Սեւն ու ճերմակը ճամբուս վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
3. ՔԱՆԻ ՄԸ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
      
       Կոմոտինին ալ ունի իր դպրոցը։ Տարեկան ելմտացոյցը՝ 90. 000 տրախմի, որուն 60. 000ը հաստատուն եկամուտ (ազգային կալուածներ եւ թոշակներ)։
       Յունական դպրոցներու աշակերտներէն 20-30 մանչեր եւ աղջիկներ շաբաթը երկու անգամ հայերէնի դաս կ’առնեն, շնորհիւ Կ. Խաչին, որ վարժուհի մը ապահոված է ամսական… երկու հարիւր տրախմիով։ (Ոչ իսկ 40 ֆրանք)։ Հայերէնը մոռցեր էին, եւ հիմա «Լուսաբեր» եւ «Գանձարան» կը կարդան։
       Եւ եթէ աւելցնեմ որ այս արեւելեան գիւղաքաղաքին մէջ Կ. Խաչը տարեկան եկամուտ ունի 15-16. 000 տրախմի, կը հոգայ փողոց մնացած երախաները եւ կարօտ աշակերտներու գրենական պէտքերը, կ’օգնէ մարզական խումբին եւ 6500 տրախմի ալ պահեստի դրամ ունի, անշուշտ բարի նախանձ մը պիտի վարակէ Ֆրանսայի մեր մայրերն ու քոյրերը։
       Ասոնք ալ գաղթականներ են, առանց մտաւորական յաւակնութիւններու։ Անդամավճար՝ ամսական հինգ տրախմի։ Եկամուտին բաշխումը՝ 50 առ հարիւր անձեռնմխելի (աղէտներու եւն. համար), 10 առ հարիւրը կարօտ աշակերտներու, 25 առ հարիւրը նպաստ աղքատներու, 15 առ հարիւրը մարզանքի եւ գնդախաղի հետեւող աղքատ պատանիներու։ (Նախընտրելի էր յատկացնել արիներու խումբի մը)։
      
       *
       Կոմոտինէն ունին նաեւ ռատիօ։
       Ի՞նչպէս կը ծանուցանէք ո՛ր եւ է ժողով, բանախօսութիւն։
       Տղաքը աղջիկներուն կ’ըսեն, եւ բերնէ բերան, պատուհանէ պատուհան կը տարածուի մէկ ժամուան մէջ։
       Իսկ հինե՞րը։
       Ժամկոչը կը ղրկեն տունէ տուն։
      
       *
       - Ներգաղթի արձանագրութիւն կատարուա՞ծ է այստեղ։
       - Դեռ այս կողմերը չեն եկած։ Բայց երթալու պատրաստ են 40-50 ընտանիք։
      
       *
       Կիւմիւլճինա եւ… Դաշնակցութիւն։ Ի՜նչ հակասութիւն։
       Եւ սակայն, եկէք տեսէք, ընկերներ, սա վառվռուն տղաքը, որ կը հեւան ու կը յուսան։ Նոյն իսկ աղջիկներ, որ կ’ուզեն խումբ կազմել։
       Երկու ընկերներ կան միայն, որ անցեալ ունին։ Որ կը սիրեն արժեցնել իրենց տարիքի բեռը։ Միւսները՝ դալարագեղ հասակներ։ Եւ ահա կը ծագի փոխանցման շրջանի տագնապը։ Ինչպէս ամէն տեղ։
       Բայց, Դաշնակցութիւնը նման է Բիւրակնի վտակներուն եւ ծաղիկներուն։ Ներդաշնակութիւնը բնական օրէնք մըն է Դաշնակցութեան համար։ Իսկական բնազդ։ Եւ առուն շուտ կը գտնէ իր ճամբան, ինչպէս ծաղիկը՝ իր սարսուռը։
      
       *
       Մէկ ժամ ալ՝ դէպի արեւմուտք։ Եւ ահա Քսանթին։ Թուրքերուն Իսքէչէն։ Կռնակը տուած սահմանագլուխի լեռներուն, ոտքերը փռած դէպի դաշտերը։
       Ճեպընթացը կը սուրայ, եւ ահաւասիկ նորէն բարեւի կեցած են մշակները, այր թէ կին։
       Բարի սովորութիւն մը, - ձեռամբարձ բարեւ կառախումբի պատուհանէն երեւցող ճամբորդներուն։ Ինչպէս եթէ ոտքով կամ ձիով ճամբորդէիր։
       Արեւ ու բարե՜ւ ձեզ, բարի եւ արի մշակներ։
       Թող դալար մնան ձեր ձեռքերը։ Ո՛վ որ ալ ըլլաք, ո՛ւր որ ալ գտնուիք։ Քաղքցին կուգայ ու կ’անցնի ինչպէս ճեպընթացը։ Մշա՛կն է միայն յաւիտենական։ Ե՛ւ ծառան ե՛ւ վեհապետը հողին, Մակեդոնիոյ դաշտերուն թէ մեր աշխարհի արտերուն մէջ։
       Արե՜ւ ունի մեր աշխարհն ալ, բայց չունի ցորենի խուրձերուն կռթնած հնձուորներ։ Ունէ՜ր եւ չունի այսօր։
       Չունի արեւուն տակ եփած, ճերմակ լաչակով մանկամարդուհիներ, աշխատանքը բաժնած՝ երիտասարդներուն հետ։ Նոյնքան չարքաշ եւ անսպառ։
       Կ’ունենա՞յ նորէն։ Կ’ունենա՞նք նորէն, մեր կարօտի համբոյրը խառնելու համար Աստծու բարեւին, այսպէս քաղաքէ քաղաք անցած ատեն, լեռ ու դաշտ ձգած մեր ետին։
       Հազարնոց համրանք մըն ալ այստեղ։ Քիչ մը աւելի պակաս։ Իրազեկ մը կը հաշուէ 850 հոգի, որոնց կէսը արձանագրուած են Հայաստանի համար, թէեւ հարցնող-փնտռող չկայ տակաւին։ (Չորրորդ կարաւանը կազմուեցաւ գլխաւորապէս Տրամայէն եւ Սէրէզէն)։
       Դպրո՞ց։ Այո՛։ 150-170 աշակերտով։
       Եւ դարձեալ երկու Միութիւն։ Տիրականը՝ Հ. Ե. Ե. Մ. (Հայ Երիտասարդներու Երկսեռ Միութիւն)։ Երկու տարի առաջ՝ ունէին համեստ սենեակ մը։ Այժմ ապահոված են ընդարձակ սրահ մը, ուր հինգ հարիւր հոգի կրնան հանգիստ նստիլ, ոտքի վրայ տեղ ձգելով ուրիշ երկու հարիւրի մը։
       Փարի՛զ, Լիո՛ն, Մարսէ՛յլ, ե՞րբ, ո՞ր տարին պիտի ազատիք սրճարաններու կողմնակի սենեակներէն, կամ վարձու սրահներէն…
       Եւ Միութիւնը ունի գրադարան մը, որ միակն է ոչ միայն ամբողջ Յունաստանի, այլ եւ շատ մը գաղութներու մէջ։ Ժառանգութիւն մը՝ Թրակիայէն, խուճապի շրջանին փոխադրուած եւ գուրգուրանքով պահուած։ Հատորներուն թիւը կ’անցնի հազարը։ Բոլորն ալ հայկական։
      
       *
      
       Սեւ կատու մը անցեր է այս տարի, խելօքիկ համբաւի մը տիրացած այս քաղաքին փողոցներէն։ Դրօշակի խնդիր։
       Դժբա՜խտ Ալիշան։ Տապալէի՜ր տապանաքարդ եւ դիտէիր անգամ մը, - թէ ի՛նչպէս ափ մը մարդիկ պատմութիւն կը շինեն պատմութեան փոշիներէն լոյս աշխարհ հանուած խորհրդանշանի մը համար։
       Դէ՞պքը։ - Ապրիլեան սգահանդէս կը սարքուի, նախաձեռնութեամբ Թաղ. Խորհուրդին։ Որդ մը կ’իյնայ քանի մը մարդոց սրտին մէջ, եւ կը մղէ երթալ մինչեւ ոստիկանութեան դուռը, որպէսզի եռագոյն չպարզուի։ Հանդէսի պահուն չափահաս որբ մը եռագոյնը պարզած՝ կը սպասէր բացման, երբ ոստիկանապետը կը հրամայէ վար առնել։
       Դո՛ւք վար առէք, Պ. ոստիկանապետ։
       Պաշտօնատարը չի համարձակիր, եւ կը հրամայէ ոստիկանի մը՝ որ վար առնէ դրօշակը։ Ոստիկանը չի հնազանդիր։
       Այս լարուած մթնոլորտին մէջ է որ, չափահասները փոխանակ տեղի տալու, կը նախընտրեն դրօշակը պարզած դուրս ելլել։ Եւ սգահանդէսը կը կատարուի առանց եռագոյնի… Անշուշտ ուռեցնելով «յաղթական»ները։
       Երկու ամիս անցած է արդէն, բայց վէրք մը կը բանի գաղութի ծոցին մէջ։ Մռլտուք եւ քէն։
       Ձայն մը գերեզմանէն։ Ութսուն տարեկան ծերուկ մըն է, չափազանց վրդովուած՝ այս խայտառակութենէն։ Ձեռքերը կը դողան, աչքերը կը փայլատակեն։
       Խօսէ, հայրիկ, խօսէ՛ թող լսեն բոլորն ալ.
       Այն մարդը, որ գէշ բան կ’ընէ, խաւարի մարդ է, այն մարդը, որ լաւ բան կ’ընէ, լուսոյ զաւակ է։
      
       *
       Գիշերը, թռուցիկ մը մութին մէջ։ Միշտ մութին մէջ։ Հատուած մը։ Կարդացէք եւ տարածեցէք.
       «Այսօր երբ դրամատիրական աշխարհը կը գալարի տնտեսական ամենասուր տանգապին մէջ, երբ համայն մարդկութիւնը կը մեռնի անօթութեան, անգործութեան եւ ասոնց հետեւանք սարսափելի հիւանդութիւններէն, անդին Եւրոպայի միջազգային արիւնարբու իմպերիալիզմի շուները իրենց թեւերուն տակ առած աւանակ Դաշնակցութիւնը, ոսկոր մը տուած անոնց անօթի շէֆէրուն բերանը, ինչպէս այսօրուայ ճիւաղ Շաւարշ Միսաքեանները, կը ղրկէ զանոնք գաղութները մոլորեցնելու եւ թնդանօթի միս դարձնելու հայ աշխատաւորներու մարմինները, Խ. Հայաստանի եւ Խ. Միութեան դէմ պատրաստուող ահռելի պատերազմի մէջ»։
      
       Թշուա՛ռ, երիցս թշուա՛ռ, թշուառականներ, որ բռնուած էք հոգեւոր օնանականութեամբ։
       Երիտասարդի մը մահը, ըսած է դասական հեղինակ մը, նաւաբեկութեան կը նմանի։
       Իսկ ինչի՞ է նման երիտասարդութեան մը հոգեկան մահը…
      
       («Յառաջ», 10 Յուլիս 1932)