4.
–ՓԼՈՒԶՈՒՄ
ԵՒ
ՀԻՒԾՈՒՄ
Խորշակ
մը
համատարած՝
կ’ուտէ
Թրակիոյ
եւ
Մակեդոնիոյ
գլուխը։
Կ’անդամալուծէ։
Կը
քամէ։
Կը
մաշեցնէ։
Մուխը
մարած
է
հինգ-վեց
քաղաքներու
մուխը։
Երէկ՝
բուխերիկներ
կը
կազմուէին
մուխով։
Այսօր՝
հազարաւոր
տուներ
մոխիրի
վրայ
նստած
են
նոյն
այդ
մուխին
թանձրացումէն։
Լեռնակուտակ
ծխախոտ՝
կը
փտի
մթերանոցներուն
մէջ։
Շահու
տենչը
սեւ
խոտ
ցանել
տուեր
է
եղած-չեղած
հողերուն
վրայ։
Իսկ
այսօր
հացը
ամէնէն
սուղ
բանն
է
Յունաստանի
մէջ։
Մարդիկ
օրհնութիւն
կը
համարին
եգիպտացորենի
ալիւրը։
Կէս
օրուան
դադար,
ժամը
1-4։
(Տեղ-տեղ
մինչեւ
5)։
Ցնցոտին
բուն
բառը
չէ,
պատկերացնելու
համար
հագուստ-կապուստը
սա
թշուառներուն,
որ
փռուած՝
փողոցներու
մէջ,
պատերուն
տակ,
սուտ
քունով
մը
կը
խաբեն
իրենց
անօթութիւնը։
Կամ
սեփ-սեւ
հաց
մը
ճարած,
կը
լափեն
երկու
լոլիկի
եւ
երեք
պղպեղի
հետ։
Եւ
այս՝
ամէն
քաղաքի
մէջ։
Փողոցէ
փողոց,
պատկերը
կը
փոխուի
աւելի
սեւնալով։
Ու
կ’երեւակայեմ
պատկերը
գիւղերուն,
ուր
ցրուած
են
մեր
որբերը։
Պատկերը
գիւղական
փողոցներուն
եւ
սրճարաններուն,
ուր
հանդիպեցայ
երկու
տարի
առաջ,
եւ
ուր
հետքերը
փոխուած
են
այսօր,
եթէ
ոչ
կորսուած։
Բայց
նախ
քաղաքը
եւ
քաղաքացին։
Ահաւասիկ
չորրորդը,
Տրամա,
եւ
հինգերորդը՝
Գավալա,
ուր
հայկական
հազարեակներ
կը
հեւան։
Ուրկէ՛
որ
անցնիս,
իւրաքանչիւր
քաղաք
ամէնէն
դժբախտը
կը
համարի
ինքզինքը։
Փախելու
տենչ
մը՝
բոլորին
մէջ։
Քար
մը
իջած
է
բոլորի
գլխուն
եւ
երկանաքար
մը
կը
քաշէ
բոլորին
ոտքերէն։
Ու
բնականաբար,
ամէնէն
առաջ
եւ
ամէնէն
աւելի
զգետնուած
է
ան,
որ
ոչ
հող
ունի,
ոչ
բուխերիկ։
Տրաման
տեսեր
էի
երկու
տարի
առաջ։
Նորութիւն
չէր
տագնապը,
այն
ատեն
ալ։
Բայց,
հրամեցէք
տեսէք
այսօր,
եւ
բաղդատեցէք
երէկուան
հետ։
Գլուխները
կ’երերան
եւ
բերանները
հազիւ
կը
բացուին։
Գրեթէ
ամբողջովին
անգործ
են
ծխախոտի
բանուորները,
-
չորս
հազար
այր
ու
կին։
Տարիներով
ծխախոտը
բռնած
է
արտերը,
եւ
այս
տարի
միայն
գիւղացին
խելք
ըրած
է
ցորեն
ցանել։
Ամէն
ինչ
դուրսէն
կուգայ։
Ձմեռը՝
կառավարութիւնը
ստիպուած
էր
եգիպտացորենի
ալիւր
բաժնել։
Այն
ատեն
տրախմին
ողջ
էր։
Իսկ
յառաջիկայ
ձմե՞ռ,
երբ
տրախմին
հազիւ
կէսը
կ’արժէ։
Կառավարութիւնը,
անղեկ
ու
անճար,
փորձեց
ուրիշ
միջոց
մը,
-
գնելով
անցեալ
տարուան
ծխախոտը,
քանի
մը
գործարաններ
բացաւ,
գործ
ճարելու
համար
բանուորներուն։
Առաջ՝
բանուորը
քիթ-պոչով
կ’ընդունէր
օրական
100-120
տրախմին։
Կը
յիշեմ
որ,
երկու
տարի
առաջ,
Մակեդոնիոյ
գիւղերու
մեր
որբերը
կը
նախընտրէին
օրը
իրիկուն
ընել
աղտոտ
սրճարաններու
մէջ,
քան
աշխատիլ
օրական
60
տրախմիով։
(Այն
ատեն
20
ֆրանք,
իսկ
այսօր՝
կէսէն
ալ
պակաս)։
Հիմա
բանուորն
ու
բանուորուհին
կարգի
կը
սպասեն
օրական
25-50
տրախմիի
համար։
Եւ
բանուորներ
կան
որոնց
վաստակը
մէկ
տուփ
սիկառի
ալ
չի
բաւեր
(ամէնէն
աժանը
11
տրախմի)։
Շէնքի
բանուորները
նախապէս
կը
ստանային
100-150։
Այսօր
կը
փնտռեն
30
տրախմին
(5
ֆրանք)։
Համրանք
չունին
թշուառները
ոչ
միայն
մեր,
այլ
եւ
բնիկներուն
մէջ։
Եւ
սովորական
դէպքեր
են
բանուորական
խլրտումները,
ինչպէս
քաղաքական
եւ
զինուորական
դաւերը։
Թշուառութեան
ամէնէն
պերճախօս
պատկերը
կը
ներկայացնեն
ներգաղթի
արձանագրութիւնները։
Տրաման
կը
հաշուէ
1200
Հայ,
ջախջախիչ
մեծամասնութեամբ՝
նորեկներ։
Քանի
մը
հարիւր
ալ
կը
բռնեն
շրջակայ
գիւղերու
տարագիրները։
Արդ,
ներգաղթի
համար
արձանագրուած
են
1200
(հազար
երկու
հարիւր
հոգի),
որոնցմէ
213
հոգի
միայն
բախտ
ունեցան
մտնելու
Գ.
(առ
այժմ
վերջին)
կարաւանին
մէջ։
(Քսանթիի
մէջ՝
850ի
վրայ
արձանագրուած
են
500
հոգի։
Միշտ
սպասելով)։
Կանգ
առած
է
նաեւ
առեւտուրը։
Երկու-երեք
տարուան
ապրանք
մթերուած
է
խանութներու
մէջ,
որոնց
ամէնէն
բանուկ
յաճախորդներն
են
ճանճերն
ու
մժեղները։
*
Աւելի
բախտաւոր
չէ
Գավալան։
Թէեւ
բախտաւոր
պէտք
է
համարել,
բաղդատելով
Տրամայի
հետ։
Ինչպէս
որ
բախտաւո՜ր
է
Կիւմիւլճինան,
որովհետեւ
հող
ունի
եւ
միայն
ծխախոտ
չի
ցաներ,
իսկ
իր
սեւ
օրը
կուլայ
Քսանթին,
իր
ճակատագիրը
ամբողջովին
կապած
ըլլալով
ծխախոտին։
Գավալան
ալ
մուխ
կ’արտադրէ
եւ
մուխով
կ’ապրի։
Բայց
ահաւասիկ
12
հազար
բանուորներէն
հինգ
հազարը
միայն
կ’աշխատին։
Հայկական
հաստատութիւնը
տարրական
ապրուստ
մը
կ’ապահովէ
երկու
հարիւր
բանուորներու
եւ
բանուորուհիներու։
Օրականներու
նուազուրդ՝
այստեղ
ալ։
Կիները՝
28-30,
այրերը՝
55-65
տրախմի,
նախկին
100-120ի
փոխարէն։
Եւ
ասոնք
բախտաւորներն
են։
Անգործութեան
պարագային
–
ձմեռը
–
կառավարութիւնը
ամսական
300
տրախմի
կը
վճարէ,
իբրեւ
հացագին։
Որոշ
սակ
մը
վար
դնելով
օրավարձերէն։
Ներգաղթի
պաշտօնեան
հանդիպած
է
նաեւ
այս
քաղաքը,
որ
կը
հաշուէ
1.
300-1.
400
Հայ։
Արձանագրուած
են
950
հոգի։
Շրջաններով՝
1.
000էն
աւելի։
Արձանագրուած
են
եւ
կը
սպասեն,
առանց
մեծ
յոյսեր
ունենալու։
*
Եւ
այսպէս,
խորշակ
մը
համատարած,
կամ
հիւծախտ
մը
յամընթաց,
տարուէ
տարի
կը
քամէ
երակները
բովանդակ
Յունաստանի,
բայց
մասնաւորապէս
Թրակիոյ
եւ
Մակեդոնիոյ։
Տէտէ
Աղաճը
կը
սպասէ
եւ
կը
յուսայ,
համակերպած
իր
ճակատագրին։
Կոմոտինին
(Կիւմիւլճինա)
թէեւ
պրկուած,
կը
խնդայ
հունձքէ
հունձք։
Քսանթին
ի՞նչ
ունի,
որ
խնդայ։
Լեռնակուտակ
ծխախոտ
եւ
կռնակը՝
լեռներ։
Բժիշկն
ու
դեղագործն
անգամ
յուսահատած
են
ինչպէս
միւս
քաղաքներուն
մէջ։
(6-7
հայ
բժիշկներ՝
բացարձակ
անելի
մատնուած,
նոր
գաղթավայր
կը
փնտռեն,
իրենց
գլուխը
պահելու
համար)։
Փլուզում
եւ
հիւծում,
բառին
բովանդակ
նշանակութեամբ։
Իսկ
վախճանը՝
անստոյգ։
Տեղացին
շատ
աւելի
յոռետես
քան
նորեկը։
Մեզի
համար
հաց
չկայ
այս
երկրին
մէջ,
-
կը
փսփսան
տասը
տարիէ
ի
վեր
հաստատուած
տարագիրները։
Բժիշկի
մը
սակը
75-80
տրախմի
է.
բայց
եթէ
8-10
ալ
տան,
ձայն
չես
կրնար
հանել։
Թշուառութիւնը
այնքան
ընդարմացուցած
է
որ,
մինչեւ
մեռնելու
վտանգ
չտեսնեն,
չեն
դիմեր։
Դիմեն
ալ,
ապառիկի
տետրակը
կ’անցընեն։
Կառավարութիւնը
անմատչելի
գին
մը
նշանակած
է
սիկառէթի
թուղթին,
որպէսզի
ստիպուին
պատրաստ
սիկառէթ
ծխել։
Գիւղացին,
միշտ
հնարամիտ,
գունաւոր
բարակ
թուղթեր
կը
գնէ,
ծխախոտ
պլորելու
համար։
Ի
հարկէ
թունաւորելով
ինքզինքը։
Սրճարաններն
իսկ
մեռած
են։
*
…
Եւ
սակայն,
գլուխները
ողջ
են
ե՛ւ
Տրամայի
ե՛ւ
Գավալայի
մէջ,
ինչպէս
ամէն
տեղ։
Կը
տեւէ
դիմադրական
ճիգը,
դպրոցներով
եւ
միութիւններով։
Եւ
Դաշնակցութեան
ցանած
սերմերով։
Տրաման
կարգ
մը
արժէքներ
կորսնցուցած
է
անճարութեամբ։
(Հայ
Տուն,
Հ.
Մ.
Ը.
Մ.
),
բայց
Գավալան
կը
պահէ
եղածը։
Երկուքն
ալ
ունին
Կ.
Խաչի
մասնաճիւղեր,
առօրեայ
հոգերու
համար։
Կանգուն
են
Գավալայի
Երիտ.
Միութիւնը
եւ
Հ.
Մ.
Ը.
Մ.
ը։
Տրաման
ունի
դպրոց
մը՝
80-90
աշակերտներով։
Տարեկան
ծախքը՝
75.
000։
Բացը՝
35.
000։
Թշուառութեան
վկայութիւն
մը՝
այս
ալ։
Գավալան
կը
համրէ
180
աշակերտ։
Տարեկան
նախահաշիւը՝
120.
000
տրախմի։
Ոչ
միայն
բաց
չունին,
այլ
եւ
կը
յուսան
գումար
մը
աւելցնել։
Եւ
150.
000
տրախմի
ճարելով,
կրցեր
են
ծախու
առնել
հին
եկեղեցի
մը,
որ
կը
ծառայէ
իբրեւ
դպրոց
եւ
աղօթարան,
եւ
որ
հիմնապէս
պիտի
նորոգուի։
Այս
չոր
ու
ցամաք
տեղեկութիւնները
դեռ
ամէն
բան
չեն
բացատրեր։
(«Յառաջ»,
17
Յուլիս
1932)