12.
-
ԸՆԴ
ՀՈՎԱՆԵԱՒ
ԱԿՐՈՊՈԼԻ
Թող
իր
տեղը
մնայ,
նորէն,
քաղաքը,
-
Աթէնք։
Կը
խօսինք
առանձին։
Ա՜յ,
տղաք,
երթանք
Ֆիքս,
-
«մեր
հայրենիք»
փոշեթաթաւ։
Կատարեալ
Հայնոց,
աննշան
բացառութեամբ։
Ամէն
բան
տե՞ղն
է։
Պակսա՞ծ
է
թէ
աւելցած։
Քիչ
մը
թեթեւցաւ,
ներգաղթին
շնորհիւ։
Բայց
անզգալի։
Նորէն
կը
հաշուենք
մօտ
չորս
հազար
ժողովուրդ
(նախապէս
4500-5000)։
Եւ
դպրոցներ,
դպրոցնե՜ր,
բոլորն
ալ՝
լեփ-լեցուն։
Դարձեալ
տախտակներու
մէջ,
ինչպէս
1927ին։
Ինչպէս
1930ին։
Դպրո՞ց,
-
բարակ-երկայն
սրահ
մը՝
խորանով
ու
զանգակատունով։
Եկեղեցի՝
Կիրակիէ
Կիրակի։
Կրթարան՝
լուր
օրերը։
Բաժնուած
չորս-հինգ
դասարաններու,
որոնք
իրարմէ
անջատուած
են
նստարաններով։
Միեւնոյն
ատեն
դաս՝
բոլոր
դասարաններուն
մէջ։
Առջեւը՝
բացաստան
մը
ուր
ամառը
փոշիներուն,
ձմեռը
տիղմին
մէջ
«կը
զուարճանան»
տղաքը,
մանչ
եւ
աղջիկ։
Ու
մանկապարտէզը՝
քիչ
անդին։
Բուն
դպրոցին
մէկ
չորրորդ
մեծութեամբ։
Յիսուն
հոգի
հազիւ
կրնան
տեղաւորուիլ։
Բայց,
հարիւր
յիսուն
ալ
կը
թխեն,
«ի
սէր
ազգութեան»։
Այս
ի՜նչ
զարհուրելի
տաք
է։
Դուռ
պատուհան
բաց,
առջեւը՝
բացաստան,
միայն
շապիկով
նստեր
ենք,
-
եւ
սակայն,
կարելի
չէ
շնչել։
Եւ
մենք
հազիւ
կէս
ժամ
նստանք։
Երեւակայեցէք,
երախաներուն
վիճակը։
Բայց
ինչո՞ւ
այսպէս
անտանելի
է
տաքը
աս
օդասուն
տաղաւարին
մէջ։
Եկէք
բացատրեմ
«ինչո՛ւ»ն…
Եկէք
տեսէք
դուք
ալ,
-
տանիքին
բարձրութիւնը
չանցնիր
հասակիդ
մէկուկէս
անգամը։
Ոտքդ
կռթնցուր
պատուհանին։
Տեսա՞ր,
տակը
տախտակ,
վրան…
մոմլաթ։
Բայց,
կարելի
չէ՞ր
ուրիշ
բան,
կղմինտր…
Սո՛ւղ
է,
սո՛ւղ։
Դրամ
չկայ։
Չունի՜նք…
Այսքանը
հազիւ
կրցանք
ճարել։
Սո՞ւղ
է։
Հաշուեցին,
որ,
մեր
դրամով
հազիւ
մէկ-երկու
հազար
ֆրանքի
կը
կարօտի
բարեփոխումը։
Հազար
ֆրանքը,
որ
երեք
հազար
տրախմի
կը
բռնէր
երկու
տարի
առաջ,
այսօր
կ’արժէ
7-8000,
եթէ
ոչ
աւելի։
Դուն,
ես,
միւսը
հազիւ
կրնանք
դիմանալ
կէս
ժամ,
մէկ
ժամ,
ամրան
տաքուն։
Իսկ
սա
պզտիկ
մարտիրոսները
այստեղ
դաս
կ’առնեն
օրն
ի
բուն։
Տապկուելով
մաղ-մաղ
կրակի
տակ։
Արեւուն
բարկ
ճառագայթներուն
հետ։
Ծծելով
անոնց
հետ
պար
բռնած
փոշիներն
ալ։
Ու
երեսներ
մրոտ։
Ոտքեր՝
բոպիկ,
յաճախ
«նալըն»ով։
Հագուստ-կապուստ
մը՝
կարկտան։
Թշուա՜ռ
մայրեր.
ճար-ճարակ
ըրած
եւ
յարմարցուցած
են
ինչ
որ
գտեր
են
ձեռքի
տակ։
Ինչ
որ
աւելցեր
է
մայրիկէն
կամ
հայրիկէն։
Ինչպէս
ամէն
տեղ,
այս
գաղթակայաններուն
մէջ։
Հազար
հինգ
հարիւր
աշակերտներ
կը
համրէ
Ֆիքսը։
Երբեմն
աւելի,
երբեմն
պակաս։
Մեծագոյն
մասը՝
ազգային
դպրոցի
մէջ։
Յետոյ՝
Ս.
Գ.
Լուսաւորիչ,
ամերիկեան,
բողոքական
եւայլն։
Ամբողջ
հիւղաւանին
մէջ,
իբրեւ
դպրոցական
շէնք՝
աչքի
կը
զարնէ
Ս.
Գ.
Լուսաւորիչը,
զոր
Ֆրանչիսկեան
վարդապետներ
կը
վարեն
Հռոմէն
սահմանուած
վարկով
մը։
Երկու
միլիոն
տրախմի
արժած
է
շինութիւնը
այս
հաստատութեան,
որ
ունի
կոկիկ
դասարաններ,
գրադարան
եւ
ընդարձակ
սրահ
մը,
տրամադրելի՝
ամէն
առիթով։
Դպրոց
մըն
է,
վերջապէս,
ամերիկեանն
ալ
(իբրեւ
շէնք)։
Օտարը
–
մինչեւ
անգամ
գաղթական
Յոյնը
-
դպրոցը
կը
շինէ
իբրեւ
կրթարան,
բոլոր
յարմարութիւններով։
Մենք
ենք
որ,
ո՛րեւէ
փլատակ,
նոյնիսկ
ախոռն
ու
մթերանոցը
կը
վերածենք
դպրոցի,
«ազգային
մանկտին»
ներս
թխելով
այնպէս,
ինչպէս
ոչխարները՝
դէպի
մակաղատեղին։
Գաղթական
Յոյնը
դպրոցի
փառաւոր
շէնքեր
շինած
կամ
շինել
տուած
է
նոյնիսկ
Մակեդոնիոյ
յետամնաց,
սահմանամերձ
գիւղերուն
մէջ։
Իսկ
մեր
«ազգասիրութիւնը»
կը
հասնի
մինչեւ
ժամուն
դուռը։
Մեր
«լուսաւորեալ»
դասը
կը
շարունակէ
բանկալ
նորոգել
եւ
սկիհ
կամ
Աստուածածնի
պատկեր
ապսպրել
եկեղեցիներու
համար,
երբ
հարիւրաւոր
մանուկներ
գրելու,
նստելու
տեղ
անգամ
չունին։
Նոյնիսկ
տետրակ
եւ
մատիտ
չունին։
*
Բուն
Աթէնքը
հազիւ
քանի
մը
հարիւր
Հայեր
կը
պահէ
իր
ծոցին
մէջ։
Բախտաւորներ
եւ
քաղքցիներ՝
Փոքր
Ասիայէն։
Մնացեալը,
ժողովուրդը,
կծկուած
է
այստեղ,
Ֆիքսի
մէջ։
Մինչեւ
ծովափ
երկարող
պողոտայի
մը
ափը։
Մռայլ
հակասութիւն
մը՝
շրջապատին
հետ,
որ
կը
նորոգուի
ու
կը
ծաղկի։
Ճիշդ
ատոր
համար
ալ՝
միշտ
աչքի
փուշ։
Քանդուելու
սպառնալիքին
տակ։
Խրճիթներ՝
10-15.
000
տրախմիով,
արիւն-քրտինքով
շինուած՝
կը
պարպուին
անմիջապէս
որ
սեփականատէրը
մեկնի
Յունաստանէն։
Կը
պարպուին
կա՛մ
քանդուելու,
եւ
կամ
յոյն
գաղթականի
մը
յատկացուելու
համար։
(Տակաւին
յիսուն
հազար
յոյն
գաղթականներ
կան,
որ
տուն-տեղ
չունին,
մատնուած՝
նոյնքան
թշուառ
քաշքշուքի
մը)։
Բախտաւորը՝
ձգեր
գացեր
է
մարդավարի
տուն-տեղ
ըլլալու
համար։
Մինչ
հազարներ
ու
հազարներ
ահա
տասը
տարիէ
ի
վեր
ինքնապաշտպանութեան
պայքարը
կը
տանին
այս
հիւղակներուն
մէջ։
Տասը
տարի՝
ձմեռ
ու
ամառ
տեսեր
են,
եւ
հնարամիտ
ելքեր
գտած։
Խանդաղատանքով
կը
դիտեմ
սա
խարխուլ
սանդուղները,
որ
կը
բարձրանան
շատ
մը
հիւղակներու
տանիքը։
«Գաւառացիներ»
են։
Լերան
ու
դաշտի
զաւակներ։
Միշտ
կարօտ՝
ազատ
եւ
լայնարձակ
տարածութիւններու։
Չունին
ոչ
երդիք,
ոչ
տարածուն
բակ,
ոչ
պատչգամ,
ոչ
ալ
քանի
մը
յարկ
տուն։
Ուրեմն
խելք
ըրեր
են
հիւղակին
վերեւ,
սանդուղին
կատարը
յարմարցնել
անկիւն
մը,
տեսակ
մը
երդիք,
իբրեւ
ամառնային
ննջարան։
Իսկ
անոնք
որ
անճար
են
կամ
շատուոր,
ամբողջ
ամառը
կը
պառկին
դրան
առջեւ,
փողոցին
մէջ,
պատին
տակ։
Խառն
ու
անվրդով։
Այր,
կին,
երախայ։
Եւ
յաճախ
իրարու
խրատ
կուտանք
փողոցէ
փողոց,
գիշերային
ժողովէ
մը
դարձին.
Կամա՛ց
խօսեցէք,
տղա՛ք,
ուշ
գիշեր
է.
չէ՞ք
տեսներ,
որ
քնացեր
են։
Հոգ
մի՛
ըներ,
ընկեր,
անոնք
վարժուած
են
աղմուկի։
Կռիւ
ալ
ծագի,
անոնց
հոգը
չէ։
Տասը
տարի
է
անցեր…
Ամբողջ
հիւղաւանը
բռնած
են
հայ
մանրավաճառներ
ու
արհեստաւորներ։
Նոյնիսկ
առեւտրականներ։
Մտնենք
Վարդան
աղբօր
ճաշարանը,
-15
ոտք
լայնք,
20
ոտք
երկայնութիւն։
Կերակուր՝
երեք-չորս
սան։
Երեք
թէ
չորս
խարխուլ
սեղան,
եւ
քանի
մը
աթոռ։
Ամէնէն
բանուկն
է
այս։
Եւ
այս
բոլորը
կը
բաւեն
յաճախորդներուն։
Իսկ
ներսէ՝
խշտեակ
մը,
որ
բնակարանն
է
ամբողջ
ընտանիքին,
-
այր,
կին,
եօթը
երախայ։
Ահա
բանաստեղծ
մը,
որ
պիստակ
եւ
«լէպլէպի»
կը
ծախէ,
քանի
մը
տուփ
սիկարէթի
եւ
ուրիշ
մանրուք
բաներու
հետ։
Ուրիշ
մը,
նոյնպէս
երիտասարդ
եւ
գրող,
աւելի
ճոխացած։
Ու
որբեր
ալ
սափրիչի,
կօշկակարի
կամ
դերձակի
խանութ
են
բացեր։
Բոլորն
ալ
սեփական
քրտինքով։
Տասը
տարուան
վաստակ։
Մոխիրներէն
հասակ
նետած
փիւնիկներ,
բոլորն
ալ։
Անհատական
ճիգին
վերեւ՝
հանրայինը։
Ֆիքսը
ունի
իր
Կ.
Խաչը,
եւ
վերջին
մէկ
տարուան
ընթացքին
շիներ
է
Ակումբ
մը,
-
«Վասպուրական»։
Ինքնագործունէութեան,
եռանդի
ու
աշխատանքի
բոյն
մըն
ալ՝
այս։
Օրն
ի
բուն
երթեւեկ
մը՝
աշխատաւոր
ընկերներու։
Եւ
հանդէս
ու
բանախօսութիւն՝
պարբերաբար։
Չորս
պատի
մէջ
երկու
հարիւր
աթոռ
ալ
դուք
ճարեցէք,
կոկոզավիզ
քաղքցիներ…
*
Ջուրի
կռիւ,
ջուրի
կռիւ
նորէն։
Ինչպէս
ամէն
իրիկնամուտի։
Աղջիկներ
ու
կիներ,
մանուկներ
եւ
ծերունիներ
մէկ
մէկ
թիթեղ
կամ
կուժ
գրկած,
կարգի
կը
սպասեն
ջուր
առնելու
համար։
Ջուր
չունի
Ֆիքսը։
Չունի
բաւարար
չափով։
Իսկ
ի՞նչպէս
ունենայ
երէկ
շինուած
հիւղակը…
(«Յառաջ»,
25
Սեպտեմբեր
1932)։