Ստամպօլոյ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԻՄ ՍԻՐԵԿԱՆ ՄՕՐՍ ՀՕՐՍ ԹՈՐԳՈՄԵԱՆ ՏԻԿԻՆ ՄԷՕՀՐԻՒՊԷԻ ԵՒ ՍԱՓՐԻՉ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՂԱՅԻ
       24 ՄԱՐՏ 1904
       6 ԱՊՐԻԼ 8/21 ՄԱՅԻՍ 1906
       ԱՆՈՌԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՄ ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ՍՐՏԻՍ ԱՆԴԱԴՐՈՒՄ ԼԱՑԵՐՈՎ
       ՏՕՔՏ. ՎԱՀՐԱՄ Յ. ԹՈՐԳՈՄԵԱՆ
      
       ԶԵԿՈՅՑ
       ԺԷրդ Դարու գրիչ մեծանուն Երեմիա Չէլէպիի Ստամպօլոյ Պատմութիւն ձեռագիր երկը, զոր գնած եմ տարիներ առաջ, շատո՜նց կը փափաքէի յանձնել տպագրութեան, բայց կը սպասէի՝ որ պատահէր ինձ ուրիշ օրինակ մըն ալ, որպէս զի՝ բաղդատելով ճշդէի մէջի կարգ մը մութ ու անիմաստ երեւցած կէտերը:
       Ըստ այսմ՝ կատարեցի երկար փնտռտուքներ, առանց ո՛ր եւ է կարեւոր արդիւնքի: Օրինակ մը սակայն գտայ հանգուցեալ Մարկոս Աղաբէկեանի քով. անցեալ դարու կէսին էր այն գրուած. Աղաբէկեան՝ կենդանութեանը բերաւ ինձ զայն եւ միատեղ բաղդատելով, տեսանք որ երկուքին միջեւ կէտի մը տարբերութիւն իսկ չկար, որով միտեցանք ենթադելու, թէ մի՛ գուցէ քովս եղածին վրայէն կատարուած ընդօրինակութիւն ըլլար այն:
       Ուրիշ օրինակ գտնելու յոյսը մէկդի թողած, ունեցածիս վրայէն 1909ին ձեռք զարկի տպագրութեան: Անձամբ զայն ընդօրինակելով, կատարեալ ուշադրութեամբ մեծ փոյթ ունեցայ անոր հաւատարիմ ճշդութեանը, որուն համար երախտապարտ շնորհակալութեամբ հոս կը յիշեմ, թէ Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան գիտնական Հ. Թովմաս Կէտիկեան, Հ. Հմայեակ Համբարեան, մանաւանդ Հ. Ներսէս Ակինեան ինձ սիրայօժար աջակից եղան:
      
       ***
      
       Ձեռագիրն յանձնած էի արդէն մամուլին, երբ իմացայ, թէ Ս. Էջմիածնի Մատենադարանին մէջ կը գտնուի ուրիշ օրինակ մը. յուսալով՝ թէ բուն Երեմիայի գրածն ըլլար այն, դիմեցի անմիջապէս Էջմիածնի վանքին մատենապետ Գեր. Տ. Մեսրոպ Եպիսկոպոս Տէր Մովսէսեան բանասէր բարեկամիս, որ ո՛չ միայն չզլացաւ ինձ հարկ եղած տեղեկութիւններն այդ օրինակի մասին, այլ եւ՝ բարեհաճեցաւ տպագրածներս կէտ առ կէտ բաղդատել անոր հետ, տարբեութիւնները մի առ մի նշանակել ու յղել ինձ՝ մեծապէս շնորհապարտ թողլով զիս իրեն:
       Տ. Մեսրոպ Սրբազանի տեղեկութիւններուն նայելով, Էջմիածնի Ստամպօլոյ պատմութիւնն ալ ընդօրինակութիւն մըն է, եւ տարբերութիւնները նոր բան մը չեն յաւելուր ունեցածիս:
       Էջմիածնի օրինակին տաղակութիւններն հազնւ թէ ստացած էի, լուր առի՝ որ Ստամպօլոյ Պատմութեան բուն ձեռագիրը, այսինքն Երեմիա Չէլէպիի իսկական գրածը կը գտնուի Երուսաղէմի վանքը. փութով գրեցի հոն դիմելով մատանադարանապետ Գեր. Տէր Մեսրոպ Ծ. Վ. Նշանեանի, որ հաճեցաւ հաղորդել ինձ այդ ձեռագրի մասին մանրամասն եւ լիակատար տեղեկութիւններ, որոնք ցոյց կու տային, թէ Երուսաղէմ գտնուածն էր արդարեւ Երեմիայի բուն ձեռքէն ծնածը:
       Բացի տեղեկութիւններէ, Տ. Մեսրոպ Ծ. Վ. տպագրածս բաղդատեց անոր հետ, եւ Երեմիայի ձեռագրէն ալ յղեց ինձ լուսանկարներ, որոնց համար կը յայտնեմ հոս իրեն իմ անհուն շնորհակալութիւններս:
       Թէ՛ Էջմիածնի եւ թէ՛ Երուսաղէմի օրինակներու մասին գրած եմ ծանօթագրութիւններուս վերջը:
       ***
       Երեմիա Չէլէպիի Ստամպօլոյ Պատմութիւնը թէեւ արդի ժամանակիս համար մեծ արժեք ունեցող նիւթեր չի պարունակեր, այլ ո՛չ նուազ հետաքրքրական է տեղագրական նկաագրութիւններովն եւ կարգ մը զբօսալի աւանդավէպերովն, որոնք Բիւզանդական հին պատմութեան հետամտողներուն, չեմ կարծեր թէ շահեկան չթուին: Այլ ի՛նչ որ առաւել ուշադրութեան արժանի է ըստ իս անոր մէջ, այն տեղեկութիւններն են, զորս Երեմիա Չէլէպի կը գրէ՝ Կ. Պոլսոյ հին Հայ գաղութին, անոր Եկեղեցիներու եւ Պատրիարքներու մասին. այդ տեղեկութիւնները կարճ թէ՛եւ ու հարեւանցի, բայց Թրքահայ կեանքի վերջի դարերու պատմութեան կորիզն ունին իրենց մէջ: Ազգային Մատենագրութեան տեսակէտով ալ բարձր բան մը չէ՛ այն, կը խոստովանիմ. սակայն ունի բաւական գեղեցիկ տողեր, լաւ պարբերութիւններ, գրական ընտիր ոճեր, որոնք ոսկեդարեան ըսուելու իսկ արժանի են, բաղդատմամբ այն ատենի Կ. Պոլսոյ Հայ մտաւորականութեան եւ լեզուի վիճակին, որ ամենախեղճ էր, ինկած եւ աղքատ: Ստամպօլոյ Պատմութեան մէջ թաքնուած է Պոլսահայ ժողովրդական հին բարբառ մը կէս Հայերէն կէս Թուրքերէն, ԺԷ. Դարու ռամկօրէն մը՝ որ թուի թէ Երեմիա Քէօմիւրճեանի ճարտար գրիչովը մը կ'ուզէ առնուլ դէպ ի նոր զարգացում. ցաւալի է՝ որ շա՜տ խճողուած է օտարոտի բառերով, խորթ ասութիւններով, որոնք իբրեւ փոշի կը մխուին շարունակ ընթերցողին աչքերուն:
       ***
       Դիւրութիւն մը ընծայելու համար մեր ընթերցողներուն, Երեմիայի ձեռագրին համառօտագրութիւնները պարզեցի, օտարալեզու բառերն ու տեղագրական անուններն ալ մի առ մի ժողվեցի եւ թարգմանելով, առանձին ցուցակի մէջ՝ այբուբենական կարգաւ կցեցի հատորիս. բաց աստի՝ հարկ համարեցայ պատրաստել նաեւ Երեմիա Չէլէպիի կենսագրութիւնը, ցարդ գրուածներէն աւելի մնիրամասն եւ ընդարձակ, ո՛րչափ կարելի եղաւ ինձ, եւ շարադրել Ժանօթագրութիւններու այլ շարք մը, Ստամպօլոյ Պատմութեան այն կէտերուն, որոնք Հայ ազգային կեանքի հետ ունին առընչութիւն, կամ կը վերաբերին Պոլսական Հայ գաղութի հին պատմութեան. ըստ այսմ՝ ստիպուեցայ Կ. Պոլսոյ բոլոր Հայ Եկեղեցիներու պատմութիւնը գծել համառօտակի. անոնց շուրջն անցած դարձած լաւ կամ գէշ ազգային ամէն իրողութիւնները ժամանակագրական կարգաւ նշանակել. յիշատակել Հայ Հաստատութիւնները, կրթական յարկերն, Ազգ. Ընկերութիւններն ու ժողովները, նշանաւոր անձերու, կարգ մը Պատրիարքներու գործերն եւ մոռցուած Տապանագիրներ ու կարեւոր Արձանագրութիւններ. վերջապէս ցոյց տալ ի՛նչ բան որ Կ. Պոլսոյ մէկ անկիւնը տեղի ունեցա է Հայ անունին տակ:
       Աշխատութիւնս այսպէս, եղաւ Կ. Պոլսոյ ամբողջ Հայ գաղութին հին եւ նոր վիճակին մէկ արագ համայնապատկերը, ուրկէ դիւրաւ կ'իմացուի, թէ Երեմիա Չէլէպիի օրով ո՜րչափ փոքրիկ է եղեր Կ. Պոլսոյ Հայութիւնը, եւ անկէ ցայսոր ո՜րչափ մեծացած . . . . . :
       Ստամպօլոյ Պատմութեան հետեւելով կազմեցի եւ Կ. Պոլսոյ մէկ հին քարտեզը, որ չեմ կարծեր թէ զուրկ ըլլայ օգտակարութենէ:
      
       ***
       Բժիշկի զբաղումներէս ու կարողութենէս շա՜տ վեր էր արդարեւ այսպիսի աշխատութիւն մը, որ աւելի՛ հեղինակաւոր պատմագէտներու եւ հմուտ բանասէրներու կը պատկանի. բայց՝ Պոլսահայութեան մէջ հինէն ի վեր տեղի ունեցած բաներուն մէկ ամփոփ ցուցակագրութիւնը տեսնելու ջերմ փափաքս գրգիռ եղաւ ինձ եւ ես ձեռնամուխ եղայ անոր, առանց իմ տկար հմտութենէս վախնալու, եւ առանց կասելու նիւթին ներկայացուցած բիւրապիսի դժուարութիւններէն:
       Յաւակնութիւն չունիմ ըսելու, թէ անթերի եւ կատարեալ գործ մը պատրաստեցի, ընդհակառակը՝ շա՛տ մեծ պակասութիւններ ունի այն, եւ խոշոր թերութիւններ, զորս՝ պիտի ուզէի որ ինձմէ աւելի կարող ու հմտագոյն գրիչներ ջանային լըրացնել, եւ պատրաստել՝ Պոլսահայ կեանքի լիակատար մէկ պատմութիւնը:
      
       ***
       Շա՛տ գոհ եմ, որ Երեմիա Չէլէպիի Ստամպօլոյ Պատմութիւնը նախապէս “Հանդէս Ամսօրեայ„ի մէջ մաս առ մաս հրատարակելէս վերջը, այսօր ալ կը յաջողիմ առանձին հատորով հրապարակել, եւ այսպէս՝ Հայ տառերու գիւտի 1500 ամեակին եւ Հայ տպագրութեան չորսհարիւրամեայ Յոբելեանին՝ մոռացութենէ դուրս կորզել ԺԷ. դարու Հայ Մատենագրի մը ո՛չ նուազ կարեւոր մէկ վաստակը. իմ վարձատրութիւնս այս մասին շա՛տ մեծ պիտի համարիմ, եթէ Հյ բանասէրներու եւ գրասէրներու դոյզն ծառայութիւն մը ւարենար այն մատուցանել:
       Ո՜ տայր, թէ ներկայ Հրատարակութիւնս պատճառ մը ըլլար, եւ Երեմիա Չէլէպիի պատմական ուրիշ երկասիրութիւնները, ասկէ աւելի կարեւորներ, որոնք կը պահուին եղեր Էջմիածնի, Երուսաղէմի եւ Վենետիկի վանքը, լոյս տեսնէին հուպ ընդ հուպ:
       Ես միշտ շնորհակլ պիտի ըլլամ Վիեննական Մխիթարեան Գեր. Հ. Գրիգորիս Ծ. Վ. Գալէմքեարեան գիտուն բարեկամիս, որ մղեց զիս Երեմիա Չէլէպիի Ստամպօլոյ Պատմութեան ձեռագիրը տպագրութեան տալու:
      
       Բերա, 1/14 Ապրիլ 1913:
      
       Տ. Վ. Յ. Թ.