Բագինին վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՐՄԻՐ ՀՈՂԸ

Գրասեղանիս վըրայ, սա
Սկաւառակին մէջ կայ բուռ մ’հող, բերուած հոն
Հայրենիքի դաշտերէն:
Նըւէր է ան, զայն ինձ ձօնողը կարծեց
Սիրտն իր տըրուած, առանց երբեք գիտնալու,
Թէ կու տար իր պապերունն ալ միասին:
Զայն կը դիտեմ. մերթ ժամեր
Բիբերս անոր վըրայ յառած կը մընամ
Լո՜ւռ եւ թախծո՜տ, իբր այդ հողին մէջ յուռթի
Նայուածքս արմատ արձակէր:
Կը մտածեմ. Գուցէ իր գոյնը բոսոր
Չէ պարգեւած բնութեան ներհուն օրէնքէն.
Վէրքերու սպունգ մ’ըլլալով
Խըմած է մաս մը կեանքի, մաս մ’արեւու.
Եւ իբըր տարր անպաշտպան
Կարմիր հող մ’է եղած, հայ հող մ’ըլլալուն:
Գուցէ իր մէջ կը բաբախեն տակաւին
Դարերը հին հին փառքին,
Կայծն ամրակուռ սըմբակներու որոնց գոռ
Արշաւանքն օր մը ծածկեց
Հայկեան վաշտերն յաղթութեան տաք փոշիով:
Կ’ըսեմ. - Իր մէջ դեռ կ’ապրի
Ինքնատիպ ուժն այն որ կազմեց շունչ առ շունչ,
Կեանքս իմ, քու կեանքդ, ու տըւաւ,
Կարծես ձեռքով գիտակից,
Նոյն թուխ աչուին նոյն եւ նըման հոգիով
Կիրք մ’Եփրատէն առնըւած,
Սիրտ մը կամշոտ, թագըստոց
Ըմբոստանքի ու նաեւ բուռըն սիրոյ:
Իր մէջ, իր մէջ կը կայծկըլտայ հոգի մ’հին
Հին դիւցազնի եղած փըսոր մը գուցէ
Կոյսի մ’աղուոր արցունքով.
Հիւլէ մը կայ Հայկէն, փոշի մ’Արամէն,
Անանիայէն բիբ մը դէտ
Դեռ աստղերու ճաճանչներով թաթաղուն,
Ա՜զգ մը կայ հոն, սեղանիս վրայ ա՛զգ մը հին,
Որ այսօր իր վերաշողշող այգուն մէջ,
Հողի բնատուր մարմնոյն տակ ինձ կը խօսի,
Կ’ոգեղինէ - եւ աստղերու ինչպէս ցանն
Անհունութեան մէջ կապոյտ -
Փոշիներովն իր հրաբորբ
Հոգիս քաղցրիկ փայլակներով կ’ոռոգէ:
Ու այն ատեն լարը ջղերուս կը դողայ
Սարսուռով մ’յորդ, ա՛յն սարսուռով` որ մըտքին
Հերկերուն վրայ աւելի՛
Ըստեղծիչ է քան գարնան հովն արփագաղջ:
Ու կը զգամ անցքն ուղեղէս
Նոր յուշերո՜ւ, հոգիներո՜ւ դեռ կարմիր
Խոր վէրքերովն իրենց, վրէ՛ժի շըրթունքներ.
Եւ այդ հողն, այդ փոշին, զոր ես կը պահեմ
Ա՜յնքան սիրով` որքան հոգիս պիտ’ չընէր
Եթէ մարմնոյս աճիւններն
Օր մը մահէն վերջ հովերուն մէջ գըտնար.
Այդ պանդուխտ մասն Հայաստանի, մասունքն այդ
Մնացած մեր յաղթ պապերէն,
Բըժժանքն ու ձօնն այդ կարմիր,
Սիրտըս սեղմած մագիլներով անծանօթ,
Երկինքն ի վեր, գըրքի մը վրայ, թանկագին
Ժամու մը մէջ ժըպիտներու, սէրերու,
Կամ քերթուածի մը ծընած վեհ վայրկեանին
Զիս հապըշտապ կը մըղէ
Մերթ լալու, մերթ մռընչելու,
Եւ զինելու բռունցքըս, հոգիս բռունցքիս մէջ: