Սեւն ու ճերմակը ճամբուս վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
10. -ՔԱՒԱՐԱՆ ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ
      
       Թեսաղոնի՛կէ…
       Յունաստա՞ն, Հրէաստա՞ն, թէ Լեվանտիա։
       Ամէն պարագայի մէջ, քաղաք մը առանց դիմագծի։ Ինչպէս առանց յատակագծի (գոնէ խօսելով թրքական ժառանգութեան մասին)։
       Երրորդ անգամն է որ կը տեսնեմ, -1927, 1930 եւ 1932։ Անոնք որ աւելի առաջ են տեսեր, անշուշտ անճանաչելի պիտի գտնեն։
       Անճանաչելի է Սելանիկը նոյնիսկ 1927էն հաշուելով։
       Շէնք շէնքի կողքին հասակ նետած։ Լայնարձակ եւ ներդաշնակ պողոտաներ։ Եւրոպական ցուցափեղկեր ու այլազանութիւն՝ բանուկ ճամբաներուն վրայ։ Յետոյ արեւմուտքէն փոխադրուած բարքեր։ Օրինակ՝ bain mixte, ծովային եւ ցամաքային, որ թէեւ նոր սկսած, արդէն խաղ կանչել կուտայ։ (Աթէնքը աւելի կանուխ սկսած է)։
       Ու փլատակներ եւ շինութիւններ ամէն կողմ։
       Աննախընթաց էր շինութեան տենդը՝ քանի մը տարի առաջ։ Իսկ այսօր դանդաղած, եթէ ոչ կասած է, ե՛ւ պետութիւնը ե՛ւ անհատը մատնուած ըլլալով անելի։
       Տրախմին, արդէն չքաւոր, եւ հարկատու՝ Լոնտոնի, գլորեցաւ ստերլինին հետ։
      
       *
       Թեսաղոնի՛կէ…
       Ոստան փոշեթաթախ, փոշեպարար, փոշեցնցուղ։
       Խորշակ մը պարբերական՝ ամբողջ օրեր կ’աւլէ քաղաքը։ Կը կուրացնէ աչքերդ։ Կը խուժէ շէնքերու յետին ճեղքերէն ներս, եւ բաց դուռներու սանդուղներէն վեր։
       Աւլէ՛, թշուա՜ռ կնիկ։ Ծունկերդ քարերուն, շնչասպառ, սրբէ՛, օրը քանի մը անգամ, վերէն վար, որպէսզի մաքուր երեւայ պանդոկը… Որպէսզի հաց ունենան զաւակներդ։
       Սովորական օրերուն ալ, կէս օրուան ահաւոր տաքին հետ, փոշին կը հալածէ քեզ։ Կ’ընկերանայ քեզի։ Կը շոյէ երեսդ։ Բերանդ, ինչպէս ոտքերդ։
       Միայն հրակէզ արեւը չէ որ սեփ սեւ ակնոց դնել կուտայ բոլորին մինչեւ իսկ աղջիկներուն այլ եւ փոշին։ Ինչպէս Յունաստանի ամէն կողմը։
       Փոշի ախտածին, որ կը լրացնէ ճանճերու եւ մժեղներու աւերը։
       Սելանիկը, միեւնոյն ատեն, բոյն մըն է ճահճատենդի եւ հիւծախտի։
       Ո՜րքան դէմքեր գունատ եւ կերպարանքներ երերուն։
       Բոյն մը, նաեւ սեռական վարակումներու։ Քաղաքին բժշկապետը հազիւ երեք հազար կը հաշուէ ֆրանկախտաւորներու թիւը։ Անշուշտ նկատի ունի միայն անոնք, որ արձանագրուած են։ Երկու, եթէ ոչ երեք անգամ պէտք է բազմապատկել, բուն թիւը գտնելու համար։ (Քաղաքին բնակչութիւնը կը հաշուեն 250. 000-300. 000)։
       Ու վերջապէս կլիմայ մը վատառողջ։ Չքաւորութիւն՝ անյատակ։ Եւ աղտ ու կեղտ։
       Ամբողջ բազմութիւններ, կիներ եւ երախաներ, գաղափար անգամ չունին լուացքի մասին։
       Վկայ, նորէն, բժշկապետը։ Եւ ամէնօրեայ կեանքը։ Ինչպէս քաղաքներու մէջ։
       Բայց, թող իր տեղը մնայ քաղաքը, իր հրէաշունչ հրապարակով։ Միշտ ալ ատեն կ’ունենանք զբաղելու քաղաքով։
      
       *
       Պէշ Չինար։ Հարմանքէօյ։ Թէնէքէ Մահալլէսի։
       Ի՞նչ կապ ունին մեզի հետ, Թուրքերէն, պատերազմներէն մնացած այս փլատակները։
       Գաղթակայա՛ն. գաղթակայա՛ն։ Կը հասկնա՞ս իմաստը, «Յառա՛ջ»։
       Դարձո՛ւր մեքենան եւ շարէ ինչ որ կրցայ գրի առնել տեղին վրայ։
       Պէշ Չինար Ծովափ։ Հանրակառքով 10-15 վայրկեան քաղաքին կեդրոնէն։ «Ի մէջ երկուց անօրինաց» - Սթանտարտ Օյլ եւ Սերպիական Ազատ Գօտի։
       Արդէն փլատակ, անգամ մը եւս քանդուած է, շնորհիւ ներգաղթին։ Անմիջապէս փլցուցած են հիւղակները այն գաղթականներուն, որ Հայաստան գացին։ Որպէսզի ուրիշ մարդ չտեղաւորուի։ Ճիշդ այսօր, նորէն պայմանաժամ տուած են, մնացածն ալ պարպելու համար։ Եւ խուճապ՝ մնացորդներուն մէջ։
       Ո՞ւր երթանք, ո՞ր քարին զարնենք մեր գլուխը… Ասկէ դուրս ո՛ւր ալ երթանք, անօթի պիտի մեռնինք։ Քաղաքին մօտ է, քալելով կ’երթանք կուգանք։ Գէշ-աղէկ տեղաւորուած ենք։
       Փորձեցի լուսանկարել «գէշ-աղէկ»ը։ Անօգուտ։ Գրիչը պիտի կրնա՞յ տալ ինչ որ վիժեցուց «քոտաք»ը։
      
       *
       Գետնէն ցած, առաստաղները կէս առ կէս փլած ամբարանոց մը, մութ եւ խոնաւ։ Ամբողջովին քար ու հող։ Մաղարա կամ Պօտուրում, - այս բառերը աւելի խօսուն են շատերու մտքին։
       Երախաներ աղտոտ, շատերը վիրալիր դէմքերով, գոյնզգոյն կարկտաններու մէջ փաթթուած՝ կը խաղան հողին մէջ թաւալուն։ Մայրիկ մը փռուած՝ կէս օրուան քունը կը քնանայ տախտակի մը վրայ։ Ուրիշ մը կերակուր կ’եփէ։ Երրորդ մը՝ երախան գիրկը, կաթ կ’ուտայ։
       Միւենոյն բակին մէջ, դէմ դիմաց հինգ-վեց քստմնելի զնտաններ՝ այսպէս։ Եւ ի՜նչքան երախաներ՝ բոլորին մէջ։ Ահա երկու թշուառներ՝ պատառ մը հաց կը ծամեն։ Ուրիշ մը՝ ձմերուկի կեղեւ մը ճարած, կը կրծէ անյագ։
       Կեդրոնական «թաղ»ն է այս, որ ունի դպրոց մըն ալ։ Այժմ արձակուրդի մէջ։
       Դիմացը՝ երեք արտաքնոցներ գարշելի։ Կոտրտած, կիսաբաց դուռներով, ուր 8-10 երախաներ կարգի կը սպասեն։ Երկու կիներ եւ հինգ այրեր ալ՝ իրենց կարգին։
       Ճիշդ կողքին՝ նորէն զնտան մը։
       Ո՛րքան իրարու նման, այնքան այլազան են այս մթերանոցները։
       Ամէն մէկը անհատ կամ ընտանիք ունի իր «յարկաբաժին»ը՝ այս նկուղներուն մէջ։
       Թիթեղներ իրար գամած, կամ պարկի, քուրջի կտորներ իրարու կապած՝ պատ շիներ են։ Ամէնէն բախտաւորը կրցեր է տախտակամած մը ճարել, երկու մատ սանդուղով։
       Ամէն ինչ է այս «բնակարան»ը, - հիւրանոց, աշխատանոց, ննջարան, խոհանոց։
       Մայրի՛կ, պատերը, թուղթերն ու քուրջերը չե՞ն բռնկիր, երբ կրակ վառած կերակուր կ’եփես։
       Ի՞նչ ընենք, տղա՛ս, ո՞ւր երթանք… Տասը տարի եղաւ։
       Տասնըհինգ տարեկան աղջիկ մը, տաշտի մը մէջ կը լուացուի ամէնուն առջեւ։
       Ո՞վ է այս երիտասարդը, միս-մինակ պառկած, քովն ալ՝ մախաղ մը։ Ամբողջ գոյքը։ Եւ միւենոյն ատեն բարձ։
       Նոր եկաւ գիւղերէն։ Չուլ մը ճարեցինք, եղաւ տուն-տեղ։
       Քիչ անդին անկիւն մը՝ երկու կողմէն քուրջի պատեր։ Մէջտեղը՝ անկողին մը։
       Այստեղ ալ երիտասարդ մը կը բնակի։
       Ու երախանե՜ր, երախանե՜ր ամէն կողմ, պճլտուն աչքերով։ Լաթ լաթի պոչին կարուած՝ իբրեւ հագուստ։ Բոպիկ եւ գլխաբաց։ Նոյնացած՝ հողին ու տիղմին հետ։ Երախաներ անուշիկ, որոնց համար օճառն անգամ պերճանք է, ինչպէս թաշկինակը, ինչպէս հասարակ ճերմակեղէնը։
       Աւելի բախտաւո՞ր են անոնք, որ կը բնակին այս խորվիրապներէն դուրս։
       «Բախտաւոր», այո՛, անոնք, որ կրցեր են քանի մը կտոր տախտակ ճարել եւ հիւղակի մը պատերը հիւսել, - համեստ սենեակ մը գետնին երեսը, հասակիդ բարձրութեամբ։
       Ահա անցիր առջեւէն, եւ լուսամուտէն կը տեսնես ինչ որ կայ ու չկայ ներսը, -շնչաւոր թէ անշունչ։
       Այս մէկը հիւանդ երախայ մը ունի եւ գլուխը կախ՝ կը հսկէ։ Անդին, սա թիթեղեայ խշտեակին մէջ, երկու կիներ կարկտուքով են զբաղած։ Մարդ մը՝ անշուշտ անգործ, հասակը փռած կը խռկայ։
       Եւ ամէն քայլափոխիդ՝ կիներ ու աղջիկներ պառկած փողոցին մէջ, դուռին առջեւ, պատերուն տակ։ Sieste.
       Բարե՛ւ, մամի՛կ, ուրկէ՞ բերիր այս իլիկը։
       Ապրինք պիտի, տղա՛ս… Մարդ-մարդասանք չունիմ, երկու թոռներ ինծի կը նային։
      
       *
       Մէկ-երկու արհեստանոցներ՝ ունեւորներու կողմէ բացուած։ Կտաւ կը գործեն։ Մեծ մասով աղջիկներ։
       Ի՞նչ կը վճարեն։
       Մեթրի վրայ՝ մէկուկէս տրախմի, լայնքէն հաշուելով։ Կրնանք հանել օրական 12-15 մեթր։ (18-22 տրախմի, - ոչ իսկ 3-4 ֆրանք)։
      
