Սեւն ու ճերմակը ճամբուս վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
9. - ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ՊԱՀԵՆ ԿՐԱԿԸ
      
       Պիրէոն։ Կէսօր։ Երկու կիներ՝ նաւակի մը մէջ։ Բոցավառ արեւ մը կապար կը մաղէ երկինքէն։ Հազիւ կրնաս շունչդ պահել՝ ծովափը քերելով։
       Հելլենուհի մըն է առաջին կինը, իր ճակատագիրը կապած՝ Դաշնակցականի մը հետ, եւ անոր հետ բաժնած՝ հայկական կեանքի տաքն ու պաղը։ Երկիրէ երկիր։ Փոքր Ասիայէն մինչեւ ԵրԵւան։ Մինչեւ այստեղ։
       Միւսը՝ Հայուհի մը զոր դեռ երէկ պսակեցինք վառօդով սնած ռազմիկի մը հետ։
       -Քիչ մը սպասեցէք, հիմա կուգանք, ըսեր են երկու ամուսինները։
       Կը սպասեն տասը վայրկեան, կէս ժամ, մէկ ժամ, երկու ժամ։
       Երախաներ ալ կան, եւ կը մրկին տաքէն, նաւակին մէջ կծկուած։
       -Պուտ մը ջուր, մամա՛…
       Աղաները ինչո՞ւ չըսել աղաները գացեր են «խորհրդակցելու»։ Հա՛ հիմա պիտի գան, միասին շոգենաւ պիտի նստին, եւ ճամբայ պիտի ելլեն դէպի Սելանիկ։
       Դաշնակցութիւնը ի՞նչ է, գիտե՞ս, կը հարցնէ Հելլենուհին՝ նորապսակ հարսին, որ, թէեւ Հայուհի, գաղափար անգամ չունի հայկական կեանքի երեւոյթներու մասին։
       Ի՞նչ գիտնամ. ամուսինս դաշնակցական է, հարկաւ կը սորվիմ։
       Հիմակուընէ սորվէ։ Ահա տես, ա՛յս է Դաշնակցութիւնը։ Բերին մեզ այստեղ ձգեցին, բեռներով, երախաներով, տասը վայրկեանի համար, եւ ամէն բան մոռցան։ Երկու ժամ է անցեր, արեւուն տակ խաշեցանք, բայց անոնք ժողով ունին։ Անոնք մոռցած են մեզ։ Վարժուէ՛, յետոյ չգանգատիս…
      
       *
       Որբաշատ գիւղի մը մէջ։ Դաշնակցական խումբ մը կազմեր են։
       Կը թղթատեմ ատենագրութեանց տետրը։
       Գիւղի երիտասարդներէն Ք. դիմում կատարած է շարքերուն մէջ մտնելու։ Ժողովի ընթացքին, «նկատելով որ այս անձը կոյս է մեծցած մինչեւ ցարդ, ընդունուեցաւ իբրեւ համակիր»։
       Քանի մը էջ եւս կը թղթատեմ։ Ընկեր մը դատի կանչեր են, բախտախաղի հետեւելուն համար։
       Տղան կ’ուրանայ։ Յետոյ կը խոստովանի, ու կը խոստանայ զգաստանալ, խնդրելով որ, բացառաբար, Կաղանդի առթիւ, խաղալու արտօնութիւն տան։
       Քանի մը օր յետոյ, կը ստուգեն որ խոստումը չէ յարգած։ Դատի կը կանչեն, եւ կ’որոշեն արտաքսումը պահանջել։
       Այսքան ծանր պատիժ՝ անոր համար, որ երեք տարուան ընկեր է եւ խոստումը չէ յարգած։ Իսկ յանդիմանութիւն՝ ուրիշի մը, որ դեռ նոր է արձանագրուած։
       Ընկե՛ր, կը բացագանչէ խմբապետը, ինչո՞ւ մեր ներքին կանոնագրին մէջ մասնաւոր յօդուածով մը չեն արգիլեր գինեմոլութիւնը եւ բախտախաղը։
       Ըսէի՞ թէ երկու մոլութիւններն ալ շատ-շատերուն կողմէ արժանիքներ կը համարուին մեր լուսացնցուղ պողոտաներուն վրայ։ Փարիզէն մինչեւ Մարսէյլ եւ այլուր։ Քիչ մը ամէն տեղ։
      
       *
       - Այս գիշեր ժողով ունինք, ընկե՛ր։
       - Իսկ տե՞ղը։
       - Կը ճարենք, անհոգ եղէք։
       Ու գիշերուան տասնին, յուշիկ-յուշիկ, մութ եւ խորտուբորտ փողոցներէ անցնելով, կը մտնենք պարտէզ մը, յետոյ բակ մը։ Տանտիրոջ քոյրը, ճրագի մը լոյսով, կ’առաջնորդէ մեզ հիւրասենեակը։
       Լամբար մը սեղանին վրայ եւ ամբողջ ընտանիքը՝ արթուն պահակ։ Դատապարտուած՝ քնատ մնալու, մինչեւ որ բարեհաճինք վերջացնել։ Ե՞րբ ժամը մէկուկէսին, երկուքին։ Աւելի կամ պակաս։
       Ակումբ չունինք ամէն տեղ։ Բայց ունինք տուներ, որ ակումբի դեր կը կատարեն։ Եւ տանտիրուհին միայն կրնայ ըմբռնել թէ, յաջորդ օրը, քանի՞ ժամ պէտք է դատին, տունը տունի վերածելու համար…
       Տակաւին կայ գիշեր լուսցնել, յաջորդ օրը միեւնոյն տեղը չյաճախելու համար։ Բազմացեր ու կարմրեր են «աչք»երը։
       Եւ կա՛յ վարժութիւնը կայանէ կայան, արուարձանէ արուարձան ճամբայ կտրելու։
       Առաջին տարին, Շրջ. Ժողովի համար քալելով կտրեցինք այս ճամբան ութ քիլոմեթր քաղաքէն։
       Առաջին անգամ երբ Աթէնք հասանք, տուն-տեղ չունէինք, եւ այս գաղթակայանին մէջ, կարկտան վրանի մը տակ, եօթը հոգինոց խումբ մը կազմեցինք։ Այդ խումբն է, որ այսօր բարձրացեր է 75ի։
       Մինչեւ անգամ Կրետէն ունի իր պատմութիւնը։
       Ռեթիմնօ։ Հազիւ երկու հարիւր հոգի՝ իբրեւ համրանք։ Հինգով-տասնով կորսուած՝ նեղլիկ փողոցներու մէջ, որ Վենետիկը կամ Ֆիլիպէն կը յիշեցնեն։ Թեւդ կրնայ հասնիլ դիմացի տունը։
       Ժողով, - ո՞ւր կրնանք հաւաքուիլ, ընկե՛ր։
       Կը կարգադրենք, հոգ մի ընէք։
       Եւ գիշերուան 11ին կ’առաջնորդուինք խարխլած շէնք մը, որուն հողին վրայ կարելի է տասը տուն շինել։ Անշուշտ պորտաբոյծ փաշայի մը հանգուցեալ քօնաքը, որ կը ճարճատի մղձաւանջէն փրկուած տարագիրներու գարշապարներուն տակ։
       Մոմի լոյս մը ճամբայ կը բանայ դէպի աջ, յետոյ դէպի ձախ, եւ կը կեցնէ անկիւն մը։
       Մերկ սենեակ մը, ուր տասը հոգի կրնան քով քովի նստիլ։ Սեղան մը եւ աթոռ մը կրցած են ճարել հարեւան տունէ մը, իսկ միւսները կը նստին ծալապատիկ, տախտակին վրայ։ Աւելցածներն ալ՝ ոտքի։
       -Չէք մեղադրեր, այնպէս չէ՞, ընկեր։ Կամաց-կամաց աւելի լաւը կ’ընենք։ Այսպէս չսկսա՞նք, տարինե՜ր առաջ…
       Կա՛յծը ողջ մնայ, ընկե՛ր։ Եւ ձեր արեւը կանանչ։
      
       *
       Եւ դեռ տիպարները։ Անոնք որ վառ կը պահեն խարոյկը, ինքնայատուկ հասկացողութեամբ։
       Անշուշտ չէք հարցներ ոչ քաղաք, ոչ անուն։ Բարի ընկերներ են, եւ չեմ ուզեր վարդով իսկ դպչիլ։
       Ահա մէկը, - միս ոսկոր դարձած ուխտաւոր։
       Շտապ-շտապ կուգայ դէպի սրճարան։
       Ելիր երթա՛նք։
       Ի՞նչ կայ, ժողո՞վ ունինք։
       Սը՜ստ. պատին վրայ ճանճ կայ։
       Մինասը ինչո՞ւ չեկաւ։
       Ուրիշ բանի մասին խօսէ։ Օդը ի՞նչպէս է։ Գեղեցիկ է այս ծովափը։
       Ի՞նչ է պատահեր, բարեկամ։
       Ձայն մի հաներ, կուգա՜ն կոր։
       Ո՞վ է եկողը։
       Հոն նստեր էին, չտեսա՞ր։
       Տեսայ, երկու ռուս աղջիկ եւ տեղացի երիտասարդ մը։
       Ո՛չ, անո՛նք, անո՛նք։
       Ուրիշ մարդ չկար, կը սխալիս։
       Քալէ՛՝ կ’ըսեմ։ Աղուո՞ր է այս քարափը։
       Այս ի՞նչ կասկածոտ մարդ ես։
       Դուն չես գիտեր։ Քալէ՛, քալէ՛։
       Կը դառնանք փողոց մը, հանդիպելու համար ընկերոջ մը խանութը։ Կը փորձեմ բանալ բերանը։
       Ժողով ունի՞նք այսօր։
       Մի՛ խօսիր։
       Ի՞նչ կայ նորէն։
       Սա ծեր մարդը, որ խանութին առջեւ կեցեր՝ խմորեղէն կը ծախէ։ Անոնցմէ՜ն է։
       Ձգէ՛ Աստուածդ սիրես։ Մէկ ոտքը գերեզմանն է։
       Դուն չես գիտեր։ Քալէ՛։ Սիրեցի՞ր այս քաղաքը։
       Մշտնջենական շարժում՝ այս ընկերը։ Անդադար կը խլրտին աչքերն ու ականջները։ Ամէն տեղ է եւ լուր ունի ամէն բանէ։ Անսխալ վճիռ՝ ամէն երեւոյթի մասին։ Ո՛րքան կ’ուզես առարկէ։ Պատասխանը պատրաստ է.
       Քալէ՛ կ’ըսեմ. դուն չես գիտեր։
      
       *
       Ահա ուրիշ մը, գործօն անցեալով մը։
       Եղբա՛յր, այս նորերը ինքնահաւան են, խօսք մտիկ չեն ըներ։
       Իսկ դո՞ւն, երբ քսան տարեկան էիր։
       Ճիշդ է, բայց փորձառութիւն չունին։
       Փորձառութիւն եւ տարիք անբաժան են իրարմէ։
       Բայց ամբարտաւան են, եղբա՛յր։
       Այդպէս կը սկսին։
       Մենք ինչե՜ր տեսանք, հէ՜յ, բանտ, աքսոր, չարչարանք։ «Դրօշակ»ը մասունքի պէս կը պահէինք… Ասոնք ի՞նչ տեսան, որ մեծ-մեծ կը ջարդեն։
       Ճիշդ ատոր համար ալ պէտք է ներողամիտ աչքով նայիլ։ Կը բաւէ, որ նկարագիր ունին։
       Փորձառութիւն չունին, եղբա՛յր, փորձառութիւն։ Ո՜ւր են մեր ժամանակները… Ո՜ւր ասոնք, ո՜ւր՝ մենք…
      
       *
       Այս մէկը երիտասարդ է։ Ոչ թէ տիպար, այլ երեւոյթ։
       Որբ մը, գէշ աղէկը աշխատանք մը ճարած քաղաքին մէջ։ Համեստ վրայ-գլուխով։ Կուրծքը բաց։ Խանձած՝ արեւին տակ։
       Պիտի հատնինք, պիտի մեռնինք այսպէս, ընկեր։
       Ի՞նչ ըսել կ’ուզես։
       Սխալ չհասկնաք։ Տնտեսական տագնապի մասին չէ խօսքս։ Վարժուեցանք ատոր։ Գործ, գո՛րծ։
       Ի՞նչ ըսել կ’ուզես։
       Ինչ որ որոշէ կուսակցութիւնը։
       Հազարներ կան քեզի պէս, հրամանի սպասող։ Ունի՞ս ո՛ր եւէ մասնագիտութիւն։
       Ո՛չ. Դաշնակցութեան զինուոր եմ։ Չի՞ բաւեր։
       Սպասէ կարգիդ։
       Լա՛ւ, ես ալ կ’ընդունիմ, որ սպասել, հաշուել պէտք է։ Բայց ես ուրիշ գանգատ ունիմ։
       Մի՛ քաշուիր, պատմէ։
       Մեր քաղաքին վարիչ Մարմինը պահպանողական է. չի զբաղիր մեզմով։ Մենք երիտասարդներս պէտք ունինք սնունդի, գուրգուրանքի։ Բախտին ձգեր են մեզ…
       Արդարեւ։ Յիշատակները բաւական չեն աւանդը անվթար փոխանցելու։
      
       («Յառաջ», 47 Օգոստոս 1932)