Բագինին վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՂՈՒԱՆ ԲՈՂԲՈՋՆԵՐ

Երբ արտին մէջ երգելով,
Խաղա՛ղ հոգի, կ՚աշխատէր,
Ըսպաննեցին: Տարին եզները ջուխտակ:
Վըկայ չըկար: Պիտի վրէժն ո՞վ կըշռէ. Դո՛ւ,
Ո՛վ շանթ, անոնց ետեւէն շուտ դու հասիր,
Որ լերան վրայ ամպամած
Խոժոռադէմ կը հըսկես.
Անշուշտ տեսար ամպի մը մութ բացուածքէն`
Թէ ինչպէս վարը, բըռնի,
Եաթաղանին տակ սըրբազան բահն ինկաւ,
Եւ պոռթկաց խոնջ ճակատէն
Արիւնը տաք, վարդերուն պէս յունիսի:
Գայլի՜ եղեռն: Մըթընշաղին մէջ հիմակ
Ակօսներուն վըրայ լուռ
Բըզիկ բըզիկ կը պառկի:
Գիւղացիի խորշոմներուն մէջ աղուոր`
Ուր արեգակն առողջ արիւնն եռեփեց
Քըրտինքը ա՛լ սառած է.
Աշխատանքի քըրտինքը սուրբ եւ բեղուն
Որ մինչ այսօր, ինչպէս արիւնը, եղաւ
Մըկըրտութիւնն Արարատեան մշակներուն:
Հերկէ խոնջած բազուկներն ա՛լ անգործ են.
Կուրծքը մըռայլ, թաւամազ,
Դէպի աստղերը, արձակ,
Շէջ հրաբուխ մ՚է որ կ’ուզէ բոց երկընքէն
Դէպ Անհունին սեւ սառնութեան ժայթքելու.
Կողը տուած է հողին
Զոր մըշակեց ամրան դեղին հասկերուն
Երազանքէն ժըպտելով:
Շարժմամբ աճած, աղուոր, զօրեղ իր մարմնէն
Արիւնը խուլ դըդըչիւնով կը հոսի.
- Կարմի՜ր հեղեղ, սըրտի ձորէն վար իջած -
Տափանն ու թին ներկելով
Կ’երթայ գուղձերն ողողել.
Ակօսներուն մէջ զետեղել լիազօր
Կարողութիւն մ’արեգակի, անձրեւի.
Թափանցել մութ ծոցն երկրին,
Իբրեւ ըլլար մարգարէի մըտածում,
Եւ հոն ճըռզած հունտերուն մէջ ներշընչել
Ուռչում մ’ատոք եւ առոյգ,
Դարձընելով կեանք մ’իր առջի օրոցքին,
Նոր ծաղկումի մը համար,
Եւ հոն հըծծել նախնիքներու փոշիին
Թէ - մինչեւ ե՞րբ իր արեամբ
Հայ գիւղացին պիտի արտն իր ոռոգէ:
Կը լըռէ շուրջն ամէն իր:
Լուսնին լացող աչքերուն
Ամպերը թուխ թաշկինակներ կը դառնան.
Խաւարն հոծ է, սեւ պատանք:
Հեռուն կնոջ մ’հոգին տարտամ կասկածով
Գիշերուան մէջ կը սպասէ.
Ջուխտ որդիներն ինկած ծունկին գըգուանուշ
Յոյսի մը մէջ վաղամահ, զերդ ծիածան,
Հեծկըլտանքնին կը խեղդեն:
…Ահե՜ղ հանգիստ. դիակին քով արիւնոտ
Կեանք մը ծաղկի, աստղի առկայծ ճաճանչներ,
Զոյգ մը բիբեր, զոյգ մ’հոգեվարք կայծոռիկ,
Արտին մէջ շունչ մ’հովերու
Մեռնող սուրբի մ’հուսկ սաղմոսին պէս տըխուր,
Խորշոմներուն եւ իր գեղջուկ լոդիկին
Ծալքերուն մէջ արեւու
Ջերմութիւն մ’հուր, երգ մը հովէն սորվեցուած,
Քըրտինքի շիթ մը սարսռուն,
Հողի բոյրեր, կըծու բոյրեր ծոթրինի,
Այլեւս անդարձ, անվըրէժ, լուռ կը մեռնի՜ն…
Ո՛չ. յանուն հայ մռունչներուն,
Թափուած արիւնն անմեղին չի՛ մեռնիր. Ո՛չ…
Վաղն հողը դուրս պիտ’ պոռթկայ
Արեւուն տակ հասկեր առլի, կեանք մը նոր,
Նոր եւ հըսկայ, հըսկայացած դիակով,
Բողբոջ մ’առոյգ, գեղեցիկ,
Վաղն այս բարի արիւնէն վեր պիտ’ ելլեն
Խառնըւելով ցորենին
Նոր Սերունդի կարմիր կարմիր կակաչներ.
Որոնց արմատը կը դըպչի, պայթման մօտ,
Վարն հրաբուխի մ’ապագայ…