       *
       - Քանի՞ հոգի օգտուեցան ներգաղթէն։
       Առաջ 350 ընտանիք էինք։ Հարիւր երեսունը (130) գացին Հայաստան։ Կը մնան դեռ 220 ընտանիք =1000-1200 հոգի։ Մեծ մասը արձանագրուած է, բայց չեն գիտեր պիտի կրնա՞ն երթալ, եւ ե՛րբ։ Միւս կողմէ կառավարութիւնը կը սպառնայ պարպել։
       -Նոր տեղ կը ցուցնէ՞։
       -Հարմանքէօյի ճամբան։ (Կէս ժամ քաղաքէն, ինքնաշարժով)։
       - Աւելի լաւ չէ՞ այնտեղ, բաց դաշտին մէջ, փոխանակ այս փլատակներուն եւ նկուղներուն։
       - Ի՞նչ կ’ըսէք, բարեկամ։ Այնտեղ դժոխք է. օդը վատառողջ։ Գործ չկայ, կարելի չէ քալելով քաղաք իջնել։ Մեր ապրուստէն պիտի զրկուինք։ Գիտէ՞ք որքան երախաներ մեռած են հոն։ Առաջ արտերը գործ կար, ան ալ վերջացաւ։
       - Ի՞նչ կը վաստկին անոնք, որ Սելանիկ կ’իջնեն Պէշ Չինարէն։
       - Երեսուն տրախմի (5 ֆրանք)։ Քալելով կ’երթան կուգան։ Առաջ կրկինը եւ աւելին կը շահէին։ Այստեղ օդն ալ առողջ է, ծովուն մօտ ըլլալով։ Թէեւ, ձմեռը, անձրեւին եւ փոթորիկին, Աստուած գիտէ մեր քաշածը։ Ա՜խ, ե՛լք մը, ե՛լք մը։
       Երեւա՛ն, Փարի՛զ, ելք մը, ելք մը։
       Չափազանց երկար տեւեց խաչելութիւնը այս խլեակներուն։ Մնացորդաց մնացորդին։
       Ի՜նչ օգուտ նկարագրել միւսները, - Հարմանքէօյ, Թէնէքէ Մահալլէսի, Լըմպէթ։
       Անուններն իսկ սարսուռ չե՞ն պատճառեր ձեզի…
       Հարման գիւղը՝ պատկերազարդ յաւելուածն է Պէշ Չինարին։ Պատերազմի շրջանին շինուած տաղաւարներ (փարանկա), ուր իւրաքանչիւր ընտանիք իր «բնակարան»ն ունի, քուրջէ, պարկէ, թիթեղէ, թուղթէ պատերով։ Անցիր շարք-շարք, նայէ բացուածքէ մը, ու դիտէ, եթէ կը դիմանաս։
       Այստեղ ալ, հարիւր ընտանիքներէ յիսունը գացած են Հայաստան։ Մնացեալները կը սպասեն իրենց կարգին նորեկներ ալ պակաս չեն։ Անգործութեան հետեւանքով, հեռաւոր վայրերէ ընտանիքներ եւ անհատներ կուգան։ Երկար ատեն զուտ յունական գիւղերու մէջ մնացած ըլլալով, երախաները յունացեր, իրենց մայրենի լեզուն մոռցեր են։
      
       *
       Խղճահարութիւն մը։ Պարտք սեպեցի երթալ տեսնել։ Եւ ահա պատմութիւն մը՝ բերնէ բերան, մէկ ժամ յետոյ։
       -Փարիզէն մարդ եկեր, մեզմով հետաքրքրուեր է։ Ա՜խ, ճար մը գտնէր, ճա՛ր մը…
       Փարի՜զ, Փարի՜զ, լուսացնցուղ անառականոց, որ աջ ու ձախ ժպիտներ կը ցանես։ Ժպիտներ շնական, ժպիտներ սառուցեալ…
      
       («Յառաջ», 7 Օգոստոս 1932)