Քաղաքավարութեան վնասները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Թորոս աղան առաւօտուն տունէն կ՚ելնէ բեռնաւորեալ այն յանձնարարութիւններով, զորս կինն ընդհանրապէս կ՚ընէ էրկան, եւ որոնց գործադրութիւնն միմիայն դրամով կ'ըլլայ։

Թորոս աղայ դրամ չունի եւ սակայն իւր տիկնոջ յանձնարարութիւնները կատարելու փափաք ունի։

Դժուարութիւն չկայ Թորոս աղային կացութիւնը գուշակելու։

Շուկան չգացած` զբօսարան կ'երթայ ըստ իւր սովորութեան առաւօտեան խահուէն խմելու համար։ Զբօսարանի մէջ կան ուրիշներ ալ, որ կը խօսին այլ եւ այլ նիւթոց վրայ։ Թորոս աղան իւր սիկարը կը պլորէ եւ խահուէ մը կ՚ապսպրէ։

—Ա՛հ, Թորոս աղայ, կը պոռայ զբօսարանի մէկ անկիւնը նստող մարդուն մէկը, քովս եկուր, քովս եկուր, նայինք։

Թորոս աղան մտմտալու բաներ ունի, գոնէ ժամ մ՚առանձին մնալու պէտք ունի, ուստի քիչ մը կը վարանի բարեկամի հրաւէրն ընդունելու։

—Թորոս աղայի խահուէն հոս բերէ՛ք, կը պոռայ Ստեփաննոս աղան (այս է անկիւնը նստողին անունը)։

Թորոս աղան բարեկամին քովը կ'երթայ, հակառակ իւր կամաց, բոլորովին մտազբաղ։

—Ի՞նչպէս էք, Թորոս աղայ, ի՞նչպէս ժամանակ կ'անցուցէք, նայինք։

—Սանկ, նանկ։

—Գիտէ՞ք` մեր վարած կեանքն ինչի կը նմանի, կեցէք, ձեզի պզտիկ առակ մը պատմեմ։

Ստեփաննոս աղան կը սկսի երկար պատմութիւն մը, զոր երբեմն երբեմն կ՚ընդմիջէ` Թորոս աղային ուշադիր ունկնդրութիւնը հրաւիրելու համար, մինչդեռ Թորոս աղան մտածութեանց մէջ թաղուած` կը խորհի, թէ ուր դիմել հարկ է պզտիկ փոխառութիւն մ՚ընելու եւ անով իր տղայոց կօշիկ, գլխարկ մայրենի լեզու գնելու եւ դպրոցին թոշակը վճարելու համար։

Պատմութեան ընթացքին մէջ Թորոս աղան տասն անգամ ոտքի կ՚ելլէ երթալու համար. Ստեփաննոս աղան օձիքէն կը բռնէ եւ թող չտար` ըսելով, թէ պատմութիւնն հետաքրքրաշարժ է, եւ եզրակացութիւնն սքանչելի։

Վերջապէս երկու ժամ խօսելէն ետքը Ստեփաննոս աղան կը հասնի եզրակացութեան, այսինքն երեսփոխանաց ոմանց ատենաբանութեան աւետեաց երկիրն, եւ կը կնքէ իւր պատմութիւնն ըսելով. «Ահա մեր վարած կեանքն այս անասունին կեանքին կը նմանի». եւ պատմութիւնն լմնցելուն պէս՝

—Ծօ՛ տղայ, սա տոմինոն բեր, կ՚ըսէ։

—Ինձի հրաման տուէք, որ երթամ։

—Չէ, չէ, կ'աղաչեմ, բարթի մը տոմինոյ խաղանք. կէսուակէ՞ս առնենք քարերը, թէ՞ քաշենք. քաշելն աղէկ չէ։

—Գործ ունիմ, երթամ պիտի։

—Նստէ, պէ՛ մարդ, էնֆիէ մը քաշէ՛, նայիմ սըկեց։

—Ժամանակ չունիմ նստելու, արդէն ուշ ալ մնացի։

—Ծօ՛, սա տոմինոն բեր, ըսի, չիմացա՞ր, խո՞ւլ ես, ի՞նչ ես։

—Մնաք բարով։

—Թող չեմ տար, այսօր գործի պիտի չերթամ ես, դուն ալ մի՛ երթար, ժամանակ կ'անցունենք հոս։

—Չէ, ճա՛նըմ, գործի օր է, չեմ կրնար նստիլ։

—Խօսքս կոտրե՞ս պիտի։

—Թորոս աղայ, դուն ալ երկար ըրիր ա՛, այսչափ նազ չեն ըներ, նստէ՛ կ'ըսեն կոր նէ, կը նստին, կ'ըսեն հոն գտնուողներէն մէկ երկուքը։

—Գործ ունիմ, էֆենտիմ, գործ։

—Բարեկամաց ալ խաթրը կը սեպեն քիչ մը, էֆենտիմ, խաթըր իչին չիյ թաւուք ենիր։

Թորոս աղային ճարը կը հատնի եւ կը ստիպուի հպատակիլ հասարակաց կարծեաց։

Տոմինոն կը բերեն։ Թորոս աղան կարելի եղածին չափ շուտ կը խաղայ, որ ժամ առաջ խալսի այս փորձանքէն։ Ստեփաննոս աղան մէկ քար դնելուն մէյ֊մէկ պատմութիւն կ՚ընէ, մերթ անցած պատրիարքաց վրայ, երբեմն Սահմանադրութեան վրայ եւ միշտ ազգային լրագրութեան վրայ, այնպէս որ Թորոս աղան ժամերով կը սպասէ, որ կարգն իրեն գայ խաղալու։

Կրնամ երեւակայել, թէ ինչ կը զգայ Թորոս աղան, ես որ այս տողերը գրած ժամանակս հազար անգամ աթոռիս վրայ կը ցատկեմ։

Թորոս աղան ինքզինքը կ՚ուտէ։ Ստեփաննոս աղան կը զարմանայ Թորոս աղային աճապարելուն վրայ։

Ժամ ու կէս կը տեւէ տոմինոն. Ստեփաննոս աղան կը կորսընցնէ խաղը։

—Է՛յ, Թորոս աղայ, րախիները եկան, բարթի մ՚ալ խաղանք։

—Ոտքդ պագնեմ, Ստեփաննոս աղայ, կ'աղաչեմ, զօռ մի ըներ, չօլուխ չոճուխի տէր եմ ես։

—Ատա՛մ, Աստուած ողորմած է, տիւշեշը իմ քովս է… ահա դրի…

—Խօսք չեմ կրնար կոր հասկցնել, ժամանակ չունիմ կ'ըսեմ կոր, էֆենտիմ։

—Շեշպեշըդ դիր նայիմ։

—Տէր ողորմեա, Տէր Աստուած, մեղայ։

—Ժամանակ չունիմ կ'ըսես կոր, ժամանակ կ'անցունես կոր. մինչեւ հիմա լմնցուցած էինք խաղը… շեշպեշըդ դիր։

—Ես պիտի երթամ… մնաք բարով։

—Գնա պէ, ատա՛մ, գնա՛, առտւընէ ի վեր ես պիտի երթամ, ես պիտի երթամ, ես պիտի երթամ, գնա՛, գնա՛։

—Բարկանալու իրաւունք չունիք, կարծեմ։

—Ատանկ բաներ կ'ըսես կոր քի, մարդը կը ճաթեցնես կոր, էֆենտիմ, մենք քեզի աս տեղ զինճիրով կապած չենք ա՛, աս մերեթը երկու բարթի կը խաղան, սովորութիւնն ասանկ է. չպիտի խաղայիր նէ, հիչ թող չխաղայիր. ամէն բան օրէնք մ՚ունի. կանոն մ՚ունի. րախիները կը խմեն ու չեն փախչիր ա՛, աֆ կ'ընես ամա, ըրածնիդ քիչ մը չվայլեր։

—Պէ ճանըմ, փոխանորդ մը ձգեմ, երթամ։

—Ասոր աս տեղը պատրիարքարան չէ…

—Բարթի մ՚ալ, քարթի մ՚ալ, Թորոս աղայ, կը կրկնեն քովը նստողները։

Թորոս աղան կը զիջանի` հազար անգամ զղջալով զբօսարան մտած ըլլալուն վրայ։

Այս անգամ Թորոս աղան կը յաղթուի։ Յաղթանակը տանողին իբր մրցանակ օղի մը կը հրամցնէ եւ կը պատրաստուի երթալու։

—Էնֆիէ մը չե՞ս քաշեր, Թորոս աղայ։

—Մեծաւ հաճութեամբ։

—Պոլիս պիտի իջնաք, այնպէս չէ՞։

—Այո՛։

—Ետի գուլէ պիտի երթա՞ք։

—Ոչ, շուկայ պիտի երթամ։

—Պիտի աղաչէի ձեզի, որ Եւրոպայէն եկած էնֆիեյէն ինձի կէս օխայ առնէիք. քանի փարայ է նէ, վերջը կու տամ։

—Աղէկ, բայց…

—Բայց գիտէ՞ք, ուսկից պիտի առնէք. Ղալաթա Մոմխանէ մէկը կայ, հոն գացէք, Ստեփաննոս աղայի համար է` ըսէք, իմ ենֆիեյէս թող տայ, նայէ, որ չխաբուիս։

Թորոս աղան քսակը փող մ՚անգամ չունի, ուրիշ ձեւով մը կ'ուզէ հասկցնել այդ հրամանին անգործադրելիութիւնը, ուստի՝

—Ներեցէք, կ՚ըսէ, այսօր չեմ կարող այդ կողմերն անցնիլ։

—Ատա՛մ, քառասուն տարին անգամ մը բան մը աղաչեցի, ան ալ չես կատարեր. դուն բնաւորութիւնդ բոլորովին փոխած ես, պամպաշխայ բան մը եղեր ես։

—Կը ցաւիմ որ…

—Գոնէ Քում֊քաբու իջիր ու եկենիս ըսէ, որ ան առնէ ու քեզի տայ, որ բերես. բայց ստակը դուն տուր, եկենիս քով պելքի ստակ չգտնուիր։

—Ժամն արդէն ութ եղաւ, Թորոս աղայ, կ՚ըսէ ուրիշ մը, առնողն առաւ, ծախողը ծախեց, ասկեց ետքը երթաս, ի՞նչ պիտի ընես. եկուր քեզի հետ բարթի մը թաւլու խաղանք։

—Աս աւելի աղէկ կ'ըլլայ կը յարէ Ստեփաննոս աղան։

—Ո՛չ, ո՛չ, պէտք է որ երթամ, կ՚ըսէ Թորոս աղան եւ զբօսարանէն դուրս կը նետէ ինքզինքն երթալու համար… շուկա՞յ, ո՛չ, առանձին տեղ մը գտնելու եւ քիչ մը հայհոյելու համար. «Մշակ»֊ի խմբագրատունն գոնէ մօտ ըլլար…