1.
–
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ
ՀԱՅՈՑ
Ի
ՍՓԻՒՌՍ
ԵԼԼԱԴԱՅԻ
…
Ի՞նչ
կայ,
լեցուեր
էք
քաղքըներ
գրոց
մարդիկդ.
քաղքներէն
խեր
չկայ.
կուգա՞ս
հետս
տանիմ
մեր
երկիրը.
տես
իմա՜լ
անուշ
երկիր
է,
իմա՜լ
ժողովուրդ
ունինք…
Արժէ,
որ
մեռնինք
անոր
համար։
ԳԷՈՐԳ
ՉԱՎՈՒՇ
Քաղաքէ
քաղաք
եւ
փողոցէ
փողոց,
վրիպեցայ
կատարելու
պարտականութիւնս
Գէորգ
Չավուշի
հանդէպ։
Այդ
վրիպումը
ծանր
կուգայ
ինծի.
որովհետեւ,
Գէորգ
Չավուշն
է
որ,
իր
հերոսական
մահովը,
Դաշնակցութեան
միւռոնը
կաթեցուց
սրտիս
մէջ։
Մտքին
տատանումները
նահանջեցին
անդարձ
երբ,
1907ին,
ձեռքէ
ձեռք
անցած
«Դրօշակ»
մը
կը
պատմէր
Գէորգի
վերջին
կռիւն
ու
շիջումը՝
աչքերը
բաց։
Թեւերը
գետին
փռուած՝
անզօր
կատաղութեամբ,
եւ
հայեացքը
յառած
դէպի
Մուշի
դաշտն
ու
սարերը։
Թող
պարտքս
ըլլայ,
ընկերներ,
ուրիշ
առիթով
մը
քաւել
մեղքս։
Իսկ
առ
այժմ,
քաղաքէ
քաղաք
եւ
փողոցէ
փողոց,
փորձեմ
ներկայացնել
սեւն
ու
ճերմակը
այս
աշխարհին։
Անշուշտ
ամէնէն
առաջ
մեր
ժողովուրդին։
Եւ
թող
Գէորգը
ներէ
մեզի,
եթէ
«գրոց
մարդիկս»,
լեռներով
եւ
ծովերով
բանժուած
իր
«անուշ
երկիր»էն,
չկարենանք
իրեն
չափ
ճանչնալ
անոր
հալածական
եւ
ցիրուցան
զաւակներուն
այսօրուան
կեանքը։
Անոնց
տառապանքն
ու
ճիգը։
Ու
վերելքը։
Տեսնելով
այդ
ժողովուրդին
մնացորդները
երկիրէ
երկիր,
կայանէ
կայան,
օրը
օրին
շփուելով
անոնց
հետ,
խառնելով
քու
հեւքդ
անոնց
հեւքին,
հետեւելով
անոնց
բացած
հետքերուն,
դուն
ալ
պիտի
գոչես,
բոլորովին
ինքնաբերաբար,
եւ
ի
խորոց
սրտի.
Իմա՜լ
ժողովուրդ
ունինք…
Արժէ
որ
մեռնինք
անոր
համար։
Կռիւ
ունէինք
երէկ,
եւ
Գէորգը
քաջերուն
մահը
շատ
չէր
տեսներ
ժողովուրդին
համար։
Կռիւ
ունինք
այսօր
ալ,
բոլորովին
տարբեր
պայմաններու
մէջ։
Կտրուած՝
ե՛ւ
արմատէն
ե՛ւ
կաթէն։
Եւ
եթէ
հրացանն
ուսին
մեռնիլ
չկայ,
կա՛յ
ճիգը
սրտին
ու
մտքին,
-
խանդավառ
աշխատանքը
ի
սպաս
նոյն
ժողովուրդին։
Մոմի
պէս
հատնելու
գնով։
Արժէ՜
որ
հատնինք
անոր
համար։
Ամէն
տեղ
եւ
ամէն
օր։
Pro
patria.
*
Կը
սկսիմ
սահմանածայրէն։
Տէտէ
Աղաճ,
-
այսօրուան
կոչումով՝
Ալեքսանդրապոլիս։
Քանի
մը
ժամ՝
թրքական
սահմանագլուխէն։
Անասելի
խռովք
մը
կ’ալեկոծէ
հոգիդ,
երբ
աչքերդ
կ’ուղղես
դէպի
ծովափ։
Ահա
Կէլիպոլուի
լեռները,
եւ
սարալանջերը
Տարտանէլին՝
քնացող
կոկորդիլոսներու
պէս
փռուած
ծովուն
երկայնքը։
«Երկու
շաբաթ
մնաց…
Նեղուցը
ճեղքուած
է…
Շուտով
կը
հասնին…»։
Եւ
հասա՜ն։
Հասան,
երբ
մէկ
միլիոն
կմախքներու
«ազգութիւն»ն
անգամ
կարելի
չէր
զանազանել։
Բայց
լպրծուն
է
այս
ճամբան։
Թողո՜ւնք
աշխարհագրութիւնն
ու
պատմութիւնը,
եւ
քրքրենք
Մնացորդաց
առօրեան։
Այնպէս
ինչպէս
որ
կայ։
Սեւովն
ու
ճերմակովը։
Գաւառն
է
աչքիդ
առջեւ,
Յունաստանէն
մինչեւ
Միջագետք։
Հայ
ժողովուրդը՝
ի
սփիւռս
աշխարհի։
Եւ
այս
ծովափին
վրայ։
Հայ
գաղութը՝
1000-1200
հոգի,
-
15.
000ի
մէջ։
Համեստ
խանութպաններ,
արհեստաւորներ
եւ
բանուորներ։
Մեծ
մասով՝
Թրակիայէն
եւ
Փոքր
Ասիայէն։
Աւելի
հին
են
բուն
Հայաստանցիները,
որոնք
եկած
են
1922էն
շատ
առաջ։
Դպրոց
մը՝
120
աշակերտով։
Մանկապարտէզն
ալ
միասին։
Վա՜յ
ձեզ,
քաղքցիներ
արեւմուտքի,
որ
չունիք
մխիթարութիւնը
այս
տարրական
պահանջին
–
հայկական
դպրոց։
Տարեկան
հանդէսն
էր,
-
ցուցահանդէսը
մէկ
տարուան
աշխատանքին,
եւ
չկրցայ
զսպել
արցունքս,
բաղդատելով
«մեր»
Փարիզին,
Մարսէյլին
կամ
Լիոնին
հետ։
Ահա
տեսէք
թէ
ի՛նչպէս
«Հայը
Հայ
կը
պահեն»,
այս
հեռաւոր
ծայրագաւառին
մէջ,
ամսական
հինգ-տասը
տրախմիով
(մէկ-երկու
ֆրանք),
գուրգուրանքով
եւ
յարատեւութեամբ։
Ու
տեսէք
դուք,
մանաւանդ,
երիտասարդներ
եւ
մանկամարդուհիներ
մեծ
պողոտաներու,
-
թէ
ի՛նչպէս
ձեր
տարեկիցները
կ’ուսուցանեն
մեծին
ու
փոքրին,
կը
սպառեն
ինչ
որ
բերած
են
իրենց
հետ,
սերունդէ
սերունդ
փոխանցելու
համար
«Ո՜վ
Մեծասքանչ»ը։
Հոգ
չէ
թէ
նախնական,
հոգ
չէ,
թէ
երբեմն
խաթարուած
հելլենական
սուր
շեշտով
մը։
Պիտի
սարսափիք
եթէ
իմանաք
վարձքը
իրենց
վաստակին,
-
ամսական
800,
600
եւ
400
տրախմի
(5-6
տրախմին
մէկ
ֆրանք
է),
-
վարժուհիներու
համար,
որոնք
մեծամասնութիւն
կը
կազմեն,
իբրեւ
աժան
աշխատաւորներ…
1922ին,
3-5
տարեկան
երախաներ,
արդէն
դարձած
են
12-15
տարեկան,
ոչ
միայն
կը
խօսին
ու
կը
գրեն
հայերէն,
ոչ
միայն
կ’երգեն
մեր
բոլոր
երգերը,
այլ
եւ
կ’արտասանեն
տիրաբար։
Դուք
պէտք
է
տեսնէիք
սա
Պանտրմացի
աղջիկը,
այնքան
սիրուն
եւ
համարձակ,
երբ
կ’արտասանէր
բազմութեան
առջեւ,
կամ
իր
ընկերները,
որ
կուլային,
հասած
ըլլալով
դպրոցէն
բաժնուելու
ժամը…
Շրջանաւարտները
–
եօթը
աղջիկ
եւ
երկու
մանչ։
Տնտեսական
ազդակը
այստեղ
ալ
խանգարած
է
ամէն
կարգ
ու
սարք,
եւ
տղաքը
հազիւ
12-15ը
բոլորած,
կը
նետուին
շուկայ,
կէս
ձգելով
ե՛ւ
պատանութեան
երազները
ե՛ւ
դպրոցը։
Ու
դպրոցին
մէջ
ալ,
ինչպէս
ամէն
տեղ,
կը
տիրապետեն
աղջիկները։
Տէտէ
Աղաճը
ունի
ուրիշ
լուսաւոր
ազդակ
մը,
Տարօնեան
Միութիւնը,
որ
բազկերակն
է
երիտասարդական
շարժման,
իր
լսարանով
եւ
գրադարանով։
Բանուոր
տղաք
են,
կրակոտ
աչքերով,
եւ
հազիւ
ազատած
օրուան
տաժանքէն
–
գիշերուն
ժամը
10ին,
-
դուք
բոլորը
պիտի
տեսնէք
ո՛ր
եւ
է
շարժման
հետ։
Անոր
գլուխը
կամ
բոլորտիքը։
Դժբախտաբար,
վերջերս
աննշան
վէճ
մը
ծագելով,
կազմուած
է
երկրորդ
Միութիւն
մը,
«Մասիս-Հայկազեան»։
Ըսելիք
պիտի
չունենայինք,
եթէ
մէկը
միւսին
պակասը
լրացնելով,
օգնէր
կարելի
եղածին
չափ
շատ
երիտասարդներ
կապելու
հանրային
կեանքին։
Եկա՜ծ
է
ժամանակը
կողմնակի
օրկաններըլ
լուծելու
տիրական,
տոկուն,
զանգուածային
կազմակերպութեանց
մէջ։
Ուժի
կռիւ
է,
իսկ
ուժերու
համախմբումը՝
ամէն
բանէ
վերջ։
Եւ
Ալեքսանդրապոլիսը
ունի
նաեւ
Դաշնակցական
կազմ
եւ
զանգուած։
Ո՞ւր
չունի։
Միս
ու
ոսկոր
դարձած
տարեցին
քով՝
խանդավառ
երիտասարդը։
Սերունդը
կը
փոխուի,
կը
նորոգուի,
բայց
չի
հատնիր։
Ինչպէս
ամէն
տեղ։
*
Մեռա՜ծ
է
քաղաքը,
ինչպէս
բովանդակ
Յունաստանը։
Մասնաւորապէս
Թրակիան
ու
Մակեդոնիան։
Չունի
ներքնաշխարհ,
ոչ
ալ
շարժում՝
դէպի
ծով։
Ուրեմն
դատապարտուած՝
ինքն
իր
մէջ
հալելու,
մինչեւ
ցնոր
տնօրինութիւն։
Բոլորովին
տարբեր
է
տնտեսական
տագնապը՝
այս
աշխարհին
մէջ։
Բոլորը
կը
տրորուին
միեւնոյն
անձկութեամբ,
սպասելով
հունձքին։
Ու
կը
զարմանաս
տեսնելով
դիմադրական
կորովը՝
մերիններուն։
Ինչպէս
ամէն
տեղ։
Ոչ
մէկ
հետք
Թուրքի
եւ
թրքականութեան,
բաց
ի
բարքերէն,
որ
աւելի
շատ
արեւելեան
են։
Մինարէները
գլխատուած,
ամէն
տեղ,
այս
սահմանակէտէն
մինչեւ
Կրետէ։
Բացառութիւն
են՝
Կոմոտինի
(Կիւմիւլճինա)
եւ
Քսանթի
(Իսքէչէ),
ուր
փաթթոցն
ու
շալվարը,
ֆէսն
ու
կարմիր
գօտին
իրենց
քստմնելի
ստուերը
կը
պտտցնեն
փողոցներու
մէջ,
մինարէներու
շուքին
տակ։
Յունաստանը
փրկուա՜ծ
է
դարաւոր
մղձաւանջէն։
(«Յառաջ»,
3
Յուլիս
1932)