Մեծապատիւ մուրացկաններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժ.

Հետեւինք ուրեմն Աբիսողոմ աղային, որմէ վայրկեան մը չբաժնուեցանք մինչեւ հոս եւ բաժնուելիք ալ չունինք մինչեւ պատմութեանս վախճանը: Ազնիւ ընթերցողն մինչեւ հոս տեսնելով գրեթէ միօրինակ տեսարաններ, որք բնաւ յարաբերութիւն չունին իրարու հետ, քանի մը անգամ մտքէն անցուց ան­շուշտ, թէ ինչո՞ւ միայն Աբիսողոմ աղային օձիքը բռներ կ՚երթանք եւ միւս անձերն, անգամ մը ներկայացնելէն ետքը, բոլորովին կը մոռնանք: Այո պա­կասութիւնը, եթէ երբեք պակասութիւն է, մեր վրայ գրելու չէ, այլ նիւթին բնութեանը: Ամէն նիւթ բնութիւն մ՚ունի: Նիւթ կայ, որուն բնութիւնն է լալ, նիւթ կայ, որուն բնութիւնն է խնդալ, նիւթ կայ, որուն բնութիւնն է համո­զել, նիւթ կայ, որուն բնութիւնն է յուզել, դարձեալ նիւթ կայ, որուն բնու­թիւնն է արձակ, ինչպէս նաեւ կայ, որուն բնութիւնն է ոտանաւոր, վերջապէս նիւթ կայ, որուն բնութիւնն է կրկնութիւն… Իւրաքանչիւր նիւթ իրեն յա­տուկ ընդհանուր բնութենէն զատ ունի նաեւ մասնաւոր բնութիւններ: Եւ որովհետեւ մենք հոս ճարտասանութեան դաս տալու պաշտօն չունինք, համա­ռօտիւ մեր միտքը բացատրենք եւ անցնինք: Մոլիեռի Միզանթրոբն ալ կատակերգութիւն է, Լէ Ֆաշէոն ալ, բայց ասոնց իւրաքանչիւրն իրարմէ այն­քան տարբեր մասնաւոր բնութիւններ ունին, որ Մոլիեռ չէր կարող Լէ Ֆա­շէոյի տեսարաններով Միզանթրոբ մը շինել, ոչ ալ Միզանթրոբի տեսարան­ներով Լէ Ֆաշէոն գրել: Կարծեմ կրկնութիւն է ըսել, թէ ես ալ ուրիշ վէպերու տեսարաններով չէի կարող գրել Մեծապատիւ մուրացկաններս, որոնց բնու­թիւնն է աներեւոյթ ըլլալ Աբիսողոմ աղային անգամ մը ներկայանալէն ետքը: Կը խոստովանիմ, որ եթէ սոյն նիւթը Ովրատիոս առնէր, երգիծանք մը կը շինէր, եւ եթէ Մոլիեռ ձեռք անցունէր, կատակերգութիւն մը կը յօրինէր. բայց մենք, որ ապրելու պէտք ունինք, ստիպուած ենք ժամանակին յարմարիլ, շատ անգամ բանթալոնէն բաճկոն եւ երգիծանքէն վէպ շինելով: Այս համառօտ բացատրութենէն ետքը դառնանք Աբիսողոմ աղային:

Աբիսողոմ աղան, ինչպէս կը յիշէ ընթերցողն, տուն դարձաւ` շարունա­կելով իւր բարկութիւնն, զոր զգացած էր ճաշարանի մէջ ունեցած ինքնա­հրաւէր սեղանակիցներուն վրայ: Տուն դառնալուն պէս իմաց տրուեցաւ, որ քսանի չափ նամակներ ղրկուած էին իրեն: Վեր ելաւ, նամակները մէկիկ մե­կիկ բացաւ, կարդաց, պատռեց եւ գետինը նետեց: Սենեակին մէջ քանի մը անգամ դառնալէն ետքը յանկարծ կանգ առաւ եւ պոռաց.

—Ասոնք զիս քիթէս բռնելով կողոպտ ե՞լ կ՚ուզեն: Սա քաղաքը գալէս ի վեր վայրկեան մը ինք իր գլխուս չմնացի. հազիւ մէկը կ՚երթայ, միւսը կու ­գայ, ստակ կ՚ուզէ. ես աս տեղ ամէնուն ստա՞կ տալու համար եկայ: Ի՞նչ անե­րես մարդեր են… այսչափ աներեսութիւն ոչ լսուած բան է, ոչ ալ տեսնուած: Եթէ վռնտեմ ըսես, ո՞ր մէկը վռնտելու է, ո՞ր մէկուն հասնելու է. օրականով չորս հինգ հոգի վարձելու է, որ ուրիշ գործ չունենան, միայն եկող­ները վռնտեն…: Եթէ վռնտելու ելնես, այն ատեն ալ բոլոր քաղաքին մէջ պիտի բամբասեն զիս՝ ըսելով, թէ անքաղաքավար մարդ է, թէ ստակ չունի: Չեմ ալ ուզեր, որ վրաս գէշ խօսուի… Աս ի՞նչ փորձանք եկաւ գլխուս, Տէր Աստուած… Բարով խէրով ոտք չկոխէի սա քաղաքը: Գլուխ ելնելու բան չէ, շուտով աղջիկ մը գտնելու է, շոգենաւ մտնելու եւ փախչելու է. ասոնք պիտի սնանկացնեն մարդը… Քաշուելու բան չէ աս… ճաթելու բան է: Աշխատէ, արիւն քրտինք թափէ, քիչ մը ստակ վաստկէ՛ եւ հոս եկուր վարժապետնե­րուն, բաներուն ցրուէ. ո՞ւր լսուած բան է աս…

—Կարծեմ այս իրիկուն բարկացած էք, ըսաւ Մանուկ աղան սենեակին դուռն կամացուկ մը բանալով եւ ներս մտնելով:

—Բարկութիւնն ալ խօ՞սք է. իմ տեղս եթէ ուրիշ մը ըլլար, մինչեւ հի­մա բարկութենէ ճաթած էր:

—Ի՞նչ եղաւ, հոգի՛ս:

—Ի՞նչ կ՚ուզես որ ըլլայ. վայրկեան մը հանգիստ չեն թողուր. տուն կը նստիմ, վրաս կը թափուին, ստակ կ՚ուզեն. փողոց կ՚ելնեմ, չորս կողմս կը պաշարեն, ստակ կ՚ուզեն. ճաշարան կ՚երթամ, բոլորտիքս կը շարուին, ստակ կ՚ուզեն, եւ ես ասոնց ձեռքէն խալսելու համար տունէն փողոց, փողոցէն տուն կը վազեմ: Կ՚աղաչեմ, ասոնց ձեռքէն խալսելու համար ո՞ր ծակը մտնեմ, ըսէ՛ ինձի:

—Իրաւունք ունիս. ես չե՞մ հասկնար. ինձի ալ թող տուի՞ն, որ սա թա­ղականին գործը պատմեմ:

—Քսան նամակ դեռ հիմա պատռեցի:

—Ի՞նչ ըսած էին այդ նամակներուն մէջ:

—Ըսած էին, թէ հետս գալ կ՚ուզէին տանս մէջ վարժապետութիւն ընե­լու համար, թէ գիրք մը ինձի պիտի նուիրեն եղեր, եւ ասոր համար քսան ոսկի տալու եմ եղեր, թէ լրագրի երկու բաժանորդ գրուելու եմ եղեր, թէ… ի՞նչ գիտնամ, ո՞ր մէկը համրեմ, ո՞ր մէկն ըսեմ, դիմանալու բան չէ:

—Անոնք ալ աղքատ են խեղճերն, ի՞նչ ընեն:

—Ապրելու համար թող ուրիշ գործ մը փնտռեն, արհեստ մը սորվին, վերջապէս ընեն, ինչ որ կ՚ուզեն. ես ի՞նչ յանցանք ունիմ, որ կու գան գլուխս կը թափուին, եղբա՜յր. ունեցածս չունեցածս հանեմ, անո՞նց տամ:

—Ինչո՞ւ անոնց տաս:

—Մարդս քիչ մ՚ալ ամչնալու է… չճանչած մարդուս երթամ եւ բարեւ, Աստծու բարին, ինձի ստակ տուր, ըսեմ… դուն կրնա՞ս ըսել:

—Աստուած ան օրը չցցունէ:

Սենեակին դուռը նորէն բացուեցաւ, եւ քսանըհինգ տարեկանի մօտ միջա­հասակ պատանի մը դողդոջուն քայլերով ներս մտաւ եւ նամակ մը յանձնեց Աբիսողոմ աղային, որ նամակը չբանալով հարցուց բարկութեամբ.

