Բագինին վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼՈՒԱՑԱՐԱՐՈՒՀԻՆ

Կոտորածի տարին այրի մընաց ան:
Հասարակաց փոսերուն
Մէջ ամուսինն իր կը հանգչի… կը նիրհէ
Տունն իր փոքրիկը սիրուն:
Օտար յարկի տակ, ձիւն ձըմռով, դեռ կանուխ,
Ճրագին մըխոտ լոյսին տակ,
Ան կը լըւայ, տաշտին առջեւ, կը լըւայ`
Սոթտած թեւերն ըսպիտակ:
Դեռ մանկամարդ է եւ աղուոր. դեռ իր սեւ
Վարշամակին տակ ունի
Կըրքոտ աչքեր զինուած սուգին, ժոյժին դէմ,
Պատերազմող մը գաղտնի:
Սըրտին մէջ բորբ յաղթահարել չէ կըրցած
Մայրութիւնն իր կուսութեան.
Մարդը սիրո՛յ կը հրաւիրէ, տղան` կաթի
Իր մատղաշ ծոցը բուրեան:
Բայց կը լըւա՜յ: Յանուն պատառ մը հացի
Յանուն միակ իր որդւոյն
Ապագային` ան կը դաւէ հասակին
Վարդերու թարմ հեստութիւնն:
Առանձին է գետնայարկին մէջ խոնաւ,
Իր վըշտին հետ առանձին,
Մազերն արձակ, սանդալներն իր ոտքերուն`
Մերկ թեւին վրայ` երկու ծին:
Կաթսային դէմ, կաթսան գըրկող բոցին դէմ,
Փըրփուրին մէջ օճառի`
Ուրիշներուն աղտին ըսպաս կը դընէ
Սիրտն որբ, մարմինը` գերի:
Եւ մինչդեռ գորշ շոգիին մէջ լըւացքին
Կը ծըծեն թոյն իր օրեր,
Եւ գլուխը սեւ (զոր պսակեցին ամուսնոյն
Շիրմին բուսած եղիճներ).
Այդ սեւուկ գլո՛ւխը խոնարհած կոնքին վրայ,
Մինչ ամբողջ օրը լըռին
Ինք կ’աշխատի եւ կ’ընէ կաթը` բեղուն`
Քըրտինքներովը ճակտին:
Անդին, մինակ, իր երեխան արթընցած
Օրոցքին մէջ, անօթի,
Կու լայ, ողի՜կ ողի՜կ կու լայ, եւ հուսկ խոնջ
Նոյն իր լացով կը խեղդի: