Մեծապատիւ մուրացկաններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

Հազար ութը հարիւր եօթանասուն… չեմ յիշեր` քանիին, սեպտեմբեր երեսունըմէկին ներեցէք, երեսունին պիտի ըսէի, վասնզի սեպտեմբերն երեսուն օր միայն ունի երկար եւ ընդարձակ թիկնոցի մը մէջ փաթտըւած միջահասակ եւ գիրուկ մարդ մը, որ Տրապիզոնի շոգենաւէն նոր ելած էր, Ղալաթիոյ նաւամատոյցին վրայ կայնած` նաւակէ մը իւր սնտուկները հա­նել կ՚աշխատէր:

Կը տեսնէք` որչափ պարզութեամբ սկսայ: Պատմութիւնս հետաքրքրական ընելու ջանքով եւ անկից քանի մը հարիւր օրինակ աւելի ծախելու համար չըսի, թէ նոյն օրն սաստիկ հով մը կար, թէ տեղատարափ անձրեւ կու գար, թէ խառն բազմութիւն մը հետաքրքրութեամբ դէպ ՚ի Ղալաթիոյ հրապարակը կը վազէր, թէ ոստիկանութիւնն աղջիկ մը ձերբակալած էր եւ այլն խօսքեր, որովք վիպասաններն կը սկսին միշտ իրենց վէպերը: Ես ալ կրնայի ըսել այս ամէնը, բայց չըսի, որովհետեւ նոյն օրն ոչ հով կար, ոչ անձրեւ, ոչ խուռն բազմութիւն եւ ոչ ձերբակալուած աղջիկ մը:

Արդ, առանց կասկածելու հաւատացէք պատմութեանս, որ ժամանակա­կից դէպք մ՚է:

Այս ճամբորդն օժտուած էր զոյգ մը խոշոր եւ սեւ աչքերով, զոյգ մը հաստ, սեւ եւ երկար յօնքերով, զոյգ մը մեծ ականջներով եւ զոյգ մը քիթով… չէ՛, չէ՛, մէկ քիթով, թէպէտեւ բայց զոյգ մը քիթերու տեղ կրնար ծառայել, անոր մեծութիւնը սխալեցուց զիս: Ունէր այնպիսի նայուածք մը, որուն եթէ պ. Հ. Վարդովեան հանդիպէր իւր աչերով, կը հարցունէր այդ մարդուն. «Ի՞նչ ամսական կ՚ուզես` թատրոնիս մէջ ապուշի դեր կատարելու համար»:

Սնտուկներն եւ անկողինն, որ քուրջի մը մէջ ներփակուած էր, նաւակէն հանելուն պէս ճամբորդն քաշեց քսակն եւ նաւավարին իրաւունքը վճարելով` բեռնակիր մը կանչեց: Հինգ բեռնակիրներ ներկայացան իրեն: Տարակոյս չկայ, որ եթէ հինգ կանչէր, քսան եւ հինգ պիտի ունենար իւր առջեւ մայրաքա­ղաքիս սովորութեանը համեմատ:

—Ո՞ր կողմ պիտի երթաք, աղայ, հարցուց բեռնակիրներէն մին` մէկ ոտքը սնտուկներէն միոյն վրայ կոխելով:

—Բերա, Ծաղկի փողոց, թիւ 2 պիտի երթամ, պատասխանեց խոշոր մարդը:

—Շատ աղէկ, հասկցայ, Բերա, Ծաղկի փողոց… պատուական փողոց մ՚է, ըսաւ հարցումն ընող բեռնակիրն եւ սնտուկ մը շալկելով սկսաւ երթալ:

—Ծաղկի փողոցն ես ալ գիտեմ, ըսաւ երկրորդ բեռնակիրն եւ սնտուկին մէկն ալ ինք առնելուն պէս` Բերայի ճամբան բռնեց:

—Ես ամէն օր կ՚երթամ Ծաղկի փողոցն, ըսաւ երրորդն եւ մարդուն ան­կողինը գետնէն վերցնելն, կռնակին վրայ առնելն ու վազելն մէկ ըրաւ:

Այս գործողութիւններն այնքան արագութեամբ կատարուեցան, որ մար­դը շուարելով սկսաւ չորս կողմը նայիլ՝ տեսնելու համար բեռնակիրներն, որ բազմութեան մէջ անյայտ եղած էին:

