XI
Հայ
եկեղեցին
եւ
Հայ
կեանքը.
—
Հայ
կղերը
եւ
հայոց
քաղաքական
կեանքը.
—
Լուսաւորիչ
եւ
իր
յաջորդները.
—
Կղերին
ու
քաղաքական
իշխանութեան
բաղխումները.
—
Հայ
կղերը՝
իբրեւ
հասարակական
գործիչ.
—
Առաջին
աշխարհական
հայ
մատենագիրը.
—
Հայ
կղերը՝
քաղաքական
գործիչ.
—
Հինէն
նորէն
փաստեր.
—
Հայ
եկեղեցւոյ
բարեկարգութեան
հարցը։
Որպէսզի
կարելի՛
ըլլայ
ուրանալ
Հայ
Եկեղեցիին
ներգործական
մեծ
դերը
հայկական
կեանքին
զանազան
երեսներուն
մէջ,
պէտք
է
ջնջել
ամբողջ
Պատմութիւնը
եւ
անոր
փաստերը։
Կրօն
ու
Եկեղեցի,
ո՛չ
միայն
հայոց,
այլ
եւ
բոլոր
ազգերու
եւ
ժողովուրդներու
մէջ
կատարած
են
շա՛տ
հզօր
ներգործութիւն՝
բարոյական,
ընկերային,
քաղաքական
եւ
այլ
տեսակէտներով։
Իսկ
Հայ
Եկեղեցին՝
ինքնին՝
իր
բացառիկ
դիրքով
եւ
անկախութեամբ
ստացած
է
անսահման
կարեւորութիւն
Հայ
կեանքին
հասարակական
բոլոր
խնդիրներուն
շուրջը,
ուր
լսելի
ընել
տուած
է
իր
հեղինակաւոր
ձայնը։
Եզական
է
Հայ
Եկեղեցիին
դիրքը։
Ուրոյն
ազգութիւն
մըն
է
Հայը
եւ
ուրոյն
Եկեղեցի
մըն
է
իր
Եկեղեցին՝
բոլոր
քրիստոնեայ
եկեղեցիներուն
մէջ,
որոնց
հետ
իր
ունեցած
սերտ
եղբայրակցութիւնը
գուցէ
զինքը
վերջ
ի
վերջոյ
ձուլէր
արեւմտեան
եկեղեցիներու
մէջ.
—
յունականին
կամ
լատինականին,
—
եթէ
սակայն
բարերար
անջատումն
ու
անկախութիւնը
չգար
պահպանել
իր
ինքնուրոյնութիւնն
ու
պատմական
անհատականութիւնը։
Հայ
Եկեղեցիին
ազգային
հանգամանքը
ա՛յնչափ
շեշտուած
էր
եւ
պատմական
դէպքեր
հայոց
ազգային
եւ
կրօնական
գաղափարները
այնպիսի
զոհաբերութիւնով
շաղուած
էին
որ
Հայ
Եկեղեցի
եւ
Հայ
Ազգ
հոմանիշ
կը
նկատուէին։
Հայաստանցի
բարեպաշտ
եւ
ջերմեռանդ
հայը
Հայ
Քրիստոնեայ
կ’ըսէ
ու
կը
հասկցնէ
ամեն
բան։
Մուրացկանը
«Հայ
Քրիստոնեայ»
անունով
ողորմութիւն
կը
խնդրէ.
ճամբորդը
միեւնոյն
անուանակոչութիւնո՛վ
կրնայ
ասպնջականութիւն
գտնել
Հայաստանի
գիւղերուն
մէջ։
Հայաստանցի
հայուն
համար
Հայ
Եկեղեցին
ամեն
ինչ
է.
լոյս-հաւատքը
ամեն
բան
կը
խտացնէ
իր
մէջ,
այնպէս
որ
կրօնքի
անունով
եկած
որեւէ
հարուած
կ’ըմբռնէ
ազգային
հայեացքով
եւ
ազգութեան
անունով
ստեղծուած
որեւէ
հալածանք
կրօնական
ոգիով
կը
մեկնէ։
Այս
պատճառաւ
էր
որ
զուլումի
օրերուն
մէջ,
կոտորածներու
ժամանակ,
առանց
չափազանցութեան
կարելի
է
ըսել
թէ,
հարիւրաւոր,
գուցէ
եւ
հազարաւոր
հայեր
մեռան՝
կրօնափոխութեան
յանձնառու
չըլլալնուն
համար։
Հայ
Եկեղեցիին
հետ
սերտիւ
կապուած
է
Հայ
Կղերը,
որուն
դիրքը
սկիզբէն
ի
վեր
եղած
է
շատ
բարձր։
Հայ
ժողովուրդը
վերջին
ծայր
ակնածալիր
վերաբերում
ունի
Հայ
կղերին
հանդէպ։
Ո՛դ
միայն
արժանաւորները,
այլ
եւ
անարժանները
գիտէ
յարգել,
անո՛ր
համար
որ՝
«կարգաւոր»
են։
Հին
ժամանակներէ
մնացած
աւանդական
յարգանք
մ’է
ասիկա։
Երբէք
բարեգուշակ
չէ
հայու
մը
համար՝
կրօնաւորի
մը
հետ
վէճի
բռնուիլը
եւ
կամ
պայքար
մ’ունենալը։
Անէծքի
եւ
բանադրանքի
սարսափը
տակաւին
կը
շարունակուի,
ինչ
որ
լաւ
կը
բացատրէ
կղերին
ունեցած
գերազանցօրէն
տիրապետող
դիրքը։
Ասիկա
ի
հարկէ
սերունդէ
սերունդ
կտակուած
հին
ազդեցութիւն
մըն
է,
որ
զոր
կղերներ
ունէին։
Գրիգոր
Լուսաւորիչ,
կրթնած
երկրին
քաղաքական
եւ
զինուորական
ոյժերուն,
—
Տրդատի
ու
իր
բանակին,
—
երբ
հեթանոսութիւնը
հալածեց
ու
Քրիստոնէութիւնը
տարածեց,
այնպիսի՛
ազդեցութիւն
մը
առաջ
բերաւ
հայոց
մէջ,
որ
Հայրապետական
Գահը
քաղաքական
նշանակութիւն
ստացաւ։
Հայոց
մէջ
հաստատուեցաւ
ժառանգական
կրօնապետութիւն։
Լուսաւորիչի
տոհմը
դարձաւ
խոշոր
հողատէր
ազնուական՝
շնորհիւ
Տրդատի
նուիրած
հողերուն։
Իր
յաջորդներն
ալ
բնականաբար
պիտի
պահպանէին
իրենց
ժառանգական
իշխանութիւնը։
Ուստի
առաւել
կամ
նուազ
շահագործեցին
այդ
դիրքը։
Հայ
կղերին
ձայնը
մի՛շտ
լսուեցաւ
քաղաքական
խնդիրներու
մէջ։
Մեզի
կը
պակսին
տեղեկութիւններ՝
հեթանոսական
շրջանը
բացատրելու
համար
այս
տեսակէտով,
հասկցնելու
համար
թէ
քուրմերու
ազդեցութեան
աստիճանն
ի՞նչ
էր
Հայ
արքունիքին
եւ
Հայ
ժողովուրդին
վրայ։
Բայց
դժուար
չէ
գուշակել
թէ,
նոյն
իսկ
Լուսաւորիչի
մեհեաններու
քուրմերուն
հետ
մղած
սաստիկ
պայքարը,
ինչպէս
նաեւ
զանոնք
ջնջելու
համար
ունեցած
նախանձախնդրութիւնը
լուռ
եւ
զօրաւոր
ապացոյց
մըն
է
քուրմերու
ունեցած
գերակշիռ
դիրքը
բացատրող։
Քրիստոնէական
շրջանի
հայ
կղերին
դիրքը
արդէն
որոշ
է։
Մենք
հոն
կը
տեսնենք
հայ
կղերը՝
իբրեւ
մտաւորական
գործիչ,
բարեգործ,
գրագէտ,
ուսուցիչ,
պետական
խորհրդատու,
քաղաքական
ուղեցոյց
եւ
առաջնորդող
եւ
այլն։
Գ.
Լուսաւորիչ,
Մեծն
Ներսէս,
Յովսէփ
Կաթողիկոս,
Ղեւոնդ
Երէց
եւ
այլն
դէմքեր
են,
որոնք
իրենց
դասակարգային
հեղինակութիւնն
ու
դիրքը
կը
մատնանշեն։
Հայ
կղերը
անվարան
կը
միջամտէ
քաղաքական
խնդիրներու.
Հայ
Արքունիքին
վերաբերած
խնդիրներու
մէջ
իր
հեղինակութիւնը
կշիռ
ունի։
Հայ
Կաթողիկոսը
միջնորդն
էր
շատ
անգամ
Հայոց
թագաւորին
եւ
այլ
պետութիւններու
միջեւ։
Երբեմն
ալ
Հայ
Կղեր
խնամակալութեան
դեր
ստանձնած
էր։
Արշակունի
թագաւորներ
ունինք,
որոնք
բացառապէս
հայ
Կղերին
ձեռքով
գահ
բարձրացած
էին։
Եւ
հետեւաբար
ալ
մեծ
պիտի
ըլլար
անոր
ազդեցութիւնը։
Ժամանակի
ընթացքին
մէջ
սակայն
այդ
ազդեցութիւնը
չափազանցութիւն
գտաւ,
մինչեւ
որ
բաղխում
առաջացաւ
հայոց
քաղաքական
եւ
կրօնական
իշխանութեանց
մէջ։
Մեծն
Ներսէսի
եւ
Պապ
թագաւորի
անհամաձայնութիւնը,
պայքարը
եւ
ապա
առաջինին
թունաւորման
առասպելը,
որ
ստեղծուած
է
կղերամիտներու
կողմէ,
պոռթկումն
է
կղերին
ու
քաղաքական
իշխանութեան
պետին
միջեւ
շեշտուած
մեծ
անհասկցողութեան։
Պապը
որոշ
քաղաքականութիւն
մը
կը
հետապնդէր
Մեծն
Ներսէսի
դէմ
իր
յայտարարած
կռիւով.
—
սահմանափակել
կղերին
ազդեցութիւնը
քաղաքական
գործերու
մէջ։
Հայ
կղերը,
իբրեւ
հասարակական
գործիչ
ցոյց
տուած
է
գործունէութեան
մեծ
բաժին՝
հայկական
կեանքին
մէջ։
Հայոց
Գիրը,
Հայ
Գրականութիւնը,
Հայ
Ուսումը
եւ
Հայ
Մշակոյթը
նշանակելի
մասով
կղերին
կը
պարտինք,
ա՜յնչափ
քիչ
է
աշխարհականներու
մասին
մեր
ունեցած
տեղեկութիւնները,
մանաւանդ
հին
ու
միջին
դարերու
վերաբերմամբ։
Սահակ,
Մեսրոպ՝
կղերներ
էին.
մատենագրական
դէմքեր,
ուսումնավայր-վանքերու
վանահայրեր
եւ
ուսուցիչներ՝
կղերներ
էին.
բեմ
ու
գրականութիւն
անոնց
մենաշնորհն
էին
կարծես։
Նոյն
իսկ
եթէ
աշխարհական
մեծ
դեմքեր
ալ
ունեցած
ենք,
անոնք
գործած
են
կղերին
աջակցութեամբ։
Հայ
Դպրութեան
պատմութիւնը
ԺԱ.
դարէն
առաջ
ցոյց
չտար
որեւէ
աշխարհական
մատենագիր։
Գրիգոր
Մագիստրոսէն
վե՛րջն
է
միայն
որ
այլեւս
Հայ
Մատենագրութիւնը
կղերին
մէկ
առանձնաշնորհումն
ըլլալէ
կը
դադրի
ու
Մխիթար
Հերացի,
Մխիթար
Գօշ
եւ
այլն
ասպարէզ
կուգան։
Ո՛չ
միայն
հին
եւ
միջին
դարերու,
այլ
եւ
նորագոյն
ժամանակներու
մէջ
ալ
հայ
կղերը
շա՛տ
աւելի
օգտակար
եղած
եւ
ժողովրդականութիւն
շահած
է,
երբ
քաղաքական
գործունէութեան
մէջ
ապրած
է։
Մինաս
Վարդապետ՝
Իսրայէլ
Օրիի
հետապնդած
Հայկական
Հարցին
ախոյեանն
է՝
անոր
մահուանէն
վերջ։
Յովսէփ
արքեպիսկոպոս
Արղութեան
Հայկական
ինքնավարութեան
գաղափարը
կը
մշակէ։
Ներսէս
Աշտարակեցի
նոյնպէս՝
սատարողն
էր
Հայկական
Ինքնավարութեան
ծրագրին։
Մեծ
էր
Մատթէոս
պատրիարքի
դերը
տաճկահայոց
Ազգային
Սահմանադրութեան
հրատարակութեան
գործին
մէջ։
Ներսէս
Վարժապետեան,
Խրիմեան
Հայրիկ,
Իզմիրլեան
Սրբազան,
Նարպէյ
եւ
այլն
յայտնի
քաղաքական
գործիչներ
են,
որոնց
ազդեցութեան
դրոշմը
կայ
վերջին
յիսնամեակի
Հայկական
կեանքին
մէջ։
Հայ
Եկեղեցիին
ու
Հայ
Կղերին
դերը
Հայոց
Պատմութեան
մէջ
ունի
իր
որոշ
նշանակութիւնը։
Ի
հարկէ
բացասական
մասն
ալ
նոյնքան
ճոխ
ու
հետաքրքրական
է։
Անիկա
մէկ
կողմ
թողլով,
կ’ուզենք
ըսել
թէ,
մեծագոյն
դերը,
որ
կը
սպասուի
ժամանակակից
Հայ
Կղերէն՝
Հայ
Եկեղեցիի
բարեկարգութեան
հարցին
իրագործումն
է։
Այսպէս
կամ
այնպէս՝
պատմական
եկեղեցի
մըն
է
Հայ
Եկեղեցին,
որ
մինչեւ
հիմա
իր
հզօր
տպաւորութիւնը
ներգործած
է
Հայ
Կեանքին
մէջ։
Եւ
որպէսզի
տակաւին
դեր
ստանձնէ
հայկական
մշակոյթի
ու
վերածնութեան
գործին
մէջ,
պէտք
է
որ
բարեկարգուի
եւ
երիտասարդանայ։
Հայ
Կղերը
հարկ
է
որ
սթափի
եւ
մէկ
կողմ
թողած
տգէտ
մոլեռանդութիւնը՝
ըմբռնէ
լրջօրէն
Հայ
Եկեղեցիի
բարեկարգութեան
հրամայական
պահանջը,
վստա՛հ
ըլլալով
որ
ժամանակին
հետ
քալող
եկեղեցինե՛րը
միայն
սահմանուած
են
ապրելու։