Սեւն ու ճերմակը ճամբուս վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
6. ԽԵԼՔԴ ՍԻՐԵՄ, ԽՆԱՄԻ…
      
       Կամաց-կամաց, բայց համատարած վարակումով կը փրթի կենսական ջիղ մը՝ մեր գաղութներուն մէջ։ Եւ մասնաւորապէս այստեղ։
       Հետզհետէ կ’ոլորուի, կը կծկուի, կը պարպուի երակը՝ ինքնասիրութեան։ Դուք ըսէք՝ ինքնապաշտպանութեան։
       Եթէ ուրիշ ո՛ր եւ է փաստ վիճելի համարուէր, ահա՛ ներգաղթին պարզած համայնապատկերը։
       Կատարեալ շարժանկար։ Ե՛ւ ձայնաւոր, ե՛ւ բաղաձայն։ Մինչեւ իսկ՝ երգեցիկ։
       Այսպէս չընենք, դժգոհութիւն կը պատճառենք, չեն առներ…
       Այսպէս ընենք, որպէսզի չբարկանան…
       Այս տարի չտօնենք, մարդիկը ծուռ կը նային…
       Տօնենք, բայց դրօշակ չպարզենք…
       Ապրիլեան սգահանդէ՞ս, ծաղկեպսա՞կ, - այո՛, բայց առանց եռագոյն ժապաւէնի։ Միայն հելլենականը կը բաւէ։
       Կամկար հոգեբանութիւն մը վարակեր է աս ու ան։ Մասնաւորապէս աս՝ որ ժամ ու դպրոց կը կառավարէ, եւ ան՝ որ կը սիրէ «ազգ» հոլովել խանութէն մինչեւ սրճարան։
       Եւ անպատճառ չարամիտներ չեն բոլորն ալ։ Ոչ ալ «ներքին Թուրքեր», -ինչպէս կը սիրեն կոչել շարք մը ընկերներ։
       Ընդհակառակն, կան շատ մըն ալ բարեմիտներ, որոնք նախապատերազմեան յիշատակներով կ’ապրին։ Կը կարծեն թէ ո՛րքան ծռիս, այնքան կը շահիս, ո՛րքան տեղի տաս, այնքան դէպի քեզ կուգան։
       Թշուա՜ռ, ցաւագար «քաղաքականութիւն» մը, որ աւելի ուժ կուտայ բուն թշուառականներուն։ Երեւանէն եկած, կամ տեղի վրայ բուսած բարակներուն։
      