—Ի՞նչ խայտառակութիւն է աս, պոռաց վերջապէս ոտները գետինը զարնելով, ո՞ւր տարին անկողինս եւ սնտուկներս, ատոնք ի՞նչ իրաւունք ունին իմ անկողնուս եւ սնտուկներուս խառնուելու, ի՞նչ աներես մարդ են եղեր այս տեղաց մարդերը. ինչ որ կը տեսնեն, կ՚առնեն, կը տանին:

—Ծաղկի փողոցը մենք ալ գիտենք, աղա՛յ, մեզի ալ բան մը տուր, որ տանինք, ըսին միւս երկու բեռնակիրները:

—Ծաղկի փողոցն ալ գետնին տակն անցնի, դուք ալ, պատասխանեց մարդն, որուն այտերն նեղութենէ կարմրիլ սկսած էին:

Երկու բեռնակիրները խնդալով հեռացան. եւ ճանբորդն ալ իւր սնտուկ­ներուն ետեւէն երթալ կը պատրաստուէր, երբ բարձրահասակ, թխադէմ, փոքր աչերով մարդ մը ուսերը տնկած, ձեռները շփելով եւ բռնազբօսեալ ժպիտով մը մօտեցաւ անոր եւ քաղաքավարական ձեւով մը ձեռները բռնելով հարցուց.

—Դո՞ւք էք Աբիսողոմ աղայ, ե՞րբ եկաք, ո՞ր շոգենաւով եկաք, ի՞նչպէս էք, ձեր եղբայրն ի՞նչպէս է, ազգային գործերն ի՞նչպէս են Տրապիզոն, հա­ցին գինը քա՞նի է հոն, անձրեւ եկա՞ւ այս օրերս ձեր քաղաքը… վայ, Աբիսո­ղոմ աղայ, վայ…

—Ես եմ Աբիսողոմ աղայ, հիմա եկայ, տաճկի շոգենաւով եկայ, շատ աղէկ եմ, եղբայրս ալ աղէկ է, ազգային գործերն ալ աղէկ են Տրապիզոն, հացին գինը մէկ դահեկան է, անձրեւ չեկաւ այս օրերս մեր քաղաքը, պա­տասխանեց փութով թիկնոցաբնակն` առանց ճանաչելու այս անձն:

—Ներեցէք, թողութիւն ըրէք, որ չկրցի մինչեւ շոգենաւ գալ զձեզ դի­մաւորելու համար: Ինձի գրուած էր Տրապիզոնէն, որ այս շաբթու անպատճառ հոս պիտի գաք…

—Ես ատանկ բաներու չեմ նայիր:

—Արդարեւ մայրաքաղաքս ինքզինքը բախտաւոր համարելու է ձեզի պէս պատուական ազգային մը, շնորհալի երիտասարդ մը, ողջամիտ մէկը…

—Սնտուկներս…

—Ազնիւ սիրտ մը, վեհանձն հոգի մը…

—Բեռնա…

—Հայրենասէր անձ մը…

—Կիրները…

—Ազգասէր, ուսեալ, կրթեալ…

—Սնտուկ…

—Դաստիարակեալ…

—Ներս առին, տարին…

—Ազնուասիրտ, ազնուախոհ, ազնուադէմ մէկը իր մէջ ունենալուն համար:

—Սնտուկներուս մէջ ատանկ բաներ չկան, պատասխանեց Աբիսողոմ աղան քալել սկսելով` բեռնակիրները գտնելու համար:

—Թէպէտեւ դուք զիս չէք ճանչնար, բայց ես ձեր գերդաստանը խիստ լաւ կը ճանչնամ. ձեր լուսահոգի հայրն իմ լրագրոյս բաժանորդ էր: Շատ բարի մարդ մ՚էր, աղքատներուն ողորմութիւն կու տար, աղքատ աղջիկներ կը կարգէր եւ իրեն դիմողներուն բարութիւն կ՚ընէր: Ասանկ ողորմած մարդերը շատ ապրելու են, բայց, ի՞նչ օգուտ, անգութ մահը միշտ բարիները կ՚առնէ եւ թող կու տայ չարերն, որ ազգին չարութիւն ընեն: Թողունք սակայն հիները եւ ուրիշ բանի վրայ խօսինք: Շոգենաւուն մէջ հանգի՞ստ էիք:

—Շատ հանգիստ էի, պատուականապէս կերայ, խմեցի եւ պառկեցայ, պատասխանեց Աբիսողոմ աղան` քայլերն շուտ եւ մեծ առնել սկսելով:

—Եթէ հանգիստ չըլլայիք, վաղուան լրագրոյս մէջ պիտի գրէի եւ ըն­կերութեան ուշադրութիւնը պիտի հրաւիրէի, ըսաւ խմբագիրն ետեւէն վա­զելով:

—Շնորհակալ եմ:

—Կ՚աղաչեմ, ըսէք ինձի, քանի տարեկան էք:

—Քառասուն:

—Վաճառական էք, կարծեմ:

—Այո… եթէ անցագիր պիտի շինել տաք, հարկ չկայ, վասն զի հատ մը ունիմ:

—Չէ, վաղուան թերթիս մէջ պիտի գրեմ, որ առաջի օրը Տրապիզոնէն
մայրաքաղաքս եկաւ մեծապատիւ Աբիսողոմ աղայ երեւելի վաճառականն, որ
իւր լեզուագիտութեամբ եւ վաճառականական հմտութեամբն ծանօթ է մեր ազգայիններուն: Տաճկերէն գիտէք կարծեմ:

—Ո՛չ:

—Ֆրանսերէ՞ն:

—Ոչ:

—Անգղիերէ՞ն:

—Ոչ:

—Գերմաներէ՞ն:

—Ոչ:

—Վնաս չունի, ես լեզուագէտ պիտի ըսեմ ձեզի համար եւ ձեր վրայօք գովեստով պիտի խօսիմ:

—Ամէն Պոլիս եկողներուն անունները ձեր թերթին մէջ կը գրէ՞ք:

—Գրեթէ ամէնն ալ, եթէ ձեզի պէս պատուաւոր ազգայիններ ըլլան:

—Պոլիսէն գացողնե՞րն ալ կը գրէք:

—Գրեթէ կը գրենք, եթէ պատուաւոր ազգայիններ ըլլան:

—Շատ լաւ, իմ անունս ալ գրեցէ՛ք, ես ալ պատուաւոր ազգային մ՚եմ: Մեր քաղքին մէջ արտերու, եզներու, կովերու եւ ագարակներու տէր եմ… Ասոնք ալ գրէ, ըսաւ այնպիսի դէմքով մը, որ կը յայտնէր, թէ մեծ շահ մ՚ունէր այս խօսքերուն հրատարակութեանը մէջ:

—Հոգ մի՛ ընէք. խղճի եւ արդարութեան պարտք մը կատարելու հա­մար անոնք ալ կը գրեմ:

—Երկու երեք հատ սպասաւոր ալ ունիմ… անոնք ալ լրագրոյդ մէկ կողմը կրնա՞ս անցունել:

—Ինչո՞ւ չէ:

—Ոսկիէ ժամացոյց եւ շղթայ ալ ունիմ, բայց շոգենաւուն մէջ չգողցնելու համար վրաս չառի. անոնք ալ գրել պէ՞տք է, հարցուց Աբիսողոմ աղան, որ բոլորովին մոռցած էր սնտուկները:

—Ատոնք գրելու հարկ չկայ:

—Շատ լաւ, բայց միւս ըսածներս լրագրոյդ մէջ ամէնէն առաջ դիր, որ կարդան:

—Այնպէս ընելու միտք ունիմ:

—Խոշոր գիրերով գրէ:

—Հանգիստ եղէք. ամէնէն խոշոր գիրերով:

—Միայն հարուստ մարդերուն գալն եւ երթալն կը գրէք… այնպէս չէ՞:

—Այո:

—Եթէ աղքատ մարդերն ալ կը գրէք, չեմ ուզեր, որ իմ անունս…

—Բնաւ երբեք, ստակ չունեցողներուն անունները բնաւ չենք գրեր, նոյնիսկ եթէ հազար ոսկի ալ տուած ըլլան դպրոցի մը շինութեան համար:

—Ըսել է որ դուք ամէն իրիկուն հոս կը սպասէք Պոլիս եկող կամ անկից մեկնող հարուստները տեսնելու եւ անոնց անունները հրատարակելու հա­մար, որպէսզի ժողովուրդն գիտնայ, թէ ո՛վ եկած է եւ ո՛վ գացած է… Տարա­կոյս չկայ, որ վաղը իրիկուն իմ անունս պիտի կարդամ ձեր լրագ­րին մէջ:

—Այո՛, ձեր հասցէն տուէք, որ տեղական թղթատարով ղրկեմ լրագիրը:

—Բերա, Ծաղկի փողոց, թիւ 2:

—Շատ աղէկ, ըսաւ խմբագիրն եւ գրպանէն թուղթ մը հանելով բաժա­նորդներուն ցուցակին մէջ անցուց Աբիսողոմ աղան:

—Վաղը առտու լոյսը չճղքուած ղրկէ, որ կարդամ իմ անունս լրագրին մէջ:

—Իրիկուան դէմ կը ղրկեմ, վասն զի լրագիրս իրիկուններր կը տպուի:

—Որչա՛փ ուրախ կ՚ըլլայի, թէ ձեր վաղուան լրագիրն առտուն տպէիք… բայց վնաս չունի, իրիկուան թող ըլլայ, բաւական է, որ անունս խոշոր գիրերով գրուի:

—Այդ մասին հանգիստ եղէք. վաղը իրիկուն անպատճառ կը ղրկեմ լրա­գիրն ընկալագրով:

—Ընկալագրո՞վ… տեղական թղթատարով պիտի ղրկէիք հապա… Ըն­կալագիրն ո՞վ է, տունս գիտէ՞…

—Ընկալագիրն թուղթ մ՚է, որուն մէջ կը գրեմ «Ընկալայ մեծապատիւ Աբիսողոմ աղայէն… լրագրոյ տարեկան բաժանորդագին մէկ ու կէս ոսկի» եւ այդ թուղթը ձեզի կը յանձնեմ, որով տարի մը իրաւունք կ՚ունենաք իմ լրա­գիրս ընդունելու:

—Տարի մը շարունակ պիտի գրէ՞ք իմ անունս:

—Չէ, բայց դուք բաժանորդ պիտի ըլլաք իմ լրագրոյս` մէկ ու կէս ոսկի վճարելով ինձի:

—Մէկ ու կէս ոսկի՜՜… շատ է… երեք քառորդ ոսկի չը՞բաւ ե ր:

—Խմբագիրները բաժանորդագնոյն վրայ սակարկութիւն չեն ըն ե ր…

—Շատ լաւ. ղրկեցէք ձեր լրագիրն եւ այն թուղթը, բան մը կ՚ընենք:

—Սակայն չկարծէք, թէ ես բաժանորդ գրելու նպատակով զձեզ տեսնե­լու եկայ, քաւ լիցի, այդ պզտիկութիւնը չեմ ընդունիր. բարեկամական պարտք մը կատարելու համար եկայ զձեզ տեսնելու:

—Յայտնի բան է:

—Բնաւ ձեր մտքէն չանցուցէք, թէ այս մարդը մէկ ու կէս ոսկի փրցնե­լու համար զիս տեսնելու եկաւ:

—Չեմ անցուցեր:

—Վասն զի կան խել մը մուրացկան խմբագիրներ, որք Պոլիս եկողները կողոպտելու համար անոնց քովը կ՚երթան եւ բաժանորդ կը գրեն զանոնք. ես այդ բանը չեմ կարող ընել, վասն զի բնութեանս մէջ չկայ… ես իբրեւ պատ­ուաւոր մարդ կ՚ուզեմ ապրիլ:

—Հասկցայ, իբրեւ պատուաւոր մարդ կ՚ուզէք ապրիլ:

—Ինձ հետ ձեր ունեցած այս տեսակցութիւնն ալ ուրիշի մի՛ զրուցէք, վասն զի տեսակ մը բախտախնդիր, չուառական անձեր կան, որք բանդագու­շական կենսագրութիւններ կը գրեն եւ իմ անձնականութիւնս կը խծբծեն:

—Կը հասկնամ, անձնականութիւնդ կը խծբծեն:

—Օրինակի համար սա պարագային մէջ յանցանք մ՚ունի՞մ ես. զձեզ դիմաւորելու եկայ եւ խոստացայ ձեր անունը լրագրոյս մէջ հրատարակել. դուք ալ իբրեւ ողջամիտ ազգային մը բաժանորդ գրուեցաք. կ՚աղաչեմ, ըսէք, ձեր կոկո՞րդը սխմեցի, որ ինձի բաժանորդ գրուիք:

—Ամենեւին:

—Ատրճանա՞կ ցցուցի:

—Բնաւ երբեք:

—Դանա՞կ քաշեցի:

—Ոչ. բայց ուրիշ տեղեր ատրճանակ կամ դանա՞կ ցցունելով բաժա­նորդ կը գրեն:

—Ատ ըսել չեմ ուզեր, սա ըսել կ՚ուզեմ, որ դուք ձեր յօժար կամքով բաժանորդ գրուեցաք:

—Այո՛:

—Եւ ես վեհանձնաբար վարուեցայ այս պարագային մէջ:

—Տարակոյս չկայ:

—Չվարուեցայ այն խմբագիրներուն պէս, որք օտարականի մը Պոլիս գալն իմանալնուն պէս՝ վազելով անոր տունը կ՚երթան բաժանորդ գրելու հա­մար:

—Այդ չուառականներն իրաւունք չունին քու անձնականութիւնդ խծ­բծելու… դուն վստահ եղիր ինձի…

—Շնորհակալ եմ ձեզմէ. մնաք բարով, Աբիսողոմ աղայ. օր մը մեր խմբագրատունը հրամմեցէք խահուէ մը խմելու:

—Շատ աղէկ. օր մը կու գամ: Վաղուանին մէջ անցունելու չմոռնաք:

—Անհոգ եղէք:

Աբիսողոմ աղան եւ խմբագիրն բաժնուեցան իրարմէ Բերայի քառուղւոյն առջեւ, ուր հասած էին խօսելով:

Աբիսողոմ աղան առանձին մնալով սկսաւ ճամբան շարունակել` ինքն իրեն հետեւեալ խորհրդածութիւններն ընելով.

«Ես ինքզինքս չէի կարծեր այնչափ մեծ մարդ, որչափ որ կը կարծէ այս խմբագիրն. բայց հարկաւ ան ինձմէ աղէկ գիտէ իմ որչափ մեծ ըլլալս, վասն զի խմբագիր մ՚է եւ ուսումնական է…: Վաղը լրագրի մէջ իմ անունս տեսնող­ները անշուշտ իրար պիտի անցնին եւ հետաքրքրութիւն պիտի ունենան ինձի հետ տեսնուելու. վաղը պէտք է որ կիրակի օրուան հագուստներս հագնիմ եւ ոսկէ ժամացոյցս ու շղթաս ալ դնեմ. սպասաւորներս ալ հետս բերելու էի. ո՞վ գիտէր…: Ամէն մարդ պիտի իմանայ վաղը, որ մեծ մարդ մը եկած է Կ. Պոլիս. ազնուախոհ, ազնուասիրտ, լեզուագէտ, ուսումնական, դաստիարակեալ, կրթեալ եւ այլն մէկը, եւ իւրաքանչիւր կնիկ պիտի ըսէ իր էրկանը. «Մեր աղ­ջիկը սա Աբիսողոմ աղային տանք»: Էրիկն ալ պիտի պատասխանէ կնկանը. «Նայինք` Աբիսողոմ աղան մեր աղջիկը կ՚առնէ՞, անիկա հարուստ տեղէ մը աղջիկ առնել կ՚ուզէ հարկաւ»: Այս պատասխանին վրայ էրկան եւ կնկան մէջ վէճ մը պիտի ծագի եւ իրարու գլուխ պիտի պատռեն. որո՞ւ հոգ…: Անունիս լրագրին մէջ անցնիլն սա օգուտն պիտի ունենայ, որ երկու օրուան մէջ հա­րուստ աղջիկ մը առնելով պիտի լմնցունեմ ամուսնութեան գործն, որու հա­մար միայն եկած եմ հոս… այս ամուս…»:

Աղիւս բեռցուած էշերու կարաւանէն էշ մը բախուելով Աբիսողոմ աղա­յին դէմ` ընդմիջեց զայն իր խորհրդածութիւններու մէջ, ուր ընկղմած ըլլա­լով ուշադրութիւն չէր ըներ առջեւէն եկող էշերուն, որովք լի է միշտ Բերայի մեծ փողոցը:

—Մէկդի կեցիր, ըսաւ իշավար պարսիկն Աբիսողոմ աղային` արդարաց­նել ուզելով իւր էշը:

—Ատ խօսքը առաջ ըսելու էիր, որ զգուշանայի, պատասխանեց Աբի­սողոմ աղան եւ ճամբան շարունակեց: