Քաղաքավարութեան վնասները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

—Բարի էք եկեր, Բարսեղ աղայ, ո՞ր հողմը փչեց զձեզ դէպի մեր գիւղը…

—Պզտիկ այցելութիւն մ՚ունէի ընելու…

—Ընելու է… ընելու է… երբեմն֊երբեմն այցելութիւն ալ ընելու է… շատ աղէկ… շատ աղէկ… այս գիշեր հո՞ս էք։

—Ոչ, կտոր մը պանիր հաց կերայ հոս, պիտի դառնամ… որովհետեւ տունը մինակ են…

—Դառնալու է… դառնալու է… քանի որ տունը մինակ են… ես ալ ըլլամ նէ, կը դառնամ։

—Դուրս մնալու սովորութիւնը չունիմ։

—Ունենալու չէ… ունենալու չէ… դուրս մնալու սովորութիւնը աղէկ սովորութիւն մը չէ…

Այս խօսակցութիւնը, որ նոր սկսած էր Պոլսոյ թաղի մը նպարավաճառ֊գինետան մը մէջ, երեկոյեան ժամը տասնումէկին, ընդմիջուեցաւ երիտասարդէ մը, որ գինետունը մտնելով` Բարսեղ աղային վազեց եւ անոր ձեռքը թօթուելով`

—Ի՜նչ բախտ, ի՜նչ բարեբախտութիւն, ի՜նչ երջանկութիւն, ըսաւ, այս իրիկուն զձեզ հոս գտնելը։

—Բախտ է հապա, բարեբախտութիւն է հապա, երջանկութիւն է հապա, կրկնեց Բարսեղ աղային առաջին խօսակիցն, որու անունն Գաբրիէլ էր կարծեմ։

—Պզտիկ, սըկէ շիշ մ՚օղի բեր մեզի, պոռաց նորեկը։

Յետոյ Բարսեղ աղային ծիծաղելով`

—Իրիկուն է, ըսաւ, քանի մը հատ կը խմուի։

—Կը խմուի, կը խմուի, կրկնեց Գաբրիէլ աղան։

—Ես օղի խմելու սովորութիւն չունիմ, պատասխանեց Բարսեղ աղան։

—Մէկ երկու հատը չվնասեր։

—Երկու հատը բան մը չըներ։

Գինետան սպասաւորն բերաւ օղին եւ անոր վերաբերեալ աղանդերը։

—Ասանկ հէ՞, Բարսեղ աղայ, կեցիր, ձեռքովս հատ մը հրամցնեմ ձեզի…

—Հրամցնելու է եա՛, հրամցնելու է եա՛, Բարսեղ աղան մերն է։

—Ես չեմ կրնար խմել, ներեցէք։

—Շատ չպիտի խմենք…

—Գիտեմ, բայց խմած չունիմ…

—Մի՛ մերժէք, կ'աղաչեմ։

—Չեմ կարող խմել։

—Հատ մը… չես թունաւորուիր։

—Մէկ հատը չթունաւորեր։

—Չթունաւորեր, բայց վարժուած չեմ, խելքս կը դառնայ։

—Միհրանիկ, մի՛ ստիպեր, խելքս կը դառնայ, կ՚ըսէ կոր։

—Այս օղին թեթեւ է։

—Բարսեղ աղայ, հատ մը խմէ, այս օղին թեթեւ է, կ՚ըսէ կոր։

—Ոտւըներդ պագնեմ, մի՛ ստիպէք։

—Անանկ է նէ, մի՛ ստիպեր, Միհրանիկ. ոտւըներդ պագնեմ, կ՚ըսէ կոր։

—Մէկ հատով ի՞նչ կ'ըլլայ, եղբայր։

—Ան ալ շիտակ է, Բարսեղ աղայ, դուն ալ հատ մը խմէ, մէկ հատով մարդ չմեռնիր։

—Կարող չեմ տանելու նոյնիսկ մէկ կաթիլը։

—Միհրանիկ, ա՛լ կարճ կապէ, մէկ կաթիլն անգամ խմելու կարող չէ եղեր։

—Մէկ գաւաթը ախորժակ կը բանայ, օգտակար է։

—Եկուր, Բարսեղ աղայ, գաւաթ մը խմէ, ախորժակ կը բանայ։

—Զկրցինք հասկցնել ձեզի… նեղութիւն կու գայ վրաս։

—Միհրանիկ, ա՛լ կրկնելու չէ։

—Ըսել է, որ մեր բարեկամութիւնը կեղծ է եղեր, Բարսեղ աղայ։

—Այդ խօսքը չեմ ընդունիր։

—Չընդունիր ա՛, Բարսեղ աղան անանկ մարդ չէ։

—Վնաս չունի, գաւաթ մը օղիին համար այսչա՜փ դէմ դնել… շիտակը չէի յուսար… թող ասանկ ըլլայ… թոյն ըլլար նէ, բարեկամութեան սիրոյն համար մարդ կը խմէր։

—Բարսեղ աղայ, գաւաթ մը խմեցէք, որ վերջանայ խնդիրը։

Բարսեղ աղան կը հարկադրուի խմելու եւ երեսը ծռմռտկելով`

—Ինտոր ալ կը խմեն, կ՚ըսէ ինքն իրեն, կարծես սիրտս էրեց։

—Ձուկէն չառնէի՞ք կտոր մը, Բարսեղ աղայ։

—Կ'առնեմ, պարոն Միհրան։

Երեք բարեկամները սկսան ազգային վարժարանաց վրայ խօսակցելու։ Յայտնի է, թէ մեր մէջ մէկ կամ երկու գաւաթ օղի խմուելուն պէս՝ խօսակցութիւնն ազգային վարժարանաց վրայ կ'իյնայ։ Զանոնք բարեկարգելու համար երեքն ալ մէյ֊մէկ տարբեր ճամբայ ցոյց տուին։ Երեքն ալ իրարու ճամբաները սխալ գտան, զիրար համոզելու աշխատեցան, չյաջողեցան, յուսահատեցան։ Միհրան շիշն առաւ եւ սկսաւ գաւաթները լեցնել։

—Ալ չեմ խմեր, պոռաց Բարսեղ աղան, կ'ելլեմ, կ'երթամ։

—Բան չմնաց շիշին մէջ. սա գաւաթներն ալ խմենք, երթանք, պատասխանեց Միհրան։

—Բարսեղ աղայ, խնդիր մի՛ յարուցաներ, Աստուածդ սիրես, ամէն գիշեր կը խմենք կոր, սըւիկա, եւ, փառք տիրոջը, երկաթի պէս եմ, քեզմէ ալ քաջառողջ եմ… բանն ան է, որ մարդս տկար չստեղծուի… չէ նէ օղիէն մեռած մարդ չկայ։

—Վարժուած չեմ կ'ըսեմ կոր, եղբայր։

—Վարժուէ քիչ մը, ի՞նչ կ'ըլլայ։

—Չէ, չէ, չէ, չեմ կրնար խմել։

—Մէկ հատ մ՚ալ, լմնցաւ, գնաց։

—Այս գաւաթն ալ կը խմեմ, ուրիշ չեմ խմեր։

—Մի՛ խմեր։

Երեք բարեկամներն իրարու կենաց խմեցին։

—Մեծապէս շնորհակալ եմ, Բարսեղ աղայ, որ խօսքս չկոտրեցիր, ըսաւ Միհրան` պատառաքաղով կտոր մը ձուկ երկնցնելով Բարսեղ աղային, որ օղին վար իջեցնելու կ'աշխատէր։

—Բարսեղ աղան սիրտ կոտրող մարդ չէ, աւելցուց Գաբրիէլ աղան։

Եւ շիշը ջուրի բաժակի զարնելով`

—Պզտիկ, լեցո՛ւր սա շիշը, պոռաց։

—Ատ ի՞նչ է… մնաք բարով… ես կ'երթամ։

—Կ'երթա՞ք, ըսաւ Գաբրիէլ աղան լուրջ դէմքով մը, շիտակը, աս չվայլեցուցի ձեզի, Բարսեղ աղայ։

—Ինչո՞ւ։

—Ըսել է, թէ ես պարզապէս շողոքորթ մ՚եմ հոս, որ ուրիշի ստակով օղի խմելու եկած եմ. ես բնաւորութիւն մ՚ունիմ, որ ինձի մէկ խմցնողին չորս կը խմցնեմ։

—Ես չխմցուցի։

—Դուք հիւր էք եւ որովհետեւ մեր թաղը գտնուած էք, մեր պարտքն է ձեզ յարգել մեր կարողութեան չափ։ Կը խնդրեմ տեղերնիդ նստեցէք։

—Գաբրիէլ աղան իրաւունք ունի, ի՞նչ ըսեմ։

—Մեր գիտցածն սա է, որ մարդ մը իւր բարեկամաց թաղին մէջ գտնուի նէ, ինքզինքը իւր բարեկամաց տրամադրութեան տակ կը դնէ։

—Գիտեմ… բայց…

—Հրամմեցէք, ըսաւ Գաբրիէլ աղան, օղիի գաւաթն Բարսեղ աղային երկնցնելով։

—Շնորհակալ եմ, պատասխանեց Բարսեղ աղան՝ ակամայ ընդունելով գաւաթն։

Յետոյ գաւաթներն պարպեցին իրարու կենաց։

Բարսեղ աղան որուն աչքերը կարմրիլ սկսած էին, հազիւ յաջողեցաւ ըմպել երրորդ գաւաթը՝ հազար անգամ անիծելով այն այցելութիւնը, որու պատճառով հանդիպած էր այս փորձանքին։

—Չես կարող խմել հա՞, ի՞նչ սատանան ես դուն, մեզմէ աղէկ կը խմես կոր եւ ինչո՞ւ չխմես, կնի՞կ ես, աղբա՛ր, թող որ կնիկները հիմա մեզմէ շատ կը խմեն կոր։

—Ալ ըսելիք չունիմ, որովհետեւ չէք հաւտար կոր։ Ժամը քանի՞ եղաւ արդեօք։

—Հոգ մի՛ ըներ, քանի ըլլայ նէ, ըլլայ, ձի կայ, կառք կայ, թրամուէյ կայ։

Գիտենք արդէն, թէ մեր մէջ երբ երեք չորս օղի խմուի, խնդրոց կարգին երկրորդ խնդիրը կ'ըլլայ թաղականներու ընթացքը. ուստի երեք բարեկամները ձեռք առին սոյն խնդիրն, որուն վրայ եւս քառորդի մը չափ վիճաբանեցան առանց զիրար հասկնալու. անմե՜ղ վիճաբանութիւն։ Միայն թէ Բարսեղ աղան, որուն, ինչպէս կ'ըսեն, գլուխը ցատկած էր օղին, կիրքով կը խօսէր։ Երբ կարգը չորրորդ բաժակին եկաւ, Բարսեղ աղան, որու գլուխը դառնալ սկսած էր, բնաւ ընդդիմութիւն չըրաւ, հաճութեամբ խմեց եւ սկսաւ ցած ձայնով սֆահանի վրայ հին պեսթէ մ՚ալ երգել։

—Կը լսե՞ս կոր, պարոն Միհրան, ինչ աղուոր կ՚երգէ կոր Բարսեղ աղան։

—Սքանչելի՜։

—Բարսեղ աղայէն չէի յուսար ասանկ հրապուրիչ ձայն մը։

—Ես ալ չէի կարծեր, որ Բարսեղ աղան այսքան աղուոր ձայն մ՚ունենար։

Բարսեղ աղային հաճոյ թուեցան բարեկամներուն այս խօսքերը. ծիծաղեցաւ, Միհրանիկը շոյեց ու Գաբրիէլ աղային ուսին զարկաւ։ Յետոյ վրան երկար դրուած զգայռական ձայնարկութիւն մ՚արձակեց եւ սպասաւորը կանչեց, որ շիշը լցնէ։

—Շատ կ'ըլլայ, Բարսեղ աղայ, ըսին բարեկամները։

—Ես չհրամցնե՞մ։

—Շատ լաւ, կ՚ընդունինք։

—Անանկ ալ եղաւ, անանկ ալ. շիշ մ՚ալ կը խմենք, կ'երթանք, ուշ մնացի։

—Երթալու համար դեռ կանուխ է, ձի կայ, կառք կայ, թրամուէյ կայ, ըսաւ Միհրան։

—Այո՛, այո՛, ձի կայ, կառք կայ, թրամուէյ կայ, կրկնեց Գաբրիէլ աղան։

Երրորդ շիշն ալ խմեցին։ Օղիի շոգին զուարթացուցած էր Բարսեղ աղան. մինչեւ ականջները կաս֊կարմիր կտրած` շարունակ կը խնդար եւ կը խօսէր։ Նստած տեղն երկու կողմ կ'երերար, հաւասարակշռութիւնը կորուսած էր, սակայն խելքը գլուխն էր, եւ կ'աշխատէր այնպէս ցոյց տալ, թէ որպէս թէ ինքն իւր կամօքն կ'երերար։

—Միսաք աղայէն, ըսաւ սպասաւորն` շիշ մ՚օղի դնելով ասոնց սեղանին վրայ։

—Քովերնիս եկուր, Միսաք աղայ, պոռաց Բարսեղ աղան։

Միսաք աղան իւր օղիի շիշն ու գաւաթը հետն առնելով եկաւ։

—Միսաք աղայ, սա իրիկուն ալ ասանկ եղաւ, մեր բարեկամները մեզի օղի խմցուցին։

—Շատ աղէկ ըրին, աշխարհս ունայն աշխարհ մ՚է, բարեկամներու հետ խնդալու, զուարճանալու է։

—Խմենք ուրեմն։

Չորրորդ շիշն ալ պարպեցին։ Այնուհետեւ հատ մ՚ալ ինէ, չէք մերժեր ա՛ ըսելով, չորսն ալ վերստին մէյմէկ շիշ բերել տուին եւ բաւական տաքցուցին իրենց գլուխները։ Հինգերորդ շիշէն յետոյ Բարսեղ աղան հեծկլտալով կը զբաղէր։ Վեցերորդին` ալ չկրնալով նստիլ` ընկողմանած էր։ Եօթերորդ եւ ութերորդ շիշերուն ձեռնպահ մնաց։ Ժամը գիշերուան երկուքին կը մօտենար։ Միհրան սպասաւորը կանչեց, խմուած օղիին հաշիւը հարցուց։ Գաբրիէլ աղան խնդրեց, որ կէսուակէս վճարուէր։ Միհրան մերժեց եւ հաշիւը մաքրեց։

—Բարսեղ աղան ի՞նչ ընենք, ըսաւ Գաբրիէլ աղան, տունը հիւանդ չունենայի, տունս կը տանէի։ Տունս մօտ ալ է, դիւրութեամբ կ'ըլլար։

—Գիտէք, որ ասանկ բաներէն չեմ փախչիր ես, յայտնեց Միհրան, բայց ի՞նչ ընեմ, որ պառկեցնելու սենեակ չունիմ։

—Շիտակը` ես կ'առնէի, տունս կը տանէի, յարեց Միսաք, եթէ այսօր տախտակ շփած ու յոգնած չըլլային տունը։

—Բարեկամ մը տուն տանելը բա՞ն մ՚է, բայց եկուր, տես, որ հիւանդ ունիմ տունը։

—Ձախորդութիւն… ի՞նչ կ'ըլլար, թէ որ սենեակ մ՚աւելի ունենայի։

—Մերիններն ալ այսօր ելեր են տախտակ շփելու։

—Սենեակ մ՚ալ աւելի ունենայի նէ։

—Չէ՞ք կրնար մէկտեղ պառկիլ։

—Կարելի՞ է. դուք կրնաք տանիլ. տախտակները շփուած են եղեր, ի՞նչ վնաս ունի։

—Իրաւունք ունի Միհրան։

—Դուք տարէք, աղբար, հիւանդին ի՞նչ չարիք կրնայ հասցնել խեղճը, ձեր տունը մօտիկ ալ է, հոս է։

—Փափուկ կէտ մը կայ հոն… ամէն բան չըսուիր։

—Մնաք բարով, ըսաւ Միսաք ու մեկնեցաւ։

—Գիշեր բարի, Գաբրիէլ աղայ…

—Երթաք բարով։

Գաբրիէլ աղան գինեպանին յանձնարարեց Բարսեղ աղան եւ աղաչեց, որ պառկելու համար տեղ մը պատրաստէ անոր։ Գինեպանը խօսք տուաւ, թէ հարկ եղած խնամքը կը տարուի իւր հիւրին։

Երբ պարպուեցաւ գինետունը, գինեպանն Բարսեղ աղային քովը գնաց, որպէսզի ձայն տայ անոր եւ վերի յարկը տանի պառկեցնելու. իսկ երբ գարշելի հոտ մ՚առաւ եւ երբ տեսաւ, թէ Բարսեղ աղային դէմքը թաթխուած էր դեղին բաղադրութեամբ մը, որուն մէջ կը տեսնուին վարունգի, ձուկի կտորներ, ծամուած լուբիայի խմորներ քարսոնով շաղախուած, ետ ետ գնաց գանելով, սպասաւորը կանչեց։

—Բռնէ սըւոր ոտքերէն, հրամայեց։

Սպասաւորը վեր առաւ Բարսեղ աղային ոտքերը։

Ինքն ալ ձեռներէն բռնեց եւ մէկէն ի մէկ թողուց պոռալով`

—Գարշելի մարդ։

Բարսեղ աղային թեւերն ու ձեռներն ալ ծեփուած էին այդ գարշահոտ բաղադրութեամբ։

Սպասաւորն հրամանի կը սպասէր` բարձրացուցած Բարսեղ աղային ոտքերը։

Գինեպանը քիթը բամբակով թխմելով եւ ձեռքերը ջնջոցով փաթթելով Բարսեղ աղային ձեռներէն բռնեց։ Վերուցին Բարսեղ աղան եւ գինետունէն դուրս ելնելով փողոցի մ՚անկիւնը ձգեցին։ Մէկուկէս ժամի չափ խորդաց Բարսեղ աղան եւ յետոյ ինքզինքը կանգուն գտաւ պատի կռթնած եւ դէմը մարդ մը, որ ձեռքովն զինքը բռնած կը հարցնէր.

—Ո՞րու հետ էիր…

—Անոր հետ։

—Ան ո՞վ է։

—Ան…

—Անո՞ւնը։

Ձայն չկայ։ Բարսեղ աղան չէր կրնար աչքերը բանալ, ոտքի վրայ կը քնանար, գլուխը կուրծքին վրայ։

Գիշերապահը մեծ դժուարութեամբ յաջողեցաւ Բարսեղ աղային բերնէն յափշտակել Գաբրիէլ անունը։

—Գիտեմ, գիտեմ, ըսաւ գիշերապահը։

Յետոյ.

—Քալէ նայիմ հետս։

Անշուշտ դիւրին չէր Բարսեղ աղան այդ վիճակին մէջ Գաբրիէլ աղային տունը տանել, բայց գիշերապահն յանձնառու եղաւ, ի սէր մարդկութեան, ամէն դժուարութեանց եւ յաջողեցաւ Բագոսի այս տկար աշակերտը յանձնել Գաբրիէլ աղային, որ ապշած` ստիպուեցաւ ընդունիլ այս հիւրն եւ իւր սենեակը տանել ու պառկեցնել։ Քանի մը ժամ յետոյ Բարսեղ աղան արթնցաւ։ Ծարաւի էր։ Հասկցաւ, թէ իւր տունը չէր։ Կանգնեցաւ, խարխափելով գտաւ սեղանը. լեցուն բաժակ մը ձեռքն անցաւ, խմեց զայն ի մի ումպ, երեսը քիչ մը թթուեցուց եւ պառկեցաւ վերստին։ Առաւօտուն կանուխ արթնցաւ։ Չհանուած պառկած էր։ Տեսաւ, որ բարձն, որու վրայ դրած էր գլուխն, ու վերմակի վերին կողմը դեղնած էին։ Թիկնոցին թեւերուն, բաճկոնակին նայեցաւ, կարմրեցաւ։ Ընչացքը շտկել ուզեց, ձեռները օտար նիւթերու դպան։ Ձեռները գլխուն զարկաւ։ Չհամարձակեցաւ արթնցնել Գաբրիէլ աղան. վար իջաւ եւ դռնէն դուրս ելաւ յարմար եւ առանձին տեղ մը գտնելու եւ լուացուելու համար։

Միհրան եւ Միսաք` նոյնպէս կանուխ արթնցած գինետուն գնացած էին Բարսեղ աղային վրայ տեղեկութիւն առնելու համար։ Գինեպանը յայտնած էր անոնց, թէ շատ խնամք տարած էր իրենց հիւրին, թէ մաքուր անկողնոյ մը մէջ հանգիստ պառկած էր Բարսեղ աղան, թէ առաւօտուն ելած, մեկնած էր` շնորհակալութիւններ յայտնելով իրեն այն բարի ծառայութեանց համար, զորս մատուցած էր իրեն։ Գինեպանը չէր մոռցած նաեւ յաւելուլ թէ ինքն, իբրեւ գինեպան, պարտաւոր էր իր յաճախորդներն ամէն կերպով գոհացնել, թէ ոեւէ պատիւ չպիտի զլանար Բարսեղ աղային, եթէ յանձնարարուած իսկ չըլլար։ Միհրան եւ Միսաք շնորհակալութիւն յայտնելով մեկնած էին գինետունէն եւ փողոց մը դարձած էին, երբ տեսան Բարսեղ աղան, որ աղբիւրի մը առջեւ կեցած` թաշկինակով երեսը կը սրբէր։

—Բարի լոյս, Բարսեղ աղայ, գիշերը ի՞նչպէս անցուցիք։

—Շատ հանգիստ, շնորհակալ եմ, պարոն Միհրան։

—Ես քեզի թող չէի տար երէկ գիշեր, բայց շատ պնդեցիր, գալ չուզեցիր նէ, ես ալ ձգեցի։

—Շնորհակալ եմ, Միսաք աղայ։ Կ'երեւի, որ Գաբրիէլ աղան թող չէ տուած զիս։

—Ի՞նչ…

—Երէկ գիշեր ո՞ւր մնացիր։

—Առտուն ինքզինքս Գաբրիէլ աղային տունը գտայ… շատ գէշ աւրուած եմ եղեր. Գաբրիէլ աղայի տունն ինտոր երթալս չեմ գիտեր կոր… վրաս գլուխս ալ աղտոտած եմ։

—Ստամո՞քսդ աւրուեցաւ։

—Այո՛։

—Գաբրիէլ աղան կու գայ կոր։

—Իրաւ որ մարդու երեսը նայելու կ'ամչնամ կոր, վերմակը, սաւանը, բարձը լուացուելու են այսօր։

—Բարեւ ձեզ։

—Աստծու բարին, Գաբրիէլ աղայ։

—Ներեցէք Գաբրիէլ աղայ, չեմ գիտեր, ի՞նչպէս ներումն խնդրել։

—Ներման բան չկայ, միայն թէ անձիդ վնաս մը չգայ. մեզի համար բան չկայ. չես կրնար վերցնել նէ, մի խմեր, եղբայր, մեղք չե՞ս։

—Անանկ չէ՞, Միհրան աղայ։

—Անանկ է։

—Էշը, կ'ըսեն, չկերած խոտն ուտէ նէ, գլխու ցաւ կ'ունենայ, ըսաւ խնդալով Միսաք աղան։

Յետոյ ներումն խնդրեց, թէ իւր կամքէն անկախ պարագաներով բերնէն փախուցած էր այդ նմանութիւնը։

—Մենք օղին քուկին կոկորդդ ի վար չթափեցինք ա՛. «չեմ կրնար խմել», կ'ըսես, կը լմննաս։

—Բռնի ո՞վ կրնար խմցնել քեզի։

—Իրաւունք ունիք։

—Ես, ըսաւ Միհրան, մէկու մը վրայ չեմ իյնար, որ խմէ։

—Ես ալ այն բնաւորութիւնն ունիմ։

—Քու աղէկութեանդ համար կ'ըսենք կոր մենք։

—Անանկ է եա՛, կ'ուզես նէ, տակառ մը օղի խմէ։

—Դուք չէ՞իք, որ ստիպեցիք զիս խմելու։

—Մենք ի՞նչ գիտնանք, որ դու վարժուած չես։

—Մատւընիս չպիտի հոտւըտայինք ա՛։

—Աս բան մը չէ, անգամ մը կը գինովնայ մարդ, ուրիշ անգամ կը զգուշանայ. ցաւալի կէտն այն է, որ…

—Բարձը, վերմակը, սաւանը աղտոտեցի…

—Ան ալ բան մը չէ, կը լուացուին, կը սրբուին. հօրս հետ, որ հիւանդ է, քեզի համար կռիւ ընելու ստիպուեցայ։

—Հայրդ իմացե՞ր է, որ…

—Իմացեր է հապա՞… դուն գիշերն ելիր ու խմէ խեղճ մարդուն… մէզը։

—Մէ՞զը մի…

Բարսեղ աղան կը թքնէ։

—Մէզը հապա… թքնելու բան չկայ, ինչ եղաւ նէ, մ ե զի եղաւ. բժիշկները պիտի քննէին այսօր այդ մէզը. երեք օր է, որ խնամքով կը պահէի սենեակիս մէջ սեղանիս վրայ` այս առտու բժիշկներուն ցոյց տալու համար։ Այնչափ բարկանայ… այնչափ բարկանայ, որ… իմ գիտցածս՝ մարդ մը օղի չկրնար տանիլ նէ, խմելու չէ. քո անձիդ ալ կը վնասես, եղբայր։

Բարսեղ աղան կը շարունակէ թքնել։

—Իրաւունք ունի Գաբրիէլ աղան։

—Չէ նէ եկուր տունս պառկէ, շաբաթներով կեցիր, գլխուս վրայ տեղ ունիս։

Միշտ կը թքնէ Բարսեղ աղան։

—Իմս ալ գլխուն վրայ։

—Ինչ որ է, եղածը եղած է, քալենք, հո՞ս պիտի կենանք։

Թքնելէ չդադրիր Բարսեղ աղան։

Մինչեւ շուկան մէկտեղ գնացին չորս բարեկամները, յետոյ իրարմէ բաժնուեցան։

Թի՛ւ, թի՜ւ, անկիրթ մարդիկ, պոռաց Բարսեղ աղան, երբ առանձին մնաց. բռնի օղի խմցուցին, ստամոքսս աւրեցին, մէզ խմելու պատճառ տուին եւ հիմա, փոխանակ ինձմէ ներումն խնդրելու՝ խրատ կու տան, որ մէյ մ՚ալ օղի չխմեմ։ Այդ գարշելի մէզը խմելս հապա… ով գիտէ, ինչ բաներ կային մէջը… թիւու… միայն մէզը կը ցաւին կոր, որպէս թէ հօրը հաղարջի օշարակը խմած ըլլամ… թող նորէն միզէ, էֆենտիմ, սա ալ դժուար բա՞ն մ՚է… ի՞նչ երես… չըսեր կոր, որ «այս ի՜նչ պզտիկութիւն եղաւ, խեղճ մարդուն մէզ խմելուն պատճառ եղանք, աս ի՜նչ ամօթ բան եղաւ…» ամենեւին, հօրս մէզը կ՚ըսէ, կ'երթայ. այսչափ անկրթութիւն չէի կրնար երեւակայել։ Թող հօրը մէզը յախճապակեայ ամանի մը մէջ լեցնէր ու վարդի փունջեր ալ դնէր այդ ամանին մէջ եւ ընդունելութեան սրահը մեծ հայելիին առջեւ դնէր. անպիտան…

Եւ թքնելով շարունակեց ճամբան։