ծնած էր այդ աղջիկն, ա՛յդ էր իւր կոչումն։ Դեռ մանուկ, շատ անգամ մեծ հօրն հետ կ՚երթար Կէտիկ փաշայի թատրոնը, լոյսերը, փայլուն զգեստները, թատերաբեմն ու դերասանները կը պատճառէին նմա արտաքոյ կարգի ցնծութիւն։ Եւ տունը թատրոն կը խաղար. կը ժողվէր թաղին իւր հասակակից մանչերն եւ աղջիկները, կը ճարէր զգեստներ, սաւանով վարագոյր կը շինէր, փայտի կտորներ սուրի տեղ կը գործածէր, եթէ սեղանի դանակները ձեռք չձգէին։ Ի՛նք կը թագաւորէր, կը հրամայէր, իրեն կը պահէր մեծ դերերը։
       Մեծ հայրն ալ նպաստած էր զարգացնելու իւր թոռան թատերական կոչումը. գիրքերն անոր ձեռքը կը դնէր եւ կարդացնել կուտար առոյգ շեշտերով։ Հայոց պատմութիւն էին, եւ շատ անգամ կ՚ըսէր. «Գիտե՞ս, քանի մը տարի առաջ, որ Վարդանը ներկայացուցին, Արշակը խաղացին, ասոնք են»։
       Եւ եթէ կոչումն իսկ չունենար, Երմոգինէի անունը կը բաւէր այդ կոչումն ստեղծելու. եւ նոյնիսկ իւր սրտին տրոփումները Երմոգինէի համար ծնունդ առած էին իր թատերական կոչումէն։ Նորա դերասանական ձեւերը, շինծու ձայնը, լրագրական փառքն , այդ կեղծ տարերքներն էին, որ գրաւեցին այդ անմեղ աղջկան սիրտը։
       Հանդուգն էր Արեգնազ, մտածելով, թէ կարող էր համոզել մեծ հայրը եւ երթալ մտնել դերասաններու խմբի մը մէջ։ Հին մարդ էր Պաղտասար պատուելին. կ՚ախորժէր թատրոնէն, կը սիրէր խաղերն, բայց չէր յարգեր դերասաններն, ունէր նախապաշարումներ, որք ներելի էին նմա. ուրի՜շ դարու մարդ էր։
       Բայց ինչո՞ւ խօսք բանալ մեծ հօրն, առանց նախապէս թատրոնի տնօրենին հաւանութիւնն առնելու։ Պատրուակ մը գտաւ կիրակի օրը եւ միասին առած իրենց Էֆտիկն, ելաւ Օրթագիւղ գնաց։ Կէսօրէն վերջն էր, որ թատրոն մտաւ։ Նոյն գիշերը ներկայացում կար, մեծ շարժում, մեծ ոգեւորութիւն թատրոնին մէջ. կենդանութիւն առաւ Արեգնազ. անշարժութիւնը կը թօթափէր, նոր մթնոլորտի մը մէջ կ՚ապրէր . նոր դէմքեր, նոր երիտասարդներ տեսաւ, եւ ամէն աչքերը իւր վրայ էին, սիրուն դէմքն, անմեղ աչքերն, թարմ երիտասարդութիւնը կը գրաւէին զամէնքն։ Հարցուց տնօրէն էֆէնտին, գնաց գտաւ զայն եւ առանց երկար պարբերութեանց յայտնեց իւր այցելութեան պատճառը։
       Անվարժ էր, նորեկ էր նա, զայդ կը զգար տնօրէնը, բայց կը զգար նաեւ, թէ անուշիկ աղուոր աղջիկ մը հրապոյր մ՚է միշտ ժողովրդեան, մանաւանդ այնպիսի ժողովուրդի մը, որ դերասանական նրբութեանց շատ ընտել չէ։ Աղջկան մը աղուոր դէմքը աւելի կ՚ազդէ իւր վրայ, քան թէ նորա դիմաց վրայի հոգեկան արտայայտութիւնները։ Իւր դիտողութիւններն ըրաւ տնօրէնը, բայց յայտնեց, թէ սիրով կ՚ընդունի զնա իր խումբին մէջ, վասնզի ո եւ է դերասանուհի վերջապէս սկզբնաւորութիւն մը պէտք էր ընէր. երկինքէն դերասանուհի չէր իյնար։
       —Յարմար եկաւ , ըսաւ , մեծ հեղինակութիւն մը պիտի ներկայացնենք, Երմոգինէ էֆէնտիինն է, անշուշտ անունը լսած էք։ Ձեզ դեր մը կու տանք, կարճ, բայց աղուոր, եթէ յաջողիք ասպարէզնիդ բաց է։
       Պայմաններու մասին խօսիլ հարկ չկար։ Ի՛նչ պայման կրնար դնել այդ խեղճ տնօրէնը, որ իւր երեսուն օթեակներու քառորդն իսկ լեցնելու դժուարութիւն կը կրէր։— Ի՞նչ պայման կրնար առաջարկել այդ դերասանուհին, որ կու գար անվարժ, եւ իբր բարիք մը պիտի ընդունէր նոյնիսկ այդ խումբին մէջ մտնելը։ Ամէն ինչ կը մոռնար հրապուրուած այն դերէն, զոր պիտի կատարէր Երմոգինէի խաղին մէջ։
       Մեկնեցաւ ուրախութեամբ տնօրէնին քովէն։ Աշնան վերջին օրերն էին, պարզ, գեղեցիկ օդ մը եւ Արեգնազ թեթեւ սրտով ու հոգեզուարճ զմայլմամբ կը քալէր, չէր ուզեր թրամվէյ նստիլ եւ մտքովը կը թռչտէր ապագային մէջ, արդէն շլացուցիչ կը գտնէր այդ ապագան. ուրախութիւն մը ունէր սրտին մէջ, որուն պատճառը չէր կրնար հասկնալ։
       Շատ դժուար էր համոզել ծերունին, որ թոյլ տայ Արեգնազին երթալ դերասանուհի լինիլ. ինչպէ՛ս բաժանուիլ այդ աղջիկէն, որուն երեսը նայելով կը մոռնար իւր ցաւերը։ Արեգնազն էր իւր ընկերը, ծերութեան ցուպն եւ յետոյ՝ սոսկում կը զգար թողուլ այդ դեռատի աղջիկը անօգ, անպաշտպան խումբի մը մէջ, զոր ինքն իւր բարկութեան միջոցին կ՚անուանէր ոհմակ։
       Բայց հարկն օրէնքը կը լուծէր։ Աղքատութիւնը իրենց դուռը ափ էր առած, ձմեռը կը յառաջանար։ Ո՛չ մի յուսոյ նշոյլ. պէտք էր զոհուիլ։ Եւ առաւօտ մը համբուրեց աղջկան ճակատը եւ լալով տարաւ զնա շոգեկառք դրաւ Էֆտիկի հետ միասին։
       Եւ Արեգնազ ուրախութեամբ կը մեկնէր անտի՝ ուր օր մը պիտի վերադառնար արցունքներով։