—Ի՞նչ կ՚ուզես, մա՛րդ:

—Մէջը գրուած է, պատասխանեց պատանին թոթովելով:

—Դուրսը մէջը քեզի ըլլայ, ի՞նչ կ՚ուզես, ըսէ՛:

—Վաղը իրիկուն ներկայացում մը պիտի տամ իմ հաշուոյս համար, եւ ձեր ազնւութեան օթեակի մը տոմսակ բերի:

—Ես չեմ ուզեր, պատասխանեց Աբիսողոմ աղան՝ նամակն պատանւոյն երեսը նետելով:

—Բռնութեամբ գործ ալ չըլլար, ըսաւ Մանուկ աղան:

—Տասը տարիէ ի վեր, ըսաւ պատանին, թատերական բեմին վրայ կը քալեմ…

—Թո՛ղ նստէիր, պոռաց Աբիսողոմ աղան:

—Եւ ազգին ծառայութիւն կ՚ընեմ:

—Աղայութիւն ընէիր թո՛ղ, ինչո՞ւս պէտք իմին, ատոնք պարապ խօս­քեր են:

—Իրաւունք ունի, ատոնք պարապ խօսքեր են, կրկնեց Մանուկ աղան:

—Տասը տարիէ ի վեր է, որ բարոյական դպրոցի մը մէջ ազգին վար­ժապետութիւն կ՚ընեմ:

—Ի՞նչ փոյթ ինձի:

—Ի՞նչ փոյթ անոր, արձագանք տուաւ Մանուկ աղան:

—Եւ իրաւունք ունիմ, կարծեմ, ինձի համար տրուելիք ներկայացման ձեզի պէս ազնիւ մէկն ալ հրաւիրել:

—Ես պէտք չունիմ:

—Ան պէտք չունի, կրկնեց Մանուկ աղան:

—Եթէ դուք օթեակ մը չէք ընդունիր, որո՞ւ ուրեմն տամ օթեակի տոմ­սակներն:

—Ո՛ւր ուզես, հոն տար. ատ իմ խառնուելու բանս չէ:

—Ատ իր խառնուելու բանը չէ, տղա՛ս, ըսաւ Մանուկ աղան:

—Կ՚աղաչեմ, մի՛ մերժէք այս տոմսակն. եթէ մերժելու ըլլաք, զիս փո­ղոցներու մէջ խայտառակ ընելու պատճառ պիտի տաք:

—Գնա՛ բանդ, ես ձանձրացայ այդ տեսակ խօսքեր մտիկ ընելէ:

—Ան ձանձրացաւ այդ տեսակ խօսքեր մտիկ ընելէ, յարեց Մանուկ աղան:

—Ա՛հ, եթէ ասկից ձեռնունայն ետ դառնամ, իմ մահս պիտի տեսնեմ:

—Քեզ մտիկ ընելու ժամանակ չունիմ:

—Քեզ մտիկ ընելու ժամանակ չունի, ըսաւ Մանուկ աղան:

—Մէկ ոսկիի բան է, ընդունեցէ՛ք զայն, կ՚աղաչեմ, մեծ յուսով եկած եմ հոս, պարապ ետ մի՛ դարձունէք զիս:

—Դուրս ե՛լ, գնա՛, Աստուածդ սիրես, քե՞զ մտիկ պիտի ընենք հոս:

Սենեակին դուռը նորէն բացուեցաւ, եւ մազերու մէջ ճերմակ ինկած` յիսունը անցած մարդ մը ներս մտաւ յանկարծ եւ իւր խօսքերն Աբիսողոմ աղային ուղղելով՝

—Չե՞ս խպնիր դուն, հարցուց:

—Ինչո՞ւ պիտի խպնիմ, պատասխանեց Աբիսողոմ աղան շուարելով:

—Ինչո՞ւ խեղճ տղան երկու ժամէ ի վեր հոս կը սպասցունես:

—Ո՞վ կը սպասցունէ, ո՞վ կ՚ուզէ, որ սպասէ, կը վռնտեմ, չերթար:

—Կը վռնտես, բայց առանց մի ոսկի պարտքդ տալու:

—Ո՞վ պարտք ունի անոր:

—Դուն ունիս. եւ եթէ ան չըսէր ինձի, թէ քեզմէ առնելիքն այս իրիկուն պիտի առնէր եւ ինձի պիտի տար, ես չէի տպեր այդ տոմսակներն եւ ներկա­յացման ազդերը: Երկու ժամ է, որ վարը դռան առջեւ կը սպասեմ, որ իջնայ եւ պարտքը տայ, եւ դուն հոս կը խաղցունես խեղճը:

—Աս ի՞նչ է, ես անոր պարտք ունենա՜մ… ամենեւին…

—Ամենեւին, ըսաւ Մանուկ աղան:

—Ես անպատճառ առնելիք ունիմ չըսի քեզի, պարոն տպարանապետ, ըսաւ դերասանը, այլ ըսի, թէ օթեակի տոմսակ մը պիտի տամ, ոսկի մը պի­տի առնեմ:

—Ինչո՞ւ ուրեմն խաբեցիր զիս, ստախօ՛ս:

—Որպէսզի ծանուցումները ետ չմնան:

—Ես քու խաղալի՞քդ եմ:

—Ան քու խաղալի՞քդ է, ըսաւ Մանուկ աղան:

—Ինչո՞ւ խաղալիքս ըլլաս:

—Թշուառակա՛ն, խայտառա՛կ, անամօ՛թ, աներե՛ս…

—Ատոնց ամէնն ալ դու ես:

—Դո՛ւ ես:

—Ես չեմ, դու ես:

Ես չեմ, դու ես ի վրայ ծեծկըւուք մը կը ծագի դերասանին եւ տպարանա­պետին մէջտեղ, Աբիսողոմ ու Մանուկ աղաները մեծ դժուարութեամբ կը յաջողին զանոնք իրարմէ բաժնել:

—Վա՛ր իջէք, պոռաց Աբիսողոմ աղան զանոնք զատելէն ետքը, վար իջէք եւ հոն կռուեցէք:

—Դուն մեր կռուոյն խառնուելու ի՞նչ իրաւունք ունիս. դուն զիս չես կրնար վռնտել. ես առնելիքս կ՚ուզեմ եւ ինձի պարտական եղողն ո՛ւր որ գտնեմ, հոն կրնամ մտնել:

—Դուն վար իջիր, ըսաւ դերասանին Աբիսողոմ աղան:

—Ի՞նչպէս իջնամ. տեսար, որ աչքիդ առջեւ ինչեր ըրաւ:

—Մինչեւ որ ան չիջնայ, ես քայլ մը չեմ առներ, կրկնեց տպարանա­պետը:

—Մինչեւ որ ան չհեռանայ, ես չեմ կրնար փողոց ելնել, ըսաւ դերասանը:

—Մենք իջնանք ուրեմն, Մանուկ աղայ, ըսաւ Աբիսողոմ աղան:

Դերասանը Աբիսողոմ աղային ծունկերուն փաթթուելով աղաչեց, որ ոս­կի մը փոխ տայ գոնէ: Աբիսողոմ աղան շատ ընդդիմացաւ, բայց յետոյ տես­նելով, որ անոնց ձեռքէն ուրիշ կերպով փրկուելու ճար չկայ, ակռաները կրճտելով հանեց բարկութեամբ, ոսկի մը տուաւ տպարանապետին, որ շնորհա­կալութիւն յայտնելով դուրս ելաւ: Դերասանն ալ ներումն խնդրելով վար իջաւ եւ գնաց:

—Ասոր ի՞նչ կ՚ըսես, Մանուկ աղայ:

—Ըսելիք չմնաց, Աբիսողոմ աղայ:

—Հրամանքդ վար իջիր, դուռն գոցէ եւ ապսպրէ, որ չբանան դուռն:

—Շատ լաւ:

—Որպէսզի այս գիշերը գոնէ հանգիստ անցունենք եւ մեր ի՞նչ ընելի­քին վրայ խորհինք:

—Իրաւունք ունիս:

—Շուտ ըրէք, վասնզի հիմա մէկիկ֊մէկիկ կու գան:

—Հիմա կ՚երթամ:

—Մանուկ աղան վար գնաց իրեն տրուած հրամանները կատարելու, եւ Աբի­սողոմ աղան գլուխը բարձի մը վրայ դրաւ քիչ մը հանգստանալու համար: