Սեւն ու ճերմակը ճամբուս վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
5. ԱՆՏԷՐ ԽԼԵԱԿՆԵՐ, ՑԱՄԱՔԷ ՑԱՄԱՔ
      
       Մակեդո՛նիա, Մակեդո՛նիա, ո՞ւր տարիր մեր որբերը։
       Ի՞նչպէս հալեցուցիր զանոնք լեռնէ լեռ, քու ճահիճներուդ եւ սարերուդ մէջ։
       Ի՞նչպէս մարեցիր անոնց մուխը, եւ մուխը քու զաւակներուդ, մուխ ճարելու համար աշխարհի մը, որ ահա իր ոսկի ակռաներով կը խնդայ քու թշուառութեանդ վրայ…
      
       *
       Շուտով կը լրանայ տասը տարին, երբ այս տղաքը վարձու տրուեցան Մակեդոնիոյ հողագործներուն, ծխախոտ մշակելու համար։
       Ամերիկացիները ցրուեցին զանոնք ծխախոտի դաշտերուն մէջ, իբրեւ մշակ «Րանչպար»։ Եւ տղաքը հողին փարեցան այնպէս ինչպէս եթէ իրենցն ըլլար արտը եւ իրենց՝ երկիրը։ Սորվեցան բոլոր մասնագիտութիւնները. - հերկել, ցանել, քաղել, չորցնել, զտել, կապել, մթերել, ծախել։
       Լաւ տարիներուն, արդէն ամէն մէկը պահանջ ունէր հինգ հազարէն մինչեւ 15-20. 000 տրախմի։ Ապագայ դրամագլուխ։ Շատերը կրցան ընկեր դառնալ հողագործին, անոր արտին վրայ սակարկելով իրենց աշխատանքը։
       Ու սպասեցին, որ բերքը ծախուի։ Այնքան վստահ էին հողագործին կարողութեան եւ պարկեշտութեան։ Սպասեցին մէկ տարի, երկու տարի։ Յուսացին տարին տասներկու ամիս, երբ, 1931ին, ծախողը ծախեց, եւ մեր որբերուն բաժինը անոնց արիւն-քրտինքը հալեցաւ ծախողին եւ գնողին միջեւ։ Փլուզում։
       1930ի ամառը, արդէն յուսահատեր էին որբերը։ Ցիրուցան՝ յիսուն գիւղի մէջ, խմբովին կը գաղթէին լեռնէ լեռ, ի խնդիր աշխատանքի։ Վարժուած՝ օրական 18-21 ժամ աշխատանքի ճիշդ կարդացէք, տասնըութ եւ քսանըմէկ միշտ ալ կը փնտռուէին իրենց չարքաշութեան, պարկեշտութեան եւ կարողութեան համար։ Բայց գիւղացին ինք արդէն անճրկած կամ անբարոյացած, շատ կը գտնէր տարեկան հինգ-վեց հազար տրախմին՝ իբրեւ աշխատանքի գին։ Եւ տղաքը խոնարհեցան ամէն պայմանի առջեւ, օրական գոնէ մէկ ժում հաց ունենալու համար։
       1931ի գարնան, իրենց աղաղակը հասաւ մինչեւ Փարիզ։ Եւ մեր ազնուաշո՜ւք ոստանը բարեհաճեցաւ 12 հազար ֆրանք հասցնել, իբրեւ հացագին։ Մեծ մասով իրենց ընկերներն էին, որ փութացին եղբօր բաժին հանել։
       Ամառը՝ նորէն տեղափոխութիւն գիւղէ գիւղ։ Պատահական գործեր։ Ու միայն պատառ մը հաց։
       Մակեդոնիոյ դաշտերուն խոտը կը լրացնէր պակասը։
       Յետոյ՝ ներգաղթ։ Դէպ ի Երկի՜ր…
       Թոյլ տուէք, ընկերներ, որ կարճ կապեմ այս չարաշուք, այս գռեհիկ պատմութիւնը, - ներգաղթը։
       Եթէ ներգաղթ էր կամ աշխատաւորներու ներածում հապա ինչո՞ւ, տակաւին այսօր, Մակեդոնիոյ դաշտերուն մէջ, քառասուն աստիճան ջերմութեան տակ, լեղի կը քամեն այս տղաքը։
       Եթէ բանուորներ եւ գիւղացիներ են, որ կը կառավարեն Երեւանը, հապա ինչո՞ւ այս բանուորներն ու գիւղացիները, այս «րանչպար»ները ուրուականներու պէս կը յածին օտար լեռներու վրայ։ Խոտ ծամելով եւ կուժ-կուժ ջուր պարպելով։
       «Ֆալէտիքոն»ը շատ հեռու է Բրոսըջանէն, Նիքիշանէն կամ Բոլիխորէն։ Իսկ Շահվերդեանի օթօն, այնքան սրընթաց, այլապէս ուշագրաւ դեսպաններու կը հանդիպի Աթէնքի եւ Սելանիկի փողոցներուն մէջ։
       Թերեւս օթօն ցնցուեցաւ, երբ այս տղաքը քաղաք իջան, մուտքի տոմսակ մուրալու համար։
       Բայց, տերեւ չշարժեցաւ Երեւանի մէջ։ Ոչ ալ ջիղ մը՝ «լիազօր»ներու դէմքին վրայ։
      
       *
       Մակեդո՛նիա, Մակեդո՛նիա, ի՞նչպէս հալեցուցիր մեր որբերը։
       Երեք «մայրաքաղաք» ունի որբերու աշխարհը Մակեդոնիոյ մէջ, - Տրամա, Գավալա եւ Սէրէզ։
       Այս քաղաքներու հին ու նոր գիւղերուն մէջ է, որ վաճառքի հանուած են հազարի մօտ կտրիճներ, - բոլորն ալ մէկ-մէկ շառաւիղ՝ 1915ին քանդուած երդիքներէն։
       Ի՞նչ կ’ընէք, ո՞ւր կը բանիք հիմա, կը հարցնեմ առաջին հանդիպողին։
       Մեր շրջանին մէջ (Տրամա) կը գտնուին աւելի քան հարիւր յիսուն որբեր, ցրուած՝ հետեւեալ գիւղերուն մէջ. - Կարլիկովա՝ 17 հոգի, Զիլաիօխա՝ 15, Ալիստրաթ՝ 22, Ֆոթոլիվոս՝ 5, Անկիսթա եւ շրջակաները՝ 25, Տոքսաթ՝ 15, Էտիրնէճիք՝ 15, Նուսրաթլը՝ 13, Րավիքա՝ 11, Բրոսըջան՝ 15, Տրամա (քաղաքը)՝ 20։ Գումար՝ 164։ Այս միջոցին բոլորն ալ ծխախոտի մշակութեամբ կը զբաղին։
       Ո՞րքան ատեն գործ կրնան ունենալ։
       Առ առաւելն երեք ամիս։ Բայց ամէն օր գործ գտնել կարելի չէ, որովհետեւ գիւղացին խեղճ է եւ շատ անգամ մինակը կ’աշխատի։ Մնաց որ, ծխախոտն ալ քիչ է այս տարի, այս շրջանին մէջ։
       Ի՞նչ օրական կը ստանան։
       Մինչեւ այսօր կը ստանային 30-40 տրախմի. իսկ այսուհետեհւ՝ 20-25։ (Բաժնել 6ով, գտնելու համար ֆրանքը)։
       Փակագիծ մը 1930ին, օրական 60 տրախմին ծիծաղելի կը գտնէին, եւ 100ը՝ հազիւ տանելի։
       Իսկ ո՞րքան որբեր կան Սէրէզի եւ Գավալայի գիւղերուն մէջ։
       Սէրէզի որբերը մեծ մասով կը գտնուին Նուսքա, Սուպաշ, Տովիսթա, Սարմուսագլը, Քիւփքէօյ, Բորիա։ Բուն թիւը չեմ գիտեր։ Գավալայի շրջանին մէջ, դարձեալ ծխախոտի մշակութեամբ կը զբաղին բաւական որբեր, հետեւեալ գիւղերուն մէջ. -Նիքիշան, Մեսրոպի, Բալիխոր, Սարըշապան։
       Երեք շրջաններու մէջ ցրուած որբերուն թիւն է՝ 450։ Առ առաւելն՝ հինգ հարիւր։
       Իսկ ի՞նչ եղաւ մնացեալ երեք հարիւրը, քանի որ, տակաւին երկու տարի առաջ, ութ հարիւրէն պակաս չէր այս տղոց համրանքը։
       Մի ծամծմէք եւ միասին ուղղենք նաեւ միւս հարցումը.
       Ի՞նչ պիտի ըլլան այս մնացորդ 450-500ն ալ, երբ գործերը դադրին։ Քանի մը ամիս յետոյ…
       Պարտք սեպեցի քիչ մըն ալ քրքրել.
       Ամէնէն յուսահատական պարագային, ի՞նչ կրնան ընել այս տղաքը, քանի որ ոչ ներգաղթէն յոյս ունին, ոչ ալ ուրիշ կարգի տեղափոխութենէ մը։
       Կարելի չէ գուշակել։ Շատ-շատերը, որ մինչեւ հիմա դիմադրած են, պիտի ամուսնանան յոյն աղջիկներու հետ, եւ պիտի օտարանան։
       Բայց այդքան զօրաւո՞ր է յոյն աղջիկը, 20-25-30 տարեկան երիտասարդներ հալեցնելու համար։
       Ի՞նչ կրնան ընել։ Հինգով-տասով ինկած բացարձակապէս յոյն եւ մոլեռանդ բնակչութեան մէջ, պսակուելու համար յաճախ իրենք իսկ ստիպուած են մկրտուիլ իբրեւ օրթոտոքս։
      
       *
      
       Երկու տարի առաջ 1930 Սեպտեմբեր այս տղոց հետ էի իրենց աշխատած գիւղերուն մէջ, - Սուպաշ (Նէա Սուլի), Վեզնիքօ, Սարմըսագլը (Փէնթապոլիս), Տովիսթա, Նուսգա, Թոփոլիանի։
       Ու կը պատմէին.
       Էշու պէս կ’աշխատինք։ Ամառը հազիւ երկու ժամ կը քնանանք։
       Գիշերուան ժամը 2ին կ’երթանք դաշտ, որ շատ հեռու է եւ կ’աշխատինք մինչեւ ժամը 11։ Հազիւ երեք ժամ կը մնայ քնանալու։ «Չորպաճի»ն կը պահէ մեր վաստակը։ (Տեսանք որ «չորպաճի»ն յետոյ լակեց այդ վաստակը, պնակ մը ապուրի պէս)։ Իր հաշուին աշխատող չկայ, որովհետեւ արտ չկայ։
       Մեր գիւղին բնակիչները չափազանց մոլեռանդ են եւ այսքան տարի մեզ տեսնելով հանդերձ, չեն հաւատար թէ քրիստոնեաներ ենք։ «Եթէ քրիստոնեայ էք, եթէ Աստուած կը ճանչնաք, ինչո՞ւ ժամ, տէրտէր չունիք»։
       Ֆրանսայէն կը գրեն թէ աւելի լաւ են։ Մենք հոս մարդու երես չենք տեսներ, մարդկութենէ ելած ենք…
       Մենք աշխարհէն ձեռք քաշած ենք։ Եթէ Ֆրանսայի մէջ թոքախտաւորներ կան, մենք ալ ազգային տեսակէտով թոքախտաւորներ ենք։
       Այս գիւղերուն մէջ օթօն մենք բերինք։ Սրճարան, խանութ մենք վարժեցուցինք։ Առաջ միայն ծերերը իրաւունք ունէին սրճարան նստելու։ Երիտասարդները հազիւ կը համարձակէին փողոցին մէջ կենալ։ Բայց, ի՞նչ օգուտ, նորէն ծուռ կը նային մեզի։ Դիմացանք ամէն տեսակ նեղութեան։ Տուն-տեղ ըլլալով, սա քարէ յատակը ունէինք. չորս-հինգ հոգի միասին կը պառկէինք, մաքառելով ջերմին, մժեղին, ոջիլին եւ աղտոտութեան դէմ։ Եւ ահա կը տեսնէք մեր վիճակը, վեց տարի յետոյ։
      
       *
       Եւ ահաւասիկ անոնց վիճակը՝ ութ տարի յետոյ, - տասն անգամ աւելի մռայլ։ Աւելի անստոյգ եւ եղերական։
       Ոչ «հիւրընկալ» կը հանդուրժէ, ոչ «Երկիր»ը տէր կը դառնայ, ոչ ալ «ազգ»ը։
       Ահաւասիկ հազարնոց մը եւս ամբողջովին արու - հալեցաւ, կը հալի լեռներու եւ դաշտերու մէջ, առանց հայաջինջ սարսափներու։ Առանց «եաթաղան»ի եւ առանց կախաղանի։ Ընդհակառակն, այդ բոլորը տեսնելէ եւ փրկուելէ յետոյ։
       Ճի՞շդ է որ «ազգին սաներ»ն են ասոնք, - ինչպէս տարիներով պատմեցին Պոլսոյ մէջ։ Եւ ինչպէս կը պատմեն, տակաւին, Լոյս-Քաղաքի պողոտաներուն վրայ…
       Լաչա՛կ մը, ճաղատ գլխուդ, ա՛զգ իմ Հայոց…
      
       («Յառաջ», 20 Յուլիս 1932)