       *
       Փորձէ վիճիլ անշուշտ բարեմիտներուն հետ եւ երեսդ կը նային սրտառուչ հեզութեամբ։
       Եթէ մէկը ձեր տունը հիւր գայ, եւ պայման դնէ, որ ինք ձեր տիկնոջ հետ առանձին քալէ, իսկ դուն՝ խոհանոցը, սպասաւորին հետ, կ’ընդունի՞ս։
       Ի՞նչ կ’ըսես, բարեկամ, խե՞նդ եմ, ես արժանապատուութիւն չունի՞մ, իմ տանս տէրը, անոր կարգ ու սարքին տնօրինողը ես չե՞մ…
       Եթէ տունը սուգ ունենաս, եւ այդ մարդը հիւրը առաջարկէ, որ ճաշի ատեն ճազպանտ զարնեն, ի՞նչ կ’ընես։
       Թեւէն բռնելով դուրս կը նետեմ։
       Եթէ այդ մարդը, հոգ չէ թէ իշխանաւոր, պահանջէ «սանճաքը շէրիֆ»ով գերեզմանատուն երթալ, կամ հոճա կանչել հարսնիքիդ…
       Գլխուն կը փաթթեմ «սանճաք»ը կամ Փրկիչին ճամբան ցոյց կուտամ։
       Իսկ երբ քեզի պայման դնէ, որ սգատօն չկատարես, կամ կատարես առանց ծաղկեպսակի եւ նուիրական խորհրդանշանի մը, երբ կը լղրճէ քու անկախութեանդ յիշատակը, երբ կ’անարգէ եւ կ’ուզէ, որ դուն ալ անարգես թափուած արիւնը, շահուած յաղթանակը, տառապանքը, փառքը, բոլոր ազնիւ տենչերն ու ազգային արժէքները, երբ, կ’ըսեմ, հասարակ վարձակալի տեղ անգամ չի դներ քեզ, քու տանդ մէջ, եւ քեզ կը հանէ ողջերուն եւ մեռելներուն դէմ, ափ մը շոշորթներու ձեռքով, ի՞նչ կը բանիս դուն…
       Էֆէնտիս, իրաւունք ունիս. բայց եթէ չհամակերպինք, ներգաղթը կը դադրեցնեն։
       Կը համակերպէի՞ր, երբ Թուրքը պահանջ կը դնէր ընդունիլ «հագգը տին»ը, կամ յանձնել կինդ ու աղջիկդ։
       Ու կը յիշեմ դրուագ մը՝ մեր աննման Շահրիկեանէն։
       Բաց ու գոցի կռիւ։ Փոթորիկ՝ բաժակ մը ջուրի մէջ։
       Վիճաբանական ժողով ունինք։ Երիտասարդ մը ռամկավար կը մեղադրէր թէ դաշնակցականները ազգին խաղաղութիւնը կը վրդովեն, բաց ու գոցի խնդիր յարուցանելով։
       Շահրիկեան. - Պարոն, դու «լոգիկա» (տրամաբանութիւն) կարդացե՞լ ես։
       Ընդդիմախօսը. Ի՞նչ կապ ունի, կարդացեր եմ թէ ոչ։
       Շ. - Ուղիղ պատասխան տուր, չի կարելի խուսափել։
       Ը. Կարդացեր եմ։
       Շ. Էս օրից առաջ, եկեղեցիները բանախօսութիւնների համար բա՞ց էին թէ գոց։
       Ը. - Բաց էին։
       Շ. - Մե՞նք ասացինք, որ փակեն։
       Ը. - Ո՛չ։
       Շ. - Ապա երբ ձեզ պէս յիմարները ասեն, որ փակեն, մենք չասէի՞նք, որ բանան։
       Տղան փլաւ կեցած տեղը։
      
       *
       Այսպէս եւ այսօր։
       Մինչեւ հիմա բնական էր ամէն ինչ, - ե՛ւ ապրիլեան սգահանդէս՝ բոլոր ստորոգելիներով։ Ե՛ւ Մայիս 28ը։ Ե՛ւ «Մեր Հայրենիքը»։ Ե՛ւ եռագոյնը։
       Իսկ այսօր՝ ամէն ինչ դարձեր է կռուախնձոր։ Եւ ամէն տարի ու ամէն տեղ ունինք պատմութիւններ աղի, անլի, թթու կամ լեղի։
       Պատմութիւններ՝ բոլորովին արհեստական։ Եւ անարժան։
       Սառուցեալ հով մը փչեց Երեւանէն։ Եւ սառեցան ոչ միայն սիրտերը, այլ եւ միտքերը։
       Այն աստիճան որ, տարամերժօրէն ազգային արժէքներ անգամ սուգ թէ փառք - դարձան… դաշնակցական։
       Ո՜ղջ ըլլար Շահրիկեանը, եւ հարցնէր նոյն անողոք տրամաբանութեամբ. -
       Էս օրերից առաջ ազգային տօներ ու փառքե՞ր էին ապրիլեան սգահանդէսը, Մայիս 28ը, եռագոյնը, «Մեր Հայրենիք»ը։
       Այո՛, բոլորն ալ ազգային, ոչ թէ կուսակցական սեփականութիւններ։
       Մե՞նք ասեցինք, որ դարդարեցնեն, անարգեն, խափանեն։
       Ո՛չ։
       Ապա երբ դուք ասացիք, որ դարդարեցնեն, մենք չասէի՞նք, որ շարունակեն…
       Եւ երբ դուք այդ բոլորը մոռնալու, ժխտելու, փողոց նետելու չափ կը գռեհկանաք, մենք չկենայի՞նք ձեր ճամբուն վրայ, թօթուելով ձեր ուսը։
       Halte-là! Ամէն բան բայց ո՛չ այս մէկը։ Եթէ դուք տէր չէք ըլլար մեր ազգային ոչ կուսակցական արժէքներուն, պահակները արթուն են։ Պահակները պիտի չհանդուրժեն այս ինքնուրացման կամ դասալքութեան։
       Մեղքը մերը չէ. անէծք՝ ուրացողին։ Եւ բոշային։
      
       *
       Ծաղկեպսակ մը եռագոյն երիզով՝ կը դառնայ ազդանշան, խանգարելու համար ապրիլեան սգահանդէսը Սելանիկի մէջ։
       Ուրիշ մը, Քսանթիի մէջ, քէն ու ատելութիւն կը սերմանէ։
       Ճշդում մը, - որբերը ոչ թէ եռագոյն պարզեր էին Քսանթիի սգահանդէսին, այլ ծաղկեպսակ մը տարած՝ եռագոյն ժապաւէնով։ Եւ ոստիկանութիւնը չէր համարձակած քակել-հանել, ինչպէս մատնանշեր ու պահանջեր էին օրուան իմաստունները, - նոր ժամանակներու Դրան էֆէնտիներ։
       Նոյն կծկուած, կոճկուած հոգեբանութիւնը՝ միւս քաղաքներուն մէջ, - Ամա՜ն, թագաւորը չբարկանայ։
       Խե՛լքդ սիրեմ, խնամի…
       Ծռէ՛, խոնարհէ՛, սողա՛ ուզածիդ չափ։ Կը շահիս միայն մէկ բան, - անպատիւ անուն մը։
       Խաղաղութիւն՝ գաղութներու մէջ, եւ կարելի եղածին չափ մերձեցում՝ Երեւանի հետ։ Այո՛։
       Բայց, ոչ մեր արժանապատուութեան գնով։
       Ոչ թէ քծնելով, շողոմելով, սողալով, այլ փոխադարձաբար ճանչնալով ու յարգելով։
       Երեւանը իրաւունք չունի սակարկելու իր տարրական պարտականութիւնը ներգաղթ։
       Եւ թող զգուշանայ արթնցնել վիրաւոր առիւծը, որ կը քնանայ հալածական բազմութիւններու սրտին մէջ։ Երկիրէ երկիր եւ քաղաքէ քաղաք։
       Երեւանը ամէն բան չէ։ Եւ ի զուր կը փորձէ տանտէր դառնալ գաղութներու մէջ, թեւին տակ առած՝ զանազան միջնորդներ եւ մունետիկներ։
       Հերի՜ք է որքան խոցոտեցին մեր արժանապատուութիւնը, խաղալով մեր համբերութեան հետ։
       Ինքնապաշտպանութիւնը, խնամի՛, հրատապ խնդիր մըն է գաղութներուն համար։ Մանաւանդ հիմա, որ ներգաղթ կը ծախեն։ Մանաւանդ ասկէ վերջը։
       Ճղակտոր ժողովուրդի մը վերջին մնացորդն է ձեր դիմացը։ Թո՜յլ տալ, որ օտարոտի տարրեր վրդովեն անոր հոգին, - կը նշանակէ մեղսակից դառնալ քստմնելի դաւադրութեան մը։
       Թո՜ղ դաւադրեն հոգեւորականը, աղան եւ էֆէնտին։
       Բայց դո՛ւն, երիտասա՛րդ, սարսափէ վաղուան դատաստանէն։
       Եւ երբ կը պնդես թէ «դուրսէն մարդիկ եկան եւ մեզ այս վիճակին բերին», - մի՛ մոռնար որ, այս անգամ, իսկական դաւադիրներ, «ագէնտ»ներ եւ «աֆէրիստ»ներ եկած են դուրսէն, զարմանազան դիմակներով։ Եկած նստած են մեր կուրծքին վրայ, ու կը փորեն, կը ճեղքեն մեր գոյութեան հիմերը։ Քե՛զ ալ, միւսն ալ կապելով իրենց սայլին։
       Մի՛ մոռնար, եւ սթափէ։
       Որովհետեւ, ինքնապաշտպանութեան կռիւ է գոյամարտը վերջին մնացորդին։
       Վա՜յ անոր, որ կ’իյնայ այդ պայքարի անիւներուն տակ։
      
       («Յառաջ», 24 Յուլիս 1932)